Ա.
ԱԴԱՄԱՄՈՒԹ.
–
Առտուան
դէմ
տիրող
խոր
մթութիւնը,
որ
այս
անունն
առած
է
աւանդութենէ
մը,
զոր
յիշող
չկայ
հիմայ։
ԱԼ.
–
Առասպելական
կին
մը,
որ
ծննդաբեր
կանանց
անկողիններուն
վրայ
ծանրանալով
զանոնք
կը
խեղդէ,
կʼըսեն։
Ընդհանրապէս
այս
կինը
դժնէտեսիլ
պառաւ
մը
կʼերեւակայուի.
անոր
համար
«ալու
պառաւ
կը
լմանի»
կʼըսեն
խիստ
տգեղ
եւ
դաժան
կին
մը
որակելու
համար։
ԱԼԱԲՈՑԻԿ
(թրք.
ալա
=
կարմիր-
բոց-իկ).
–
Խարոյկ
զոր
այգեստաններու
մէջ
տղաք
կը
վառեն
զբօսնելու
համար։
ԱԽԼԱՆՔ
(աղխ-անք).
–
Դռներու
վրայ
կախուած
շղթայաձեւ
երկաթ,
որ
դուռը
աղխելու
կը
ծառայէ։
ԱԾԱՆ.
–
Շատ
հաւկիթ
ածող
(հաւ)։
ԱԿՌԻ-ՀԱՏԻԿ.
–
Երախաներն
երբ
անվտանգ
ակռայ
կը
հանեն՝
սովորութիւն
կայ
որ
մայրերը
հատիկ
(ցորեն)
խաշեն,
եւ
ազգականներ
ու
դրացիներ
հրաւիրելով՝
միասին
ճաշակեն,
ասոր
կʼըսուի
ակռի-հատիկ։
ԱՂԲՐԱԿ
(աղբիւր-ակ).
–
Աչքին
այն
անկիւնը,
ուրկէ
արցունքը
կը
հոսի։
ԱՃԵԿՈՒՆ.
–
Եփելով
շատ
ուռենալու,
աճելու
յատկութիւն
ունեցող
(ցորեն
եւ
այլ
արմտիք)։
ԱՃՌԵԼ
(աճառ-ել).
–
1.
Լուացքի
ատեն
ճերմակեղէնը
երկու
բռունցքի
մէջ
առնելով
շփել.
(թրք.
չիթիլէմէք).
2.
Նոյն
ձեւով
բան
մը
խառնշտկել,
տակնուվրայ
ընել։
ԱՄԲՐՏԱՒԱՆ
(ամբարտաւան).
–
Կոշտ,
անկիրթ։
ԱՄՆԵԼ
(աման-ել).
–
1.
Բան
մը
ամանի
մէջ
դնել,
տեղաւորել.
2.
Որ
եւ
է
գործ
մը
կարգադրել.
օրինակի
համար՝
կʼըսուի
«մէմը
սի
ախջիկս
ալ
ամնէ՜ի…՜
(=
ամուսնացնէի)։
ԱՄՊԱՎԱՐԻԿ.
–
Ամայի,
անմարդաբնակ։
ԱՅՆԵԼԵՑ.
–
Աներեւոյթ։
ԱՆԴԷՆ
(այն-դէն).
–
Հանդերձեալ
աշխարհք։
ԱՆԵԿ.
–
Տեսակ
մը
տափակ,
կլոր
հաց
զոր
տղոց
համար
կʼեփեն
տուները
փուռերու
մէջ։
ԱՆԺՈՒՐ.
–
Իւղը
խիստ
քիչ
կամ
բնաւ
իւղ
չունեցող
(կերակուր).
թրք.
եավան։
ԱՆՃՐԿԻԼ
(ան-ճար-ակ-իլ).
–
Գործի
մը
մէջ
բոլորովին
տկարանալ,
անճարակ
մնալ։
ԱՆՏՃԵԼ
կամ
ԱՆՏՃՒՈՐԻԼ.
–
Ըմբռնել,
հասկնալ։
ԱՇԽԻԼ.
–
Կերակուրի
մը
թթուիլը։
ԱՉՔ-ԿԱՊՈՒԿ.
–
Մանկական
խաղ,
զոր
տղաք
կը
խաղան
իրենցմէ
մէկուն
աչքը
կապելով՝
եւ
թող
տալով
որ
զիրենք
գտնէ։
ԱՊՐԻՄ-ՄԵՌՆԻՄ.
–
Երիցուկի
ծաղիկը՝
որուն
շուրջի
պսակաձեւ
շարուած
ճերմակ
թերթիկները
«ապրիմ,
մեռնիմ»
ըսելով
հետզհետէ
կը
փրցնեն։
Եթէ
վերջին
թերթը
«ապրիմ»ի
հանդիպի՝
նշան
է
թէ
փրցնող
մարդը
շատ
պիտի
ապրի,
իսկ
եթէ
«մեռնիմ»ի
հանդիպի՝
շուտ
պիտի
մեռնի։
ԱՊՐՏԿՈՒԻԼ.
–
Հազիւ
կեանքի
անհրաժեշտ
պէտքերն
հոգալով
ապրիլ.
թրք.
պարընմագ։
ԱՉՈՒԱԳԻՆ.
–
Խիստ
սիրելի,
մտերիմ
(բարեկամ),
զոր
մէկը
կը
սիրէ
իր
աչքին
պէս։
ԱՊՐՑՈՒ
(ապուր-ցու).
–
Երկանքով
մանրուած
ցորեն,
որով
ապուր
կʼեփեն.
թրք.
եառմա։
ԱՊՕԼԵԼ.
–
Ջրի
մը
ընթացքը
բանալ.
թրք.
(սու)
սալմագ։
ԱՌՈՒ.
–
Կանանց
գլխու
մազը
դէպի
երկու
կողմերը
սանտրելու
պարագային
մէջ՝
գլխուն
ճիշդ
մէջտեղը
յառաջ
եկած
առուակաձեւ
բաժանման
գիծը։
Այս
կերպ
սանտրուելուն
կʼըսեն
«առու
բանալ»։
ԱՍԴԷՆ
(այս-դէն).
–
Այս
աշխարհքը.
հակադարձը
«անդէն»ին։
ԱՐԻՒՆԽՈՒՄ.
–
Արիւնարբու։
ԱՐԻՒՆՏԷՐ.
–
Մարդասպան։
ԱՐԵՒԵԼ.
–
Արեւը
հանել,
արեւի
տակ
դնել։
ԱՐՍԻԼ.
–
Յամառելով
հակառակիլ։
ԱՐՑՈՒՆՔԵԼ.
–
1.
Աչքին
ջրոտիլը
ցուրտէն,
փոշիէն
կամ
հիւանդութենէ։
2.
Մարմնոյ
մը
ճնշման
տակ
կաթիլ
կաթիլ
ջուր
դուրս
տալը։
ԱՐՈՒՐՔ.
–
Գործք,
արարք։
ԱՓՌՏԵԼ
(ափ-ռտ-ել).
–
Ճանկել,
բան
մը
վայրենօրէն
խառնշտկել։
ԱՔՍՈՐԵԼ.
–
Ատել,
նախատել
[1]
։
Բ.
ԲԱՂԱՐՋ.
–
Յատկապէս
պատրաստուած
նկանակ,
զոր
հարսանեկան
հալաւին
հետ
մանչուն
կողմէն
աղջկան
տունը
կը
ղրկեն։
ԲԱՆԹՈՂ.
–
Գործադուլ։
ԲԱՆԼԱԹ.
–
Գործազգեստ։
ԲԱՆՏՈՒՆ.
–
Տուներուն
բակին
վրայ
մասնաւոր
տեղ
մը,
որ
տնական
գործերու,
օր.
լուացքի,
հաց
եփելու
եւն.
յատկացուած
է։
ԲԱՐԱԿՑԱՒ.
–
Հիւծախտ,
ծիւրական
ախտ։
ԲԻԼՈՆ.
–
Հնձանին
քով
հողին
մէջ
զետեղուած
կարաս,
ուր
կը
վազէ
հնձանին
մէջ
կոխուած
խաղողին
քաղցուն
(շիրա)։
ԲԼԻԿ.
–Սատանին
երկու
աղջիկներէն
մին
որ
միւս
քրոջը
սլիկին
հետ
դժոխքին
դուռը
կը
պահպանէ,
կʼըսեն։
Ո՛ր
եւ
է
խնդրոյ
մը
մէջ՝
երբ
երկու
անձեր
գտնուին
կամ
երկու
պարագաներ
ներկայանան,
մին
քան
զմիւսն
յոռի,
որոնցմէ
ո՛չ
մէկը
կարելի
չըլլայ
նախընտրել,
կʼըսուի
«նալլէ՜թ
(=
լաննէթ)
սըլիկին
ալ,
բըլիկին
ալ».
որ
ժողովրդային
ասացուած
մը
դարձած
է։
ԲՂՈՒԿ-ԹՌՑՆՈՂ.
–
Վհուկ,
կախարդ,
չարախօս
կին։
«Բղուկ
թռցնել»
կʼըսուի՝
երբ
խումբ
մը
կիներ
մէկտեղ
հաւաքուելով՝
բամբասանքներ
եւ
չարախօսութիւններ
կʼընեն։
Միջին
դարու
տգիտութեան
ժամանակները՝
երբ
Եւրոպայի
մէջ
կախարդութիւնը
ծաւալած
էր,
մարդիկ
անա՛նկ
կը
հաւատային՝
թէ
կան
կախարդներ,
որոնք
սատանային
հետ
հաղորդակցութիւն
ունին
եւ
գիշերները
աւելներու
վրայ
հեծած՝
օդին
մէջէն
սուրալով
դիւաց
ցայգաժողովներուն
(sabbat)
կʼերթան։
Եւրոպացի
կախարդներու
աւելը
կʼերեւի
թէ
մեր
մէջ
բղուկ
եղած
է,
եւ
ասկէ
ծագումն
առած
են
«բղուկ
թռցնել,
բղուկ
թռցնող»
եւն՝
ասացուածները։
ԲՈՒՆԱԼ.
–
Բաղձանք
մը
զգալ.
օր.
կʼըսուի.
«սրտէս
բունաց
որ
քեզի
նուէր
մը
տամ»։
ԲՈՒՆԿԱԼ
(բոյն-կալ).
–
Տեղ
մը
դրուած
մասնաւոր
հաւկիթ,
որուն
վրայ
կը
նստի
հաւը
ածելու
համար։
ԲՐԻՈՐԻԼ
(բիր-աւորիլ).
–
1.
Բրով
զինւիլ.
2.
Մէկու
մը
դէմ
չափազանց
սրտմտելով
հակառակիլ,
պայքարիլ.
ընդհանրապէս
«սրւորիլ»
բային
հետ
կը
գործածուի,
եւ
կʼըսուի
օր.
«ինձի
դէմ
սրւորած
բրւորած
է…»։
ԲՕՀՐԵԼ.
–
Սուրճ,
սիսեռ
եւ
այլ
նմանօրինակ
բաներ
տապակի
մէջ
խահրել։
Գ.
ԳԱՆԻԼ.
–
Սաստիկ
զզուանք,
նողկանք
զգալ։
ԳԶՈՒԸՏԻԼ
(«Գզել»
բային
փոխադարձ
ձեւը,
որպիսի
են
«սիրուըտիլ,
կռուըտիլ»
եւն
ձեւերը)
–
Իրարու
հետ
ծեծկուիլ.
թրք.
բօղուշմաք։
ԳՆՈՋ
(Գին-ոջ).
–
Թանգագին։
ԳՆՏԵԼ
(Գունտ-ել).
–
Գնտաձեւ
շինել
(խմորը
եւն.
)։
ԳՆՏԻԼ
(Գունտ-իլ).
–
Գնտաձեւ
ուռիլ։
ԳՈՌԵԼ.
–
Իսլամական
գերեզման։
ԳՈՒՆՏ-ՈՒ-ԿԾԻԿ.
–
Կըս-կըլոր.
թրք.
եուս-եուվարլագ։
ԳՈՒՌ.
–
Վիմափոր
ընդունարան,
ուր
կը
հոսի
աղբիւրներու
ջուրը։
ԳՈՒՐԱԼ.
–
Մուրալ.
(ընդհանրապէս
առանձին
չի
գործածուիր,
այլ
կʼըսուի
«մուրալ
գուրալ»)։
ԳՐՈՂ.
–
Հայկական
ծանօթ
չաստուածը
(սատանայ)
որ
հիմա
անէծքի
բանաձեւ
մը
դարձած
է։
Այս
բառով
գործածական
ասացուածներն
են
«Գրողը
տանի,
Գրող
ելլէ,
Գրող
փաթթէ,
Գրողիս
քէօքը…»
եւն։
[1]
Աքսորել
բառին
բուն
նշանակութիւնը
յայտնի
է՝
որ
տարբեր
է,
բայց
Եւդոկիացիք
վերը
նշանակուած
առումով
կը
գործածեն
այդ
բառը։
Այս
կարգի
բառերու
դեռ
շատ
պիտի
հանդիպինք,
ինչպէս
որ
յիշած
ենք
վերը։