Բանկալթիի գերեզմանատունը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

Թերզեան Պատրիարք, հետեւելով իր նախորդներէն Ազարեան Պատրիարքի, վերջերս կրկին Բերայի Հայոց գերեզմանատունէն բաժին պահանջելու ձեռնարկ մ՚ըրած էր։ Թերզեան Պատրարք, որուն երբեք Ազարեանի մը հետեւող ըլլալը չէինք ցանկար, ծածկել պէտք չէ թէ մեծապէս յուսախաբ ըրաւ զմեզ զանազան ձախող շարժումներով, որոնց կարգին, կարեւոր տեղ մը կ՚բռնէ այս խնդիրը, եւ պարզապէս երկու համազգի հասարակութեանց մէջ վէխ գրգռելէ զատ ուիշ արդիւնք մը չի կրնար ունենալ։

1889 Ազարեան Պատրիարքի բողոքին վրայ՝ կառավարութիւնն ուղած էր իրաւախոհութիւն մ՚առաջ բերել երկու Պատրիարքարաններուն միջեւ, խառն Յանձնաժողով մը կազմելով։ Յանձնաժողովին Հայ անդամներէն Աբիկ էֆ. Ունճեան մերժած է այս տեսակ Յանձնաժողովի ը մասնակցիլ, դիտել տալով թէ ապացուցեալ իրաւունքի մը վրայ միայն կրնայ խնդիր ըլլա եւ պահանջած էր որ նախ ցոյց տրուին Հայ-Կաթոլիկներու սեփականատիրութիւնն ապացուցանող վաւերագիրներ։ Ազարեան չէր կրցած ո եւ է փաստ ու վաւերագիր հայթայթել, եւ այս կերպով խնդիրը փակուած էր։ Թերզեան Պատրիարքի նոր բողոքին վրայ՝ կառավարութիւնը նորէն հին դրութեան դիմած է, իրաւախոհութեան յորդորելով։ Այս անգամ ալ Հայոց կողմէն հին պահանջը ներկայացած ատեն, Կաթոլիկ ՀԱյոց Պատրիարքարանն անզօր չձգելու բարի դիտումով անշուշտ, Վիեննայի Մխիթարեանց գլխաւոր անգամներէն Հ. Գրիգորիս Ծ. Վարդ. Գալէմքեարեան, իրենց «Հանդէս Ամսօրեայ»ին ներկայ տարուան Փետրուարի թիւէն սկսեալ՝ սկսած է հրատարակութեան տալ «Կ. Պօլսոյ Պէյօլօղլուի Հայոց գերեզմանատանն եւ կաթողիկէ Հայերու տապանագիրներ» վերնագրով յօդուածներու շարք մը, որուն միայն առաջին երկու յօդուածները լոյս տեսան։ Ասոնք արդէն որոշ գաղափար մը կուտան յօդուածագրին ուղղութեանն եւ  իբր փաստ ներկայացուցած իրերուն եւ դէպքերուն արժէքին վրայ։ Ուստի զանոնք քննութեան պիտի առնենք Կաթոլիկ Հայոց կարծեցեալ իրաւունքին ի՛նչ ըլլալը բացատրելու համար։

Հոս ներուի ինծի փոքր փակագիծ մը բանալու, ըսելու համար թէ, որքան Թերզեան Պատրիարքի ընթացքը, նոյնքան եւ աւելի եւս մեծ յուսախաբութիւն մ՚Էր մեզի համար. Վիեննայի Մխիթարեանց ուսումնական միաբանութեան գիտական ու բանասիրական «Հանդէս» ին մէջ հրատարակուած տեսնել այն տեսակ տողեր, որոնք թէ կ՚վիրաւորեն ազգային մեծամասնութիւնն եւ թէ՛ կ՚հարուածեն ճշմարտութիւնը։ Ես անոնցմէ չեմ, եւ երբեք չեմ կրնար ըլլալ որ ուրանամ այն թանկագին ծառայութիւնը զոր մատուցած է Վիեննայի Մխիթարեան Պատ. Միաբանութիւնը, մասնաւորապէս գերմանացի արեւելագէտներու ուսումնասիրութիւնները ծանօթացնելով եւ իր կողմէ նոյն ուղղութեամբ մեծ երկեր արտադրելով։ Մենք համաշխարհային մեծ կեդրոնի մը մէջ հաստատուած այս պատկառելի Միաբանութենէն կ՚ակնկալենք նոյն ուղղութեամբ ուրիշ ուսումնասիրութիւններ եւ աշխատութիւններ, որոնք պատուաբեր կոթողներ ըլլան այդ ուսումնական Միաբանութեան անուան։ Եւ այնպէս կ՚կարծեմ թէ մասնաւորապէս կրօնական վէճերէ պէտք է հեռու մնան այս տեսակ Միաբանաութիւններ, իրենց պատմական ու բանասիրական աշխատութիւններուն անկողմնակալութիւնը կասկածի տակ չձգելու համար, նկատելով թէ. ներկայ դարուն մէջ այլեւս շատ ծթռած գաղափարի մը ծառայած պիտի ըլլար մարդ, իր միտքն ու ոյժերը գործածելով ապացուցանելու համար այնպիսի դաւանանքներ կամ վարդապետութիւններ, որոնք ոեւէ դրական ու շօշափելի ապացոյցներէ զուրկ, շատ անգամ ենթադրութեանց, ցնորքներու, եւ երեւակայութեանց շուրջը կ՚դառնան։ Այս գործնական դարուն մէջ, ուր ամէն ինչ շօշափելի ապացոյցներէ զուրկ, շատ անգամ ենթադրութեանց, ցնորքներու, եւ երեւակայութեանց շուրջը կ՚դառնան։ Այս գործնական դարուն մէջ, ուր ամէն ինչ շօշափելի փաստերու կցորդել  կ՚ուզեն մարդիկ, ինծի համար խանգարեալ ուղեղի գործ է վէճի բռնուիլ դաւանաբանական այնպիսի խնդիրներու համար, որոնք վճռուած են, եկեղեցւոյ Ս. Հայրեր անունով մկրտուած, միամիտ, յաճախ տգէտ, եւ կրօնական մոլեռանդութիւնով խանդավառուած անձերու կողմէն, եւ որոնք քանի մը ուրիշ համախոհներու հետ, Սինոդոսներ ձեւացնելով Եկեղեցւոյ վարդապետութեան մէջ անցուցած են իրենց որոշումները. իսկ անոնք որոնք չեն կրցած մեծամասնութիւն կազմել՝ ընդհակառակն իբր հերձուածող դատապարտուած են։ Այդ գերագրռութենէն խանգարուած միտքերու ծնունդ դաւանաբանական ֆորմիւլներն էին որ Քրիստոնէական կրօնքին պարզ ոգին խանգարեցին ու խաղաղութեան կրօնքը կռիւի ու վէճերու սկզբնապատճառ ու առիթ դարձուցին։ Այդ անիմանալի ճշմարտութեանց վրայ հիմնուած «իմս քուկդ»ի վէճ յարուցանելն ինծի համար ծիծաղելի է։

Հետեւաբար չարժեր որ «մենք ուղղափառ ենք» «դուք չարափառ» «միայն իմ Եկեղեցիս է Կաթողիկէ եւ ճշմարիտ» «Քու եկեղեցիդ հերետիկոս է եւ հերձուածող» եւն. ի պէս խօսքեր ելլեն մեր բերնէն, երբ այդ ուղղափառը չարափառէն զանազանելու համար պէտք է որոշ գիտնայինք թէ Հոգին Սուրբ միայն ի Հօրէ՞ թէ նաեւ յՈրդւոյ կ՚բղխի։ Բան մը որ ոչ ոք մենէ կրնայ հաստատել կամ ժխտել իր սեփական միջոցներով, եւ դրական ու շօշափելի փաստերով։ Հետեւաբար մենք պիտի ուզէնք որ գէթ ուսումնական Միաբանութեան մը անդամներն հեռու մնային այս տեսակ վէճերէ ու մոլեռանդական ըմբռնումներէ։ Դժբախտաբար՝ ժամանակակից դրական ու քննական ուղղութեան սիրահար հռչակուած Մխիթարեանց Վիեննայի հատուածը, սկսեալ Հ. Յովսէփ Գաթրճեանի օրերէն զերծ չէ կրցած մնայ այս տխուր մոլեռանդութենէն, որ պատուաբեր չէ անշուշտ։

Թողլով հիներն ու անոնց հետւեողները, ես նուազ սրտի սեղմումով չէ որ կ՚կարդամ երկու երեք տարիէ ի վեր Հ. Գրիգորիս Վարդ. Գալէմքեարեանի կարգ մը հրատարակութիւնները, որոնք այս հնաբոյր նկարագրով երեւան կուգան։ Մասնաւորապէս անոր համար իմ ցաւս աւելի մեծ է որ Հ. Գրիգորիս Վարդ. Գալէմքեարեան, կ՚պատականի Մխիթարեանց նոր սերունդին, եւ պետն է Վիեննայի վանքին երիտասարդ ոյժերուն։ Ինքը՝ Հ. Գաբրիէլ Վ. Մէնէվիշեանի հետ, պահ մը «Հանդէս»ը բարձրացուց այնպիսի կատարելութեան մը որուն ոչ առաջ հասած էր եւ ոչ ալ հիմա կ՚հասնի։ Այն ատեն Հ. Գրիգորիս Գալէմքեարեան, Վիեննայի Մխիթարեանց միւս մեծ դէմքին՝ Հ. Յակոբոս Տաշեանի հետ, գերման հայագէտներու աշխատութեանց եւ իրենց անձնական հետազօտութեանց վրայ հիմնուած, կ՚բանար Հայ բանասիրութեան համար- պատմական, գրական եւ լեզուական գետիններու վրայ հաւասար չափով, նոր եւ չխուզարկուած ուղիներ։

Այդ շրջանին էր որ նաեւ Հ. Գրիգորիս Վարդ. Գալէմքեարեան, հրատարակեց Հայ լրագրութեան պատմութեան Ա. Հատորը, որուն Բ. մասը տակաւին լոյս չէ տեսած։ Հ. Գալէմքեարեան յետոյ իբր մեծաւոր Կ. Պոլսոյ վանատան, երկար պաշտօնավարութիւն մ՚ունեցաւ, եւ իբր Բանկալթիի ժողովրդապետ, ու Հայ-Կաթոլիկ Պատրիարքարանի ժողովներուն անդամ, շփում ունեցաւ Կ. Պօլսոյ միջավայրին մէջ կ՚երեւի տարբեր մտածող հատուածներու հետ։

Այդ շրջանին բնական է թէ պարապ չէր կեցած ժրաջան վարդապետը, սակայն իր ո՜եւ է գրական նշանակելի վաստակը չտեսնուեցան, մինչեւ 1906, երբ վերստին հրապարակ իջաւ Հանդէսի էջերուն մէջ հրատարակելով Սարգիս Եպիսկ. Սարաֆեանի կենսագրութիւնը, որ յետոյ առանձին հատորի ալ վերածուեցաւ (1908)։ Այդ հատորին առաջաբանին մէջ Հ. Գալէմքեարեան կ՚հաւաստէր մեզի թէ «քիչ ատենէն տպագրութեան պատրաստ կ՚ըլլայ նաեւ Կ. Պօլսոյ Հայ Պատրիարքներու եւ անձնաւորութեանց, եւ ի մասնաւորի Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան սկզբնաւորութեան եւ անցքերուն պատմութիւնը, Հայ Կաթողիկէ նշանաւոր եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու ցեղաբանութիւնները, կենսագրութիւններն եւ իրենց գործերուն վրայ նորագոյն տեղեկութիւններ, վաւերագիրներու վրայ հաստատուած 1200էն մինչեւ  1830»։

Արդարեւ ներկայ տարուան Յունուար եւ Փետրուար ամիսներուն մէջ երկու նմոյշներ տուաւ այդ աշխատութենէն Յովհաննէս խուլ եւ Զաքարիա Վանեցի Պատրիարքներու կենսագրութիւնը հրատարակելով Հանդէսի էջերուն մէջ։ Շատ ճոխ ատաղձներու, եւ բազմաթիւ վաւերագիրներու պրպտումը կ՚տեսնուի ոչ միայն այս երկու յօդուածներուն մէջ, այլ նաեւ Տ. Սարգիս արքեպսկ. Սարաֆեանի կենսագրութեան մէջ, ուր կենսագրեալ են «Եւ ժամանակին Հայ Կաթողիկեայք» ինչպէս գիրքին ճակատն ալ ցոյց կուտայ։ Նոյնը կ՚հաստատեն նաեւ Բերայի գերեզմանատան վրայ վարդապետին ստորագրութիւնը կրող երկու յօդուածները, զորս վերը յիշեցինք։

Բայց ներուի ինձ ըսել թէ խոնարհելով եւ յարգանօք յիշատակելով հանդերձ թէ այս գործերուն մէջ հեղինակը արդարեւ «յարատեւ եւ մանրախոյզ հետազօտութիւն ցոյց տուած է», սակայն հակառակ իր կամքին «ուզած» բայց չէ կրցած «առանց կողմանկալութեան, պատմական ճշմարիտ իրողութիւններ պարզապէս ներկայացնել» (Տե՛ս յառաջաբան Սարգիս եպս. Սարաֆեանի, Էջ Ը. ). եւ թէպետեւ սքողեալ, սակայն շատ թափանցիկ մոլեռանդութեան մը նշոյլները կ՚երեւան բոլոր գործին մէջ, որուն ամբողջական մանրազննին քննադատութիւնը պատրաստած ըլլալով՝ հրատարակութիւնը առաջիկայ առիթի մը կը վերապահենք։

Այդ ընդարձակ գործին մէջ (433 էջ) գրեթէ ամէն էջի մէջ պիտի հանդիպինք Մայրենի Եկեղեցւոյն դէմ թոյն պարունակող տողերու։ «Կաթողիկէ» կոչումը մենաշնորհ ըրած է միայն Հռոմէական Եկեղեցւոյն, իբր թարգմանութիւնը «կաթոլիկ» բառին, եւ այս մենաշնորհն իբր թէ բաւական չըլլար, Հ. Գրիգորիս Վարդ. Գալէմքեարեան ամէն առիթ կ՚շահագործէ Ազգային Եկեղեցւոյն հաւատարիմ մնացած Հայոց զգացումները վիրաւորելու, գրեթէ ի դէպս եւ յանդէպս կաթոլիկութեան յարած Հայերը ցոյց տալով «ուղղափառ» (էջ 199), անոնց հովիւները «Կաթողիկոս» կամ եպիսկոպոս «Հայոց ուղղափառաց» (էջ 378) [1] ։

Հ. Գալէմքեարեան նոյնպէս Հռոմէական շահերու ծառայող գիրքերը կ՚կոչէ «Ուղղափառական  գիրքեր» (էջ 200), հռոմէական կրթութիւնը «ուղղափառ կրթութիւն» (էջ  200), կաթոլիկ դաւանութիւնը՝ «ուղղափառ ճշմարտութիւն» (էջ 285) կամ «ուղղափար հաւատք» (էջ 289), եւ բնաւ չի թերանար մատնանիշ ընելու, ներբողներով, գործիչներ որոնք Հայաստան կ՚երթան «ուղղափառ Հաւատք քարոզելու» (էջ 289), կ՚աշխատին «քարողութեամբ ազգն ուղղափառութեան» բերելու» (էջ 312)։ Ուրեմն շատ պարզ է թէ Հ. Գրիգորիս Վարդ. Գալէմքեարեան, Հայ Եկեղեցին կ՚համարէ, իբր հռովմէական աններողութեան ոգւով կրթեալ ոք, չարափառ, հէրէտիկոս, եւ կամ իր բառերով «ոչ- ուղղափառ», «ոչ- կաթողիկէ»։ Չէ՛ վարդապետ, այսքան մոլեռանդութիւն հաւատացէք որ անմարսելի է։

Եւ հոս, թող դարձեալ ներուի, իրեն դէմ հանելու ուրիշ Հռոմէական վարդապետ մը, որ չարաչար կ՚պախարակէր զՀ. Գրիգորիս Վարդ. Գալէմքեարեան եւ իր համախոհները, որոնք «Չարափառ ու Հերետիկոս» կ՚համարեն Հայ Եկեղեցին, որ ըստ այդ հմուտ, անկողմնակալ եւ լայնախոհ վարդապետին տեսութեանց, Հռովէական եկեղեցւոյ հանդէպ կը  ներկայանայ՝ Լեւոն ԺԳ-ի սահմանումովը, իբր Չմիացեալ եկեղեցի մը. ոչ աւելի եւ ոչ պակաս։ Եւ կ՚ըսէր թէ այդ մոլեռանդները չպիտի կրնան ցոյց տալ ոեւէ Պապերէ տուած վաւերագիր կամ ժողովէ հաստատուած որոշում, որով Հայ Եկեղեցին, Հռոմայ Եկեղեցիէն անկախ մնացած ըլլալուն համար որակուած ըլլար Չարափառ ու Հերետիկոս ։

Այս վկայութիւնը, մեզի համար բնական է, հրապարակով դատապարտելու համար Հ. Գրիգորիս Վարդ. Գալէմքեարեանի գրելու այն ոճը, որ ընդ քօղով կ՚միտի նախատելու Հայ Եկեղեցին, նոյն իսկ քան զՊապն աւելի պապական հանդիսանալով։



[1]            1- Բիւզանդիոն, 1911, ապրիլ 2-15, թիւ 4401։