Երկու տէրով ծառայ մը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐՈՒԱՆԴ եւ ՆՈՅՆՔ

ԵՐՈՒԱՆԴ, հազիւ թէ պիտի գրկէ զՄարգրիտ

ԿՈՄԻԿ

Է… է… էյ, պարոն, ի՞նչ կ՚ընես… ո՞ւր ենք:

ԵՐՈՒԱՆԴ

Ի… ի… ի՞նչ կայ:

ԿՈՄԻԿ

Ի՞նչ կը փնտռես հոս… ինչո՞ւ կը վախցնես օրիորդը:

ԵՐՈՒԱՆԴ

Զինքը վախցնելու համար չեկա յ:

ՄԱՐԳՐԻՏ

Ես բնաւ չվախցայ:

ԿՈՄԻԿ

Անիրաւ. օրիորդը առանձին ըլլալ կը փափաքի եւ դու եկեր իր հանգստութիւնը կը վրդովես. կորի՛ր… կորիր… կ՚ը­սեմ:

ՄԱՐԳՐԻՏ

Ո՜հ, Աստուած…:

ԵՐՈՒԱՆԴ

Ո՞ւր կորսուիմ. ի՞նչ ընեմ, ապուշ է:

ԿՈՄԻԿ

Օրիորդներու սիրտը գրաւելու համար պէտք է որ քիչ մը քիթդ բերանդ շտկես եւ ապա ներկայանաս անոնց. դու ապու­շի մէկն ես, եւ ի՞նչպէս կ՚ուզե՛ս որ օրիորդը քեզ սիրէ… ա՜հ, անիծեալ, գնա՛, գնա՛ չէ նէ…:

ԵՐՈՒԱՆԴ

Բայց…:

ԿՈՄԻԿ

Բայց մայց չեմ հասկնար, կորի՛ր, կ՚ըսեմ քեզի. եթէ չկորսուիս, կ՚երթամ Մարգրիտի հօրը ամէն բան կը պատմեմ։

ՄԱՐԳՐԻՏ, առ Երուանդ

Գնա՛, գնա՛, ապուշ է:

ԵՐՈՒԱՆԴ, կ՚երթա երբեմն երբեմն յետս դառնալով: