Յանգապատում

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
38. «ՍԵՆՊՈԼԻԶՄ»Ը
       Ալփասլանին Յանգական խոնարհութեամբ
       Կեցէք որ պատմեմ ձեզի արկածներս…
Օր մ'Հայ Դպրութեան մտայ սեմէն ներս.
եւԴռնապան չկա՜ր, բարեբա՜խտ էի,
Բախտ` զոր քիչերուն պիտի մաղթէի…եւ
Արդ, Հայ դպրութեան մտայ սեմէն ներս
եւԱ՜հ, ի՞նչպէս պատմեմ ձեզի յուզումներս…
Ուղղեցի քայլերս երկչոտ ու տըկար,
Սանդուխներէն վեր` ուր գաւթակ չկար,
Սանդուխներէն վա՜ր` ուր չկա՜ր սենեակ.
Զո՜ւր հնչեցուցի ես երգ ու ձայնեակ,
Զո՜ւր ես պարզեցի երկնամփոփ աղեղ,
Զո՜ւր պատ շարեցի, տնկեցի բաղեղ,
Քար քարի վըրայ դըրի ես յարմար.
Տունն այս Դպրութեան, աւա՜ղ, չէ՜ր շէննար`
Թէ քար շարէին հազար յաւիտեան
Դաւիթ Կուլանն իսկ եւ Առիւծն Ալփեան…
       * * *
       Յանկարծ ուրիշ դուռ մ'երեւաց աչքիս.
Պարտէզին դո՜ւռն էր, ու թրթռաց հոգիս:
Քնարիս անցուցի նոբըզնոր թելեր,
Ու ճիշդ այն պահուն մէկը դուրս կ'ելլէր,
եւՄեռճան Բալսամեա՜ն, եւ ձայն մ'ըսաւ ներսէսեւ
Ու սըպրդեցայ նոր դուռէն ներս ես:
Պարտէզին մէջ կար… սոխ, սխտոր, բանճար,
Ներեցէ՛ք… կաղամբ ալ, եւ անպատճառ
Ամէն ինչ` որուն կ'ըլլար միշտ վըճար,
Զոր կողովալիր ծախելուն կար ճար:
Կար քիչ մ'ամէն բան, ածու մ'ալ ծաղիկ
Զոր կը հոտոտենք, թէ չըսրդողիք:
       * * *
       Երբ ներս մըտայ ես, աւա՜ղ, ի՜նչ մեծ ցաւ,
Ամէնմէկ ծաղիկ յանկարծ մարդացաւ:
Աւանդ Տէրանցեան, բացած իր գլխարկ,
Ըսաւ. եւ Ըզգացումդ` հըրա՜շք. ու չէ խակ
Երբեք լեզո՛ւն ալ զոր կը գործածես,
Համբաւիդ պիտի կատարեմ ես ծէս:
Մեռճան Բալսամեան նոր ներս կը մտնէր,
Այս անգամ Նովիք Առմանն ալ հետն էր:
Նովիք Առմանին փսփսաց Մեռճան
եւ Ո՛չ Չագմագճըլար, եւ ո՛չ ի Մեռճան,
Չին, Ճաբոն, Սեյլան, ո՜չ մէկ գրավաճառ
Պէտք չէ՛ այսպէս գիրք հանէ ի վաճառ:
Ի՞նչ, իմ համբաւիս քայքայե՜լ տաճար,
Ու քու ցորենիդ տեղ դընել հաճա՜ր.
Ես ժանեակներու անհուն կրպակն եմ,
Եւ ազնըւական կըրունկ կը պագնեմ.
Մինչ անոնք կ'երգեն գորտ, շերամ, պաճար,
Ամէն ինչ` որ է գռեհիկ, անհանճար,
Անոնց գրչակը կ'եղծէ չարաչար:
Այս մոլար կապկումն ո՞վ է մեզ բերեր.
եւՆովիք Առմանն էր որ կը փըրփըրէր. եւ
Դուն մե՜ծ համբաւովդ եղիր անվեհե՜ր.
Անոնց ու քու մէջ կան անդունդ, վի՜հեր.
Դուն երազանք ես, անոնքª զառանցանք,
Դուն` ծաղիկ, պատրանք, իսկ անոնք` փորձանք:
Դուն դարիճենիկ` անոնք… քարմարցանկ:
Ու Նովիք Առման, ճիգերով դժ ուար,
Լօլիկի գոյնով բըլուրէ մը վար
Գլտորեց յանկարծ պարապ մէկ տակառ.
Ու գինով անոր աղմուկէն վայրէջ,
Կըսկսէր մոռնալ ինքզինքն էջէ էջ:
Անկոպ Քարակոփ, բացած իր թեւեր,
Կ'ըսէր. Վե՜ր անցիր, մի՜շտ աւելի վեր:
Եւ ամէն ամի՜ քերթող Դրանիկ Ճրագ
Կը հծծէր. Ա՜ւաղ, ի՛նչ աղբիւր ճրճրակ,
Ե՛ս մէկ հորդումով ծածկեմ աւազ, ակ.
Ինձմէ՜ է գողցեր ամէնն… աւազ ակ:
Ճաճանչ Եկուրեան շուտ արձագանգեց.
եւՃիշդ է, մե՛ծ մասը անկե՛ց է, անկե՛ց:
Թագուոր Զատիկեան ոտք ելաւ. Արի՜,
Դուն պիտի ըլլաս քերթող մեծ կարի՜:
Օհան Ապտակցին հնչեցուց իր փող.
եւԿ'արժէ որ կարդանք մենք ասոր ներբող.
Քանզի ունի ան գաղտնիք, մոգութիւն,
Ճառագայթ Ռէոնթկէն ու ճառագայթ… Տի՜ւն:
Այս պահուն մէկն` որ խիստ ըզբաղուած էր,
Յանկարծ բարկութեամբ կուրծքը կը ծեծէր:
Ի՞նչ, ի՞նչ « Սենպոլիզմ”. խե՜նթ է, ո՜վ դիք, է՞ր
Դուք ասոր ոտքն ու ձեռքը չէք կապեր.
Մանաւանդ… ձեռքերն, ա՜հ, ձեռքեր, ձեռքե՜ր,
Որ կը յանդգնին ութ հարիւր տողով
Առուն գլտորել իմ կութքիս կողով:
Դաւիթ Կուլանեան կ'ըսէր`եւ Պո՜շ, չա՛րժէր…
Է՜հ, գէշ չէ… շա՜տ լաւ… սակայն իր ոյժեր
Հանճարի հըզօր կամք մը չէ՛ շարժեր:
Երամ Տեւտոնեան կ'ըսէր. Արշալոյս
Ու արեւ ծագեց ձեզ եւ… եղկելոյս:
Ու Զանդիկ Քօշեան. Լա՛ւ է, գեղեցիկ
Քայլերնիդ դէպ ի Պառնաս ուղղեցիք.
Բայց երբ հարկ ըլլայ ձեզ գտնել տարտամ`
Ես կարաւանին առջեւէն կ'երթամ:
Եղեամ Պաստեղեան դատած էր. Կեցցէ՜…
Տաղարանդ, իրա՛ւ, մեզ համար գա՛նձ է.
Նոր քերթողութեան ռահահորդն ես դուն.
Ճակատագի՛րդ իսկ` լուտանքը մարդուն:
Եդուարդ Արփիեան. “Լա՛ւ է, լա՛ւ, եւ ըսաւեւ
Երբեք գիրքերուն չկարդանք պարսաւ.
Զի հեղինակն ալ պէտք չէ՛ որ, հա՜րկաւ,
Իր ջանքին ի վարձ կ'ըլլէ հող ու… կաւ:
Զատիկ Արգադիր. Ո՜հ, ամէնն են մուխ.
Դուն` բո՜ց մը` մաքո՛ւր ծախի՜չ խորամո՜ւխ:
“Խօ՜սք կ'ուզեմ, պոռաց Գիստրոս Փաթեթեան`
եւՀապա ուրեմըն ե՛ս ալ գամ ատեան. եւ
Որ մեծ գիրքերու ետին ապաստան,
Կը շինէր իմս ու իսթերու լիսթան:
Բայց, աւա՜ղ, խօսքի կը տիրէր մե՜ծ սով.
Ու խօսք չըտուին իրեն …ամիսո՜վ:
       * * *
       Երբոր պարտէզէն պահ մը դուրս ելայ,
Մէկը կը հծծէր. Ի՛նչ քաղցրիկ լիլա.
Միւս մըն ալ. “Ո՛վ Տէ՜ր, ի՜նչ… խատա-պելա…
Մեծարենցի տեղ գտաւ`
ՀՐԱՉԵԱՅ: