XI
IV.
Աշխարհի
երեսը
չկայ
ազգ
մը
որ
զուտ
արիւն
ըլլայ:
Պատմութեան
աւանդած
կամ
դեռ
մթութեան
մէջ
անյայտ
խառնուրդներով
է
որ
կազմուեր
են
բոլոր
ազգերը,
եւ
այդ
խառնուրդները
տեղի
են
ունեցեր
մեծ
եւ
փոքր
ազգերու
արշաւանքներով,
բայց
ո՛չ
մէկ
ազգ
չկայ
որ
հեռաւոր
վայրերէ
ճամբայ
իյնալով՝
ուրիշ
հեռաւոր
վայրերու
ժողովուրդները
իր
մէջ
ձուլած
է
իր
սեփական
կնիքը
դրած
ըլլայ:
Բոլոր
արշաւող
ցեղերը
իրենց
տիրապետած
ցեղերուն
մէջ
լուծուեր,
կամ
առ
առաւելն
մէկ
նոր
ազգութիւն
են
կազմեր:
Արեւմուտքի,
ժամանակակից
քաղաքակրթութեան
կեդրոններու
բոլոր
երկիրներն
ու
ազգերը
կրեր
են
Արեւելքի,
մանաւանդ
Կեդրոնական
Ասիայի
խաշնարած
ու
թափառական
մոնկոլ-թաթար
ցեղերու
արշաւանքները.
պատմութեան
ամենամեծ
արշաւանքները
անոնցն
են
եղեր,
բայց
անոնք
բոլորն
ալ
ձուլուեր
են՝
ստեղծելով
քաղաքակրթական
դեր
կատարող
ծանօթ
ազգերը:
Հեղինակը՝
որ
փաստերը
տեսնելու
եւ
հաւաքելու
մէջ
սրատես
ու
բարեխիղճ
է՝
անբացատրելի
կերպով
շեղումներ
կատարելով,
երբեմն
արդիւնքը
պատճառի
տեղ
առնելով՝
հակասութեանց
մէջ
կ՚իյնայ
եւ
անբնական
եզրակացութիւններու
կը
յանգի:
Ահա՛
օրինակ
մը
եւս:
«Եթէ
Թուրքերը՝
Եւրոպական
ազգերու
—
Դուրանի
ցեղերէն
եղող
Մաճառ
ազգի
—նման
չեն
կրցեր
առաջդիմել,
իսկական
պատճառը
դարձեալ
արաբ,
պարսիկ
եւ
բիւզանդական
ազդեցութեանց
մէջ
պէտք
է
փնտռել»
(
երես
30):
Ո՛չ,
իրական
պատճառը
այն
է
որ
Մաճառները
թուրք,
թաթար
կամ
մոնկոլ
չի
մնացին,
այլ
ձուլուելով՝
աշխատանքի,
ստեղծագործութեան
ընդունակ
նոր
ազգ
մը
կազմեցին,
ինչ
որ
Օսմանցիները
չի
կրցան
ընել,
եւ
դեռ
կը
յամառին
գոյութիւն
չունեցող
թուրք
ազգը
մնալ:
Խոնարհաբար
պիտի
խնդրէի
յարգելի
հեղինակէն,
որ
բարի
ըլլար
աչքէ
անցնելու
Edmond
Demolensի
«Ի՞նչպէս
ճանապարհը
կը
ստեղծէ
ընկերային
տիպը»
կամ
«Ժողովուրդներու
մեծ
Ճանապարհները»
անուն
երկհատոր
աշխատութիւնը
ու
նոյն
դպրոցին
պատկանող
այլ
հեղինակներու
պատմական
վերլուծումները:
V.
Ո՛չ
տիրապետութեան
սկիզբը,
եւ
ո՛չ
ալ
տիրապետութենէ
յետոյ՝
Թուրքը
բանակէն
դուրս,
երկրին
մէջ
ո՛չ
եթէ
փոքրամասնութիւն՝
այլ
հաշուի
առնուելիք
թիւ
մը
անգամ
չէր
ներկայացներ:
Սելճուքեան
պետութեան
անձուկ
սահմաններէն՝
Գոնիայի
եւ
շրջակայ
վայրերէն
դուրս,
մինչեւ
մօտ
երկու
հարիւր
տարի
առաջ
Անատօլուի
մէջ
թուրք
տարր
գոյութիւն
չունէր:
Այս
բացարձակ
ճշմարտութեան,
այս
բացարձակ
իրականութեան
ականատես
վկան
է
Ֆրանսացի
ճանապարհորդ
Թավէրնիէն՝
որ
Ժէ-րդ
դարուն
մէջ
երեք
անգամ
ճամբորդեր
է
ամբողջ
Թուրքիան,
Պարսկաստանը
եւ
Հնդկաստանը,
եւ
որուն
ԺԷ-րդ
դարուն
վերջին
քառորդին
մէջ
հրատարակած
պատմութեան
վկայութեամբ՝
1655ին
Թոքատէն
սկսած
մինչեւ
Թաւրիզ,
այդ
ահագին
տարածութեան
վրայ,
2%
միայն
մահմետական
կը
գտնուէր:
Ուստի,
գոյութիւն
չունեցող
տարր
մը
ո՛չ
կ՚արաբանար,
ո՛չ
կը
պարսկանար
եւ
ո՛չ
ալ
կը
յունականանար:
Հետեւաբար,
հեղինակին
այդ
կարգի
վկայութիւններն
ու
տեսութիւններն
անգամ
պատմական
հիմ
չունին:
Այսօր
ահագին
մեծամասնութիւն
մը
մահմետական
կայ
վերոյիշեալ
շրջանին
մէջ:
Կարո՞ղ
ենք
ըսել
որ
անոնք
թուրք
են ,
քանի
որ
200
տարի
առաջ
անոնք
գոյութիւն
իսկ
չունէին:
Կարող
ենք
ըսել
որ
անոնք
թրքութեան
մէջ
ձուլուած
տարրեր
են,
քանի
որ
ձուլող
տարր
գոյութիւն
չունէր:
—
Իհարկէ
ո՛չ,
հակառակը
ապացուցանող
գոնէ
մէկ
հատիկ
փաստ
հարկաւոր
է,
ինչ
որ
չկայ:
Իրականութիւնն
այն
է՝
որ
հուրի
եւ
սուրի
միջոցով
մահմետականացածներ
են
անոնք,
եւ
ո՛չ
Թուրքեր
կամ
Թրքացածներ:
Այդ
մահմետականացումները
վերջին
երկու
հարիւր
տարիներու
գործն
են,
եւ
կայսրութեան
անկումն
ալ
այդ
թուականներէն
սկսած
է:
Այս
իրականութենէն
ի՞նչ
կը
հետեւի.
—
Անվիճելի
կերպով
կը
հետեւի
որ՝
ցորչափ
բնիկ
ազգերն
ու
անոնց
կրօնը
հալածանքի
չէին
ենթարկուած,
ցորչափ
կոտորածները
չէին
կազմեր
պետական
բարձրագոյն
շահի
ըմբռնումը
եւ
կ՚օգտագործուէին
բնիկ
ազգերուն
աշխատանքը,
—
ո՛չ
խռովութիւն
եւ
ո՛չ
ալ
միջամտութիւններ
գոյութիւն
ունէին
եւ
կայսրութիւնն
ալ
իր
ուժին
ու
փառքին
գագաթնակէտին
վրայ
էր
կանգնած:
Բայց,
անմիջապէս
որ
Օսմանեան
Տան
հանճարեղ
ու
փառապանծ
աշխարհակալներու
քաղաքականութիւնը
շարունակողներ
չգտնուեցան,
անմիջապէս
որ
կրօնի
ու
ազգութեան
հալածանքը
սկսաւ.
—
կայսրութեան
անկման
սկիզբն
ալ
ծայր
տուաւ:
Այդ
անկումը
հիմնաւորող
չարաբաստիկ
մտայնութիւնն
ու
նախապաշարումն
է
որ
մինչեւ
այսօր
ալ
կը
շարունակէ
եւ
թոյլ
չի
տար
իսկական
վերանորոգումի
անխախտ
հիմերը
դնելու:
Ի
զուր
յարգելի
հեղինակը
կը
կարծէ
որ
լեզուն
ու
կրօնը
ազգութեան
յատկանիշեր
են:
Լեզուն
ու
կրօնը
միայնակ
չեն
կարող
ազգային
ազդակներ
ըլլալ:
Ապացո՞յց
կ՚ուզէք:
Պելժիգացիներու
ստուար
մեծամասնութիւնը
Ֆրանսախօս
եւ
կաթոլիկ
է,
բայց
չընդունիր
որ
ֆրանսացի
է:
Անգլիախօս
ու
բողոքական
Սկովտիացին
երբե՛ք
չընդունիր
որ
անգլիացի
է,
իսկ
ֆրանսախօս
Ժընէվի
քանթոնը
գերմանախօս
Պերնի
քանթոնին
հետ
միասին
Զուիցերիացի
է,
ինչպէս
եւ
Փրուսիացի
գերմանն
ու
Պավարիացի
գերմանը
Գերմանացի
ըլլալով
հանդերձ՝
իւրաքանչիւրը
Փրուսիացի
եւ
Պավարիացի
եւլն.
է,
ու
երբե՛ք
ո՛չ
մէկը
չի՛
զոհեր
իր
սեփական
ազգայնութիւնը
միւսին:
Իմաստութիւնը,
գիտականը
եւ
հայրենասիրականը
ո՛չ
թէ
բռնազբօսիկ
ազգութիւններ
ստեղծելուն,
կրօնի,
լեզուի
եւլն.
երեւոյթներէն
օգտուելու
ընդունայն
աշխատանքին
մէջն
է,
այլ
զանոնք
միացնելուն,
անոնց
մէջ
ընդհանուր
շահեր
ստեղծելուն
մէջ
է:
VI.
Ժամանակակից
քաղաքակրթութիւնը,
կուլտուրական
զարգացումը
եւ
գոյութեան
իրաւունքի
կատարած
նուաճումները
արդէն
հասեր
են
այն
աստիճանին՝
որ
այլեւս
ո՛չ
մէկ
ձուլում
չի
կատարուիր
եւ
չի՛
կրնար
կատարուիլ
ո՛չ
մէկ
երկրի
մէջ
եւ
ո՛չ
մէկ
տիրող
տարրի
կողմէ:
Հեղինակը
ինքն
է
արդէն
Աւստրիայով
ասոր
օրինակը
տուողը,
բայց
կը
սխալի
միայն
անով՝
որ
կը
կարծէ
թէ
Աւստրիայի
դրութիւնը
կը
տարբերի
Թուրքիայէն,
որովհետեւ
այնտեղ
հպատակ
ազգերէն
իւրաքանչիւրը
իր
սեփական
միջավայրին
մէջ
միատարր
կ՚ապրի:
Այնտեղ
ալ
կան
այն
խառնուրդները՝
ինչպէս
մեր
մէջ
կը
ներկայացնէր
Մակեդոնիան,
Բայց
եւ
այնպէս,
Թուրքիոյ
մէջ
ալ
բոլոր
ազգերը
իրենց
սեփական
միջավայրն
ունին՝
ինչպէս
Սուրիան,
Պաղեստինը,
Եէմէնը,
Միջագետքը,
Հայաստանը,
Քիւրտիստանը,
եւլն.:
Կը
կրկնենք,
որ
ո՛չ
լեզուն
եւ
ոչ
ալ
կրօնը
չի
կրնար
այլեւս
ձուլումի
ազդակ
ըլլայ։
Նոյն
իսկ
կուլտուրական
գերազանցութիւնը
չի
կրնար
այդ
դերը
կատարել:
Եւ
շա՛տ
կը
սխալի
հեղինակը
օրինակ
ցոյց
տալով
Ռուսաստանը,
ուր
հակառակ
պետութեան
ձեռք
առած
միջոցներուն,
ազգային
գիտակցութիւնները
կը
շեշտուին
աւելի
ուժեղ
կերպով:
Ռուսական
կրթութեան
ազդեցութեամբ
ազգային
լեզուն
կորսնցուցած
(եթէ
ցանցառ
թուով
գտնուին)
Հայը,
Թաթարը,
Լեհացին,
Հրէան,
Վրացին
եւ
բոլոր
հպատակ
ազգերը՝
շատ
աւելի
ուժեղ
կերպով
ազգային
ինքնագիտակցութեան
են
հասած
ուժեղ
կերպով
ազգային
ինքնագիտակցութեան
են
հասած
քան
ոչ-ինտէլիգենտը:
Նոյն
երեւոյթը
նաեւ
բոլոր
երկիրներու
գաղութներուն
մէջ,
օրինակ,
Ֆրանսայի,
Անգլիայի
քաղաքակրթութեան
ազդեցութիւնը
կը
կրեն:
Ո՛չ
միայն
գաղութներուն՝
այլ
եւ
Մայր
հայրենիքներուն
մէջ,
միեւնոյն
ազգի
տնտեսական,
կուլտուրական
պայմաններով
տարբերուող
երկրամասերուն
եւ
ժողովուրդներուն
մէջ
նոյն
երեւոյթն
է՝
ինչպէս
Ռուսաստանի
Մօլօռօսիան,
Փոքր
Ռուսաստանցիները:
Այսպէս
բազմաթիւ
օրինակներ
կրնանք
թուել:
Ժամանակակից
քաղաքակրթութեան
ստեղծած
հոսանքն
է
կեդրոնացում
եւ
ապակեդրոնացում
միաժամանակ,
մէկը
միւսէն
անբաժան:
Եւ
այս
ապացոյցը
Թուրքիոյ
մէջ՝
ո՛չ
մէկ
երկրի
պատմութեան
մէջ
չտեսնուած
փայլուն
կերպով
մը
տրուեցաւ:
Պէտք
չէ
մոռնալ
1909
մարտի
31էն
յետոյ
եւ
առաջ
բոլոր
հպատակ
ազգերու
անվերապահօրէն
եւ
խանդավառութեամբ
Սահմանադրական
Թուրիքիոյ
հանդէպ
ցոյց
տուած
գուրգուրանքը:
Եւ
երբ
մարտ
31ի
պետական
հարուածէն
յետոյ՝
ազատարար
բանակը
պիտի
արշաւէր
մայրաքաղաքին
վրայ,
բոլոր
Յեղափոխական
Կուսակցութիւնները
զիրենք
դրին
բանակին
տրամադրութեան
տակ:
Ա՛րդ,
իրենց
արիւնով
Սահմանադրական
Թուրքիան
պաշտպանելու
վազող
ազգերուն
ու
կամաւորներուն
հանդէպ
կեդրոնախոյսի
կամ
անջատողականի
կասկածն
ունենալ՝
աւելի
քան
ոճիր
էր:
Բայց
երիտասարդ
Թուրքիան
իր
ձուլումի
քաղաքականութեամբ
խրտչեցուց,
վանեց
եւ
ապա
հալածեց
Հայրենիքի
եւ
Օսմանեան
Սահմանադրական
Պետութեան
անկեղծ
ու
անձնուէր
տարրերը:
Ո՞վ
է
մեղաւորը:
Պատմութիւնը
վերլուծողը
պէտք
է
որ
այս
ճշմարտութիւնը
դուրս
բերէ
եւ
ազգաբնակութեան
բոլոր
խաւերուն
մէջ
տարածէ
ու
ժողովրդականացնէ:
Գիտակից
հայրենասէրներու՝
որպիսին
է
յարգելի
հեղինակը,
նուիրական
պարտականութիւնն
է
թոյլ
չտալ
համանման
նոր
սխալներ,
անդարմանելի
սխալներ:
Համայնքներու,
ցեղերու,
տոհմերու
եւ
ազգերու
ընկերային
ու
քաղաքական
կազմը
տարբերուեր
է
պատմութեան
ընթացքին
համաձայն՝
ժամանակի,
միջավայրի,
կուլտուրայի,
տնտեսական
պայմաններու
եւ
ցեղային
առանձնայատկութեանց:
Երկար
կ՚ըլլար
այս
մասին
պատմական
բազմաթիւ
վկայութիւններ
ներկայացնել.
եւ
կը
կարծեմ
թէ
հակառակը
պնդող
ալ
չկայ:
Հետեւաբար
այն՝
ինչ
որ
ԺԲ.
եւ
ԺԳ.
դարերուն
հնարաւոր
եղաւ
Օսմանեան
Հարստութեան
բանակներ
կազմել
կրօնի
դրօշին
տակ՝
եւ
իսլամ
պետութիւն
մը
հիմնել,
անհնար
է
այլ
եւս
նոյն
պայմաններով
պետութիւն
պահպանել:
Արդէն
ո՛չ
մէկ
ժամանակ,
անցեալին
եւ
ներկային
մէջ
կրօնը
չէ՛
եղեր
միադաւան
բոլոր
ազգերու
համար
քաղաքական
ընդհանուր
ընկերութիւն
մը
կազմող
օղակը։
Վկայ
մահմետական
բազմաթիւ
պետութեանց
միաժամանակ
գոյութիւն
եւ
իրարու
դէմ
արշաւանքներն
ու
նուաճողական
պատերազմները,
ինչպէս՝
Օսմանցիք
Արաբիոյ,
Սէլճուքներու
եւ
Պարսիկներու
դէմ:
Մենք
արդէն
տեսանք
որ
Թուրքիոյ
մէջ
քրիստոնեաներէն
աւելի՝
մահմետական
ազգերն
են
եղեր
դժուարանուաճ
ու
կեդրոնախոյս,
եւ
հետեւաբար
առ
երեւոյթս
մահմետական
պետութիւն
ըսուածը
իր
երկարժամանակեայ
գոյութեան
կենսական
հիւթը
միշտ
եւ
առաւելապէս
ստացեր
է
քրիստոնեայ
տարրերէն:
Եթէ
արաբական,
պարսկական
ու
բիւզանդական
քաղաքակրթութիւնները
իրենց
վատ
ազդեցութիւնն
ունեցեր
են,
քրիստոնեայ
տարրերը
նուիրեր
են
նաեւ
հեղինակին
այնքա՛ն
անաչառօրէն
նկարագրած
վատասերման
ազդեցութիւններուն
հակառակ՝
վերանորոգչական
ամէն
նախաձեռնութիւն
եւ
ծառայութիւն:
Եթէ
թուրք
լեզուն
եւ
գրականութիւնը
առաջդիմական
էվօլիւսիօնի
ենթարկուեր
են,
եթէ
տպագրական
գիր
եւ
տպագրութիւն
հաստատուեր
են,
եթէ
վարչական
որոշ
փոփոխութիւններ
ներմուծուեր
են,
եթէ
որոշ
օրէնսդրութիւններ
մուտք
գտեր
են
Թուրքերու
մէջ,
անոնք
բոլոր
կատարուեր
են
Հայու
եւ
Յոյնի
նախաձեռնութիւններով:
Եթէ
մահմետական
կամ
թուրք
նշանաւոր
գրողներ,
հեղինակներ
եւ
գործիչներ
յայտնուեր
են՝
անոնցմէ
առաջ
գաղափարը
յղացող,
աշխատանք
գործ
դնող,
հիմունքները
հաստատող
եւ
անոնց
ետեւ
պահուողները
եղեր
են
քրիստոնեայ
ազգերէն
անհատներ:
Ճէլալ
Նուրի
պէյ
իր
աշխատութեան
մէջ
տեղ
մը
օտար
հեղինակներու
կողքին
կը
յիշէ
(ԳԳԳ)
Սըրրի
փաշան
կրետական
ծագում
ունէր,
յունական
գրականութեան
ծանօթ
էր,
իսկ
Կրետացին
մահմետական
է
եւ
ո՛չ
թէ
թուրք:
Այդպիսի
բացառիկ
խոշոր
դէմքերու
ծագումը՝
ստացած
գաղափարներուն
եւ
կրթութեան
միջավայրը
քննելով՝
աւելի
շուտ
կարելի
է
համոզում
գոյացնել
քրիստոնեաներու
մատուցած
ծառայութեան
չափին:
Քրիստոնեայ
ըսելով
մենք
կրօնը
ակնարկել
չենք
ուզեր
բնաւ:
Ընդհակառա՛կը,
աշխարհիկ
կեանքը
կրօնէն
ու
կրօնականէն
անջատելու
մասին
յարգելի
հեղինակին
պաշտպանած
կարծիքները
վաղուց
է
որ
