Քաղաքավարութեան վնասները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Մելքոն աղան, խոնջած ցերեկուան աշխատութիւններէն, կարողութիւն չունի հետիոտն երթալ տունը, Սամաթիա, ուստի կ՚որոշէ թրամուէով երթալ եւ ինքզինքը կը նետէ թրամուէի կառքին մէջ, ուր մէկ մարդու համար տեղ մնացած էր միայն։ Հազիւ կը նստի Մելքոն աղան, եւ ահա միջին հասակով, գիրուկ անձ մը կը մտնէ կառքն եւ Մելքոն աղան տեսնելով՝

—Շատ ուրախ եմ, կ՚ըսէ, ձեզի հոս տեսնելուս համար։

—Ես ալ նոյնպէս, կը պատասխանէ Մելքոն աղան։

—Ձեզի խօսելիք ունիմ. բայց նախ եւ առաջ կրնա՞ք արդեօք ինձի ալ ձեր քովն առնել, սանկ քիչ մը իլիշմիշ ըլլամ, սանկ պզտիկ տեղ մը բանաք նէ, բաւական է ինձի համար, ես կրնամ սղմիլ, արդէն պզտիկ մարդ մ՚եմ։

Մելքոն աղան իւր բարեկամին տեղ շինելու համար ասդին կը դառնայ, անդին կը դառնայ, աջ ծունկը ձախին վրայ կը դնէ, պզտիկնալու կը ջանայ։ Մելքոն աղային այս ճգանց միջոցին բարեկամն`

—Ահ, ինքզինքդ ինձի համար անհանգիստ մի՛ ըներ, ես կրնամ հոս սղմիլ, կ՚ըսէ ու, որպէս թէ տեղ գտած է, Մելքոն աղային ծունկին վրայ կը նստի։

—Անհանգիստ չըլլաք…

—Ամենեւին, ամենեւին, դուք ձեր հանգիստը նայեցէք, կարծեմ թէ ձեզի քիչ մը անհանգիստ ըրի։

—Ոչ։

—Ձմեռ է հիմա, սըխ նստինք նէ, կը տաքնանք։

—Այո՛։

—Եթէ պէոյուղիւր եղաք, կ'աղաչեմ, ըսէ՛ք։

—Ոչ, կը պատասխանէ Մելքոն աղան, որ հազիւ կրնայ շունչ առնել։

—Ի՞նչ կայ, ի՞նչ չկայ, նայինք, Մելքոն աղայ։

—Ոչինչ։

—Տունը ի՞նչպէս են, չոճուխները աղէ՞կ են։

—Խաթըրդ կը հարցունեն։

—Ողջ ըլլան։

Մելքոն աղային ծունկերը կը սկսին թմրիլ. քրտինքը ճակտէն կը վազէ, ի՞նչ ընէ, քաղաքավարութիւնը կը պահանջէ, որ մեր բարեկամները չվշտացնենք ոչինչ բաներու համար։

—Վայ կիտի Մելքոն աղայ, վայ, ասանկ հէէ՜… զիրար պիտի տեսնենք եղեր թրամուէի մէջ, աղբար, րահաթ չնստի՞ս, սանկ ոտքերդ չերկնցնե՞ս…

Մելքոն աղան չպատասխաներ, ոտքի կ՚ելնէ եւ իւր տեղն բարեկամին կը յանձնէ։

—Ի՞նչ, անհանգի՞ստ եղար։

—Չէ, այսօր շատ նստեցայ տէ, ատոր համար ոտքի վրայ կայնիլ կ'ուզեմ քիչ մը։

—Ատ ուրիշ, ես կարծեցի, որ պէոյուղիւր եղաք։ Էյ, Մելքոն աղայ, սա թրախոման մեր ազգին տունը կը քանդէ կոր, ի՞նչ պիտի ըլլայ ասոր վերջը, քանի կը մտմտամ կոր նէ, խելքս կը թռցունեմ կոր։

—Իրաւունք ունիք։

—Բայց այս խնդիրը խիստ կարեւոր բան մ՚է, ատանկ երեսի վրայ ձգուելու խնդիրներէն չէ։

Եւ Մելքոն աղային թեւը կը քաշէ ուժով, որպէսզի անոր զգացնէ խնդրոյն կարեւորութիւնը։

—Այնպէս է, կը պատասխանէ Մելքոն աղան։

—Եղբայր, մեր ազգին մէջ այս բանին կարեւորութիւն տուող չկայ, կը յարէ բարեկամն` ոտքերովն Մելքոն աղային ոտքերուն զարնելով։

—Կը հասկնամ կոր, աղբա՛ր, կը հասկնամ կոր։

—Այնպէս որ թրախոմայ տալու կարողութիւն չունեցող խեղճ աղջիկները տունը մնալու կը ստիպուին կոր… աս ի՞նչ սարսափելի բան է, աղբար, չպատասխանե՞ս…

—Ի՞նչ պատասխանեմ…

—Մահու եւ կենաց խնդիր մ՚է այս։

Բարեկամն ամէն խօսելուն կամ ձեռքովը Մելքոն աղային կուրծքին կը զարնէ, կամ ոտքովը անոր ոտքերուն վրայ կը կոխէ, կամ անդին կը հրէ, կամ ասդին կը քաշէ։ Եւ խօսք հասկցնելու այս եղանակն հազուադէպ չէ մեր ազգին մէջ։ Տեսակ մը պերճախօսութիւն, որ ունկնդիրները ծեծելու վրայ կը կայանայ։

—Իրաւունք ունիս, ճանը՛մ, բայց ես ի՞նչ ընեմ։ Ըսածդ կը հասկնամ կոր։

—Կը հասկնաս կոր, բայց անտարբեր կը կենաս կոր, պապամ, կ՚ըսէ Գասպար աղան եւ Մելքոն աղային թեւն ուժով կը սխմէ։

Կառքին մէջ գտնուողներն կը խնդան այս տեսարանի վրայ, բայց մեր բարեկամն չհասկնար եւ կը շարունակէ ծեծել Մելքոն աղան, որուն համբերութիւնը կը հատնի եւ կառքը Չեմպերլի֊Թաշ հասնելուն պէս ինքզինքը կառքէն դուրս կը նետէ։

Ի՞նչ ընէր Մելքոն աղան. կրնա՞ր ըսել բարեկամին, որ ըրածն քաղաքավարութեան դէմ էր, անկրթութիւն էր։ Ոչ։ Քաղաքավարութիւնը բացարձակ կերպով կը դատապարտէ անկիրթ ըսելը, ուստի Մելքոն աղան անկիրթ երեւալէն լաւ համարեց ծեծ ուտելը։

Այս տողերը գրողն ալ օր մը այս տեսակ երկու պերճախօսներու մէջտեղը գտնուեցաւ դժբախտաբար, եւ մազ մնաց, որ ոսկորներն ջարդուբուրդ ըլլային, եթէ գթասիրտ մէկն վարպետութեամբ չազատէր զայն։

Բայց այս պերճախօսներէն աւելի սարսափելիները կան։

Պատմենք։