Բանկալթիի գերեզմանատունը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է.

Հիմա որ ժխտուեցաւ։

Ա. Քէֆէի Հայ գաղութին «ուղղափառ» ըլլալու առասպելը։

Բ. Ղալաթիոյ Հայ եկեղեցիին Հայ կաթոլիկներէն հիմնուած ըլլալը։

Գ. Բերայի եւ Ղալաթիոյ Հայ բնակչութեան զուտ կաթոլիկներէ բաղկացած ըլլալը, զորս Հ. Գր. Վ. Գալէմքեարեան իբր հիմ կ՚ուզէր ծառայեցնել Բերայի Հայ գերեզմանատան ալ «ուղղափառ»ական ծագման, քիչ մըն ալ քննենք վարդապետին ուղղակի Բանկալաթիի Հայոց գերեզմանատան վրայ գիտցածները, եւ անոր հաստատութեան եւ կազմութեան վրայ տուած ծանօթութիւնները, որոնք ոչ նուազ նպատակաւոր, դիտումնաւոր եւ խեղաթիւրեալ են։

Հ. Գալէմքեարեան շատ կ՚զգուշանայ մանաւանդ կաթոլիկ ականատես պատմագիրներու վկայութիւնները մէջ բերելէ. երբ անոնք աղաղակող փաստեր կուտան գերեզմանատան Հայոց սեպհականութեան եւ կ՚հերքեն Հայ-Կաթոլիկներու կարծեցեալ իրաւունքները։

Մենք այդ փաստերէն ոմանք մատնանիշ պիտի ընենք. ցոյց պիտի ընենք, ցոյց տալու համար Հ. Գալէմքեարեանի կոյր կողմանակալութիւնը։

Նոյնպէս պիտի լրացնենք իր պակասաւոր տեղեկութիւնները, հասկցնելու համար թէ Հ. Գալէմքեարեան գէթ լիակատար ծանօթութիւններ ալ չէ քաղած, այդ արդէն խախուտ դատն ստանձնելէ առաջ ի հաշիւ աճ տաւաճի ութեան մը։ [1]

Արդեօք այդ անգիտութիւնները կամաւոր ե՞ն թէ ակամայ, ատիկա մեզի անծանօթ կ՚մնայ, սակայն ճանչնալով Հ. Գր. Գալէմքեարեանի ոգին՝ շատ բարի դիտում մը չպիտի վերագրենք իրեն։

Նախ, Բանկալաթիի Հայ ազգ[ային] գերեզմանատան ծագման մասին, իր գիտցածը լոկ սա չափ է։ Ահա իր բառերը (տես. ՀԱ., 1911, էջ 84).

«Կ. Պոլսոյ մէջ, ինչպէս գրեթէ ամէն տեղ, սովորութիւն էր շատ հին ժամանակներ մեռելները թաղել եկեղեցւոյ շուրջը։ Քաղաքէն հեռու զատ գերեզմանատուն որոշելու դրութիւնը հետզհետէ զարգացաւ։ Պոլսոյ Լատինաց համար գիտենք՝ որ մինչեւ 1500ի մէջերը եկեղեցիներու շուրջն ու մէջը կ՚թաղէին (Belin, Hist. de la latinite de Const. «Երբ  1560ին ժանտախտն այնչափ ճարակեցաւ, որ մէկ տարուան մէջ 80000 հոգի մեռան Պոլսոյ մէջ, Տէրութիւնն արգիլեց մեռեալները եկեղեցիներու քով թաղել. ուրի իբր  1600էն սկսեալ սովորութիւն եղաւ ուրիշ մեռեալներ ալ թաղելու…։ P. Pianziola [2] կ՚գրէ որ մեռելները թէ եկեղեցիին եւ թէ գերեզմանատունը կ՚թաղենք, վերջին դէպքին հաւանաբար երգելով կ՚տանինք փողոցներէն, բայց առջեւէն խաչ տանիլ ներեալ չէ»։ Եւ իրօք այն ժամանակներէն մինչեւ 1800ի սկիզբները Թագսիմի այժմու տեղը կ՚գտնուէր Յունաց գերեզմանատունը, անոր քովը՝ կից այժմու հասարակաց պարտէզը, Լատինաց գերեզմանը, եւ անոր կից Հայոց գերեզմանը, առանց այժմու պողոտաներու, բաժանումներու, պատերու, այլ իբրեւ միակտուր դաշտ մը։ Ասկէ յայտնի է որ Պէյօղլուի Հայոց գերեզմանատունն ալ նոյն ատեններն սկսած է, անշուշտ տէրութենէն սահմանուած եւ Հայոց Պատրիարքին անուամբ տրուած։ Զայս կ՚ակնարկէ հետեւեալ վկայութիւնը։ Յակոբ երէց, եղբօրորդի Գր. Վ. Կեսարացի Պատրիարքին, իսկագիր ձեռագրի մը (Մատեն. Վիենն., թ 593) յիշատակարանին մէջ կ՚պատմէ թէ որչափ դժուարութիւններով եւ ծախքերով եւ Շահին Չէլէպիին ազդեցութեամբ կարող կարող եղած են տէրութենէն թոյլտուութիւն առնուլ 1636 վախճանեալ սոյն Պատրիարքը Ղալաթիոյ Ս. Գր. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ թաղելու. վասն զի, կ՚ըսէ. «ունին սովորութիւն այլազգիք, որ ոչ թողուն թաղել զմեռեալս ի շինամէջս քաղաքին, այլ յանշէն տեղի, եւ հեռի ի քաղաքէ»։

