ԻԷ
Եթէ
Տարօնոյ
շուրջը
գտնուած
Կինճայ
եւ
Ճապաղջուրայ
լեռներուն
ու
ձորերուն
մէջ
եղած
զանազան
անուն
եւ
վէպ
ունեցող
գեղերը,
տեղերը,
ջրերը
ու
քարայրերը
մեր
տեսութեան
ու
գրութեան
ենթարկենք,
ասոնք
ամէնն
ալ
երկարապատում
զրոյցներու
նիւթ
ունին,
որք
արժանի
են
յատուկ
մանրամասն
նկարագրութեան
եւ
վիպագրութեան։
Թէ՝
ի՞նչպէս
Եփրատը,
երբ
Մշոյ
դաշտը
կը
մտնէ,
Կնճան
սարերու
մէջ
զարնուելով
քարերուն,
նեղ
կիրճով
մը
սղմուելով՝
գո՜ւռ-գո՜ւռ
ձայն
մը
կ՚արձակէ,
եւ
այդ
տեղը
կը
կոչուի
Գուռգուռայ,
ուր
Աստղիկի
լոգարանն
է
եղեր։
Եւ
քանզի
գիշերները
լուացուելու
սովորութիւն
ունէր
Աստղիկը,
Դաղօնայ
սարին
վրայ
մեծ
կրակ
կը
վառէին
տարփաւոր
կտրիճները,
որոյ
լուսով
կը
դիտէին
Աստղիկի
չքնաղ
գեղեցկութիւնը։
Հնարած
է
Աստղիկը,
որ
մշուշ
պատէ
այն
ամբողջ
միջավայրը,
այսինքն
Մշոյ
դաշտն
ծագաց
ի
ծագս,
թէ
ամառն,
թէ
ձմեռն,
մինչ
ի
ծունկս
սարերուն,
որով
անհնարին
կը
լինի
որեւիցէ
կողմի
լեռներէն
տեսնուիլ.
եւ
գուցէ
այս
շարունակ
եւ
թանձր
մշուշէն
այդ
երկիրը
կոչուած
լինի
նաեւ
Մուշ։
Արդէն
բնակիչք
այս
երկտող
հագներգը
կ՚երգեն.
«Մշոյ
սարեր
մշուշ
է‚
Իւր
հողն
ու
ջուրն
անոյշ
է»։