Բանկալթիի գերեզմանատունը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժ

1830էն առաջ, Հայոց Պատրիարքարանին բոլոր ջանադրութիւնները ցոյց կուտան թէ մեր հոգեւոր վերին իշխանութիւնը, ազգը չերկպառակելու համար ամէն զոհողութիւն ըրած է։ Գտնուած են Պատրիարքներ, որոնք հալածանքը դարման համարելով երկպառակութեան բարձման, այդ ուղղութեան յարած են, կան որ թոյլտուութեան եւ ներողամտութեան ուղին ընտրելով սիրաշահելու յոյս ունեցած են։ Ոմանք երկուստեք զիջումներով եւ  մերձեցմամբ միութիւնը չքայքայելու աշխատած են։ Վերջապէս անուրանալի իրողութիւն մ՚է թէ Հայ Պատրիարքներն իրենց անմիջական խորհրդականներովն եւ մերձաւորներովը, իրենց խելահասութեան սահմանին մէջ ազգին երկուքի բաժնուելուն դէմ պարզապէս մաքառած են ու պայքարած։ Մենք չենք ըսեր թէ այս փափաքելի նպատակին հասնելու համար, իրենց ընտրած ճամբան միշտ ուղիղ էր եւ արդար։ Սակայն դէպքերը պերճախօս են հաստատելու համար թէ Հայ-կաթոլիկներու անջատման բնաւ փափաքած չեն։ Հոս աւելորդ է մանրամասնութեանց մտնել, զի արդէն շատ ծանօթ են ամէնուն։

Ինչո՞ւ չեն յաջողած սակայն։ Հոս է որ խնդիրը կ՚կնճռոտի։ Եթէ Հայերն եւ իրենց հռոմէականութեան յարած մասն առանձին մնային, շատ դիւրին էր համերաշխութեան մը գալ եւ բաժանման տեղի չտալ։ Սակայն  մեր «ուղղափառ» եղբայրները, հովանաւորուած օտար դեսպաններէ որք իրենց ձեռքերուն մէջ գործիքներ կ՚ուզէին ընել զիրենք, - Թուրքիոյ ներքին գործերու միջամտելու պատրուակ ստեղծելու համար, եւ մանաւանդ զոհ երթալով Լատին կղերին սադրանքներուն, որք իրնեց գոյութեան դէմ վտանգ կ՚նկատէին այս համերաշխութիւնը, շատ անգամ գոյացած համաձայնութիւններն ալ եղծանեցին, եւ անջատողական քաղաքականութեան մը հետեւեցան։ Ըսելու արդէն հարկ չկայ թէ առանց օտար դեսպաններու «ազդու» միջամտութեան այսօր Հայ-Կաթոլիկ Պատրիարքութիւն մը գոյութիւն չպիտի ունենար։ 1830 Յունվար 5(17)ի հրովարտակը ֆրանսական եւ ուրիշ կաթոլիկ դեսպաններու շնորհն էր, եւ ասիկա ձեռք կը բերուէր այնպիսի պահու մը երբ օսմ[անեան] պետութիւնը տակաւին նոր ելած մեծ պատերազմէ մը՝ ընկճուած էր։