Արդ, այս տեղեկութիւնները, շատ պակասաւոր են դժբաղտաբար, սակայն իրենց այս ձեւին մէջ ալ կ՚պարունակեն քանի մը ակներեւ ճշմարտութիւններ զորս մատնանիշ ընել շատ կարեւոր է։

Նախ դիտելի է որ Բանկալաթիի ազգային գերեզմանատունը ազգային սեպհականութիւն եղած է 1461էն յետոյ, որ ատեն բոլոր Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ ապրող Հայերը կ՚ներկայացնէին մի եւ անբաժան ազգ մը, միակ հոգեւոր գլուխի մը, Հայոց Պատրիարքին, կապուած։ Եւ երկրորդ ոչ նուազ նշանակելի կէտն է սա պարագան թէ Լատիններն ալ գրեթէ նոյն ժամանակ գերեզմանատուն մը ունեցած էին Բերայի մէջ ուր ապահովաբար թաղուած էին լատինացեալ Հայք կամ ինքզինքնին հայութենէն դուրս համարող օտարադաւանները։

Այս երկու կարեւոր կէտերը նշանակելէ յետոյ, հարկ կ՚համարենք քանի մը լրացուցիչ տեղեկութիւններ տալ, այս գերեզմանատան կազմակերպութեան վրայ, քաղելով պաշտօնական վաւերագիրներէ։

Հաւանօրէն նախնական ստացութիւնը ճիշդ Հ. Գալէմքեարեանիի ենթադրածին պէս, 1560ին տեղի ունեցած է, վասնզի  1563 եւ  1564 թուականով երկու տապանագիրներ, քարեղէն երկու անմռունջ եւ անխօս վկաներ, կ՚հաստատեն գերեզմանատան պատկառելի հնութիւնը։

Ահա այդ քարերուն արձանագրութիւնները.

Ա. «Այս է տապան հանգստեան Ղուզուլչանու ի գիւղէն Կէռսէնցի Սէրովբի որդի Օհանին։ Թվ. ՌԺԲ. ին» (1012= 1563)

Բ. «Այս է տապան հանգստեան Թէրճիման Օղլի Անտօնի դուստր Շահզատէին կէնակից Յակոբին, որ փոխէցաւ Թվ. ՌԺԳ. ին» (1013 =1564)

Այս նախնական գերեզմանատունը կ՚երեւայ թէ շատ ընդարձակ չէր, եւ յատուկ անձի մը սեպհականութիւնն ըլլալով, իբր գերեզմանատուն գործածուած էր։

Առաջին անգամ պետական տոմարներու մէջ այս գերեզմանատունը կ՚յիշուի հիճրէթի  1072ին (Քրիստոսի 1661ին), Էվգաֆի հին մուգաթայ ի սիճիլներուն մէջ, արձանագրուած իբր «Կիւրիւսթանը էրմէնեան»։ 1776ին Իսլամ եւ Քրիստոնեայ բազմաթիւ վկաներ, կ՚հաստատեն Շէրիի դատարանին առջեւ գերեզմանատան ազգային սեպհականութիւն ըլլալը։ Ասիկա անշուշտ պէտքէ մը առաջ եկած էր եւ առ այդ աւանդաբար պատմուածներուն նայելով գերեզմանատան դէպի Տոլմապահջէ դիտող մասերէն մէկուն գերեզմանատան Եէնիչէրի պահապաններուն կողմէ բռնատիրուած ըլլալն էր, իբր անտէր հող։

  1661ին յիշատակուած շատ փոքր տարածութիւնը, իբր «Կիւրիւսթանը Էրմէնիան», հետզհետէ ընդարձակուած է, յարակից հողերը գնուելով, ինչ որ կ՚հաստատուի Հիճրէթի  1195 (Քր. 1780) թուականով վագըֆի սէնէտով մը, որմէ կ՚հասկցուի թէ Հայք իրենց արդէն ունեցած գերեզմանատան այդ թուականին նոր արտեր կցած եւ գերեզմանատան վերացած են։ Եւ որոհետեւ նոր գնուած հողերը Սուլթան Պայազիտի վագըֆ էին, մագաթայի զէմինի վերածուած էին 1200 ագչէ տուրք մը վճարուելով։

Այս պաշտօնական ու վաւերագիրներով ապացուցեալ իրողութիւնները, ցոյց կուտան թէ Հ. Գալէմքեարեանի կարծածին պէս Բանկալթիի գերեզմանատան «սկզբնաւորութեան պատմութիւնը» չանհետանար «հնութեան խաւարին մէջ»։

