Նախակրթութեան սխալները…

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ

Տղուն ապրիլ տրուած կեանքը պէտք է որ իր տարիքին կեանքը ըլլայ. իր յարաբերական անմեղութեան ու անկաշկանդութեան, եւ անպատասխանատուութեան կեանքը, մինչ մենք այնպէս կը վարուինք անոնց հետ իբրեւ թէ յանցաւորներ ըլլային, իբրեւ թէ մանկութիւնը պատժելի թերրութիւն մը եղած ըլլր։ Նայեցէք 10-12 տարու տղու մը դպրոցի կեանքին. իր աշխատելու, սովրելու պարտականութեան ձեւին, եւ ըսէք թէ չի՞ նմանիր պատժի մը, թէ պատի՞ժ մը չէ ան, որ մանկութեան՝ սխալ մը, յանցանք մը կարծուած ըլլալը չենթադրէ։ Եթէ կ՚ուզենք որ տղան մարդ ըլլայ՝ նախ մենք պէտք է տղայ ըլլանք։ Մեր նախակրթութեան բոլոր ջանքը մանկական ըլլալու, (եթէ երբեք այդպիսի ջանք մը գոյութիւն ունեցած է) ապարդիւն է, ցորչափ միշտ տաժանելի կեանք մը կուտանք իրենց ապրելու, սեղմումներով, արգելքներով, նեղութիւններով լի, վախերով ու տխրութիւններով խառն, ու ասոնց հակարդիւնքը կազմող նենգութիւններով, խաբէութիւններով, ատելութիւններով լի կեանք մը, որ ցորչափ այնպիսի դասաւանդութիւններ կ՚ընենք՝ որոնց ո՛չ նիւթը կրնայ մանկութիւնը հետաքրքրել, ո՛չ մանաւանդ եղանակը կարող է հրապուրիչ ու իւրանալի ընել զանոնք։

Դպրոցական կեանքը, զբօսանքներէն դուրս, եւ դասաւանդութիւնները, բացարձակապէս սխալ են, որովհետեւ տղուն ապրելու հաճոյքը կը թունաւորեն։ Խաբուելու չէ բացառութիւններէն. խնդիրը բացառիկ տղոց վրայ չէ, որոնք կրնան կանխահասօրէն եւ ոյն իսկ զարտուղօրէն՝ ճաշակել մեր յոռի եղանակներուն տակ կորսուած անստանալի բարիքէն, զոր կրնան նոյն իսկ իրենք վերածել բարիքի։ Բայց կրնա՞նք երաշխաւորել նոյն իսկ բացառիկ տղոց գոհունակութիւնը նկատմամբ իրենց անցուցած կեանքին։ Կարելի է ըսել թէ երանութեամբ չպիտի փարէին լաւագոյն, պատշաճագոյն դաստիարակութեան մը, եւ թէ զայն իրենց անարժան պիտի նկատէին. ո՞ր կանխահաս ու բացիռիկ տղանանտարբեր է հնար եղածին չափ նուա՛զ անբնական ճիգ պահանջող ու զուարթ կեանքի մը։ Բայց խնդիրը միշտ պարզ մեծամասնութեան վրայէ արդէն։ Բացառիկները իրենց զարգանալու բացառիկ միջոցները կրնան գտնել իրենց մէջ։

Քիչ մը վերը կ՚ըսէինք թէ մեր ըմբռնած ու աւանդած դաստիարակութեամբ տղոց երանութիւնը կը դառնացնենք։ Իրենց ապրել տալու տեղ՝ կարգապահութի՛ւն կը պատուիրենք իրենց։ Դպրոցին մէ ամէն բան, գէշ հասկցուած կարգապահութեան մը համաձայն յօրինուած է, գիտակցաբար կամ ոչ, եւ այսպիսի կարգապահութեան մը գաղափարը կը ձգտի վանել հարկաւորապէս, ինչ որ պատանեկան ու մարդկային է, եւ անոր կը փոխակայէ մեքենական, առարկայական, ու տխրագին բան մը։ Կարգապահութեան նպատակն է կանոնաւորութեամբ, բարեկարգութեամբ ապահովութիւն աշխատութեան, առողջապահութեան ու բարոյականի։ Կարգապահութիւնը նպատակ ունի այլամերժօրէն սաստիկ անձնականութիւնները զսպպել տղոց մէջ, չափազանց զարտուղուող ճաշակները սանձել, հսկել ա՛յնքան՝ որքան դասարանին միութեանը, դպրոցին միութեանը։ Այսպէս գրեթէ աւելորդ կը դառնայ դաստիարկներուն կողմէն հսկողութիւն ու խնամք, եւ աշակերտներուն կողմէն՝ ազնուութիւնը պիտի բաւէր, ցուցնելու համար ինչ որ ուսումէն դուրս անհարժեշտ է դպրոցի մը մէջ։

Կարգապահութիւնը օրինակի համար, զօրանոցներու կեանքին անհարժեշտ է, վասն զի իր ենթադրած մեքենականութիւնը անհրաժեշտ է բանակի մը, որ մէկ մարմին պէտք է կազմէ։ Շէնքերուն ձեւին ու իրենց պարունակած բազմութեան տեսակէտով դիտուած նմանութիւնը կը բաւէ՞ որ այդ գաղափարը նախակրթարանի մըն ալ սկզբունլը ըլլայ, նախակրթարանի մը՝ ուր ամէն տղայ իրաւունք ունի իբր անհա՛տ մը մշակուելու եւ ապրելու, որքան ալ բազմամարդ ըլլայ շէնքը։ Դպրոցին մէջ ահաբեկիչ կերպարանքով մը իր իր պանդոյրութիւնը ակնածելի ընող այդ բառը նպատակ ունի սակայն ուսուցչութիւնը չնեղել եւ յարգելի ընել. այսինքն մինչդեռ դպրոցը նպատակ ունի տղոց օգուտը, կարգապահութիւնը կը հիմնուի ուսուցչին օգտին վրայ. մէկը տղոցը կեանքը կը յարգէ, իսկ միւսը դասատուին ջիղերն ու յաւակնութիւնը։ Այսպէս, ըստ մեր գործադրած կարգապահութեան, ամէն բան ի նպաստ ուսուցչութեան է վարժարանին մէջ, եւ ոչինչ ի նպաստ աշակերտներուն։

Ո՞չ ապաքէն վարժարանի կարգապահութիւնն է որ, ուրիշ քանի մը պատճառներու հետ, որոնց վրայ հետզհետէ պիտի խօսինք, կը ջնջէ տղոց զուարթութիւնը, կեանքի յատկանիշը, դասին ու սերտողութեան հաճելիութիւնը. եւ մանաւանդ ո՞չ ապաքէն, շփոթուելով բարոյականին հետ՝ ասոր տե՛ղը կը բռնէ, բարոյականի՛ն տեղը, եւ անգամ մը որ տղան մեկնի վարժարանէն ու դադրի՛ յդ կարգապահութեան հպատակելէ՝ տեսնուած պարապը տղուն սրտին մէջ, բարոյականի՜նն է։ Բարոյականին մէկ կեղծը, խարդախութիւնը, խուսափողականը չէ՞ ուրեմն վարժարանի կարգապահութիւնը։

Թող նախկին դպրոցականները վայրկեան մը յիշեն իրենց աշակերտութիւնը, եւ ուսուցիչները իրենց աշակերտներուն դպրոցի կեանքը պահ մը դիտեն։ Մինչդեռ մենք կ՚ըսենք որ դաստիարակութիւնը կեանքին ձե՛ւը պէտք է միայն ըլլայ, հետեւաբար կեանքը իր առոյգ յատկանիշներովը պէտք է երեւի դպրոցական գործունէութեան մէջ. ահա դասընդմէջներու եւ մանաւանդ զբօսանքներու միջոցին է միայն որ կեանք մը կը տեսնուի դպրոցին մէջ, թէեւ տղաք, այդ պահերուն, վայրենի ու խօլ կերպով մը կը գործածեն այն կորովը՝ որ անհրապոյր ու չոր դասերու միջոցին ճնշուած ու անգործածելի մնացեր էր։ Զբօսանքին մէջ, այսպէս, չափազանց կեանք մը կը տիրէ, անիմաստ, անօգուտ, վայրենացնող, եւ ուսմանց ժամերուն մէջ ալ ապուշ եւ անդամալոյծ վիճակ մը։ Տեսակ մը անմիտ կանոնապահութիւն մը ըստ որում, որոշ ժամանակներու մէջ պէտք է զբաղիլ որոշապէս տարբեր (. ՞) իրերով, ուրեմն ինչպէս այլ եւ այլ դասերը իրենց յատուկ ու զուտ ժամերը ունին, այնպէս ալ ուսումը ունի իր անխառն ժամերը եւ զբօսանքն ալ իրենները, անխառն։ Այս անխառնութիւնն ու զատութիւնը բռնազբօսիկ է, սխալ է, եւ վնասակար։ Վասն զի, ինչպէս ըսինք, դասն ու զբօսանքը հնար եղածին չափ միասի՛ն է որ կը կազմեն կեանքը, մանաւանդ տղո՛ւնը։ Տղան, զբօսանքի՛ պայմանով կրնայ ընդունիլ դասը. ուրեմն դասի պայմանով զբօսանք տալու ենք իրեն։ Այս զատութիւնը վնասակար է նաեւ անով որ ստիպե՛լ կը նշանակէ տղան երկուքէն հաճոյագոյնը ընդունիլ. եւ քանի որ ամէն հաճելիութիւն տարած խռռնած ենք զբօսանքին մէջ, ցամքեցնելով ու դատարկելով դասը, տղան զբօսանքը կը նախընտրէ միշտ։

Կ՚ուզէի հանդիպած ըլլալ տղոց, որոնց դասարան վազէին, Թուաբանութեան դասին, Աշխարհագրութեան եւ Կրօնքի դասին վազէին, ինչպէս կը վազեն զբօսանքի, որոնք դասարան մտնէին գէթ այնպէս ինչպէս որ կ՚ելլեն անկէ. չեմ ըսէր մտնէի՛ն մանաւանդ այնպէս ինչպէս կ՚ելլեն։ Եթէ  տղաքը, ըստ մեր ամենօրեայ յարաժամեայ ականատեսութեան կը վազեն պարտէզ, այնքան որքան չեն քալեր դասարան, պայծառօրէն կը ցուցնէ տղոց մտքին մէջ այդ երկուքին զանազանութիւնը։

Պիտի ըսուի որ ամէն մարդ բնականօրէն կը սիրէ հաճոյքը, եւ կը խուսափի ճիգէն։ Անշուշտ. եւ այս պատճառաւ, կ՚ուզենք որ «ճիգը» այնպէս ըլլայ որ տղան չխուսափի անկէ, որպէս զի կարենայ անկէ օգտուիլ, գէթ մինչեւ ուսումնատենչութեան անխախտ բնաւորացումը իր մէջ, ինչ որ նախակրթարա՛նի տիպար կեանք մը բաւական է ապահովելու, եւ մանաւանդ ինչ որ նախակրթարանի մը ուսումնական նպատակը պէտք է ըլլայ, վասն զի նախակրթարան մը, ուսուցիչ մը՝ յաջողած է ա՛յն ատեն ուսուցման մէջ՝ երբ ո՛չ թէ ուսեալ ըրած է աշակերտը, այլ ուսումնատենչ։ Դասերը օգտակար ըլլալու համար, կ՚ըսենք, հաճելի ըլլալու էին ա՛յն պատճառներով՝ որոնցմով զբօսանքը սիրելի է. այսինքն անով որ զբօսանքը չի կաշկանդէր տղուն գործունէութիւնը. կամ լաւ եւս անով որ հոն խաղղի մէջ պատահած կաշկանդումներուն ի սրտէ համակերպած է տղան. յետոյ, անով որ անյաջողութեան մը, թերութեան մը հետեւորդ ո՛ եւ է լուրջ անպատուութիւն կամ պատիժ չի սպառնար իրեն. նաեւ անով որ զուարթ է խաղը՝ իբր հետեւութիւն նախորդ պատճառներուն։ Այդ դասերը, ուր տղան կաշկանդուած է բարոյապէս, ֆիզիքապէս, մտաւորապէս, ուր թերրութիւնները սրտատրոփ սպասել կուտան յանդիմանութեան, ուր ոչինչ կը զուարթացնէ զինքը իրօք, բոլորովին զուրկ են այն բացարձակօրէն անհարժեշտ հրապոյրէն զոր ունենալու էին խաղին պարունակածին չափ։ Եթէ զբօսանքը մարմնոյն կեանքն է, եւ դասերը մտքին, աւելի ճիշդ՝ եթէ առաջինը անդամներուն կեանքն է մանաւանդ, եւ երկրորդները ուղեղին, ո՛չ մէկ կողմը, ոչ միւսը պէտք է անիրաւեն իրարու, տղուն ամբողջ կորովը իւրագրաւելով։ Արդի կերպերով՝ դասերը դաս չեն, քանի որ բաւական զբօսանք չեն, նոյնպէս զբօսանքները զբօսանք չեն, քանի որ բաւական դաս չեն։ Դասերուն տաժանքին դէմ աւելի քան լիուլի փոխարինութիւն մըն է զբօսանքը. ո՛չ առջի չարչարանքը տուէք, ո՛չ ետքի սանձարձակութիւնը։

 

«Արեւելք», 1902, 2/15 Մայիս, թիւ 4935