Աղջկան մը յիշատակարանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

6 Յունիս 1878 թ.

Երէկ Բերա ելայ, Տէր եւ Տիկին Տօքթ. Տ… եանի այցելութիւն մը տալու համար։

Գիշերը հոն մնացի։

Սովորական այցելութիւն մը չէր. Տօքթէօրին ողջերթ պիտի մաղթէի, ինչպէս որ մտադիր էր Փոքր Ասիոյ կողմերը պտոյտ մը կատարել, մեկնեցաւ։

Գիշերը ընդ երկար խօսեցանք. խօսքը ապագայիս վրայ դառնալով Տիկին Տ…եան ըսաւ.

Ամուսինս իր ճամբորդութեան մէջ ծովեզերեայ եւ ներքին մեծ քաղաքներ այցելելու մտադիր է. միտքս բան մը ինկաւ, գաւառացիներուն մէջ հիմա քիչ շատ զարգացած եւ կարողութեան տէր անձեր պակաս չեն. վաճառականներէն զատ՝ փաստաբաններ եւ բժիշկներ ալ կը գտնուին. եթէ անոնց մէջէն ամուսնանալ ուզող աղէկ մէկուն յանձնարարէ՝ լաւ կ’ըլլայ, ճաշակիդ եւ գաղափարիդ համաձայն ամուսին մը ունեցած կ’ըլլաս եւ բարձր դաստիարակութեամբդ տեղւոյն իգական սեռին, հետեւաբար բոլոր ազգայիններուն օգտակար ծառայութիւններ կրնաս մատուցանել, ինչ որ արդէն փափաքդ է, ինչ որ քեզ հաճելի պիտի թուի։

Ի՜նչ կ’ըսէք, կարելի բան է՞ ըսի, իր այս տարօրինակ գիւտին վրայ ծիծաղելով։

Մի՛ ծիծաղիր, ըսածիս մէջ անկարելի բան մը չկայ, ամենէն պարզ եւ ամենէն գործնական միջոցն է։ Ինչո՞ւ կը զարմանաս. երկու տարի առաջ օրիորդ Խ… միթէ գաւառացի վաճառականի մը հետ ամուսնանալով մօտակայ քաղաք մը չգնա՞ց… ես այն ատեն լրագիրներէն տեղեկացայ եւ ջատագովեցի իր այս գործնական ընթացքը։ Քեզ նման նէ ալ միեւնոյն բարձր դաստիարակութիւնը եւ կրթութիւնը ստացած է, եւ հիմա բարեկամուհիններուն գրած նամակներէն կ’իմանամ թէ իր վիճակէն շատ գոհ է եղեր…։

Թերեւս ճաշակիս համաձայն մէկը չի պատահիր. այն ատեն ամուսնութիւնը ինձ յաւիտենական տանջանք մը պիտի ըլլայ. ես աւելի կ’ընտրեմ դաշնակի դասեր տալով ապրիլ. քան թէ սրտիս ու կամքիս հակառակ մէկու մը հետ ամուսնանալով սեւ օրեր անցնել։

Սխալ կը խորհիս. եթէ երբեք ճաշակիդ չյարմարի՝ կրնաս մերժել, քեզ բռնի տուող չկայ, մանաւանդ որ ամուսինս քեզ անարժան մարդու չի յանձնարարեր։

Շիտակը, ես իմ վրաս մտածելու կարողութիւն չունիմ, ներսս այնչափ ատելութեամբ ու արհամարհանքով լեցուած է որ ասանկ կեղծաւոր եւ շահախնդիր, միջավայրի մը մէջ ապրիլ իսկ չեմ ուզեր…։

Այստեղի համար ըսածդ ճշմարիտ է, բայց գաւառներու համար խնդիրը կը տարբերի. հոն այնչափ կեղծիք չկայ, իրենց սրտին պէս պարզ կեանք մը կը վարեն։

Ես անոր լաւ փեսացու մը կը գտնեմ, ըսաւ Տօքթէօրը միջամտելով։

Այո՛, այո՛, յարմար ամուսին մը գտիր, բայց քիչ մը գեղեցիկ եւ կրթեալ երիտասարդ մը ըլլայ, ըսաւ բարեկամուհիս, երեսիս կատակաբար թեթեւ ապտակ մը զարնելով։ Եւ իսկոյն յարեց.

