Մեծ
սրահ
մը,
երկու
կողմ
սենեակներ
ԱՆՏՈՆ,
ԿՈՄԻԿ
Կոմիկը
աթոռի
մը
վրայ
կը
քնանայ.
Անտոնը
սիկառ
ի
ձեռին
սենեակէն
կ՚ելլէ
եւ
Կոմիկը
չտեսնալով
ԱՆՏՈՆ,
չորս
կողմ
փնտռելով
Ո՞ւր
գացեր
է
թշուառականը.
բոլոր
գործերս
երեսի
վրայ
թողուցի
եւ
երկու
ժամէ
ի
վեր
է,
որ
զինքը
կը
փնտռեմ:
(Միշտ
փնտռելով)
Մարդ
մը
փնտռել
ու
չգտնալը
բաւական
տանջանք
է
ինձի
համար,
բայց
համբերութիւնս
կը
հատնի,
ո՛հ…
(
Ուժգնակի
)
Կոմի՛կ,
Կոմի՛կ,
Կոմի՛կ:
ԿՈՄԻԿ,
մէկէն
ի
մէկ
կ՚արթննայ
ու
տէրը
չտեսնար
Ո՜հ,
Աստուած…
(
Դողալով
)
ինչ
դող…
ինչ
սոսկում…
իշու
մը
ձայն
ըլլալու
էր,
որ
այսքան
վախ
պատճառեց
ինձի:
(
Տէրը
կը
տեսնէ
)
ինչ
կը
տեսնեմ,
տէրս…
ինքն
է…
(
Առ
Անտոն
)
տէ՛ր,
կարծեմ
թէ
զիս
կանչեցիք,
աւասիկ
եմ:
ԱՆՏՈՆ
Ո՞ւր
կորսուեր
էիր,
երկու
ժամէ
ի
վեր
քեզ
կանչելէն
հոգիս
բերանս
եկաւ:
ԿՈՄԻԿ,
մեկուսի
Եթէ
քառորդ
մըն
ալ
կանչէր
հոգին
բերնէն
դուրս
պիտի
ելլէր:
Ի՞նչ
կ՚ուզէք,
տէ՛ր.
հրամաններուդ
պատրաստ
կամ:
ԱՆՏՈՆ
Կ՚ուզեմ
որ
պապանձի՛ս,
եւ
աթոռ
մը
բերես:
ԿՈՄԻԿ
Լաւ:
ԱՆՏՈՆ
Տակաւին
կը
խօսի՞ս:
ԿՈՄԻԿ,
աթոռը
կը
դնէ
Հրամմէ՛,
տէր,
նստեցէ՜ք.
հանգչեցէք,
որպէսզի
հոգինիդ
դարձեալ
իր
տեղը
գտնայ:
ԱՆՏՈՆ,
կը
նստի
Արդէն
այսօր
քիչ
մը
տկարութիւն
ունէի,
այս
տկարութեանս
վրայ
երկու
ժամ
շարունակ
քեզ
փնտռել
եւ
պոռալը
բոլորովին
տկարացուց
զիս:
Ըսէ՛
ուրեմն,
ո՞ւր
կորսուեր
էիր:
ԿՈՄԻԿ
Կորսուած
չէի,
տէր.
յոգնութիւն
առնելու
համար
քիչ
մը
աթոռի
վրայ
նստայ.
ապահո՛վ
եղի՛ք,
որ
ձեր
ծառան
երբեք
չկորսուիր:
ԱՆՏՈՆ
Լաւ,
զիս
փնտռող
մը
եղա՞ւ:
ԿՈՄԻԿ
Մեր
պարտատէրներէն
բաւական
ձեզ
փնտռողներ
եղան,
բայց
ես
ամէնուն
ալ
պատասխանեցի.
ոմանց
քաղաքավարութեամբ
եւ
ոմանց
անքաղաքավարութեամբ,
ոմանց
անուշութեամբ
եւ
ոմանց
խստութեամբ.
ամէնուն
ալ
հարցումներուն
համեմատ
պատասխանելով,
երբեմն
մարդկօրէն,
երբեմն
իշօրէն,
վերջապէս
առանց
ձեր
պատուոյն
արատ
մը
բերելու՝
ամէնն
ալ
վռնտեցի.
աղէկ
չըրի՞,
տէր:
ԱՆՏՈՆ
Ես
ալ
ըլլայի
քեզի
պէս
պիտի
ընէի.
շատ
աղէկ
ըրեր
ես.
կրակ
մը
բե՛ր
սա
սիկառս
վառեմ:
ԿՈՄԻԿ
Շատ
աղէկ:
(Կ՚երթայ):