***

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԼՈՅՍ ՈՒ ՍՏՈՒԵՐ
      
       «ՔԻՉԻԿ ՄԸ ԳԻՏԵՄ»
      
       Տեսակ մը վարժութիւն դարձեր է հարցնել չորս-հինգ տարեկան մանչուկի մը կամ աղջնակի մը. - Հայերէն գիտե՞ս։ Անունդ ի՞նչ է։
       Հարցումը կը լլկէ միտքս, եւ պատասխանի կը սպասեմ անձկութեամբ, ուր որ ալ հանդիպիմ։
       Եթէ պատասխան ստացայ, կը փորձեմ երրորդ հարցումը.
       Քանի՞ տարեկան ես…
       Անշուշտ պատասխանները լեզու, շեշտ կամ գոյն կը փոխեն, համաձայն իւրաքանչիւր միջավայրի։
       Միլանի հայկական տան մէջ հարցուցի հինգ-վեց տարեկան մանչուկի մը.
       Հայերէն գիտե՞ս։
       Քիչիկ մը գիտեմ…
       Ո՞րքան քիչիկ…
       Պճլտուն աչքերով տղեկը բթամատը կը մօտեցնէ ցուցամատին, հաստատելու համար իր գիտցածին չափը։
       Եւ ցոյց տալով քիչ անդին կեցած տղեկ մը, կ’աւելցնէ, այս անգամ իտալերէն։
       Տեսնելով որ չեմ հասկնար, նորէն կը դիմէ մատներու օգնութեան։
       Ըսել կ’ուզէ թէ ան «քիչիկ մը» աւելի գիտէ։
      
       Աղեքսանդրիա
      
       Պօղոսեան վարժարան։
       Կէս օրուան դադար է եւ աշակերտները կը խաղան պարտէզին մէջ։
       Հայերէնը ծառերն ի վեր կը բարձրանայ հարիւրաւոր աշակերտներու գեղգեղանքով։ Յետոյ կը տարածուի ափէ ափ, իբրեւ կակաչահոս առուակ մը։
       Ուշադրութիւնս կառչած է մանկապարտէզի մանչուկներուն եւ աղջնակներուն վրայ. մօտ երկու հարիւր ձագուկներ, կարմիր գոգնոցներով։ Կը հարցնեմ աղջնակի մը, նոյն անձկութեամբ.
       Անունդ ի՞նչ է, աղջիկս։
       Շուշա՛ն։
       Քանի՞ տարեկան ես։
       Չորս տարեկան եմ:
       Չո՞րս, թէ երկու անգամ չորս։
       Ո՛չ պարոն, դեռ պզտիկ եմ, չորս տարեկան։
       Ո՞ր դասարանն ես։
       Մանկապարտէզին Բ. դասարանը, Կոկոն։
       Դադարէն ետք, բոլորը կը հաւաքուին սրահին մէջ, իրենց պճլտուն աչքերը ուղղելով ճերմակ մազերով հիւրերուն։
       Ազդանշանի մը վրայ, բոլորը միաբերան հայերէն երգ մը կ’երգեն համարձակ, լոյս եւ սարսուռ տարածելով սրահին մէջ։
       Ահա երկրորդ երգ մը, նոյն պայծառ արտայայտութեամբ։
       Կարգը եկած էր արտասանութեանց։
       Վարժուհին հարցումներ կ’ուղղէ եւ բազմաթիւ ձեռքեր կը բարձրանան առաջնութիւնը խլելու համար։
       Ճերմակ մազերով հիւրերուն աչքերը թրջած են արդէն եւ հազիւ կրնան քանի մը խօսք արտասանել։
       Այս անգամ իրենք են, որ կը դողան յուզումէն եւ խանդաղատանքէն, մինչ կարմիր գոգնոցով մանչուկները եւ աղջնակները կը շարունակեն երգել ու արտասանել նոյն համարձակութեամբ։
       Ամման (Յորդանան). - Հայկական դպրոց բարձունքի մը վրայ։ Կարմիր գոգնոցով տղեկ մը սանդուղն ի վեր։ Մեզ տեսնելով կը ժպտի։
       Ո՞ր դասարանն ես, տղաս։
       Տարրական առաջին։ Այս տարի երկրորդ պիտի մտնեմ:
       Կը մտնենք մանկապարտէզի բաժինը, ուր կարմիր գոգնոցը լոյս եւ ժպիտ կը ցանէ անշուք դասարաններու մէջ, մաշած գրասեղաններու վրայ։
       Քանի մը հարցումներ։ Եւ ահա երգերն ու արտասանութիւնները թիթեռնիկներու անդաստանի մը կը վերածեն ամբողջ մանկապարտէզը։
       Նոյն կուշտ խանդավառութիւնը՝ միւս դասարաններուն մէջ։
       Եթէ մենք արեւմտեան ճակատ կը փորձենք հայերէն սորվեցնել դգալով կամ ծծակով, այստեղ եւ ամբողջ Արեւելքի մէջ պաշարը կը բաշխեն շերեփով։
       Աղբիւրը կը հոսի անընդհատ։
       Եւ արդէն հասած է սերունդ մը առոյգ եւ հայաշունչ։
       Ամմանի գաղութն ալ սրտանց փարած է գործին։ Եւ կ’ուզէ սեփական դպրոց մը կառուցանել, փոխան վարձու շէնքին։
       Ամման յետամնաց աւան մը կը համարուէր 1949ին, սակաւաթիւ բնակչութեամբ։ Այսօր մայրաքաղաքն է նորածին պետութեան 550-600. 000 բնակիչներով եւ կը վերաշինուի, կ’արդիանայ սրընթաց արագութեամբ։ Նոր շէնքեր կը բուսնին բլուրներն ի վեր եւ բլրաշարքը ամփիթատրոնի ձեւ կուտայ քաղաքին։
       Երէկ մատի վրայ կը համրուէին Հայերը։ Այսօր արդէն կը կազմեն 3-3500 հոգինոց գաղութ մը, բաղդատաբար շէն։
       Վարդապետ մըն է տեսուչը դպրոցին, որ կը կոչուի Հեթումեան եւ ունի 250 աշակերտ եւ աշակերտուհի։ Տասներեք ուսուցիչներ եւ ուսուցչուհիներ կարելին կը փորձեն, սորվեցնելով բոլոր գիտելիքները, ինչպէս եւ հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն (կարգ մը դասարաններու մէջ նաեւ՝ գրաբար եւ ֆրանսերէն)։
       Կաթողիկէ համայնքն ալ, թէեւ սակաւաթիւ, կը պահէ առանձին դպրոց մը, 135 աշակերտներով եւ աշակերտուհիներով։ Բողոքականները, նոյնպէս փոքրաթիւ, ունին իրենց դպրոցը (97 աշակերտ եւ աշակերտուհի)։
       Միշտ բաժան, բաժան…
       Ուրեմն համագումար 400 աշակերտ եւ աշակերտուհի, արաբական այս անապատին մէջ, առանց հաշուելու անոնք, որ օտար դպրոց կը յաճախեն։
       Բաղդատեցէք սերունդի փրկութեան այս ճիգը Արեւմուտքի «Քիչիկ մը հայերէն»ին հետ, որ բթամատով կը սկի եւ ցուցամատով կը վերջանայ…
      
       («Յառաջ», 26 Յունիս 1955)