Բանկալթիի գերեզմանատունը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.

Արդ, հիմա որ ընթերցողները ճանչցան Գերյարգելի վարդապետին հակումներն եւ ոգին, հարկ է որ դառնանք մեր ոչխարներուն, Բերայի Հայոց գերեզմանատան, որուն վրայ, ըստ Հ. Գալէմքեարեանի, Հայ-Կաթոլիկները, ոչ թէ միայն մասնակի՝ այլ ամբողջական իրաւունք մ՚ունին։ Եւ հասկցնելու համար թէ գերման քննական բանասիրութեան հաւատարիմ հետեւող հռչակուած Միաբանութեան մէկ անդամը, եւ ամէնէն նշանակելիներէն մէկը, ո՛ր աստիճան կ՚տկարանայ ու ոտնակոխ կ՚ընէ ճշմարտութիւնը, երբ «ուղղափառական» կիրքը կ՚խօսի իր մէջը, բաւ է Հ. Գալէմքեարեանի այս երկու յօդուածները կարդալ, եւ շատ լաւ գաղափար պիտի կազմուի թէ ի՛նչպէս պատմութիւնը- նոյն իսկ մերձաւոր ժամանակներու պատմութիւնը- կ՚խեղաթիւրուի, ի շահ եւ ի հաշիւ կրօնական մոլեռանդութեան։

Արդ, տեսեք թէ ի՛նչպէս կ՚փաստաբանէ Հ. Գալէմքեարեան Բերայի Հայոց գերեզմանատան վրայ Հայ-Կաթոլիկներու սեփականատիրութիւնը։ Անիկա կ՚յարուցանէ Ա. Սկզբնական սեփականութեան խնդիր, այսինքն կ՚պնդէ առաջին օրէն Կաթոլիկներու գերեզմանատուն սահմանուիլը, եւ Բ. Գերեզմանատան մէջ Հայ-կաթոլիկներու թաղուած ըլլալէն հ՚հետեւցնէ սեփականութեան իրաւունք մը։ Այս երկու խնդիրներուն համար ալ իր տեսութիւնները նորօրինակ են, - ուրիշ կերպով չսելու համար, - եւ իր դրած հիմն ու անոր վրայ կառուցած շէնքն արտակարգօրէն խեղաթիւրեալ։ Հայոց կողմէ մինչեւ հիմա չէ ժխտուած Հայ- Կաթոլիկներու մինչեւ 1865 Բերայի գերեզմանատան մէջ թաղուած ըլլալը, սակայն ասիկա սեփականութեան իրաւունք կ՚ենթադրէ՝ թէ չէ, օրինական խնդիր մ՚է՝ որուն պատասխանը պիտի տանք երբ կարգը Հ. Գալէմքեարեանի այդ մասին ըրած նկատողութիւնները քննելու գայ։

Սակայն ամէնէն նշանաւորը նախնական սեփականութեան համար Հ. Գրիգորիս Վարդ. Գալէմքեարեանի տեսութիւններն են, որոնք արդարեւ… շատ որոշ գաղափար մը կուտան իր պատմագրի անկողմնակալութեան վրայ, եւ որովհետեւ խնդրոյն հիմը կ՚կազմեն- ըստ իրեն- անոր նախապատուութիւն կուտանք նաեւ մենք։ Հ. Գալէմքեարեան, բազմահմուտ բանասէրը, Բերայի Հայոց գերեզմանատունն ուղղափառ շինելու համար, հարկ տեսած է Կ. Պոլսոյ գաղութին հնագոյն հիմնադիրներն ալ «ուղղափառ» ընելու…։

Ահա իր բառերը.

