Է
Այս
ակնարկը
տնական
եւ
արհեստական
իրեղինաց
վրայ
միայն
ձգելով՝
դուրս
կը
մնան
տակաւին
կերակուրներու,
մշակած
գետնի
եւ
ծառի
պտուղներու,
շորեղէն‚
մետաղեայ‚
քարեղէն
եւ
ազգի-ազգի
հագուստի
ու
զարդի
նիւթերու,
տնտեսական
այլ
եւ
այլ
պէտքերու
վրայ
խօսիլ,
որոնք
անհուն
ու
զբօսալի
նիւթ
կը
մատակարարեն
գրագիտի
մը։
Իսկ
թէ
քանի՞
տեսակ
կայ
թռչնոց,
եւ
ի՞նչ
անոնց
անունները,
անոնցմէ
իւրաքանչիւրը
ո՞ր
գաւառին
մէջ
շատ
կայ,
ի՞նչ
գիտելիք
անոնց
վրայ.
նոյնպէս
եւ
ընտանի
կենդանեաց
եւ
վայրի
գազանաց
տեսակները,
անոնց
անունները։
Քանի՞
տեսակ
կայ
ծառոց‚
ի՞նչ
անուն
անոնց,
ի՞նչ
յատկութիւն
եւ
ի՞նչ
պտուղ,
քանի՞
տեսակ
եւ
անուն
կայ
խնձորին,
տանձին,
քանի՞
խաղողին։
Այսպէս
նաեւ
ծաղկանց,
բանջարեղինաց,
բաւականին
ձեռք
բերած
եմ
այսպիսեաց
հաւաքում
մը։
Պառաւները,
որ
մէկ-մէկ
Հիպոկրատէս
են
նախնական
բժշկականութեամբ,
կրակով
խարածին,
գնդակով
զարնուածին,
սրով
վիրաւորուածին,
քարով
ջախջախածին‚
զանազան
խոտեր
եւ
արմատներ
իւրաքանչիւր
ցաւին
ու
վէրքին
զատ
զատ
ի
գործ
կ՚ածեն
եւ
զանազան
չոր
ծաղիկներէ,
տերեւներէ
եւ
արմատներէ
փոշիներ
ունին
թէ՛
վէրքի
եւ
թէ՛
ցաւի,
պէս-պէս
մալհամներ
կը
շինեն
թարախ
եւ
արիւն
մաքրելու,
ցամքեցնելու,
խոցերը
բուժելու.
այդ
խոտերուն
եւ
արմատներուն
ոչ
միայն
անունները
կուտան,
այլեւ
հրաշալիքներ
ալ
կը
վիպասանեն.
աւանդութեամբ
ուսած
եւ
կ՚ուսուցանեն.
կոտրած
ոսկորը
կը
կապեն‚
կը
դեղեն
եւ
կ՚ողջացնեն.
այն
ինչ
մեր
եւրոպական
տօքթօռներն
ալ
հազիւ
թէ
պիտի
կրնային
այսչափ
դարմանել։
Խօսքի
կարգն
եկաւ
գրելու.
տարի
մը
չկայ,
որ
Պօլիս
կը
գտնուիմ
եւ
բաւական
շատ
նոր
հարսներ
եւ
մատղաշ
տիկիններ
լսեցի
մեռնիլ
ծննդաբերութեամբ,
այստեղ‚
ուր
այսքան
վկայականով
դայեակ
տօքթօռներ
կան։
Բայց
մեր
աշխարհները
պառաւ
դայեկներու
խնամքով‚
հազարէն
մէկը
չպատահիր
զոհ
լինել
այդ
առթիւ։
Լօշտակ
անունով
բոյս
մը
կայ,
որ
Մշոյ
աշխարհին
մէջ
յաճախ
կը
գտնուի,
առաւելապէս
Ս.
Կարապետի
վանքի
բոլորը։
Մացառներու
մէջ
կ՚արձակէ
իր
ոստղերը,
որոնք
կը
բարձրանան
եւ
կը
պատատուին
փայտերուն
եւ
անոնց
թանձրախիտ
տերեւներուն
կը
խառնեն
իրենց
լայն
տերեւները,
որոնք
ձեւով
նման
են
խաղողի
որթի
տերեւի,
իրենց
ցօղունը
նման
որթի
բարունակի
եւ
խաղողոյ
ողկոյզի
ալ
շատ
նման
ողկոյզներ
ճութ
ճութ
կը
կախէ.
միայն
թէ
ասոր
պտուղները
մանրիկ
են,
քան
զխաղողին։
Այս
այն
բոյսն
է,
որոյ
արմատը
մարդանման
ըլլալ
կը
համբաւեն.
եւ
թէ
մինչեւ
անգամ
անոնց
մէջ
արուն
ու
էգն
ալ
յայտնի
են։
Թէ՝
այս
արմատը
հանելու
համար
յատուկ
աղօթք
մը
ունին.
եւ,
թէ
երբ
կը
կտրեն
իւր
միւս
կտորներէն,
ահագին
ձայնով
կը
ճչայ։
Ուլ
մը
կամ
հաւ
մը
կը
կապեն
այդ
մարդարմատին,
որպէսզի
երբ
ճչայ,
այն
ուլը
կամ
հաւը
անոր
ձայնին
զոհ
լինի։
Եթէ
այդ
հնարը
չլինի,
արմատ
հանող
մարդը
պիտի
մեռնի։-
Այս
հնարքով
ուլ
մը
կամ
հաւ
մը
կ՚ուտեն
հանող
թշուառականները։-
Ամենավերջին
աստիճանի
դառնութիւն
ունի
այդ
արմատը
եւ
ԻԴ
կերպ
ցաւոց
ու
ախտից
դարման
է։
Բաւական
փափաքանօք
եւ
թանգ
գնով
կը
գնեն
զայն
Նոր
Նախիջեւանէն,
Հին
Խրիմէն
եւ
այն
կողմերէն
Մշու
Ս.
Կարապետ
եկող
ուխտաւորներ,
որք
կը
գնեն
նաեւ
քուդրաթ
հէլվասի
գազպին,
որ
յունիս
եւ
յուլիս
ամսոց
շոգ
օրերուն
պղտորագոյն
ու
անքամի
օդերուն
կ՚իջնէ
մացառներու
տերեւներուն,
փշոտ
գազերուն
եւ
մատուտակ
ըսուած
խոտերուն
վրայ,
թանձրացած
մեղրի
նման,
ամենաղուտ
եւ
քաղցր։
Նոյնպէս
ամէն
ուխտաւորներ
կը
գնեն
սպիտակ
ձիւթ
կամ
Ս.
Կարապետի
ծամոն
ըսուածը,
որ
կանգառ
փուշի
ընձիւղները
կտրելով
մայիս
ամսուն՝
անկէց
ելած
կաթն
է,
զոր
կը
ժողվեն,
կը
չորցնեն
եւ
տաս
փարանոցի
մեծութեամբ,
բայց
անկէց
բարակ,
կլոր
նշխար
կը
շինեն
Մշոյ
դաշտի
աղջիկներ
ու
հարսները։
Կայ
եւ
մի
տեսակ
խոտ,
ճարճրտուկի
նման,
որ
աւելի
Վանայ
գեղացիներուն
ծանօթ
է,
կերդ
կ՚ըսեն։
Ասկէց
կաթ
կը
հանեն,
թանձրացընեն,
եախու
կը
շինեն,
մարմնոյ
ո՛ր
տեղ
որ
քամին
բռնած
լինի,
կը
փակցընեն
վրան։
Այնքան
կը
պրկի
մնայ,
մինչեւ
քամին
ծծէ
հանէ,
ապա
կը
փրթի։