Աղջկան մը յիշատակարանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

1887 օգոստոսին, Բժշկական դպրոցին արձակուրդէն օգուտ քաղելով զբօսական ճամբորդութիւն մը ընելու նպատակաւ, Պոլսոյ մօտակայ քաղաքներէն մէկ քանին այցելեցի։

Այս ճամբորդութիւնը, խանգարուած առողջութիւնս դարմանելու համար կենսական պէտք մը դարձած էր. տարեկան քննութիւններուս չարաչար աշխատելէ եւ քննութիւններս անցնելէ վերջը, տկարացած մարմինս կազդուրելու մեծ պէտք մը ունէի. հոգւով ու մարմնով ուժաթափ եղած էի։

Բժշկական վկայականս ստանալու համար, դպրոցական շրջան մը եւս ունէի, յաջորդ տարին աւելի եռանդով աշխատելու համար. մարմնական կորովի բացարձակ պէտքը զգալի էր ըստ անուրանալի սա ճշմարտութեան առողջ միտք, առողջ մարմնի մէջ։

Դպրոցին արձակուրդը չորս ամիսէն աւելի պիտի տեւէր. առաջին ամիսը առանց աշխատութեան անցուցի. բայց միայն տէրը գիտէ այս անգործութենէս զգացած տաղտուկս ու ձանձրոյթս։ Այս ձանձրալի վիճակիս վերջ մը տալ ուզեցի, քանի որ մտաւոր ու մարմնաւոր յոգնութիւնս՝ բոլորովին լուրջ եւ գիտական աշխատութեամբ զբաղելու չէր ներեր։

Այդ միջոցներուն գրեթէ նոր սկսեր էի մանր մունր յօդուածներ գրելով, ուսանողական պարապ ժամերս հանրային օգտին ծառայեցնելու։ Ուրեմն աշխատութեանս ձեւը փոխելով՝ վիպական գործ մը արտադրելը աւելի յարմար սեպեցի, որով արձակուրդիս երկրորդ ամիսը սկսայ գրել Մարիա՞ թէ Հայկանոյշ վէպը։

Կը խորհէի թէ այս աշխատութիւնը առանց ինձ յոգնութիւն պատճառելու՝ ձանձրոյթս պիտի փարատէր. յուսախաբուեր էի. այս գործին զոհած երկու ամսուան աշխատութիւնս զիս բոլորովին խոնջեցուց։

Արդ, չորրորդ ամսուն, զբօսական պտոյտ մը անհրաժեշտ դարձած էր. վէպիս հրատարակութիւնը Հայրենիքի խմբագիր Մ. Մէլիքեան էֆէնտիի յանձնելով՝ ճամբայ ելայ։

Ճամբուս վրայ Ն… քաղաքը հանդիպեցայ, ուր կ’ապրէր գրական հրապարակի վրայ երբեմն գիսաւորի մը պէս փայլող Հայ բժիշկ մը։ Քանի մը օր այդ քաղաքը մնալու մտադիր էի. ուրեմն հարկը կը պահանջէր որ հրապարակէ քաշուած այդ մենակեաց տաղանդին այցելութիւն մը տայի։

Կիրակի օր մը այցելեցի։

Բնակարանն ալ իր բնաւորութեան պէս մեկուսի եւ առանձնացեալ դիրք մը ունէր, քաղաքին միւս տուներէն բոլորովին անջատ։

Երբ դռնէն ներս ոտք կոխեցի, Մեծ եւ Փոքր Ասիոյ մենաստաններուն նման տխրազդեցիկ տպաւորութիւն մը կրեցի, որոնց մէջ կը տիրէ միշտ դարերու յաջորդող մելամաղձիկ լռութիւն մը եւ գերեզմանական անշարժութիւն մը. կարծես թէ հոն երբեք կեանքը գոյութիւն ունեցած չէ…։

Դուռը բացող սպասուհին զիս ընդունելութեան սենեակը առաջնորդեց. այս սենեակն ալ բնակարանին արտաքին տեսքին կը համապատասխանէր, եւ իր տխուր երեւոյթովը քիչ մըն ալ զայն կը գերազանցէր։

