Աղջկան մը յիշատակարանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

22 Սեպտեմբեր

Այսօր թէեւ օրագրութիւնը շարունակել ուզեց, բայց խստիւ արգիլեցի, մտաւոր եւ մարմնաւոր կատարեալ հանգիստի պէտք ունէր։

Զաւակը զգուանքներով ու ջերմագին համբոյրներով ծածկեց։

 

23 Սեպտեմբեր

Երեւակայելի ծննդաբերական բոլոր վտանգներուն դէմ հարկաւոր կանխազգուշութիւնները ձեռք առած ըլլալով հանդերձ, այսօր խել մը վտանգաւոր ախտանիշեր տեսայ, ինչպէս կենդանական ջերմութիւն բարձրացում, փորի սաստիկ ցաւ եւ փսխում. բոլոր այս ախտանիշերը վտանգաւոր հիւանդութեան մը, բէրիթօնիթի գոյութիւնը կ’ապացուցանէին…։

Իր այս վտանգաւոր վիճակը տեսնելով սիրտէս արիւն կ’երրթայ։

 

24 Սեպտեմբեր

Հակառակ բոլոր ջանքերուս եւ ազդու դարմաններուս, հիւանդութիւնը արագ շրջան կ’ընէ։ Շատ անգամ զիս ալ չի ճանչնար, միշտ կը զառանցէ. Աստուա՜ծ իմ, անյուսալի վիճակ մը ունի, պիտի խենթենամ…։

Իր այս ծանր վիճակին մէջ կէս օրին յանկարծ ուշաբերելով՝ զաւակը տեսնել ուզեց։

Զգուշութեամբ իրեն մօտեցուցի զայն։

Զաւա՜կս, զաւա՜կս… ըսաւ, խենթի պէս աչքերը բացած եւ իսկոյն անզգայ ինկաւ։

Կէս ժամ վերջն ալ հոգին աւանդեց…։

Վրան ինայ եւ յորդահոս արտասուքներովս զինքը ծածկեցի։

Բարեկամուհիները դժուարաւ զիս անկէ բաժնեցին ո՜հ, երանի թէ երբեք չբաժնէին ու զիս անոր հետ թաղէին…։

Կեանքիս մէջ առաջինն անգամ է որ սիրտս ու կեանքըս խորտակող սիրելիի մը կսկծալի մահը կը տեսնեմ…։

 

25 Սեպտեմբեր

Երէկ երեկոյին սրտահատորիս թաղման հանդէսը կատարելով իր փափուկ մարմինը ցուրտ ու սեւ հողին յանձնեցի եւ ձեռքովս ու արտասուքովս կնքեցի իր գերեզմանը։

Իր յիշատակը սրտիս խորերը անջինջ պիտի մնայ եւ իր գերեզմանը նուիրական ուխտատեղի մը։

Այսօր նորածին զաւակիս համար յարմար ստնտու մը վարձեցի։

Իր ցաւալի մահը այսօր թէ՛ հօրը եւ թէ մեր տունը գրեցի. զաւակիս ծնունդը կանխաւ հեռագրած էի։

Իր նուիրական կամքը յարգելով զաւակիս անունը Պօղօս դրի. կենդանութեանը այդ փափաքը յայտնած էր, ըսելով։

Եթէ մանչ ըլլայ՝ պապուս յիշատակին՝ անունը Պօղոս պիտի դնեմ։

 

1 Հոկտեմբեր

Այսօր իր սնտուկը բացի. ո՜հ, իր օժիտը եւ հարսանեկան զգեստները տեսնելով դառն արտասուքներ թափեցի…։

Իր Յիշատակարանը ուզեցի կարդալ եւ իր վերջին օրերը արձանագրել, ինչպէս որ ինքը շատ կը փափաքէր։

Այսօր սկսայ զայն ամբողջացնել, ձգած թուականէն սկսեալ բաց օրերը արձանագրելով։

 

2 Հոկտեմբեր

Ինչպէս որ իր գերեզմանը ձեռքովս կնքեցի, նոյնպէս ձեռքովս կը կնքեմ իր Յիշատակարանը։

Տէրը չկամեցաւ որ միասին երջանիկ օրեր վայելէինք։

Պատահածը ինձ համար ամենամեծ դժբախտութիւն մը, անդարմանելի կորուստ մըն է. միայն իր սիրոյն ու անմեղ հոգիին իբր յիշատակ՝ զաւակ մը թողուց. այսուհետեւ ամբողջ կեանքս անոր երջանկութեանը պիտի նուիրեմ։

 

3 Հոկտեմբեր

Երէկ ողբացեալ ամուսինիս օրագրութիւնը գրելով զբաղեցայ. այս տխուր դէպքէն յետոյ իր գերեզմանէն բաժնուիլ չուզելով մարմարեայ գեղեցիկ շիրիմ մը կանգնել տուի։

Իր այս նուիրական յիշատակը ամէն օր արտասուքներովս պիտի թրջեմ եւ ծաղիկներով զարդարեմ. եթէ Պօղոսիկս քիչ մը մեծնայ, ձեռքէն բռնելով իր մօրը գերեզման պիտի առաջնորդեմ…։

Սրտահատորիս մեռած սենեակը իր սիրած գոյքերով եւ ձգած յիշատակներովը զարդարեցի։

Որպէս զի իր անմահ յիշատակը անմոռանալի մնայ, բնակած տունս ալ գնեցի։

Կտակի մը ոյժ ունենալու պայմանաւ, հոս հետեւեալ տողերը արձանագրելով, կը կնքեմ երիցս ողբացեալ պաշտելիիս Յիշատակարանը…։

«Մեռնելէս յետոյ զիս իր գերեզմանին մէջ թաղեցէք. աս է իմ միակ եւ վերջին կամքս։»

 

ՎԵՐՋ