Երկու տէրով ծառայ մը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՍԻԼ Ա.

ԿՈՄԻԿ, ԲԻՐԱԲ

ԿՈՄԻԿ, կը քաշկռտէ զԲիրաբ

Եկո՛ւր, եկո՛ւր:

ԲԻՐԱԲ

Հանգիստ թո՛ղ զիս:

ԿՈՄԻԿ

Բայց եկո՛ւր նստինք, որ կերածնիս մարսեցնենք:

ԲԻՐԱԲ

Ձգէ՛ որ նստիմ:

ԿՈՄԻԿ, աթոռի վրայ կը նստեցնէ մայրը

Մայրիկ, կենացս մէջ ասանկ ուրախ գիշեր մը անցու­ցած չէի:

ԲԻՐԱԲ

Դէմքերնուդ վրայ կը փայլի ունեցած ուրախութիւննիդ, բայց, թէ որ տէրդ գայ ու քեզի այսպէս զուարթ տեսնէ, ի՞նչ կ՚ըսէ:

ԿՈՄԻԿ

Ո՞ր տէրս:

ԲԻՐԱԲ

Քանի՞ տէր ունիս:

ԿՈՄԻԿ

Երկու, երկու:

ԲԻՐԱԲ

Տարօրինակ բան մ՚ալ այս է:

ԿՈՄԻԿ

Կը սխալիք, մայրիկ. ես մարդ տեսեր եմ, որ տասը ծա­ռայ ունի, ես որ երկու տէր ունիմ, տարօրինա՞կ բան է, չէ, չէ…:

ԲԻՐԱԲ

Եթէ իմանան քու տէրերդ, որ երկու զատ֊զատ մարդիկ­ներու կը ծառայես, ի՞նչ կ՚ըսեն:

ԿՈՄԻԿ

Ես յիրաւի երկու տէր ունիմ, բայց թէ որ երկուքը մե­կըզմէկու հետ խառնեմ, հազիւ թէ ամբողջ տէր մը կրնամ կազմել:

ԲԻՐԱԲ

Շատո՞նց ի վեր է, որ երկու տէր ունիս:

ԿՈՄԻԿ

Այո, մէկը շատ հին է, պապէս մնացած, իսկ միւսը` նոր, եւ Մարգրիտի հայրն է:

ԲԻՐԱԲ

Խելքս չհասնիր, բայց…

ԿՈՄԻԿ

Մի վախնար, մայրիկ. անանկ մէկ վարպետութեամբ մը կը ծառայեմ, որ` ոչ մէկը եւ ոչ միւսը կրնան մարդս, խմենք. եթէ հարուստ մէկն ըլլայի, զուարթ ըլլելու համար ամէն օր առտւընէ մինչեւ իրիկուն գինի կը խմէի: Այս Պորտոյի գինին մարդս կը քաջալերէ` գիտէ՞ք: Չեմ գիտեր, բայց գինի չխմած ինքզինքս հիմակուան պէս քաջասիրտ չէի գտնար. ( Թէոփիլէ կը մտնէ ) ի՜նչ ցնծութիւն. ( Ուժգնակի ) ի՜նչ ուրախութիւն. եթէ այս միջոցին օրիորդ Մարգրիտը դէմս ելլէ, իսկոյն վիզը կը պլլուիմ, համբոյրներ կ՚առնում իր վարդակարմիր այտերէն ( Տէրը կը տեսնէ ) եւ… եւ… եւ… ( Կ՚ելլայ ) եւ…

ԲԻՐԱԲ

Ինչո՞ւ չես շարունակեր:

ԿՈՄԻԿ

Քաջալերութիւնս կորուսի:

ԲԻՐԱԲ

Ի՞նչ է։

ԿՈՄԻԿ

Լռէ՛:

ԲԻՐԱԲ

Ըսէ՛, ըսէ՛:

ԿՈՄԻԿ

Տէ՛րս է, տէ՛րս է:

ՏԵՍԻԼ Բ.

ԹԷՈՓԻԼԷ եւ ՆՈՅՆՔ

ԹԷՈՓԻԼԷ

Այս ո՞րքան ուրախ կը տեսնեմ զքեզ, Կոմի՛կ:

ԿՈՄԻԿ

Տէ… տէ… տէ…ր:

ԲԻՐԱԲ

Անանկ խոժոռադէմ մէկն է, որ զաւակս վախցուց, եւ լեզուն կորոյս:

ԹԷՈՓԻԼԷ, բարկութեամբ

Ի՞նչ կայ, ինչո՞ւ պապանձեր ես:

ԿՈՄԻԿ

Տէ… տէր…. պա… պա… պատիւ ունիմ ձեզի ներկա­յացնելու իմ մէկ հա… հա… հատիկ մա… մա… մայրս:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Տիկին, ձեր զաւա՞կն է այս:

ԲԻՐԱԲ

Այո՛, պարո՛ն:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Բայց քեզի չնմանիր:

ԲԻՐԱԲ

Ոչ. իրեն կը նմանի:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Ինչո՞ւ չես պատասխաներ:

ԲԻՐԱԲ

Վասնզի կարողութիւն չունի:

ԿՈՄԻԿ

Տէր, պատասխանելու բան մը չկայ:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Քեզի կը հարցնեմ, թէ ինչո՞ւ այնչափ այլայլած ես, պատճառը ըսէ՛:

ԿՈՄԻԿ

Պատճառը այն է, որ ուրիշ անգամներ երբ զիս կանչելու ըլլայիք, իսկոյն կը, պատրաստուէի ձեզի պատասխանելու. բայց այս անգամ յանպատրաստից դիմացս ելաք, եւ ըսելիքս մոռցայ:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Այսքան վախկո՞տ ես:

ԿՈՄԻԿ

Ձեր կերպարանքը չգիտեմ թէ ինչո՛ւ համար այսչափ վախ տուաւ ինձի:

ԲԻՐԱԲ, մեկուսի

Թէ որ արջ մը ըլլար, զաւակս այսքան չէր վախնար:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Չեմ ուզեր, որ դիմացս ելած ժամանակդ ասանկ տես­նամ քեզի, կ՚ուզեմ որ համարձակ ըլլաս եւ ամէն հարցումնե­րուս շուտով պատասխանես, ապա թէ ոչ կը վռնտեմ զքեզ:

ԿՈՄԻԿ

Չէ… չէ, տէ՛ր միշտ համարձակութեամբ պիտի պատաս­խանեմ:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Երուանդը տեսա՞ր:

ԿՈՄԻԿ

Այո՛, տէր:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Ո՞ւր:

ԿՈՄԻԿ

Ի գոգն Մարգրիտի:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Խեղճ տղայ. բոլոր իր ստացուածքը վտանգի մէջ կը դնէ Մարգրիտի համար. շա՞տ կը սիրէ Մարգրիտը:

ԿՈՄԻԿ

Ի՞նչ կ՚ըսէք, տէր, Մարգրիտի վրայ ունեցած սէրը այն­պիսի սաստկութեամբ բորբոքած է իր սրտին մէջ, զոր մարելը անհնար է:

ԲԻՐԱԲ

Այո՛, զաւակս իրաւունք ունի. վասնզի մենք խմելու ան­գամ ջուր չենք կրնար գտնել:

ԿՈՄԻԿ

Դու ի՞նչ կը ծախես:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Ես ալ գիտեմ ասանկ ըլլալը, բայց ի՞նչ ընելու եմ զինքը սիրոյ ճիրանէն ազատելու համար. վասնզի կը սիրեմ զինքը, եղբօրորդիս է. մինչդեռ վրայ հոգ տանիմ. բայց ի՛նչ ընելու եմ այս­պիսի պարագայի մը մէջ: Ի՞նչ խելք կը տաս ինձի, Կոմի՛կ:

ԲԻՐԱԲ, մեկուսի

Զաւակս խելք տալու ալ սկսեր է: Աստուած հետն ըլլայ:

ԿՈՄԻԿ

Ի՞նչ խելք կրնամ տալ, մինչեւ որ Երուանդի սրտին մէջ ունեցած սէրը իմ սրտիս մէջ չփոխադրենք, անկարելի բան է, որ կարենանք Երուանդը ազատել:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես:

ԿՈՄԻԿ

Ձեզի հաւատարիմ ըլլալս յայտնելու համար, ի՛նչ ընեմ, ես պիտի ստիպուիմ Մարգրիտն սիրել, որպէսզի Երուանդը ազատի: Եւ այս բանիս համար ժամ առաջ ձեռնամուխ ըլլալու ենք, վասնզի Երուանդը քանի մը շաբաթէն կրնայ գերեզ­ման իջնալ:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Ի՞նչ կ՚ըսես:

ԿՈՄԻԿ

Այո՛, տէր. ես շատ ջանացի Երուանդը համոզելու, իսկ նա Մարգրիտը յիշելուն պէս խելքը կը կորսնցնէ եւ…

ԹԷՈՓԻԼԷ

Ուրեմն կարելի եղածին չափ կ՚աշխատիմ ես զինքը Մարգրիտի գրկէն յափշտակելու: ( Բարկութեամբ ) Երթամ զինքը առնեմ ու տանս մէջ բանտարկեմ, Մարգրիտն ալ խայ­տառակ ընեմ… բայց… անգթութիւն մըն է… որքան անա­գորոյն մէկը ըլլալու է, որ կարենայ երկու փափկասնունդ էակներու ասանկ գազանաբար վարուիլ: Չէ՛… չէ, եր­թամ պարոն Անտոնի նամակ մը գրեմ եւ հասկցնեմ իրեն ամէն բան. անիկա ալ իր կողմէն պէտք եղած տնօրէնութիւնները կատարէ, եւ ասանկով կրնանք Երուանդը ազատել. մնաք բա­րով, տիկին. դու ալ հոս սպասէ, որ նամակը առնես տանիս: ( Կ՚երթայ ):

ՏԵՍԻԼ Գ.

ԱՆՏՈՆ, ԲԻՐԱԲ, ԿՈՄԻԿ

ԱՆՏՈՆ, փատի մը կրթնելով կամաց կամաց կը գայ

ԿՈՄԻԿ

Առ միւսն ալ:

ԲԻՐԱԲ

Այ՞ս է միւս տէրդ:

ԿՈՄԻԿ

Այո՛:

ԲԻՐԱԲ

Երկուքն ալ մէկզմէկէ ցած:

ԿՈՄԻԿ

Չէ, ասիկա միւսէն բարձր է:

ԲԻՐԱԲ

Ես երթամ, ինչո՞ւ իս սպասեցնել կը տաս, կը վախնամ աս մարդէն:

ԿՈՄԻԿ

Կայնէ, ասոր ալ ներկայացնեմ զքեզ:

ԱՆՏՈՆ

Միշտ անհանգիստ, միշտ հիւանդ. ի՞նչ պիտի ըլլի վի­ճակս: Հո՞ս ես, Կոմիկ:

ԿՈՄԻԿ

Այո, տէր:

ԱՆՏՈՆ, կը նստի

Անկողինէն հիմա՛ ելայ. շատ տկար եմ. չգիտեմ թէ պատճառը ինչ է: Լուր մը ունի՞ս:

ԿՈՄԻԿ

Ոչ լուր ունիմ եւ ոչ մուր. միայն մայր մը ունիմ, որ պա­տիւ յանձին կը համարիմ զայն ներկայացնելու ձեր մեծու­թեանը:

ԲԻՐԱԲ

Բարի լոյս, պարոն:

ԱՆՏՈՆ

Աստուծոյ բարին, տիկին. ինչպէ՞ս էք:

ԲԻՐԱԲ, առ Կոմիկ

Ի՞նչ ըսեմ:

ԿՈՄԻԿ, բարկութեամբ

Աղէկ եմ, չըսե՞ս:

ԲԻՐԱԲ

Աղէկ եմ։

ԿՈՄԻԿ

Օ՜շ, այսչափ տարիներէ ի՛ վեր միայն բարի լոյս մը սորվեր ես. ես ալ ամէն տեղ քեզ կը գովեմ, ըսելով թէ իմ մայրս ուսումնական է, ճարտասան է, եւ դուն…

ԲԻՐԱԲ

Երկար կ՚ընես, Կոմիկ, ահա ըսի որ աղէկ եմ:

ԱՆՏՈՆ, առ Բիրաբ

Ի՞նչ կը խօսիք մէկզմէկու հետ:

ԲԻՐԱԲ, առ Կոմիկ

Ի՞նչ ըսեմ:

ԿՈՄԻԿ

Տեր, լուսահոգի հօրս համար կը խօսինք:

ԱՆՏՈՆ

Աղէկ ատեն գտեր էք: Քիչ մը առաջ Մարգրիտի հետ էի եւ քու վրայօք շատ գանգատներ կ՚ընէ. կրնա՞ս ըսել ինձի պատճառը:

ԿՈՄԻԿ, մեկուսի

Միշտ պատճառ կը հարցնէ: Պատճառը այն է, որ չեմ ձգեր զինքը անծանօթ երիտասարդներու հետ խօսակցի:

ԱՆՏՈՆ

Որո՞ւ հետ կը խօսակցի:

ԲԻՐԱԲ, առ Կոմիկ

Ես երթամ:

ԿՈՄԻԿ, առ Բիրաբ

Կայնէ՛:

ԱՆՏՈՆ

Բայց ի՞նչ երկար խօսք է, որ լմննալիք չունի, կը բար­կացնէք զիս, առաջ իմ հարցումներուս պատասխան տուր եւ վերջը խօսէ մօրդ հետ:

ԲԻՐԱԲ, առ Կոմիկ

Երթամ, երթամ:

ԿՈՄԻԿ

Լռէ՛:

ԱՆՏՈՆ

Չըսե՛ս, որո՞ւ հետ կը խօսի:

ԿՈՄԻԿ

Երուանդին հետ, շատ կը սիրէ Երուանդը. միշտ անոր վրայ կը խորհի, անոր վրայ կը խօսի. գրեթէ անոր համար կ՚ապրի, եկո՛ւ տե՛ս որ Երուանդը չսիրեր զինքը:

ԱՆՏՈՆ

Երուանդը չսիրե՞ր Մարգրիտը:

ԿՈՄԻԿ

Ոչ, մանաւանդ թէ կ՚ատէ:

ԱՆՏՈՆ

Ուրեմն ճար մը մտածելու եմք Մարգրիտը ազատելու համար:

