Երկու տէրով ծառայ մը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԷՈՓԻԼԷ եւ ՆՈՅՆ

ԹԷՈՓԻԼԷ

Ահ, եթէ զինքը գտնամ բզիկ բզիկ պիտի ընեմ, ինչ ըսել է, տէր մը ամբողջ օր իր ծառան փնտռելու ետեւէ ըլլայ ( Դէպի Կոմիկ կ՚երթայ ):

ԿՈՄԻԿ, ետ կը դաոնայ ու տիրոջը հետ կը զարնուի

Ա՜հ, գլուխս… ո՛ւֆ… դո՞ւք էք, տէր… զի՞ս կանչեցիք, աւասիկ եմ:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Հո՞ս ես. թշուառական. ի՞նչ գործ ունիս հոս:

ԿՈՄԻԿ

Ներեցէ՛ք, տէ՛ր. ձեր գալստեանը կը սպասէի:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Տուած նամակս տեղը տարի՞ր:

ԿՈՄԻԿ

Այո՛. գեղեցի՛կ օրիորդի մը յանձնեցի զայն, եթէ ուրիշ մըն ալ ունիք, տուէ՛ք տանիմ:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Ո՛չ. պատասխանը առի՞ր:

ԿՈՄԻԿ

Այո՛, տէր:

ԹԷՈՓԻԼԷ, բարկութեամբ

Ինչո՞ւ չես տար ուրեմն:

ԿՈՄԻԿ

Տալու բան չկայ, տէր. պատասխանը բերնիս մէջն է: Ինձի ըսին, որ նամակաւ մը ձեզ պիտոր պատասխանեն:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Լաւ, թէ որ նամակը բերելու ըլլան, առանց ուշանալու ինձի բե՛ր:

ԿՈՄԻԿ

Շատ աղէկ:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Ես երթամ Մարսիլիայի նամակ գրելու. վասնզի շոգե­նաւը այս իրիկուն կը մեկնի. թէ որ Երուանդը հոս գալու ըլլայ, զրուցէ իրեն թէ զինքը տեսնել կ՚ուզեմ:

ԿՈՄԻԿ

Քանի մը գիշեր է, որ պարոն Երուանդը տեսած չեմ:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Ի՜նչպէս. երէկ գիշեր հոս չէ՞ր:

ԿՈՄԻԿ

Ոչ, տէր:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Երուանդը երէկ չեկա՞ւ:

ԿՈՄԻԿ

Ոչ, տէր:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Առջի իրիկուն հո՞ս էր:

ԿՈՄԻԿ

Ոչ, տէր:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Բայց ո՞ւր է:

ԿՈՄԻԿ

Ոչ, տէր:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Ի՞նչպէս ոչ:

ԿՈՄԻԿ

Ո՞ւր ըլլալը կը հարցնէք:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Այո՛:

ԿՈՄԻԿ

Կարծեմ թէ… թէ… թէ…:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Թէ՞յ կը խմէ, ի՛նչ կ՚ընէ. ըսէ՛ համարձակ, մի՛ վախնար:

ԿՈՄԻԿ

Թէյ խմել չէ, տէր. այսինքն օրիորդ Մարգրիտի հետ կ՚անցընէ իր ժամերը, դուք զինքը նամակատուն կը ղրկէք, անիկա շիտակ Մարգրիտի տունը կ ՚ երթայ. միշտ անոր հետ կը նստի:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Ի՞նչ կը նշանակէ այս ամէնը:

ԿՈՄԻԿ

Այն կը նշանակէ, որ կը սիրէ օրիորդ Մարգրիտը:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Երուանդէն այսպիսի լուր մը երբեք չէի սպասեր. ինչեւիցէ, բայց լաւ գիտե՞ս որ…

ԿՈՄԻԿ

Այսքան կ՚ըսեմ, որ անցեալ շաբաթ զինքը Մարգրիտի բազկացը մէջ տեսի. ( Մեկուսի ) ուր էր թէ ես ըլլայի Երուան­դի տեղ. [( Բարձր ) ] այո՛, տէր, հիմա կրնաք դատել:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Շատ աղէկ, պէտք է, որ միշտ ինձի իմաց տաս ասանկ բաները. ես երթամ զինքը տեսնալու. բայց դարձած ժամա­նակս կ՚ուզեմ, որ քեզ հոս գտնամ. ապա թէ ոչ բզիկ բզիկ կ՚ընեմ զքեզ (Կ՚երթայ):