Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԻՐԱՊԱՇՏՆԵՐԸ

ՄՈՒՏՔ

Սովորութիւն է, գրական մեծ շարժումներու, մեր օրերու բառով՝ դպրոցներու սկզբնաւորութիւնը թուականել գրական որոշ տարողութեամբ դէպքերով։ Հանդէսի մը մեծաշռինդ հրատարակութիւնը, երբեմն հեռահայեաց տեսակէտներէ հարուստ յառաջաբան մը, աղմկոտ հանգանակի մը բանաձեւումը, կամ ակմբային կազմակերպութիւններ կրնան ատոնց կարեւորագոյնները նկատուիլ:

Մեր մէջ գրական դպրոց բացատրութիւնը զուրկ է անշուշտ աւագ այն նկարագիրներէն որոնք, օտարներու մօտ, հասարակաց են նման շարժումներու։ Չեմ իջնար պատճառներու արտահանումին [1]: Բաւ է հաստատել թէ, քառսուն տարի յետոյ Փոստալ էն, երբ կանգ կ՚առնենք, ետ նայելու, ու համադրող նայուածքի մը տակ ձգելու սերունդի մը ճիգը, վաստակը, կը տպաւորուինք այն ներդաշնակ ամբողջին, ձգտումներու այն համերաշխ ակօսին դիմաց, որոնք նկարագիրներու այլատարր յօրինուածքին հակառակ (Արփիարեան եւ Բաշալեան հակադիր բեւեռներ են իբրեւ նկարագիր, ինչպէս Սիպիլ եւ Հրանդ՝ իբրեւ խառնուածք ու ախորժակ), մեր իրապաշտները կը զատեն գրական մեր միւս սերունդներէն [2] ։ Չորս շարժումներէն մինակն է ան որ համախմբէ դպրոց մը որոշադրող յատկանիշներ:

Սխալ պիտի չըլլար մեր իրապաշտութեան համար մեկնումի թուական ընդունիլ Արեւելք ի հիմնարկութիւնը (1884), թէեւ անոր վարիչներէն ոմանք գրական փոքր անցեալ մը ունէին Մասիս ի, Երկրագունտ ի մէջ: Արփիարեան, Զօհրապ արդէն կը գրեն։ Շարժումին կեանքը միջին համեմատական մը կը ներկայացնէ մեր միւս դպրոցներու կեանքին, որ մարդկային չափին չ՚ենթարկուիր։ Զօհրապի գործը կը պատկանի երկու սերունդի: Չօպանեանինը՝ երեք սերունդի։ Անոր տեւողութեան համար յանգ կուտամ 1900ը: Որմէ վերջ անիկա կը քաշուի հրապարակէն [3] ։

Նոյնպէս պէտք է իր ճիշդ արժէքին իջեցնել Արեւելք էն առաջ Զօհրապի ու Արփիարեանի գրական ճիգը, որ պատանեկան խանդավառութիւնն է ամէն գրական մեծ վաստակաւորներուն մօտ այնքան կանուխէն դիտուած։ Այդ նախափորձերը չեն կրնար բարձրանալ պիրկ ու պայծառ իմաստին որ կը թելադրէ Արեւելք ի հիմնարկումը։ Հանգանակ, կազմակերպուած ծրագիր, իրագործուելիք իտէալներ բոլորը մէկ կը ստանան այդ գաղափարին մէջ որ գրական որքան ընկերային տարողութեամբ ձեռնարկ մըն է։

Այն խմբակը երիտասարդներու որ նորահաստատ այդ թերթէն մեկնելով, մինչեւ դարավերջ ու քիչ մըն ալ աւելի վեր, սպասը պիտի ընէ մեր գրականութեան, յղացքը հիմնովին փոխելով ու նորոգելով պահ մը կորած զգայարանքը արուեստին, արդէն ծանօթ է մեր դպրութեան մէջ իրապաշտ տիտղոսով:

Այս աշխատութեան մուտքին անյարմար կը նկատեմ իրապաշտ յղացքին մէջ սեղմուած մեծ առաջադրութեանց արտահանումն ու վերլուծումը, քանի որ հեղինակներու մենագրութիւնները լայնօրէն պիտի լուսաբանեն զանոնք։ Յետոյ, ինչպէս ըսի քիչ վերը, պէտք չէ այդ յղացքը մերձեցնել, հաւատարմութեան վկայականներ փնտռելու համար, եւրոպական գրականութեանց մէջ նոյն տարազին տարողութեան որ ցեղէ ցեղ այնքան տարբեր երանգներ կը ստանայ Աննա Քարէնին ը (Թօլսթոյ) եւ Ռընէ Մոբըրէն ը (Կոնքուռ եղբայրներ) իրարու հակադրուող վէպեր են, թէեւ մեկնած ըլլան նոյն հոգեյատակէն։ Եւրոպական իրապաշտութիւնը զոր լաւագոյն կերպով կրնայ բանաձեւած ըլլալ ֆրանսական քննադատութիւնը, բառին տեղը դնելով բնապաշտութիւն ը (naturalisme), իմաստասիրական խորքով ու ընկերային ծրագիրներով ամուր, լուրջ, ծանր շարժում մըն է, որ կը պայքարի գրականութիւնը ազատագրել երեւակայութեան որքան անձնականութեան բռնութենէն, քմայքէն, զայն ծառայեցնելու համար այլապէս դժուար, բարձր դերի մը տրուած ընկերութեան մը լիակատար վերլուծման, գիտութեան մէջ փորձուած մեթոտներուն։ Ընկերութեան բնախօսութիւնը ձրի տարազ մը չէ։ Մեր մէջ նման առաջադրութիւններ ի զօրու չեն։ Անշուշտ մերն ալ կուգայ միտքի նոյն յեղաշրջումէն որ Եւրոպայի մէջ սկիզբ կ՚առնէ 1850էն ասդին։ Բայց մեր պայմանները բոլորովին տարբեր կը ճնշեն մեր վրայ։ Բաւ է հոս արձանագրել, սակայն թէ մեր իրապաշտութիւնը ոչ այնքան պայծառ, որոշ՝ բայց ուղեգիծ մըն է մեր չափովը, «մեր եղովը», ինչպէս կը պատկերէ մեր ժողովուրդը, երբ բաղդատուի ապերասան, աննպատակ կեցուածքին որ մեր գրիչ բռնողներունն է եօթանասունէն վերջ։ Եղիան հիւանդ մը չէ միայն, այլ ճշմարիտ աղէտ մը:

 

***

 

