Օսմանեան կայսրութեան անկման պատմութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

VI

«Պետութեան առաջին օրէնսդրութենէն, Սուլթան Սիւլէյմանի հաստատած հիմնական օրէնքներու մասին չպիտի խօսիմ. անոնք մեր նիւթէն դուրս են։ Միայն թէ այսքանը ըսեմ որ այդ օրէնքները Օսմանեան Կայսրութեան նման ընդարձակուած, ճիւղեր արձակած ընկերութեան մը համար բաւական չէին կարող գալ։ Կլիմաները, երկրամասերը, ազգերը՝ բոլորն ալ միեւնոյն օրէնքներով եւ սովորութիւններով. միեւնոյն սիստէմով չէին կրնար կառավարուիլ» (երես 80)։

Այսպէս կը սկսի Ճէլալ Նուրի պէյ անվարչականութեան մասին իր քննադատութեանց խառնելով նաեւ օրէնքներու անբաւականութիւնը։ Եւ կը շարունակէ. «Օրէնք կ՚ըսենք, բայց առաջները այժմեայ ըմբռնուած իմաստով օրէնքներ չի կային մեր մէջ։ Իւլէմային կողմէ Ֆըքըհի գրքերէն քաղուածքները կամ եզրակացուած տրամադրութիւնները չէին կրնար երկիրը կառավարելու համար բաւական ըլլալ։ Մանաւանդ ոչ-մահմետականները, րայաները, անհնար էր որ մեր այն ժամանակի սիսթէմով կառավարուէին։ Նոյնպէս օտարականները նոյն սիսթէմով ափի մէջ չէին սեղմուիր։ Այս պատճառով է որ ոչ-մահմետական հպատակներն ու օտարականները Օսմանեան ընդհանուր իրաւակարգէն դուրս իրաւունքներու տէր եղան։ Կրօնական առանձնաշնորհումներու եւ քափիթիւլասիօններու ծագումը քննուելու ժամանակ այս պարագաներ մոռացութեան պէտք չէ տալ (երես 80-81)։

«Մեր ո՛չ վարչական օրէնքները եւ ո՛չ դատարանական օրէնքները, երբեք կատարելութեան չ՚արժանացան»։

«Շէրիի դատարանները շէրիին արատ ըլլալու աստիճանին հասան։ Առեւտրական լոնչաները, մաքսը, օտարներու ժողովները (որմէ առաջին առեւտարական դատարանն է ծագում առած) դատեր կը քննէին։ Վերջապէս, կիսատ պռատ ֆրանսական առեւտրական օրէնքը թարգմանեցին. նոյնպէս Հոլանտական ծովային իրաւունքէն քաղուած ծովային առեւտրական օրէնք մը, ինչպէս եւ արեւմտեան օրէնդրութենէն քաղուած պատժական օրէնք մը կազմուեցաւ, բայց որոնք թերի են եւ պէտքերուն անբաւական։ Արեւմուտքի արդարադատական օրէնքները ժամանակի ու տեղի պահանջմանց համաձայն մեր օրէնսդրութեան մէջ փոխադրելու ենք։

«Վերեւը յիշուած օրէնքները մեր մէջ հաստատուելէ յետոյ, մեր օրէնսդրական պատմութեան մէջ յետադարձ, ռէաքսիօնէրական շրջան մը առաջ եկաւ։

«Քոդ Նաբոլէոնը թարգմանելով՝ կայսերական իրատէով մեր օրէնսդրութեան մէջ մտցնելու եւ հրատարակելու փոխարէն՝ Ճէվտէթ փաշայի կազմած աւանդութեանց հաւաքածոն իբրեւ օրէնք հրատարակուեցաւ (դիմել Իսլամութեան մէջ վերանորոգութեան անհրաժեշտութեան մասին մեր ուսումնասիրութեան շարքին)։

