Երկու տէրով ծառայ մը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

 

ԿՈՄԻԿ, առանձին

Բզիկ բզիկ ընել զիս, աս ալ աղէկ. յիրաւի անասունները ինձմէ հարիւր հազար անգամ աւելի երջանիկ են: Անոնք բոլոր օր կ՚աշխատին, իսկ գիշերները կը հանգչին. այլ ես գիշեր ցերեկ շարունակ կ՚աշխատիմ, միշտ արթուն. բնաւ հանգիստ չունիմ. հազիւ թէ մէկ տէրս կը քնանայ, միւսը կ՚արթննայ, մէկը կ՚երթայ, միւսը կը գայ. երկուքն ալ մէկըզ­մէկու ներհակ բնութիւններու տէր. երկուքին ալ քմացը հա­մեմատ խօսելու պարտաւոր եմ. անտանելի վիճակ. մէկը մխիթարել, միւսը շողոքորթել. բայց զարմանալին ալ այն է, որ հազիւ հազ կրնամ մայր մը հոգալ: Թէ որ մէկ տէր մը միայն ունենայի, մայրս անօթութենէ պիտի մեռնէր եւ այն ատեն… ( Կը լայ ):