Իբրեւ տեւողութիւն, անիկա տասնըlինգ-քսան տարիներու վրայ երկարաձգուող շրջան մըն է ներուժ, խանդոտ, լայնանիստ գործունէութեան, միշտ մեր ուժերու [4] ներման չափին մէջ։ Ու իբր այդ՝ նման է մեր վիպականութեան (romantisme), որ 1850ին (այսինքն երբ այս գրական յղացքը արդէն կը մեռնէր արեւմուտքի մէջ) սկիզբ առնող եւ Դուրեանի մահով իր դերը աւարտած սերունդէ մը իրագործուած գեղեցկութեանց փոքր բայց թանկ կտակ մըն է մեր ազգային հարստութեանց գանձատունին։ Ի՜նչ փոյթ որ Խոհք եւ Յուշքը . Պէրպէրեան) գրուելու համար, «Տրտունջք» էն . Դուրեան) վերջ դեռ պիտի սպասէ երեսուն ու աւելի տարիներու։ « Առաջին Տերեւք» ը . Պէրպէրեան) այնպէս կը համեմատի Տաղք եւ Թատրերգութիւնք ին . Պէշիկթաշլեան կամ Պ. Դուրեան, որքան այդ Խոհք եւ Յուշք ը Պէրպէրեանի գրական երախայրիքին։ Արուեստի գործերը, շատ մը բաներ ըլլալէ առաջ, բիւրեղացած, անվերածելի ջղային դրութիւններ են, եւ իբր այդ ենթակայ էին ու են կեանքին գերագոյն օրէնքներուն։ Իրապաշտութիւնը բացառութիւն պիտի չկազմէր։ Յետոյ, միշտ իբրեւ տեւողութիւն, անիկա նման է դարձեալ արուեստագէտ սերունդի կեանքին։ Հրաշալի Յարութիւն ը . Թէքէեան, 1900 - 1914) կեդրոնական յիշատակարան մը այդ սերունդէն, երեսուն տարի յետոյ երբ կրկնուի ուրիշ հատորի մը մէջ, նոյն այդ հեղինակէն (ինչպէս կայ խոստումը իրմէ տպուած ուրիշ տաղարանի մը՝ Սէր հատորի կողքէն), չեմ կարծեր որ քիչ բան բերէ նոր, քան ինչ որ արտայայտած էր սերունդին ամենէն ընկալուչ հոգեկանութենէն, թէեւ անկէ ասդին ինչ ահաւոր շրջումներ տապալած ըլլալ թուին Վ. Թէքէեանի հոգիին անդրագոյն խարիսխները (assise)։

Ուրեմն,

Տասնըհինգ-քսան տարիներու թունդ, համակամ, արի, ու իբրեւ Վրիպանք այլապէս յուզիչ որքան թշուառ աշխատանք՝ ինչ որ կը կոչուի հայ իրապաշտութիւն ։ Որ իր սկիզբը ըրաւ շքեղ հիւսիսայգի մը ընդմէջէն, ու ինկաւ, արեան մէջը խղդուելով իր ժողովուրդին։

Բայց, որ պիտի զարգանայ մէկէ աւելի ուղղութիւններով։ Կը մօտենամ անոնցմէ կարեւորներուն։

Ա. Անիկա պիտի պայքարի տիրական ըմբռնումներու դէմ, որոնք քառորդ դարու պատկառանքով մը, քանի մը մեծ անուններու վարկովը կը բռնանան մեր գրականութեան վրայ, 1880էն վերջ։ Մատաղեռանդն ու կռուայոյզ, անիկա պիտի յարձակի ապայժմէ, յապաղած, բայց տարօրէն ազդեցիկ մեր ռոմանթիզմ ին [5] վրայ, որ համբաւի հասած անուններու վահանին ետեւէն պիտի արհամարհէ սա ճերմակ-կտուց (blanc bec)ներու գրոհը, քանի որ իր հետ ունի մեր մամուլը, վարչական մարմինները, դպրոցները, վանքերը, եկեղեցականութիւնը, գրասէր հասարակութիւնը եւ երիտասարդութեան այն մասը, որ թէեւ չի վարեր շարժումները բայց անոնց կուտայ ուժ, նկարագիր, հաստատնութիւն (consistance)։ Արեւելք էն առաջ երկու կարծիք չունինք իմացական ու զգացական հարցերու մէջ։ Մեր ռոմանթիզմը միահեծան է ու հաստախարիսխ։ Անիկա կ՚առնէ իր զէնքերը ուր որ գտնէ զանոնք: Ու կամաց կամաց, զգալի իր հակառակորդները զգետնելու, նսեմացնելու համար չի վարանիր շահագործել, առնուազն ձեւազեղծել կարելի տախտակներ, արժէքէ ու զգացումէ։ Գրաբարի պաշտպանութիւնը մէկն է այս ճարտար, չըսելու համար անազնիւ խաղերէն։ Գեղային աւանդութեանց, բարոյականի, գոյնի բծախնդրութիւն՝ ուրիշ ճարտարմունք: Ազգ, Հայաստանեայց եկեղեցի, հայոց հայրենիք՝ ուրիշ միութիւններ: Որոնց համախումբ պաշտպանութիւնը մենաշնորհ ըրած են իրենց, մեր մտաւորական, եկեղեցական միացեալ ճակատին աւելի կամ նուազ անկեղծ, յանձնապաստան եւ կամ ուռուցիկ, հիւանդ, ջլախտաւոր տրիբունները։ Իրապաշտները, մէկիկ մէկիկ պիտի քանդեն ոչ թէ այդ յղացքներուն խոր, անյեղլի, աննահանջ յատակը, որ մեր ժողովուրդին հոգեխարիսխը կազմեց մինչեւ պատերազմ, այլ անոնց մէջն ու դուրսը տուն տեղ եղած մակաբոյծ իմաստները։ Անոնց յամառ ճիգն է որ գրաբարեան նրբութիւնները, նախդիրներու ռազմախաղերը, ոճերու սուսերները ու հտպտանքը պիտի տանի իրենց իսկական իմաստին, գրական նանրամտութեան որ գրողներու մեծագոյն հիւանդութիւնն է, տակաւին Արիստոփանի oրերէն։ Երբ Նար-Պէյ, Թէրզեան կը քերթեն որպէսզի փաստեն իրենց մագիստրոսական գիտութիւնը գրաբարի համաձայնութեան ամենադժուար օրէնքներէն, գրաբարի պաշտպանութիւնը չէ որ կ՚ընեն, այլ իրենց փառքին ու համբաւին։ Աշխարհաբարի անունով մղուած պայքարը հերքումը չէ գրաբարի դասական գեղեցկութեան, այլ խարանումը՝ այդ գեղեցկութիւնը իբրեւ պչրանք գործածելու սնափառութեան։