Թղթատեցէք պատմութիւնն եւ պիտի տեսնէք որ Օսմ[անեան] կառավարութիւնն օտար դեսպանական միջամտութեան մը խրտուիլակին առջեւ որքան ճիգ ու ջանք թափած է, այդ բաժանման տեղի չտալու համար եւ Սուլթան Մահմուտի պէս մեծ կայսր մը ինքն անձնապէս միջամցած է, իրաւախոհութեան մը բերելու երկու կողմերը։ Եւ ապահովաբար օտար հովանաւորութեան ապաստանող հասարակութեան մը ստեղծագործուիլը չպիտի թոյլատրուէր եթէ կառավարութիւնն ի վիճակի ըլլար եւ իր ազդեցութիւնը կորուսած չըլլար։ Հետեւաբար Հայ կաթոլիկներն այդ ազդեցութիւնն ի նպաստ իրենց գործածեցին, եւ Հայոց Պատրիարքները- որոնք անակնկալի եկած էին  1830ի կարգադրութեամբ, - խոհեմութիւն համարեցին խնդիր չհանել, զի իրենց իրաւունքները  պաշտպանելու եւ օտար միջամտութեանց դէմ պատուար կանգնելու չափ զօրաւոր եւ պատկառելի չեղաւ բնաւ Օսմ[անեան] կառավարութիւնն 1830էն յետոյ։ Հետեւաբար  1830էն յետոյ չդադրեցան իրենց մեռեալները թաղել  Բերայի գերեզմանատան մէջ «առանց հրաման եւ թոյլտուութիւն ուզելու Հայոց Պատրիարքէն»։ Այսու հանդերձ  1859ին Հայերը կ՚փորձեն արգիլել կաթոլիկներու թաղումը, ինչպէս Հ. Գալէմքեարեան ալ կ՚հաւաստէ, եւ սակայն չեն յաջողիր, վասն զի կաթոլիկներն օտար  ազդեցութեամբ կ՚բառնան այդ արգելքը։

Ասիկա սակայն բնաւ իբր սեփականատիրութեան փաստ չի կրնար ծառայել այլ պարզ հիւրընկալութիւն մըն է զոր Հայք իրենցմէ բաժնուող հասարակութեան անդամներուն ընծայեցին իրենց սովորական անյիշաչարութեամբը։ Մանաւանդ որ երկու գլխաւոր պատճառներ ալ կային այդ հիւրընկալութեան։

Ա. Հայ-կաթոլիկներու առանձին գերեզմանատուն որոշուած չըլլալը։

Բ. Այդ Մայրենի եկեղեցիէն բաժնուածներուն ազգականները եւ նախնիքը, իբր Հայ Եկեղեցւոյ զաւակ, արդէն այդ գերեզմանատունը թաղուած ըլլալուն համար, թոյլ տրուած է որ իրենց Մայրենի եկեղեցիէն բաժնուած յաջորդները, ըստ հայկական նախնական աւանդութեան, իրենց ընտանեկան դամբաններուն մէջ թաղուին։ Ասով հանդերձ, կաթոլիկները վերահասու ըլլալով թէ իրենք ո եւ է իրաւունք չունին այս գերեզմանատան վրայ 1840էն յետոյ մասնաւորապէս զգուշացած են իրենց եկեղեցականները Բերայի գերեզմանատան մէջ թաղելէ, ինչպէս Հ. Գալէմքեարեան ինքն կ՚վկայէ (ՀԱ.,  1911, էջ148)։

Նոյնպէս ինքն է որ կ՚հաւաստէ (նոյն) թէ հարուստ դասակարգն ալ իր մեռեալները Ս. Յակոբայ անկելանոցին մէջ թաղել սկսած է, ապահովաբար «ոչ-ուղղափառ»ներու քով չթաղուելու համար, կամ գիտնալով թէ իրենց ընծայուած հիւրընկալութիւնն առժամեայ է։

Այսօր Բերայի Ս. Երրորդութեան եկեղեցւոյ Թաղ[ային] խորհուրդի թղթածարարներուն մէջ կ՚պահուին բազմաթիւ նամակներ, 1865էն յետոյ թուականներով որոնցմով Հայ-կաթոլիկ ազգայիններ արտօնութիւն կ՚խնդրեն Հայոց Թաղ[ային] խորհուրդէն. Բերայի Հայոց Թաղ[ային] Խորհուրդէն, Բերայի Հայոց գերեզմանատունէն վերցնելու իրենց նախնեաց աճիւնները եւ Շիշլի իրենց նոր ընտանեկան դամբանները փոխադրելու համար։

Եթէ իրենց սեպահականութիւնն էր այդ գերեզմանատունը, Հայերէն ինչո՞ւ այդ արտօնութիւնը կ՚խնդրեն իրենց նախնեաց աճիւններն առնելու համար, եւ հետաքրքրական է թէ ինչո՞ւ գերեզմանները կը վերցնեն։ Հայր Գալէմքեարեան ասոր բացատրութիւնը կրնա՞յ տալ։

Երբեք հիւրընկալութիւն մը չի կրնար սեպհականութեան վերածուիլ, եւ բոլորովին տգեղ վիճայարոյցութիւն մըն է Բերայի, Պալըգլըի եւ գաւառի ու Կ. Պոլսոյ ուրիշ գերեզմանատուններուն մէջ հայ-կաթոլիկներու թաղուած ըլլալէն հետեւցնել թէ այդ գերեզմանատունները կը նկատուին «երկու հասարակութեանց սեպհական» (էջ 148 նոյն)։ [1]

Հայք՝ Բողոքականներ ալ հիւրընկալած են իրենց գերեզմանատան մէջ, սակայն ի պատիւ Բողոքականներուն պէտք է ըսել թէ բնաւ անոնք օր մը ասկէ սեպհականութիւն չեն հետեւցուցած։

Էջմիածնի վանքին մէջ, տաճարին առընթեր Անգլիացի մը թաղուած է, Նիկոմիդիոյ Հայոց գերեզմանատան մէջ Անգլիացի բազմաթիւ նաւազներ, եւ նոյն տեղն եւ Ռոտոսթոյի Հայ գերեզմանատունը Մաճառներ եւ այլուր շատ մը նման թաղումներ կատարաուած են, զի մենք սխալ հասկցուած ներողամտութեամբ մը այս տեսակ հիւրընկալութիւններ ընծայած ենք, շատ անգամ առանց ապահովելու մեր գործը։ Այս կերպով է որ Բերայի գերեզմանատան մէջ Վրացիք եւ քրիստոնեայ Արաբներ եւս թաղուած են, յատուկ գերեզմանատուն չունենալուն համար։ Հ. Գրիգորիս Վարդ. Գալէմքեարեան աւասիկ կ՚շահագործէ այս պարագան, իբր ճշմարիտ հետեւող Հասունի եւ Ազարեանի մոլեռանդ ուղղութեան։

Հ. Գալէմքեարեան սակայն շատ կաղ փաստաբան մ՚է երբ այս տեսակ իրողութիւնները կ՚շահագործէ։ Պէտք է գիտնայ ինքը թէ օսմ[անեան] կառավարութիւնը ի սկզբան միայն չորս կրօնական կազմակերպութիւն կ՚ճանչնար։ Ա. Իսլամութիւն, Բ. Օրթոտոքսութիւն։ Գ. Ոչ-որթոտոքս քրիստոնեայք, եւ Դ. Հրեայք։ Երրորդ բաժանման վերին ներկայացուցիչն էր Հայոց Պատրիարքը, որուն իրաւասութեան ենթարկուած էին Ասորիք, ղպտիք, Վրացիք եւլն։ Երբէք ազգային բաժանումներու կարեւորութիւն չէր տրուած. Պուլկար, Սերպ, Յոյն իրեն համար գոյութիւն չունէին, ինչպէս նաեւ Հայ, Ասորի եւ այլն։ Ըստ այնմ սահմանուած են նաեւ անոնց յատկացուած գերեզմանատունները, եւ այս պատճառով է որ Հայոց գերեզմանատան մէջ թաղուած են Ասորիներ եւլն, ։ Երբ այս միազանգուած ամբողջութիւնները, ըստ ազգաց եւ կրօնից ստորաբաժանուեցան եւ անջատ կազմակերպութիւններ ստացան, կառավարութեան թոյլտուութեամբ նոր աղօթատուններ շինեցին եւ նոր գերեզմանատան գետիններ յատկացան՝ առանց իրենց նախկին յաճախած եկեղեցիներէ, գերեզմանատուներէն օգտուելու։ Երբէք չէ տեսնուած որ Պուլկարներ, երբեմն թաղուած ըլլալու պատճառաբանութեամբ 1869էն յետոյ որ եւ է Յոյն գերեզմանատունէ մը բաժին տրուած ըլլայ Պուլկարաց։

Այս տեսակ կարգադրութիւն մը արդէն Շէրիի օրինաց ալ հիմնովին հակառակ պիտի գար։ Շէրիի տրամադրութեանց համաձայն մէկ ազգէն միւսը եւ մէկ կրօնքէն միւսը, ժառանգութիւն չի փոխանցուիր։ Ըստ այն տրամադրութեան՝ պարսիկ հպատակ դարձած իսլամ մը իր օսմ[անեան] հպատակ իսլամ ծնողքին ժառանգութեան չի կրնար մասնակցիլ։ Նոյնպէս հակառակ պետութեան կրօնքը իսլամութիւնն ըլլալուն, նոյնպէս իսլամութիւն ընդունող Քրիստոնեան եւ Հրեան կ՚զրկէ իրենց կրօնքին մէջ հաստատուն մնացող ազգականներու ժառանգութենէն։ Այս հիման վրայ՝ ազգերը մեծ ընտանիքներ նկատելով, անոնցմէ տարբեր կրօնքի անցնողներն հասարակաց սեպհականութենէն զրկած է Օսմանեան կառավարութիւնը, հիմնուելով անշուշտ Շէրիի օրինաց վերոնշանակեալ արդար սկզբանց վրայ, որ քրիստոնեայ անհատներու միջեւ չէ կրցած կիրարկուիլ, Շէրիի օրինաց սկզբնական խմբագրութեան ատեն կրօնական յարանուանական տարբերութիւններ գոյութիւն չունենալուն եւ քրիստոնէութիւնը, մէկ եւ առանձին կրօնք մը համարուած ըլլալուն համար։

Արդէն աշխարհի ոչ մէկ կողմը տեսնուած է որ բարոյական կապերով իրարու զօդուած մեծ ամբողջի մը հասարակաց ինչքերուն վրայ անհատներ իրաւունք ունենան եւ երբ այդ ամբողջութենէն բաժնուին անկէ բաժին պահանջեն։

Բերայի գերեզմանատունը անհատ մը կամ Սուլթան մը Հայ ազգին նուիրած է, եւ որչափ ատեն որ Հայ ազգը գոյութիւն ունի, անկէ բաժնուողներն երբէք իրաւունք չունին Հայ ազգի բարոյական միութեան պատկանող այդ սեպհականութեան մէջ իրենց բաժին մը երեւակայելու։ [2] 

Իրենց բաժնուելէն եւ անջատ հասարակութիւն մը կազմելէն յետոյ ալ մեռեալներ թաղուած ըլլալը՝ չի կրնար իրաւունք մը ենթադրել տալ, վասնզի միջազգային սովորութիւն է գրեթէ, գերեզմանատուն չունեցող ազգաց մեռեալները թաղել ուրիշ ազգի գերեզմանատան մէջ։ Շատ հայեր, եկեղեցի եւ գերեզման չգտնուած տեղերու մէջ Յոյն կղերին ձեռքով Յունաց գերեզմանատունները թաղուած են։ Ասիկա արդեօք կրնա՞յ զէնք ըլլալ սեփականատիրութեան։

Գուշակելով որ անշուշտ ժխտական պիտի ըլլաս այս հարցումին պատասխանը, Հ. Գալէմքեարեան ի զուր աշխատած է «Պէյօղլուի Հայոց Գերեզմանատունն ի սկզբանէ անտի կաթողիկէ Հայերու յատուկ գերեզմանատուն» ցոյց տալ, ինչ որ տեսնուեցաւ թէ որքան սուտ էր ու կեղծ։

Եթէ նոյնիսկ այդպէս եղած ըլլար, ո՜վ Գերյարգելի վարդապետ, քանի որ այդ գերեզմանատունը շնորհուած ատեն՝ այսինքն 1560ին, կաթոլիկ Հայոց հասարակութիւն մը գոյութիւն չունէր ո՛չ պաշտօնապէս ո՛չ ալ անպաշտօն կերպով եւ Օսմ[անեան] կառավարութիւնն Հայ ազգ մը եւ հայ Պատրիարքարան մը միայն կ՚ճանչնար, ուրեմն գերեզմանատունն ալ անոնցն է եւ պէտք է անոնցը մնայ, որքան ատեն որ Հայ ազգ մը եւ անոր Պատրիարքարանը կը մնայլ

Հ. Գալէմքեարեան հակառակ է այս սկզբունքին, իր ճաշակին շատ յարմար չնկատելով այս իրողութիւնը, որ կ՚կաշկանդէ իր եւ իր համախոհներուն անյագուրդ ախորժակը որ մենք կ՚կարծէինք թէ միայն  Բերայի գերեզմանատան համար տրուած է։ Մինչ հիմա կ՚հասկնանք թէ «Վասն մեծի փառացն Աստուծոյ», եւ ապահովաբար «ուղղափառաց Աստուծոյն», այս իւրացման եւ կողոպուտի քաղաքականութիւնը կ՚տարածուի նաեւ Հայ ազգին գաւառական բազմաթիւ գերեզմանատուններուն ինչպէս նաեւ Կ. Պոլսոյ վաղեմի Պալըգլըի, Գուրուչէշմէի, Գատըքէօյի, Պէօյիւքտէրէի, Գանտիլլիի եւ այլ գերեզմանատուններուն վրայ, ուրտեղ որ դիպուածաբար Հայ-Կաթոլիկներ թաղուած են։

Ապահովաբար այս շարքէն դուրս չպիտի ըլլայ Հայ-Կաթոլիկներու անջատ հասարակութիւնը կազմելէն առնուազն քսան տարի յետոյ ստացուած Գնալը կղզիի փոքր գերեզմանատունը, ուր դիպուածով մէկ երկու կաթոլիկ Հայեր ալ թաղուած են։ Հաւատացէք որ բաւական ծիծաղելի է մտածելու այս եղանակը։

Եւ ոչ միայն ծիծաղելի այլ բաւական ալ տգեղ ու անկիրթ, զի ոչ ոք իրենց ընծայուած ապաստան մը, եւ հիւրասիրութիւն մը գողութեամբ պիտի փոխարինէր։ «Միամիտ նախնի՜ք»- ձեր բառերովը խօսելու համար- «որ իրենց ապագայ սերունդին» բարքերուն այսքան անկումը չէին կրցած գուշակել, եւ «չէին կրցած կասկածիլ, որ օր մ՚օրանց իրենց թոռնիկները» դէմը պիտի գտնուէին իրենց հիւրընկալած մեռեալներուն յաջորդներուն, որոնց մէջ նախորդներուն ընծայուած հիւրընկալութիւններն այսքան չարաչար պիտի շահագործէին։ «Խաբուա՛ծ բարեպաշտներ» որոնց վրայ որքան կարեկցի քիչ է Հ. Գալէմքեարեան, իր թունալից գրութիւններուն մէջ, որք հասարակ ռամիկի մ՚ալ պատիւ չեն բերեր, ուր մնաց Մխիթարեան վարդապետի մը։



[1]            Բիւզանդիոն, 1911, ապրիլ 29 - 12 մայիս, թիւ 4421։

[2]            Սխալ չհասկցուիմ, ես երբէք Հայ- Կաթոլիկները Հայ ազգէն բաժնուած ցոյց տալ չեմ ուզեր կամ այնպէս չեմ դաւանիր։ Սակայն կառավարութեան համար, որ միայն կրօնական կազմակերպութեանց վրայ ազգերը կը ճանչնայ- ասոնք Հայ չեն, այլ « Կաթոլիկ Միլլէթի »։