Իզմիթ
25
Ապրիլ
Այսօր
Հայտար
Փաշայէն
երկաթուղի
նստելով
Իզմիթ
հասանք։
Պանդոկ
մը
իջնելով
այսօր
հանգիստ
ըրինք.
վաղը
ձիերով
քաղաքին
նշանաւոր
եւ
գեղատեսիլ
վայրերը
պիտի
այցելենք.
մանկան
մը
պէս
ուրախ
եւ
զուարթ
եմ։
26
Ապրիլ
Այսօր
քաղաքին
շուրջը
պտտեցանք
եւ
շրջակայ
գիւղերը
այցելեցինք։
Ի՜նչ
ախորժելի
բնական
տեսարաններ
եւ
զմայլելի
դիրքեր…։
27
Ապրիլ
Ձիերով
մօտակայ
անտառները
պտոյտ
մը
կատարեցինք։
Հիանալի
ու
խորհրդաւոր
պատկերներ,
որոնց
գգուանոյշ
տպաւորութեան
տակ
հիւանդութիւնս
գրեթէ
անհետացաւ։
29
Ապրիլ
Սիրելի
ամուսինս
բաւական
թուով
հիւանդներու
այցելութիւնը
ընդունելով
այսօր
դուրս
չկրցինք
ելլել։
Այսօր
մէկուն
աչակոպին
վրայ
գործողութիւն
մը
կատարեց։
Ո՜հ,
առաջին
անգամն
էր
որ
դանակ
բռնելը
կը
տեսնէի.
արհեստին
մէջ
ո՜րչափ
քարսիրտ
է
եղեր.
երբեք
չէի
յուսար
թէ
իր
ազնիւ
ու
փափուկ
սիրտը
այսքան
խիստ
ըլլայ…։
6
Մայիս
Ամուսինս
Իզմիթի
մէջ
քանի
մը
օր
մնալով
բաւական
գործ
տեսաւ։
Զարմանալի՜
բան.
Պոլսոյ
պէս
տեղ
մը
այնչափ
ծանօթ
ունենալով
հանդերձ,
բաղդատաբար
քիչ
կը
շահէր։
Այսօր
Ն…
քաղաքը
երթալու
համար
ճամբայ
պիտի
ելլէինք,
բայց
օդը
անձրեւոտ
ըլլալուն,
յետաձգեցինք։
Խեղճ
գիւղացիի
մը
վրայ
ամուսինս
այսօր
ալ
գործողութիւն
մը
կատարեց,
վարի
շրթունքին
մեծ
մասը
կտրել
հանելով.
այս
գարշելի
կտորը
ոգելից
շիշի
մը
մէջ
դնելով
վրան
ախտին
անունը,
գործողութեան
թուականը
կրող
ցուցակ
մը
փակցուց։
Ն…
10
Մայիս
Մէկ
քանի
օր
ձիով
ճամբորդելով
Ն…
քաղաքը
հասանք։
Ցերեկները
ճամբուն
վրայ,
պաղուկ
անոյշ
աղբերակներու
եզերքը
բազմելով
մեծ
ախորժով
կը
ճաշէինք։
Այս
քաղաքը
շատ
սիրեցի.
ի՜նչ
բանաստեղծական
եւ
դիւթիչ
լեռնային
դիրք
մը
ունի,
հապա՜
առողջարար
օդը
եւ
կենսաւէտ,
պաղուկ
եւ
անուշ
ջուրը…։
Գարունը
հոս
անցնել
որոշեցինք։
15
Մայիս
Ամուսինս
իր
համբաւը
հոս
ալ
շինեց.
թէեւ
ուրիշ
բժիշկ
մը
կայ,
սակայն
տեղացիները
անկէ
դժգոհութիւն
կը
յայտնեն։
Իգական
սեռն
ալ
բաւական
զարգացած
անդամներ
ունի.
հոս
Պոլսէն
բոլորովին
տարբեր
ընկերական
կեանք
մը
կայ,
ինչ
որ
ինձ
շատ
հաճելի
թուեցաւ.
առանց
ձեւակերպութեան,
պարզ
եւ
անկեղծ
ընտանեկան
կենցաղավարութիւն
մը
ունին։
Այսօր
տան
մը
մէջ
մասնաւոր
սենեակ
մը
վարձեցինք։
20
Յունիս
Այս
տեղի
կեանքը
շատ
սիրեցի.
ջղային
հիւանդութիւնս
բաւական
թեթեւցաւ
եւ
գիրնալ
սկսայ։
Ամուսինս
լաւ
կը
շահի.
ընդարձակ
պարտէզով
շրջապատուած
գեղեցիկ
տուն
մը
վարձեցինք.
նոր
բնակարաննիս
թէեւ
քաղաքին
ամենէն
հեռու
մէկ
անկիւնն
է,
սակայն
սքանչելի
դիրք
մը
ունի,
առջեւը
պարզուած
է
կանաչ
դաշտը
եւ
անհուն
հորիզոնը…։
25
Յունիս
Բաւական
կոկիկ
եւ
ճաշակաւոր
ընդունելութեան
սենեակ
մը
զարդարեցի։
—
Ի՜նչպէս,
թռչունս,
գաւառները
հաճելի
չե՞ն,
ըսաւ
ամուսինս։
—
Ո՜հ,
շատ
լաւ
կը
գտնեմ,
մանաւանդ
այս
քաղաքը,
պատասխանեցի,
եւ
եթէ
կարելի
է,
պիտի
խնդրեմ
որ
Պոլիս
չդառնանք.