«Բոլոր պատմական յիշատակարանները միաբան կ՚աւանդեն՝ որ թուրքերու Կ. Պօլսոյ տիրապետելէն (1453) ետեւ՝ Հայերն հետզհետէ գաղթեցին Կ. Պոլիս, եւ տեղաւորեցան Ստամպոլի ցամաքային սահմանագլուխները, քանի որ տիրապետող Մուհամմէտ Ֆաթիհ Սուլթան այն ժամանակի Ստամպոլը Յունաց հետ Մահմետականաց բնակութեան համար որոշած էր։ Ղալաթիա մինչեւ այժմու Եիւքսէք Գալտրըմի բարձունքը՝ Պոլսոյ առման միջոցին կ՚գտնուէր Ճենովայի լատին ժողովրդեան ձեռքը, որոնք 1203էն ի վեր Ստամպոլի յոյն կայսրներէն անկախ կ՚կառավարէին, եւ երբ 1352ին Ստամպոլի Յունաց Քանդակուզէն կայսեր յաղթեցին, կայսրը՝ Ղալաթիան ամբողջ մինչեւ վերին բարձրաւանդակն անոնց սեփականեց։ Թուրքերու Կ. Պոլիսն առնելու միջոցին՝ Ղալաթիացիք միացան Թուրքերուն հետ որուն փոխարէն Սուլթան Մուհամմէտ ճանչցաւ իրենց ներքին անկախ կառավարութիւնն ինչ ինչ չափաւորութիւններով, որ գրեթէ երկու դար շարունակուեցաւ, հետզհետէ զրկուելով առանձնաշնորհումներէ։

Արդ, Կ. Պոլսոյ առմանէն իբր դար ու կէս առաջ, երբ Ճենովացիք նաեւ Խրիմու թերակղզւոյն վրայ կ՚տիրէին, Քէֆէ (Թէոդոսիա) քաղաքն իրենց մայրաքաղաքն էր. եւ Քէֆէի ու Ղալաթիոյ մէջ սերտ յարաբերութիւն կար։ Իրենք Քէֆէի Յոյներն ու Հայերը Կաթողիկէ ըրած էին [1] այնպէս որ 1318ին Յովհ. ԻԲ. քահանայապետը Քէֆէի Հայոց նամակ կ՚գրէ, իբրեւ արդէն կաթողիկէներու ։

Ինչպէս Քէֆէցի Յոյներ արդէն 1304ին Ղալաթիոյ մէջ իրենց համար Ս. Աստուածածին եկեղեցին շինած էին, նոյնպէս Քէֆէցի կաթողիկէ Հայեր  1391ին Ղալաթիոյ մէջ Ս. Գր. Լուսաւորիչ Եկեղեցին շինեցին, որ յետոյ  1436ին վերաշինուեցաւ։ Քէֆէէն եկող Հայերուն կաթողիկէ ըլլալուն վկայ է նաեւ այն պարագան՝ որ երբ 1475ին Սուլթան Մուհամմէտ Քէֆէէն նոր Հայ գաղութ մ՚ալ բերաւ զանոնք տեղաւորեց Էտիրնէ Գաբուի կողմը Քէֆէցի լատիններու Ս. Նիկողայոս եկեղեցին, որուն մէջ Դոմինիկեան լատին կրօնաւորներու հետ իրենց եկեղեցական պաշտամունքը կ՚կատարէին։ Դոմինկեան Հայրերն անշուշտ ոչ-կաթոլիկներու հետ չէին կրնար եկեղեցական յարաբերութիւն ունեցած ըլլալ»։

Այս տողերը՝ որոնց մէջ պատմական անսուտ ճշմարտութեան ճարտարօրէն ագուցուած են նպատակաւոր խեղաթիւրումներ, կ՚միտին Ղալաթիոյ Հայ գաղութն  «ուղղափառ» հռչակելու, 450 տարուան պատկառելի շրջանէ մը յետոյ. - եւ- ինչպէս այդ յօդուածին շարունակութենէն կ՚երեւայ- այդ տուիքին վրայ հիմնելու համար, այդ հնագոյն գաղութին հնագոյն գերեզմանատան, Բերայի գերեզմանատան ալ «ուղղափառական» հիմնարկութիւնը։ Որովհետեւ հիմը ՍՈՒՏ է, անոր վրայ հիմնել կարծուած ճշմարտութիւնն ալ սխալ եղած է։ Հետեւաբար քննենք այս հիմնական խնդիրն եւ ցոյց տանք թէ

1- Քէֆէի Հայ գաղութին «ուղղափառ» ըլալու առասպելը, որ գլխաւոր հիմը կ՚կազմէ այս չարայարութեան, մտացածին է եւ ճշմարտութեան հակառակ։

2- Ղալաթիոյ Հայ Եկեղեցւոյն Հայ-Կաթոլիկներու շինած եւ վերանորոգած ըլլալն անապացուցանելի է։

3- Ղալաթիոյ Հայ գաղութին զուտ Կաթոլիկներէ բաղկանալը բացարձակապէս ճշմարտութեան հակառակ է։

Հ. Գրիգորիս Վարդ. Գալէմքեարեան 1318ին Յովհ. ԻԲ. Պապին, իբր թէ «արդէն կաթողիկէներու» նամակ մը գրած ըլլալէն Քէֆէի Հայոց բոլորովին կաթոլիկացած ըլլալը հ՚հետեւցնէ, քիչ մը շատ նշանակելի միամտութեամբ։

Հռոմայ Պապերու կողմէ եթէ ամէն ըսուածը ճշմարիտ ըլլար՝ այսօր տարբեր աշխարհ մը եւ տարբեր պատմութիւն մը պիտի ունենայինք։ Կրնայ Պապ մը իբր «արդէն կաթոլիկներու» նամակներ գրել աստ անդ. սակայն Գալէմքեարեան Վարդ. ասիկա իբր փաստ ծառայեցնելէ առաջ պէտք չէ՞ր որ քննէր թէ Պապին «արդէն կաթոլիկ» նկատելը բաւական եղա՞ծ էր Խրիմի Հայ գաղութը կաթոլիկացնելու։ [2]

Չամիչեան՝ հիմնուած Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ նշանաւոր պատմագիրներէն Ռայնալդի [3] գրածներուն վրայ, այդ նամակին վրայ կ՚խօսի հետեւեալ կերպով։

«Յղեաց Պապն եւ զայլ թուղթ առ Հայս բնակեալս է Թէոդոսիա, այսինքն ի Քէֆէ, յերկրին Խրիմու, որք տուեալ էին զօրինակ դաւանութեան իւրեանց առ լատին եպիսկ. այնր քաղաքի՝ ցուցանելով զինքեանս անանջատ ի կաթողիկէ եկեղեցւոյ. բայց չէին յանձն առեալ փոխել զծէսս իւրեանց՝ մանաւանդ արկանել ջուր ի բաժակն ։ Առ որս ասէ քահանայապետն. «Աղաչեմք եւ յորդորեմք ի Տեառնէ զհամօրէն եղբայրութիւն ձեր գթութեամբն Աստուծոյ մերոյ պաղատելով՝ պահել զայս աւանդ (խառնելոյ զսակաւ մի ջուր ի բաժակն)։ Իսկ  «նոքա դժուարեալ ընդ այս պառակտեցան յիւրեանս, կէսք բնաւին չառին յանձն, եւ ոմանք առ ժամանակ մի պահեցին, եւ ապա թողեալ զայն ի բաց կացին ի միաբանութենէ լատին եպիսկոպոսին» (Չամիչ . Գ. Հատ. էջ 316)։

Արդ. այս տողերէն շատ դիւրաւ կրնայ մակաբերուիլ թէ լատին եկեղեցականներ, իրենց «ուղղափառական» կիրքերով առլցուն՝ հալածած են Հայերն իբր հերետիկոս, եւ Հայք իրենց դաւանութեան կաթողիկէ ըլլալը պաշտպանած են, մերժելով քաղկեդոնականութիւնը, զոր եթէ ընդունած ըլլային՝ անշուշտ բաժակին մէջ ջուր խառնելու չպիտի ընդդիմանային։ Ասոր համար է որ Պապը, Գալէմքեարեանի երեւակայութեան մէջ «արդէն կաթողիկէ» հռչակուած Հայերը կ՚յորդորէ ընդունիլ քաղկեդոնականութիւնը, ինչ որ ոմանք կ՚ընդունին եւ ոմանք կ՚մերժեն։ Գալէմքեարեանի չար բախտէն, ոչ նուազ մոլեռանդ Չամիչեան կ՚խոստովանի թէ այդ ընդունողներն ալ քիչ յետոյ մերժած են քաղկեդոնականութիւնն եւ բաժնուած են լատին եպիսկոպոսէն, կամ ուրիշ խօսքով Հռոմայ Եկեղեցիէն։ Այսքան պարզ ու դիւրահասկնալի իրողութիւն մը, ուր կը տեսնուի Քէֆէի Հայոց ոչ թէ «արդէն կաթոլիկ» ըլլալը. այլ ընդհակառակը պնդօրէն իրենց մայրենի Եկեղեցւոյն կապուած ըլլալը. երբ այսպէս չարաչար կ՚խեղաթիւրէ պատմագիր մը, անիկա արդէն ցոյց տուած կ՚ըլլայ թէ ո՛ր աստիճան զուրկ է պատմագրի անկողմնակալութենէն եւ անաչառ ու անկաշառ ուղղամտութենէն։ Եթէ այդ ուղղամտութիւնն ունենար, նոյն իսկ կաթոլիկ աղբիւրներէն քաղուած այս տեղեկութիւնները, որոնք զինքը կ՚հերքեն փոխանակ հաստատելու, չպիտի շահագործէր այսքան տգեղ կերպով։ Սակայն միայն Յովհաննէս ԻԲ. Պապին այդ գրութիւնը չէր որ կ՚հերքէ զԳալէմքեարեան, այլ ուրիշ ոչ նուազ անխժտելի իրողութիւններ եւ… պատմական վաւերագիրներ կուգան ապացուցանելու Ղրիմի՝ եւ ի մասնաւորի Քէֆէի Հայոց մինչեւ վերջ ստուար մեծամասնութեամբ Մայրենի Եկեղեցւոյն հաւատարիմ մնացած ըլլալը։

