Օսմանեան կայսրութեան անկման պատմութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

V.

Արդէն ցոյց տուի Ճէլալ Նուրի պէյի պատմական վերլուծական ուղիղ դատողութիւններէ զերծ այն մասը, ուր շրջելով իրականութիւնը՝ շրջեր էր անյաւասարութեան ծանրութիւնը մահմետական գիւղացիութեան կողմը եւ ներկայացուցեր էր թուրք կամ մահմետական գիւղացիութիւնը աննպաստ պայմաններու մէջ դրուած՝ գոյութեան կռուի ասպարէզին վրայ։

Հեղինակը միեւնոյն տեսութեան կից կատարեր է այլ շեղում մըն ալ ներքին խռովութեանց, աւելի պարզը՝ ապստամբութեանց վերաբերմամբ, վերագրելով քրիստոնեայ ցեղերու ապստամբութիւնները Եւրոպական Պետութեանց եւ մանաւանդ Ռուսաստանի դրդման հետեւանք։

Հեղինակին ակնարկած խռովութիւնները կամ ապստամբութիւնները՝ թէեւ յականէ անուանէ չէ՛ յիշատակած, բայց հասկանալի է որ Յունական, Ռումանական, Սերպիական, Սեւլեռնական եւ Պուլկարական ապստամբութեանց է ակնարկը, որոնց մէջ կարելի չէ հերքել ե՛ւ օտարի, մանաւանդ Ռուսաստանի ալ երբեմնի քաջալերութիւնն ու պաշտպանութիւնը։

Բայց արդեօք օտարի դրդումն է եղեր միմիայն պատճառը այդ խռովութեանց ու ապստամբութեանց։ Եթէ րոպէ մը այդպէս ընդունէինք, ստիպուած պիտի ըլլայինք հերքել հեղինակին մէկ ուրիշ չափազանց ուղիղ դատողութիւնը։ Ինչպէս տեսանք, ան այս երկրի բոլոր դժբաղդութեանց պատճառը կը համարէ անվարչագիտութիւնը, բացարձակ համոզումն ունի թէ «Արեւելեան Հարց ըսելով՝ պէտք է հասկնալ իտարէսիզ ըլլալու հարցը»։

Եւ կ՚աւելցնէ. «Եթէ Ռուսաստանը եւ անոր հետեւողութեամբ Արեւելեան Հարցի գլխաւոր դերակատարները՝ միւս տէրութիւնները՝ գտած չ՚ըլլային օսմանեան կայսրութիւնը այսպիսի անկարգ դրութեան մէջ, չէին կրնար դրդել զանազան տարրերը»։

«Մեր գլխուն եկածները բոլորն ալ այս անվարչագիտութենէն է, վարչական ապիկարութենէ ու զեղծումներէ առաջ եկած են անոնք։ Եթէ զանազան տարրեր վերջին ժամանակներս անկախ կառավարութիւններ հիմնել յաջողեցան՝ այս վարչական զեղծումներուն շնորհիւն է…» (երես 79)

Հետեւաբար, հեղինակին կողմէ բացարձակ հակասութիւն, աններելի սխալ է ենթադրել որ խռովութեանց եւ ապստամբութեանց դիմագրաւելու համար մշտապէս զինուորութեան կարօտութիւնը անխուսափելի անհրաժեշտութիւն էր։

Սխալ է հետեւցնել եւ ըսել թէ՝ Արեւելեան խնդիրը հէնց որ բացուեցաւ՝ պատերազմի պատրաստ գտնուելու դրութիւնը շարունակուեցաւ, որուն նպատակակէտն էր ինքնապաշտպանութիւնը (երես 56)։

Փոխանակ բանակներու եւ պատերազմներու ետեւէ իյնալու, փոխանակ պատերազմներով պաշտպանուելու՝ վարչական բարեկարգութիւն եւ արդարութիւն գործ դնելով՝ ժողովուրդներուն գանգատներուն եւ տէրութեանց միջամտութեան պատճառները պէտք էր ջնջել։ Այդպէս չվարուիլ կը նշանակէ յամառութեամբ մնալ զեղծումի, կեղեքումի, հպատակ ազգեր ճնշելու աշխարհավարութեան մէջ, իսկ այսպիսի ինքնասպան յամառութիւնը անհրաժեշտութիւն չէ. հետեւաբար դատապարտելի դրութիւն մը շարունակելու համար՝ նախամեծար համարուած պատերազմները ո՛չ թէ ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտութիւններ էին, այլ դատապարտելի ոճիրներ. որոնք մեր օրերուն ալ կրկնուեցան ու կը կրկնուին։