Սենեակին մէջ հոգածու կանոնաւորութեամբ մը շարուած եւ պատերէն կախուած էին՝ մարդկային գործարաններու անդամակազմական իւղաներկ պատկերներ, ոգելից բիւրեղեայ ամաններու մէջ դրուած վիրաբուժական նմոյշներ, ինչպէս, կտրուած ոտք, ձեռք, ծիծ, շրթունք, եւ այլն, եւ գրադարանին քովիկը՝ մարդկային կմախք մը։ Կարծես այս գերեզմանական տեսարանին տրտմանոյշ տպաւորութիւնը աւելի ազդեցիկ ընելու համար, պատէն կախուած էր Քրիստոսի խաչելութեան պատկերը, եւ ծնրադիր, մեղմանոյշ աչքերը երկինք ուղղած ու սիրուն մազերը անխնամ ետին ձգած Մագթաղինէ ին նկարը։

Շքասեղանին վրայ եւ հայելիին առջեւ դրուած էր հրաչեայ մանկամարդ կնոջ մը կենդանագիրը, սեւ շրջանակով եւ սեւ ժապաւէններով շրջապատուած. հայելիին եւ լուսանկարին երկու կողմը արծաթեայ աշտանակներու վրայ տնկուած մոմերը այդ լուսանկարին՝ դագաղի մը տեսքը կ’ընծայէին։ Վերջապէս այս տունը սուգ ու արտասուք կը հոտէր եւ մեռելական ընդհանուր տխրութիւն մը կը տիրէր…։

Վայրկեան մը բաւ եղաւ ինձ, տիրող այս ընդհանուր սուգը նշմարելու. ինքզինքս այդ տխուր ու մելամաղձոտ ներգործութենէն ազատելու եւ մտածումներուս տարբեր ուղղութիւն մը տալու համար, սկսայ գրադարանին ապակիին վրայէն գրքերու անունները կարդալ։ Գիտական ու գրական երկերու ճոխ հաւաքածոյ մըն էր։

Գրադարանին մէջ ամենէն աւելի ուշս գրաւողը ձեռագիր տետրակ մըն էր. միւսներէն տարբեր դիրքի մը մէջ դրուած ըլլալուն, որոշակի կրցի կարդալ նուրբ գրերով, հաւանաբար կանացի փափուկ ձեռքով վրան գրուած յետագայ յուշագրաւ եւ շահագրգիռ տողերը.

ԻՄ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆՍ.

Մահուանէս վերջը միայն կարդացուի

Այս մեռելական տողերը կարդալով ակամայ դողացի. սոսկալի սարսուռ մը, ելեքտրական ցնցումի նման՝ մարմնոյս մէջ շրջան ըրաւ։

Անշո՛ւշտ, ըսի մտովի, այս տետրակը իր մէջ պարունակելու է խորհրդաւոր անցեալի մը յիշատակը եւ թերեւս կնոջ մը խորտակուած սիրտը…։

Այս մտածումներուն մէջ էի, երբ յանկարծ սենեակի դուռը բացուելով՝ անծանօթ բարեկամս իր վեց տարեկան սիրուն տղուն ձեռքէն բռնած ներս մտաւ։

Իսկոյն ձեռքս իրեն կառկառեցի, այցելութեանս նպատակը բացատրելով։ Ինքզինքս ծանօթացնելու հարկ չէր մնացած, որովհետեւ այցետոմսս սպասուհիին հետ կանխաւ իրեն ղրկեցի։

Իր նկարագրութիւնը աւելորդ կը համարիմ, դէմքին ու հոգիին արտայայտութիւնը ապրած միջավայրին կատարելապէս կը համաձայնի. սակայն չմոռնամ յիշել թէ իր ամբողջ տխրութեանը մէջ գրաւիչ ու համակրելի երեւոյթ մը, անուշ սրտագրաւում մը ունէր։

Շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ, ըսաւ նստելով եւ փոքրիկը գիրկը առնելով, արժանիքէս վեր կը գտնեմ ձեր յարգանքներն ու համակրանքը. բացառիկ շնորհ մը՝ որ ձեր սրտին ազնուութեան ապացոյցն է։

Շնորհակալութիւն չարժեր. դուք ձեր օգտաւէտ գրչով, սփոփիչ արհեստով եւ տաղանդաւոր մտքով իրաւամբ ամենուն համակրանքն եւ սէրը գրաւած էք. ինձ նման հազարաւոր անծանօթ բարեկամ սրտեր կան որ անկեղծապէս կը համակրին ձեզ. ձեր գրչին երկարատեւ լռութիւնը մեր սրտերուն մեծ ցաւ եղած է։

Փոքրիկ Պօղոսիկին մազերը շոյելով եւ տխուր ակնարկ մը ձգելով յուզեալ շեշտով մը ըսաւ.

Է՜հ, ես իմ ժամանակիս ու տարիքիս պահանջը կատարեցի. ասկէց վերջը ասպարէզը ձեզ նման եռանդալից երիտասարդութեանն է. դուք մեր սկսած գործին շարունակութիւնը պիտի ապահովէք, ձեր յաջորդներն ալ՝ ձերինը։

Բայց կը ներէք որ անկեղծաբար ըսեմ թէ դուք ձեր երկարատեւ փորձառութեամբը աւելի յարմարութիւն ունիք ընտրելու եւ գրելու հանրութեան ամենէն աւելի օգտակար եւ ամենէն աւելի կենսական պէտքերուն վրայ։ Ձեր առաջին առողջաբանական աշխատասիրութիւնը մեզի իրաւունք կուտայ աւելին խնդրելու, շարունակութիւնը սպասելու։

Այդ մասին իրաւունք կուտամ ձեզ, երբ կեանքը դեռ իր ժանտալից թոյնով երիտասարդական արիւնս թունաւորած չէր, ես ալ ձեզի պէս կը խորհէի. սակայն հիմա, աւա՜ղ, անցան այն երջանիկ օրերը, ուր կեանքը հաճոյալի երազի նման կը վայելէի…։ Սիրելի՛, պարագաներ կան՝ ուր կեանքն իսկ աւելորդ բեռ մը կը դառնայ, ալ ո՜ւր կը մնան անոր հաճոյքները։ Այն երանեալ անցեալ օրերուն մէջ փառասիրութիւնը իր մեծ դերը կը խաղար, ցուրտ հաշիւներ եւ անձնական դէպքեր դեռ սառեցուցած չէին սրտիս եռանդալից խանդը։ Յիմար՝ այլ յուսալից երիտասարդութիւնն էր որ զիս կը մղէր. եթէ ճակատագրային դժբախտ պարագաներ կենացս ներդաշնակութիւնը չխանգարէին, անշուշտ նոյն երիտասարդական եռանդով սկսած գործս այսօր ալ պիտի շարունակէի…։

Լռեց. սրտին յուզումը եւ անցեալին տխուր յիշատակները աչքերը թրջեցին. արտասուքի երկու խոշոր կաթիլներ որոշակի կը տեսնէի, բայց շուտով իր պաղարիւնութիւնը գտաւ եւ աչքերը յանկարծ ցամքեցան։

Քիչ յետոյ, խօսքը գրած յօդուածներուս վրայ բերելով՝ քաջալերեց զիս միշտ գրելու, մանաւանդ առողջաբանական նիւթերու վրայ։

Սակայն իր մենակեաց կեանքը, անցեալին մէջ կրած խորին վշտերը զիս հետաքրքրեցին հետազօտութիւններս աւելի առաջ մղելու եւ պրպտելու իր կեանքին գաղտնալից կողմը, մասնաւորապէս այն ձեռագիր Յիշատակարանը, որ անշուշտ իր կեանքին հետ մեծ կապակցութիւն մը ունեցած ըլլալու էր։