հայրս
արդէն
առանձնացեալ
կեանքը
կը
սիրէ,
իսկ
տիկին
քոյրերդ
տեսնելու
համար,
Պոլիս
տարին
մէկ
երկու
անգամ
կ’այցելենք։
—
Ես
արդէն
մեծ
քաղաքներու
տաղտկալի
եւ
յուզումնալից
կեանքէն
ձանձրացած
եմ.
գաւառական
հանդարտ
կեանքը
ինձ
հաճելի
է
եւ
դուն
ո՛ւր
որ
հանգիստ
ընես՝
հոն
կը
բնակինք,
ըսաւ։
—
Շնորհակալ
եմ,
այս
քաղաքը
շատ
սիրեցի.
ունեցած
գոյքերնիս
Պոլսէն
հոս
փոխադրենք,
ըսի։
—
Վաղուան
սուրհանդակով
հայրիկին
կը
գրեմ,
ըսաւ
բարի
ամուսինս։
Ահա
այսպէս
որոշեցինք
հոս
մնալ։
Բանաստեղծական
եւ
գեղջուկ
կեանքը
վէպերէն
դուրս,
հոս
միայն
կրցի
գտնել,
ասոր
համար
շատ
ուրախ
եմ։
3
Յուլիս
Այսօր
ամուսինիս
հետ
տեղւոյս
ազգային
վարժարանները
այցելեցինք.
տարեկան
քննութիւնները
սկսեր
էին։
Երկսեռ
ուսանողները
բաւական
քաջ
պատասխաններ
տուին,
բայց
դպրոցը
բարեկարգութեան
պէտք
ունի.
ծրագիրը
ժամանակիս
եւ
միջավայրին
պահանջածին
համեմատ
փոփոխութիւն
կրելու
է,
որպէս
զի
դպրոցը
իսկապէս
իր
նպատակին
ծառայէ։
Հոգաբարձութեան
խոստացայ
պարապ
ժամերուս
ծրագիր
մը
շինել
եւ
աղջկանց
դպրոցին
ղէկը
ձեռքս
առնել։
Ամուսինս
Առողջաբանութեան,
իսկ
ես
Առտնին
Տնտեսութեան.
Իրագիտութեան
եւ
Ձեռագործի
դասեր
պիտի
աւանդենք
ձրիաբար։
21
Յուլիս
Աշխատութիւններս
պարապ
չելան.
իգական
սեռէ
ընկերութիւն
մը
կազմել
յաջողեցայ,
որուն
նպատակն
է
իգական
սեռի
դաստիարակութեանը
եւ
կրթութեանը
նիւթապէս
ու
բարոյապէս
նպաստել։
Գաւառացի
կիները
հանրային
ծառայութիւն
մատուցանելու
թէ՛
կամք
եւ
թէ
յարատեւութիւն
ունին.
միայն
իրենց
առաջնորդող
մը
պէտք
է։
Նոր
ծրագիրս
դպրոցին
վերաբացումէն
յետոյ
պիտի
գործադրուի.
տարեշրջանին
հետ
պիտի
սկսինք
աւանդել
նաեւ
մեր
դասերը։
14
Օգոստոս
Յղութեանս
վերջին
ամիսներն
են,
բաւական
անհանգիստ
եմ.
ջիղերս
այսօր
թեթեւ
կերպով
գրգռուեցան.
երկու
ժամ
վերջը
անհետացաւ։
16
Սեպտեմբեր
Այսօր
մէջքս
պարբերաբար
թեթեւապէս
ցաւիլ
սկսաւ.
ամուսինս
տղաբերքի
սկզբնական
ցաւեր
ըլլալը
իմացուց։
Ո՜հ,
քիչ
օրէն
զաւկի
մա՜յր
պիտի
ըլլամ.
ի՜նչ
երջանկութիւն…։
20
Սեպտեմբեր
Այս
գիշեր
տղաբերքի
բուռն
ցաւերս
սկսան.
ի՜նչ
անտանելի
ցաւ.
հիմա
որ
կը
գրեմ՝
քիչ
մը
դադրած
է.
դադարման
միջոցը
երթալով
կը
կարճնայ
եւ
ցաւին
աստիճանը
կը
սաստկանայ։
Բարեկամուհիներէս
շատերը
քովս
են,
միշտ
զիս
կը
քաջալերեն։
Զաւակ
մը
ունենալու
յոյսը
իմ
ցաւերս
կը
թեթեւցնեն,
միտքս
բոլորովին
անով
զբաղած
է.
որչա՜փ
պիտի
գգուեմ
զինքը
եւ
իմ
յատուկ
ծիծերովս
դիեցնեմ…
ի՜նչ
մեծ
հաճոյք…։
21
Սեպտեմբեր
Երէկ
գիշեր
երկունքս
վերջացաւ.
սիրուն
մանչ
զաւակ
մը
ծնայ։
Հակառակ
ամուսինիս
արգելքին՝
սոյն
երկտողովս
սիրասուն
զաւկիս
ծնունդը
կ’արձանագրեմ…
մա՜յր
եղայ . . . . . . . . . . . . . . . . . . .
[1]
[1]
Մնացած
մէկ
տողը
չէր
կարդացուեր.
բուն
ձեռագիրը
հոս
կ’աւարտի։
Սեպտ.
21էն
վերջը
գրուածները,
ինչպէս
յայտնի
է,
ամուսինը
շարունակած
է։
Ծ.
Հ.