Հայրենասէր անկախ միտքը պէտք է այս ճշմարտութիւնը խոստովանի։

Թանզիմաթի եւ սահմանադրութեան վիժման եւ օրէնքներու անգործադրելի մնալուն վերաբերմամբ՝ հեղինակին տեսութիւնները աւելի անկախ ու ազատ են։

«Եթէ օրէնք մը բաղձացուած չափով չի գործադրուիր եւ եթէ անոր գործադրութենէն մեծ արդիւնք մը չի տեսնուիր, կա՛մ այն է որ օրէնքը ժամանակի պահանջներուն, ազգի կարօտութեանց անհամապատասխան է, եւ կամ գործադրելու պաշտօն ունեցողները անկարող են»։

«…Միւնթէֆիքի աշիրէթ ժողովուրդն ու Եգէական ծովի կղզիներուն ժողովուրդը, եւ այս ժողովուրդներուն միջեւ եղած ահռելի տարբերութիւնը ուշադրութեամբ դիտեցէք, եւ ապա լաւ քննեցէք թէ՛ թանզիմաթի ֆէրմաններուն եւ թէ՛ սահմանադրութեան կողմէ նոյն ժողովուրդները միեւնոյն հաւասար աստիճանի վրայ նկատուիլը, այն ատեն իսկոյն եւ եթէ կը հասկնաք թէ ինչո՛ւ այդ օրէնքները չգործադրուեցան»։ (երես 45-46)։

«Կիւլհանէի Խաթթը Հիւմայիւնը մեծ հանդիսաւորութեամբ կարդացուած ժամանակ՝ ո՛չ թէ հասարակութիւնը, այլ աւագանին անգամ անկէ բան չէր հասկնար։ 93ի Սահմանադրութիւնը հրատարակուած ժամանակ՝ Օսմանացիները այդ օրէնքը ուրիշ օրէնքներէ, օրինակ, որսորդութեան ու ձկնորսութեան օրէնքներէն շատ ալ տարբեր չեն նկատած»։ (երես 46)

«Սուլթան Սէլիմ Գ. ի ժամանակէն ի վեր եկող պետական մարդիկ՝ եթէ մեր մէջ կրթական ծրագիր մը մշակէին ու գործադրէին՝ տարակոյս չկայ որ 25-30 տարուան մէջ ընդհանուր զարթնում առաջ կուգար. անոր կը յաջորդէր տնտեսական յառաջդիմութիւն, եւ Սահմանադրութիւնը ինքնիրեն կը գոյանար։

«Բայց մեր մէջ այս պարագան մոռցուեցաւ։ Տնտեսական օրէնքներով՝ ազգը հասունցնելու կարգ ու կազմակերպութիւններով զբաղող չեղաւ, որով՝ Թանզիմաթն ու Սահմանադրութիւնը պէտք եղած չափով արդիւնաւէտ չդարձան։

«Նոյն պետական մարդիկը չկրցան քննել ու իմանալ՝ թէ վերջին դարերուն հարստացած երկիրներու մէջ արտադրուած ազգային հարստութիւնները մեր մէջ ալ ինչպէս կարելի է ստեղծել. Պուկարիա, Յունաստան եւ Սերպիա յառաջդիմեցին, Պոսնիան առաջ անցաւ. Անգլիական գրաւման ենթարկուած Եգիպտոսի մէջ՝ Ֆրանսացի եւ Անգլիացի վարիչներ մուտք գտած ըլլալնուն շնորհիւ՝ յառաջդիմութիւն գոյացաւ, Հարաւային Ամերիկան քառասուն-յիսուն տարի առաջ ոչինչ ըլլալով հանդերձ՝ այսօր իր յառաջդիմութիւնն ու հարստութիւնը նախանձ շարժելու աստիճանին են հասած. Քանատան, Քէյփը, Թրանսվալը եւ Աւստրալիան քսան տարուան մէջ խելք միտք զարմացնող բարգաւաճում ցոյց տուին, իսկ Ճաբոն աշխարհը զարմացուց։ Այս բոլոր կատարելագործմանց առաջ գալը հարկաւ շարք մը կարգ ու կանոններու գործադրութեան կը կարօտի։ Որո՞նք են ատոնք։ Ինչո՞ւ մեր մէջ յառաջդիմութիւնը դժուարութիւններով եւ հազար տառապանքներով առաջ կուգայ…»։

