ԺԸ
Մանազկերտ
Բօստան
խայա
անունով
մէկ
գեղ
կայ,
եւ
այդ
գեղին
կուշտը
դարձեալ
մի
գերեզման
ազնաւուրի,
որոյ
երկարութիւնը
քսան
կանգուն
է,
կ՚ըսեն
տեղացիք,
բայց
քիչ
մը
չափազանց
է։
Այդ
քարերը,
որ
ակօս-ակօս
իբրեւ
պարտիզի
թումբ
եւ
առու
են,
պարտէզ
է
եղեր.
եւ
Քարապարտէզէն
գեղին
անունը
տաճկերէն
ըսեր
են
Բօստան
խայայ։
Ահա
եւ
անոր
վէպը։
Այս
մեռած
ազնաւուրը
հեռու
տեղերէ
մի
չքնաղ
եւ
հուրի
հրեղէն
աղջիկ
կը
յափշտակէ
կը
բերէ
այս
գեղը։
Պալատ
կը
շինէ,
կը
նստեցընէ
մէջը,
պատուհանները
կը
բանայ
մեծ
դաշտին
եւ
Մուրատ
գետին
վրայ
եւ
ինքն
պալատի
շուրջը
կը
շրջի՝
հսկելու,
որ
իւր
նախանձորդները
չգան
փախցընելու
աղջիկը։
Աղջկան
անունն
է
Շիրին՝
Սիրուն։
Բայց
որքա՜ն
ջանքեր
ըրած
է,
չէ
կրցեր
յինքն
յանկուցանել
Շիրինի
սէրը.
նա
միշտ
զանազան
եւ
անհնարին
պայմաններ
կ՚առաջարկէ
եղեր
ազնաւուրին,
որոնցմէ
մէկն
է
նաեւ
այն,
եթէ
ազնաւուր
կարող
լինէր
փորել
ու
վարել
այդ
քարեր
ու
բօստան
տնկել
եւ
խիյար
հասցընէր
Շիրինին,
Շիրինը,
ուտելով
զայն,
պիտի
սիրէր
զազնաւուրը
եւ
լինէր
անոր
կին։
Քսան
լարանոց
երկաթէ
բահ
մը
ձեռք
կը
ձգէ
ազնաւուրը,
աշխատելով
այդ
քարերը
կը
փշրէ
ու
իբրեւ
հող
պարտէզ
կը
շինէ,
խիյար
կը
տնկէ,
կը
հասցնէ,
կը
տանի
Շիրինին
մեծ
վստահութեամբ
եւ
վերջին
յոյսով,
թէ
լրացած
են
այլեւս
պայմանները.
ահա
պիտի
միանան
միմեանց
հետ։
Շիրինը
կը
խորամանկէ
ազնաւուրին,
թէ.
«Քուկդ
եմ
այսուհետեւ.
դէ՛
գնա՛,
Սիփանայ
դեւերէն
մէկ
աման
հարիսայ
բեր
ուտենք
ու
զխիյարն
ի
վրէն
ու
մեր
հարսնիքն
ընենք»։
Ազնաւուրը
յարբած
ու
շըշկռած
Շիրինի
սիրով,
կ՚երթայ
ու
ապարանքի
դռները
բաց
կը
թողու։
Ղովտ,
որ
Շիրինի
բուն
սիրահարն
է
ու
միշտ
ազնաւուրի
պոչին
ետեւէն
ու
ստուերի
տակէն
կը
շրջէր
ու
աչքով,
ընքով
պատուհանէն
Շիրինի
հետ
կուտար
կ՚առնէր,
այս
առթիւ
կը
մտնէ
ապարանքը,
կը
գրկէ
զՇիրին,
եւ
զիրար
կ՚առնեն
ու
կը
փախչին։
Ազնաւուրը
ետ
դառնալուն
կ՚իմանայ
բանը
ու
զարմանալով
կնկան
անհաւատարիմ
եւ
խորամանգ
բնաւորութեան
վրայ,
թէ
ինչպէ՛ս
կը
խաբեն
ու
կը
յաղթեն
աշխարհի
ամէնէն
զօրաւորներուն,
ալ
չուզեր
ետեւէն
երթալ,
ալ
չուզեր
այնուհետեւ
ապրիլ
անգամ։
Իւր
բահովն
ինքզինքն
կ՚սպաննէ,
ու
գեղի
կնկտիքը
շէր
կը
կապեն
ազնաւուրին
վրայ,
եւ
երիտասարդները
կը
վերցնեն
կը
թաղեն։
Ազնաւուրին
դեւ
ալ
կ՚ըսեն
վիպասանք։