մենք
պաշտպաներ
ենք:
Այնու
ամենայնիւ,
այդ
կողմէն
հեղինակին
առաջադէմ
մտքերուն
ծանօթացնելու
համար
մեր
ընթերցողները,
վերստին
կը
դիմենք
իր
իսկ
հատուածներուն:
«Արաբներու
տիրապետութեան
շրջանէն
յետոյ,
մահմետական
հոգեւորականութիւնը
կրօնը
շատ
տարօրինակ
կերպով
է
ըմբռներ:
Կրօնը
ամէն
բան
պարփակեր
է:
Աշխարհային,
մասնաւոր
գործառանութիւններն
անգամ
կրօնի
ամենախիստ
ազդեցութեան
տակ
են
ենթարկուեր»
(երես
96)։
«Իսլամի
անկման
ամենամեծ
պատճառներէն
մէկը
եղող
աշխարհային
եւ
հոգեւորական
խնդիրներու
իրարմէ
բաժնուած
չըլլալը,
եւ
մարգարէի
ո՞րպիսի
պատգամներուն
հիման
վրայ
այս
երկու
տեսակ
օրէնքները
իրարմէ
բաժնել
կարելի
ըլլալը
—
մենք
երկարօրէն
բացատրած
ենք
Իսլամութեան
մէջ
Վերանորոգութեան
«Անհրաժեշտութիւնը»
(ԳԳԳ)
գործին
մէջ:
«Ինչպէս
կրօնքի
սովորական
գործառութեանց
վերաբերմամբ՝
նոյնպէս
եւ
կրօնային
հաւատալիքներու
մէջ
կարգ
մը
տգէտներ
հեռացած
են
իսլամութեան
հիմնական
փիլիսոփայութենէն:
Իսլամութիւնը
րէֆօրմի
նպատակով
երեւան
եկած
ըլլալով
հանդերձ՝
անոր
պահպանողականութեան
հակառակ
եղող
բարձր
ոգին
դժբաղտաբար
մոռացութեան
տրուած
է»:
«…
Իւլէման
(հոգեւորականութիւնը)
ծայրահեղ
պահպանողական
ուղիի
է
հետեւեր.
մեկնութեան
բոլոր
ճամբաները
փակեր
է,
ազատ
մտքով
մտածողները
խստօրէն
պատժեր
է,
որուն
իբրեւ
հետեւանք
առաջ
է
եկեր
կրօնական
ծանրալուծ
բռնապետութիւն…»
(երես
97-98)։
«Մեր
հոգեւորականութեան՝
մօտ
հազար
տարի
երեւան
բերած
շնորհը
միայն
մեծ
մեկնաբանները
օրինակելն
է
եղեր.
ո՛չ
իրենք
նոր
մեկնութիւններ
յաջողեր
են
տալ.
եւ
ո՛չ
ալ
ուրիշներուն
թոյլ
են
տուեր
ազատ
մտքի
սահմաններուն
մէջ
մտածել.
եւ
ասոր
շնորհիւ՝
մտքերը
թմրեր
են,
եւ
ուղեղի
մեքենան
այլեւս
բանավարութեամբ
եւ
փիլիսոփայութեամբ
զբաղելու
անկարող
աստիճանի
մը
վրայ
ծիւրեր
է»
(երես
99)։
«Ասպարէզը
երբ
տգէտներուն
եւ
իմաստակներուն
մնալով՝
մտածելու
կարողութիւն
չի
գտնուիր,
բնականաբար
աւանդութիւններն
ալ
չափազանց
կարեւորութիւն
կը
ստանան,
եւ
մտածելու
անկարողները
ամէն
բանի
կը
հաւատան»
(երես
100):
«…Եւ
այս
պատճառով՝
աշխարհային
գործերը
հանդերձեալի
խնդիրներէն
չբաժնուելով,
ազգը
մնացեր
է
սոսկալի
անշարժութեան
ու
անկումի
մէջ»
(երես
100):
«Մտքի
գերութիւն,
խղճի
վերաբերեալ
հարցերը
աշխարհային
օրէնքներէ
ու
ընկերային
յարաբերական
հարցերէ
չբաժնել.
—
ահա
այս
է
մեր
անկման
ամենամեծ
ծնողը:
Աշխարհի
մէջ
ամէն
բան
ազատութեան
յաղթանակովը
կը
ստեղծուի,
մանաւանդ
մտքերու
ազատութիւն
գրաւելով՝
ո՛չ
մէկ
վերանորոգութիւն
չի
կրնար
գոյանալ»
(երես
102):
Երկար
կ՚ըլլար
այս
կարգի
մէջբերումներ
ընելը:
Հեղինակին
աշխատութեան
ամենակարեւոր
գլուխն
է՝
ուր
ազատութեան
եւ
ազատամտութեան
տենչը
իր
ամբողջ
խոյանքով
կը
բարձրանայ
եւ
որուն
համար
շնորհաւորել
միայն
կարելի
է
զինքը:
Բայց,
չենք
կարող
դիտել
չտալ
որ
բոլոր
կրօնական
հիմնարկութեանց,
մինչեւ
իսկ
բոլոր
կրօնական
ու
քաղաքական
տիրող
քաստաներու
մէջ
ալ
պահպանողականութիւնը,
անշարժութիւնը,
յետադիմականութիւնը,
քննադատութեան
արգելումը
եւ
մտքի
բռնութիւնն
ու
ստրկութիւնը
անբաժանօրէն
միշտ
գոյութիւն
են
ունեցեր:
Քրիստոնեայ
եւ
մանաւանդ
Եւրոպայի
կաթոլիկ-քրիստոնեայ
հոգեւորականութիւնը
աւելի
ներողամիտ
կամ
նուազ
կաշկանդող
ու
նախապաշարեալ
չէ
եղեր
քան
իսլամականը:
Բայց
Եւրոպայի
կամ
առհասարակ
ոչ-մահմետական
ազգերու
ինտելիգենտ
ըսուած
մտաւորականութեան
մէջ
ուժեղ
շարժում,
ըմբոստացում
է
առաջ
եկեր
ստրկամտութեան
ու
բռնամտութեան
դէմ,
քաղաքական
իշխանութիւնը
կռիւ
է
մղեր
Եկեղեցիի
իշխանութեան
դէմ
եւ
յաղթանակելով
ստեղծեր
է
ներկայ
քաղաքակրթութիւնը:
Թուրքիոյ
դժբաղդութիւնը
միայն
անոր
մէջ
չէ
որ
կրօնական
քաստայի
տգիտութիւնն
ու
նախապաշարումները
գոյութիւն
են
ունեցեր
կամ
հալածուեր
է
մտքի
ազատութիւնը,
երկրայինն
ու
երկնայինը
իրարմէ
բաժնելու
գաղափարը
չէ
ունեցեր
մահմետական
հոգեւորականութիւնը
—
այլ
ամենամեծ
դժբաղդութիւնը
անոր
մէջ
է՝
որ
թուրք
ըսուած
տարրին
մտաւորականութիւնը
երբեք
չէ
ըմբոստացեր
այդ
բռնութեան
ու
կրօնական
քաստայի
միջեւ
կռիւ
չէ
բացուեր
ու
մինչեւ
այսօր
ալ
իր
բոլոր
քաղաքական
աքթերն
ու
վարդապետութիւնները
կրօնով
կը
պաշտպանէ,
ինչպէս
որ
կը
շարունակէ
քաղաքական
կեանքը
վերանորոգել
իսլամութեան
անունով:
Ամենամեծ
դժբաղդութիւնը
անոր
մէջ
է
նաեւ՝
որ
թուրք
ըսուած
մտաւորականութեան
ամենաառաջադէմ
համարուածն
անգամ,
ինչպէս
ինքը
Ճէլալ
Նուրի
պէյ,
կը
շարունակէ
պաշտպանել
հին
աւանդութիւնը,
հին
նախապաշարումը
եւ
չը
ճանչնար
բնիկ
ոչ-մահմետական
տարրերը,
կամ
աւելի
ճիշտը՝
չի՛
ընդունիր
ոչ-թուրքերը
գործնականապէս
հաւասար
քաղաքացիներ,
օսմանեան
ընկերութեան
բաղադրիչներ:
Եւ
ասիկա
անշուշտ
հետեւանք
է
այն
դարաւոր
մտքի
կաշկանդումներուն,
ժառանգական
աւանդութիւններուն,
աթավիզմին,
որոնցմէ
ազատուիլ
հեշտ
չէ:
Սերունդներ
հարկաւոր
են,
իսկ
ժամանակը
եւ
շրջապատող
պայմանները
չեն
սպասեր
եւ
մեզ
հանգիստ
չեն
թողուր.
ասոր
համար
է
որ
մենք
կը
դողանք
ու
սարսափով
կը
դիտենք
նաեւ
վաղուան
հաւանական
փորձութիւնները՝
եթէ
այժմէն
գերմարդկային
ճիգ
գործ
չդրուի
արմատական
դարմանին
դիմելու
եւ
մինչեւ
վերջին
օրերը
կատարուող
սխալները
չկրկնելու:
Կոյրերն
անգամ
կը
տեսնեն
որ
այս
երկրին
մէջ
մահմետական
ազգերու
ազգայնութեան
հարցն
ալ
սեղանի
վրայ
դրուած
է:
Այլեւս
մահմետականութիւնը
օսմանեան
պետական
կեանքը
պահել
անկարող
է:
Ձուլում
անհնար
է,
իսկ
նոր
կոտորածներ,
—
սա
արդէն
կ՚ըլլայ
անխուսափելիօրէն
վերջնական
ճարճատումը։
Միակ
փրկութիւնը,
միակ
պատմական
անհրաժեշտութիւնը,
միակ
գիտնականն
է՝
հրաժարիլ
օսմանցիութիւնը
թրքութեան
իմաստով
ըմբռնելէ
եւ
հիմնուիլ,
անկախ
կրօնի,
միմիայն
ազգութեանց
վրայ:
Ո՛չ
թէ
պէտք
է
ըսել
որ
մասնաւոր
ազգութիւններ
տեղ
չունին
օսմանեան
իրաւագոյութեան
մէջ.
այլ
ընդհակառակը,
անկեղծ
ու
միակ
նշանաբանը
պէտք
է
ըլլայ
սա՛
թէ՝
Օսմանեան
պետութեան
կամ
օսմանեան
քաղաքական
ընկերութեան
բաղադրիչ
իւրաքանչիւր
ազգ
իր
տեղն
ունի
կայսրութեան
ընդհանւոր
իրաւակարգին
ու
իրաւատիրութեան
մէջ,
եւ
թէ
անկախ
կրօնէ՝
իւրաքանչիւր
ազգ
իր
գոյութեան
իրաւունքն
ունի
եւ
իրաքանչիւրը
իր
գոյութեան
շահերով
շաղկապուած՝
կը
կազմէ
օսմանեան
ընդհանուր
իրաւագոյութիւնը:
Եթէ
հեղինակին
թուած
դարաւոր
ստրակամտութիւնը
ժառանգականօրէն
գոյութիւն
ունի,
եթէ
անոր
թուած
անկման
բոլոր
յիշուած
պատճառները
արդէն
թրքական
ժառանգական
ազգային
յատկանիշ
կը
կազմեն,
եթէ
այդ
բոլորը
ջնջելու,
նկարագիրները
ազնուացնելու,
ազատ
մտքի
ու
աշխատանքի
սերունդ
հասցնելու
համար՝
վերստին
սերունդներ
հարկաւոր
են,
եթէ
ոչ-թուրք
տարրերը
իրենց
անիրաւատիրութեան
եւ
այլ
պատճառներու
բերմունքով
զերծ
են
անկման
շատ
մը
ազդակներէն
կամ
նկարագրային
յատկանիշներէն,
—
կայսրութեան
վերականգնումին,
թրքական
տիրապետութեան
գերագոյն
շահերը
կը
պահանջեն
օգտագործել
ո՛չ-թուրք
ազգերու
այդ
յատկութիւնները.
իսկ
օգտագործելու
միակ
հնարաւոր
պայմանն
է՝
անոնց
գոյութեան
իրաւունքը
ընդունիլ,
զանոնք
եւս
իրաւտէր
դարձնել
եւ
ձուլումի
քաղաքանութենէ
հրաժարիլ:
Համապետական
ընդհանուր
շահերով
տոգորուած
մեր
հայրենասիրական
դաւանանքն
է
որ
մեզ
թելադրած
է
անվերապահօրէն
հրապարակ
դնել
մեր
քննադատութիւնները:
Կը
սիրենք
յուսալ
որ
Ճէլալ
Նուրի
պէյերը
իրենց
պաշտպանած
մտքի
ազատութեամբը
կը
լսեն
ճշմարտութեան
ձայնը
եւ
կը
լրացնեն
«Երիտասարդ
Թուրք
դպրոցի»
բարեշրջումը:
«Անկման
պատմութեան»
աշխատանքով
առաջին
քայլը
առնուած
է:
Յուսանք
որ
քաջութիւնը
չի
պակսիր
նոր
քայլ
մը
եւս
առնելու
եւ
մեզի
հետ
ձեռք
տալով՝
իրականացնելու
վերանորոգումը:
ՎԵՐՋ