«Ասոր գաղտնիքը գուշակելու համար մեծ կարողութեան հարկ չկայ։ Այս երկիրներուն մէջ ընկերային ու տնտեսական յառաջդիմութեան պատճառ եղող բոլոր օրէնքները՝ հաստատուած, եւ յարատեւ հաստատակամութեամբ, բարեխիղճ ու լուրջ ջանքերով գործ դրուած են։ Թուրքիոյ մէջ ո՛չ միայն այդպիսի նոր կարգեր չեն հաստատուիր, այլ եւ որքան սահմանափակող աւանդութիւններ որ կան, առեւտրական ազատութեան եւ տնտեսական ազատութեան հակառակ որքան կարգ ու կանոններ եւ սովորութիւններ որ ունինք, բոլորն ալ կատարեալ մոլեռանդութեամբ, ծայրայեղ տգիտութեան յաւակնութիւններով պահպանելու եւ պաշտպանելու են նուիրուած մեր ամբողջ ուժերը…» (երես 48)

Այս հարցին մէջ եւս յարգելի քննադատը ամբողջ ճշմարտութիւնները չէ՛ որ կ՚արտայայտէ։ Թէեւ ճշմարտութիւնն ամբողջացնելու համար դիտողութիւնն ու գաղափարները չեն որ կը պակսին իրեն։

«Ընկերային յեղափոխութիւն չեղած, ընկերային յեղափողութիւնը պատրաստելու համար տնտեսական ու կրթական յառաջդիմութիւն չգոյացած՝ քաղաքական յեղափոխութիւն կատարելը՝ կը նմանի պատրանքով սփոփանք գտնելուն։ Այդ պատճառով ալ մենք մեզի իրաւունք կը համարենք Յուլիսեան Յեղափոխութիւնը բնորոշել ու անուանել յեղափոխութիւն մը ըլլալէ աւելի՝ իբրեւ պետական հարուած»։ (երես 49)։

Ճէլալ Նուրի պէյի մէջ րոպէ մը կը շողայ արմատական, յեղափոխական ոգին եւ ֆրանսական Յեղափոխութեան օրինակով՝ ան կը փորձէ ցոյց տալ թէ ի՞նչպէս կը սկսի մեր Երկրին վերանորոգումը։

«Ֆրանսական Յեղափոխութեան ժամանակ, մեր ընկերվարական ընկերները այս մասին ինչ կ՚ուզեն թող ըսեն, առաջուց պատրաստուած հասարակական ընդհանուր կարծիք կար։ Ծայրայեղ անօթութեան հասած միլիոնաւոր ժողովուրդը՝ տիրող կրօնին, քաղաքական եւ վարչական դրութեան ու սիստեմին հակառակ գաղափարներ ունէր։ Արիւնահեղ քաղաքային պատերազմ սկսաւ. Վեհապետ, ազնուականութիւն, կառավարական ձեւ, հոգեւորականութիւն, կրօն, մինչեւ իսկ հաւատքը, ամեն բան տակն ու վրայ դարձուեցաւ։ Թագաւորի տեղ ընտրովի նախագահներ անցած, ազնուականութիւնը ջնջուեցաւ եւ միապետութիւնը ռամկավար հանրապետութեան փոխարկուեցաւ…»։ (երես 49)

«Ճիշտ է որ մեր մէջ ալ Յուլիսի դէպքերէն յետոյ Ապտիւլ Համիտ Բ գահընկէց եղաւ, բայց Ալ Օսմանի տան վեհապետութիւնը անդրդուելի ընդունուեցաւ, խալիֆայութիւն նուիրագործուեցաւ, Օսմանեան Կայսրութեան հիմերը չխաթարեցան, մահմետական հոգեւորականութեան եւ քրիստոնեայ հեգեւորականութեան վրայ ձեռք դնող չեղաւ. ո՛չ մէկ կրօնի, ո՛չ մէկ դաւանութեան դէմ ելլող չգտնուեցաւ» (երես 50)։

Այս բոլորը լաւ. բայց այս բոլորը ո՛չ միայն միակողմանի. այլ աւելի արդիւնք են քան թէ պատճառ. այդ պատճառներուն մէջ է որ հեղինակը չի մտներ։

Ճիշտ է որ օրէնքներու պակասներ շատ կան մեր մէջ, բայց ամէն բարիք օրէնքէն չի ծնիր եւ յաճախ օրէնքները չեն որ բարքերն եւ ուղղութիւնները կը ստեղծեն, այլ կեանքի մէջ մուտք գտած բարքերն ու պահանջներն են որ օրէնքով կը նուիրագործուին։

Մեր օրէնքները թերի են եղեր, որովհետեւ թերութիւնները չեն զգացուիր։ Մեր մէջ պակաս չեն քիչ ու շատ քաղաքակրթութեան առաջնորդող օրէնքներ, բայց անոնք ալ անգործադրելի են մնացեր՝ որովհետեւ տիրող բարքերն ու պահանջները հակառակ են եղեր նորութեան ու յեղաշրջման։

Իսկ այդ մտայնութիւնը փոխելու համար ալ անհրաժեշտ չէ որ հասարակութեան մէջ կրթութեան ընդհանուր մակարդակը շատ բարձրացած ըլլայ։ Եւ մեր մէջ կրթութիւնն ալ բոլորովին անտես առնուած չէ՛ եղեր։

Սխալ է ենթադրել թէ մեր մէջ Խուսրէվ, Րէշիտ եւ Միտհաթ փաշաներու նման վերանորոգիչներ հասարակական զարգացումը անտես են առեր։ Ընդհակառակը, Թանզիմաթի եւ Իսլահաթի Խաթթը հիւմայուններուն հետ միաժամանակ բարձրագոյն դպրոցներ են հիմնուեր. եւրոպացի վարիչներ եւ ուսուցիչներ են բերուեր, եւ Եւրոպայի զանազան համալսարաններն են ղրկուեր բազմաթիւ ուսանողներ։ Սուլթանիէի հիմնարկութիւնը երկրին համար վարիչ մտաւորական ուժեր հասցնելու նպատակ ունէր։ Առաջին հիմնուած բոլոր բարձրագոյն վարժարաններուն մէջ ալ սկիզբները ո՛չ-մահմետական ուսանողներ չէին ընդունուեր։

Եւ այս օր տասնեակներով, հարիւրներով չէ՛ որ կարելի է հաշուել բարձրագոյն կրթութիւն եւ մասնագիտութիւններ ստացած սերունդը, անոնք հազարներու կը հասնին։ Բայց հարցը անոր մէջ է թէ անոնցմէ քանի՞ն կարող է վարիչ ըլլալ, իսկական, գրական ծառայութիւն մատուցանել, քանի՞ն է որ նախապաշարումներէ ազատուած է, քանի՞ն է որ կատարուածին ու կատարուելիքի մասին յստակ գաղափաո ունի, քանի՞ն է որ նախաձեռնութեան ոգի եւ ընդունակութիւն ունի…։

Յարգելի հեղինակին փնտռած կրթեալ սերունդը արդէն կայ ուրեմն, եւ սակայն ան վերստին կը փնտռէ։

Չենք ուզեր ըսել եւ պաշտպանել թէ՝ մեր մէջ հանրային կրթութեան պակասութիւն չկայ, բայց այդ կողմէն գանգատելու աւելի իրաւունք ունեցողները առհասարակ մասսան եւ ի մասնաւորի ո՛չ-մահմետական հպատակները, մանաւանդ Հայերն են։ Ղեկավար տարրերը, մտաւորականութիւն ըսուած մահմետական դասը չի կրնար արդարանալ իր անկարողութիւնը եւ անընդունակութիւնը հանրային կրթութեան պակասին վերագրելով։

Ճաբոնն ալ Թուրքիոյ հետ գրեթէ միեւնոյն ժամանակ սկսաւ վերակազմութեան՝ թանզիմաթի, եւ գրեթէ միեւնոյն ձեւով, բայց մեր մէջ ամեն սկսուած լաւ ձեռնարկ աղճատուեցաւ, այլանդակուեցաւ, իսկ Ճաբոն անսայթաք շարունակելով իր ճամբուն մէջ՝ մեզի համար հրաշք համարուող քաղաքակրթութեան մը հասաւ։

Ուրեմն այս տեղ ուրիշ գաղտնիք մը, ուրիշ պատճառներ, ուրիշ ազդակներ կան՝ որոնց շնորհիւ այս երկրին մէջ կա՛մ ուղիղ ճամբան չի գտնուիր եւ կամ գտնուելէն ետք ալ՝ անոր մէջ յարատեւութիւն ցոյց չի տրուիր։

