Օսմանեան կայսրութեան անկման պատմութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

II

Մեր քննադատած «Անկումի պատմութեան» հեղինակի իսկ վկայութիւններով դուրս բերինք այն եզրակացութիւնը թէ Օսմանեան Կայսրութիւնը թուրք ազգային չէ՛ եղեր, այլ իսլամ, այսինքն Մահմետական պետութիւն. Թուրք տարրը թուող քիչ ըլլալով եւ հիմնուող պետութիւնը միայն մահմետական դիմագիծ կրելով, ո՛չ-մահմետական բոլոր ազգերէն բազմաթիւ անհատները ընդունուեր են նոր պետութեան՝ օսմանեան բանակին մէջ, մէկ պայմանով սակայն որ ընդունուածները իրենք ալ ընդունած ըլլային մահմետական կրօնը։

Զուտ թուրք տարրի թուական նուազութիւնը, արշաւող բանակներ կազմելու, անոնց թիւն աւելցնելու անհրաժեշտութիւնը եւ այս պայմաններէն առաջացող պետութեան ու բանակի ապազգային զուտ կրօնական-մահմետական դիմագիծը՝ առաջ կը բերէին եւ այն բնական անհրաժեշտութիւնը՝ որ բանակէն դուրս այլ եւս մահմետական չէր մնար, իւրաքանչիւր մահմետական զինուոր էր եւ գործօն բանակի մէջ կը գտնուէր։

Բանակէն դուրս մահմետական չկար ուրեմն եւ այս վիճակը պիտի տեւէր՝ ցորչափ շարունակուէին արշաւող, նուաճող, տիրապետող պատերազմները։

Ո՛չ մահմետականները մահմէտականութիւնն ընդունելու եւ բանակին մէջ մտնելու կը հրապուրէր գլխաւորաբար ղանալիմը, պատերազմի աւարը։

Այս պարագան ինքն ըստ ինքեան բնական, հասկանալի, եւ նախկին դարերու բոլոր զինուորականութեան եւ պատերազմներու ընդհանուր դիմագիծը ըլլալով հանդերձ՝ մենք վերստին կը դիմենք մեր հեղինակին. «Անկումի Պատմութեան» բովանդակութեանն ու վկայութեանը։

«… Հռոմի նման՝ Թուրքիան եւս մշտական պատերազմի մէջ էր»։

«Երկու ընկերութեանց եւ պետութեանց ծագումին ու հիմունքներուն միջեւ եւս նմանութիւն կայ»։

«Հռոմուլոսի հպատակները Հռոմի առաջին զինուորներն էին։ Ժամանակին, արդէն Հռոմը ամբողջ այս զինուորներէն էր բաղկացած։

«…Հռոմի բնակիչները մեծ ուրախութիւնով ու յափշտակութիւնով կը պատերազմէին, որովհետեւ պատերազմէն յետոյ բոլորն ալ մեծ աւարով կը վերադառնային։ Հին Հռոմի մէջ արհեստ ու վաճառականութիւն չկար»։ (երես 33)

«Այն տեղ միայն աւարի վրայ կը մտածէին ու կը խօսէին։ Մոնթէսքիէօ Հռոմի այս դրութիւնը կը նմանցնէ Թաթարներու մէջ տիրող կարգին…»։ (Երես 33)

«Հռոմի առաջին շրջանին եւս մեր մէջ եղած վիճակը կը տեսնենք։ Այս տեղ եւս հարստութեան տիրանալու համար պատերազմի կ՚երթային։ Մեծ քանակութեամբ աւար առնելէ դուրս հնար չկար։ Վաճառականութիւնն ու արհեստները գերիներու աշխատանքի բաժինն էր»։ (Երես 52)։

«Օսմանցիներու նուաճողական շրջանին մէջ, Թուրքերը [1] վաճառականութեան, արհեստի, երկրագործութեան շատ ալ չէին կարող նայիլ…»։ (Երես 52) [2]

«…Որովհետեւ, նախ՝ պատերազմներու եւ յաղթութիւններու մասնակցելով՝ թշնամիին երկրին մէջ արշաւել ու առատ ապրանք ու հարստութիւն ձեռք բերելը աւելի հեշտ բան էր, երկրորդ՝ յաղթութիւններով արբեցած առանձնաշնորհեալ ազգի մը, պատերազմիկ գունդերու համար քիչ մը ծանր կուգային արուեստներ ու արհեստները»։ (Երես 53)։

Սէլճուքեաներն ալ իսլամ պետութիւն էին, բայց անոնք կը կրէին քիչ ու շատ ազգային դիմագիծ։ Իսկ Թրքականը կամ Տաճկականը՝ բոլորովին ապազգայնացած, միմիայն կրօնքով միացած եւ ամէն ազգերէ առնուած բաբելոնեան խառնուրդ մըն է միայն։

Հեղինակը, սակայն, Հռովմէական ու Օսմանեան կայսրութեանց մէջ նմամագիծեր ցուցադրելով հանդերձ՝ ուշադրութիւն չի դարձներ տարբերութեանց մասին, տարբերութիւններ՝ որոնք կը հեռացնեն երկուքին պատկերը իրենց պատմական դերովն ու արժէքովը։

1. Հռոմի՝ ինչպէս բոլոր հին ու նոր վարձկան բանակներու եւ Օսմանեան այդ հաւքտուկ ղանայիմով միայն վարձատրուող բանակներու կազմութեան մէջ նմանութիւն չկայ։

«2. Հռոմը չէ՛ եղեր կրօնական պետութիւն եւ բոլոր խառնուրդները Հռոմի պետութեան մէջ են ձուլուեր ու լուծուեր։

3. Հռոմը արշաւանքներ կը կատարէր, բայց միշտ Հռոմ կը վերադառնար։ Հռոմը Հայրենիքն էր եւ նուաճուածները՝ գաղութներ։

Մինչդեռ, Օսմանեանը՝ ամբողջովին հակապատկերն է։

ա. Օսմանեան մահմետական պետութեան բանակները ուրոյն հայրենիք եւ միակ կեդրոնավայր չունէին։ Անոնք շարունակ կ՚արշաւէին, առաջ կ՚երթային, առանց վերադարձի նպատակ եւ կեդրոն ունենալու։ Եւ քանի առաջ կ՚երթային, թագաւորանիստ քաղաքն ալ կը փոփոխուէր։

բ. Օսմանեան կայսրութեան համար տիրապետող ազգ, ժողովուրդ չկար, այլ արշաւող, տիրող բանակ։

գ. Այդ բանակը ամէն տեղ օտար էր եւ միայն սուրի, հուրի եւ աւարի միջոցով իշխող։

դ. Օսմանեան կայսրութիւնը միակն է բոլոր այլ մահմետական պետութեանց մէջ՝ որ անօրինակ կերպով ապազգային է եղեր։ Բոլոր հին ու նոր մահմետական պետութիւնները՝ Արաբական, Պարսկական, Ապպասիական, Սէլճուքեան, Եգիպտական, Մարոքեան, Միջին Ասիոյ Խիվայի, Աֆղանի եւ այլ խանութիւններն ու պետութիւնները, բոլորն ալ կրեր են ազգային բնոյթ։ Մինչեւ Չինաստան բոլոր այդ պետութեանց մէջ իշխող ցեղեր են եղեր թուրք կամ թաթար՝ ինչպէս Օսմանեանը, եւ Չէրքէսներ, բայց պետութիւնը մնացեր է Պարսկականը՝ Պարսիկ, Չինականը՝ Չին, Արաբական կամ Եգիպտականը՝ Արաբ կամ Եգիպտական, ինչպէս եւ Մարոքականը՝ Մարոք, ելն. ։

Նոյնիսկ Ճէնկիզ խան Թիմուր Լէնկեան պետութիւնները, թէեւ աշխարհասասան նուաճումներով իրենց սահմանները շատ են ընդլայներ, բայց միշտ մնացեր են Միջին Ասիական պետութիւն եւ իրենց հայրենիքը կեդրոն կամ յետադարձ վայր։

Միմիայն օսմանեանն է որ զուրկ է եղեր այս յատկութենէն, եւ մենք մասնաւորապէս կանգ կ՚առնենք այս բացառիկ երեւոյթին վրայ, որովհետեւ պիտի տեսնենք ասոր նոյնքան բացառիկ դերը կայսրութեան կեանքին ու պատմութեան վրայ։

Հեղինակը՝ որուն շարք մը քննադատութիւնները անխնայ ու անվերապահ, աննախապաշարեալ են եղեր, հազիւ թէ նշմարած չըլլար այս երեւոյթը. բայց որովհետեւ գլխաւոր նպատակ է ունեցեր՝ ինչպէս ամբողջ Երիտասարդ Թուրք դպրոցը, ստեղծել թուրք ազգութիւն մը, կրօնափոխութիւնը համարելով իբրեւ ձուլում կամ թրքացում, իրաւունք կուտայ մեզի ենթադրելու թէ՝ դիտմամբ անտես առած է այդ բացառիկ երեւոյթը եւ անխտիր կը գործածէ օսմանցի, օսմանցի թուրք, օսմանցի ազգ, միլլէթը իսլամիյէ (իսլամ ազգ) բառերը կամ թերմինները՝ թրքութեան իմաստով։



[1]            Ստորագծումը մերն է, որովհետեւ ինչպէս տեսանք, բանակը կազմուած ըլլալով ամէն ազգի մահմետական տարրերէ, այլ եւս ճիշտ չըլլար զանոնք թուրք անուանել։

[2]            Բնա՛ւ ալ չէին կարող և չե՛ն նայած, չե՛ն հետեւած։