ԿՈՄԻԿ

Գիշեր ցորեկ մտածմունքս այն է. բայց բան մը չկրցի գտնալ: Դուք որ իր հայրն էք, Մարգրիտը մեկուսի առնելու էք, եւ իրեն խրատ տալու էք, որ այսպիսի տղայական զուարճութիւններէն ետ քաշուի. իսկ եթէ մէկը սիրել կ՚ուզէ, ահա ես պատրաստ եմ. քանի որ Երուանդը չսիրեր զինքը, ձեր աղ­ջիկը թշուառութեան վիհը կ՚իյնայ եւ կը տկարանայ օր քան զօր. վասնզի, ինչպէս որ կ՚ըսէին նախնիք, սէրը երկու կողմէն ըլլալու է: Ահա իմ խորհածս եւ գտածս:

ԱՆՏՈՆ

Բայց Մարգրիտը կ՚ուզէ՞ քեզ սիրել:

ԿՈՄԻԿ

Ինչո՞ւ համար չպիտի ուզէ: Ես մարդ չե՞մ:

ԱՆՏՈՆ

Դո՛ւ ալ մարդ ես. բայց…

ԿՈՄԻԿ

Տէր, ես ձեր աղջկանը բարութիւն մը ընելու համար յանձն կ՚առնում այսպիսի ծանր պաշտօն մը. եթէ չէք ընդու­նիր… դուք գիտէք…:

ԱՆՏՈՆ

Ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ, որ Երուանդը իմ աղջիկս չսիրէ. անցեալ օր զինքը տեսի եւ այնչափ քաղաքավարութեամբ վար­ուեցաւ հետս, ինչպէս որ ծառայ մը կ՚ընէ իր տիրոջը:

ԿՈՄԻԿ

Ձեզի հետ քաղաքավարութեամբ վարուիլը երբեք չարգե­լուր, որ ձեր աղջիկը ատէ:

ԱՆՏՈՆ

Ուրեմն բան մը խորհինք որ…

ԲԻՐԱԲ

Ես ալ կը խորհիմ քիչ մը:

ԿՈՄԻԿ
Բարեկամներուս ալ կ՚ըսեմ, թո՛ղ անոնք ալ քիչ մը մտածեն:

ԱՆՏՈՆ

Այո՛. ( Առ Կոմիկ ) դուն գնա Երուանդը ինձի կանչէ՛:

ԿՈՄԻԿ

Շատ աղէկ, տէր ( Կ՚երթայ ):

ԱՆՏՈՆ

Դու ալ գնա Մարգրիտը կանչելու:

ԲԻՐԱԲ

Լաւ. ծառայ եմ:

ՏԵՍԻԼ Դ.

ԱՆՏՈՆ

Տարօրինակ բաներ, Մարգրիտը իր հոգին կու տայ Երուանդի համար, եւ Երուանդը իր ատելութիւնները Մարգրիտի համար. անհաւատալի դէպք: Բանի մէջ բան կայ: Ինչ որ ըլլայ հարկաւ ետքէն պիտի հասու ըլլամ: Հիմա երկուքն ալ կը գան եւ կը խօսիմ իրենց հետ. ահա Երուանդը կը գայ:

ՏԵՍԻԼ Ե.

ԵՐՈՒԱՆԴ եւ ՆՈՅՆ

ԵՐՈՒԱՆԴ

Ծառայ եմ, տէ՛ր:

ԱՆՏՈՆ

Շատ կը բաղձայի ձեզի հետ առանձին տեսութիւն մը ընելու:

ԵՐՈՒԱՆԴ

Շնորհակալ եմ:

ԱՆՏՈՆ

Նախ ձեզի բան մը պիտի առաջարկեմ, որուն ոչ չպիտի ըսէք:

ԵՐՈՒԱՆԴ, մեկուսի

Արդեօք Մարգրիտը ձեռքէս առնէ՞ պիտի: Տէր, խօսեցէ՛ք:

ԱՆՏՈՆ

Ընտանիքի մը երջանկութիւնը պիտի խռովէք, եթէ առա­ջարկելիքս չընդունիք: Իմ աղջիկս Մարգրիտը…

ԵՐՈՒԱՆԴ, մեկուսի

Ես գիտէի որ նորա համար պիտի խօսի, ի՞նչ պիտի ըսէ արդեօք:

ԱՆՏՈՆ

Գիտէք որ ձեր վրայ սաստիկ սէր ձգած ըլլալուն ըրածը չգիտեր, եւ դուք, պարոն, կը մերժէք իւր սէրը։

ԵՐՈՒԱՆԴ

Ե՞ս, ո՛չ երբեք, ի բոլոր սրտէ կը սիրեմ զինքը:

ԱՆՏՈՆ

Բայց Կոմիկը ինձի ըսաւ, որ դուք չէք սիրեր զինքը:

ԵՐՈՒԱՆԴ

Խաբեր է ձեզ. այն ձեր ծառան Մարգրիտը ինձի հետ տեսնալուն պէս առիւծ կը կտրի եւ չթողուր որ խօսակցինք. կը սիրեմ Մարգրիտը եւ սիրելէն չպիտի դադրիմ:

ԱՆՏՈՆ

Կոմիկը ասանկ բաներ ընէ՜, բնաւ չէի յուսար:

ՏԵՍԻԼ Զ.

ՄԱՐԳՐԻՏ եւ ՆՈՅՆՔ

ՄԱՐԳՐԻՏ, հօրը ձեռքը պագնելով

Հա՜յր:

ԵՐՈՒԱՆԴ, Մարգրիտի ձեռքը պագնելով

Օրիորդ:

ԱՆՏՈՆ

Ի՛նչ կ՚ըսես, Մարգրիտ, կը սիրե՞ս Երուանդը:

ՄԱՐԳՐԻՏ

Ո՜հ, ( Երուանդի վիզը պլլուելով ) կը սիրեմ Երուանդը:

ԵՐՈՒԱՆԴ

Տէ՛ր, ( Ի ծունկ իջանէ ) վերջ տուր մեր թշուառութեանց:

ՄԱՐԳՐԻՏ

Հայր, ( Ի ծունկ իջանէ ) կարելի եղածին չափ շուտ:

ԱՆՏՈՆ

Ելէ՛ք, անմե՛ղ էակներ. ( Առ Երուանդ ) քեզի կը տամ Մարգրիտը, քուկդ է:

ՄԱՐԳՐԻՏ

Ին՜չ երջանկութիւն:

ԵՐՈՒԱՆԴ

Անյուսալի էր այսքան շուտ: Այն գազան Կոմիկը, որ կ՚ուզէր մեզ զատել, մեր ժամ առաջ միանալուն պատճառ եղաւ:

ԱՆՏՈՆ

Այո, երթամ զինքը գտնամ եւ աղէկ մը ծեծելէն զկնի վռնտեմ զինքը, չար ծառայ. ( Ձեռքերէն կը բռնէ ) երթանք, զաւկըներս մէկտեղ. ձեզի ալ կը հրամայեմ, որ Կոմիկը տեսնալնուդ պէս չարաչար պատժէք զինքը:

ՄԱՐԳՐԻՏ

Ին՜չ ուրախութիւն:

ԵՐՈՒԱՆԴ

Ո՜ սէր…: ( Կ՚երթան ):

ՏԵՍԻԼ է.

ԿՈՄԻԿ, ծամելով, եւ ձեռքը փետրէ աւելով մը կ՚աւլէ

Աղէկ ճամբայ բանեցուցի Երուանդը Մարգրիտէն զատելու համար. մէկ տէրս մէկ կերպով համոզեցի, միւսը ուրիշ կերպով. կը յուսամ, որ պիտի յաջողիմ: Ին՜չ երանութիւն ինձի համար, որ 30 տարիէ ի վեր ծառայութեան փափուկ պաշտօնը կը վարեմ, եւ հիմա Մարգրիտն ինձի կնութեան [պիտի] առնում: Երուանդի համար բաւական զրպարտու­թիւններ դիզեցի Անտոն տիրոջս. Թէոփիլէ տիրոջս ալ Մար­գրիտը բամբասեցի. հիմա երկու կողմն երէկ լրացուց իր վաթ­սուներորդ տարին: Բայց հիմա ի՛մ հարսանիքիս վրայ խորհիմ եւ ապա մօրս վրայ: Բազմոցները աղէկ մը սրբեմ, որ տիրոջս աչքը մտնամ. մէկը կը գա յ:

ՏԵՍԻԼ Ը.

ԹԷՈՓԻԼԷ եւ ՆՈՅՆ

ԹԷՈՓԻԼԷ

Լմնցուցի նամակը. ամէնն ալ մանրամասնաբար գրեցի եւ կը յուսամ, որ պարոն Անտոնը իր տունը չընդունիր ասկից ետքը Երուանդը:

ԿՈՄԻԿ

Շատ աղէկ, տէր. նամակը հիմա կը տանիմ:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Մի ուշանար, որ ժամ առաջ զատեմ առնեմ Երուանդը. բնաւ զինքը չտեսայ այսօր. Մարգրիտի հետ ըլլալու է դար­ձեալ:

ԿՈՄԻԿ

Այո, տէ՛ր, միշտ մէկտեղ են:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Այն անառակ աղջիկը խեղճ տղուն կորստեանը պատ­ճառ պիտի ըլլայ:

ԿՈՄԻԿ

Հոգ մի՛ ընէք, տէր, այս նամակաւ կրնաք յաջողիլ։

ԹԷՈՓԻԼԷ, նամակը սեղանի վրայ կը ձգէ

Նամակը հոս կը ձգեմ, առանց ուշանալու տար ( Կ՚երթայ ):

ԿՈՄԻԿ

Շատ աղէկ, տէր:

ՏԵՍԻԼ Թ.

