Քաղաքավարութեան վնասները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

—Գամիկ աղայ, այս իրիկուն կերակուրը մէկտեղ ուտենք։

—Շնորհակալ եմ, Մարկոս աղայ, բայց չեմ կրնալ գալ, որովհետեւ ուրիշ տուն մը հրաւիրուած եմ։

—Կ'աղաչեմ։

—Կը խնդրեմ։

—Խօսքս մի՛ կոտրեր։

—Մի՛ ըներ։

—Չէ մի՛ ըսեր։

—Մի՛ ստիպեր։

—Ի՞նչ կ'ըլլայ, մէկտեղ ժամանակ կ'անցունենք քիչ մը։

—Աղէկ, բայց…

—Բայցս ալ ի՞նչ է, երթանք։

—Որովհետեւ այսչափ կը ստիպես կոր, ես ալ չեմ մերժեր. երթանք։

—Կեցցե՛ս, Գամիկ աղայ, շնորհակալ եմ։

—Ես ալ շնորհակալ եմ։

Այս խօսակցութիւնը տեղի կ'ունենար Բերա մեծ փողոց, գինետան մ՚առջեւ։

Մարկոս աղան հրաւէրն ընդունել տալուն պէս բարեկամին ձեռքէն բռնեց եւ գինետունը տարաւ։

—Մասթիքա՞յ կը խմէք։

—Ո՛չ։

—Անանկ է նէ, տիւզ կը գործածէք։

—Ո՛չ,

—Րո՞մ։

—Ո՛չ։

—Ըսել է` գոնեաք կը խմէք։

—Ո՛չ։

—Ի՞նչ կը խմէք ուրեմն։

—Ոչինչ. չիյտէ՞ք, քանի մը տարի կայ, որ ես ըմպելիք չեմ գործածեր։

—Ըմպելիք չե՞ս գործածեր։

—Ո՛չ։

—Ոտքդ պաքնեմ։

—Ո՛չ։

—Իրա՞ւ կ'ըսես։

—Ինչո՞ւ սուտ խօսիմ։

—Աստուածդ սիրես։

—Չեմ խմեր։

—Կատա՞կ կ'ընես հետս։

—Ի՞նչ հարկ կայ կատակ ընելու։

—Հիմա մասթիքայ չե՞ս խմեր դուն։

—Ո՛չ։

—Տի՞ւզ։

—Ո՛չ։

—Րո՞մ։

—Ո՛չ։

—Գոնեա՞ք։

—Ո՛չ։

—Ինչո՞ւ կ՚ապրիս կոր ուրեմն, կը պոռայ յաճախորդներէն մին` լեցնելով գաւաթը։

—Կը խմէ, կը խմէ, կատակ կ՚ընէ կոր, կը պատասխանէ Մարկոս աղան։

—Չեմ խմեր, Մարկոս աղայ։

—Ամօթ է, աղբա՛ր, չխմել կ'ըլլա՞յ, լսուա՞ծ բան է, նստողները վրանուս խնդացունե՞նք պիտի։

—Սովորութիւն չունիմ, եղբայր, ինչո՞ւ կը ստիպէք։

—Կնիկ ես, ի՞նչ ես, պէ մա՛րդ, օղին չխմուի՞ր, կ՚ըսէ մին։

—Բերնին համը ի՞նչ գիտէ անիկա, կը յարէ ոմն։

—Պարզ մարդ մ՚է, կ՚ըսէ երրորդ մը։

—Ճգնաւոր, կը պոռայ ուրիշ մը։

—Հա՜, հա՜, հա՜, օղի չխմեր եղեր, վայ, ապուշ, վայ, կը թոթովէ գինեմոլ մը խնդալով։

—Կը խնդրեմ, Գամիկ աղայ, վերջացնենք սա խաղը, կ՚ըսէ Մարկոս աղան։

—Ի՞նչ ընեմ։

—Գաւաթ մը միայն խմէ։ Մեզի շիշ մը մասթիքայ բերէք։

—Գաւաթ մը կը խմեմ խաթերդ համար։

—Շնորհակալ եմ. ժամանակին յարմարելու է. չխմողի վրայ կը խնդան Հոս, թող որ չխմելն ալ պաղ բան մ՚է։

—Շատ աղէկ։

—Հրամմեցէ՛ք։

—Կենդանութիւն։

—Անուշ։

Գամիկ աղան կը ստիպուի քանի մը գաւաթ եւս խմել` գայթակղութիւն չպատճառելու համար հարբեցողաց մէջ։

Ժամը տասներկուքին կը մօտենայ։ Գամիկ աղան անօթի է. ամէն երեկոյ սորված է ընթրել առ առաւելն ժամը կէսին։

—Ելլենք, Մարկոս աղայ, եթէ կը հաճիք, կ՚ըսէ Գամիկ աղան։

—Դեռ կանուխ է։

—Տասներկուքին մօտեցաւ։

—Առածը չիյտե՞ս. միսաֆիր էւ սահիպինին գուզուսու տուր։

—Գիտեմ, բայց…

—Իմ կըտաս չլմնցաւ դեռ։ Ճիշտ երկու շիշ պիտի ըլլայ։

—Շատ աղէկ։

Մարկոս աղան կը շարունակէ իւր կըտան եւ Գամիկ աղան իւր անօթութիւնը։

—Ժամը մինչեւ քանի՞ն պիտի նստինք հոս, Մարկոս աղայ։

—Ինչո՞ւ կ'աճապարես կոր, բարեկա՛մ, նստինք, խօսինք, տուն երթանք` ի՞նչ ընենք հիմա. այս ատեն կերակուր կ՚ուտուի՞, անասունները կ՚ուտեն հիմա… ի՞նչ… անօթի՞ ես դուն։

—Չէ՛, չէ՛, բնաւ չէ։

—Եթէ անօթի ես, երթանք։

—Չէ, այս ատեն կերակուր կ՚ուտուի՞։

—Շիտակ զրուցէ՛, կ'աղաչեմ. ես կ'ուզեմ, որ էյլենմիշ ըլլաս դուն, ֆերահլանմիշ ըլլաս… չէ նէ, ի՞նչ հասկցայ… ես կ'ուզեմ, որ հիւրս քեյֆլենմիշ ըլլայ… երթանք, թէ որ անօթի ես…

—Չէ՛, չէ՛, բնաւ չէ։

—Կը կրկնեմ, եթէ անօթի ես, երթանք։

—Չէ, այս ատեն կերակուր կ՚ուտուի՞։

—Կը կրկնեմ` շիտակ զրուցէ՛, կ'աղաչեմ. ես կ'ուզեմ, որ էյլենմիշ ըլլաս դուն, ֆերահլանմիշ ըլլաս, չէ նէ, ի՞նչ հասկցայ… ես կ'ուզեմ, որ հիւրս քեյֆլենմիշ ըլլայ. երթանք, թէ որ անօթի ես։

—Անօթի չեմ։

—Խօսէ՛ ուրեմն, բան մը պատմէ՛, արձանի պէս ինչո՞ւ մունջ կեցեր ես։ Կենդանութիւն։

—Անուշ անմահութիւն։

—Հատ մ՚ալ քեզի տամ։

—Չէ, գլուխս կը դառնայ կոր։

—Խօսէ նայիմ։ Կենդանութիւն։

—Անուշ։

—Գործ մ՚ունէիր նէ, ի՞նչ ըրիր ան։

—Ո՞ր գործը։

—Որն ըլլայ նէ, ըլլայ, գործ մ՚ըլլայ տէ, մերամ ժամանակ անցունել չէ՞ մի։

—Անանկ է եա՛։

—Չխօսի՞ս, աղբար. գիշերներն ի՞նչպէս ժամանակ կ'անցունէք կոր, ցերեկներն ի՞նչ կ'ընէք կոր, առտուները ինչո՞վ կը զբաղիք կոր։

—( Մեկուսի ) Անօթութենէ մարելիք կու գայ կոր վրաս։

—Ի՞նչպէս եղաւ նայինք այդ գործը։

—Մելքոնի՞ն գործը։

—Հա, Մելքոնին գործը. ( մեկուսի ) պարէ գիտնա՞մ…

—Մելքոնը յանցաւոր էր այդ գործին մէջ. ( մեկուսի ) ժամ մ՚առաջ երթայինք ու սեղան նստէինք։

—Իրա՞ւ կ'ըսես, վայ անպիտան, վայ, վայ, Մելքոնէն չէի յուսար. ( մեկուսի ) պարէ ճանչնա՞մ։

—Չար տղայ է։

—Անպիտա՜ն. պատմէ, նայինք։

—Երկար է պատմութիւնը։ ( Մեկուսի ) Գայլի մը պէս անօթի եմ։

—Թող երկար ըլլայ, ատա՛մ։ ( Մեկուսի ) Սըւիկա քիչ մը խօսիլ տամ, որ բացուի. կը նեղանայ կոր զաւալլը մարդը։

—Հիմա չեմ կրնար պատմել։ ( Մեկուսի ) Անօթի փորանց։

—Կենդանութիւն անանկ է նէ։

—Անուշ։ Ժամը մէկ է։

—Շատ աղէկ, կ'երթանք։ Սա հաշիւս մաքրեմ։

Մարկոս աղան հաշիւը մաքրելու կը զբաղի. Գամիկ աղան ինքզինքը գինետունէն դուրս կը նետէ եւ փողոցին մէջ կը սպասէ Մարկոս աղային, որ վերջին գաւաթները կը խմէ մի ըստ միոջէ։

Գամիկ աղան քառորդի մը չափ կը սպասէ փողոցին մէջ եւ յետոյ գինետան սեմին վրայ կ՚ելնէ ու կը կանչէ Մարկոս աղան։

—Մարկոս աղայ, ուշ մնացինք։

—Կու գամ կոր։

Գամիկ աղան քառորդ մ՚ալ կը սպասէ. համբերութիւնը հատնելու վրայ է, կ'ուզէ մեկնիլ, բայց քաղաքավարութիւնը չթողուր։ Ուստի նորէն կը կանչէ.

—Մարկոս աղայ, Մարկոս աղայ, երթանք։

—Հիմա։

Գինովներուն հիման առնուազն քառորդ ժամ է։

—Մարկոս աղայ, երկար ըրիր։

—Եկայ։

Գինովներուն եկան պիտի գամ է։

—Մարկո՛ս աղայ։

—Կ'աղաչեմ, քիչ մը… ներս եկուր, մէկտեղ ելլենք։

—Չեմ գար։

—Եկո՛ւր։

—Ո՛չ։

—Կը բարկանամ։

—Բայց պիտի երթանք։

—Այո՛։ Ահա եկայ։ Կարծեմ քեզի սպասցուցի քիչ մը։

—Վնաս չունի։

—Քեզի տեսայ, չիյտես, ո՛րչափ գոհ եղայ, այս իրիկուն քեյֆս քեզի պարտական եմ. ոտքի վրայ հատ մը կը տնկե՞ս։

—Չէ՛, երթանք։

—Շատ աղէկ, երթանք։ Կենդանութիւն։

—Անուշ։ Երթանք։

—Այո՛, երթանք։

Երկու բարեկամները ճամբայ կ'ելնեն եւ քանի մը փողոց դառնալէն յետոյ տուն կը հասնին։

—Վա՛յ, Գամիկ աղա՛յ, հրամմեցէ՛ք ըսելով հիւրը վեր կը հրամցնէ Մարկոս աղային տիկինն, որ խնդումերես եւ քիչ մ՚ալ սիրտը չվիրաւորուի շատախօս է։

—Գամիկ աղան հիւր բերի, տիկի՛ն։

—Շատ աղէկ ըրիր, վայ Գամիկ աղայ, վայ։

—Բարի եկաք, կ'ըսեն Մարկոս աղային աղջիկներն Գամիկ աղային ու անոր ձեռքը կը թօթուեն։

Գամիկ աղան աչքերով սեղան կը փնտռէ։

—Վայ, Գամիկ աղայ, վայ, է՛, տահա ինտո՞ր ես, նայինք։

—Փառք Աստուծոյ, տիկի՛ն, դուք ինտո՞ր էք։

—Ձեզի տեսանք, աւելի աղէկ եղանք, վայ, Գամիկ աղայ, վայ, դուն ալ հոս պիտի գաս եղեր։

—Սա րախըի թեփսին շտկեցէք, կը հրամայէ Մարկոս աղան։

—Վայ, Գամիկ աղայ, վայ, բնաւ մտքէս չէր անցներ, որ Գամիկ աղան մեզի հիւր պիտի գայ այս գիշեր. ո՞ր հովը փչեց ասանկ, վայ, Գամիկ աղայ, վայ, էյ ինտոր էք, նայինք, ի՞նչ կ'ընէք կոր, շիտակը հաւատալիքս չգար կոր, որ դուք հոս էք, վայ, Գամիկ աղայ, վայ… էյ խօսէ, նայինք… մեզի չտեսնելէն ի վեր ի՞նչպէս ժամանակ կ'անցունէք կոր. աֆերի՛մ, Մարկոս աղա՛յ, շատ աղէկ ըրեր ես, որ Գամիկ աղան բերեր ես. վայ, Գամիկ աղայ, վայ։ Գամիկ աղային օղի մը տուէք. շատ բան, շատ բան, վայ Գամիկ աղայ, վայ, մեզի տեսնալ պիտի գաս եղեր աս գիշեր, որո՞ւ մտքէն կ'անցնէր, աֆերիմ, Գամիկ աղաս… օղի մը տուէ՛ք, աղջիկնե՛ր։

—Օղի չեմ խմեր։

—Հատ մը խմէ, կ՚ըսէ Մարկոս աղան։

—Չէ՛, Մարկոս աղայ։

—Վայ, Գամիկ աղայ, վայ… տահա ի՞նտոր էք, նայինք, չօլուխ չոճուխը ի՞նչպէս է…

—Աղէկ են։

—Աղէկ ըլլան, վայ, Գամիկ աղայ, վայ։

—Գամիկ աղայ, կ՚ըսէ Մարկոս աղան, դուն մեր թեքլիֆսիզ հիւրն ես. մեզի մի նայիր, եթէ անօթի ես, ըսէ՛, ուտենք, մեզի համար հոգ չէ։

—Քա ճանըմ, կեցի հելէ, քիչ մը երեսը տեսնանք, ան ալ հանգստանայ քիչ մը, ու վերջը կ՚ուտենք, Աստծոյ տուածէն հարկաւ բան մը պիտի գտնենք ուտելու, անօթի չպիտի մնանք եա՛. ամա ի՞նչ ընենք, Գամիկ աղան կերակուրներուս չպիտի հաւնի եղեր, միսաֆիր ումտուղունու եմեզ պուլտուղունու եր, հա՜, հա՜, հա՜, անանկ չէ՞ մի. ամա, Գամիկ աղայ, շիտակը զրուցէ՛, դուն շիտակը խօսող մարդ մ՚ես, հա՜, հա՜, հա՜, վայ, Գամիկ աղայ, վայ։ Է, վայ, Գամիկ աղայ, վայ, Գամիկ աղան եապանճի չէ քի, վախնամ, որ երթայ, ուրիշ տուներ մեր կերակուրը աւրէ. Գամիկ աղան թեքլիֆսիզ է, այսօր չպիտի ճանչնանք զիրար եա՛. ոտքդ պաքնեմ, Գամիկ աղայ, իրաւունք չունի՞մ մի, ամա… ասանկ հէէ՛, Գամիկ աղայ, այս գիշեր հոս պիտի գաս եղեր. բարի եկար, հազար բարի, ամէն օր հրամմէ՛, մեր դուռը բաց է, է, տահա ինտո՞ր էք, նայինք, ի՞նչ կայ, ի՞նչ չիկայ, նայինք, դրացիներնիդ ի՞նչպէս են, Եպրոս հանըմը ի՞նչպէս է, Մաքրուհի հանըմը նշանուեցա՞ւ մի… Թորոս աղան գործ մը գտա՞ւ մի… հաւերը մորթեցի՞ք մի, ո՞ր մէկը հարցնեմ, չիյտեմ քի. քեզի տեսայ նէ կարծես քի գանձ մը գտայ, վայ, Գամիկ աղայ, վայ, այս գիշեր պիտի գաս եղեր. ինչո՞ւ համար օղի չես խմեր կոր, Գամիկ աղայ… մի՛ խմեր, ես զօռ չեմ ըներ, ինտոր կ'ուզես նէ, անանկ ըրէ, քեյֆդ նայէ, սանկ հանգիստ նստէ, կ'աղաչեմ, կռնակդ բարձին տուր… կ'ուզես նէ, յենուէ, էնթարի մը բերեն, բապուչ բերեն… ասանկ հա, վայ, Գամիկ աղայ, վայ, էհ, ապրիս, ողջ մնաս։

—Կնիկ, թող չես տար, որ քիչ մ՚ալ ես խօսիմ։

—Տէր ողորմեա, բերանդ ո՞վ բռնած է… վայ, Գամիկ աղայ վայ, շատոնց է տեսած չունիմ տէ, ուրախութենէս ինչ ընելիքս չեմ գիտեր կոր… անօթի ես նէ, նստինք սեղան։

—Գէշ չըլլար։

Գամիկ աղան երկար շունչ մը կ՚առնէ։

—Աղջիկնե՛ր, պրիզոլան կրակի վրայ դրէք, ձուկն ալ տապկեցէք…

—Ոհ, ոհ, ոհ, ըսաւ ինքն իրեն Գամիկ աղան, ասկից վերջը կերակուր պիտի եփուի, ու պիտի ուտենք։

—Վայ, Գամիկ աղայ, վայ, մինչեւ որ կերակուրը պատրաստուի, կրնաք քանի մը գաւաթ օղի խմել. ախորժակնիդ կը բացուի։

—Շնորհակալ եմ, Մարկոս աղան թող խմէ։

—Պրիզոլան հիմա կ'ըլլայ։ Հիչ չպիտի մոռնամ այս գիշերուանը. վայ, Գամիկ աղայ, վայ։

Սեղանի զանգակը կը զարնէ։

Կը ցատկէ Գամիկ աղան եւ ճաշի սենեակը կ՚իջնէ։ Չմոռնանք հոս յիշել, թէ հարբուխը Գամիկ աղային ակռաներուն երեք քառորդը յափշտակած է։

—Պրիզոլային սա կտորն առէք, Գամիկ աղայ, կ՚ըսէ Մարկոս աղան։

Գամիկ աղան կ՚առնէ միսն եւ սպառազինուելով դանակով ու պատառաքաղով` իւր բոլոր ուժովն կ'աշխատի յօշոտել միսն։ Դանակը չկտրեր. ակռաներն, որ արդէն կորուսած են իրենց մեծամասնութիւնն, կարողութիւն չունին կտրելու. Գամիկ աղային անօթութեան վրայ բարկութիւնն ալ կը բարդուի, եւ սակայն քաղաքավարութիւնը կը պահանջէ, որ մսի խոշոր կտորներն առանց կոտորակելու կլլէ եւ ցամաք հացով փորը կըշտացնելու աշխատի։

—Գամի՛կ աղաս, պրիզոլայէն չէ՞ք ախորժիր, կը հարցնէ տիկինը։

—Շատ կ՚ախորժիմ, կ՚ուտեմ կոր, կերայ, շնորհակալ եմ. պիտի ուտեմ, հոգ մի՛ ընէք։

—Գինի հրամմեցէ՛ք։

—Կը խմեմ, շնորհակալ եմ։

Գինին քացխած է, եւ քաղաքավարութիւնը թող չտար, որ հիւր մը տան տիրոջը յայտնէ ասանկ ճշմարտութիւններ։ Գամիկ աղան չուզեր խմել. տիկինը կը ստիպէ։

—Իմ խաթերս համար սա բաժակը պիտի խմես։

Գամիկ աղան կը ստիպուի խմելու։

—Բաժակ կ'առաջարկեմ Գամիկ աղայիս կենդանութեանը։

Գամիկ աղան կը ստիպուի խմել երկրորդ բաժակն ալ։

Մարդս ոչ միայն իւր թերութիւններն, այլ իւր սեղանին թերութիւններն ալ չտեսներ եղեր։

Գամիկ աղան անօթի փորանց քացախ կը խմէ, մինչեւ որ վերջապէս ձուկը կը բերուի սեղան։ Դանակներն, պատառաքաղներն ու պնակները կը փոխուին։ Գամիկ աղան պատառաքաղով ու դանակով ձուկ կերած չէ կեանքին մէջ, մատները կը գործածէ անոնց տեղ։ Բայց այսօր քաղաքավարութիւնը պարտ կը դնէ վրան` տան տիրոջը սովորութեան սովրիլ։ Ե՞րբ պիտի սովրի եւ ե՞րբ պիտի ուտէ։

—Չէք ուտեր կոր, Գամիկ աղայ, կ՚ըսէ Մարկոս աղան, կարծեմ չախորժեցաք մեր կերակուրներէն։

—Քաւ լիցի։ Կ՚ուտեմ կոր։

—Ձուկը գէշ չէ եղեր։

—Աղէկ է։

—Վայ, Գամիկ աղայ, վայ։ Միայն թէ փուշը քիչ մը շատ է, ըստկելը դժուար է։

—Ինձի համար բան մը չէ։

—Մի՛ քաշուիք, կ'աղաչեմ։

—Հոգ մի՛ ընէք։

—Իմ կենդանութեանս բաժակ մը չէ՞ք խմեր։

—Ի՞նչպէս չխմէ, քառասուն տարին անգամ մը մեզի կերակուրի եկաւ տէ… վայ, Գամիկ աղայ, վայ, իրաւ որ շատ գոհ եղայ ձեր գալէն։

Գամիկ աղան երրորդ անգամ կը կլլէ քացախը։

Երրորդ կերակուրը կը բերուի. սերկեւիլով միս։ Գամիկ աղան բնաւ չախորժիր այդ կերակուրէն, բայց ուտել ձեւացնելով պանիր ու հացով կը կշտանայ։

Կերակուրէն յետոյ խահուէ կը բերուի, եւ Մարկոս աղան կը սկսի, օգնութեամբ տիկնոջն, չորս ժամ շատախօսութեամբ գլուխն ուռեցնել իր հիւրին, որ կը սկսի մրափել նստած տեղը։

Պառկելու համար սենեակ մը ցոյց կը տրուի Գամիկ աղային։ Հազիւ կը մտնէ անկողին, մլուկները վրան կը յարձակին եւ կը ստիպեն զինքն ելնել, ճրագ վառել եւ տեսնել, թէ մլուկներն ոչ թէ միայն անկողնոյն մէջ բանակատեղի հաստատած են, այլ պատերուն վրայ եւս կ'ելնեն ու կ'իջնեն։

Գամիկ աղան մինչեւ առտու կը տքնի։ Ի՞նչպէս։ Ամէնուս յայտնի է, մարդ չկայ, որ կենաց մէջ գոնէ անգամ մը մլուկներու բանակին մէջ չիյնայ։

Հետեւեալ առաւօտ Մարկոս աղան եւ տիկինն կը հարցնէին Գամիկ աղային.

—Ի՞նչպէս անցուցիք գիշերը։

—Շատ հանգիստ։

—Մլուկ կա՞ր։

—Չկար։

—Ի՜նչ քաշեցի ես, մինչեւ որ մլուկները սատկեցուցի նէ, կը պատասխանէր տիկինը։

—Մնաք բարով, ձեզի նեղութիւն տուի։

—Ատ ի՞նչ խօսք է, այս գիշեր ալ հրամմեցէ՛ք, դարձեալ հրամմեցէ՛ք, Գամիկ աղայ։

—Գլխուս վրայ։

—Տունը բարեւ ըրէ՛ք։

—Լաւ։ Մնաք բարով։

—Երթաք բարով։

—Վայ, Գամիկ աղայ, վայ, ըսաւ տիկինը վերջին անգամ եւ դուռը գոցելով ներս մտաւ էրկանը հետ։

Գալով Գամիկ աղային` հսկայաքայլ կ'երթար մրմռալով.

—«Գիտեմ ես, մարդու տուն մնալն ասանկ է, մարդս իւր տունին մէջ միայն կրնայ հանգիստ ըլլալ. զօռով օղի խմէ, մինչեւ ժամը երեք անօթի փորանց քացախ խմէ, բերնիդ յարմար կերակուր մի՛ գտներ, ցամաք հացով կշտացի՛ր, պարապ խօսքեր մտիկ ըրէ՛, այնուհետեւ մինչեւ առտու քնատ մնացի՛ր. ինչո՞ւ համար. քաղաքավարութեան համար։ Այս քաղաքավարութեան տակէն պարզապէս էշութիւն կ՚ելլէ կոր։ Իրենց ըսելու էի. ես տասներկուքին կերակուրս կ՚ուտեմ, օղի չեմ խմեր, շատախօսութենէ կը ձանձրանամ, քացախ խմելու սովորութիւն չունիմ, ձեր դանակները չեն կտրեր կոր, միսաֆիրի համար անանկ փշոտ ձուկ չեն առներ, սերկեւիլով միսն ուտուելու կերակուր չէ, ձեր սենեակը լեփ լեցուն մլուկ է, չէ՞ք ամչնար դուք, մինչեւ առտու չկրցի քնանալ, մեղք չէ՞ ինձի… շիտակը ձեզի չվայլեցուցի, որ հիւր մ՚ասանկ տանջէք, աւանակի տեղ դրիք զիս… կամ մարդու տեղ չդրիք զիս… ձեր ըրածը անկրթութիւն է, այո՛, այո՛, եւ մեծ անկրթութիւն է… կամ այսպէս վարուելու չէին հետս… կամ բացէ ի բաց զրուցելու էի, թէ ձեր ըրածը պարզապէս էշութիւն է …»։

Վայ, Գամիկ աղայ, վայ…