ԱՆՏՈՆ,
առանձին
Թէպէտ
եւ
երբեմն
երբեմն
զիս
կը
բարկացնէ,
բայց
դարձեալ
շատ
գոհ
եմ
իրմէ:
Ճշմարիտը
խօսելով
ինքզինքս
երջանիկ
կը
սեպեմ
այսպիսի
ժրաջան
ծառայ
մը
ունենալուս
վրայ:
Խեղճ
Կոմի՛կ,
բոլոր
օր
իմ
ետեւէս
կը
վազէ,
կրակ,
ջուր
եւ
այլն
բերելու
համար.
ի
վերայ
այսր
ամենայնի
այս
պաշտօնը
լաւ
կրթեց
զինքը
եւ
կը
յուսամ,
որ
քիչ
ժամանակէն
երեւելի
ծառայ
մը
կրնայ
ըլլիլ:
Ասկեց
ի
զատ
տնտեսական
գիտութեան
այնքան
հմուտ
է,
որ
անօթութենէ
մեռնելու
կէտն
ալ
հասնի,
դարձեալ
իր
եօթն
ֆռանք
ամսականէն
ստակ
մը
չվատներ.
այո՛,
այո՛,
պէտք
է
որ
իր
գովեստը
ընեմ:
Հագած
հագուստները՝
զորս
քսան
եւ
հինգ
տարի
առաջ
իմ
հարսանեացս
գիշերը
իրեն
շնորհեր
էի`
այնպէս
մաքուր
կը
պահէ,
որ
տասնուվեց
տարուան
օրիորդ
մը
անգամ
չկրնար
պահել.
եւ
եթէ
ողջ
մնայ,
հարիւր
տարի
ալ
կրնայ
հագնիլ։
Ասոնց
ամէնը
մէկդի
թողլով,
գանք
իր
մէկ
յատկութեանը,
զոր
նուազ
մարդիկ
ունին.
իր
հաւատարմութիւնը
կ՚ուզեմ
ըսել.
այո՛,
իր
հաւատարմութեամբն
է,
որ
այսքան
սիրելի
եղած
է
ինձի:
Ահա
այսպիսի
յատկութիւններով
զարդարուած
ծառայ
մըն
է:
Մրջիւնի
պէս
ժրաջան,
ճագարի
մը
պէս
մաքուր
եւ
շունէն
աւելի
հաւատարիմ: