Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Law  

Դ. ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

Թէ՛ օրէնքի ծագումի ու զարգացման պատմական տեսութիւններով, թէ՛ հիմնական սկզբունքներովը եւ թէ՛ ընդհանուր գծերովը ապացուցինք եւ ընդունեցինք որ մեր ազգային վարչական կազմակերպութիւնը իր կրած ձեւաշրջումով ներքին մշակոյթի ինքնավարութիւն է, իսկ այդ ինքնավարութիւնն ալ սահմանադրական է:

Սահմանադրականութիւնը եւ Ժողովրդապետութիւնը կ’որոշուին վարիչներու հեղինակութիւն ստացած աղբիւրէն ու այդ հեղինակութեան աստիճաններէն, որ առ հասարակ դասակարգային կ’ըլլայ:

Երբ Վարիչ կամ Գործադիր իշխանութիւնը կը բղխի պատկան ժողովուրդէն, բուն իսկ իշխանութեան աղբիւրէն, տէրէն, երբ Գործադիր իշխանութիւնը պաշտօնի, ծառայութեան կը կոչուի ժողովուրդի ձայնովը, վստահութիւնովը եւ կը տապալուի իրաւատէր ժողովուրդին յայտնած անվստահութեամբը, այդպիսի Վարչութիւնը կը համարուի Ժողովրդապետական:

Եւ ժողովուրդը իր այդ իրաւունքը կը գործադրէ իր ներկայացուցիչներուն միջոցով:

Ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն ամբողջութիւնը կը կազմէ Օրէնսդրական իշխանութիւնը, որ ո՛չ միայն կ’օրինադրէ այլ եւ կը հսկէ, կը հետեւի իր վստահած Գործադիր իշխանութեան ուղղութեանը, գործելակերպին, քայլերուն:

Այն ժողովուրդները՝ որոնք անխտիր դասակարգի, կը վայելեն իրենց ուրոյն սահմանադրական իրաւունքը, այդ ժողովուրդներու վարչութիւնը կամ ռէժիմը կը համարուի իսկապէս ժողովրդապետական:

Իսկ ուր որ ընտրական իրաւունքը որոշ կաշկանդումներու եւ ցենզի՝ սակի է ենթարկուած, այն տեղ ազգային ներկայացուցչական, օրէնադիր ժողովը կը դառնայ դասակարգային:

Ահա՛ ամփոփումը Սահմանադրականութեան, դասակարգային Ժողովրդապետութեան եւ իսկական Ժողովրդապետութեան՝ գոնէ տեսականապէս:

Հիմնուելով վերջին  դարու մեր անձուկ պատմութեան փաստերուն վրայ, ցոյց տուի որ մինչեւ 1860, Պոլսոյ աստիճանաբար զարգացած մեր Ազգ. Վարչութիւնը եղած է դասակարգային. գաւառներու մէջ՝ իշխան-աղայական, Պոլսոյ մէջ՝ ամիրայական եւ արհեստապետական, որ յետոյ փոխուեր է պետական պաշտօնեաներու եւ առեւտրական դասակարգի տիրապետութեանը:

Օրէնքի վաւերացման թուականներէն (1863) յետոյ, ընդհանուր ժողովներու դիմագիծը աստիճանաբար փոփոխուելով, դարձեր է խառնուրդ մը էֆէնտիական կամ պիւրոկրատային, ամիրայական մնացորդներու, սեղանաւոր-վաճառական պուրժուաներու եւ մասամբ ալ ապադասակարգային մտաւորականութեան:

Իսկ ատոնցմէ բղխած վարչութիւնները կազմեր են ամիրայական սերունդի խառնուրդներ, էֆէնտիական (պետական բարձր պաշտօնէութեան) եւ սեղանաւորական, բարձր վաճառականական տարրերն ու դասակարգերը:

Կա՛յ մտային ուժ մը, որ իր խորունկ ազդեցութիւնը եւ կնիքը կը դնէ հանրային կեանքին վրայ, կ’ուղղէ առաջդիմութեան քայլերը, կը դանդաղեցնէ կամ կ’արագացնէ. յառաջ կը մղէ կամ յետադարձ ուղղութիւն կուտայ:

Այդ ուժը կը բղխի դասակարգային եւ անհատական շահերու ըմբռնումներէն ու ձգտումներէն, եւ համաձայն զարգացման աստիճաններու, տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական երեւոյթներու վերլուծումներով ստեղծած է աշխարհահայեացքներ:

Երբ տարբեր են աշխարհահայեացքները, կը տարբերին ե՛ւ ուղղութիւնները:

Հանրային, ընկերային կազմակերպութիւններ ուրիշ նպատակ չեն կրնար ունենալ՝ բայց եթէ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՕՐՈՒԹԻՒՆԸ, կատարելգործումը, միշտ ձգտելով դէպի բարձրը, դէպի իտէականը:

Պարզ է որ մարդկութիւնը կը բաղկանայ ազգերէ, որոնք ազդակներ են համաշխարհային քաղաքակրթութեան:

Ուրեմն, ազգերու բարօրութեան, կատարելագործումին, քաղաքակրթութեան ծառայելով՝ ծառայած կ’ըլլանք մարդկութեան բարօրութեանը:

Իսկ ազգերը կը կազմուին անհատներով: Ազգերու քաղաքակրթութեան ազդակներն ալ անհատներն են:

Ազգի մը բարօրութեան, կատարելութեան, քաղաքակրթութեան աստիճանը կը կազմուի զայն բաղադրող անհատներու բարօրութեան, կատարելութեան, քաղաքակրթութեան աստիճանով, որ իր կարգին կը ստեղծուի եւ կը բաշխուի հանրային կազմակերպութիւններով, վարչութիւններով:

Ծառայելով եւ գործակցելով հանրային կազմակերպութեան եւ վարչութեան՝ ծառայած կ’ըլլանք ազգին եւ միեւնոյն ժամանակ իւրաքանչիւրս մեր սեփական բարօրութեանը, անհատական կատարելագործումին ու քաղաքակրթութեան: Այդ կազմակերպութիւնը,   վարչութիւնը քաղաքակա՞ն է թէ մշակութային՝ կուլտուրական, - միեւնոյնն է: Ատոնք իրարու լրացուցիչներն են:

Ատկէ կը բղխի ԱԶԳԻ եւ ԱՆՀԱՏԻ փոխադարձ պարտքն ու իրաւունքը, մէկուն իրաւունքը փոխադարձաբար դառնալով միւսին պարտականութիւնը, որ հռչակուած է օրէնքին սկզբունքներուն մէջ:

Բայց քանի որ անհատներու, ընկերութիւններու, ազգերու, ժողովուրդներու մէջ կը տարբերին աշխարհահայեացքները եւ ուղղութիւնները, քանի որ տարբեր աշխարհահայեացքներ եւ ուղղութիւններ կ’ազդեն եւ իրենց դրոշմը կը դնեն հանրային կեանքին, ուստի եւ սեփական կեանքի վրայ, անխուսափելի եւ բնական պահանջ է որ հանրային կազմակերպութիւնը, վարչութիւնը ունենայ որոշ ուղղութիւն, առաջնորդուի որոշ աշխարհահայեացքով:

Եւ որպէս զի կարելի ըլլայ որոշ ուղղութիւն տալ այդ կեանքին, քաղաքակրթութիւնը ստեղծած է զանազան   աշխարհահայեացքներու, ուղղութիւններու պատկանող խմբակցութիւններ, խմբակցական կազմակերպութիւններ:

Այդ կազմակերպութիւններն են որ կը կոչուին կուսակցութիւններ՝ որոնք կը դիմորոշուին ազատական, պահպանողական, յետադիմական, ռամկավարական, արմատական, ընկերվարական, քաղքենի (պուրժուա) անուններով, համաձայն իրենց դասակարգի փիլիսոփայութեան եւ գործելակերպի տեսութիւններուն:

Եթէ անհրաժեշտ է որ հանրային կազմ մը, վարչութիւն մը իր նպատակին, իր կազմին ծառայելու համար ունենայ որոշ ուղղութիւն, ապա ուրեմն այդ ուղղութիւնը պիտի պատկանի յիշուած ձեւերէն մէկն ու մէկին:

Որպէս զի կարելի ըլլայ որոշ ուղղութեան պատկանող վարչութիւն ունենայ, ժողովրդական ներկայացուցչութիւնը կամ ներկայացուցչական ժողովը ինքը կազմուած պիտի ըլլայ որոշ ուղղութիւններու պատկանող խմբակցութիւններէ, կուսակցութիւններէ:

Իսկ այդ խմբակցութիւնները՝ կուսակցութիւնները ներկայացուցչական ժողովին մէջ կազմուած պիտի ըլլան ո՛չ թէ ներկայացուցիչներու, պատգամաւորներու կամ մեր օրէնքի բառով՝ երեսփոխաններու անձնական հայեցողութեամբն ու կամքովը, ցանկութիւնովը, այլ ընդհակառակն պէտք է որ անոնք ընտրութենէն առաջ պատկանած ըլլան ուղղութեան համաձայն, ժողովուրդի մէջ արդէն գոյութիւն ունեցող եւ կազմակերպուած խմբակցութիւններու միջոցով ու պրօպագանտովը:

Ժողովուրդի մը դիմագիծերը կ’որոշուին իր քուէներու որակովն ու քանակովը: Այնպէս որ, ներկայացուցչական ժողովը՝ ընտրողներու, քուէարկողներու որակի ու քանակի համեմատութեամբ կը կազմէ իր ներկայացուցած ժողովուրդին հոսանքները եւ ուղղութիւնները, կը համարուի իսկական պատկերը, ներկայացուցչութիւնը ընտրողներու՝ դասակարգային կամ համաժողովրդական:

Քաղաքակիրթ աշխարհի մէջ գործադիր, վարչական իշխանութիւնները բղխելով ահա՛ այս կերպ կազմուած Պատգամաւորական Ժողովներէ, կամ մեր օրէնքի լեզուով՝ Երեսփոխանական Ընդհ. Ժողովներէ, ներկայացուցիչներու, պատգամաւորներու միջոցաւ ստացած կ’ըլլան ընտրողներու կամքը, պատգամը վարչական մեքենայի հետեւելիք ուղղութեան մասին: Գործադիր իշխանութեան կոչուողներն ալ արդէն իրենք պատկանելով որոշ հոսանքներու, որոշ խմբակցութիւններու կամ աշխարհահայեացքի, իրենց ընտրութիւնը անոր համեմատ կատարուած կ’ըլլայ:

  Պատգամաւորական Ժողովին դերը չի վերջանար Վարչութիւնը, գործադիր իշխանութիւնը մէկ անգամ ընտրելով: Այնուհետեւ պարտաւոր է քայլ քայլ հետեւիլ, կոնտրոլի ենթարկել Վարչութեան ուղին, գործելակերպը, հսկել թէ գործադիր իշխանութիւնը որքան հաւատարիմ կը մնայ իր յանձնառութեան:

Առանց այս պայմաններուն, գոյութիւն չի կրնար ունենալ լուրջ, իրական սահմանադրականութիւն, իսկ երբե՛ք ժողովրդապետութիւն: Հակառակ պիտի ըլլար մէկ կամ մէկ քանի իշխողներու փոխարէն մեծ թուով իշխողներու բռնապետութիւնը, կամայական ռէժիմը, ինչպէս է մեր մէջ:

Հետեւաբար, իսկապէս սահմանադրական ռէժիմ մը, հանրային կեանք ու վարչութիւն ստեղծելու, սահմանելու ժամանակ՝ ղեկավարող օրէնքը պիտի կազմուի յիշուած պայմաններու ու սկզբունքներու համաձայն:

Մեր օրէնքը արդեօք կը ներկայացնէ՞ այս պայմանները:

Ո՛չ:

Բայց այս պատասխանը տալէ առաջ՝ փաստացի եզրակացութեան հասնելու համար թէեւ արդէն բազմաթիւ փաստեր յիշեցինք ուշադրութեան առնենք մեր Սահմանադրականութեան հիմը ձեւացնող ընդհանուր ժողովի կազմական ձեւը: