Յանգապատում

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
43. ԽՈՒՆԿ ՈՒ ԱՐՑՈՒՆՔ
       Շիթ մ'արցունքով` կաթիլ մը խունկ
Սրբանօթին մէջ կը ցանէ
Մայրս` որ կ'անցնի անտես դռնէ ,
Եւ երջանիկ` կը դընէ ունկ
       Անդրաշխարհէն եկող ձայնին:
Աչքերուն` որ զինք կը դիտեն
Կիրակմուտքի խունկին ատեն`
Ձեռքն անընդհատ կու տայ խա՜չն հին:
       Եւ ամէնուն կու տայ բաժինª
Ծուխէն ծաղիկ մը ծափելի:
Ու ցայգամուտն է հայելի`
Ուր կը ցոլայ բոցն աշխուժին`
       Լուսահոգի զուարթուններուն`
Զորս արբեցուց այս իրիկուն
Շաբաթօրեայ խունկն ու արցունք:

Մայրս ալեւոր չոքեր է ծո՜ւնկ…