Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ի ՄԱՀ ԱԶՆԻՒԻ ԼՈՒԹՖԵԱՆ

Ո՞ւր ես, Ազնի՛ւ, տեսանք երթալդ,
Ուրախ դարձիդ չառինք մենք լուր.
Քեզ գրկելով ճամբայ դըրինք,
Գըրկերնիս բաց կ'սպասենք զուր.
Ո՜հ, ամէնուն տըխուր ձայնիւ
Կը հարցընենք՝ ո՞ւր է Ազնիւ:

Ի՞նչ աւանդներ յանձնեցինք քեզ.
Մօրդ ու քըրոջդ արտասուագին,
Հարազատիդ եւ մըտերմաց
Այրած սրտերն ողջոյնն յետին:
Երբ գաս մեզի ուրախ դարձիւ,
Ի՞նչ փոխարէն բերես, Ազնի՛ւ:

Ու դեռ ինչե՞ր ենք պատրաստեր,
Թէ զքեզ նորէն գրկենք սիրով.
Քեզի նըման ծաղկի փունջեր
Ու հանդէսներ ցնծուն պարով.
Բայց սրտերնիս լի է ահիւ,
Ո՜հ, կ'ուշանա՛ս, ինչո՞ւ, Ազնի՛ւ:

Աւա՜ղ, տեսէ՛ք, սուգ առաւ ծով.
Զինքը տանող դարձաւ հովիկ,
Թեւերն կախ փըչէ տրտում.
Ի՞նչ լուր բերիր մեզի, հովի՛կ.
Այն ձեր սրտի հատորն ազնիւ
Թըռաւ, գընաց, մեռաւ Ազնիւ:

Վա՜խ չունեցար, սիրո՛ւն Ազնիւ,
Գոնէ տըխուր հողին վըրայ
Արցունքներով մէկ թաց շիրիմ,
Այս խօսքերով կանգնէր վըկայ.
«Հոս իր բարքով դիմօքն ազնիւ,
Ծաղկահասակ նընջէ Ազնիւ»:

Ու չը լըսես պիտի ափսո՜ս,
Քու սիրելեաց չորս դիդ բոլոր
Աղեկիզիկ հառաչանքներն,
Ո՛չ սոխակին երգ սըգաւոր,
Եւ ո՛չ երկինք աստղունք անթիւ
Անոյշ ցօղով լան քեզ, Ազնի՛ւ:

Թառամեցաւ ծովընկեցիկ
Փափկասուն վարդ իւր հասակին.
Աղի ալեաց անդունդին մէջ
Շիջաւ արեւ այն կըտրիճին.
Յաւերժհարսունք գիսախռիւ
Ծովուն մինակ լան քեզ, Ազնի՛ւ: