IX
Ինչպէս
մէկ
քանի
անգամ
ըսինք,
Ճէլալ
Նուրի
պէյ
իր
լայն
մտքերով
եւրոպական
ազատախոհի
աստիճան
ազատամիտ
եւ
անվերապահ
քննադատ
մը
ըլլալով
հանդերձ՝
Երիտասարդ
Թուրք
դպրոցի
վաղեմի
նախապաշարումով
գերուած
ու
կաշկանդուած,
բայց
աւելի
նրբացած
շովէն
մըն
է:
Այս
նախապաշարման
եւ
շովինիզմի
հետեւանքն
է
որ
պատմական
շարք
մը
պատկերներ
վերիվայր
կը
շրջէ
ու
հակասական
եւ
անհիմն
եզրակացութեանց
կը
հասնի:
Այդ
նախապաշարումներէն
ու
անհիմն
եզրականութիւններէն
մէկն
էր
հպատակ
քրիստոնեայ
ազգութիւնները
իբրեւ
անկումի
պատճառներէն
մէկը
նկատելը:
Ըսի
արդէն
թէ
Ճէլալ
Նուրի
պէյ
դեռ
ասով
ալ
բաւականար
եւ
աւելի
վտանգաւոր
թէզի
կը
դիմէ,
աւելի
հեշտութեամբ
ձուլումի
հարցին
անցնելու
համար:
Դիմե՛նք
իր
թէզին.
«Ամէն
ազգ
առանձին
ազգութիւն
մը
կը
կազմէ՝
որ
Օսմանեան
ընդհանուր
իրաւագոյութեան
մը
մէջ
(ԳԳԳ)
տեղ
չի
կրնար
ունենալ:
Այս
մասնաւոր
ազգութիւններէն
բարձր՝
ընդհանուր
եւ
պաշտօնական
ազգութիւն
մը
կայ,
այդ
ալ
Օսմանցիութիւնն
է»
(երես
74):
Հեղինակին
բացատրութեամբ,
Օսմանցիութիւնը
աւելի
պարզ,
աւելի
որոշ
է:
Ան
բացէ
ի
բաց
կը
յայտարարէ
թէ՝
Օսմանացիութիւնը
ազգութիւն
մըն
է,
ընդհանուր,
պաշտօնական
ազգութիւն
մը,
այսինքն
Թրքութիւնը՝
որուն
ընդհանուր
իրաւատիրութեան
կամ
իրաւագոյութեան
մէջ
մասնաւոր
ազգութիւնները
տեղ
չեն
կրնար
ունենալ:
Այդ
մենք
վաղուց
գիտէինք,
բայց
մեր
գիտցածը
կամ
ըմբռնածը
մեզի
այսքան
որոշ
չէր
ըսուած:
Մեզի
կ՚ըսէին
թէ
Օսմանցիութիւնը
օսմանեան
տարրերու
կամ
ազգերու
միութիւնն
է
(ԳԳԳ).
իսկ
միութիւնը
մասերով,
անդամներով
կը
կազմուի,
եւ
հետեւաբար
իւրաքանչիւր
մաս
կամ
անդամ
միութեան
մէջ
տեղ
կ՚ունենայ,
ուստի
եւ
ընդանուր
իրաւատիրութենէն
կամ
իրաւագոյութենէն
ալ
բաժին:
Հոս
Ճէլալ
Նուրի
կը
մերժէ
ընդունիլ
ինքնորոշ
ազգերէ
եւ
անդամներէ
բաղկացած
միութիւնը
եւ
միութեան
անդամներու
իրաւագոյութիւնը
կամ
ընդհանուր
իրաւունքին
բաժնետիրութիւնը:
Ի
հարկէ,
իրականութեան
մէջ
դէպի
հպատակ
ազգերը
գոյութիւն
ունեցած
վերաբերմունք
մօտ
մէկ
դարէ
ի
վեր
այդպէս
է
եղեր.
բայց
գոնէ
տեսականապէս
մեզի
այդ
ոգիով
կամ
այդքան
յստակօրէն
չէին
պարզած:
Բայց,
ճիշտ
այդ
մտայնութիւնն
է
որ
գոնէ
վերջին
մէկ
դարու
յուզումներուն
շարժառիթն
է
եղած.
—
մէկ
կողմէն
առ
հասարակ
օրէնքի
ու
արդարութեան
յարգանքի
բացակայութիւն
եւ
զուլում,
եւ
միւս
կողմէն՝
քրիստոնեաներուն
մասնաւորապէս,
եւ
ո՛չ-թուրք
համարուածներուն
ընդհարապէս,
իրաւունքներէ
զրկանքը
մղեր
են
ակամայ
ըմբոստութեան
ու
անջատողականութեան:
Արդ,
մարդ
ապշած
կը
մնայ
թէ
ի՞նչպէս
մեր
ժամանակակից
թարմ
դէպքերն
ու
փաստերն
անգամ
բաւական
չեն
եղած
այդ
մտայնութիւնը
ջնջելու:
Հեղինակին
նրբամտութիւնը
հոն
կը
կայանայ՝
որ
այդ
տողերէն
անմիջապէս
յետոյ
կ՚աւելցնէ.
—
«Ինչպէս
անհատական
ազատութիւնը
ուրիշի
անհատական
ազատութիւնով
սահմանաւորուած
է,
ազգային
ազատութիւնն
ալ
այդպէս
է
սահմանափակուած»
(երես74):
Այս
սկզբունքը,
սակայն,
հակասութիւն
կը
կազմէ
վերեւի
թէզին:
Երբ
ազգերու
ազատութիւնը
կը
սահմանաւորուի
մէկ
կամ
միւս
ազգին
ազատութեամբը,
բնականաբար
Թուրքն
ալ
այդ
սահմանին
մէջ
կը
մտնէ,
քանի
որ
օսմանցիութեան
մէջ
մասնաւոր
ազգութիւններ
իրաւագոյութեան
տեղ
չեն
կրնար
ունենալ:
Ահա՛
թէ
ինչպէս
հեղինակը
կը
հաշտեցնէ
այս
ակներեւ
հակասութիւնը:
Որովհետեւ
ըստ
իր
թէզին՝
օսմանցիութիւնը,
իմա՛
թրքութիւնը,
գերիվեր
է
քան
բոլոր
մասնաւոր
ազգութիւնները
եւ
հետեւաբար
իրաւատիրութիւնը
միայն
անոր
կը
պատկանի.
լացող
երեխայի
բերանը
շաքար
դնողի
նման՝
ձուլումի
քաղաքականութիւնը
չի՛
կրնար
գործադրուիլ
ըսելով
հանդե՛րձ,
հեղինակը
կը
շարունակէ.
—
«Օսմանեան
կառավարութիւնը
իր
հովանաւորութեան
ու
պաշտպանութեան
տակ
կը
պահէ
մասնաւոր
ազգերը
եւ
ձեռք
կ՚առնէ
անոնց
առաջադիմութեան
ու
կատարելագործման
միջոցները.
կրօնական
առանձնաշնորհումները
միմիայն
զուտ
կրօնի
յատուկ
ըլլալու
պայմանով՝
կը
պահուին,
եւ
հետեւաբար
Պատրիարքարաններու
եւ
Խախամարաններու
կուլտուրական
եւ
քաղաքական
առանձնաշնորհումները
ջնջուած
են»
(երես74):
Ինչպէս
կը
տեսնուի,
միջնադարեան
«Էմանէթուլլահ»,
աստուծային
աւանդ
—
ինչպէս
կ՚ըսէին
քրիստոնեաները.
իմա՛
կեավուրները
ջարդէ
խնայելու
համար
—
բառերուն
տեղ
բռնած
են
հովանաւորութիւն
եւ
պաշտպանութիւն
բառերու
ֆորմուլները,
ուրիշ
խօսքով,
ոչ-մահմետականները
իրաւատէր
չըլլալով՝
կուլտուրական
կեանքէ
ու
ինքնազարգացման
իրաւունքէ
ալ
կը
զրկուին
եւ
կը
վերածուին
զուտ
կրօնական
համայնքներու,
կրօնական
հասարակութեանց,
որոնք
խնամակալութեան
ենթարկուած
են:
Հապա
մահմետական
այլ
ազգե՞րը.