ԲԻՐԱԲ եւ ՆՈՅՆ

ԲԻՐԱԲ

Դարձեա՞լ գործի վրայ ես:

ԿՈՄԻԿ

Եր՞բ դատարկ տեսար զիս:

ԲԻՐԱԲ

Ի՞նչ լուր ունիս:

ԿՈՄԻԿ

Բերկրալի լուրեր ունիմ քեզի հաղորդելու. Մարգրիտն ինձի կնութեան պիտի առնում. Երուանդն ալ հայր:

ԲԻՐԱԲ, զարմանքով

Երուանդը հա՜յր:

ԿՈՄԻԿ

Այո՛, այո՛, հայր պիտի ըլլայ ինձի. չե՞ս ուզեր:

ԲԻՐԱԲ

Բայց ի՞նչպէս։

ԿՈՄԻԿ

Օ՜ֆ երկար կ՚ընես… քու էրիկդ պիտի ըլլայ:

ԲԻՐԱԲ

Կը հաւանի՞ արդեօք. եթէ ընդունի զիս կնութեան, գէշ չըլլար: Բայց ի՞նչպէս յուսամ, վասնզի ես ծեր եմ:

ԿՈՄԻԿ

Ի՞նչ վնաս ունի. Երուանդը արդէն հնութիւնը շատ կը սիրէահա կ՚երթայ կը լմննայ:

ԲԻՐԱԲ

Կնիկներուն հիներն ալ տակաւին պատիւ ունին եղեր:

ԿՈՄԻԿ

Անշուշտ:

ԲԻՐԱԲ

Գէշ չպիտի ըլլայ, խելքս հասաւ:

ԿՈՄԻԿ

Առաջ ես Մարգրիտը առնեմ, ետքն ալ դու Երուանդին հետ կը կարգուիս: Հարսանեաց համար գնա անուշեղէններ ծախու առ, որպէսզի դու ալ քու կողմէդ Մարգրիտի ընծայ մը ըրած ըլլաս:

ԲԻՐԱԲ

Շատ աղէկ, ես երթամ առնելու. բայց իմ գործս ալ լմնցուր:

ԿՈՄԻԿ

Հոգ մի ըներ:

ԲԻՐԱԲ

Ի՞նչ գիտնամ, նայինք, մեծ է զօրութիւն Աստուծոյ ( Կ՚երթայ ):

ՏԵՍԻԼ Ժ.

ԱՆՏՈՆ, ԵՐՈՒԱՆԴ, ՄԱՐԳՐԻՏ թեւ թեւի տուած եւ ՆՈՅՆ

ԿՈՄԻԿ

Ի՜նչ կը տեսնեմ, Մարգրիտը Երուանդին թեւը մտած: Ա՜հ, աս ո՜րքան թշուառ եմ ես:

ԱՆՏՈՆ, առ Կոմիկ

Անիծեալ, քեզ մինչեւ հիմա հաւատարիմ ծառայ մը կը ճանչէի. բայց հիմա ամէն գործերուդ հասու ըլլալով, իմացայ որ վատթարին մէկն ես:

ՄԱՐԳՐԻՏ

Քանի որ կը յիշեմ ինձի ըրածները, այնպէս կու գայ ինձի, որ առնեմ զինքը գազաններու առջեւը նետեմ:

ԵՐՈՒԱՆԴ

Բայց ինձի ըրածները, ա՜հ, թշուառական, երկու կտոր ալ ընեմ քեզ, դարձեալ չեմ կշտանար:

ԿՈՄԻԿ, միշտ լուռ, աւելը ձեռքէն կ՚իյնայ

ԱՆՏՈՆ

Անխիղճ մարդ, ասանկ գաղտնի դարան կը լարես երկու անմեղ էակները կորսնցնելու համար:

ՄԱՐԳՐԻՏ

Այո, հայր։

ԵՐՈՒԱՆԴ

Եթէ մի ըստ միոջէ պատմելու ըլլամ լմնցնել:

ԿՈՄԻԿ, մեկուսի

Որչափ ալ բարեկամ ունիմ:

ԱՆՏՈՆ

Ինչո՞ւ լուռ կը կենաս:

ԿՈՄԻԿ

Ի՞նչ ընեմ, տէր:

ԱՆՏՈՆ

Պատասխան տուր ըսածներուն:

ԿՈՄԻԿ

Բոլորն ալ զրպարտութիւն է:

ԱՆՏՈՆ, նամակը կը տեսնէ կ՚առնէ

Այս ի՞նչ է, նայիմ, ինձի համար է, այո՛ ( Կը բանայ ). Մեծապատիւ տէր, եղբօրորդիս Երուանդը ձեր աղջիկին վրայ սէր ձգած ըլլալուն ողորմելի վիճակի մէջ կը գտնուի, ուստի կ՚աղաչեմ, որ զինքը չընդունիք ձեր տունը. ստորագրութիւն՝

Թէոփիլէ:

ԵՐՈՒԱՆԴ

Ո՜վ Աստուած:

ՄԱՐԳՐԻՏ

Ի՞նչ կը նշանակէ աս:

ԵՐՈՒԱՆԴ

Կոմիկին հարցուցէք:

ԱՆՏՈՆ

Ի՞նչ կը նշանակէ այս նամակը:

ԿՈՄԻԿ

Տէ՛ր, նամակը դուք կարդացիք եւ նշանակութիւնը ինձի՞ կը հարցնէք. ի՞նչ գիտնամ ես:

ԱՆՏՈՆ

Աս ալ քու սատանայութիւնդ է. ( Ականջէն կը բռնէ ), անբան անասուն:

ՆԵՐՍԷՆ

Կոմի՛կ, Կոմի՛կ:

ԿՈՄԻԿ

Բանս բուսաւ, հիմա միւս տէրս ալ պիտի գայ. աս որ­քան թշուառ եմ ես:

ԱՆՏՈՆ

Ի՞նչ էր պատճառը, որ այս երկուքը բաժնել կ՚ուզէիր մէկզմէկէ:

ՆԵՐՍԷՆ

Կոմի՛կ, Կոմի՛կ:

ԿՈՄԻԿ

Աս ալ բնաւ մտքէս անցած չէր:

ԱՆՏՈՆ

Ո՞վ է քեզ կանչողը:

ԿՈՄԻԿ

Սա… սա… տանան ( Ձեռւըներովը երեսը կը ծածկէ ):

ԵՐՈՒԱՆԴ

Շատ կ՚ուզէի որ այս վիճակի մէջ տեսնամ զքեզ:

ՏԵՍԻԼ ԺԱ.

ԹԷՈՓԻԼԷ եւ ՆՈՅՆՔ

ԹԷՈՓԻԼԷ, Երուանդը Մարգրիտի հետ կը տեսնայ կ՚ապշի

Մեր ծառան տեսա՞ք:

ԱՆՏՈՆ

Ո՞վ է ձեր ծառան:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Կոմիկը. Կոմի՛կ։

ԱՆՏՈՆ

Դու ալ խե՞նդ ես, ի՛նչ ես. Կոմիկը ի՛մ ծառաս է:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Կատակ ընելու ատեն չունիմ, ըսէք ինձի եթէ տեսաք զինքը:

ԱՆՏՈՆ

Ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ որ…

ԹԷՈՓԻԼԷ

Սիրտս կը նեղէք, կարեւոր գո րծեր ունիմ, պիտի երթամ, ըսէ՛ք:

ԱՆՏՈՆ, առ Կոմիկ

Երեսդ բաց, ձեռքերդ վար ա՛ռ:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Այո՛, ահա իմ ծառաս, ի՞նչ իրաւունքով ականջէն բռներ էք:

ԱՆՏՈՆ

Իմ ծառաս է:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Չէ՛, իմս է:

ԱՆՏՈՆ, առ Կոմիկ

Որո՞ւ ծառան ես:

ԿՈՄԻԿ

Ձեր ծառան եմ:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Բայց ես…

ԿՈՄԻԿ

Այո՛, ձեր ծառան եմ:

ԱՆՏՈՆ

Հիմա կը հասկնամ. ինձի ալ կը ծառայես, պարոն Թէո­փիլէի ալ. չեմ ուզեր, որ ասկից ետքը իմ տունս գաս, կորիր գնա՛ ( Կը հրէ ). բայց եկուր հանէ՛ հագուստները եւ անանկ գնա:

ԿՈՄԻԿ

Տէ՛ր:

ԱՆՏՈՆ

Շուտ եղիր, հանէ՛:

ԿՈՄԻԿ, կը հանէ վրայի հագուստը

Բայց առանց հագուստի…:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Ես ալ չեմ ուզեր, որ աչքիս երեւաս, կորի՛ր ( Կը հրէ ):

ԵՐՈՒԱՆԴ

Հօրեղբայր իմ. ինձի համար ալ բաւական զրպարտու­թիւններ ըրած է ձեզի. բոլորն ալ սուտ են, եւ ես օրիորդ Մարգրիտը կը սիրեմ, ինչպէս որ ան ալ զիս:

ԹԷՈՓԻԼԷ

Շատ աղէկ: ( Առ Կոմիկ ) Վայրենի գազան, ( Կ՚երթայ ):

ԱՆՏՈՆ, առ Կոմիկ

Անբան անասուն ( Կ՚երթայ ):

ԵՐՈՒԱՆԴ, առ Կոմիկ

Է՛շ, աւանա՛կ ( Կ՚երթայ ):

ՄԱՐԳՐԻՏ, խղճալով

Կը խղճամ քու վրադ. բայց ինչո՞ւ: Զիս թշուառացնէիր պիտի, եթէ հայրս չիմանար քու սատանայութիւններդ: Անիծեալ, տխմար, ապուշ ( Կ՚երթայ ):

ՏԵՍԻԼ ԺԲ.

ԿՈՄԻԿ, առանձին

Քիչ մը առաջ մէկը իմ ծառաս է, կ՚ըսէր ինձի համար, միւսն ալ իմ ծառաս է կ՚ըսէր, հիմա երկուքն ալ զիս թողու­ցին. ո՜հ թշուառութեանս: ( Բիրաբը կամաց կամաց գալով դռան առջեւ կը կենայ ձեռքը սակառ մը ) Ի՞նչ ընեմ, ո՞ւր երթամ:

ՏԵՍԻԼ ԺԳ.

