Աղջկան մը յիշատակարանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

26 Հոկտեմբեր

Այսօր խօսեցեալիս անդրանիկ գիրը ստացայ. հոկտ. 17ին ողջամբ իր պաշտօնավայրը հասնիլը կ’իմացնէ։

Ի՜նչ անուշ գրիչ, ի՜նչ բանաստեղծական ներշնչումներ. բոլոր սիրտը ու հոգին այդ նամակին մէջ դրած է. իր այնքան եռանդալից սիրոյն ի՜նչպէս պատասխանելս չեմ գիտեր։

Վերջապէս սրտիս պէս պարզ գրիչ մը գործածելով, իր բաժանումէն զգացած վիշտս նկարագրեցի եւ խնդրեցի որ ամէն շաբաթ ցանկալի եւ սիրալիր գիրը պակաս չընէ։ «Անոնք իմ միակ մխիթարութիւններս պիտի ըլլան, կարօտդ անոնցմէ պիտի առնեմ, անոնցմով պիտի թեթեւցնես բաժանումէդ զգացած տխուր տպաւորութիւններս», գրեցի։

 

1 Ապրիլ 1880 [1]

Խօսեցեալիս յաջողութեան լուրերը սիրտս ուրախութեամբ կը զեղուն. ո՜հ, արդեօք երազ մը չէ՞ աս… վերջապէս զինքը գրկիս մէջ պիտի տեսնեմ, ի՜նչ երջանիկ օր…։

Մէկ երկու ամիսէն վերջնականապէս ան իմս պիտի ըլլայ. իր բաժանումը երկու տարիի կը մօտենայ, համբերութիւնս սպառեցաւ։ Այս օրուան նամակը սովորական գիր մը չէր, այլ ուրախութեան աւետիս մը, սիրոյ պատգամ մը որ ինձ ապագայ երջանկութիւնը կ’աւետէ։

Այսօր գրեցի որ իր գալուստը փութացնէ եւ գիրս սապէս վերջացուցի. «Անկեղծ եւ պաշտելի սէրդ էր որ ցարդ ինձ համբերել տուաւ. սիրտս կը հատնի. օր մը առաջ քեզ գրկիս մէջ տեսնելու անզուսպ փափաքով կը հալիմ ու կը մաշիմ, ա՜խ, սիրովդ պիտի խենթենամ…։»

«Ե՞րբ պիտի համբուրեմ աղու եւ մեղանուշ աչքերդ ու մեղրածոր շրթերդ. քեզ տեսած վայրկեանիս՝ անկասկած պիտի նուաղիմ…։»

 

6 Մայիս

Վաղը Պօյաճիգիւղ օդափոխութեան պիտի երթամ. մարմինս ու հոգիս կազդուրելու մեծ պէտք ունիմ. անցեալ շաբթուան հարբուխս զիս շատ տկարացուց։

 

Պօյաճըգիւղ 9 Մայիս

Այսօր մայիսի գեղածիծաղ եւ կենսաւէտ օդը վայելելու համար ազգականուհիիս հետ Մասլաք գացինք. մշտադալար եւ հոգեզմայլ դաշտերուն եւ մարգերուն մէջ, կարկաչահոս առուներուն եզերքը ազատ շրջելով առողջաւէտ ու մաքուր օդը լիաթոք ծծեցի…։

Այցելեցի նաեւ կայսերական դղեակը, մրգալից պարտէզը եւ մինչեւ Քեաղըտհանէ տարածուող գեղատեսիլ պուրակը։

 

11 Մայիս

Երկու օր Մասլաք մնալէ վերջը գիւղ դարձանք. այս քանի մը օրուան մէջ նախկին առողջութիւնս վերստացայ։

Բժիշկներուն գովածին չափ կայ եղեր. մարդ երբ բաց դաշտերուն մէջ մաքուր օդ ծծէ եւ մարմնական շարժումներ կատարէ, իր վրայ անմիջապէս անոնց լաւ արդիւնքը կ’զգայ եղեր։

 

25 Մայիս

Այսօր հայրիկէս գիր մը ստացայ որ պաշտելի խօսեցեալիս ճամբայ ելլելը կ’աւետէ. հեռագիրը նամակին մէջ ներփակած էր։

Այս ուրախառիթ լուրը առնելով սիրտս սաստիկ տրոփել սկսաւ. դադար չունիմ. եթէ գիրը ուշ չհասնէր, անմիջապէս շոգենաւ պիտի նետուէի. դժբախտաբար Վոսփորէն իջնող վերջին շոգենաւը մեկնած էր։

 

Գատըգիւղ 26 Մայիս

Երէկ գիշեր աչքերս ուրախութենէս՝ քուն չտեսան. անկողինիս մէջ միշտ ապագայիս վրայ մտածելով քունս փախցուցի։ Խաղաղաւէտ ու բարեբաստիկ ընտանեկան կեանք մը կ’երեւակայէի, օդային դղեակներ կ’ստեղծէի…։ Ո՜հ ինչ անո՜ւշ, եւ որքան հաճելի գիշեր մը անցուցի, որուն նմանը Հազար եւ մէկ գիշերներուն մէջ իսկ տեսած չեմ…։

 

Սամաթիա 27 Մայիս

Այսօր հոգեհատորս դիմաւորելու համար, եղբօրս եւ քոյրերուն ու բարեկամներուն հետ շոգենաւ գացինք։

Երբ մերբ նաւակը շոգենաւին մօտեցաւ, սկսայ թաշկինակս շարժել. ինքը թէեւ կամրջակին վրայ էր, սակայն մեզ չկրցաւ տեսնել։

Ծովուն վրայ ահագին իրարանցում մը կար, այնպէս որ ժխորէն իրարու ձայն չէինք լսեր. մարդ ասանկ տեղեր ապուշ կը դառնայ։

Շարունակաբար ճամբորդները շարժուն նեղ սանդուխներէն իջնելով նաւակները կը նետուէին, որոնց մէջ կը գտնուէին շատերուն ծնողքները եւ բարեկամները. սրտայոյզ գրկախառնումներ եւ արտասուալից ողջագուրանքներ իրարու կը յաջորդէին…։

Իսկ ես այս սրտայոյզ տեսարանէն չափազանց զգածուած, արտասուալից աչքերս սրտահատորէս չէի հեռացներ ու թաշկինակս միշտ կը շարժէի։

Վերջապէս մեզ տեսաւ, եւ ժպտելով թաշկինակը շարժեց։ Մեր նաւակը շոգենաւին աւելի մօտեցուցինք եւ ինքն ալ ղեկին կողմը գալով լսելի ձայնով մը ըսաւ.

Ողջո՜յն ձեզ, ո՜վ սրտահատորներս, ողջո՜յն քեզ, ո՜վ ցանկալիդ Բիւզանդիա։

Յետոյ աւելցուց.

Մի՛ աճապարէք, բազմութիւնը թող անցնի։

Կէս ժամ իրարու երես նայելով սպասեցինք. խօսելու բառ մը չէի գտներ։

Բազմութիւնը նուազելով նաւակնիս սանդուխին մօտեցուցինք. անմիջապէս մէջը ցատկեց. սկսանք արգաւ իր սեւ աչքերը կարօտալից համբուրել, ինքն ալ՝ մերինները։

Նաւակը մաքսին առջեւ կայնելով դուրս ելանք եւ երկու կառք վարձելով ուղղակի իրենց տունը գացինք։

Հոն ալ սկսաւ կարօտակէզ եւ ջերմաջերմ համբոյրներու եւ սրտայոյզ ու խանդալից արտասուքներու տարափ մը։

 

Գատըգիւղ 29 Մայիս

Երկու օր խօսեցեալիս հիւր մնացի. թէ՛ Պոլսեցի եւ թէ գաւառացի բարեկամները խումբ խումբ այցելել սկսան։ Այսօր հօրս հետ Գատըգիւղ եկայ։

 

6 Յունիս

Այսօր թշուառական Մ… իր արդար պատիժը գտաւ, 2000 ոսկի դրամօժիտով կուզ աղջկան մը հետ ամուսնանալով։

Աշակերտուհիս եւ ես շատ ուրախացանք։

 

7 Յունիս

Խօսեցեալս այսօր իր փոքր քեռդուստրին հետ մեզի եկաւ։

Դաշնակ ածելով, Պարոնեանին Ազգային Ջոջերը կարդալով եւ գեղարուեստներու վրայ խօսելով ժամանակ անցուցինք։

Երեկոյին հայրիկիս հետ խորհրդակցելով հարսանեկան պատրաստութեանց վրայ գաղափար փոխանակեց. քիչ յետոյ ես ալ խօսքի խառնուելով որոշեցինք պարզ եւ համեստ կերպով կատարել։

Եկեղեցին պսակուելէ վերջը, ցերեկին ազգականներու եւ բարեկամներու հացկերոյթ մը տալով հանդէսը պիտի վերջանայ։ Ահա աս է մեր որոշումը։

 

8 Յունիս

Խօսեցեալս այսօր մեկնեցաւ, օժիտիս վրայ իր հիացումը յայտնելով, զոր գրեթէ ամբողջովին ձեռքովս պատրաստեր եմ։

 

20 Սեպտեմբեր

Այսօր բարեբախտութիւն ունիմ ամուսինս կոչելու Տօք. Բ… եանը եւ իր մականունը կրելու։

Հարսանեկան հանդէսը, ինչպէս կանխաւ որոշած էինք, պարզ կերպով կատարեցինք։

Այս առթիւ ազգականներէ եւ բարեկամներէ թանկագին նուէրներ ստացայ. սրտովին շնորհակալ եմ իրենց։

Այժմ կ’զգամ թէ պարտականութիւնս եւ պատասխանատուութիւնս մեծ է. կինը տանը հիմն է. ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեմ, զինքը գոհ եւ երջանիկ ընելու։

Փառք կուտամ Աստուծոյ որ այնքան զրկանքներէ ու տառապանքներէ յետոյ, այս օրուան երջանկութիւնը ինձ պարգեւեց։ Կատարեալ եւ օրինակելի ամուսիններ պիտի ըլլանք եւ տունը դրախտի մը պիտի վերածենք։

Սրտակից ու գաղափարակից էինք արդէն. ուրեմն նախանձելի միութիւն մը պիտի կրնանք կազմել։

Այսուհետեւ կը յուսամ եւ կը մաղթեմ որ Յիշատակարանիս մէջ միշտ ուրախ դէպքեր եւ բարեբաստիկ կեանքի մը հետքերը պիտի կրնամ արձանագրել։

 

22 Փետրուար 1881           

Ո՜հ, ամուսնական կեանքին մէջ ի՜նչ ցանկալի ու սրտագրաւ քաղցրութիւններ կան եղեր։

Այսօր ալ նոր ուրախութիւն մը, անփոխարինելի նոր հաճոյք մը կ’զգամ. բոլորովին նոր եւ քաղցր պարտականութիւն մըն ալ պիտի ունենամ… այո՛, քանի մը ամիս յետոյ մայր պիտի ըլլամ…։

 

16 Մարտ

Յղութեան վիճակս ջղային տկարութիւնս երեւան հանեց. մէկ քանի օրէ ի վեր սաստիկ կը տառապիմ. քունս բոլորովին խանգարուած է եւ ամբողջ ջղային դրութիւնս գրգռուած։

Թէեւ հիմա այնչափ հոգ չեմ ըներ. ամուսինս բաւական փորձառու եւ հմուտ բժիշկ մըն է. արդէն հարկ եղած դարմանները գործադրել սկսաւ. քիչ    օրէն կը յուսամ օգուտը տեսնել։

 

20 Ապրիլ

Ամուսինս ճամբորդութեան նպաստաւոր ըլլալը յիշելով կարծիքս հարցուց։

Արդէն Պոլսոյ կեանքէն ձանձրացած եմ. հետեւաբար սրտահատորիս ըսի.

Գաւառական կեանքը շատ կը գովէիր, բնութիւնը վայելել ուզողը թո՛ղ գաւառները պտտի կ’ըսէիր. արդ քանի որ ճամբորդութիւն մը, օդափոխութիւն մը անհրաժեշտ է, կարելի՞ չէ որ մօտակայ քաղաքները շրջագայինք։

Շատ լաւ կ’ըլլայ, պատասխանեց անպատմելի ուրախութեամբ մը. արուեստին շնորհիւ դրամ ալ կը շահիմ. միասին ձիով դաշտերը, անտառները կը պտտինք, ջրերու եզերքները կը շրջինք, գիւղագնացութիւններ կ’ընենք. ասոնք այնպիսի հաճոյքներ են որ հոս ձեռք չի բերուիր։

Ուրեմն, այս շաբաթ ճամբայ ելլենք, ըսի,

Ամենայն ուրախութեամբ, պատասխանեց։

Կաշիէ փոքր պայուսակներու մէջ վիրաբուժական գործիքները եւ անհրաժեշտ ազդու դեղերը զետեղելով ըսաւ.

Աւասիկ, ես պատրաստ եմ, դուն ալ քու պատրաստութիւններդ տես։

Ես ալ միեւնոյն ատեն կաշիէ երկու մեծ ճամբորդութեան յատուկ սնտուկներու մէջ դրի ճերմակեղէն, հանդերձեղէն եւ առօրեայ կեանքի վերաբերեալ անհրաժեշտ նիւթեր։

Ուրեմն ճամբորդելու համար ամէն բան պատրաստ է. բնութիւնը իր մերկութեան մէջ վայելելու փափաքը եւ ուրախութիւնը այժմէն իսկ իմ վրաս լաւ ներգործեցին։


[1]            1878 հոկտ. 26էն մինչեւ 1830 Ապրիլ 1 օրագրութեան մէջ յիշուելու արժանի բան մը չտեսնելուս՝ զանց կ’առնեմ։ Միայն սաչափը կը յիշեմ որ այդ մէկուկէս տարուան մէջ սիրահար, սրտայոյզ եւ իմաստալից նամակներու փոխանակութիւնը երբեք դադրած չէ. եւ այդ գաղափարներու եւ յուզումներու փոխանակութեամբ երկուստեք իրենց սիրոյն մէջ այնքան յառաջացած են որ զիրար կը պաշտեն։