Աղջկան մը յիշատակարանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Սպասուհին սուրճը բերելով՝ ինձ միջոց տուած եղաւ մտքիս մէջ կազմելու հարցման այն ձեւերը, որ ուղղակի իր կեանքին, իր անցեալին հետ պիտի շփուէին։ Խնդիրը փափուկ էր. ինձ հետ երբեք վերաբերութիւն չունեցած եւ իր ներքին կեանքին գաղտնիքը պարունակող Յիշատակարանին վրայ խօսք բանալը քիչ մը դժուար գործ էր, չըսեմ անպատշաճ։

Սուրճս երկար ատեն պաղեցնելով խմելէ վերջը, խօսակցութեան թելը ձեռք առի։

Բաւական ճոխ գրադարան մը ունիք, ըսի։

Այո՛, պատասխանեց, բայց նոր երկեր կը պակսին. երիտասարդական ժամանակիս բոլոր հրատարակութիւններն ունիմ. վեց եօթը տարի կայ որ բացի մէկ քանի զուտ բժշկական նոր հրատարակութիւններէ գիրք մը գնած չեմ։ Սիրելի կնոջս մեռնելէն վերջը բոլոր փափաքներս վերջ գտան. այս փոքրիկ թռչունին սիրոյն մէջ կը գտնեմ միայն ամէն հաճոյք եւ վայելք…։

Ձեր վշտերուն խորին ըլլալը կ’զգամ, բայց կարծեմ նեղ օրերու մէջ գեղեցիկ գրքերն ալ լաւ ընկերներ են, միակ միջոց մը կեանքի մռայլները ցրուելու, վեհազնիւ հոգիներու հետ մտերմութիւն մը հաստատելու եւ այսպէս տխո՜ւր իրականութիւնը մոռնալով ոսկէ անուրջներու մէջ ապրելո՜ւ…։

Սիրելի, իր պակասը բան մը չի լրացներ. եթէ դուք ալ սիրող սրտի մը, մանաւանդ տառապեալ հոգիի մը անկեղծ սէրը վայելէք, ըսածիս ճշմարտութեան այն ատեն պիտի համոզուիք։ Հիմակուհիմա երիտասարդ էք, դեռ կեանքը հաճոյքի գեղադիտակին մէջէն կը տեսնէք։

Կեանքի խնդիրներուն մէջ ձեր փորձառութիւնը անկասկած մեծ արժէք ունի, ըսի, եւ խօսակցութեան նիւթը փոխելու համար աւելցուցի. եթէ կը ներէք՝ գրադարաննիդ անգամ մը աչքէ անցնեմ։

Ամենայն հաճութեամբ, ըսաւ, եւ ոտքի ելլելով, զիս գրադարանը առաջնորդեց. աւելի լաւ կարդացուելու համար ապակեայ փեղկերն ալ բացաւ։

Ես արդէն կանխաւ գրադարանը ամբողջ աչքէ անցուցեր էի. դիտաւորութիւնս չյայտնելու եւ հետաքրքրութիւնս կեղծելու համար ամենէն անկարեւոր գրքերուն վրայ իսկ դիտողութիւն մը կ’ընէի. երբ կարգը ձեռագիր Յիշատակարանին եկաւ, զարմանք կեղծելով հարցուցի.

Ի՜նչ տարօրինակ վերնագիր, ձեռագիր վէ՞պ մըն է արդեօք…։

Այո՛, վէպ մը, մեր կեանքէն վէպ մը… պատասխանեց, սրտի խորերէն հառաչ մը արձակելով։

Ստուգիւ վէ՞պ մըն է… կը մտածէի. եթէ իրօք վէպ մըն էր ան, իմ հետաքրքրութիւնս աւելորդ էր ուրեմն. չունէր ինձ համար այն շահեկանութիւնը՝ զոր առաջին անգամ զգացեր էի. պարզ վէպ մը ի՞նչ կարեւորութիւն ունէր, թէեւ ըլլար շատ լաւ գրուածք մը։ Բայց անհաւատալի կը թուէր. անկարելի է որ պարզ վէպ մը ըլլար ան. մտածումս այսպէս առաջ կը տանէի. այն նուրբ գրերը կնոջ մը հեղինակութիւնը ըլլալը կը մատնեն. ուրեմն ո՞վ կրնայ ըլլալ անոր հեղինակուհին, եթէ ոչ բարեկամիս վաղամեռիկ կինը։

Մտածումներուս վերջ տալով՝ միամտաբար հեղինակին անունը հարցուցի։

Ասիկա է, պատասխանեց, մատովը շքասեղանին վրայ դրուած մանկամարդ կնոջ լուսանկարը ցուցնելով։

Աւելի հեռուները երթալու հարկ չմնաց. բուն խնդրոյն մօտեցեր էինք։

Անկասկած, ձեր հոգելոյս ամուսինն է, ըսի, վիպագրելու լաւ յարմարութիւն մը ունեցած ըլլու է։

Չէ՛, սիրելի, վիպագիր մը չէր, կեանքին երեւոյթները պարզ կերպով ի գիր առնող կենսագիր մըն էր. իր անձնական Յիշատակարանն է աս՝ որ դամբանի մը պէս մեր բարքերուն զզուելի ու գարշելի պատկերները, մեր ընկերական կազմակերպութեան յոռի ու տգեղ կողմերը կը բովանդակէ։

Վերնագիրը ինձ շատ տարօրինակ կ’երեւայ։

Ամուսնանալէս առաջ իր կեանքին մէջ պատահած անձնական դէպքերը յիշատակեր է, որուն մէջ մեծ բաժին մըն ալ ես ունիմ. իր կենդանութեանը չէ ուզած որ կարդամ։ Ո՜հ թշուառ արարած, իր անմեղ հոգին ի՜նչ տառապանքներ կրեր է. ապերախտ ընկերութեան, խաբեբայ ու կեղծաւոր մարդկութեան զոհ եղած է… կրած յուսախաբութիւնները եւ սրտամաշուքները զինքը կեանքի բեռին տակ ընկճելով՝ հուսկ ուրեմն սեւ հողին յանձնեցին…։

Եւ սրտաճմլիկ հառաչով մը աւելցուց.

Զգացած ծանր վիշտերս աչքերուս աղբերակները ցամքեցուցին. շատ անգամ արտասուել կ’ուզեմ եւ չեմ կրնար, այս անբնական վիճակը սկսած է սիրտս կրծել եւ կեանքս մաշեցնել։

Բայց քանի որ մեր ընկերական բարքերուն հայելին է, անշուշտ օգտակարութենէ զուրկ չըլլար, մարդկութեան մեծ բարիք մը ըրած պիտի ըլլայիք, եթէ ծածկանուան մը տակ զայն մամուլին յանձնէիք, շատ կը խրատուէին եւ այս կերպով իրեն յիշատակին մահարձան մը կանգնած պիտի ըլլայիք։

Այո՛, ըսաւ հեգնական ժպիտով մը, այն մարդկութեան համար՝ որ անոր նման անմեղ տկար արարած մը չարչրկած, խաբած ու զոհած է. ա՛յդ մարդկութեան…։

Գեթ ուրիշները փրկելու եւ անոնց թիւը նուազեցնելու համար ընկերութեան երեսին տալու էք իր աւերիչ բարքերուն չար հետեւանքը…։

Արհամարհանքս բաւական սեպած եմ, եւ այս պատճառաւ գաւառական այս անկիւնը քաշուած եմ. այս տեղերը գոնէ կեղծ քաղաքավարութիւն մը չկայ որ փայլուն անուններու եւ շլացուցիչ դիրքերուն տակ գարշելի ու մեղապարտ եղելութիւնները ծածկէ։ Հոս ամէն ինչ պարզ է. հե՜գ ամուսինիս ստիպման վրայ՝ որ իր ատելութեան արդիւնքն է եղեր՝ այս տեղերը բնակութիւն հաստատելէս շատ գոհ եմ եւ իր անմահ յիշատակը արդէն զիս այս հողին կը կապէ։

—Վերջապէս, կարծեմ թէ լոկ արհամարհանքով չարիքին առաջքը չառնուիր, զոհերուն կեանքը միայն ազդու խրատ մը կրնայ ըլլալ. ինչպէս որ մենք՝ բժիշկներս վէրքը բանալով ու մաքրելով կը բուժենք, այնպէս ալ հասարակութեան մը բարոյական վէրքերը բուժելու ենք. եթէ ձերինին նման զոհերը մէյմէկ անկիւն քաշուելով մոռացման յաւիտենական անդունդին մէջ կորսուէին, յառաջդիմութիւն ըսուած բանը գոյութիւն չէր ունենար. ազգերը անցեալէն փորձուելով՝ բարեկարգուած են եւ միշտ այսօրը երէկէն պիտի խրատուի ու փորձուի։

Շիտակը, ձեր դիտողութիւններուն պատասխանելու ո՛չ ոյժ ունիմ եւ ո՛չ ալ կամք. անշուշտ ամէն ողջախոհ մարդ ձեզի պէս պիտի խորհէր, բայց ես ահագին վիշտերու տակ ընկճուած, գրեթէ բնազդական, կեանք մը կը վարեմ։ Ձեր հետաքրքրութիւնը գոհացնելու համար կ’արտօնեմ որ զայն կարդաք, եւ եթէ ձեր խիղճը ներէ՝ ազատ էք զայն հրատարակելու. միայն կը խնդրեմ որ մէջը յիշուած բոլոր յատուկ անունները հասարակութենէն ծածկէք։

Այս անակնկալ յաջողութենէն չափազանց ուրախ՝ պատասխանեցի.

Կը խոստանամ բոլորովին խղճիս ու ձեր կամքին համեմատ վարուիլ. հետաքրքիրներուն Մտացածին վէպ մըն է ըսելով պիտի բաւականանամ։

Ձեր խղճին վստահեցայ, բոլորովին ազատ էք, ըսաւ։

Օրուան մէջ որոշեալ ժամեր յատկացնելով՝ մէկ քանի օրուան մէջ ընդօրինակեցի ինձ հետաքրքրութիւն պատճառող Յիշատակարան ին հետեւեալ շահագրգիռ մասերը միայն։

Այլ եւ այլ նկատումներով մինչեւ հիմա զայն հրատարակութեան չտուի. մէկ քանի ամիս առաջ այդ բժիշկ բարեկամիս մահուան ցաւալի լուրը ստուգելով նկատումներս ալ իրեն հետ գերեզման իջան։ Ուրեմն խղճի կատարեալ անդորրութեամբ այդ Յիշատակարանը այսօր մամուլին կը յանձնեմ։