Այնպէս չէ՞։

Դուք գիտէք, անշուշտ ինձ գէշ չէք կամենար. ըսի տխուր շեշտով մը։

Քեզի միշտ կը գրեմ եւ կարծիքդ կ’առնեմ, ըսաւ Տօքթէօրը։

Շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ, ըսի։

Վերջապէս երէկ գիշեր այս որոշումը տալով, առաւօտուն զինքը շոգենաւ դրինք։ Սեւ ծովով պիտի ճամբորդէ. Տէրը հետը ըլլայ։

 

12 Յուլիս

Ս…եան էֆ. մէկ քանի օրէ ի վեր տկար էր. այսօր Տօքթ. Սարէլ եւ Տօքթ. Մաթէոսեան վիրաբուժական գործողութիւն մը կատարելով ոտքին ոսկորէն փտտած մաս մը հանեցին։ Գործողութեան ես ալ ներկայ գտնուեցայ։

Պէյքօզ բնակող իրենց ազգականներէն Տէր եւ Տիկին Փ…եան նոյնպէս ներկայ էին. այս երկու ազնիւ ընտանիքները ինձ միշտ ցաւակից եղած են։

Հիւանդ մը խնամելու մէջ ունեցած փորձառութիւնս գիտնալով՝ աղաչեցին որ էֆէնտիին հիւանդապահի պաշտօնը ես կատարեմ, բժիշկներն ալ նոյնը խնդրեցին. չկրցի մերժել. պարապ ժամերուս միշտ իր քով պիտի գտնուիմ. Տէրը յաջողէ։

  Այս ազնիւ գերդաստանը իմ նեղ օրերուս զիս միշտ մխիթարած է. թէ՝ երախտագիտական փոխադարձ պարտականութիւն մը եւ թէ մարդասիրական գործ մը կատարելու համար յանձն առի։

 

21 Յուլիս

Ս…եան էֆէնտիին վէրքերը գոցուելու եւ առողջութիւնը վերստանալու վրայ է. շատ ուրախ եմ. Աստուած մի՛ արասցէ, խեղճ մարդուն եթէ վնաս մը գար, երեք փոքրիկ զաւակներ իր մանկամարդ կնոջ հետ թշուառ պիտի ըլլային. գրեթէ միշտ աղօթքներուս մէջ զինքը կը յիշեմ։

Ցերեկները իր քով վէպ մը, բանաստեղծութիւն մը կարդալով ժամանակ կ’անցնեմ. ինքն ալ գրասէր է եւ այս կարգի գրուածքներէ մեծ հաճոյք կ’զգայ։

 

15 Օգոստոս

Այսօր Գ… քաղաքէն տօքթ. Տ… եանէ նամակ մը ստացայ. իր խոստմանը վրայ հաւատարիմ մնալով, ինձ յարմար եւ արժանի ընտրելի մը գտած ըլլալը կ’իմացնէ, այսպէս վերջացնելով գիրը.

«Ուրեմն, սիրելիս, այս թռչունը ձեռքէ չփախցնես, Պոլսոյ մէջ փնտռած ու չգտածդ է. արուեստով, մտքով, սրտով, հոգւով եւ եթէ կ’ուզես, հասակով բարձր երիտասարդ մըն է…։

Այնչափ ազնիւ է որ եթէ հասուն աղջիկ մը ունենայի՝ իրեն կուտայի. չմոռնամ յիշելու թէ իր բժիշկի բարձր արուեստէն եւ գիտնականի համբաւէն զատ, գրագէտ մըն ալ է…։»

«Քեզի ուղղեալ նամակ մը յանձնեցի իրեն. կը ներես որ կանխաւ իրեն կարդացի. դուն երբեք գիտցած մի՛ ըլլար, որովհետեւ քեզ բացէն գրելս չի գիտեր»։

«Եթէ յաջողիս, բախտաւորութիւնդ զարմանալի զուգադիպութեան մը կը պարտիս։ Մէկ քանի անգամ իրեն հետ տեսակցելէ վերջը, թէ՛ ամուսնանալու եւ թէ հիւանդ մայրը տեսնելու համար Պոլիս իջնել ուզելը ինձ իմացնելով, խնդրեց որ մինչեւ վերադարձը իր պաշտօնին փոխանորդրեմ. այսինքն ապօնէներուն նայիմ։ Իր առաջարկը սիրով յանձն առի, եւ միեւնոյն ատեն քու խօսքդ բացի. հարկ չկայ ըսելու թէ երկար բարակ բարեմասնութիւններդ յիշելով՝ շատ գոհ մնաց։

Վաղը տեղէս ճամբայ պիտի ելլէ, բայց սուրհանդակը իրմէ քանի օր մը առաջ կը հասնի. հետեւաբար սոյն գիրս ստանալէդ երկու շաբաթ վերջը, հազիւ կրնայ քեզ տեսնելու գալ։ Քեզ նայիմ, լաւ որս մըն է, գնդակը մի՛ վրիպեցներ. իր այցելութիւնը գաղտնի եւ ծածուկ աղջիկտես մը ըսել է…։

Արդիւնքը շուտով գրէ ինձ։

Ուժգին սեղմելով ձեռքդ եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթելով։»

«Կը մնամ եւայլն…»։

Կեանքիս էն գերագոյն վայրկեաններէն մին պիտի ըլլայ այն օրը եւ թերեւս վերջինը… երջանկութիւնս կամ ապերջանկութիւնս իր կամքէն կախեալ է…։

Ինձ ներկայանալիք բժիշկը Բ…եանն է, անուամբ շատ ծանօթ եւ համակրելի մէկը. իր գրութիւնները եւ առողջաբանական հրատարակութիւնները մեծ ախորժով կարդացած եմ. ազնիւ հոգի մը, բարի սիրտ մը ունենալը իր գրիչէն յայտնի է։

Այս առթիւ թէ՛ ուրախ եւ թէ տրտում եմ. ուրախ՝ վասն զի բարեկամիս նկարագրածին պէս ինձ յարմարագոյն տիպար ամուսին մը կրնայ ըլլալ. տխուր՝ վասն զի կը վախնամ թէ կամ զիս չի հաւնիր եւ կամ ո եւ է առարկութիւն կ’ունենայ…։

Այս մտածումներով սիրտս դողի մէջ է եւ միշտ կասկածոտ եմ. ո՜հ, եթէ դրամօժիտի խնդիրը դարձեալ յուզուի, պիտի խենթենամ… զգացած ցաւէս պիտի մեռնիմ։

Վերջապէս ինձ համար այն օրը մահու եւ կենաց խնդիր մը պիտի ըլլայ…։

 

20 Օգոստոս

Ս…եան էֆ. ի ոտքին վէրքը թէեւ անցաւ, սակայն անկից քիչ մը վար նոր ուռեցք մը գոյացաւ։ Բժիշկները այսօր գործողութիւն մը եւս կատարեցին. Տօքթ. Գամպուրօղլուն, այդ ճարտար եւ փորձառու վիրաբոյժը ըրաւ գործողութիւնը։

Բոլոր բժիշկները կը վստահեցնեն թէ ուրիշ գործողութեան մը հարկ չպիտի մնայ. խեղճ մարդը որչափ տառապեցաւ։

 

22 Օգոստոս

Գ… քաղաքէն Տօքթ. Տ…եան բարեկամէս այսօր նամակ մը եւս ստացայ։ Նամակին նիւթը դարձեալ մեծ մասամբ ինձ ներկայանալիք երիտասարդին վրայ էր. այսպէս կ’սկսէր.

«Սիրելիս, առաջին նամակս գրելէս վերջը, Տօքթ. Բ…եանի վրայ տեղեկութիւններ հաւաքեցի. բոլոր քաղաքացիք զինքը կը գովեն. իր արուեստին մէջ յաջողակ ըլլալէն զատ, շատ բարեսիրտ եւ աղքատասէր է եղեր։ Այս պարագան մասնաւորապէս ուշադրութեանդ կը յանձնեմ, որպէս զի դրամօժիտի խնդիր ծագած ժամանակ, ուղղակի սրտին դիմես. չեմ կարծեր թէ պնդէ. իր փնտռածն ալ քեզ նման կրթեալ եւ տնտեսող աղջիկ մըն է»։

Այս վերջին տեղեկութիւնները ինձ մեծ յոյս կուտան. հայրիկս զիս բոլորովին վստահացուց։

Աղջիկս, դուն հոգ մի՛ ըներ, ըսաւ, ես ինքզինքս կը ծախեմ, զայն գոհ ընելու համար. դուն այդ հոգը իմ վրաս ձգէ. անձամբ զինքը չեմ ճանչնար, բայց իր գրիչը ինձ ծանօթ է. անշուշտ իրարու ըսածնիս լաւ պիտի հասկնանք։

Ո՛հ, հայրիկ, եթէ այս անգամ ալ չյաջողինք, ինքզինքս պիտի կախեմ. չեմ ուզեր որ թշնամիներս վրաս խնդան. քաշածս ա՛լ բաւական է…։

Անհոգ եղիր. այդ յաջողութիւնը ինձմէ սպասէ, ըսաւ խեղճ հայրս յուզուելով։

Արդեօք Պոլիս հասեր է՞, լուր մը առի՞ր, հարցուցի։

Դեռ չէ հասեր. շատերուն հարցուցի, բնիկ Պոլսեցի ըլլալով մայր մը, եղբայրներ, քոյրեր, քեռորդիներ, ինչպէս նաեւ երկու խանութ եւ Սամաթիա տուն մը ունի եղեր։

Անհամբերութեամբ գալուն կ’սպասեմ։