Հայք Ղրիմ մտած են շատ կանուխ Ճէնովական տիրապետութենէն (1204), որ իբր քրիստոնէական տիրապետութիւն, նոյն իսկ գրգիռ մը եղած է Հայերուն, որ մերձակայ Թաթար տէրութեանց հողերը թողուն եւ ապաստան փնտռեն այդ քրիստոնէից երկիրները, մանաւանդ  1330ին։ Հ. Մինաս Վ. Բժշկեան [4] եւ Հ. Քերովբէ Վ. Քուշներեան [5] Ղրիմի Հայոց յիշատակովն զբաղած երկու Մխիթարեաններ (Վենետիկի) եւ ոչ նուազ ջերմեռանդ կաթոլիկներ քան Հ. Գրիգորիս, չեն կրցած գրչի հարուածով մը «ուղղափառ» շինել Ղրիմի Հայ գաղութն ամբողջութեամբ, ուր սակայն բացորոշ է թէ կաթոլիկ քարոզութիւնը տարածելու փորձեր եղած են։ Ճէնովական տիրապետութենէն անմիջապէս յետոյ Դոմինիկեան կրօնաւորներ գործելու սկսած են Հայ, գաղութին մէջ, որսալու համար զանոնք։ եւ 1204էն սկսեալ այս քարոզութեանց դիմադրած է Հայ առաջին սակաւաթիւ գաղութը՝ մնալով միշտ հաւատարիմ իր Մայրենի Եկեղեցւոյն։ Այնպէս որ, հարիւր տարիէն աւելի յետոյ, 1318ին, Հ. Գրիգորիս Գալէմքեարեանի խօսքովն արդէն Կաթոլիկ-Հայ բնակչութեան մէջ հազիւ կաթոլիկութեան միտում մը կ՚նշմարուի, որուն շարժառիթն ալ շատ պարզ կ՚երեւայ։ Հ. Քուշներեանի կաթոլիկ տարեգրութիւններէ քաղած վկայութիւններովը կ՚հաստատուի թէ  1318ին Ղրիմի Հայութեան միայն Քէֆէցի հատուածին մէջ էր որ կաթոլիկութիւնը կ՚նշմարուէր. (Տե՛ս Պատմ. գաղթականութեան Խրիմու Հայոց  1895. էջ 101). ան ալ, եթէ քօղը վեր առնուի՝ պիտի տեսնուի թէ ակամայ ու բռնադատեալ։ Բացատրենք թէ ի՛նչպէս։ Թաթար տիրապետութեան տակ շինուած եկեղեցիներն արդէն խարխլած էին 2-3 հարիւր տարուան ընթացքին, եւ շատ հաւանական է որ այդ եկեղեցիներուն վերանորոգութիւնն արգելքի հանդիպած ըլլար Ճէնովական իշխանութենէն՝ Պապական ազդեցութեամբ ։

Հայք, անճարացեալ, հաւանօրէն զիջում ըրած պիտի ըլլան։ Հ. Քուշներեանի՝ կաթոլիկ պատմագիր Ռայնալդի գործերուն վրայ հիմնուած սա բառերը մեզի այս համոզումը ներշնչեցին, հակառակ իրենց բաւական շփոթ խմբագրութեան։ Կաֆա քաղաքին մէջ, ըստ կարգադրութեան (réglement) 1316ին, հին հայ եկեղեցիներ կային, որոնցմէ մին խարխուլ վիճակի մէջ. թեմին արքեպիսկոպոսն յորում կ՚գտնուէր խարխուլ եկեղեցին, արդէն ընդունած էր զգերագահութիւն Սրբազանին Հռոմայ։ (Քուշներեան, նոյն էջ 101), ուրեմն հազիւ գտնուած էր Արքեպիսկոպոս մը կաթոլիկութեան յարած, եւ ասիկա անբաւական էր անշուշտ բոլոր թեմը կաթոլիկ համարելու։ Մանաւանդ որ Թաթարներուն մէջ բնակող մեծ հատուածը որ մեծամասնութիւնը պիտի կազմէր Քէֆէի Հայութեան, 1330ին մտաւ Ղրիմ եւ հոն հաստատուեցաւ։ Այս նոր մեծամասնութիւն կազմող հատուածը կաթոլիկ չէր ապահովաբար եւ չեղաւ ալ յետոյ, հակառակ հարիւր տարիէն աւելի տեւող շրջանին մէջ կատարուած բրոբականտին եւ նոյն իսկ հալածանքներուն, զորոնք Հռոմայ գահակալներն եւ անոնց հլու կամակատարները գործադրեցին, այն խեղճ ու հալածական ժողովուրդին դէմ, առանց սակայն շատ բան մը շահիլ տալու Հռոմին։ Այդ կրօնածաւալական գործունէութեան մէջ դեր կատարած են Ունիթոռք, որոնց գոյութիւնը կ՚հաստատեն ԺԴ, դարէն մնացած յիշատակարաններ (Տես Մայր Ցուցակ Ձեռագրաց, Հ. Յ. Տաշեան, էջ  721, ՀԱ 1891, էջ 15)։ Անոնք Քէֆէի մէջ ունեցած են Ս. Նիկողոս անունով վանք մը, որ կառուցուած  1360ին, թէեւ տասնեակ մ՚ալ առաջ Ս. Նիկողոսի հովանաւորութիւնն յիշատակուած ըլլայ (նոյն)։

Ասիկա սակայն փաստ մը չի կրնար համարուիլ գաղութին «ուղղափառութեան», զի Ունիթոռք Միաբանողք, ծանօթ է որ Հայաստանի սրտին վրայ ալ կայան ունեցած են, Նախիջեւանի Քռներայ վանքը, ու բաւական ալ գործունէութիւն, սակայն սակաւաթիւ հետեւողներէն անդին չեն կրցած իրենց յարողներու թիւ մը կազմել։ Նոյնպէս իրենց Քէֆէի գործունէութեան չյաջողելուն ապացոյց կրնայ համարուիլ 1778ին Քէֆէի հազարաւոր Հայ բնակչութեան դէմ ընդամէնը միայն 80 տուն հայ կաթոլիկներու գոյութիւնը, որոնք ռուսական թելադրութեամբ Հայոց հետ անցան Նախիջեւան եւ հոն տասներկու տարի թափառելէ յետոյ 1790ին ամփոփուեցան Ղրիմի թերակղզւոյն կեդրոնը՝ Խարա-Սու-Բազար քաղաքը, ուր մինչեւ հիմա կ՚մնան, դարձեալ կաթոլիկ, գրեթէ այդ սահմանափակ թուով, մինչ Ղրիմի զանազան մասերուն մէջ, հակառակ Նախիջեւան գաղթողներու մեծ թիւին եւ բազմաթիւ աստ անդ ցրուողներուն, տակաւին այսօր կայ  5, 000 հայ։  1318ին «արդէն կաթոլիկ», 1391ին եւ 1436ի (Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ շինութեան եւ վերաշինութեան տարիները) «բոլորովին կաթոլիկ», գաղութ մը գէթ այսօր կէս առ կէս կաթոլիկ ըլլալու չէ՞ր։