Հ. Գալէմքեարեան ի զուր կ՚կոչէ թէ «տակաւին երեւան ելած չէ գրաւոր վաւերագիր մը, յիշատակութիւն մը, որ մեզ ծանօթացնէ զայն», մինչ կ՚տեսնուի թէ գրաւոր յիշատակարաններու տեղ քարեղէն յիշատակարաններ են որ կուգան մեզի ծանօթացնելու ինչ որ Հ. Գր. Վրդ. Գալէմքեարեան չգիտէր կամ գիտնալ չուզեր։ [3]

Աւանդութիւն մը՝ վիպական դէպքերով զարդարուած, Սուլթանին պալատան մէջ իբր խոհարար ( այվազ ) աշխատող Վանցիի մը նուիրատուութիւնը կ՚համարէ այս գերեզմանատունը։ Հ. Գալէմքեարեան կ՚երեւայ թէ Վանեցի այս այվազ ը, ուղղափառ շինելու ո եւ է յոյս չունենալով, տգեղ միջոցի մը, զրպարտութեան կը դիմէ։ Եւ դիտել կուտանք թէ զրպարտուողն անհատ մը չէ այլ ամբողջ ազգ մը։ Եւ լսեցէք թէ ինչե՜ր գիտէ ու կ՚ըսէ մեր գերյարգելի վարդապետը։ «Թէպէտ կ՚սուի թէ նոյն գերեզմանատան եկեղեցւոյն մէջ կ՚պահուի հին գրութիւն մը, որ կ՚աւանդէ թէ նոյն գետինը Հայազգի մը գնած ըլլայ, սակայ սոյն գրութիւնը հրապարակ ելած չէ, վաւերականութիւնն ապացուցած չէ, գնողին ո՞վ եւ ո՞ր հասարակութենէն ըլլալն որոշուած չէ։ Եւ արդէն ազգի մը գերեզմանատունն անհատականի մ՚անուան գրուած ենթադրելը, կասկածելի կ՚դարձնէ խնդիրը, մանաւանդ որ հին Կ. Պոլսոյ մէջ անսովոր չէր վաւերագիրներ կեղծելը։ Այս կ՚մնայ ուրեմն առ այժմ մեր նկատողութենէն դուրս»։

Բայց Վարդապե՛տ, ինչ որ Ձեր նկատողութենէն դուրս կ՚մնայ, մեր նկատառութենէն դուրս չպիտի մնայ։

«Վաւերագիրներ կեղծելու, պատմութիւն խարդախելու դերը մերը չէ եղած, այլ ձեր- մոլեռանդ կաթոլիկներուդ- արուեստը եղած է։ Ուստի այդ անպատկառ զրպարտութիւնը որ բոլոր ազգին կ՚ընէք Ձեզի վերադարձնելով, դիտել կուտանք թէ իրողութիւնը կ՚հաստատուի ոչ թէ գրաւոր վաւերագրով մը որ կրնայ կեղծուած ըլլալ, այլ քարեղէն յիշատակարանով մը, տապանագրով մը, որ մինչեւ հիմա կ՚մնայ Բանկալթիի գերեզմանատան մէջ։

Պահ մը խոնարհեցէք, Գերյարգելի Տէր, եւ կարդացէք Ձեր դատանկնիքը եղող սա տապանագիրը.

Յատուկ ստացող այս մեծ Շիրմատան
Եղեւ Պապ [4] սորին որ կայ յայս տապան
Րէտոր այրըն այն գըրով Արքունեան
Եթող յիշատակ սեռիս Հայկազեան
Մինչ որ ընթէրնուք զայս յատուկ տապան
Ի ծոց իւր ունող զՅարութիւն աղայն
Այսինքն Վանցի Ղարասէֆէրեան
ՅԷին հայցէցիք զողորմիս համայն։
Թվական Հայոց ՌՄԾԷ  (1808) եւ փետրուարի Գ. (3)

Կրնա՞յ արդեօք այդ տապանագիրն ալ կեղծուած համարել Հ. Գալէմքեարեան։

Եւ որչափ ատեն որ ասիկա չկարենայ ապացուցանել Գերյարգելի վարդապետը, պարտաւորուած է յետս կոչելու պատմական վաւերագիրներ կեղծողի դերը, որ Հայ ազգին վերագրած է եւ ինքն ալ մեզի հետ խոստովանելու է թէ արդարեւ Բերայի Հայոց գերեզմանատունը գէթ մասամբ անհատի մը կողմէ նուիրուած է Հայ ազգին եւ ոչ թէ անոր Կաթոլիկ հատուածին։

Այս մէկ, վարդապե՛տ։



[1]            Բիւզանդիոն, 1911, ապրիլ 20 - 3 մայիս, թիւ 4413։

[2]            P. Bern. Pianziola. Կ. Պոլսոյ Minorit կրօնաւորաց գաւառապետն էր ԺԸ. դարուն վերջերը։ 1779ին գիրք մըն ալ ունի հրատարակած Կ. Պոլսոյ մասին տեղեկութիւններ պարունակող։

[3]            Բիւզանդիոն, 1911, ապրիլ 21-4 մայիս, թիւ 4414։

[4]            Պապ բառը նախահայր իմաստով գործածուած ըլլալը շատ բացորոշ է կարծեմ հոս։