Ը
Աղջիկներ
եւ
նոր
հարսները,
որ
գարնան
կ՚ելլեն
դաշտն
ու
հովիտը,
ձոր
եւ
լեռը՝
բանջար
ժողվելու
եւ
նստած
զըղզըղուն
աղբերակաց
եզերքը,
այդ
ծաղիկներու
փունջ,
խուրձ
եւ
հիւսկէնը
կը
պատրաստեն,
իրենց
գոգնոցը
լցած,
մանեակը
շինած
եւ
պարանոցն
ու
բազուկը
անցուցած՝
գեղը
կը
դառնան՝
մրմնջելով
այդ
զանազան
ծաղկանց
անուանց,
գոյնին,
հոտին
եւ
տեսքին
վրայ
յօրինուած
հովուերգական
խաղերը։
Ամէն
մէկ
ծաղկին
զատ
զատ
վէպեր
ունին։
Անոնցմէ
մէկը
քոյր
է,
միւսն
եղբայր.
կամ
երկու
քոյր՝
մէկ
մայր.
մէկը
քաւոր՝
միւսը
սանամայր.
մէկը
տէրտէր՝
միւսը
տիրուհի.
մէկը
սիրող՝
միւսը
սիրուած.
Աղբրանց
արիւն.
երկու
որբ
եղբայր.
մէկը
արնոտ
սիրտ՝
միւսը
օձու
թուր
կամ
մխած
խանջալ.
մէկը
կթոց
լի
կաթ
է
սպիտակ
ու
անարատ,
միւսը
թոյն
թափող
հրեղէն
վիշապ.
եւ
այլն,
եւ
այլն։
Իմ
միտքս
է
հասկըցնել,
թէ
այդ
բազմատեսակ
ծաղիկները,
որ
կը
գտնուին
հայոց
լեռները,
անոնց
անունները
մի
առ
մի
գիտեն
թուել
բնակիչները
հայերէն,
ինչպէս
նաեւ
բանջարեղինաց,
խոտեղինաց
եւ
պրակ
պրակ
գտնուած
մացառներու
տեսակաց
մանր
ու
ոլոր
ոստերուն,
մորենեաց,
ուռենեաց,
փուշերուն,
որոց
ամէնուն
անունները
շատ
պէտք
են
գիտնալ.
պէտք
են
տեսնուիլ
մեր
գրքերու
եւ
բառարաններու
մէջ,
անոնք,
որ
դեռ
չկան
գրուած,
հանդերձ
իրենց
նշանակութեամբ
եւ
ստուգաբանութեամբ,
որոնք
ոչ
միայն
կ՚ընդարձակեն
մեր
ազգային
մատենագրութեան
ասպարէզը,
այլ
եւ
նոր
գիտութիւնք
եւ
արուեստք
ուսանելու
փափագ
եւ
միջոց
կ՚ընծայեն
տնկաբանութեան
եւ
երկրաբանութեան
իրենց
ճիւղերով։
Մանաւանդ
զբանաստեղծները
կը
փարթամացընեն։
Վէպերը,
որ
յօրինուած
են
իբրեւ
խաղ,
աշուղի
ոճով
եւ
եղանակաւ,
կամ
իբրեւ
հէքեաթ,
արձակ
ասացուածքով,
թէպէտ
այնքան
փոփոխուած‚
աւելցած
ու
պակսած
եղեր
են,
որ
շատերէն
մարդ
չէ
կարող
բան
մը
հասկնալ.
բայց
եւ
շատերն
ալ
կը
պահեն
իրենց
մէջ
ընտիր
եւ
բարձր
գիւտ
ու
նիւթ,
բանաստեղծութիւնը,
դիցաբանութիւնը,
կրօնական
օրհներգութիւնը,
սիրահարական
տարփանաց
բոցն
եւ
անոր
հետեւանքն
եղած
աղէտն
ու
կսկիծը,
որոց
ենթակայ
է
մինչեւ
այսօր
միեւնոյն
սերունդ
մարդկութեան,
անմոռանալի
եւ
բաւական
բացայայտ
իմաստներով
պահած
ու
շարունակած
են
իրենց
մէջ։