Յանգապատում

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
45. ԽԵՆԹԵ՜Ր
       Ա
       Մթնշաղին բոցերուն մէջ երփնագոյն,
Երկու ձեռքը կը կարկառէ, եւ իսկոյն
Կ'ուզէ բռնել` հասկերուն վրայ ցորենի`
Փախչող լոյսին թռչնակները ծիրանի:
       Կ'ուզէ թրջել ճակատն` ինչով բոցարծարծ`
Ճերմակ թռչնիկ ծփանքներուն վրայ ծովուն.
Վարազի պէս կը խոյանայ վրդովուն`
Բայց մօր գի՜րկն է որ կը բանտէ զինքն յանկարծ:
       Խե՜նթն է, կ'ըսեն, անխի՛ղճ գութով, եւ հանգոյն
Ասուպներու` իրենց խոկին կը դառնան.
Հորիզոնի դալկութեան մը պէս տժգոյն`
Մայրն անդոհով կու լայ պտուղն իր գարնան:
       Մայրը կու լայ երջանկութիւնն իր զաւկին.
Ու կը կարծէ փուշեր ժողվել, ուր վարդեր,
Արձակունակ ծաղիկներու քաղցրագին
Եդեմներ նոր` տըղուն անուրջն է գըտեր:
       Տըղուն` որ գո՜հ փակեց թեւերն ու կարծես
Կը հաւատայանհունութիւն մը գրկել:
Կ'ուզէ մինակ ըլլալ. վազե՜լ անարգել
Անրջական ի՜նչ կոյսի մը ոսկեգէս…
       Ու ջուրերուն եզրը կեցած, երբեմն ալ,
Երկա՜ր ատեն, կը բաղձայ հոն մենանալ,
Մթնշաղին բոցերուն մէջ վարդագոյն,
Երկու թեւը պարզած` խաչի մը հանգոյն:
       Խա՜չ` որուն ցաւն ու ըստուերները գորշգոյն
Կ'անդրադառնան` ինչպէս մըռայլ ուրուական`
Լուրթ ջուրերուն վրայ ծով հոգւոյն մայրական,
Մթնշաղին բոցերուն մէջ վարդագոյն:
       Բ
       Մութնուլուսուն պատըշգամին վրայ է.
Եղեամին վրայ, ոտքը բոպիկ, գլուխը բաց.
Սըրինգ մ'անտես իր շուրթերուն է հըպած,
Եւ ջուրերու թոյլ շրշիւնին կ'ունկնդրէ:
       Պի՜շ կը նայի ծովէն անդին, լրջացած
Հորիզոնին. կը կարծէ ի՛նք կերպեր է,
Իր անանուն սրինգով` բոլոր դաշն ու ցած
Ձայնաշարը` զոր սիւքն հեզիկ կը բերէ:
       Մեծ, ճշմարիտ ու նախնական այդ ձայնով,
եւԻր նըւագով, եւ ա՜յնքան կ'ըլլայ ինք գինով,
Որ կը պատէ գրկած արեւը ծագող:
       Բայց առաջին նայուածքներէն, ինչպէս գող,
Ներս կը սուրայ ընդոստ խուցէն. իր շուրջի
Մարդաձայնէն ինք զինքն յիշած` կը փախչի…
       Գ
       Դեռ կըսպասէ՜, մտքին մութին մէջ դաժան,
Զոր ցանցեր է շրջուն թալուկն անդունդին.
Կ'ուզէ նայիլ անգա՛մ մըն ալ իր չորսդին, եւ
Քաղցրութիւններն արդեօք կու գա՞ն, ա՜հ, կու գա՞ն:
       Համակրութեան պզտիկ բառ մը մեղրանոյշ,
Պզտիկ ճըրագ մը գորովի բոցարծարծª
Որ նշմարել տայ խաւարին մէջ յանկարծ
Հին սիրական ուղին, հոգ չէ՛, ա՛յսքան ուշ…
       Դեռ կըսպասէ՜, մտքին մութին մէջ, դաժան
Քարշեպին վրայ. վարէն մըթար ջուրերուն
Զինք կը կարթէ շարժող տեսիլն ուրուական.
Վարէ՞ն. մըռայլ տարփի ձայներ կը վըժան…
       Փնտռեցէ՜ք այս տըղան, ո՞ւր էք, ո՜վ սուրբեր.
Թողէ՛ք անկիւնն` ամուլ ձեր գութն ու մատեան.
Աստուածն ա՛ն է, ա՛ն` որ արցունք է սրբեր,
Ա՜հ, քաղցրութիւն, գոնէ շի՜թ մը քաղցրութեան:
       Դեռ կըսպասէ՜, մտքին մութին մէջ դաժան,
Նըշոյլներո՛ւն դեռ` սիրաշարժ շրթունքին,
Դեռ սիրածագ բոցին` աչքի մը անգին…
Դեռ կեա՜նք կ'ուզէ, անոնք Մա՜հն իր կը կարդան:
       Սեւ լաթի մը պէս կը նետեն երեսին
“Խենթ” բառն անհուն. բառ անգորով ու դաժան.
Ու կը դառնան ապրիլ իրենց կեանքն ոսին,
Սեւ եղբայր մը մատնած ցաւին անբաժան:
       Դեռ կըսպասէ՜ պզտիկ բառ մը մեղրանոյշ,
Դեռ կըսպասէ՜ գորովանքի ճրագն արծարծ
Դեռ կըսպասէ՜ որ խաւարին մէջ յանկարծ
Հին սիրական ուղին ցոյց տան, ա՜յսքան ուշ…