Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԳ ԱՌ ՄԱՆԿԻԿ

Եկու բըչիկ, եկու մընչիկ,
Տուր երեսիկդ, առ մի պաչիկ.
Շէքէ՞ր կուզես կամ պատեմիկ,
Բայց դուն ալ տուր ինծի պաչիկ:

Պաչիկներու ձայնըն ինծի
Չգիտեմ ինչո՞ւ անուշ կու գայ.
Երբ քեզ պագնեմ, սիրտըս բացուի.
Քեզմէ ինծի պաչիկ չիկա՞յ:

Յառաւօտուց դեռ յանկողին
Մէկտեղ տեսնեմ պաչիկ ՚ւ արեւ.
Երբ գիշերով ի քուն հանգչիմ,
Թռչի պաչիկ գլխուս վերեւ:

Եկու պըտիկ, եկու բըչիկ,
Ա՛յ կը պօռաս, ինչո՞ւ մընչիկ.
Վա՛խ իմ աղջիկ, վա՛խ բըչրչիկ,
Առ մէկ պաչիկ, կեցի՛ր լռիկ: