Օսմանեան կայսրութեան անկման պատմութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

IV

Արդէն բաւական ամփոփ գաղափար մը տուինք հեղինակին կողմէ անկման պատճառներ նկատուածներու մասին։

Այդ պատճառներուն վրայ հեղինակին դարձուցած ուշադրութեան եւ քննադատական ոգիին մէջ է որ մեծ մասամբ անոր անկախ միտքը կ՚արտայայտուի։

Պատճառներու մասին ալ մենք վերստին կը դիմենք հեղինակին վկայութեանց։

Ա) «Ամբողջ ուժն ու իշխանութիւնը, վարչութեան ղեկը՝ զինուորին ձեռքն յանձնելը Հռոմի. Ռուսաստանի եւ մեր մէջ վատթարագոյն հետեւանքներ տուաւ» (երես 38)։

«Նոյնպէս պետութեան ղեկը մէկ զինուորական հրամանատարի յանձնուիլը եւ կամ անոր կողմէն գրաւուիլը՝ Նաբոլէոն Պոնափարթի մը երեւան գալուն պատճառ կ՚ըլլայ, եւ անիկա ազգի մը համար միշտ դժբաղդութիւնն է» (երես 39)։

«Կրկնակի կ՚ըսենք որ օսմանեան պետութիւնը հիմնուեցաւ իբրեւ զինուորական իշխանութիւն մը։ Զինուորական իշխանութեան մը գոյութիւնն ու տեւականութիւնը ամէն բանէ աւելի հնազանդութեան կը կարօտի։ Առաջին օսմանեան ընկերութեան մէջ ալ հնազանդութիւնը ծայր աստիճան էր։ Վեհապետը կարծես հրամանատար մըն էր եւ հասարակութեան անդամներն ալ անոր իւրաքանչիւր հրամանին հնազանդ զինուորներ։ Այն ժամանակ թագաւորը միայն ընդհանուրին ուժէն բարձր գլուխ մը չէր, այլ նաեւ պարզապէս անհատներու ինչքին ու կեանքին տէր, գոնէ անոնց իրաւատէրը (ԳԳԳԳԳ) կը ներկայանար։ Հետեւաբար, անհատական եւ ընդհանուր իրաւանց մէջ շատ տարբերութիւն չկար…»։

«Զինուորական իշխանութիւն մը, եւ հետեւաբար միապետութիւնը՝ միայն բռնապետ կրնայ ըլլայ։

«…Առաջին օսմանցիներն ալ այս զինուորական բարքերով մեծցած եւ այդ կերպով վարժուած էին։ Այդ պատճառով ալ Սուլթաններու իշխանութիւնը չափ ու սահմանէն դուրս էր։ Մեծ վէզիրներու գլուխները կտրել տուող, բոլոր օրէնքներու հակառակ՝ կամայականութեամբ վարուող մեր թագաւորներու թիւը մէկ հատ չէ։ Մեր կայսրերու է՛ն վեհապանծներն անգամ Եավուզ Սուլթան Սէլիմները ու Սուլթան ՄԷհմմէտ յաղթողներն ալ այդպիսի վարմունք են ունեցեր»։

«…Անհատին մօտ ազատութեան ընդունակութիւնը ջնջնուած էր։ Ուղիղ, շիտակ տեւող միապետական ու կամայական վարչութիւնը սպառեր, ընդարմացուցեր էր ժողովուրդին քով գտնուած հարկաւոր վարչական ընդունակութիւնները…» (երես 77)։

«Բռնապետութեան անբաժան եւ բնական հետեւանքն է զուլումն ու հարստահարութիւնը, վերջապէս անվարչականութիւնը։ Եւ եթէ այդ անվարչականութիւնը դարերով տեւէ, Երկիրը բոլորովին կը կորսնցնէ իր կենսականութիւնը, ինչպէս մեր մէջ այդպէս է եղեր» (երես 78)։

«Դժբաղդաբար մեր երկրին մէջ վարչական ընդունակութիւն չի տեսնուիր։ Թէեւ Օրխանի ու Մուրատ Խիւտավէնտիկեարի ժամանակները վարչական կարեւոր հիմեր դրուեցան, բայց այդ անընդունակութիւնը արգելք է եղած դրուած հիմերը պահպանելու։ Այո՛, աշխարհավարութեան մէջ մեր անկարողութիւնը անկասկած է։ Կարող եմ ըսել որ Արեւելեան Հարցը իր ամբողջ իմաստովը՝ աշխարհավարական, կամ աւելի ճիշտը. անվարչագիտութեան հարց է» (երես79)։

Բ). «…Ի՜նչպէս քանիցս կրկնեցինք։ Միջին Ասիայէն Հռոմէական երկրին եկող թուրք յաղթականները առեւտուրի ու արհեստի, աշխատանքի ու արդիւնագործութեան մէջ առաջդիմելու համար Արեւելք չէին եկած։ Հպատակ ազգերը կ՚աշխատէին ու տիրողը կ՚ուտէր։… Տնտեսական տարրական օրէնքներն անգամ մտածող ղեկավարները (ԳԳԳԳԳ) չէին կրնար զբաղեցնել։ Ճիշդ է որ այս դրութիւնը եւ ռազմիկներն ու յաղթողները բարեկեցութեան եւ ճոխութեան մէջ կը պահէր, բայց յաւիտեան չէր կրնար տեւել։ Հէնց որ տիրապետութեանց վերջ տրուեցաւ՝ տնտեսական պայմաններուն անուշադիր վերաբերման վատ հետեւանքները հասկցուեցան. սակայն, բանը բանէն անցեր էր. թուրք ազգը մոռցաւ աշխատիլը, նաւաճող մարտիկութեանն ալ մօտան վաղուց անցեր էր (երես 86)։

«Երկրի մէջ քափիթալիստներու եւ նախաձեռնութիւն ունեցողներու բացակայութեան հանդէպ՝ եւրոպացի քափիթալի ու կարողութեան տէրերը մշտապէս մեզ՝ մանաւանդ աղքատ ժողովուրդը կը գերեն» (երես 88)։

Գ). «Օսման Ղազիի պետութիւնը հիմնուած օրէն ի վեր նիւթական ու տնտեսական մեր սխալներուն մէջ շարունակեր ենք մնալ։ Մեր մէջ ամէնէն աւելի անարգանքի ենթարկուած գիտութիւնը անկասկած տնտեսագիտութիւնն է։ Ո՛չ արդիւնաբերութեան ենք հետեւած եւ ո՛չ ալ ծախսելու մէջ տնտեսագիտական օրէնքներուն ենթարկուած։

«…Այս վիճակէն օգտուողները ազդեցիկներն (միւթէզալիպէ) են։ Հեռու վայրերու մէջ առանց դրամի, անտէր եւ անճարակ մնացած երկրագործները՝ վաշխառուներու, ազդեցիկներու եւ աղաներու ողորմած թեւարկութենէն դուրս՝ ապրելու ուրիշ պատսպարան չեն գտած։ Անոնք ալ բնականաբար քիչ ժամանակի մէջ ձեռք են դրեր գիւղացիներու սեփականութեանց վրայ, զանոնք իջեցուցած են իրենց իսկ սեփականութեանց վրայ՝ հիւրի ու գերիի աստիճանին։ 1912ին Թուրքիոյ մէկ քանի մասերը միջնադարեան շրջանի մէջ կը գտնուէին տակաւին» (երես 91)։

«…Թուրք չեղող օսմանցի տարրերը շարունակեցին աշխատիլ, եւ շատ տեղեր վաճառականութիւնն ու արուեստները անոնց մենաշնորհ մնացին…» (երես 87)։

«Առաջները գրական, յետոյ բացասական կերպով [1]. բայց միշտ ու շարունակաբար օսմանցի Թուրքերը պատերազմելու պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուէին։ Վերջին ժամանակները՝ ներքին խռովութիւններն ալ շատցան։ Թէ՛ զանազան ցեղերու զարթնումի եւ թէ եւրոպացիներու, մանաւանդ Ռուսներու դրդումով՝ ապստամբութիւնները բազմացան. տարի չեղաւ որ առանց ապստամբութեան անցնէր։

«Այս խռովութեանց պատճառով ալ միշտ զինուորի անհրաժեշտութիւնը ակներեւ էր։

«Ահա այս ներքին ազդեցութեանց հետեւանքով՝ թուրք ցեղը հետզհետէ յոգնեցաւ, ուժասպառ եղաւ։ Զինուորութեան գացողը, պատերազմներու եւ ապստամբութեանց մէջ մեռնողը ու վիրաւորուղը Թուրքերն էին։ Այս պատճառով ալ Թուրքին արտերը չէին մշակուեր, կ՚ամայանային։ Անատօլուի մէկ գիւղէն ռուսական պատերազմին կամ Եէմէնի անապատները մեկնող Մէհէմմէտճիկը վերադարձին՝ իր արտին տեղ մացառնոց մը գտնէր։ Ասոր հակառակ, միւս ցեղերը ո՛չ պատերազմի կ՚երթային, ո՛չ ալ պատերազմի ու ապստամբութեանց մէջ իրենց անձը կը զոհէին։ Այս անհաւասար մրցումին մէջ Թուրքերը շատ բան կորսնցուցին, նուազեցան, սպառուեցան» (երես 27)։

Եւ հեղինակը բաղդաւոր քայլ կը համարէ Սահմանադրութեան վերահաստատութենէն յետոյ ո՛չ-մահմետականներու եւս զինուորագրութիւնը, որովհետեւ, ըստ իրեն, շնորհիւ այդ սիստեմին «գոնէ թուրք ցեղն ալ Թուրքիոյ մէջ միւս ցեղերուն հետ հաւասարութեան վրայ դրուելով՝ մէկ քանի տարի յետոյ մահմետական եւ ո՛չ-մահմետական, մանաւանդ մահմետական գիւղերու միջեւ՝ բարգաւաճումի ու բարեկեցութեան, հանգստութեան եւ անդորրութեան այնքան ալ տարրերութիւն չի՛ մնար…» (երես 59)։

Երրորդ հիմնապատճառի վերլուծման մէջ յարգելի հեղինակը կ՚ենթարկուի հակասութեանց. չի կրնար տրամաբանական հետեւողականութեան եւ նախապաշարումէ անկախ միտք պահպանել. եւ ո՛չ միայն Թուրքն ու մահմետականութիւնը կամ այլ մահմետական տարրերու հետ Թուրքն ալ կը նոյնացնէ, այլեւ դուրս կը բերէ որ այս երկրին մէջ՝ շնորհիւ ոչ-մահմետականներու զինուորագրութենէ զերծ ըլլալուն, թուրք եւ առհասարակ մահմետական գիւղացիներու ու ո՛չ-մահմետականը բարգաւաճեր. երջանկացեր է, իսկ մահմետականը թշուառացեր։

Այսքան ակներեւ անհետեւողականութիւն, իրականութեան այսքան ակներեւ միամիտ շրջում՝ առնուազն սպասելի չէր Ճէլալ Նուրի պէյէն։

Յարգելի հեղինակը կը մոռնայ որ մէկ քանի տող. մէկ քանի էջ առաջ եւ յետոյ ինքն է հաստատողը թէ՝

Այս երկրին անկման ու բոլոր դժբաղտութեանց մայր պատճառը՝ Թուրքերու անվարչագիտութիւնն է եղեր.

Թէ թուրք եւ մահմետական տարրերը՝ իբրեւ տիրող, կորսնցուցեր են աշխատանքի ընդունակութիւնը՝ «ոչ-մահմետականը կ՚աշխատէր եւ մահմետականը կ՚ուտէր միայն».

Թէ աւար, կողոպուտ, ղանիմէթ՝ մահմետական տիրապետողներու, ինչպէս Հռոմայեցիներու սովորական բարքն էր դարձեր։

Արդ. այսպիսի պայմաններու մէջ անհաւասարութեան նժարի ծանրութիւնը ո՞ր կողմը կը մնայ. տիրողին թէ տիրապետուողին, կողոպտողի՞ն թէ կողոպտուողին։ Կարելի է այսքան անհեթեթ ենթադրութիւն։

Հաւանականաբար Ճէլալ Նուրի պէյ պիտի պատասխանէ թէ այդ ամէնը վերագրելի են իշխանութեան պատկանող տարրերուն. թէ մահմետական գիւղացին՝ ինքն ալ ճնշուածներէն ըլլալով հանդերձ, զինուորութիւնը զինք կը դնէր ստորաստիճանի եւ անհաւասար վիճակի մէջ՝ հանդէպ ո՛չ-մահմետական գիւղացիին։         

Այս դատողութիւնը կէս ճշմարտութիւն միայն կը շօշափէ։ Նախ՝ բոլոր մահմետականներն ալ չէին զինուորագրուէր, ինչպէս օրինակ՝ Քիւրտը, Առնաւուտը՝ որոնք մինչեւ մեր օրերն ալ ամբողջովին չեն նուաճուած, ընդհանուր օրէնքներուն չեն ենթարկուած եւ կիսանկախ վիճակի մէջ են. երկրորդ՝ ո՛չ-մահմետականներէն զինուոր չառնուիլը ո՛չ թէ անոնց օգտին է եղեր, այլ ի վնաս անոնց, հէնց այդ իսկ պարագան կեավուրին ու միւսլիմին անհաւասարութեան, կեավուրին կեանքը, ինչքն ու պատիւը իսլամին գութէն, խղճէն, կամքէն ու կամայականութենէն կախուած է մնացեր, եւ ասոր կենդանի ապացոյցն ա՛յն է եղեր որ կեավուրը իր բնիկ հայրենիքին մէջ հայրենիքի զաւակ չէ՛ ընդունուեր, եւ մանաւանդ զինուոր ըլլալու իրաւունքը չունենալով՝ զէնք կրելու իրաւունքէն ալ զրկուեր է, եւ զէնք կրելու իրաւունքէն զրկուելով՝ ինքնապաշտպանութիւնը անոր համար յանցանք, ոճիր է համարուեր. երրորդ՝ թէեւ ճիշտ է որ թուրք համարուած կամ առհասարակ իսլամ գիւղացիութիւնն ալ ճնշուած է եղեր, բայց այս ճնշումն ալ յարաբերական ու աստիճանական է։ Եթէ թուրք գիւղացին կը ճնշուէր եւ կը ճնշուի իբրեւ գիւղացի եւ իբրեւ աշխատաւոր՝ աւատականէն, միւթէզալիպէէն եւ կառավարական պաշտօնէութենէն, ինքն ալ. սակայն, իր կարգին՝ իբրեւ թուրք կամ  մահմետական, իբրեւ տիրող կը ճնշէ անազատը, անիրաւատէրը, կեավուրը։ Մէկը կը ճնշուի իբրեւ դասակարգ, միւսը կը հարստահարուի, կը կեղեքուի մարդկային ամենատարրական իրաւունքներէն կը զրկուի՝ իբրեւ ցեղ, իբրեւ անհաւատ եւ իբրեւ դասակարգ։

Ճէլալ Նուրի պէյ հետեւողական ու արդար պիտի ըլլար՝ եթէ իր քննադատական ուղղութիւնը այս պարագային ալ առաջ մղէր, իրականութիւնը յեղաշրջէր, եւ մանաւանդ եթէ իր իսկ աչքերովը չէ տեսած՝ գոնէ՝ դարերու կնիքը կրող եւ տարրական դատողութեամբ ալ անվիճելի եղող այս դառնակսկիծ վիճակը պատկերացնէր ու իսկական համեմատութիւնը ցայտեցնէր՝ ըսելով.

Մինչ Թուրքը կամ Մահմետականը եթէ զինուորական ծառայութեան կամ պատերազմի դաշտ կ՚երթար. յամենայն դէպս տունը առանց էրիկ մարդու չէր մնար, վարող ու ցանող կը գտնուէր. կամ եթէ էրիկ մարդ ալ չէր մնար տունը՝ կինը կամ կիները կը փոխարինէին զայն, մահմետականը՝ կրօնի թոյլտուութեամբ ամէն տեղ ուր որ կ՚երթար՝ կին առնելու, ընտանիք կազմելու դիւրութիւնն ու հնարաւորութիւնը ունէր, եւ եթէ ծայրայեղ պարագային՝ ո՛չ արտը վարող ըլլար եւ ո՛չ ալ կարող ըլլար գտնուած վայրին մէջ նոր ընտանիք մը կազմել. գոնէ իր սեփականութիւնը սեփականութիւն կը մնար եւ անվարուցանութիւնը կ՚արդարանար աշխատող ձեռք չգտնուելով։ Բայց ի՞նչ ընէր Քրիստոնեան՝ որ թէեւ զինուորական ծառայութեան չէր երթար, թէեւ պատերազմի դաշտ չէր մէկներ, թէեւ կը վարէր ու կը ցանէր արտը, սակայն իր սեփականութեան եւ իր աշխատանքին տէրը չէր, ինչպէս չէր ու չէ, իր կեանքին ու պատուին ալ տէրը, իր աշխատանքը միշտ կը վայելէր իսլամը, աղան, պէկը, հարկահանը, եւլն. եւ անիկա կը սպառուէր, ու անոր կեանքը դժոխային տառապանքն էր։



[1]            Այս պարբերութիւնը պէտք է հասկնալ հաւանականաբար այն մտքով որ պատերազմները կը մղուէին նախ յարձակողական, աշխարհակալութեան համար, և ապա, անկման շրջանին, յարձակումներու դէմ պաշտպանելու համար։