Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.

ԴԱՏԻԿ-ՄԱՐՏԻԿ. Մտերմօրէն. (կʼըսուի «իրարու հետ դատիկ-մարտիկ խօսիլ, տեսնուիլ…» եւն)։

ԴԱՏՈՒԿ. Աշխատասէր (ընդհանրապէս բանուկ բառին հետ գործածուելով՝ կʼըսուի «բանուկ-դատուկ»)։

ԴԱՐՏԿՈՒԻԼ (դատարկ-ուիլ). Ունեցածը կորսնցնել, բոլորովին աղքատանալ, չքաւորնալ։

ԴՆԴԽՏԻԼ (դանդաղ-ոտ-իլ). Դանդաղանալ, ապուշնալ. թրք. սէրսէմլէնմէք։

ԴՈՃԿԻԼ. Բիլավին կամ ապուրին կրակին վրայ շատ մնալով՝ հատիկներուն չափազանց ուռիլը, որով անախորժ կʼըլլայ։

ԴՐՈՇՄԵԼ. Զարնել, ծեծել։

Ե.

ԵՂԼԻ. Իւղալի։

ԵՏՆՏՐՈՒԿ. Բանի մը ամէնէն ետքի մնացած անարժէք մասը։

ԵՐԱՄ. 1. Գերեզմաննոցներու մէջ գերդաստանի մը գերեզմաններուն սահմանուած տեղը։ 2. Այդ գերեզմաններուն շարքը։

ԵՐԵՍՏԵՍ. 1. Նշանուած աղջկան կամ հարսի մը առաջին անգամ երեսը տեսնելը. 2. Այդ առթիւ փեսային կամ անոր ազգականներուն կողմէն հարսին տրուելիք սովորական նուէրը։

ԵՐԿԻՐ. Ազգական կամ արենակից չեղող անծանօթ, օտար (մէկը)։

ԵՐՆԵԼ. 1. Հովի միջոցաւ ցորենը յարդէն զատել. թրք. սավուրմագ։ 2. Բան մը տակնուվրայ ընել։

ԵՐՐՏԿԱԼ. Խիստ կամաց եւ տկար շարժիլ, երերալ։

ԵՓ. Կերակուրին եռալով փրփրիլ, յորդիլը։

ԵՓ-ԹԱՓ. Կերակուր եփելու գործողութիւնը։

ԵՓՃԵԼ. Եփ ելած, այսինքն եռալով, փրփրալով յորդող ապուրը, ռուփը, իւղը եւն. շերեփով առնել, առնել ու նորէն լեցնել, որպէս զի եփը հանդարտի ու դուրս չյորդէ։

ԵՓՕՆ. Խաղողով այլեւայլ անուշեղէններ (ռուփ, քէսմէ, թարխանա, փէրվէր, ռէչէլ եւն) եփելու գործը։

ԵՕԹՆԱՂԲԱՐ. Մերծ արջ համաստեղութիւնը, որուն այս անունը տրուած է՝ եօթը մեծ աստղերէ բաղկանալուն համար։

Զ.

ԶԱՀՆՏԻԼ. Սաստիկ վախնալ. զարհուրիլ։

ԶՄՌԻԼ. Չեփած մսին փակուած ամանի կամ պահարանի մէջ դրուելով՝ նեխուիլ եւ հոտիլը։

ԶՄՈԽ. Սաստիկ թթու։

ԶՌԱԼ. Եփը պակաս որ եւ է անուշեղէնի (ռուփ եւն)՝ խմորիլը, անախորժ համ մը ստանալը. քաղցուին խմորիլը որով գինին կը դառնայ։

ԶՐԱԲԱԽՏ (զուր բախտ). Դժբախտ։

Է.

ԷՐԺԿՏԱԼ (հաւանականաբար «յօրանջ-կոտ-ալ» ձեւին աղաւաղեալը). Յօրանջել։

Թ.

ԹԱԹԱԽ. 1. Կերակրով աղտեղուած (աման). 2. Արգանակի թաթխուած (հաց).

ԹԱՂՄԱՆ. Տուներու մէջ գետինը թաղուած ահագին կարաս ուր խաղո կը լեցնեն, ի վերջոյ օղի հանելու համար։

ԹԱՑՄԱՆԱԼ. Չոր ուտելիքի մը՝ խոնաւութեան ազդեցութեան տակ ջրոտիլը։

ԹԵՐ. Խիստ բարակ բացուած խմորի թերթ։

ԹԵՒԱՒՈՐԻԼ. 1. Թեւ առնել. թրք. գանատլանմագ. 2. Սիրտը եփ ելլել, յուզուիլ։

ԹԵՒԸՆԿԵՐ. Օգնական։

ԹԵԼԹԼԻԼ. Լաթի մը չափազանց մաշելով՝ շեղ շեղ պատռտիլ, թել թել ըլլալը։

ԹԵՊՈՒՐ. Փետուր։

ԹԵՐԵՐԵՍ. (թեր-այրեաց). Կիսովին վառուած փայտ. թրք. էքսի։

ԹԵՐԽԱՇ կամ ԹԵՐԽՇՈՒԿ (թերի-խաշ-ուկ). կէս եփած (հաւկիթ)։

ԹԶԿԱԼ. Քթին տակէն լալը (տղու մը)։

ԹԷԹԿԵԼ (թաթ-իկ-ել). Սաստիկ յանդիմանել, իբր թէ ձեռօք զարնել։

ԹԽՆԱԾ. Գէր։

ԹԽՐՏԱԼ. Տախտակամածի վրայ քալելու ատեն ելած ձայնը։

ԹՄԹՌԿԻԼ. Խորշոմիլ։

ԹՆՃՈՒՔ. Սանտրուելու ատեն սանտրին հետ վար եկած պռճքուած մազը։

ԹՇԵԼ. Թուշը լեցուն ուտել։

ԹՌՈՒԸՌԱԼ. Չափազանց փափաքիլ։

ԹՍԱԼ կամ ԹՍԹՍԱԼ. Թըս թըս ձայն հանել։

Ժ.

ԺԱԽ ԺՐԱԽ. Անպէտ կահ-կարասիք։

ԺԱՄԲԱԿ. –Եկեղեցւոյ գաւիթ։

ԺԱՄՒՈՐ. Ժամերգութեան ներկայ եղող ժողովուրդ։

ԺՄՆԵԼ (ժամանկել). Հազիւ հասնիլ, ժամանել։

ԺՈՒՄ. 1. Պահ. 2. Անգամ. թրք. էօյիւն. օր. կʼըսուի «օրը էրեք ժում հաց կʼուտէ…»։

ԺՐԺՐԱԼ (ժիր-ժիր-ալ). Հիւանդութենէ ետքը կամաց կամաց ուժաւորիլ։

Ի.

ԻԺԻՐ. Ժամանակ. օր. կʼըսուի «ամմէն իժիր…»

ԻԼԼԻՔ. Լեփ-լեցուն։

ԻՍՏԻԿԵԼ (յստակ-ել). Մաքրել։

ԻՋՈՒԱԾՔ. Շատ մը հիւանդութեանց այս անունը կու տայ ժողովուրդը. թրք. էնմէ։

ԻՔ (իրք). Խօսակցութեան ատեն երբ ո՛ր եւ է բանի մը անունը մէկէն մարդուն միտքը չի գար՝ անոր տեղ այս բառը կը գործածուի։

Լ.

ԼԱՉԱԿ. Լաթ զոր կանայք իրենց գլուխը կʼառնեն։

ԼԱՒԱՇ. Խիստ բարակ բացուած եւ երկաթ թիթեղիլ (սաճ) վրայ եփուած տեսակ մը հաց։

ԼԱՒԼԱԿ. Խիստ շատ լացող, լալկան (տղայ)։

ԼԷՀՏԻԼ. Չափազանց յոգնելով բոլորովին ուժաթափ մնալ։

ԼԻՑՔ. –Լեցուան գետին։

ԼԽԿԻԼ. Թուլնալ, ուժասպառիլ։

ԼԿԵԼ (գրբր. լակել). Շան կամ կատոի լեզուով ջուր խմել կամ հեղուկ կերակուր մʼուտելը։

ԼԿԻԼ [1]. Գաղջանալ, տաքնալ. թրք. ըլըմաք։

ԼԿՏՈՒԻԼ (լկտի-ուիլ). լկտի եւ անբարոյական արարքներու մէջ գտնուիլ։

ԼՂՊՈՐԻԼ. Մարմնոյ մը թացութեան մէջ կակղանալ, հալիլ, կազմալուծուիլը։

ԼՂՐՃԵԼ. Համբակօրէն աղտեղել։

ԼՆԴԻԼ. Արգանակին պաղելով մածնուլ, թանձրանալը։

ԼՆԿԼՆԿԱԼ. Դանդաղ շարժիլ, յամենալ։

ԼՇԿԻԼ. Թուլնալ, ուժասպառիլ։

ԼՈՂ կամ ԼՈՂՔԱՐ. Գլանաձեւ մեծ քար զոր հողէ երդիկներու վրայ կը պտտցընեն որպէս զի հողն ամրանայ. այս գործողութիւնը կʼըսուի «լողել»։

ԼՈՂԻՉ. Գլանաձեւ փայտ որով խմոր կը բանան։

ԼՈՄԼՈՄԵԼ. Կերակուրը բերնին մէջ դարձնելով ուտել, ինչպէս կʼընեն ակռան թափաց անձեր։

ԼՈՇԼՈՇԻԼ. Ծերերու դէմքի մսաններուն չափազանց թուլանալով կախկխուիլը։

ԼՈՒԱՑՈՂԱԿ. Մասնաւոր լաթ որով թաթախ ամանները շփելով կը լուան։

ԼՓՌՏԱԼ. Անհասկանալի կերպով արագ արագ խօսիլ։



[1]            Այս բառը լկիլ, ինչպէս անոր նախորդ բառը լկել. հաւանական է՝ որ իրենց հոմանիշ թրքերէն « է սլամաք » եւ « ըլըմաք » բառերուն հայացած ձեւերն են։