Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌ ԳՐԻԳՈՐ ԷՖԷՆՏԻ ՕՏԵԱՆ

Գիտե՛մ, ազնի՛ւդ, ըզդառնութիւն գիտեմ անդարձ բաժանման.
Գիտեմ ո՜հ, թէ ի՛նչ կ՚ըզգայ սիրտ բոցաթեւ, որ կը թըռչի
Գորովանացն յիւր բունիկ, ու զայն պարապ կը գտնայ,
Պարա՛պ՝ ծոցիկն հայրենի, որ չէր յոգներ ի գգուելոյ
՚Ի անշէջ սիրոյն ջերմութեամբ միշտ տաքցընէր ըզսիրտ որդւոց,
Եւ ուր անժոյժ դիմէին գութ եւ կարօտ իւր նազելեաց,
Իղձք հարսին եւ դըստերաց եւ թոռնեկին մանրիկ ժըպիտ,
Որ վարդափթիթ շրթունքներով կեանըս մաղթէր անուշ պապուն։
Գիտեմ թէ ի՞նչ կ՚ըզգայ սիրտ երբ որ մընայ ի համբուրէն
Որ մի միայն շըքեղ է վարձ եւ քաջալեր սիրայորդոր,
Քան զոր պայծառ յաղթանակ չըկայ քրտանց իւր որդեկին
Եւ ոչ դափնիք այնչափ փառքեր թափեն անոր ճակտին վըրայ։
Ա՜հ, մանկութեան իմ օրերուս՝ անցայ լեղի այդ փորձէն.
Եւ ո՞ր հաճոյք կրնար ըզքեզ ղրկել երբ գոց են հօր գրկերն,
Համբոյր չունին իւր շըրթներն, հայեաց չունին վառվռուն աչկունք,
Եւ ուրիշ բան չի մնար իրմէ բայց սուրբ յիշատա՜կ,
Սակայն ոչ թէ միայն սուրբ, այլ եւ անմեռ է յիշատակ
Որով անեղծ եւ կենդանի ի շրջանակն իսկ տապանին
Պիտի տեսնես ըզպատկեր քու սիրայնոյ վեհազըն հօր,
Պիտի տեսնես ըզկերպարանն եւ ըզճակատ լայնակամար՝
Ուր ձեռք ձեռք վըսեմութիւն եւ հեզութիւն բընակէին
Եւ ուր խորհուրդք առաքինիք կարծես ի գահ միշտ բազմէին.
Եւ թէ երբեմն ի գիշերի նըսեմաստուեր նոճեաց մէջէն
Ձայն մի ականջըդ զարնէ, ո՜հ, մի՛ կարծեր, ո՜վ բարեկամ,
Թէ ողբական շըշունչ է այն հողմակոծիկ տերեւներուն.
Չէ՛ այն վըտակ որ հառաչէ, չէ՛ այն թըռչուն որ ճըւճըւայ,
Ձա՛յն հեշտալուր է ծընողին, ձա՛յն որ ըզքեզ դրդէ դարձեալ
Սիրել ինչ որ գեղեցիկ է, ինչ որ բարի եւ վըսեմ։
Վե՛ր կաց ուրեմն ի դամբանէն, նայէ՛ չորս դի, չըկա՜յ քու հայր…
Բայց աղէկէզ կայ մայրիկ, բայց կան քուրեր արտասուաթոր,
Ընկերք ցաւոց կան քեզ եղբարք եւ պէս եղբօր՝ մէկ բարեկամ,
Ու ասոնցմէ շատ աւելի՝ կա՜յ սըգաւոր մէկ Հայրենիք…։