ԲԻՐԱԲ եւ ՆՈՅՆ

ԲԻՐԱԲ

Աս շաքարեղէններն ալ որչափ ծանր են:

ԿՈՄԻԿ

Եթէ մայրս գայ ու զիս ասանկ մերկ տեսնայ, ի՞նչ պիտի ըսէ արդեօք:

ԲԻՐԱԲ, իւրովի

Անկարելի բան. վասնզի Երուանդը հիմա տեսայ, երեսս անգամ չնայեցաւ. ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ, որ իրեն հետ ամուս­նանամ:

ԿՈՄԻԿ

Խեղճ մայրս կը յուսար, որ Երուանդը պիտի առնէր իրեն ամուսին: Ո՜հ թշուառութեանս. Երուանդին Մարգրիտը առնելը ինձի ալ վնաս տուաւ մօրս ալ. ինչ աղէկ կ՚ըլլար, թէ որ Մար­գրիտը ես առնէի եւ մայրս ալ Երուանդը առնէր, ասանկով երիտասարդ հայր մը պիտի ունենայի. բաղդը կը ծիծաղի զիս:

ԲԻՐԱԲ, Կոմիկը կը տեսնէ

Զաւակս, դարձեալ գործի վրայ չէ. վասնզի զգեստները հաներ է. Կոմիկ, ի՞նչ լուր ունիս, հարսնիքները ե՞րբ պիտի կատարուին, ես շաքարեղէնները առի:

ԿՈՄԻԿ, չպատասխաներ

ԲԻՐԱԲ

Ինչո՞ւ լուռ կը կենաս, գործերդ աւելցուցի՞ր, ի՞նչ ըրիր, որ ասանկ կը խորհիս:

ԿՈՄԻԿ

Բան մը չկայ:

ԲԻՐԱԲ

Հարսանեաց հանդէսը ե՞րբ պիտի կատարուի:

ԿՈՄԻԿ

Կատարուեր լմնցեր են. Երուա՛նդը առաւ Մարգրիտը:

ԲԻՐԱԲ

Բայց Երուանդը իս կ՚ուզէր առնել ըսիր, խաբեցի՞ր զիս:

ԿՈՄԻԿ

Քեզ խաբելու համար չըսի, բայց անանկ եղաւ. ասկից ի զատ երկու տէրերս ալ իս վռնտեցին:

ԲԻՐԱԲ

Եւ ի՞նչպէս:

ԿՈՄԻԿ

Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ, հազիւ թէ մէկ տիրոջս հրաման­ները կատարելու ետեւէ էի, միւս տէրս ալ սկսաւ կանչել զիս. մէկուն այո՛, միւսին ո՛չ ըսելով, իմացուեցաւ, որ երկու տէրանց ծառայողներէն մէկն ալ ես եմ. մէկը գայլի կերպա­րանք մտնալով կարծես կ՚ուզէր զիս ուտել. միւսն ալ առ­իւծի նման բզիկ բզիկ ընելու կը ջանար զիս. ականջս կը քաշէր, ապտակ կ՚իջեցնէր իմ նազելի այտերուս, ասդիս անդին կը հրէր. նոյն միջոցին քեզ կը յիշէի. ահա ասանկ խաղք խայտառակ ըլլալէն զկնի` զգեստներս ալ առին վրա­յէս եւ հիմա ասանկ մնացի. այս վիճակը շատ ողորմելի վի­ճակ մըն է. առաջ ինչ էր նէ դարձեալ ծառայ մըն էի, այլ հիմա…

ԲԻՐԱԲ

Անփետուր աքաղաղ դարձեր մնացեր ես:

ԿՈՄԻԿ

Ի՞նչ ընենք:

ԲԻՐԱԲ

Ի՞նչ պիտի ընենք, հիմա ազատ ես, վասնզի տէր բան չունիս, ազատ ես, ինչ որ ուզես կրնաս ընել. մի՛ մտածեր, ի՛նչ ընենք, եկուր շաքարեղէնները ուտենք գոնէ:

ԿՈՄԻԿ

Իրիկուան ուտելու հաց ունի՞նք:

ԲԻՐԱԲ

Հաց չկայ. ես արդէն հաց չէի ուտեր, որ հարսնիքի գիշերը շատ ուտենք:

ԿՈՄԻԿ

Շաքարեղէնները գնա ծախէ՛ եւ հաց ծախու առ:

ԲԻՐԱԲ

Չեմ կրնար ծախել:

ԿՈՄԻԿ

Բայց ի՞նչ ընելու ենք այս իրիկուն:

ԲԻՐԱԲ

Անօթի մնալու ենք. ահա այս է երկու տէրանց ծառա­յութիւն ընողներուն վերջը. իմ թշուառութեանս ալ պատճառ եղար ( Կ՚երթայ ):

ԿՈՄԻԿ կը կենայ գլուխը ծռած ու կամաց կամաց լալով կ՚երթայ ըսելով

Այս ի՞նչ դժբախտութիւն է գլուխս եկաւ:

ՎԵՐՋ