Ա
ՀԱՅ
ՔԱՋՈՐԴԻ
(Նմանողութիւն
Վիքթոր
Հիւկոյի)
Ապառաժուտ
լերան
մը
կող,
Յեցեալ
ի
քար
գերեզմանի,
Աչք
մերթ
յերկինս
եւ
մերթ
ի
հող՝
Խարտիշագեղ
կայր
պատանի.
Ո՜վ
դու
որդիդ
լերանց
հովտաց,
Ինչո՞ւ
այդպէս
սիրտդ
է
ցաւած։
Կ՚ուզե՞ս
որ
մեծ
փոթորկեալ
ծով
Մատուցանէ
քեզ
մըխիթար՝
Կոհակաշարժ
իւր
լարերով
Երգեալ
ի
շունչ
մըրըրկավար։
Ո՜վ
դու
որդիդ
լերանց
հովտաց,
Ինչո՞ւ
այդպէս
սիրտդ
է
ցաւած։
Կ՚ուզե՞ս
որ
քեզ
ահեղաշուք
Խընդայ
կամարն
աստեղց
անթիւ,
Եւ
բընութիւն
պայծառ
զարդուք
Ժըպտի
ծաղկամբ
եւ
զեփիւռիւ.
Ո՜վ
դու
որդիդ
լերանց
հովտաց,
Ինչո՞ւ
այդպէս
սիրտդ
է
ցաւած։
Կամ
փափկագոյն
այլ
ըսփոփանք
Միթէ
կ՚ուզե՞ս
մօր
քաղցուենի
Ու
սիրուհւոյ
անուշ
գգուանք,
Որ
քու
կըսկիծըդ
փարատի.
Դեռ
ի՞նչ
կ՚ուզես,
ո՜հ,
մի՛
ծածկեր,
-Կ՚ուզե՛մ
վառօդ
եւ
գնտակներ։