Բանկալթիի գերեզմանատունը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱ

Հ. Գալէմքեարեան Բերայի Հայոց գերեզմանատան Հայ- Կաթոլիկներու յատուկ հանգամանք մ՚ունենալն ապացուցանելու համար կ՚յարէ թէ «նոյն իսկ Վոսփորի ափերը բնակողներն իրենց մեռեալները քաղաք կ՚իջեցնէին նաւակով եւ կ՚բերէին Պէյօղլուի գերեզմանատունը կ՚թաղէին» (ՀԱ., 1911, էջ 147)։

Եթէ Վոսփորի գիւղերէն մեռեալներ բերուած են ԲԵրա, ուրիշ բանի համար չէ եթէ ոչ իրենց ընտանիքին ուրիշ անդամներուն քով թաղուելու։ Նոյնն այսօր ալ  կրնայ պատահիլ եւ գրեթէ ամէն օր կ՚պատահի Կ. Պոլսոյ մէջ, ասիկա ինչպէ՞ս փաստ կրնայ ծառայել։ Եթէ ամէնն ալ այսպէս կ՚ընէին՝ ինչո՞ւ Գուրուչէշմէի Հայոց գերեզմանատունը կ՚թաղուէին Տիւզեանք՝ առաջուց ի վեր եւ մինչեւ վերջերս, եւ բնաւ չեն թաղուած «ուղղափառաց» գերեզմանատունը։ [1]

Տիւզեանք աւելորդ է անշուշտ ըսել թէ Հայ կաթոլիկ ամէնէն նշանաւոր ընտանիքներէն մէկն էին, եւ ամէնէն ազդեցիկն ու ճոխը եւ ազնուականը։

Ինչո՞վ մեկնել այս երեւոյթը։

Արդ, այս փաստը անարժէք ու աննշանակ փաստ մ՚է, զոր աւելորդ տեղը յիշատակելու ձանձրոյթ յանձն առած է Հ. Գ. Գալէմքեարեան։

Անցնինք ուրեմն։

Մխիթարեան վարդապետը կ՚ըսէ թէ «երբ 1856-8ին Հայոց Պատրիարքարանը գերեզմանատունն որոմով շրջափակել որոշեց դիմեց նաեւ կաթողիկէ Հայերու Պատրիարքին՝ որ ասոնք ալ իրենց նոյն միջոցին ներքին հրատապ խնդիրներով զբաղեալ՝ անփոյթ գտնուեցան, որով Հայերը շրջափակեցին ամբողջը, եւ մեծ դուռ մը միայն բացին կողմնակի փողոցը՝ որ կ՚իջնայ դէպ ի Տոլմա Պաղչէ»։

Նախ ըսենք թէ որմնափակման գաղափարը յղացուած է 1853ին, եւ այդ թուականին Յակոբ Պատրիարք կարդացնել տուած է բոլոր եկեղեցեաց մէջ կոնդակ մը, որով հրաւէր կ՚ուղղէր ազգայնոց, իրենց նուէրներովը մասնակցիլ ծախքերուն

Երբեք հաւանական չէ որ Յակոբ Պատրիարք կաթոլիկներու Պատրիարքն ալ հրաւիրած ըլլալ որ « իրենց մասն որմափակէն » վասն զի նախ այդ տեսակ մաս մը գոյութիւն չունէր, եւ երկրորդ՝ ատանկ հրաւէր մ՚ընելու պէտք չունէր։ Եթէ կար մաս մը որ իրենցը չէր, ապահովաբար զայն դուրս ձգելու պարտաւոր էին, եւ այդպէս պիտի ընէին, մինչ Գալէմքեարեան կ՚ըսէ թէ է, պարզապէս հանգանակութեան մասնակցելու հրաւէր մը եղած կրնայ ըլլալ, եւ ասիկա արդարեւ պարտք մ՚էր Կաթոլիկներու համար, քանի որ այդ որմնափակումէն պիտի օգտուէին նաեւ իրենք, իրենց ազգականաց գերեզմաններու պաշտպանութեան տեսակէտով։

Սակայն ամէն պարագայի մէջ պէտք է անպատճառ խեղաթիւրում մը եւ սխալ մը ըլլայ Հ. Գալէմքեարեանի խօսքերուն մէջ, զի, անոր նշանակած թուականներուն՝ այդ որմնափակումը նոր չէ որ պիտի սկսէր, այլ արդէն շատոնց աւարտած էր ինչպէս գերեզմանատան դրան վրայ գրուած սա արձանագրութիւնը ցոյց կուտայ։

« Ողորմութեամբ Աստուծոյ եւ բարձրագոյն հրամանաւ բարեգութ ինքնակալին մերոյ Սուլթան Ապտ-իւլ-Մէճիտ Խան Վէհափառ Արքային Օսմանեանց, որմնափակ պարսպատեցաւ Սրբավայր կալուածս Լուսաւորչական Սուրբ Աթոռոյն հարազատ Հայազգի ժողովրդեան, արդեամբ Ազգիս, ի հայրապետութեան Տ. Տ. Ներսէսի Սրբազան Կաթողիկոսի եւ ի Պատրիարքութեան Կ. Պոլսոյ Տ. Յակոբայ Արքեպիսկոպոսի. 1856=ՌՅԵ »։

Ինչպէս խմբագրութեան այս ոճէն կը հասկցուի, սեպհականութեան իրաւունքին բացարձակ եւ մինակ Հայ ազգին ըլլալը շեշտելու ջանք մը կայ ոչ թէ Կաթոլիկ ոտնձգութեան դէմ պաշտպանելու համար, այլ կառավարական, որուն կ՚երեւայ թէ վերահաս հանգամանք մը ունենալն արդէն կանխաւ գուշակած էին։

Վկայ են այս իրողութեան՝ Գերագոյն ժողովին ատենագրութիւնները։

1859 փետր. 5ին նիստին մէջ Ստեփան պէյ Ասլանեան, ժողովին ատենադպիրը, Բերայի Ս. Յարութեան վերաշինութեան վրայ կատարուած խորհրդակցութեանց ատեն հետեւեալ կերպով կ՚խօսի [2]

«Պէյ օղլուի գերեզմանատան մէջ եկեղեցի շինելու խորհուրդը ուրիշ դիտաւորութիւն ունի, եւ Ս. Յարութեան եկեղեցւոյ շինութեան խնդրին հետ ամենեւին կապակցութիւն չի կրնար ունենալ։ Պէյ Օղլու պէլէտիյէ մէճլիսի սահմանելէն ի վեր քաղաքին մէջէն եւ մօտերէն հասարակաց առողջութեանը վնասակար բաներուն մէկիկ մէկիկ վերնալը փնտռվելուն համար, ինչպէս որ Թաքսիմի յունաց Գերեզմանատունը ասկէ նաեւ մեռել թաղելը արգիլվեցաւ, կրնայ ըլլալ եւ շատ հաւանական է որ միեւնոյն պատճառաւ եւ միեւնոյն կերպով մեր գերեզմանատան մէջ ալ ժամանակէ մը ետեւ ննջեցեալ թաղելն արգիլուի, որովհետեւ քաղաքը օրէ օր տարածվելով գերեզմանատանը մերձեցաւ, անդին ալ անցաւ։ Այս նկատմամբ՝ գերեզմանատան մէջ մեռեալաթաղն արգիլուելէն ետքը տէրութիւնը փոխարէնը ուրիշ տեղ մը ցոյց տալով ազգին ձեռքէն զայն հանել փորձելու ըլլայ նէ, առաջին դժուարութիւններ հանելու մտքով մէկ քանի մեծախորհուրդ եւ ազգասէր անձանց մէջ որոշուեցաւ որ հիմակվընէ գերեզմանատան մէջ եկեղեցի շինվի, եւ դրան վրայի արձանագրութեան մէջ «Սրբավայր կալուած ազգին» բառերը գրվեցաւ եւ ոչ «գերեզմանատուն», որպէսզի այն ժամանակը ազգը դիւրութիւն ունենայ այն բազմարդիւն եւ մեծագին տեղը պաշտպանելու եւ ուրիշ գետնի հետ փոխարինութեան չպարտաւորելու։ Այս է ահա գերեզմանատան մէջ եկեղեցի շինելու խորհրդին գաղտնիքը, եւ Աստուած յաջողէ, եկեղեցին շինուելու վրայ ըլլայ նէ, Ազգին առաւել օգտակար կ՚ըլլայ մեծկակ շինել եւ ուրիշ եկեղեցիներու նման դռները միշտ բաց պահել, քան թէ փոքրիկ մատուռ մը, եւ այն երբեմնակի բացուելու պայմանաւ…»։

Առանց այս հեռատես եւ իրաւամբ շրջահայեաց խոհականութեան, այսօր մեր Բերայի գերեզմանատունը վիճակակից պիտի ըլլար Յունաց, Լատինաց, Բողոքականաց գերեզմանատուններուն, եւ ապահովաբար Հ. Գալէմքեարեան մը կարծեցեալ իրաւունքներէ խօսելու առիթ չէր ունենար, առանց ո եւ է դոյզն աշխատութեան, պարզապէս պատրաստուած պատառ մը կլլելու փափաքով։

Ո՞ւր էին այդ կարծեցեալ «սեփականատէրերը» երբ Ազգն իր այդ վտանգուած կալուածը փրկելու համար զայն կ՚որմնափակէր [3]; ո՞ւր էին երբ զայն անիրաւ յիշատակութենէ մը փրկելու համար, ամէն վտանգ, ամէն զոհողութիւն եւ ամէն պատասխանատուութիւն իր վրայ առնելով։  1865ին հոն կ՚կանգնեցնէր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որ սակայն անբաւական կ՚ըլլար բոլորովին ազատելու այդ գերեզմանատունը, զոր  1872ին Ազգէն յափշտակելու նոր փորձ մ՚ալ կ՚ըլլայ։

Դարձեալ, Խրիմեան Պատրիարքն է որ Հայ ժողովուրդին եւ Հայ կղերին գործակցութեամբը 1872  Սեպտ. 8էն մինչեւ Դեկ. 25, կատարեալ կերպով մաքառելով, եւ Դեկտ. 23ի Ուր[բաթ] օրն ուղղակի առ կայսրն, եպիսկոպոսաց աղերսագիրը մատուցուելու հնարքն մտածելով փրկեց այս գերեզմանատունը։ Այդ առթիւ Սուլթան Ապտ-իւլ-Ազիզի իրատէն որ եպարքոսին կողմէն ալ Պատրիարքարան հաղորդուած է. կ՚հաւաստէ թէ « նոյն գերեզմանատանը ինչպէս ցարդ նոյնպէս եւ այսուհետեւ Հայոց ազգին սեփականութիւնը պիտի մնայ» ։ (Տես. Համարատուութիւն Ազգ[ային] Կեդր[ոնական] Վարչութեան 1872-1873 ամի. էջ 56-59)։

Այս հաւաստիքը վերանորոգուած է նաեւ  1876ին, երբ Ներսէս Պատրիարք՝ Գարակէօզեան ընտանիքին փափաքովը վարժարան մը կառուցանելու համար գերեզմանատան մէջ հրաման ուզած է։ Ներսէս Պատրիարք Ազգ[ային] Ժողովին բացման ճառին մէջ  (1876  տարեշրջանի Ա. նիստ էջ 5) բառ առ բառ հետեւեալ կերպով կը խօսի «Եօթն ամիս շարունակ աշխատեցայ այս խնդրոյն համար, բոլոր նախարարաց եւ ազդեցութեան տէր անձանց հետ ալ խորհրդակցեցայ, վերջապէս թէ՛ ասոնց ջանքով եւ թէ բարձր. նախարարաց շնորհիւ բարեհաճեցաւ մեր Օգոստափառ Կայսրը հրաման տալ շինութեան նոյն դպրոցին ի գերեզմանատան Բերայի, որոյ գործադրութեան հրամանագրին մէջ՝ զոր այս անգամ ստացանք Բ[արձրագոյն] Դռնէն, յայտնապէս նշանակուած է յիշեալ գերեզմանատան բուն Հայոց սեփականութեան ըլլալը »։ Նոյնը նաեւ կը  կրկնուի 1886 ին Պէշէկթաշի գերեզմանատան խնդրոյն ատեն, երբ Համիտ սոյն գերեզմանատունը գրաւելու համար իբր կաշառք կ՚խոստանար արտօնութիւն տալ Ազգին կալուածներ շինելու, Բանկալթիի Հայոց գերեզմանատան եզերքը մեռել չթաղուած տեղերուն վրայ։

Նոյնպէս աւելորդ չըլլայ դիտել տալ թէ այդ միեւնոյն գերեզմանատան եզերքը, 1865ին եկեղեցւոյն հետ շինուած են նաեւ քանի մը ուրիշ խանութներ, ինչպէս նաեւ  1876ին յատկապէս կարգուած Հոգաբարձութիւն մը շինած է քանի մը ուրիշ խանութներ, որոնք ամենքն ալ պետական տոմարներու մէջ արձանագրուած են իբր ազգային կալուած։ Եկեղեցւոյն յարակից դպրոցն ալ աւելի բարին որ ձեզի կ՚թողունք։

Ասոնք ամենքն ալ ցոյց կուտան թէ Ազարեանի դիմումն եւ Թէրզեանի վերանորոգած խնդիրը, ու Գալէմքեարեանի հրահրած կրակը բոլորովին մարած, մեռած հարցեր են կառավարութեան համար։

Այն որ դատաւոր ըլլալու կոչուած է խնդրոյն, արդէն 1837ին Բերայի Թաղ[ային] խորհուրդէն գերեզմանատան մէկ մասը ծախու առած ըլլալով, զինուորական վարժարանի պէտքերուն համար, արդէն հաստատուած է Հայոց անժխտելի սեպհականատիրութիւնը, եւ յետոյ ալ քանիցս անգամ իր այդ վճիռը վերահաստատած է։

Այսպէս 1859ին Գէորգ Պատրիարքի ատեն երբ առաջին անգամ Հայ-Կաթոլիկներն այս տեսակ յաւակնութիւն մը ունենալնին ցոյց տուած էին, Կառավարութիւնն իր վճիռը տուած էր։  1865ին միայն Հայոց հետ բանակցելով մեռեալ չթաղելու համար եւ  1872ին միայն Հայոց Պատրիարքարանը տէր ճանչնալով արդէն յայտնած է իր հայեացքն եւ դատողութիւնը։  1888ի մերժումը եւ դեռ վերջին օրերու Բերայի թաղապետութեան իբր սեպհականատէր մեր Պատրիարաքարանին դիմում ընելն անգամ մըն ալ կ՚հաստատեն ազգին սեփհականատիրութիւնը։ Փակուած վճռուած այս դատին համար անոնք որ այսքան փցուն, անպաշտպանելի փաստերով, եւ կեղծուած ապացոյցներով հրապարակ կուգան եւ միտքերը գրգռելու փորձ կ՚ընեն, պարապէս եղբայրատեաց որոմը կ՚սերմանեն։

Հ. Գալէմքեարեան, կրնայ դարձեալ իր «ուղղափառական» բորբորսած տոպրակին դիմել. շատ մը բաներ հանելու համար անկէ, սիրով զինքը պիտի լսենք, պայմանով որ յարգել գիտնայ այլոց խիղճը, եւ «ուղղափառացնելու կշռքովն առլցուն՝ դէպքեր, իրողութիւններ եւ պատահարներ չխեղաթիւրէ, եւ մանաւանդ ջանայ իրողութիւններն իմաստասիրել ու անոնց  խորը թափանցել։

Հակառակ պարագային չարժեր իրմով զբաղիլ, եւ լաւ է թողուլ զինքն իր սիրած «ուղղափառութեանը» երեւակայեալ տիեզերականութեանը քաոսներուն մէջ թարթափելու, ուզածին պէս յերիւրելու համար «վասն մեծի փառացն Աստուծոյ»ն։

Մեզի կ՚մնայ այն ատեն կուշտ կերպով խնդալ եւ արգահատիլ իր վրայ, որ ժամանակազանցութեամբ մը քսաներրորդ դարուն մէջ կենդանացնել կ՚ուզէ միջնադարեան ըմբռնումները։

Վերջ



[1]            Բիւզանդիոն, 1911, մայիս 3-16, թիւ 4424։

[2]            Տե՛ս 1905, Հ. Ամս., էջ 149։

[3]            1882ին ալ նորոգուած են որմերը։