Ապա ի՞նչ պիտի ըսէ Հ. Գալէմքեարեան, իրարու յաջորդող Առաջնորդներուն եւ Նուիրակներուն, որ ԺԴ. դարուն սկիզբէն սկսեալ, Հայոց Կաթողիկոսներուն կողմէ ղրկուած են Խրիմ, անշուշտ Հայ Եկեղեցւոյն հաւատարիմ Հայերը հովուելու համար։ Եթէ Քէֆէյի եւ Խրիմ, ուրիշ տեղերու Հայերը, բոլորն ալ «ուղղափառ», եղած էին, ալ ի՞նչ հարկ «Կաֆաու» տիտղոսով եպիսկոպոսներ ձեռնադրելու, եւ  Նուիրակներ, առաջնորդներ ուղարկելու երբ մանաւանդ «ի կարգէն քարոզողաց» նոյն տիտղոսով կաթոլիկ եկեղեցականներ պաշտօն կ՚վարէին։ Հ. Քուշներեան (տես նոյն, էջ 51-52)  երեւան կ՚հանէ թէ 1347է սկսեալ ծանօթ վանք մը Սուրխաթ քաղաքին մերձակայ Ս. Նշանի վանքը, կեդրոնը եղած է Հայոց արքեպիսկոպոսութեան. մերձաւորապէս հինգ հարիւր տարի։ Յիշատակարան մը այդ վանքին իբր թեմականներ կ՚յիշէ «Կաֆայու, Ղարասույու, Պաղչասարայու, Կէօզլէվու (Հայերը) բոլոր գիւղօրէիւքն, հանդերձ Ղաւշանաւն…» (էջ 51)։ Թողունք այլ փաստեր հաստատող Հայ Կաթողիկոսներու իրաւասութիւնը Ղրիմի Հայոց վրայ, որ եթէ «արդէն ուղղափառ» էին, այլ եւս ո եւ է կապ պէտք չէ որ ունենային Հայ Կաթողիկոսներուն հետ, այլ պէտք էր Լատին Եպիսկոպոսին իրաւասութեան ենթարկուէին։ Եւ եթէ «Ուղղափառ» դարձած էին, ա՛լ ինչ հարկ կար որ անոնք հալածուէին նոյն իսկ այդ Լատին Եպիսկոպոսէն եւ իր ստորադաս կղերէն, իրենց «արդէն ուղղափառ» հռչակուելէն հարիւր տարի յետոյ, 1430=40 շրջանին, երբ այլ եւս իրենց ծագումն իսկ մոռցած ըլլալու էին։ Ընդհակառակը՝ կը տեսնուի Քէֆէի մէջ հաստատուած Ս. Նիկողոսի վանքին Ունիթոռական շարժումին հակազդող գործունէութիւն մը Քէֆէի մերձակայ Ս. Անտոն վանքին մէջ (տե՛ս զօր օր. Նօտարք, էջ 95 եւ 119 Մայր Ցուցակ Տաշեանի, էջ 1016)։ [6]

Այս վանքին Հայոց Կաթողիկոսին կապուած ըլլալը կ՚տեսնուի արդէն յիշատակարաններով, որոնք կուգան ինքնին ջրելու Հ. Գալէմքեարեանի   Քէֆէի Հայոց վերագրած «ուղղափառութիւնը», որուն գլխաւոր հաւաստիքը տալու համար մեզի պիտի ներկայացնէ Հ. Գալէմքեարեանի, Ֆլորենտիոյ ժողովին (1439ին) Հայոց Կոստանդին Զ. Վահկացի Կաթողիկոսին պատգամաւորներ ղրկած ըլլալր՝ Քէֆէի Հայոց խնդրանքովն եւ այդ պատգամաւորներուն մասնաւորապէս Ղրիմցի Հայ եկեղեցկաններէն առնուիլը։



[1]            Մերն են ստորագծումները, նաեւ յաջորդ տողերուն մէջ։

[2]            2- Բիւզանդիոն, 1911, ապրիլ 4-17, թիւ 4402։

[3]            Հռոմայ Եկեղեցւոյ առաջին պաշտօնական պատմագիր Պարոնիոսի շարունակողն է Ռայնալդ, որուն գրածներն իբր պաշտօնական պատմագրի վկայութիւն մեծ նշանակութիւն ունին և յարգելի են Հռոմայ Եկեղեցւոյն համար։

[4]            Ճանապարհորդութիւն ի Լեհաստան 1830;

[5]            Պատմութիւն գաղթականութեան Խրիմու Հայոց  1895

[6]            Բիւզանդիոն, 1911, ապրիլ 5-18, թիւ 4403։