բ. Անիկա պիտի պայքարի գրականութեան յղացքին համար իսկ, որ, այդ օրերուն, ռոմանթիզմէն դուրս կը պարզէ ուրիշ ալ երես մը: Դժուար է, ինծի համար, բաւական ճկուն եթէ ոչ ճիշդ տարազ մը գտնել՝ հաւատարմօրէն պարածածկող գրական այն ըմբռնումը որուն մէկ կողմը կը լեցուի անորակելի փառքովը Չերազի, Եղիայի, Պէրպէրեանի քերթողութեան, եւ որուն միւս երեսին ոսկեդրուագ ասեղնագործուած է այդ օրերու շքեղագոյն իմաստութիւնը, հայոց օրագրութեան երանեալ քրnնիկը, ըսել կ՚ուզեմ՝ անոր այն ձեւը որ գլխաւորաբար կը մշակուի Մատթէոս Մամուրեանի ( Հայկական Նամականի ), Ռէթէոս Պէրպէրեանի ( Մարդիկ եւ Իրք ), Մինաս Չերազի ( Արգոսի Խոհեր ) եւ Գրիգոր Օտեանի Բարիզէն ղրկած յօդուածներով [6] ։ Ոչ միայն անիրաւ, այլ եւ անհասկնալի` այսօր, համբաւը 1880ի Եղիային որ գրած է ամէն բանի վրայ եւ անշուշտ ամենէն շատ՝ իր չգիտցածներուն վրայ, ու Մատթէոս Մամուրեանին՝ որուն մէջ մարդիկ չէին հրաժարած, մինչեւ պատերազմ, տեղաւորելէ մեր գրական մեծագոյն փառքերէն մէկը, հակառակ անոր որ իր գործը՝ քրոնիկ, (չի կարդացուիր Սեւ Լերան Մարդը վէպը) վիրաւոր է ահաւոր գրականութեամբ մը, երբ մօտիկը դրուի Արփիարեանի հրաշալի օրուան կեանքը ներուն։ Գրական սա ըմբռնողութեան միւս մասերը կ՚ամբողջանան երկրորդական բայց ոչ նուազ աղմկայոյզ ուրիշ մարդոց «իւրովսան» նպաստովը, քերթողական որքան մտածման կալուածէն։ Որոնք պիտի ստորագրեն, օրինակի համար, Գր. Չիլինկիրեան, Ժ. Գուրգէն, Ե. վարդապետ Դուրեան, Մատաթիա Գարագաշ, Մաղաքիա եպս. Օրմանեան, Բիւզանդ Քէչեան, յիշելու համար ամենէն գործօնները, եւ պիտի քաւեն իրենց փառքը չարաչար, հերքուելով ոչ միայն իրապաշտներէն, այլ եւ ուրացուելով արուեստագէտ սերունդէն։ Չեմ երթար առաջ այդ վճիռները անդարձ յայտարարելու: Ու չեմ անգութ, յայտնելու համար թէ գրականութեան ապագայ պատմութիւն մը անոնց անունները պիտի յիշէ, ինծի պէս, հարց մը լուսաւորելու առիթով, ու պիտի լռէ իր գնահատանքը անոնց մեծահռչակ վաստակին։ Իրողութիւն է որ Պետրոս Դուրեանի մահէն մինչեւ Արեւելք ի հիմնարկութիւնը, մեր հրապարակին մէջ ի զօրու է գրական այն ըմբըռնողութիւնը զոր ոմանք որակած են կեղծ-դասականութիւն, հետեւելու համար ֆրանսական գրականութեան մէջ արդար բայց մեր մէջ անիմաստ տարազի մը, քանի որ չենք ունեցած ճշմարիտ դասական գրականութիւն, անոր կեղծէն խօսելու արտօնուելու համար։ Ինծի համար, այդ ըմբռնումը տեսակ մը երկարաձգում, արդիացում է զարթօնքի սերունդ ի գրականութեան։ Ու այդքան։ Չմոռնալ որ այս վերջինին մօտ արուեստը ակօս մը յաջողած էր ճարել, ինքզինքը արտաբերել, քանի որ մեր ռոմանթիք քերթողները հարազատ արուեստի շքեղ էջեր կտակած են մեզի, անխուսափելի ուրիշ մթերքներու հետ։ Մեր ռոմանթիզմին մէջէն ընդերկարող այս երակը 1880ին պիտի վերածուի սեռի մը, գրքունակ ՝ ամէն բանէ առաջ, որքան ճամարտակ: Միայն Սիմոն Քէլէկեանի ուրուականը կամ Աղեքսանդր Փանոսեանի փառքը չեն որ կը տրտմեցնեն մեզ այսօր, այլեւ դէզը այն քերթուածներուն որոնք վաւերական քերթողներու անունները կը կրեն ու մեզի կ՚ըսեն անկարելի բաներ։ Այդ ըմբռնումին մէջ եղան զառածողներ, այս անգամ վաւերական տաղանդներ, որոնք անդարձ կորսուեցան։ Գէթ իբրեւ քերթող մեզ կը տանջեն Եղիան, Չերազը, Սէթեանը, Պէրպէրեանը։ Ուրկէ ազատագրուողներ, թիւով քիչ, արուեստագէտ սերունդին օրով միայն պիտի գտնեն իրենց ճշմարիտ անձնականութիւնը։ Նայինի Պաթանին անտանելի քերթուածէն մինչեւ Անառակը գեղօրէն շքեղ արուեստը (երկուքն ալ գործը Դուրեան Սրբազանին, առաջինը՝ անոր վարդապետութեան՝ 1880ին, երկրորդը՝ եպիսկոպոսութեան, 1905ին) հոսած տեւողութիւնը բան մը սորվեցուցած է մեզի։ Աւելի՛ն. այդ միջոցը լեցուած է ամբողջութեամբ իրապաշտներուն պայքարովը, յաղթանակովը։ Գրական ըմբռնողութեան դէմ սա յարձակողականը իր գերագոյն թափը, խստութիւնը կը գտնէ Եղիայի գրականութեան դէմ հետզհետէ զարգացող անհաշտութեամբ մը, որուն տակ թագնուած զսպանակը արուեստէն որ քան ընկերային ձգտումներէն կ՚առնէ իր ուժը։ Այդ օրերուն, արուեստի հանգանակը բարեկարգել, հիմնափոխել՝ կը նշանակէ արուեստագէտը գահընկէց ընել երկնակառոյց իր դղեակներէն, լուսնազուարճ իր թափառումներէն, եւ կամ՝ դուրս քաշել, բռնի ու անգութ, զա՛յն, իր եuակառոյց անդունդներէն ուր անիկա պիտի խուզարկէր նսեմ, մահահոտ լոյսերը գերաճած իր եսին։ Ու անոր պաշտօն կը սահմանէ շրջապատին պարզ, խեղճ, թշուառ բայց այնքան մարդկային, այնքան արժանաւոր (digne) հետազօտումը, ուսումնասիրումը, արտագրումը։ Այդ ըմբռնումով, բանաստեղծին կը մերժուի չափազանց անձնական, նուրբ, վերնաթռիչ ախորժանքներ. հասկնալի՝ օտար ռոմանթիքներու, մասով՝ արուեստագէտներու համար, քանի որ այդ ժողովուրդներու իմացական սպասը ընող ուրիշ հսկայ գործունէութիւն մը միշտ կարելի է հանդերձել, անոնց ընդարձակ հոգեկան պահեստներէն, մինչ մեր մօտ նոյն նիհար, փոքր թիւն է ուժերու, որ ստանձնած է մեր ժողովուրդին արդիացման ծանր առաքելութիւնը, եւ այդ պարտքը դիմաւորելու համար ամեն ինչ կ՚ուզէ իր դրօշին տակ, իր նպատակներուն գործադրմանը սահմանուած։ Մեզի համար արուեստը օգտաւէտ, գործնական, բարոյացուցիչ ու դրական պատգամ միայն ունի։ Պիտի մերժենք Եղիայի սուզումները, սլացքները, վասնզի անոնք մեզի կուտան Եղիան միայն։ Մեր ուզա՞ծը։ Գիտենք ատիկա։ Ու այդ տեսակէտով պիտի մերժենք մեր արուեստագէտներուն քիչ մը աւելին ալ ձայնական, տեսողական, հեշտայոյզ զգայութիւններ ալ, որոնք տասնամեակ մը կանուխ դպրոց կը կազմէին։ Եւ ասիկա անոր համար, վասնզի այդ զգայութեանց հեշտանքը կը փոխանորդէր մեր մէջ արտաքին ձայները, իրական տագնապը մեր ժողովուրդին որ սոխակներ չունէր մտիկ ընելու [7] ։