«Այս երկիրը երկրագործական աշխարհ մը ըլլալով հանդերձ՝ անշարժ կալուածներու, էվգաֆի վերաբերեալ մեր օրէնքներն ու սիստէմները ամենավատ, ամենանախնական, գերազանցապէս միջնադարեան օրէնքներ են, Հողային օրէնքներու հազար տեսակ սահմանափակումները, աշարի սիստեմին անհամար վնասները, վագըֆի սիստեմին անսպառ անտրամաբանականութիւնը՝ մեր տնտեսական անկման եւ հետեւաբար մեր ընդհանուր անկման է՛ն գլխաւոր պատճառներն են» (երես81-83)։

«Մեր մէջ անհատը բացի մէկ քանի օրինական տրամադրութիւններէ՝ որոնք միայն միւլք սեփականութեանց կը պատկանին իր սեփականութեան տէրը չէ։ Վագուֆի դրութիւնը Երկիրը աւերակի մըն է վերածած (երես 83)։

Անվերապահ ու անխնայ է Ճէլալ Նուրի պէյ օրէնքի թերութեանց քննադատութիւններուն մէջ, եւ եթէ չեմ սխալիր, առաջինն է ինք որ մանաւանդ վաքֆներու, անշարժ սեփականութեանց, հողային օրէնքի եւ մէջէլլէի մասին այսքան յստակօրէն արտայայտուած է։

Այդ բոլոր քննադատական մտքերը մենք կ՚ընդունինք արդար ու ճշմարիտ, թէեւ թերութեանց մասին ընդհանուր գծերով խօսուած ըլլայ։ Եթէ հեղինակը կանգ առնէր իւրաքանչիւր օրէնսդրութեան՝ օրինակ, անշարժ սեփականութեան եւ հողային ընդհանուր այն գծերուն վրայ՝ որոնք քաղաքակրթական, առաջդիմական պահանջներուն կը հակասեն, իր դաւանած տնտեսագիտական դպրոցը ակներեւ կ՚ըլլար եւ մենք առիթ կ՚ունենայինք ըստ այնմ մեր վերաբերումը ցոյց տալ։

Այդ հարցերուն մէջ մենք պիտի աշխատինք առանցնապէս օգտուիլ հեղինակին յայտնած ուրոյն այլ հրատարակութիւններէն։ Միայն թէ, առայժմ այսքանը ըսենք որ օսմանեան հողային օրէնսդրութեան հիմնական սկզբունքին վերաբերմամբ մենք համամիտ չենք կարող ըլլալ։ Հեղինակին հայեացքները կը բղխին պուրժուական-անհատական սեփականութեան սահմանափակ հայեցակէտէն, իսկ հողային օրէնքի սեփականութեան պետական րէքէբէի رقبهսկզբունքը՝ բղխած է համայնական սեփականութեան սկզբունքէն՝ որ միջնադարեան եւ նախամիջնադարեան ըլլալով հանդերձ, ո՛չ միայն արհամարելի չէ, այլ մանաւանդ ցանկալի էր որ այդ սկզբունքը իր մթութենէն լոյս աշխարհ բերուէր, պարզուէր, պաշտպանուէր եւ հասարակական մտայնութեան եւ կեանքի սեփականութիւն դարձուէր։ Տարաբաղդաբար, անհատական սեփականութեան տիրող մտայնութիւնը, օրէնքի փիլիսոփայութեան ժամանակին ընթացքին ուղեղներէ անհետացումը կորսնցնել տուած են անոր նշանակութիւնը, օրէնքի հիմնական դրդապատճառի հայեցակէտը։

Առաջինն է որ մենք ուշադրութիւն ենք դարձուցած օրէնքի այդ սկզբունքային հիմնական հայեցակէտին վրայ (տեսնել հողային հարցի պրօշիւրը)։ Հասարակական ամենամեծ դժբաղդութիւն կ՚ըլլար՝ եթէ օրէնքէն անհետացուէր այդ համայնակութեան սկզբունքն ու «հողը հողագործին» հիմնակէտը։

Անհնար է ուշադրութենէ վրիպեցնել յարգելի հեղինակին եւ մէկ ուրիշ խոշոր թիւրիմացութիւնը։ Թիւրիմացութիւն կ՚ըսեմ, որովհետեւ կը սիրեմ հաւատալ որ աւելի նախապաշարուած մտքի արտայայտութիւն է ան, քան նիւթին լրջօրէն ծանօթանալով, գիտակցաբար մէկ սխալ ու անարդար տեսութեան պաշտպանութիւն։

Այդ թիւրիմացութիւնը կը վերաբերի «կրօնական» առանձնաշնորհումներ ըսուած հարցին՝ որ ո՛չ մէկ նմանութիւն չունի քափիթիւլասիօններու նման օտարներուն շնորհուած բացառիկ իրաւունքներուն հետ։

Առանձնաշնորհում բառին իմաստով կը հասկցուի այն միտքը թէ՝ կա՛մ իրաւունքի մը կիրառումը ազատ չթողելով՝ զայն մենաշնորհ դարձնել մէկ անհատի, մէկ ընկերութեան, մէկ տարրի կամ հիմնարկութեան, եւ կամ այն՝ որ սովորական, ընդհանուր չեղած բացառիկ իրաւունք մը առանձնաշնորհուած դարձնել անձի մը, ընկերութեան մը, հիմնարկութեան մը։

Իսկ Պատրիարքարաններու եւ Խախամապետութեան վայելած կրօնական առանձնաշնորհում ըսուած իրաւունքներուն մէջ ո՛չ մէկ բացառիկ եւ անսովոր իրաւունք կայ։ Ընդհակառակը. անոնց համար ճանչցուած եւ ընդունուած իրաւունքները՝ ամենաբնական ու ամենատարրական իրաւունքներ են։

Եթէ կրօններու պաշտամունքի ազատութիւնը անկեղծօրէն կ՚ընդունուի, եթէ ոչ- մահմետական կրօններու պաշտամունքը այս երկրին մէջ կը թոյլատրուի, ամենաբնական ու տարրական հետեւութիւնն այն կ՚ըլլայ որ իւրաքանչիւր կրօնի պաշտօնէութիւն իր ուրոյն վարչութիւնը եւ իր հիէարշին ունենայ, այդ պաշտօնէութեան փոխադարձ պարտքերն ու իրաւունքները գոյութիւն ունենան, որ կրօնի-եկեղեցիի պաշտօնէութիւնը կամ վարչութիւնը իր հաւատացեալներուն հետ փոխայարաբերութիւններ, փոխադարձ պարտքեր եւ իրաւունքներ ունենայ, այդ յարաբերութեանց, պարտքերու եւ իրաւունքներուն սահմանները գծուած ըլլան եւ ըստ այնմ իրենց ներքին կեանքը վարեն։

Առանձնաշնորհո՞ւմ կ՚ըլլան այս կարգի իրաւունքները։ Եթէ այդ իդաւունքները ետ խլուին, ի՞նչ վիճակի մէջ պիտի դրուին հապա այս զանազան եկեղեցիները, կրօնները, պաշտօնէութիւնները. ինչո՞վ պիտի կառավարուի անոնց ներքին կեանքը, ո՞վ պիտի ըլլայ անոնց վարիչը։

Եթէ այսպիսի անհեթեթութիւն մը չէ կարելի ենթադրել, հապա ո՞րն է Պատրիարքարաններուն տրուած իրաւունքներուն մէջ առանձնաշնորհեալը։

Արդեօք առանցնաշնորհում կը համարուին անոնք որ ո՛չ մահմետական հասարակութիւնները կը վայելեն իրաւունքն իրենց սեփական բարեգործական եւ կրթական հիմնարկութիւններ ունենալու, այդ հիմնարկութեանց եւ կրօնական հաստատութեանց պահպանութեան համար կալուածներ ունենալու եւ այդ կալուածները տնտեսելու։

Ո՞ր երկրի, ո՞ր աշխարհին, եւ ո՞ր ազգին մէջ է որ այդ դրութիւնը եւ այդ իրաւունքը գոյութիւն չունի։

Եւ միթէ մահմետական կրօնի եւ կրօնականներու ուրոյն վարչութիւնը գոյութիւն չո՞ւնի Թուրքիոյ մէջ։ Ի՞նչ են հապա Շէյխ-Իւլ-Իսլամութիւնը եւ Շէյխ-Իւլ-Իսլամը՝ որ նախարարութեան եւ նախարարական ժողովի մէջ աւագ դիրք ունի։

Կաթոլիկ, օրթոտոքս եւ բողոքական քրիստոնեայ դաւանութեան պատկանող պետութեանց մէջ անգամ իւրաքանչիւրը իր կրօնական եւ հասարակական ինքնավար ներքին վարչութիւնն ունի։

Արդեօք այս երկրին մէջ պատրիարքարաններու առանձնաշնորհումը ան է որ իւրաքանչիւր ո՛չ-մահմետական ազգ կը վայելէ ամուսնական եւ կտակային վէճեր քննելու եւ դատելու իրաւունքը։

Չըկայ ո՛չ մէկ իրաւասութիւն՝ որ ո՛չ-մահմետական ազգերի պատրիարքարաններուն եւ խախամապետարանին մի բացառիկ առանձնաշնորհումը եղած ըլլայ։

Անոնց վայելած իրաւունքները կարելի է ամփոփել հետեւեալներով։

1. Եկեղեցիի վարչութիւն՝ որին ենթակայ է իւրաքանչիւր եկեղեցիի տնտեսական մատակարարութիւնն ու եկեղեցականութիւնը, ինչ որ Մահմետականներու համար Շէյխ իւլ իսլամութիւնը եւ Էվգաֆը գերազանցապէս կատարում են։

2. Ամուսնական խնդիրներ։ Ամուսնութիւնն ու ամուսնական վէճերը իբր կրօնադաւանութեան մաս ընդունած է նաեւ մահմետականութիւնը եւ կը կատարուին ու կը լուծուին մահմետական կրօնաւորի ու շէրիի դատարաններու միջոցով։

Հետեւաբար ո՛չ-մահմետականի ամուսնութիւնն ու վէճերն ալ բնականաբար իւրաքանչիւր եկեղեցիին ու եկեղեցականին պիտի պատկանին։

Թուրքիոյ մէջ՝ ուր քաղաքական ամուսնութիւն չըկայ, գոնէ՝ մահմետականի կողմից չէ՛ որ հակառակ կարծիք պիտի յայտնուէր։

Քաղաքական ամուսնութիւն գտնուած երկիրներու մէջ անգամ, եկեղեցիի իրաւասութիւնները չե՛ն ջնջուած։

Այս տարրական իրաւունքը ո՛չ-մահմետական եկեղեցիներու համար առանձնաշնորհում չըլլալով հանդերձ, անոնք լիովին ալ չեն վայելեր, որովհետեւ ժառանգական իրաւունքները՝ որոնք ամուսնական, ազգակցական ըմբռնումներէն կը բղխին եւ այդ ըմբռնումները կը տարբերին քրիստոնէութեան ու մահմետականութեան մէջ, այնուամէնայնիւ ենթարկուած են շէրիի տրամադրութիւններուն։

Մենք չէ՛ որ պիտի պաշտպանենք ամուսնութիւնը իբրեւ եկեղեցիի սեփական իրաւունք, բայց քանի որ պետութեան ընդունած սկզբունքն է, այլ եւս ո՛չ-մահմետականներու համար այդ կիրակումը առանձնաշնորհում չի կարող համարուիլ։

Կտակը եւ վագֆը՝ որոնք իբր մահմետական կրօնի մաս նկատուելով, շէրիի իրաւասութեան են ենթարկուած, տրամաբանօրէն արդարութիւնը կը պահանջէր որ այդ կարգի հարցերու մէջ մահմետական ըմբռնումներէն տարբերող քրիստոնեայ եկեղեցիներն ալ լիազօր ըլլային իրենց վերաբերող կտակային ու վագֆային խնդիրները տնօրինելու, եւ սակայն վագֆային վէճերը, սեփականութեան վաւերացումն ու ջնջումը մահմետական վագֆային հեղինակութեան ենթարկուած ըլլալէ զատ՝ թէեւ կտակներու վերաբերեալ պատրիարքարաններու որոշ իրաւունքներ ճանաչուած են, բայց այդ իրաւունքի կիրառութիւնն ալ միշտ միջամտութիւններու եւ վէճի առարկայ դառցնելով ջնջելու հետամուտ է եղած պետութիւնը։

4. Կրթական, բարեգործական հիմնարկութիւններու վարչութիւն եւ մատակարարութիւն։

Այս կարգի իրաւունքները՝ ո՛չ միայն մահմետական եւ քրիստոնեայ միմիանցից հիմնապէս տարբեր դաւանութեան հետեւանքով, անխուսափելիօրէն պիտի վայելէին ո՛չ-մահմետականները, այլ նաեւ իւրաքանչիւր համայնքի համար տարրական իրաւունք է ընդունուած քաղաքակիրթ աշխարհի մինչեւ իսկ միեւնոյն ազգութեան եւ կրօնի պատկանողներու մէջ։

Ո՞րն է ապա Պատրիարքարաններու յատուկ առանձնաշնորհումը։

Ի՞նչ կը պահանջուէր, կը պահանջուէ՞ր որ քրիստոնէական բարքերուն ենթակայ ամուսնական ու անկէ բղխող վէճերը մահմետական ըմբռնումներուն ու օրէնքներուն ենթարկուէին։ Կը պահանջուէ՞ր որ եկեղեցա-բարեգործական հիմնարկութեան պատկանող, քրիստոնեայ ըմբռնումներուն ու բարքերուն պատկանող վագըֆներու մատակարարութիւնը դարձուէր մահմետական վագֆի վարչութիւն։

Այդ իրաւունքներն ալ արդէն այնքան միջամտութեանց ենթարկուած են՝ որ իշխանութիւնը՝ Շէրիի դատարաններն ու Վագֆային վարչութիւնները որ ո՛չ մէկ պատեհութիւն չեն փախցըներ պատրուակներ ստեղծելու, որպէս զի աչքի փուշ եղած կրօնա-ազգային-բարեգործական սեփականութիւնները գրաւուին եւ մինչեւ ամուսնական-ընտանեկան յարաբերութեանց մէջ շէրիով իշխեն։

Եթէ շարունակուին այս մտայնութիւններն ու այս ձգտումը, Պետութեան գլխին խոշոր խնդիր մըն ալ այս ազգային սեփականութիւնները եւ կրթական խնդիրները պիտի ըլլան, որոնցմէ չեն կրնար բաժնուիլ հասարակութիւնները, որոնց սեփականազրկման համար չեն բաւեր ո՛չ թէ Էվգաֆի որոշումները եւ Շէրիի վճիռները, այլ եւ ո՛չ մէկ ուժ։

Արդ. Պարզ է որ Պատրիարքարաներու իրաւասութիւնները ո՛չ թէ առանձնաշնորհումներ են, այլ կրօնակուլտուրական հանրային տարրական, բնական իրաւունքներ։

Պարզ է նաեւ որ՝ եթէ բնական տարրական իրաւունքները պաշտօնական լեզուին մէջ առանձնաշնորհում բնորոշուած են, ասիկա շատ աւելի հետեւանք է եղեր այն մտայնութեան՝ որ թելադրուեր է մահմետական տիրապետութեան տակ այլակրօններուն պաշտամունքին։

Անկեղծ ու պարզ ըլլանք։

Կա՛մ յստակ կերպով պէտք է ընոդւնիլ որ այլ եւս այլակրօնները ճնշելու ձգտում եւ նպատակ չի կրնար ըլլալ. եւ կամ այդ ազատութիւնը «թրքական շահերու տեսակէտէն վտանգաւորը ըլալն հաստատելով՝ անոնց իրաւունքներն ալ ջնջելու անհրաժեշտութիւնը պէտք է յայտարարել։

Եւ որովհետեւ անհնար է այժմ կրօններու ազատութեան դէմ գործելու հաւանականութիւնն ընդունիլ, ապա ուրեմն վերջ պէտք է տալ նախապաշարումներուն, պէտք է սրբագրել «առանձնաշնորհում» որակումը եւ ընդունիլ անոնց բնական իրաւունքներու հանգամանքը։

Գուցէ յարգելի հեղինակը առարկէ որ իւր առարկան առանձնաշնորհումը յիշուած իրաւունքներու մասին չէ՝ այլ պատրիարքարաններու միջամտութիւնն է պետութեան ներքին գործերու մէջ, այսինքն այն՝ որ իւրաքանչիւր պատրիարքարան իրեն ենթարկուած ժողովրդի ինչքին, պատուին եւ կեանքին դէմ կատարուող ոտնձգութիւններու. զեղծումներու, ապօրինութիւններու, յափշտակութիւններու, մի խօսքով հարստահարութիւններ բառին մէջ ամփոփուած եւ միայն Թուրքիոյ յատուկ եղած խնդիրներու առիթով թագրիրներ, բողոքներ ներկայացնելու իրաւասութիւնն է։

Բայց պատրիարքարաններու ո՛չ թէ այն կարգի վայելած իրաւունքներուն դէմ պիտի բողոքել՝ այլ այդ բնական իրաւունքը ծնեցնող պատճառին դէմ։ Քանի որ ո՛չ միայն քաղաքացիական իրաւանց հաւասարութիւնը երբէ՛ք չէ ճանաչուած ու կիրարկուած այս երկրի մէջ, քանի որ հարստահարութիւնները այս երկրի նորմալ վիճակի կարգն են անցել ու մասնաւոր, բացառիկ երեւոյթ չեն՝ ինչպէս ուրիշ երկիրներու մէջ, անխուսափելիօրէն առաջ պիտի գար մի օրգան՝ որի միջոցով հնարաւորութիւնը տրուէր հասարակական ցաւերն ու տրտունջները ներկայացնելու։

Նոյն իսկ Պարլամենդի մէջ իւրաքանչիւր ազգի ներկայացուցչական բաժնի իրաւունքը չընդունուեցաւ, բայց քանի որ ազգերը գոյութիւն ունին՝ որոնք ունին նաեւ իրենց ուրոյն սեփական ցաւերը՝ ո՞ր օրգանի միջոցով էր որ այդ իրաւունքը պիտի ներկայացուէր, եթէ Պատրիարքարանները չը վայելէին այդ տարրական իրաւասութիւնը։

Կեանքի անխուսափելի պահանջը եղած այդպիսի իրաւունքներ օրէնքով չեն ստեղծուի, եւ սակայն յարգելի հեղինակի գանգատած Պատրիարաքարաններու այդ իրաւասութիւնը ո՛չ-մահմետական հասարակութիւններու համար մի բարիք ըլլալէ աւելի չարիք է, որովետեւ հասարակական ցաւերը՝ որոնք իւրաքանչիւր ազգի, մասնաւորաբար Հայ ժողովուրդի գոյութեան հետ առնչութիւն ունին, անոր գոյութեանը կը սպառնան. քաղաքական բնոյթ ունին, իսկ այդ կարգի ցաւերն ու չարիքները Պատրիարքարաններու վարկաբեկուած, ո՛չ մի ուժի վրայ չը յենուած թագրիրներով ու բողոքներով չէ՛ որ ուշադրութեան կ՚առնուին եւ կը դարմանուին։

Երանի՜ թէ Պատրիարքարաններու այդ գործ դրած իրաւասութիւնը գոյութիւն չունենար եւ ժողովուրդները այն տեղից չակնկալէին իրենց լացի ու կոծի մխիթարութիւնը։ Այն ժամանակ կեանքը կը ստեղծէր ուրիշ օրգան՝ որ կրօնով ու եկեղեցիով պաշտպանուած չէր ըլլար, բայց կը կրէր քաղաքացիութեան, ապրելու իրաւունքի դրական, քաղաքական ոգին ու ինքնագիտակցութիւնը, որով բարերար ազդեցութիւնը կ՚ունենար թէ Պետութեան համար եւ թէ տանջուող ու սպառուող ազգերու համար։

Իսկ երեւակայել՝ որ աննորմալ պայմաններու մէջ ապրող ժողովուրդները ո՛ եւ է օրգան չունենան իրենց հասարակական ցաւերն ու պահանջները արտայայտելու համար, այդ արդէն անբնական է։

Հետեւաբար, Պատրիարքարաններինը միջամտութիւն չըլլալով, անհետեւանք թագրիրներ մատուցանելէ աւելին չըլլալով հանդերձ՝ ինքն ըստ ինքեան մի առանձնաշնորհում չէ։