—
հեղինակը
անոնց
մասին
լուռ
է:
Լուռ
է
անկասկած
խոհեմութեան
համար,
եւ
սակայն
ազգային
զգացումով
վերազարթնող
մահմետական
ազգերու
հանդէպ՝
ինչպէս
օրինակ,
Ալպանացիներու
հանդէպ,
«Երիտասարդ
Թուրքեր»ու
ունեցած
վերաբերումը
աչքի
առջեւ
ունենալով՝
գիտենք
արդէն
որ
անոնց
ազգայնութիւնն
ալ
այն
հալածանքին
եւ
այն
անիրաւատիրութեան
ենթարկուած
է՝
ինչպէս
քրիստոնեայ
ազգերունը:
Ո՛չ
թէ
քսաներորդ.
այլ
միջին
դարու
մէջ
անգամ,
նոյնիսկ
հեղինակին
խոստովանած
ու
ձաղկած
տուեալներով՝
այսպիսի
տարամերժ
միտք
պաշտպանել
անհնար
էր:
Բայց
արդեօք
հնարաւո՞ր
է
այդպիսի
ծրագիր
մը
իրագործել,
որ
պարզապէս
ձուլումի
քաղաքականութիւնն
է:
Այս
հարցը
վերլուծելէ
առաջ,
մենք
վերստին
կը
դիմենք
հեղինակի
ձուլումի
մասին
ունեցած
տեսութիւններուն:
—
«Նախկին
դարերու
մէջ՝
երկրի
մը
տիրող
յաղթականները
ձուլումի
քաղաքականութեան
հետեւելով,
տիրապետուած
երկրին
ազգութիւնն
ալ
կը
նուաճէին,
ինչպէս
Արաբները
ըրած
են…»
(երես
64):
«Այդ
կողմէն
Թուրքերը
այնքան
ալ
առաջ
չեն
կրցեր
երթալ,
անոնք
ազգային
գաղափարին
ու
տեսականին
ուշադիր
չեն
եղեր:
Ամէն
բանէն
առաջ
«կրօն»ին
են
կարեւորութիւն
տուեր,
այդ
պատճառով
ալ
թէեւ
կրօնով
ձուլեր
են
Արնաւուտներն
ու
Պօշնակները,
բայց
ազգային
տեսակէտէն
չեն
ջանացեր
զանոնք
Թուրք
մեծ
ընտանիքին
կցել:
Արդեօք
ինչո՞ւ
առաջին
Օսմանացիները
ուրիշներու
նման
այս
կէտին
կարեւորութիւն
չեն
տուեր:
Արդեօք
այն
ժամանակները
հնարաւո՞ր
չէր,
թէ
հնարաւոր
էր՝
բայց
անհոգ
են
գտնուած:
Այս
հարցումներուն
վերջնականօրէն
պատասխանել
շատ
դժուար
է:
Եթէ
դիտենք
որ
լիակատար
պատմական
վկայութիւններ
չունինք
եւ
եղած
պատմութիւններն
ալ
միայն
քաղաքական
պատմութիւններ
են.
այն
ատեն
այս
դժուարութիւնը
աւելի
եւս
յայտնի
կ՚ըլլայ»
(երես
65):
«Սակայն,
կարող
ենք
մօտաւորապէս
ըսել
որ
առաջին
Օսմանցիները
այս
գործին
մէջ
թէ՛
զանցառու
գտնուեցան
եւ
թէ՛
չգտնուեցան.
այն
ժամանակներուն,
ձուլումը
թէ՛
կարելի
էր
եւ
թէ՛
կարելի
չէր...
»
(երես
65)
«…Կը
կարծեմ
թէ
անոնց
նպատակը
այնքան
ալ
շատ
բովանդակալից
չէր.
ապագայով
իրենց
ուղեղը
չէին
յոգնեցներ,
անոնց
համար
է՛ն
կարեւոր
հարցը
ներկան
էր.
տարաբաղդաբար
Օսմանցիներուն
այս
հոգեբանական
սխալը
կը
տեսնենք
ամէն
բանի
մէջ։
Թուրքերը
շատ
տեղեր
են
նուաճեր,
տիրացեր
եւ
շատ
տեղերէ
ետ
են
քաշուեր…
այս
պատճառով՝
մէկ
տեղի
մէջ
մշտապէս
մնալ,
այն
տեղը
շէնցնելու
եւ
բարգաւաճեցնելու
միտքը
հին
թուրք
ընկերութեան
մէջ
այնքան
ալ
մուտք
չէր
գտած:
Ասոր
հակառակ
կարծիքն
ալ
պաշտպանենք.