գ. Անիկա պիտի պայքարի ընկերային գետնի վրայ ։ Մէկ անգամէն զեղչել տարազէն իր ընդարձակութիւնը, որուն վարժուած ենք արեւմտեան մշակոյթին մօտ, զայն հիմնիվեր շրջող հսկայ տագնապանքը երբ կը մտաբերենք։ Ամէն ինչ «մեր եղով»։ Ընկերային գետնի վրայ, ամենէն շատ։ Կը հետեւի թէ տարազը չի հետապնդեր պարագրկել մեծ այդ շարժումները, որոնք արդէն իբրեւ ստուեր իսկ չունեցան գոյութիւն մեր ընկերութեան վրայ։ Յետոյ, միշտ նկատի ունենալ որ արուեստի մեծ գործերը շատ չեն ախորժիր խռովքի շրջաններէն։ Միւս կողմէն, մեր գրականութիւնը մեր բխումը ըլլալով, ենթակայ է մեր տկարութեանց կամ արժէքներուն կշիռին։ Արդ, դժուար չէ հասկնալ թէ ինչո՞ւ այդ կշիռը զգալի չափով մը պայծառ չերեւիր մեր ճիգին մէջ, որ Ե. դարէն մինչեւ ԺԹ. ին կէսը կ՚երկարի: Որո՞ւ համար գաղտնիք է որ մեր նախնիքներէն մեզի հասած ժառանգութեան մէջ ինչո՜ւ ճղճիմ ըլլայ մեր ժողովուրդը, իբրեւ արուեստի տարր: Բայց այս ստուգութիւնը այլապէս կը տրտմեցնէ պրպտողը, երբ այս վերջինը ստիպուած ըլլայ կրկնել մէկ ու նոյն մեղադրանքը նաեւ մեր նոր գրականութեան սեմին [8] ։ Փորձեցէք զայն փնտռել արեւմտահայ գրական արտադրութեանց մէջ մինչեւ 1885։ Պիտի չգտնէք։ Անշուշտ մէկ երկու քերթողներու իսկապէս անկեղծ ու ջերմ եղերերգութիւնները տարածելի չեն զանգուածներուն ապրումին։ Քանի՞ պատանի, որ ըլլայ կեանքը զգացած, 1870ին, ինչպէս զգացեր էր ատիկա Դուրեանը։ Ու կան քանի մը վէպերու մէջ փիլիսոփոս կիներ . Տիւսաբի հերոսուհիները), որոնք, կէս դար առաջ մեզմէ, անըմբռնելի են հիմնովին, ոչ միայն իբրեւ անձ, այլ իբր տեսութիւն։ Թերեւս պիտի հանդիպիք եկեղեցականները որոնց ձգտումները, աշխարհահայեացքը հարկադրաբար նոր չէին կրնար ըլլալ, բայց որոնց հայրենասիրութիւնը լուսապսակի մը պէս կը պաշտպանէ իրենց անձը, բայց ոչ իրենց ժողովուրդը: Այնքան։ Ու այդ ամայութեան դէմ, բեռներով լուսին [9], լճակ, Վոսբոր, Ալէմ-Տաղին ու իր զեփիւռները, կոյսը, կոյսերը «բուրեան մատերով». վսեմ պատանիներ, որոնք « յագճիռ կան յերկինս », ու աստղերու կը խօսին իրենց վիշտը: Ու տակաւին, թերեւս գտնէք թատերապատկերը մեր անցեալին, թուղթէ սաղաւարտներով եւ տախտակէ սուրերով, ինչպէս թիթեղեայ թագերով։ Զոր կը բեմադրենք անճառելի հեշտանքով որքան անծակ միամտութեամբ, արուեստի գործ արտադրելէն անդին յորդող այլուրութեամբ մը մեզմէ, իրականութենէն։ Ալիշան, Խրիմեան, Նար-Պէյ, Սրուանձտեանց անուններ ըլլալէ աւելի են անշուշտ։ Բայց մաղին մէջ մնացա՞ծը՝ անոնց գործին։ Փշրանքներ միայն։ Տենդագին, խանդավառ աշխատանքի այդ շրջանէն մեզի կտակուած գործերու վրայով (կը զատուի Խրիմեանը՝ Պապիկ եւ Թոռնիկ ով, Սրուանձտեանցը՝ իր գործին իսկ նկարագրովը) հասնիլ մեր ժողովուրդը մտապատկերելու: Ու այս վրիպանքը բացարձակ է արեւմտահայ գրականութեան այդ շրջանին համար: Իրապաշտներուն մեծագոյն արժանիքներէն պիտի ըլլար մեր ժողովուրդը ներս առնել, իրենց մտահոգութեանց մայր պարունակին։ Ու ատիկա ընել պայքարով։ Այս կեցուածքը տարբերացման, հակազդեցութեան շարժում մը չէ անոնց համար, այլ անոնց ամբողջ հանգանակը, գոյաքարը անոնց շինելիք շէնքին։ Ու տասնըհինգ քսան տարի միայն տեւող այդ գործունէութեան շահը պիտի ըլլայ որոշ քանակ մը մարդոց, հիմնովին տարբեր լուսներգու, զեփիւռապաշտ, կուսանուէր պուէտներու երեւակայած կարաւանէն։ Մեր գիւղացի՛ն ։ Ոչ՝ հաստ արարած մը իբրեւ, պոլսեցիներուն սրամտութեան գահաւորակ ծառայող, այլ՝ շտեմարա՜ն մեր ժողովուրդին ընդոծին առաքինութեանց. որ պիտի տառապի, բայց ապրի պիտի, օրինակը մնալով նոյն այդ ժողովուրդի անմահ խորհուրդին։ Մեր բանուո՛րը: Համեստ որքան իրաւ, այր թէ կին, որուն մատներուն կամ խելքին գինը դարերով ապրեցուց մեր հողերէն վտարուած մեր զանգուածները, մեզ վահանելով ընկլուզող ուժերուն դէմ, մեր ընտանիքը, ժամը, դպրոցը կազմակերպելով, պարզ, արի, չարքաշ, ճկուն ու հաւատախոր: Մեր արհեստաւորը: Որ, կանխող դարերուն՝ ասիական աղէտին դէմ մեր գերագոյն ապաստարանը պիտի մնար, ինքզինքը տրամադրելով բռնութեան ուժերուն, անոնց բանակներուն պարենաւորումը, սպառազինումը, զօրահաւաքը սնուցանելով ու հրաշքը իրագործելով այդ սպաննող հարստահարումէն վերջն ալ քիչիկ մը բան, կորով պահելու, յատկացնելու տակաւին, իր ցեղին ալ պահպանումին, ու նոր ժամանակներուն ալ պիտի հանդիսանայ ամենէն անձնուէր պահակը, ամենէն բուխսիրտ զոհաբերողը մեր ազգային շարժումներուն։ Ու մեր պանդուխտները: Բանակ առ բանակ։ Որոնք Պոլսոյ խաներու նկուղներուն փտտելու դրուած մսակոյտերը ըլլալէ առաջ, մարդեր են մեծ ու ազնիւ, հեռու հայրենիքին հողէն բուսած, այդ լեռներուն ամրութիւնը ծծած, ու մղձաւանջէն խուճապահար՝ կը թափին Պոլիս, այդ անմոռանալի հայրենիքը փոխադրելով աղիճ քաղաքին մածուցիկ ոստայնին. իրենք զոհուելով որպէսզի փրկեն հողը, ու կը պարզեն զգացական սրտայոյզ դրուագներ, դէպի փառքը ինչպէս դժբախտութիւնը։ Իրապաշտներուն անգերազանցելի արժանիքը պիտի մնայ զանգուածի այդ ողբերգութիւնը պարտադրել հասարակաց խղճին։ Հրանդէն կէս դար յետոյ արդէն, Պանդուխտներու Կեանքէնը անկորնչելի սրբավայր մըն է մեր գրականութեան մէջ։ Երկար է այս թըւումը, ուր կրնային երեւալ տակաւին վաճառականը ` իր բարացուցական ստորոգելիներով. վաշխառուն ՝ իր խլրդային գարշ հոգիով. կիներն ու աղջիկները ՝ իրենց պարզ ու զոհուած ու սրտառուչ կարաւանով, որ իր կողմերը սեւեռման կը յանձնէ, իրապաշտներէն իւրաքանչիւրին համար աշխարհ մը խռովք ստեղծելով։ Արագ որքան անբաւական սա անցքը մարդոց կը թելադրէ ինծի իրապաշտները գօտեպնդող պայծառ հասկացողութիւնը։ Յետոյ, կը մտածեմ մեզի պէս ամէն հովի ենթակայ հասարակութիւն մը որքան շուտ դատապարտուած է պարպուելու իր առհաւական ուժերէն։ Կէս դար մեզ կը բաժնէ Հրանդի օրերէն։ Այսօր ազգովին պանդուխտներ ենք։ Բայց քանի՞ հատ կան մեր մէջ Հրանդէն սեւեռուած հոգեբանութիւնէն։ Իր հաւատքին համար մեռնիլը այսօր ոչ միայն ծիծաղելի, այլ եւ ամօ՜թ է հսկայ այն զանգուածներուն համար որոնք արեւմտեան Եւրոպայի մէջ մեր բանուորը կը շինեն։ Նոր կարգախօսը կրնայ պարտադրել իր գրականութիւնը, բայց չմոռնալով որ ինքը չի ներկայացներ մինակ այս ժողովուրդին հոգին, կամքը։ Այսօրուան լուծարքին առջեւ՝ մարդ խոր հիացում եւ երախտագիտութիւն կը զգայ իրապաշտ ճիգէն որքան արդիւնքէն։

դ. Պիտի պայքարի ազգային իտէալներու հաշւոյն: Քաղաքական պայմաններ, գրաքննութիւն, ահաւոր բռնապետութիւն մը թանձր մառախուղի մը խորը թաղուած կը պահեն այս պայքարին առաջին, տեսանելի բլանները ։ Բայց այս ճնշումին ընդդէմ՝ աւելի քան յուզիչ կ՚երեւին այսօր ինծի այդ մարդոց իրագործածները։ Նկատի ունեցէք որ պատերազմէն ասդին մեր մտաւորականութեան որոշ մէկ դասը ոչ միայն բան մը չշինեց, այլ եւ կազմակերպեց քանդումին [10] աշխատանքը։ Իրապաշտներէն առաջ ազգային ազատագրութեան յղացքը մանդարինեան հայեցողութիւն մըն է։ Քանի մը ջոջեր, եկեղեցականներ, վարժապետ-ճառախօսներ ու քերթողներ այդ տարազին ետեւէն կը խաղան անմեղ խաղը տնական, դիւանական ազգասիրութեան, թղթեայ ու բարոյալից, տառապելով հանդերձ ցեղին վրայ գործադրուած սառնասիրտ ջնջումին ծրագրէն, բայց հազար կտոր ըլլալով անոր չմօտենալու՝ ճակատէն ։ Իրապաշտները պիտի առնեն քայլը, նախաձեռնութիւնը, պատասխանատուութիւնը ու պիտի բանան այդ ցաւը զանգուածին զգայարանքներուն մատուցումին։ Ան ի՛նչ խանդավառութիւն է որ կը ծաւալի մինչեւ խուլ խորշերը մեր երկրին, գիրի, գիրքի, արարքի ձեւերով եւ կը ջանայ թօթափել դարաւոր թմբիրը։ 1895ին, մինակ մեծ փողոտումները չեն որ մեր նոր գիտակցութիւնը կը մկրտեն արեան մէջ, այլ ազգային զգացողութեան մը սրբազան հեղուկը, որ մեր գիրին ակօսովը կը հոսի մեր հոգիներուն խորագոյն ալքերը մինչեւ: Լրագիրը դրօշակ մըն էր, որ այդ զանգուածներուն առջեւ շողացուց թեւերը մեր նուիրական երազին ու կազմեց անդրանիկ մեր նոր հոգեբանութիւնը, որ հիմնովին տարբեր է Մխիթարեան ազգայնականութենէն, սահմանադրականներու բարենորոգչական ժողովրդասիրութենէն, եւ որ յաջորդ սերունդին պիտի վերածուի մարտական ազգայնականութեան։ Այդ օրերուն՝ միլիոններու հոգիները կը թրթռան մէկ ու նոյն զգացումէ մը։ Ատիկա գո՞րծն է մեր իրապաշտներուն [11] ։

ե. Անիկա պիտի պայքարի նաեւ ուրիշ պայքար մը, ընկերային տարողութեամբ բայց ոչ ուղղափառ պայքար մը, այլ մեզի յատուկ։ Այդ պայքարին մէկ երեսը մուտքն էր, մեր գրականութենէն ներս, արհամարհուած խաւերուն, լայն ու սրբազան շարժում, որ մեզի շահեցաւ գէթ որոշ դաս մը մարդոց, ա՛լ անվախճան կեանքի մը արժանացած, քանի որ արուեստին հրաշքն է անցաւորը յաւէրժել։ Դրական այս աշխատանքին զուգահեռ կայ նոյն ատեն ժխտումի, քանդումի տենդոտ գործունէութիւն մը, որ ա՛լ զարմանալը, հիանալը մոռցած մեր այժմու մտածողութեան առջեւ թերեւս թեթեւ տագնապ մը կը թուի, բայց երբ զետեղուի իր ժամանակին եւ պայմաններուն մէջը, իսկոյն կը ստանայ մեծ իր իմաստը, կշիռը։ Ատիկա պայքարն է ընդդէմ ազնուաշուքին, էֆէնտիին, մեծատունին, ազդեցիկ եկեղեցականներուն, պետական պաշտօնատարներուն: Այս բառերը հոս քանի մը սանդիմ տեղ կը գրաւեն։ Մեր կեանքին մէջ անոնք հոմանիշ էին լման աշխարհ մը մոլութեան, չարաշահութեան, զրկանքի, ողբերգութեան՝ երբ տարտղնուին իրենց հիմնատարրերուն, ու պարպեն իրենց ծածկած իմաստները։ Չունիմ ատոր կարելիութիւնը: Դասակարգ մըն է անիկա՝ բազմատարր բայց խորքին մէջ մէկ: Կ՚անցնիմ: Բայց կը խմբեմ զանոնք ճակատի մը մէջ, որ այդ օրերուն պայքարի ճակատն է իրապաշտներուն։ Ու այս պայքարը գրեթէ դիւցազնական նշանակութեան մը կը բարձրանայ երբ նկատի առնուին կռուող ուժերը։ Մէկ կողմը՝ ամէն բան, դիրք, դրամ, վարկ, աւանդութիւն, ժառանգութիւն, յաճախ համալսարանական զարգացում, ու պետական հզօր պաշտպանութիւն։ Միւս կողմը՝ ժողովուրդի տղաք, բոլորն ալ, առանց մագաղաթեայ վկայագրերու, առանց մեծ ու ծանր կշռող աւանդութիւններու: Իբրեւ զէնք, այս մարդիկը իրենց մատներուն մէջ երբեմն գրիչ իսկ չունին, քանի որ ոմանք անոնցմէ պարտաւոր են հացը հանել ուրիշ ճամբաներով։ Բայց հոյակապ է իրենց արիութիւնը երբ վճռակամ ճակատ կը պարզեն ամենազօր այդ դասակարգին դէմ։ Ու պիտի յարձակին մեծահամբաւ անուններու վրայ, ամէն ասպարէզէ, ու պիտի ըսեն իրենց մտածածը՝ անոնց վաւերական արժէքին մասին, երբեմն մեծ տագնապներու գինով։ Այդ յարձակումը պիտի փոխէ բան մը մեր հասարակութեան կեցուածքին մէջ ու պիտի տայ նոր գումարում մը արժէքներու։ Մամուլը պիտի ելլէ աս ու ան խմբագրին հաշիւները սփածանող թուղթի մը դերէն, ըլլալու համար բան մը, այս ժողովուրդին մէջ: Անշուշտ Յակոբ Պարոնեանի մը կարապետող, նախապատրաստական աշխատանքը, դերը անիրաւ պիտի ըլլար անտեսել: Ու միշտ, նման պատեհութիւններուն պէտք է շեշտել գրեթէ ցեղային, արմատական կեցուածքներ ( էսնաֆներո ւ եւ ամիրանելու, լուսաւորեալներու եւ խաւարեալներու, եւ այժմեան բիրտ շերտաւորումները, կուսակցական դրօշներու արդիւնք) երբ գրական շարժումներուն քովն ի վեր կը մօտենանք մեր ժողովուրդին հոգեբանական հիմունքներուն։ Իրապաշտները, պարզ այն հանգամանքով որ թուրքերու սիրելի տարրերը կը ռմբակոծեն, իբրեւ ազգայնական որ կը վերածուի «նովին բանիւ» յեղափոխական երեսի վտանգուած են, բայց չեն վարանիր իրենց գիտցածը պոռալու այդ առանձնաշնորհեալներու երեսին։ Ու ասիկա աժան, պոռոտ, ջլդիկ կեցուածքը չէ ազատ րէժիմներու մէջ ընթացիկ ընդդիմադրութեան։ Միւս կողմէն պէտք չէ մոռնալ որ ժխտումի, քննադատութեան կեցուածքը շատ դիւրաւ կը զառածի անիրաւ, անգութ ու հետեւաբար անարդիւն պարսաւին, ինքնիր համար ապրող, եսամոլ ու նախանձոտ, ու հետեւաբար ինքզինքը կը հերքէ, առանց հետքի մը բարիքին։ Մինչ իրապաշտներուն հաշուեկշիռը ճիշդ հակառակը պիտի հաստատէ: 1893ին մեր վարչական մեքենան, հանրային սպասարկութիւնները անշուշտ շատ աւելի բարգաւաճ պատկեր մը չեն պարզեր որքան քսան տարի առաջ։ Նորէն խուլ ու խոր վէրքեր կը քամեն անոնց կենսունակ տարրը։ Բայց տարբերութեամբ մը։ 1895ին այլեւս ազգային հիւանդանոցը (օրինակ մը առնելու համար) չի յաւակնիր ինքզինքը զերծ զգալ հասարակաց դատաստանին հասողութենէն ու ինքզինքը տիպար, անթերի սպասարկութիւն մը յայտարարել, ինչպէս կ՚ընէր ատիկա քսան տարի առաջ։ Լրագիրը, որուն կշիռը ճիշդ զգալու համար, իրապաշտներէն առաջ, սխալ չըլլար անգամ մըն ալ կարդալ Պարոնեանի Մեծապատիւ Մուրացկանները, քսան տարի վերջը պատկառելի որքան սպաննող զէնք մըն է, Նոր Կեանք ին մէջ լոյս տեսած Արփիարեանի Օրհնեալ Գերդաստանը պարզ սաթիռ մը չէ, այլ ռումբ մը։ Առաջին անգամ է որ, իրապաշտներուն շնորհիւ, մեր մէջ կը ստեղծուի հանրային կարծիքը մօտէն յիշեցնող զգացական վիճակ մը։ Անոնք պիտի սպառնան, անխտիր, բոլոր զեղծումներուն։ Սա խածանութիւնը, ժանիք ցոյց տալու սա մշտապատրաստ կեցուածքը պէտք չէ խեղաթիւրել, ո՛չ ալ ստորագնահատել։ Անիկա թաքուն հաւանութիւնը կը վայելէ զանգուածին։ Մեր ընկերային շարժումներուն ուսումնասիրութիւնը լայնօրէն կրնայ ծաւալիլ այս ուղղութեամբ: Ինծի արտօնուածը քիչ է դժբախտաբար: Յարձակող, խածնող, արիւնող ու մերկացնող սա խաչակրութեան մէջ ո՞րքան՝ բաժինը անիրաւութեան, անգթութեան, եսապաշտ հաշիւներու։ Կա՞յ, իսկապէս, իր համոզումներուն միայն անձնատուր, անկաշառ տրիբուն մը, օրինակի համար, Արփիարեանի ելոյթներուն կամ Զօհրապի արմատականութեան ետին։ Դժուար է պատասխանը։ Մեծ ժողովուրդներ ու մեծ պատմութիւններ միայն ծնունդ կուտան այդ յղացքը արդարացնող դէմքերու: Հանրային դատախազութիւնը ամենէն փշալից պսակն էր, ինչպէս ամենէն փառաւորը հնութեան երկու մեծ հասարակապետութեանց մէջ։ Չմոռնալ որ Տիմոսթենէսի եւ Կիկերոնի գլուխները թռան իրենց ուսերէն, առանց որ այդ փառքի պսակները յաջողէին պաշտպանել անոնց գլուխները: Չունինք իրաւունք մեր վայրավատին ամբոխներէն պահանջելու արի առաքինութիւններ։ Միւս կողմէն, Արփիարեանի թշուառութիւնը (խաղաղ գիշեր չէ լուսցուցած այդ մարդը, թուրքէն, հայէն, փառքէն, նախանձէն, թուղթէն, մելանէն, հացէն ու պանիրէն իսկ հալածուելով ցերեկ ու գիշեր), իր օրերը լեցնող բաներուն հակասական գոյները, ոստոստումները մէկ բանակէն միւսը, փաստեր են որոնք չեն հերքուիր: Այն ատե՞ն։ Բայց ի՜նչ հարկ։ Այդ օրերէն կէս դար յետոյ՝ բան մը պայծառ է դիտողին աչքին փաղանգին միակտուր ներդաշնակութիւնը իր վարած ազգային քաղաքականութեան մէջ, բառը պզտիկցնելով սակայն որպէսզի ըլլայ արժանի իր ծածկած ճշմարտութեան։ Ազգային քաղաքականութիւնը ծիծաղելի տարազ մը չէ։ Մենք, արեւելքի ամենէն տարօրինակ, դժուար կառավարելի ժողովուրդն ենք։ Ասիկա, թերեւս, մեր պատմութեան խորագոյն դարերէն։ Ապահովաբար՝ մեր միջին շրջաններէն։ Ու թէեւ զուրկ պետականութենէ, չենք դադրած պատրանքը գոնէ ապրելէ ատոր: Անոր համար է որ պիտի չկասկածինք անկարելի միամտութիւնը, որ մեզ կը թելադրէ մեր միջակութեամբը խարանաւոր, անկանգնելի հաւաքումներ վերածել ազգային մեծ ժողովի մը փառքին։ Այս միամտութեան կ՚աւելնայ միւսը՝ բանկալի, թաղականի, վարժապետի խնդիրները բարձրացնել ազգային քաղաքականութեան մը դիրքին։ Իրապաշտները այս թերի, յաւակնոտ, փցուն եթէ ոչ տրտում, ծիծաղելի յղացքներուն տակ յաւակնեցան դնել խտութիւն, ամրութիւն, պարունակութիւն (contenu) եւ իրենց թերթերն ու հանդէսները գործածեցին այդ պատրանքը կենդանի պահելու, նախ հաւատալով իրենց ըրածին, յետոյ հրաւիրելով ուրիշներն ալ որ հաւատան իրենց ըրածներուն։ Պոլսոյ ջարդերէն քիչ առաջ, Հրանդ, Արփիարեան մարդեր էին ու իրենց պէս տակաւին ուրիշ տաս, քսաններ, որոնք կրնային յիսուն հազար հոգիի առջեւն անցնիլ ու քալել Պապ–Ալիի վրայ։ Այս տխուր որքան սրտառուչ փաստը մի տեսնէք միայն իր ծիծաղելի կողմէն։ Արդար է անոր մէջ տեսնել նաեւ միւս կարելիութիւնը: Լրագիրը ուժ մըն էր ա՛լ, որ կ՚ազդէր մեր քաղքենի միտքին վրայ: Ու ասիկա ա՛յն ատեն՝ երբ այդ քաղքենին սպաննած էր, անօթութեան մէջ, մեծ Պարոնեանը։ Իրապաշտները մեծ նահատակին վրէժը կը լուծեն։

Ահա քանի մը ամփոփ ճշդումներ։ Ասոնց ապացուցումը, ընդլայնումը կը կատարեմ շարժումին աւագ դերակատարներուն նուիրուած մենագրութիւններով, իւրաքանչիւրին դերը լայնօրէն պարզելով մեծ համագործակցութեան վրայ, որպէսզի իրականանայ արեւմտահայ գրականութեան ամենէն լուրջ, արժանաւոր յաղթանակը, որուն անունն է ԻՐԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ ։


 



[1]        Այս աշխատանքի մուտքին, միանգամ ընդմիշտ կը յայտարարեմ՝ որ մեր գրականութիւնը կը տեսնեմ մեր ուժերուն ճառագայթումը իբրեւ եւ ոչ աւելի: Ամէն ինչ ենթակայ է տեսնելու այս կերպին։ Յետոյ նոյնքան կարեւոր ուրիշ հաստատում, մեր իրապաշտութիւնը իր ժամանակին մէջ: Այս երկու առաջադրութիւնները կը լուսաւորեն հատորին ճակատագիրը։

[2]           Իր տեղին մէջ լայնօրէն ապացուցելի այս վարկածը, սա աշխատութեան մուտքին, անցողակի կը պարզեմ, մեծ գիծերու մէջ, վասնզի պիտի գործածուին այդ տրոհումները սա գիրքի ընթացքին, Արեւմտահայ գրականութիւնը միադարեան իր կեանքին մէջ ծնունդ է տուած գրական չորս մեծ շարժումներու: Անոնցմէ առաջինը անտեղի չէ զարթօնքի սերունդ որակել ուր կը զետեղուի անդրանիկ փաղանգը մեր միտքին բանուորներուն, համալսարանական, սահմանադրական, բարենորոգչական շեշտ նկարագիրներով, առանց գրական մեծ յաւակնութեանց։ Ասոնցմէ պիտի սերին մեր ռոմանթիք ները, յայտնաբերելով գրական մեծ հասկացողութիւն, քերթողական հոյակապ արդիւնք, ու պիտի նուաղին, ժամանակին հետ, իրենց տեղը տալով իրապաշտ ներուն: Կէս դար ուրեմն, ուր մեզի տրուած է հաստատել երկու կատարեալ սերունդ (ռոմանթիքներ եւ իրապաշտներ) ու մէկ այլ ընկերային ձգտումներով առաջապահ խմբակ, զօրաւոր անուններով (Ռուսինեան, Զորայեան, Խրիմեան): Միւս կէս դարուն մէջ մէկ սերունդ միայն, զոր սխալ չըլլար արուեստագէտ սերունդ որակել այն գլխավոր պատճառով որ արուեստի հարցերը այս վերջինին մօտ կը բարձրանան բացառիկ կարեւորութեան։ Այս սերունդին գործունէութեան կեդրոնը կ՚իյնայ մինչեւ մեծ պատերազմ երկարող տասնամեակին մէջ։ Այս չորսէն դո՞ւրս։ Անշո՜ւշտ։ Բայց թող ներուի ինծի յամառութիւնը սփիւռքի այժմեան գրականութիւնը դուրս նկատելու արեւմտահայ գրականութիւն որակուած յղացքէն, վասնզի հացի արտայայտման գործիքէն՝ անիկա քիչ կապ ունի մեր գրականութեան ընդհանուր նկարագրին հետ։ Գեղեցկութիւն, արժէք չեն թելադրողը այս մտածումին։ Գրականութիւն մը արտայայտութիւնն է ժողովուրդի մը: Սփիւռքը ժողովուրդ մը չէ այսօր: Պիտի ըլլա՞յ։— Չեմ գիտեր

 

[3]        Այս թուականները երկրաչափական սահմաններ չեն անշուշտ։ Տուի երկու անուն, որոնց գործը կ՚երկարաձգուէր իրենց սերունդին շիջումէն անդին։ Կան ուրիշներ որոնք իբրեւ ոգի, արուեստի ըմբռնում, պատկանելով հանդերձ իրապաշտներուն, շատ ուշ երեւան եկած են։ Ամիրային աղջիկը (ԵՐՈՒԽԱՆ) մեր իրապաշտ մեծագոյն վէպը, պիտի գրուի 5–6 տարի վերջը իրապաշտութեան կենսասահմանէն: Մարտիկ Աղա ն (ՄԻՔԱՅԷԼ ԿԻՒՐՃԵԱՆ) կը տպուի Լոնտոն, Նոր Կեանք -ին մէջ, 1900 էն վերջը:

[4]        Ո՛վ որ կը կարդայ այս էջերը, որոնք դատումի, դատապարտումի, գնահատման ու հիացման տարբերակներով ստիպուած են լեցուիլ, պարտքին տակն է աչքէ չհեռացնելու ա. ժողովուրդը, որուն գլխուն կախ եղաւ չարիքը, ո՛չ իբրեւ մղձաւանջ, այլ իրականութիւն. բ. գրաքննութիւնը, որ ուրիշ սպաննիչ ազդակ մըն է արուեստ մարզին վրայ. գ. մեր գրական աւանդութիւնները, որոնք մեր հին մատենագրութեան կերպարանքը կուտան հայց ԺԸ. եւ ԺԹ. դարերուն ալ մեզ կը պահեն ճշմարիտ արուեստէն. դ. մեր ընկերային ու իմացական հակամարտութիւնները, որոնք ԺԹ. դարու մինչեւ վերջին քառորդը կը սպառեն մեր լաւագոյն ուժերը։ Մեր իրապաշտութիւնը, այս պեղումներէն վերջը, կը ստանայ իր ճշմարիտ արժէքը։

[5]        Ինչպէս ուրիշ ժողովուրդներու մէջ, մեր մէջ ալ բառը կը ծածկէ մէկէ աւելի հոգեվիճակներ։ Իրապաշտներու գրոհին ժամանակ անիկա անիրականութիւնն է, անսանձ անձնականութիւնն է, անիմաստ տրտմութիւնն է, անհուն ըղձաւորութիւնն է, ինչպէս միամիտ, անհակակշիռ, գրքունակ ազգայնականութիւնը Դուրեանին կամ Ալիշանին: Բայց նոյն ատեն տխուր արեւելք մը, գերեզմաններ ու նոճիներ, արշալոյս եւ Վոսփոր, սոխակ ու լուսին, վարդ ու շուշան (որ գիրքի անուն չէ միայն, այլ գրական ախորժակ)։ Եղիա, Չերազ մեծագոյն քրմապետները: Թէրզեան, Սէթեան ուրիշ կուռքեր։

[6]        Այդ անուններուն ու այդ գործերուն արժանիքները կամ տկարութիւնները չեն որ կը թելադրեն իմ տողերը։ Այլ այդ ոգին որ բուն, իրաւ գրականութիւնը կը շփոթէ անոր լրագրական սա ձեւազեղծումին (travestissement) հետ։ Ո՞ր սատանան կը միջամտէ որպէսզի 1870ի մեր հոգեբանութիւնը Մամուրեան պատկերել փորձէ այդ անհեթեթ կեղծումով։

