Աղջկան մը յիշատակարանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

12 Սեպտեմբեր

Հայրս այսօր տեսակցութիւն մը ունեցեր է Տօքթ. Բ…եանի հետ. երեկոյին երբ տանը սեմէն ներս ոտք կոխեց, առաջին խօսքը հետեւեալը եղաւ.

Աչքդ լո՜յս, աղջիկս, ամէն բան կամքիդ ու փափաքիդ համաձայն կարգադրեցի։

Ո՜հ, հայրիկ, կեանքս փրկեցիր, ըսի, երեսները համբուրելով։

Հայր ու աղջիկ շատ ուրախ ենք։

Նամակիս վրայ, այսօր գրասենեակ եկաւ, շարունակեց հայրս, երկար բարակ խօսեցանք. գերազնիւ հոգի մը ունի, երբ խնդիրը դրամօժիտի վրայ եկաւ, ան ըսաւ.

Կ’ամչնամ, շիտակը, դրամական խնդիրի վրայ խօսիլ. գաղափարիս ու սրտիս հակառակ է, սակայն ի՜նչ ընեմ որ այնքան հարուստ չեմ. մասնաւոր դժբախտութիւններ պատրաստի դրամս սպառեցին. եթէ լոկ շահախնդրական նպատակի մը համար ամուսնանալ ուզէի, հազարաւոր ոսկիներով շատոնց ամուսնացած կ’ըլլայի։ Խնդիրը տարբեր է, եւ դուք ալ իբրեւ հայր, ըսածիս իրաւունք պիտի տաք, ուղղակի ձեր աղջկան երջանկութեան կը վերաբերի. այսինքն առած դրամօժիտովս կ’ուզեմ Եւրոպա երթալ եւ մասնագիտութեամբ մը պարապիլ, միասին տանելով նաեւ ամուսինս։ Եթէ այս նպատակս չըլլար՝ դրամի վրայ երբեք խօսք չպիտի ընէի։

Կը հաւատամ ձեր ըսածին, պատասխանեցի, սակայն մասնաւորապէս կը խնդրեմ որ լոկ դրամի համար չմերժէիք ձեզ սիրող սիրտ մը եւ ինծի պէս պատուախնդիր հայր մը, որուն միակ դժբախտութիւնն եղած է, այլ եւ այլ դէպքերով իր հարստութեան կորսնցնելը. ձեր արժանիքը ձեր ուզածէն տասնապատիկ բարձր է, բայց ի՜նչ օգուտ որ այսօր այդ չնչին գումարը կանխիկ վճարելու պատրաստութիւն չունիմ։

Ինչպէս յայտնեցի, ըսաւ, կը ցաւիիմ որ ստիպուեցայ դրամի վրայ խօսիլ. եթէ դուք մեզի չօգնէք, մեր ապագան մէկ երկու տարի ուշացուցած պիտի ըլլաք, վասն զի Եւրոպա երթալու համար հարկ եղած գումարը մէկ երկու տարուան մէջ հազիւ պիտի կրնամ շահիլ. իմ բուն նպատակս՝ ամուսնանալուս պէս՝ միասին ճամբորդել էր։

Անհոգ եղէք, բոլորովին անտարբեր չեմ գտնուիր, ըսի, մաս մը բան կանխիկ կը վճարեմ, մնացածն ալ տարուէ տարի որոշեալ գումար մը վճարելով կ’ամբողջացնեմ, ինչպէ՛ս, կը հաւանի՞ք…։

Արդէն խօսեցայ ձեզի թէ դրամականը երկրորդական տեղ մը կը բռնէ. ձեր կամքը չեմ մերժեր. միայն ամուսնութիւննիս մէկ երկու տարի վերջը տեղի կրնայ ունենալ. այդ գումարը Եւրոպա ապրելու չի բաւեր։

Դուք գիտէք, այդ մասին բոլորովին ազատ էք, ըսի։

Այո՛, դեռ պէտք է մէկ երկու տարի գաւառները մնալով հարկ եղած գումարը հայթայթել եւ ամուսնանալէ վերջը միասին Եւրոպա անցնիլ։

Շատ լաւ կը խորհիք, բայց խնդրեմ որ զինքը ապահովէք, ձեր հաւանութիւնը յայտնելով, ըսի։

Լաւ կ’ըլլայ, ըսաւ. ինչպէս որ կամիք՝ պատրաստ եմ։

Շնորհակալ եմ, պարզ խօսքկապ մը բաւական է, ըսի։

Վերջապէս, ինչպէս կը տեսնես, խնդիրը բոլորովին սրտիդ համաձայն վերջացուցի. վաղը գիշեր ինծի հետ պիտի գայ ձեռքդ ուզելու։

Հօրս այս ուրախառիթ լուրին վրայ՝ հանդարտելով սկսայ երջանիկ ու խաղաղ ապագայ մը, ամուսնական կեանք մը երեւակայել…։

 

14 Սեպտեմբեր

Երէկ գիշեր հօրս հետ միասին եկաւ ապագայ ամուսինս Տօք. Բ…եան։

Ո՜հ, երթալով աւելի գեղեցիկ ու աւելի համակրելի կ’երեւայ ինձ. կ’զգամ թէ տակաւ սրտիս խորերը սուրբ եւ անկեղծ սէր մը կը ծնի։

Միասին ճաշեցինք. ճաշէն վերջը հայրս ոտքի ելաւ եւ ձեռքս անոր ձեռքին մէջ դնելով սկսաւ մեր միութիւնը օրհնել։

Նոյն միջոցին ձեռքս ձեռքին մէջ կը դողար։

Այլ եւս խօսեցեալս էր, խնդրեցի որ զիս դուդէ։

Ո՜հ, այս գիշեր կեանքիս էն հաճելի եւ էն նախանձելի օրերէն մին եղաւ. կարծես մէկ վայրկեանի մէջ բոլոր տառապանքներս մոռցայ եւ նոր, երջանիկ կեանք մը սկսայ։ Յուսացածէս աւելի լուրջ, աւելի տաղանդաւոր եւ աւելի ազնուասիրտ է եղեր։

Իրմէ խնդրեցի որ մեր այս միութիւնը պաշտօնական կերպով նուիրագործուի. հաճեցաւ եւ որոշեց ամսոյս 21ին կատարել։

Այս յաջողութեանս լուրը բարեկամիս Տօքթ. Տ…եանի գրելով շնորհակալութիւնս յայտնեցի։ Ինքն ալ խոստացաւ գրել։

Այսօր երեկոյեան դէմ մեկնեցաւ։

 

18 Սեպտեմբեր

Այսօր խօսեցեալս եկաւ. իր հեղինակութիւններէն երկու գիրք անգլիական ոսկեզօծ կազմով ինձ նուիրեց։

Կողքերուն վրայ հետեւեալը գրած էր.

Նուէր սիրոյ եւ համակրանքի

Առ իր պաշտելի խօսեցեալը Թ…

1878 Սեպտ. 14 Տօք. Բ… եան

Հակառակ իր լուրջ բնաւորութեան եւ դրական արուեստին, սիրող եւ զգայուն սիրտ մը ունի։

Առաւօտները անկողինէն ելլելէն վերջը՝ զինքը հագուեցնելով մեծ հաճոյք կ’զգամ։

 

21 Սեպտեմբեր

Այսօր ինձ համար նուիրական է. Սեպտեմբեր 21 թուականը կեանքիս արշալոյսը, երջանկութեանս նախադուռը եղաւ։

Այլ եւս աշխարհի վրայ մինակ չեմ, ապագաս իրմով ապահովուած է, միասին երջանիկ կեանք մը պիտի վարենք. պահապան հրեշտակի մը պէս զինքը թեւերուս մէջ պիտի հանգչեցնեմ…։

Այսօր մեր երկու տան քահանաները Ազգային Պատրիարքարանի մէջ ազգականներու եւ բարեկամներու ներկայութեան նշանախօսութիւննիս կատարեցին։

Մեր միութիւնը նուիրագործող Խաչը մեր տան քահանան բերելով, հիւրասենեակին մէջ սեղանին վրայ ի տես դրի։

Բազմաթիւ այցելութիւններ եւ շնորհաւորութիւններ ընդունեցի։

Բարեկամներս ուրախացան եւ թշնամիներս տրտմեցան։

Թշնամիներուս առջեւ Աստուած զիս ամօթով չձգեց. արժանիքիս ու գաղափարիս համաձայն ամուսին մը պարգեւեց։

 

22 Սեպտեմբեր

Պաշտելի խօսեցեալս այսօր գալով մեր սիրոյն իբր նշան՝ ադամանդազարդ խորհրդաւոր մատանի մը նուիրեց, որուն ներքին կողմը գրուած է իր անունը եւ Սեպտ. 21 թուականը։

Միեւնոյն թուականը եւ անունս կրող ոսկիէ պարզ օղակ մըն ալ ես իր մատը անցուցի։

Ցերեկուան ճաշէն վերջը միասին կառք նստելով Պոլսոյ կողմը անցանք. նախ լուսանկարչատուն մը երթալով զոյգ մը կենդանագիրնիս հանել տուինք. յետոյ իրենց տունը երթալով մայրիկին ձեռքը համբուրեցի։ Ծեր մայրը մեր միութիւնը օրհնեց եւ արտասուելով աչքերս համբուրեց։

Համբուրելէ վերջը՝ ադամանդազարդ մանեակ մը նուիրեց։

Քիչ մը դաշնակ զարնելէ յետոյ ճաշի նստանք։

Զարմանալի դիպուածով մը, նոյն օրը այցելութեան եկան իմ բարեկամուհիս Տիկին Տօքթ. Տ… եան եւ հանրածանօթ Տօքթ. Թ…եան. այս առթիւ ծանօթացայ նաեւ բանաստեղծ Ա. Հ. ի եւ գրագէտ Մ. Գ. ի հետ։

Զուարճալի եւ հեշտաւէտ օր մը անցնելով երեկոյին միասին Գատըգիւղ դարձանք։

 

23 Սեպտեմբեր

Այսպէս պարզ կերպով, առանց շշուկի, առանց ցոյցի եւ առանց աղջիկտեսի տաղտկալի սովորութեան, մեր նշանախօսութիւնը վերջացաւ։ Ամերիկեան վէպերու մէջ յիշուած կեանքովս կ’սկսէր մեր ապագայ երջանկութիւնը, եւ եթէ ինձ մնայ, հարսանիքն ալ նոյն պարզութեամբ կատարել կ’ուզեմ։

Հին սովորութիւնները եւ ձեւակերպութիւնները ոտնակոխ ընելով, ուղղակի սիրտ սրտի եւ ձեռք ձեռքի տուինք։

Միակ ցաւս իր մեկնիլն է. սիրելի խօսեցեալս մէկ քանի օրէն Գ… քաղաքը պիտի մեկնի, պաշտօնին գլուխն անցնելու համար։

Ո՜հ, հազիւ մէկ քանի օր վայելած, պիտի թողում որ բաժնուի՜… սրտիս շատ դժուար կուգայ աս. եթէ հօրս նիւթական կարողութիւն ունեցած ժամանակ հանդիպէր, հիմա պսակուած եւ միասին Եւրոպա ճամբորդած կ’ըլլայինք եւ բաժանման այս սրտմաշուքը չէի ունենար։

Է՜հ, այսչափ անյաջողութենէ յետոյ ժամանակ մըն ալ կը համբերեմ. ամէն վարդ իր փուշը ունի։

 

24 Սեպտեմբեր

Երէկ գիշեր խօսեցեալիս հետ Ս…եան էֆ. ի այցելութեան գացինք. վէրքը բոլորովին անցած է, սակայն առողջական ընդհանուր վիճակը դեռ գոհացուցիչ չէ։ Շատ ուրախ օր մը անցուցինք։

Խօսեցեալս այսօր մեկնեցաւ։

 

29 Սեպտեմբեր

Այսօր խօսեցեալս գալով միասին Բերա շրջագայեցանք։

Երեկոյեան դէմ, լուսանկարչատուն հանդիպելով մեր զոյգ կենդանագիրները ստացանք. շատ գեղեցիկ ելած են, որոնցմէ մէյմէկ օրինակ բարեկամներու պիտի նուիրենք։

Տուն հանդիպելով երեկոյին Գատըգիւղ վերադարձանք։

Այս գիշեր միասին աշակերտուհիիս այցելեցինք՝ ամենէն շատ ուրախացողը ինքն եղաւ։

 

1 Հոկտեմբեր

Այսօր խօսեցեալս մեկնեցաւ, իր հրաժեշտի վերջին ողջոյնը եւ վերջին համբոյրը տալով։

Ա՜խ, այս բաժանումը ամբողջ արիւնս սառեցուց. գիշերն ի բուն արտասուեցի։

Առաւօտուն կանուխ զիրար ողջագուրելէ յետոյ՝ ետեւէն մինչեւ դուռը իջայ, քայլերս կը կասէին, ոտքերս իրարու կ’անցնէին. երկար տարիներ զինքը չտեսնելս մտաբերելով կը խենթենայի…։

Ո՜հ, վերջապէս, դրան առջեւ վերջին անգամ ձեռքս սեղմելով յուզուած ձայնով ըսաւ.

Մնա՜ս բարով, հոգիս, քաջ եղիր, ցտեսութի՜ւն։

Նոյն պահուն արտասուքներս չկրցի զսպել…։

Հօրս հետ կառք մտնելը միայն տեսայ…։

Դրան առջեւ, բակին մէջ մարեր ինկեր եմ, սպասուհիս աշխատեր է զիս ուշաբերել…։

Երբ աչքերս բացի, մահճակալիս մէջ էի։

Քնատ ըլլալուս՝ անկողինէս չելայ. բաւական քնանալէ յետոյ արթննալով սկսայ օրագրութիւնս շարունակել…։