Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՆԵԼՈՒԿ

 

Թէ որ կ՚ուզես զիս ճանչնալ,
Վերարկուէս մի՛ խաբուիր.
Իմ մականունս չունեցող
Պըտուղք համով չեն ուտուիր։
Տաճկերէն ինչ ըսել եմ,
Ջանա՛ աղէկ գիտնալու,
Առանց անոր կարկանդակ
Դուն չես կրնար ուտելու:
Երկրորդն յեօթանց բռնաւոր
Տիրէ սրտի մի վըրայ,
Ու ես անոր զօրութեամբն
Մատենագիր մը եղայ:
Իմ անունըս իմաստունք
Յիշեն արդար բարկութեամբ,
Սարկաւագունք՝ երգելով,
Տըգէտք՝ անմիտ յարգութեամբ:
Անունով մեծ ճգնաւոր
Ու եմ հովիւ պաշտօնով.
Գործքով գիտնաս ինչ ըլլալս,
Պիտի դողաս սարսափով։