[7]        Դեռ մինչեւ այսօր չէ ջնջուած՝ հետքը այդ հոգեվիճակին։ Երբեմն երբեմն բրածոյ մարդերու գրչէն խոստովանութիւններ կը փրթին, որոնց յուզիչ կողմը իրենց այսօրուան անհեթեթութենէն անդին կ՚անցնի։ 1880ի պատանիներն են ասոնք, որոնք ինչ անճառելի հեշտանքով գոց սորված էին Նար-Պէյի, մանաւանդ Հիւրմիւզի դաշնակութիւնները։ Այդ քերթողութեան դէմ իմ մեղադրանքը նկատի չունի միայն անոնց գրքունակ, ԺԸ. Դար հոտող անախրոնիզմը, այլ այն գլխաւոր փաստը, որ անոնց ճնշումն է մեր ոտանաւորին ազատագրման վրայ . Դուրեանի ոտանաւորը բաղդատել 1880ին հրատարակուած եւ «Առ Լուսին» [ՍԻՊԻԼ] վերտառուած բանաստեղծութեան հետ, իբր լեզու անշուշտ)։ Որ կասեցուց ոչ միայն լեզուին շրջափոխութիւնը, այլ սպաննելու աստիճան ծիծաղելի ըրաւ բուն բանաստեղծութեան յղացքը։ Զուր տեղը չէ որ գրական կատարեալ սերունդ մը ինչպէս է իրապաշտը մեր մէջ չըլլայ յայտնաբերած ոչ մէկ բանաստեղծի դէմք։ Իր տեղը պիտի ընդլայնեմ այս յղացքին տարողութիւնը, երկու դէմքերու առիթով, Սիպիլ եւ Չօպանեան, որոնց հասկցած բանաստեղծութիւնը թէեւ հակադրութիւն այս դպրոցին, չէ ելած բարձրագոյն ըմբռնողութեամբ ստեղծումի մը։

[8]        Ի պատիւ արեւելահայերուն, պէտք է արդարութիւն ընել անոնց ըմբռնումին։ Հազիւ ուրացող վարանումներէ յետոյ, այդ գրականութիւնը՝ առողջ որքան արագ վճռականութեամբ մը, սկսման իսկ օրերէն, կը զարտուղի դարաւոր արահետէն, կ՚ընդգրկէ նոր տեսակէտ, լայն բանալով իր էջերը մեր ժողովուրդին, ու յաւակնոտ բանաձեւերէ ալ չի քաշուիր, մեզ հրաւիրելով « մոռնալ Հայկին ու Արամին », ինչպէս հասկնալի հերոսութեամբ մը չէ վախցած գրելէ « Լեւոնի Վիշտը »ին տիրացու բանաստեղծը: Այդպէս ըմբռնուած, գործադրուած այդ գրականութիւնը պիտի խուսափի արեւմտահայ բանաստեղծութիւն որակուած անհեթեթութենէն (նկատի ունեցէք ոչ թէ տաղանդներուն գործը, այլ միջակութեանց դէզերը, որոնք գրականութիւններուն նախիրը կուտան) ու պիտի սահմանէ իր ուժերը սեւեռելու մեծ խաւեր, դասեր, մտայնութիւններ, բարքերու անհուն մթերք մեր ժողովուրդէն, որ այդպէսով իր արդար մուտքը կ՚ընէ մեր արուեստէն ներս։ Մինչեւ Ռաֆֆի շարժումը կատարած է ահագին նուաճում։ Ասդի՞ն։ Լուսնին վրայ քերթողաշարք մը եւ ապագայ կիներու իրաւունքները բանաձեւող քանի մը թշուառ վէպ։

[9]           Հետաքրքրական պիտի ըլլար Ալիշանի, Թէրզեանի, Սէթեանի, Պէրպէրեանի լուսինները ենթարկել վերլուծական աշխատանքի մը։ Ի՜նչ տրտմութիւն՝ որ օրիորդ Խանճեանն (Սիպիլ) ալ իր պարմանի կուսական սրտին համար ընտրած ըլլայ մտերի՜մ՝ երկնից նազելաճեմ դշխոն ։

[10]      Տխուր է Բարիզը, ուր ապաստան գտած են մեր առաջաւոր ուժերը (երիտասարդ ինչպէս տարէց): Ն. Գ. ընկերակցութիւն մը վաթսունէ աւելի անդամներ կը համրէ եւ եօթանասունէ աւելի հանգանակներ կը հետապնդէ։ Թերթ, հանդէս: Անշուշտ։ Բայց ատոնց ետին շարժ եկող զգացումներու կշի՞ռը։ Ո՞ւր գտնել ատիկա: Չեմ խօսիր միւս գաղութներէն, ուր մշակուած գրականութիւնը կը տառապի մէկ ու նոյն մեղքէն։

[11]      Դժուար է պատասխանը։ Ու շատ՝ պատճառները այս տագնապին։ Գրական հարցերու դժբախտութիւնը` իրենց քիչ մը շատ տարածուն, անշրջագիծ որքան անկայուն ներկայանալն է ապագային, որով եւ շատ չճկիլը՝ վերլուծման։ Ու պէտք չէ շփոթել մեր գրականութեան հետ մեր յեղափոխութիւնը, որ տարուած ըլլալով մեր մտաւոր ուժերուն բազուկներովը, կրնայ պատրանքներ թելադրել, նոյնանալու աստիճան գրական կեցուածքներու հետ։ Բայց ատկէ անկախաբար ի՞նչ է պատասխանը, օրինակի համար, սա հարցումին ալ. Ո՞վ պատրաստեց մեր հերոսները: Ամէն մարդ պատասխան մը կը ճարէ անշուշտ, առանց ճարելու բուն պատասխանը։ Չեմ ուրանար թէ իմ ժողովուրդիս ամէն մէկ կտորին խորը թաղուած կ՚ապրի ողբերգական էակ մը, աշխարհին համար անըմբռնելի, բայց մեզի համար այնքան պարզ իրականութեամբ մը: Մեզ ջարդողները չկասկածեցան ատիկա, կասկածէ վեր ստեղծուած ըլլալնուն չափ, նոյնքան ողբերգական արարածներ ըլլալուն, քանի որ արիւնը իրենց պատմութեան միակ տեսանելի հոսանքն էր։ Մեր վրայ ողբացողները նմանապէս անմասն էին մեր տռամէն։ Ասիկա մենք գիտէինք հեռայարդար խորազգածութեամբ մը։ Մեր գրականութեան դերը պիտի ըլլար այդ ողբերգական էակին ներշնչել արդար, հպարտ զգացումներ, որ ո՛ չ մեղք է եւ ո՛չ ոճիր, որպէսզի այդպէս ընելու մղուինք հիմա, զիրար ամբաստանելով աղէտին ամբաւութեան առջեւ այդպէս խենդեցած: Չեմ կրնար դատել մեր յեղափոխութիւնը որ, այսօր, մեր կործանումէն փնտռուած նոխազն է արդէն։ Հայաստանի մէջ անամօթ գրականութիւն մը այդ դերը ստանձնած է անըմբռնելի բնականութեամբ մը: Հոդ, մարդիկ կը թուին մոռցած ըլլալ ինչ որ մեր ժողովուրդը ապրեցաւ բախտորոշ թուականէն ասդին։ Մեր յեղափոխութիւնը քաղաքական արարք մը չէր, որպէսզի իմաստուններուն յօդուած հայթայթէր։ Գա՜լ ըլլար անդիէն, որպէսզի մտիկ ընէինք Հրանդները, Զօհրապները, Վարուժանները։