Պատճառներու պատմական վերլուծումը լրացնելու համար, յարգելի քննադատը պէտք է նախ յիշէր՝ որ մեր մէջ արդիացնող իսլահաթի, թանզիմաթի եւ մէշրութիյէթի ֆէրմաններն ու օրէնքները չեն հրատարակուած Երկրի տիրապետող տարրերի, թուրքերի որոշ դասի եւ դասակարգերի զգացած պահանջովն ու նախաձեռնութեամբը, այլ արտաքին ճնշման ու ազդեցութեան տակ, րէֆորմներ պահանջող Եւրոպային բաւարարութիւն տուած ըլլալու համար։

Ճիշդ է որ Րէշիտ, Ալի, Ֆուատ փաշաները դիւանագիտական ճարտարութիւն գործ դնելով հանդերձ՝ անկեղծ ցանկութիւնն են ունեցեր իսկապէս վերանորոգիչներ ըլլալու, անկեղծօրէն ցանկացեր են հրատարակուող օրէնքները գործադրելու, բայց ահագին օվկիանոսի մէջ իրենք մի կաթիլ ջուր անգամ չէին կարող ըլլալ։

Ճէլալ Նուրի պէյին շատ լաւ յատնի պիտի ըլլայ որ, թանզիմաթը՝ Ղըրիմի պատերազմի, Թուրքիան իրենց գանձովն ու բանակովը պաշտպանող Եւրոպական Պետութիւններու այդ զոհողութիւնները ստանալու փոխարինութիւնն է եղեր, եւ սակայն, ինչպէս միշտ, այն ժամանակ ալ պակաս չեն եղեր կրթուած պետական անձնուիրութիւններ՝ որոնք կայսեր մատուցուած յիշակագրելով սպառնացեալ են որ միլլէթը հաքիմէն չի կարող թոյլ տալ միլլէթը մահքիւմէին հաւասարութիւն շնորհող բարենորոգումներու գործադրութեանը։

Ու այդպէս ալ կատարուեր է։

Բարենորգման ամէն մէկ ֆէրման ու օրէնք հրատարկուեր է միմիայն սպառնացող վտանգը անցնելու՝ եւ վտանգը անցնելէ յետոյ հինը շարունակելու համար։

Աւագանին ո՛չ թէ չէր հասկնար՝ այլ չէր կամենար։ Ալի փաշան մեռաւ եւ իրեն հետ թաղուեցաւ բարենորգումի վերջին յոյսը։

93ի Սահմանադրութիւնը ստեղծուեցաւ Եւրոպան վերստին խաբելու համար։ Բացարձակապէս անարդար է ըսել որ Երկիրը չէր հասկնար, բայց կրթուած վարիչները նախամեծար համարեցին այն ժամանակի հասկցող, օրէնք ու պատասխանատուութիւն պաշտպանող խորհրդարանը ցրուել ու Հայրենիքը նոր անդամահատութեան ենթարկել, Ղարսը Արտահանը, Պաթումը վրայ տալ, մի Պուլղարիա ստեղծել, Սերպիային, Րումանիային, Գարատաղին անկախութիւն տալ՝ քան իրական րէֆօրմներ գործադրել, պատասխանատութիւն ընդունիլ։

Հինգ տարի առաջ նոյն սահմանադրութեան վերյայտարարութիւնն ալ՝ Միւրշտէտի խորհրդակցութեան սպառնալիքի տակ, վերստին Եւրոպան խաբելու համար եղաւ, եւ եթէ առաջին Սահմանադրութեան վիժումը Միտհատ փաշաների գլուխներով ու բիւրաւոր հպատակների կոտորածներով չկատարուեցաւ, այնու ամենայնիւ, երկրորդ Սահմանադրութեան անունով գործուածները շատ աւելի աղիտաւոր եղան քան նախկինները։

Նախամեծար համարուեցաւ Եւրոպական ու Ափրիկեան Թուրքիան վրայ տալ՝ քան անկեղծօրէն րէֆորմներ մտցնել, եւ նոյն խաբէութիւնը դեռ եւս կը շարունակուի վաղը ամբողջ Ասիական Թուրքիան ալ վրայ տալու համար։

Կրթուածնե՞ր, հասկցողնե՞ր են պակաս։ Քաւ լիցի։ Բիւրաւորներ կամ, եւ սակայն քանի՛ հասկցողները, կրթուածները շատցան՝ այնքան աւելցաւ կեղծիքը, անբարեացակամութիւնը։

Ահա՛ այս երեւոյթի պատճառն է որ երիտասարդ քննադատը կա՛մ չէ պրպտած, եւ կամ յստակ ու որոշ չէ արտայայտած զայն։

Կրկնութենէ խուսափելու համար՝ մենք զայն պիտի լրացնենք Ձուլումի Հարցին առիթով։