Երկու տէրով ծառայ մը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՐԳՐԻՏ եւ ՆՈՅՆ

ՄԱՐԳՐԻՏ

Կոմիկն է… այո՛, ինքն է, ինչո՞ւ կը լայ արդեօք. Կոմիկ ( Գլուխը դպչելով ). Կոմի՛կ… Կոմի՛կ…:

ԿՈՄԻԿ

Ահ, դո՞ւք էք, օրիորդ:

ՄԱՐԳՐԻՏ

Այո՛, ես եմ, ի՞նչ ունիս, ինչո՞ւ կը լաս:

ԿՈՄԻԿ, լալով

Թշուառութեանս վրայ կ՚ողբամ, տիրուհիս. ինչ ընեմ ծա­ռայ մ՚եմ. միս մինակ եմ. մխիթարիչ մը չունիմ. ո՜հ, անմխի­թար պիտի մեռնիմ:

ՄԱՐԳՐԻՏ

Մի՛ վախնար, չես մեռնիր դու. երթամ հայրս ղրկեմ, որ գայ քեզ մխիթարէ:

ԿՈՄԻԿ

Չէ՛, չէ՛, չէ՛. չեմ ուզեր:

ՄԱՐԳՐԻՏ

Շատ աղէկ. քիչ մը գնա հոսկից, վասնզի առանձին ըլլալ կը փափաքիմ:

ԿՈՄԻԿ

Լաւ, երթամ. (Խորը կը պահւըտի):

ՄԱՐԳՐԻՏ

Ո՜ւր էր, թէ Երուանդը շուտով հոս գար ու խօսակցէինք քիչ մը… ի՛նչ ընեմ, կը սիրեմ զինքը… բայց հայրս տակա­ւին չգիտեր. եւ ի՞նչ, մի՞թէ պիտի բարկանայ, երբ գիտնայ, որ ես Երուանդը կը սիրեմ. չեմ յուսար, վասնզի Երուանդը ազնիւ սիրտ մը ունի եւ մանաւանդ թէ անդիի ծայր սէր իմ վրաս. ոտքի ձայն կը լսեմ… ինքն է… ինչ քալուած… այո՛, չեմ խաբուիր… իմ սիրելիս Երուանդն է… ի՜նչ դէմք… ի՜նչ անուշ նայեցուածք: