41.
ԻՐԻԿՆԱՎԵՐՋ
Կը
ցնծայ
ուտն
ալեակին
հետ,
Ճարճատելով
ճիչ
մը
զըւարթ,
Զի
կը
սփռէ
հարսն
արփաւէտ`
Համայնին
վրայ`
մազերն
իր
վարդ:
Կը
ցնծա՛յ
ուտն
ալեակին
հետ,
Երբ
կանգ
կ'առնէ
կոյսին
նաւակ.
Ու
բզզալով
ջուրն
ու
նըւագ`
Կ'երթան
հոգւոյն
այն
ծաղկաւէտ:
Կը
ցնծա՜յ
ուտն
ալեակին
հետ,
եւ
օդն
է
քաղցրի՜կ
զերթ
մանանայ,
եւ
Երկուքին
վրայ
երբ
կը
բանայ
Լուսին
աղեղն`
արծաթ
իր
նետ…