VII
Արդէն
կը
հասնինք
հեղինակին
է՛ն
կարեւոր,
է՛ն
քննադատելի
հայեացքներուն։
Ձուլումի
վաղեմի
տենջանքն
է
այդ,
—
վաղեմի
ցաւը,
է՛ն
հիւանդոտ
մտայնութիւնը
եւ
պատճառը
այս
երկրի
դժբաղդութեանց։
«Օսմանեան
տարրերու
շատութիւնը
մեր
անկման
ազդակներէն
մէկն
է։
Կ՚երեւի
որ
մէկ
տարրէ
կազմուած
ու
բաղկացած
ազգերը
ցեղային
ու
ազգային
վէճերէ
հեռու
գտնուելով՝
եւս
աւելի
հեշտութեամբ
առաջ
կ՚երթան։
Արդարեւ,
ազգային
ու
կրօնական
վէճերն
ու
կռիւները
կը
յոգնեցնեն
ընկերութիւնը,
մանաւանդ
եթէ
տարրերուն
մէջ
հակադիր
տարբերութիւնը
մեծ
ըլլայ՝
այն
պետութիւնը
տեսակ
տեսակ
խռովութեանց
ասպարէզ
կը
դառնայ։…
Մինչդեռ,
մէկ
տարրէ
բաղկացած
ազգերու
մէջ
երեւան
եկող
ապստամբական
խռովութիւնները
անցողական
բնոյթ
կը
կրեն։
Թէեւ
Ֆրանսայի
մէջ
կաթոլիկներու
ու
բողոքականներու
միջեւ
եղած
վէճը
կարեւոր
ապստամբութեանց
պատճառ
եղած
է,
եւ
մանաւանդ
1789
Մեծ
Յեղափոխութիւնը
իր
էութեամբ
ապստամբութեանց
ամենակարեւորն
է
եղած,
այնու
ամենայնիւ
ատոնք
նոյն
ազգին
պատմութեան
մէջ
երկարատեւ
ժամանակ
չեն
գրաւած։
Քաղաքային
պատերազմը
վերջ
կը
գտնէ,
ապստամբները
անմիջապէս
որ
իրենց
ցանկութեան
կը
հասնին՝
գործերը
իրենց
հաւասարակշռութիւնը
կը
գտնեն,
միջավայրը
կը
խաղաղի։
Դժբաղդաբար
մեր
մէջ
այդպէս
չէ
եղած։
Հպատակ
տարրերը
անմիջապէս
որ
«պատեհութիւն
գտած
են՝
ապստամբած
են.
կառավարութիւնն
ալ
այդ
ապստամբութեանց
դիմագրաւելու
համար
հանգստութենէ
եւ
խաղաղութենէ
զրկուեր
է»
(երես
63-64)։
Ամբողջովին
սխալ
հետեւութիւններ
ու
արդիւնքը
պատճառի
տեղ
առնուած
գիտակցաբար
կամ
անգիտակցաբար
նախապաշարումներ
են
ասոնք։
Եթէ
յարգելի
հեղինակը
միակողմանութենէ
ազատուած
ու
ամբողջովին
պատմա-փիլիսոփայական,
գիտական
վերլուծման
հետեւած
ըլլար,
պիտի
եզրակացնէր
որ
բոլոր
երկիրներու
եւ
բոլոր
ժամանակներու
մէջ
ալ
ժողովուրդներու
մէջ
—
միատարր
թէ
բազմատարր
—
եղեր
են
երեք
տեսակի
խռովութիւններ՝
ազգային
կամ
ցեղային,
դասակարգային
եւ
կրօնական։
Այդ
երեք
կարգի
խռովութիւնները
կամ
կռիւներն
ալ
մէկ
ընդհանուր
յատկանիշ
են
ունեցեր.
—
տիրողներու
եւ
կամ
իրաւատէրերու
ու
իրաւազուրկերու
պայքար։
Տիրողները
կ՚ըլլան
կա՛մ
ազգ,
կա՛մ
դասակարգ
եւ
կա՛մ
դաս։
Տիրապետողները
եւ
իրաւազուրկները
կ՚ըլլան
թէ՛
միեւնոյն
ազգին
եւ
թէ՛
տարրեր
ազգերու
պատկանող
դասակարգեր
ու
դասեր.
երբեմն
ալ
անխտիր
դասի
ու
դասակարգի
մէկ
հատուած։
Իրաւազրկութիւնը
կ՚ըլլայ
քաղաքական,
տնտեսական
եւ
կրօնական
կամ
կուլտուրական։
Ասոնցմէ
որն
ալ
որ
ըլլայ՝
մինչեւ
իրողութիւնը,
այսինքն
պատճառը
չ՚վերցուի
մէջտեղէն,
անոր
հետեւանքը
եղող
խռովութիւններն
ու
ապստամբութիւնները
չեն
վերնար։
Յարգելի
հեղինակը՝
որ
անկասկած
լաւ
ծանօթ
է
ընդհանուր,
հին
ու
նոր
պատմութեան,
գիտէ
թէ
միայն
Ֆրանսայի
մէջ
չէ՛
որ
ծագեր
են
կաթոլիկ
ու
բողոքական
կռիւները
եւ
տեղի
են
ունեցեր
սուրբ
Բարթողիմէոսեան
արիւնահոս
գիշերներ,
այլ
եւ
ամբողջ
Եւրոպայի,
մանաւանդ
Գերմանիոյ
ու
Անգլիոյ
մէջ։
Երիտասարդ
քննադատը
շատ
լաւ
գիտէ
անշուշտ
թէ
միեւնոյն
ցեղին
պատկանող
ազգերու
մէջ
եղած
քաղաքական
պատերազմներն
անգամ
վերջ
չեն
գտներ՝
մինչեւ
որ
տիրապետող,
իրաւազրկող
դասակարգերը
չեն
պարտուեր,
մինչեւ
որ
տեղի
տալու
չեն
ստիպուեր։
Միապետութեան
ու
աւատականութեան
միջեւ,
աւատականութեան
ու
բուրժուազիի,
պետութեան
ու
եկեղեցիի
միջեւ
պայքարը,
պատերազմները
դարեր
տեւած
են
տակաւին
կը
տեւեն։
Հեղինակը
այս
ամէնը
շա՛տ
լաւ
գիտէ,
եւ
գիտէ
մանաւանդ
որ
այս
կարգի
պատերազմներու
մէջ
ազգային
խտրութիւն
չի
կայ։
Անոնք
յատուկ
են
միատարր
եւ
բազմատարր
բոլոր
ազգերուն
եւ
բոլոր
երկիրներուն։
Հեղինակը
շատ
լաւ
գիտէ
թէ
այդ
պատերազմները՝
յաճախ
արիւնով
ներկուած
չեն
վերջացած՝
մինչեւ
որ
իրաւազուրկները
իրենց
իրաւունքները
չեն
նուաճած։
Դարձեալ
ինքն
է
ըսողը
թէ
«ըմբոստացողները
անմիջապէս
որ
իրենց
նպատակին
կը
հասնին,
գործերը
վերստին
հաւասարակշռութիւն
կը
գտնեն»։
Ե՞րբ
այս
երկրին
մէջ
հպատակ
ազգերը
իրականապէս
վայելեցին
իրենց
մարդկային
քաղաքական,
քաղաքացիական,
տնտեսական
եւ
կրօնական
ազատութիւններն
ու
երաշխիքները,
եւ
շարունակեցին
խռովութիւն
ու
ապստամբութիւն։
Հեղինակը
ինքն
է
որ
ասոր
հակառակ
վկայութիւն
կուտայ.
—
«Աւստրիա
ալ
մեզի
նման
հակամարտ
տարրերէ
բաղկացած
պետութիւն
մը
ըլլալով
հանդերձ՝
մի
միայն
թաքթով
ու
լաւ
վարչութեան
շնորհիւ
կը
շարունակէ
իր
գոյութիւնը։
Գերմանական
կայսրութիւնը
կազմուելէ
յետոյ
թէեւ
քիչ
մը
փոքրացաւ,
բայց
ի
վերջոյ
Պոսնա-Հէրսէքի
կցումովը
վերստին
գտաւ
իր
հաւասարակշռութիւնը
եւ
մինչեւ
իսկ
ընդարձակուեցաւ։
«Մինչդեռ
մեր
մէջ,
վարչական
եւ
լուրջ
ծրագիր
մը
չգործադրուելով՝
պետութիւնը
հետզհետէ
փոքրացաւ…»
(երես
79-80)։
«…Եթէ
ռուս
կառավարութիւնը
եւ
անոր
հետեւելով
Արեւելեան
Հարցի
գլխաւոր
դերակատար
միւս
պետութիւնները
չգտնէին
օսմանեան
կայսրութիւնը
խառնաշփոթ
վիճակին
մէջ,
հպատակ
տարրերը
գրգռելու
կարող
չէին
ըլլար։
…Եթէ
օսմանեան
տարրերէն
ոմանք
վերջին
ժամանակներս
ուրոյն
իշխանութիւններ
կամ
անկախ
պետութիւններ
հիմնելու
յաջողեցան,
շնորհիւ
մեր
վարչական
զեղծումներուն
է…»
(երես
79)։
Բայց
այս
տեղ
հեղինակ
անսպասելի,
պատմական
հիմ
չունեցող
շեղում
մը
կը
կատարէ,
նոր
թեզ
մը
երեւան
կը
բերէ
եւ
ոչնչութեան
կը
վերածէ
վարչական
զեղծումներուն
եւ
անվարչագիտութեան
մասին
յիշուած
բացարձակ,
անպայման
ճշմարտութիւնը
եղող
իր
տեսութիւնները,
ըսելով—
«…Եւ
սակայն
մէկ
ազգէ
չբաղկացած
ընկերութիւններ
իրենց
գոյութիւնը
միմիայն
լաւ
վարչութիւնով
կարող
են
ապահովել»։
Այս
պարբերութեան
հակադարձը
կ՚ըլլայ
այն՝
որ
օսմանեան
կայսրութիւնը
եթէ
մէկ
ազգէ
բաղկացած
ըլլար,
կարող
կ՚ըլլար
վատթար
վարչութեամբ
պահպանել
իր
գոյութիւնը։
Երբե՛ք։
Ո՞ւր
եւ
ե՞րբ
է
տեսնուէր
մէկ
ազգութենէ
բաղկացած
պետութիւն
մը՝
որ
վատթար
վարչութիւնով
պահած
ըլլայ
իր
գոյութիւնը։
Աֆղանիստա՞նը,
Պուխարա՞ն,
Պարսկաստա՞նը
Մարո՞քը,
Ալճերիա՞ն,
Թունո՞ւզը։
Ասոնց
մէ՞ջ
ալ
կային
հպաակ
ազգերու
խռովութիւններ
ու
ապստամբութիւններ։
Գիտենք
որ
չի
կային,
հապա
ինչո՞ւ
կորսնցուցին
իրենց
անկախութիւնը։
Եւ
արդէն
ինքն
էր
որ
իր
տեսութեանց
սկիզբները
կ՚ըսէ
թէ
«ազգ
մը՝
իր
քաղաքական
անկախութիւնը
կորսնցնելու
համար,
յաճախ,
նախ
եւ
առաջ
անկումի
ու
կազմալուծման
ենթարկուած
ըլլալու
է»
(երես
21)։
Իսկ
եթէ
այդպէս
չըլլար,
բուռ
մը
թուրքեր
կամ
տաճկներ՝
իրենց
բազմաբղէտ
մահմետականներու
բանակով
նախ
Սէլջուկեաններու
եւ
ապա
Արաբական,
Պարսկական
եւ
Բիզանդական
կամ
արեւելեան
Հռոմի
Կայսրութեան
չէին
կրնար
տիրապետել։
Ո՞վ
է
մեղաւորը
որ
Օսմանեան
Կայսրութիւնը
ինք
ալ՝
իր
կարգին,
անկումի,
կազմալուծումի
ճամբուն
մէջ
է
ինկեր՝
իր
«վաթտար»
վարչութեան,
կառավարելու
անկարողութեան
պատճառով։
Ճէլալ
Նուրի
պէյ՝
որ
այս
Պետութեան
անզուգականօրէն
վերանորոգչութեան
հետամտած
Րէշիտ
փաշաներու
նման
եզակի
պետական
մարդիկը
կը
մեղադրէ
թէ
անոնք
Ֆէրմաններն
ու
Օրէնքները
չի
հաստատեցին
Երկրին
տիրող
մտայնութիւնն
ու
ընդունակութիւնը
չափելով,
թէ
անոնք
նախ
մտայնութիւնները
յեղաշրջելով
չսկսան
վերանորոգչական
գործը՝
որպէս
զի
օրէնքները
անգործադրելի
չմնային,
ինք
անոնցմէ
անհամեմատ
մեծ
եւ
չափազանց
մեծ
յանցանք
մը
կը
գործէ,
—
պատմական
հիմ
չունեցող
տեսութիւններ՝
որպիսին
է
Թուրքիոյ
մէջ
այլատարը
ո՛չ-մահմետական
ազգերու
գոյութիւնը
եւ
այդ
տարրերու
կրօնա-ազգային
վարչական
ինքնավարութեան
բնական
իրաւունքը
Կայսրութեան
անկումին
պատճառ
ցոյց
տալով։
Քանի
որ
այս
տարրերէն
առաջ
եկած
ապստամբութիւններն
ու
անջատումները
հետեւանք
են
եղեր
տիրող
վատթար
վարչութեան,
ապա
ուրեմն
անոնք
չեն
որ
պատճառ
պիտի
նկատուին
պետութեան
անկման։
Արդիւնքը
պատճառի
տեղ
ցոյց
տալ
այնպիսի
երկրի
մը
մէջ,
ուր
խտրականութիւնն
ու
մոլեռանդութիւնը
չեն
ջնջուած,
ուր
րայան
(ԳԳԳ)ի
փոխուելով՝
չէ
դադրած
կեավուր
նկատուելէ,
ամենավտանգաւոր
փորձն
է
այդ
խտրականութեան,
ատելութեան,
մոլեռանդութեան
ուժ
տուող
այդպիսի
մտքեր
հրապարակ
դնել,
ըսելով—
«կայսրութեան
անկման
պատճառներէն
մէկ
ալ
իր
այլատարր
ըլլալն
է»։
Հեղինակը
ամենամեծ
ծառայութիւնը
մատուցած
պիտի
ըլլար,
եթէ
պատմական
վերլուծումէն
դուրս
բերէր
այն
իրականութիւնը,
որ
կայսրութիւնը
իր
անկումներով
հանդերձ՝
եթէ
ցարդ
կրցեր
է
այսքան
ալ
գոյութիւնը
պահել,
ասիկա
եղեր
է
միմիայն
շնորհիւ
ո՛չ-մահմետական
տարրերու
գոյութեանը,
անոնց
աշխատանքին
ու
ծառայութեանը,
անոնց
ստեղծագործութեանը։