թուրքերը
ձուլելու
շատ
աշխատանք
թափեցին…:
Թուրքերը
իրենց
հաւաքած
մանուկները
մահմետականացուցին,
բոլոր
Եէնիչէրիները
—
անկասկած
առաջին
Եէնիչէրիները
—
ձուլուած,
թրքացած
քրիստոնեաներ
էին.
անկասկած
որ
Յաղթող
Օրխանի
նպատակը
ձուլումի
քաղաքականութեան
մէկ
ձեւի
գործադրութիւնն
էր»:
«Լեզուի
մէջ
ձուլում
կը
տեսնենք…:
Ինչո՞ւ
միայն
լեզուական
ձուլում
է
եղեր
ու
կրօնականը,
ազգայինը
չէ՛
եղեր.
—
այս
պարագաները
քննել
դժբաղդաբար
մեր
կարողութեան
սահմանին
մէջ
չէ:
Անատօլիի
նահանգներուն
մէջ
բնակող,
այն
եւս
ո՛չ
թէ
ցիր
ու
ցան,
այլ
խմբովին
ապրող
Յոյները
իրենց
լեզուն
մոռցած,
բոլորն
ալ
թուրքերէն
կը
խօսին
ու
կ՚աղօթեն…»:
«Նոյնպէս
Հայերու
մէկ
կարեւոր
մասը՝
միայն
թուրքերէն
կը
խօսի,
հայ
լեզուն
նոր
կ՚ընդհանրանայ.
հնուց
թուրքերէնը
Հայերուն
ընդահնուր
լեզուն
էր»:
[1]
(երես
66—67):
Ինծի
թոյլ
չեմ
տար
որ
ըսեմ
թէ
հեղինակը
պատմութեան
տգէտ
է
եւ
չի
գիտեր
որ
պատմականօրէն
Թուրքերուն
բացարձակապէս
անհնար
էր
հետեւիլ
ձուլումի
քաղաքականութեան:
Այդ
ամէնը
գիտէ
եւ
պիտի
ցոյց
տամ
որ
գիտէ:
Բայց
երեւի,
ինքն
իսկ՝
որ
ծագումով
թուրք
չէ,
այդքան
ուժեղ
թրքանալուն
նայելով,
կ՚ենթադրէ
որ
այն՝
ինչ
որ
սկիզբները
կարելի
չէր,
այժմ
կարելի
է.
եւ
այդ
ենթադրութիւնը
գործադրութեան
մէջ
դնել
տալու
նախանձախնդրութեամբ՝
ձուլումի
ծրագիրներ
իսկ
կ՚առաջարկէ,
ինչպէս
առաջարկեր
է
1911ին
Իթթիհատի
Սալոնիկեան
հռչակաւոր
գոնկրէին:
(երես
74):
Ձուլումի
քաղաքականութիւնը
այդքան
ուժեղ
ու
յանդուգն
կերպով,
նոյն
իսկ
ծրագրային
առաջարկներով
պաշտպանելով
հանդերձ՝
երիտասարդ
հրապարակագիրը
պէտք
կը
զգայ
դարձեալ
զգուշութեանց
դիմել,
ըսելով,
«Միջանկեալ
կերպով
սա
ալ
ըսենք
որ
մեր
այս
գլխի
բովանդակութենէն
չի
հասկցուիր
թէ
մենք
ձուլումի
դէմ
կամ
թեր
ենք.
մենք
այս
տեղ
դէպքերու
ընթացքէն,
պատմութենէն
կը
խօսինք.
հարցը
չենք
քններ
ու
դատեր
փիլիսոփայական
տեսակէտէ»
(երես
67):
Աւելորդ
եւ
միամիտ
բացատրութիւն…:
Փիլիսոփայական
հայեցակէտը
պատմութեան
վրայ
կը
յենուի:
Ընկերային
հարցերու
փիլիսոփայութիւնը
պատմութենէն
կը
բղխի
եւ
անկէ
անբաժան
է,
իսկ
պատմութիւնը
այնպէս
չեն
պատմեր,
ինչէս
հեղինակը
կ՚ընէ:
Պատմութեան
չոր
ու
ցամաք
դէպքերը
պատմել
այլ
բան
է,
դատել,
քննադատել
ու
վերլուծելը
ուրիշ
բան:
Ինք
կը
քննադատէ
ու
կը
վերուծէ,
ո՛չ
թէ
կը
պատմէ
հաւատարիմ
կերպով:
Յարգելի
հեղինակը
իր
այս
մեթոտովը՝
1.
—
Ամենամեծ
ապերախտութիւնը
կը
գործէ
Օսմանեան
աշխարհակալներու
նկատմամբ,
որոնց
ո՛չ
միայն,
իրենց
ժամանակի
համեմատութեամբ,
ռազմական
կարողութիւնովը,
այլեւ
մանաւանդ
աշխարհավարութեան
արտակարգ
կարողութեամբն
է
որ
հսկայ
կայսրութիւնը
հիմնուեր
է:
2.
—
Բացարձակապէս
կը
հակասէ
ինք
իրեն:
Իր
վկայութիւնները
անվիճելիօրէն
կ՚ապացուցանեն
թէ
աննշան
թւով
եկւոր
Թուրքերուն
անհնար
էր
ձուլել
բազմամիլիոն
բնիկ
տարրը:
Ձուլումը
կը
կատարուի
բիրտ
եւ
քաղաքակրթական
ուժով
միանգամայն:
Ի՞նչպէս
եկւոր,
աննշան
թւով
տարր
մը
պիտի
ձուլէր
բնիկը՝
քանի
որ
ինքը
չունէր
լեզու,
գիր,
գրականութիւն,
արհեստ,
արուեստ
եւ
այն
ամէնը՝
ինչ
որ
քաղաքակրթութիւն
կը
կոչուի:
Ընդհակառակը,
թուրքերը
իրենց
են
իւրացուցեր
տեղացիներուն
լեզուն,
գրականութիւնը,
բայց
ստեղծագործական
աշխատանքի
ո՛չ
մէկ
ընդունակութիւն
ցոյց
չեն
տուեր:
3.
—
Այժմ
աւելի
եւս
անհնար
է
ձուլում
գործ
դնել,
որովհետեւ,
բացի
համաշխարհային
քաղաքակրթական
պայմաններէն,
այսօրուայ
թուրք
ըսուածները
այլեւս
նախկին
զուտ
արիւն
Թուրքերը
չեն,
այլ
բաբելոնեան
խառնուրդ
մը,
եւ
հետեւաբար
անբնական
ու
անկարող
են
թուրք
մեծամասնութիւն
մը
ստեղծելով
ձուլումը
իրականացնել:
4.
—
Չունենալով
քաղաքակրթութիւն
եւ
աշխատանք,
հուրի
ու
սուրի
միջոցով
բռնի
իսլամացումի
եւ
կոտորածներու
դիմուելէն,
այսինքն
ձուլումի
քաղաքականութիւնը
գործ
դրուել
սկսելէն
ի
վեր
է
որ
սկսեր
է
կայսրութեան
անկումը,
հետեւաբար
ձուլումը
ո՛չ
թէ
կայսրութեան
պահպանութեան
եւ
բարգաւաճման՝
այլ
անկման
պատճառն
է:
5.
—
Ժամանակակից
քաղաքակրթութեան
բերմամբ՝
ո՛չ
մէկ
երկրի
մէջ
այլեւս
ձուլումը
չի
յաջողիր.
առաւել
եւս
չի
յաջողիր
բնաւ
Թուրքիոյ
մէջ:
6.
—
Թուրքիան
չի
կրնար
իբր
ապագային
—
զուտ
իսլամ
պետութիւն
յանուն
կրօնի՝
հպատակի
դերին
մէջ
մնալ.
ուստի
եւ
Օսմանեան
կայսրութեան
վերածնունդը
կախուած
է
ոչ
թէ
ձուլումէն,
այլ
իրաւահաւասարութենէն,
անկախ
կրօնէ՝
ազգերու
կազմելիք
համերաշխ
միութիւնենէն:
[1]
Որքա՜ն
սխալ:
Թրքախօս
գաւառներ
ունինք,
բայց
երբեք
թուրքերէնը
Հայուն
ընդհանուր
լեզուն
չէ՛
եղեր:
Գաւառներէն
ոմանց
թրքախօս
ըլլալն
ալ
ո՛չ
թէ
հին,
այլ
վերջին
մէկ
երկու
դարի
գործ
է: