Բանկալթիի գերեզմանատունը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե.

Գալով Ղալաթիոյ եկեղեցւոյն վերագրուած «ուղղափառական» հիմնարկութեան չափազանց  ծիծաղելի առասպելին. Հ. Գալէմքեարեան, աւելի պատմութիւն խարդախողի մը հանգամանքով կ՚ներկայանայ քան անաչառ բանադատի։ Արդէն հերքած ըլլալով Քէֆէի բոլոր Հայոց «ուղղափառութեան» երեւակայական իրողութիւնը, ինքնին կ՚հերքուի ամենայն դէպս Ղալաթիոյ Հայոց Եկեղեցւոյն ալ հիմնադրին կամ հիմնադիրներուն կաթոլիկ ըլլալը, զոր կարելի չէ ապացուցանել եւ հաստատել, քանի որ Հ. Գրիգորիս Վարդ. Գալէմքեարեանի միակ փաստը- Քէֆէի Հայոց 1318էն ի վեր «արդէն կաթողիկէ» ըլլալու առասպելը- հիմնովին սխալ էր եւ այս սխալէն եզրակացուած բոլոր հետեւութիւններն ալ ուղիղ չեն եւ հակառակ՝ պատմական փաստերու։ Թերեւս ինքն ալ համոզուած չէ, սակայն «վասն մեծի փառացն Աստուծոյ», երբ խնդիրն «ուղղափառաց» գերեզմանատուն մը շահեցենելու վրայ է, ասանկ մանրամասնութիւններու շատ չեն նայուիր։ Եւ Բերայի գերեզմանատունն «ուղղափառաց» սեփականելու համար ի՛նչ պէտք է՝ եթէ ոչ ուղղափառ հիմնադիրներ։ Ապա ուրեմն Ղալաթիոյ Հայերն «ուղղափառ» շինելէն զատ ուրիշ ճար չկար եւ… ահա կ՚շինէ։ Սակայն Հ. Գալէմքեարեան որ քիչ մը պատմութիւն ապահովաբար գիտէ, պէտք էր գիտցած ըլլար թէ ԺԲ. դարուն Յոյն օրթոտոքս կղերին ձեռքով գործադրուած ամենաբուռն հալածանքները Հայոց դէմ, գրեթէ փճացուցին եւ ջնջեցին Հայերը Բիւզանդական տիրապետութեան սահմաններուն մէջ։ ԺԳ. դարուն սկիզբը, Կ. Պոլիս Լատին տիրապետութեան ենթարկուելէն յետոյ, Հայք դարձեալ կ՚տեղաւորուին Կ. Պոլիս։ Այս նոր գաղութն հաւանօրէն իր բնիկ աշխարհէն եկած կամ իր ինքնութիւնը պահած միջավայրներէ տեղափոխուած, զերծ էր լատին կղերին ազդեցութենէն եւ ո եւ է կրօնական յարում եւ յարաբերութիւն ունեցած չէր կրնար ըլլալ։ Ասով միայն կրնայ մեկնուիլ 1307ին Սսոյ ժողովին մասնակցող Յուսիկ եպիս. ին եւ  1360ին Ս. Սարգիս անուն եկեղեցւոյն գոյութիւնը (Մայր ցուցակ, Տաշեան, էջ 782)։

Հայերը ԺԴ. դարուն վերջերն ապահովաբար աւելի կեդրոնացած էին Ղալաթիոյ բաժնին մէջ, նախ Յոյն Օրթոտոքսութեան անունով յարուցուած ո եւ է նոր հալածանքէն ազատ մնալու համար, եւ երկրորդ՝ իբր առեւտրականներ, Արեւելքի առեւտուրն իրենց ձեռքերուն մէջ ունեցող Ճենովացիներու հետ իրենց յարաբերութիւններուն պատճառով։

Քէֆէցի Հայու մը նախաձեռնութեամբ 1391ին Ղալաթիոյ եկեղեցւոյն շինութիւնն ու  1436ին անոր վերաշինութիւնը, արդարեւ միայն ասով կրնայ մեկնուիլ։ Սակայն Ղալաթիոյ Հայոց անխառն միայն Քէֆէցի Հայերէն բաղկացած ըլլալը սխալ է։ Ընդհակառակն անոնք խառն, զանազան գաւառներէ եւ վայրերէ համախմբուած էին եւ առեւտուրով կ՚զբաղէին եւ կարեւոր թիւի մը հասած էին, այնպէս որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն  1433ին Յովհաննէս անուն եպիսկոպոս մը Կ. Պոլսոյ եւ շրջակայից տեսուչ անուանած է եւ անոր օգնական տուած է ուրիշ եպիսկոպոս մը- Եսայի անուն- որ միայն կ՚զբաղէր Կ. Պոլսոյ  Հայոց Եկեղեցւոյն հոգովը։ Ասոնց «ուղղափառութիւն»ը շատ տարակուսելի է մեզի համար, թէեւ Հ. Գալէմքեարեանի համար ապահովաբար ո եւ է արգելք չկայ ասոնք ալ «ուղղափառ» շինելու։

Այդ շրջանին, Կ. Պոլիս այցելած են նաեւ Տիարպէքիրի համբաւաւոր Առաջնորդը՝ Նաղաշ Մկրտիչ՝ որ 1443ին հոս հասած է եւ Աբրահամ Անկիւրացի որ 1453ին ականատես եղած է Կ. Պոլսոյ գրաւման։ Ասոնց առաջինին հակա«ուղղափառական» մը ըլլալը՝ Կոստանդին Վահկացիի տուած պատասխանէն յայտնի ըլլալով, անոր Կ. Պոլսոյ կաթոլիկ գաղութէն հիւրընկալուիլը տարօրինակ պիտի ըլլար։ Իսկ Անկիւրացիի «ուղղափառութեան» համար փաստեր կ՚կարծենք թէ չունի Հայր Գրիգորիս որ չկայէն ալ ստեղծագործող միտք մը ունենալ կ՚թուի։ Ապացոյց կ՚ուզէք, տեսէք ի՞նչպէս առանց փաստի Ղալաթիոյ Հայ գաղութն եւ հինգ հարիւր տարի առաջ մեռնող Հայ մը՝ որպէս է Քէֆէցի Կոզմոսը- Ղալաթիոյ եկեղեցւոյն հիմնադիրը- մէկ գրչի հարուածով «ուղղափառ» կ՚շինէ։

Եւ ճարտարութիւնն այնքան առաջ կը տանի որ Հայոց եկեղեցւոյն ծխականներն եւ հիմնադիրներն «ուղղափառ» շինելու համար, Ղալաթիոյ Յունաց եկեղեցւոյն հիմնադիրներն եւ հնօրեայ գաղութն ալ միասին «կաթողիկէ» եկեղեցւոյն հպատակութեան կ՚առաջնորդէ։ Այսպէս, կ՚հաւաստէ թէ 1304ին Ղալաթիոյ մէջ Քէֆէցի Յոյն կաթոլիկներ շինած են Ս. Աստուածածին անուն եկեեղեցի մը։ Յոյներն ալ Հայոց պէս Ճենովացւոց ազդեցութեամբ արդէն կաթոլիկացած ըլլալով վաղուց։

Սակայն դժբախտաբար Ճենովացի եւ Յոյն պատմագէտներ եւ Բիւզանդագէտներ, ու նոյն իսկ այս նշանակեալ Ս Աստուածածին եկեղեցւոյն մէջ պահուած ձեռագիրներ, դէմ կ՚կանգնին Հ. Գրիգորիս Վարդ. Գալէմքեարեանի այս տեսութեան։

Ահա թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Տոքդ. Պասպատի. «Երբ 1475 ին Սուլթան Մէհէմմէտ Քէֆէն նուաճեց, բազմաթիւ Հրեաներ, Յոյներ եւ Հայեր Քէֆէէն փոխադրուեցան ի Կ. Պոլիս. որ բնակիչներէ ամայի մնացած էր»։ (Աղբ L'exies. L'Archit. Byz. 221 եւ Histoire de la République des Gênes, par M. Emille Vincens Paris, 1842, Հատոր Բ, էջ  288 եւ Յոյն պատմագիրներ)։ «Ճենովացիններէն շատերն արդարեւ Իտալիա դարձան, եւ ոմանք ալ ի Ղալաթիա, բոլորը Խրիմի Թաթարներուն վայրենութենէն խոյս տալով։ Հրեաները Խասգիւղ տեղաւորուեցան, ուր մինչեւ ցարդ «քարայի» կոչուած սոցա նախնիք իրենց ազգակից Հրէից հետ կ՚բնակին։ Յոյները Քէֆէէն մի քանի սրբոց պատկերներ բերած ըլլալով, Ղալաթիոյ «Քէֆէցի Աստուածածին» (Բանայիա Քաֆաթիա) եկեղեցին կառուցին » («Բանասէր», 1899, էջ 49)։

Ուրեմն այս եկեղեցւոյն շինութեան մէջ Քէֆէցիք դեր մը կատարած կրնան ըլլալ ամէնէն կանուխն 1475ին, թէեւ ինչպէս Բիւզանդագէտ պատմագիրք կ՚կարծեն, այս եկեղեցին կառուցուած է ուրիշ տաճարի մը տեղւոյն վրայ, որ կ՚կարծուի ըլլալ «Ոսկիաղբիւր» եկեղեցին։ Ամէն պարագայի մէջ ի Ղալաթիա  1475էն առաջ, Քէֆէցի Յոյներէ կառուցուած եկեղեցի մը չկար ինչպէս կ՚տեսնուի։

«Քէֆէցի Ս. Աստուածածին» եկեղեցին կառուցուած էր  1475էն յետոյ եւ այրած է  1696ին եւ վերաշինուած  1698ին։ Այդ հրդեհէն ազատած եկեղեցւոյն սեպհական գրութիւններ, պատմական մեծ նշանակութիւն ունին, զի մեզի կ՚ծանօթացնեն Քէֆէէն Կ. Պոլիս բերուած գաղթականներու պատմութիւնը։ Այդ յիշատակարաններէն կ՚հասկնանք թէ քառասուն հազար Հայեր. Ճենովացիներ եւ Օրթոտոքս Յոյներ Քէֆէէն Կ. Պոլիս փոխարեց Ֆաթիհ Սուլթան Մէհմէտ (Տե՛ս Տոքդ. Պասպատիի գործը. «Բանասէր», 1899 էջ 55)։ Ճենովացի պատմագիրներ- դարձեալ Տոքդ. Պասպատիի վկայութեամբ. - կ՚հաւաստեն թէ Հայերը՝ Քէֆէի Յոյներէն աւելի էին, եւ ասոր համար էր որ Սուլթան Մէհմէտէն յատուկ աղօթատուն պահանջեցին եւ ստացան Էտիրնէ Գաբուի Ս. Նիկողոս եկեղեցին։ («Բանասէր», նոյն էջ 49)։

Արդ, կ՚հասկցուի թէ ինչպէս Քէֆէի Հայոց՝ նոյնպէս Յունաց կաթոլիկութիւնը առասպել մ՚է, իրեն իբր լծորդ ունենալով նաեւ Ղալաթիոյ Հայ եւ Յոյն եկեղեցիներու «ուղղափառ» հիմնարկութեան մասալը ։ Եւ զարմանալի է որ Հ. Գալէմքեարեան, գիտնալով հանդերձ «կաթողիկէ Հայերու առանձնայատկութիւնքն եւ անջատեալ վիճակ» ունենալը (ՀԱ, 1911, էջ 81) այդ ժամանակամիջոցին- ինչ որ անհետացած է եղեր իբր թէ 1461ին Հայ պատրիարքութեան հաստատութեամբ-  ո եւ է ապացոյց չի բերեր, իր այդ յիշած առանձնայատկութեանցն եւ անջատ վիճակին վրայ, զորս երբեք ունեցած չեն կրնար ըլլալ։

Սակայն, ես քիչ մը աւելի առաջ անցնելով, պահ մը Հ. Գալէմքեարեանի առասպելներն իրականութիւն եւ ճշմարտութիւն  պիտի համարեմ։ Պահ մը ընդունինք թէ Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին կաթոլիկները շինած էին, ասկէ ինչ կ՚ուզէք հետեւցնել։ Արդեօք Ղալաթիոյ եկեղեցւոյն վրայ ալ իրաւունք մը երեւակայելու յաւականութիւնն ունի՞ք։

Թողունք այս ցնորքները, եւ դարձեալ ընդունելով հանդերձ Քէֆէի Հայոց «ուղղափառութիւնը» (?) ցոյց տանք թէ Հ. Գալէմքեարեանի համար դարձեալ դժուար պիտի ըլլայ անելէն դուրս ելլել, քանի որ ինքը կ՚խոստովանի թէ Հայ նոր պատրիարքութիւն հաստատուեցաւ 1461ին եւ բովանդակ Հայ ազգին վրայ իշխանութիւն տրուեցաւ անոր, որով (կաթոլիկ Հայերը) միւս հայերուն հետ կազմեցին  մէկ հասարակութիւն»։ [1]

Ճշմարտութիւն մը զոր խոստովանած ըլլալուն համար այնքան զղջացած է, կ՚յարէ թէ « առանց կրօնական ձուլման » կատարուած է այս միութիւնը։ Սակայն երբ միակ իշխանութեան մը, պաշտօնական հաստատութեան մը ստորադասուեցան բոլոր Հայերը, այլեւս չէր կրնար մնալ կաթոլիկի եկեղեցի եւ կաթոլիկ գերեզմանատուն։

Ուրեմն ի՞նչպէս կրնայ երեւակայուիլ հատուածներ, անջատ բաժանումներ եւ  տրուիլ անոնց առանձին իրաւունքներ։ Հետեւաբար, Քէֆէցի Հայերը- թող ըլլան կաթոլիկ, իբր նախահայրերը Ղալաթիոյ եւ Բերայի Հայ բնակչութեան, «արդէն դադրած կ՚ըլլան կաթոլիկ ըլլալէ», պաշտօնապէս Հայ Եկեղեցւոյ անդամ եղած ըլլալով։ Ղալաթիոյ եկեղեցին ալ ենթադրելով թէ «ուղղափառներ» շինած ըլլան, քանի որ դադրած է յետոյ ուղղափառներու սեփականութիւնն ըլլալէ, անոր ծագումն այլեւս ո եւ է նշանակութիւն չունենար։ Հետեւաբար ի զուր Հ. Գալէմքեարեան աստ անդ կ՚թափառի, մուրացածոյ փաստերով ստեղծելու համար «ուղղափառ» բնակչութիւն մը եւ «ուղղափառ» եկեղեցի մը… անոնց հարակից ու սեփական գերեզմանատունն ալ «ուղղափառ» շինելու համար… հակառակ անոր որ ինքն իսկ կ՚խոստովանի թէ 1461էն յետոյ ազգին մէջ ո եւ է բաժանում չկար։



[1]            Բիւզանդիոն, 1911, ապրիլ 14-27, թիւ 4408։