ԼԵՒՈՆ
ԲԱՇԱԼԵԱՆ
(1
8
6
8)
Իրապաշտ
շարժումին
ամենէն
աւելի
արժանապէս
տիտղոսաւոր
այս
դէմքին
համար
գրականութեան
պատմութիւնը,
պիտի
սահմանէ,
գէթ
այսպէս
կը
կարծեմ,
այլապէս
տարօրինակ
ճակատագիր
մը,
արդի՛ւնք`
հաւանաբար
իր
գործին
իսկ
նկարագրին
որ
իր
ամբողջին
մէջ
բարձրանալով
հանդերձ
արուեստի
որոշ
կաղապարի,
վարանումի
կը
մատնէ
դատողը։
Գրած
ըլլալով
(բառը
առէք
խնամուած
ոճի
աւելի
համեստ
տարազ
մը
հոս)
պատմուածք,
նորավէպ,
պատկեր,
քննադատականներ
(վէպերու,
քերթուածներու,
թատրերգութեանց,
շարժումներու,
գրական
տեսաբանութեանց
վրայ),
տպաւորապաշտ
էջեր,
կենդանագրումներ,
քաղաքական
տեսութիւններ,
անհամար
խմբագրականներ
երեք
չորս
հնգամեակի
տեւողութեամբ
ժամանակի
մը
ընդմէջէն,
ամենազան
հարցերու
շուրջ,
անիկա
տիրական
իր
մասնակցութիւնը
բերած
էր
շարժումին
ընդհանուր
առաջադրութեանց,
Արփիարեանին
հետ
կողք
կողքի,
օրէ
օր
կազմակերպելով
մամուլը,
ու
վարելով
ընդարձակ
հասարակութիւն
մը,
իր
ընկերներուն
բոլորէն
աւելի
(բացի
Արփիարեանը)
ծառայելով
գրականութեան:
Այսօր
այս
վաստակը
պարզ
է
մեզի։
Բայց
ահա
տարբերութիւն
մը:
Միւսներուն
ընդհանուր
աշխատանքէն
դժուար
չէ
կազմել
հատորներ,
առնուազն
հատորիկներ
որոնք
առանց
նուազման
կրնան
գոհացնել
գրական
այս
կամ
այն
սեռին
խորագոյն
իսկ
պահանջները։
Անոնց
մէջ
ամենէն
քիչ
տարազելին,
Հրա՛նդը,
մեր
քրոնիկը
կնքաւորած
է
սեպհական
դրոշմով
մը,
անոր
առօրեայ
կեանքին
մէջ
սեւեռելով
տեւական
արժէք։
Պանդուխտներու
կեանքէն
անոր
դրուագումները
պիտի
կարդացուին
որեւէ
ատեն։
Ո՞րն
է
հատորը
որ
նման
իրաւունք
մը
ապահովէր
Ցեղին
Ձայնը
անուանուած
խոր
ու
տիրական
կառուցումին,
քանի
որ
գրեթէ
մինակն
է
այս
ստեղծումը
անոր
ամբողջ
գործին
մէջ։
Եւ
կամ
ո՞ւր
զետեղել
Նոր
Զգեստ
վերնագրուած
պատմումը,
այնքան
պարզ,
այնքան
իրաւ,
իբրեւ
խորք
այնքան
ամուր,
իբրեւ
ձեւ
այնքան
համեստ,
բայց
որուն
մեղքը
մինակ
ըլլալն
է
դարձեալ
։
Այս
հատուածականութիւնը
չի
նմանիր
Արփիարեանի
վաստակին
մէջ
դիտուած
մասնակիութեան։
Ի
վերջոյ
Դատապարտեալը
հաւատարիմ
է
Ապուշը
ին
որքան
Ոսկի
Ապարանջան
ը
Կարմիր
Ժամուց
ին։
Բաշալեանի
համար
նման
հաստատում
մը
պիտի
ըլլար
քիչիկ
մը
բռնազբօսիկ։
Տէրտէրին
Ուխտը,
պատմուա՛ծք,
շատ
դիւրաւ
կը
զետեղուի
Հայրենիք
ի
երեք
սիւնակ
խմբագրականին
մէջ,
կարդացուելու
համար
իբրեւ
քրոնիկ
ինչպէս
է,
օրինակի
համար,
հարիւրներուն
մէջէն
Հոգեկան
Ոյժ
վերտառուած
պատմութիւնը
Մշեցի
մօր
մը
որ
իր
զաւկին
ուսում
տալու
համար
Տարօնէն
կ՚իջնէ
Միջերկրական,
ազգականներէն
կը
քշուի
Պոլիս
ու
կը
զարնէ
գլուխը
քարէ
քար
մինչեւ
որ
իր
տղուն
համար
յաջողի
բանալ
բարձրագոյն
դպրոցի
մը
դուռը։
Այս
անորոշութիւնը,
աւելի
ճիշդ
գրական
երեւոյթին
դէմ
կեցուածքի
սա
զարտուղութիւնը
որ
հոմանիշ
է
քիչիկ
մը
ինքնատպութեան,
պատճառ
է
որպէսզի
անոր
դէմքին
ուսումն
ալ
չենթարկուի
ընթացիկ
դասակարգումին:
Մտնելու
ատեն
այդ
գործին
ճանաչումին
մէջ,
հարկ
կը
տեսնեմ
ծանրանալ
մանաւանդ
գործողին
ընդհանուր
մէկ
երկու
յատկութեանց։
Անիկա
մէկն
է
այն
հազուագիւտ
մարդերէն
որոնք
ձեռնարկներու
բարւոք
զարգացման
համար
օժտուած
են
այլապէս
անհրաժեշտ
շնորհներով,
ոչ
փայլուն,
ոչ
ուշագրաւ,
ոչ
առաջին
գիծէ,
բայց
առանց
որոնց`
ձեռնարկները
դիւրաւ
կը
քայքայուին։
Անշուշտ
ամէն
տեղ
ու
ամէն
ատեն
Արփիարեանն
է
ժողովուրդին
նախասիրած
խմբագիրը։
Բայց
նոյն
ատեն
անիկա
մարդն
է
որ
մինակը
պիտի
չկրնայ
հանդէս
մը
իսկ
ոտքի
պահել
քանի
մը
տարի։
Զատեցէք
զինքը
միշտ
իր
կողքին
կեցող
ընկերներէն,
անոր
կորովը
պիտի
թափի,
ցնդի
ու
շոգիանայ։
4-5
տարի
Մասիս
(մինչեւ
1890
ու
անդին),
նոյնքան
մը
Հայրենիք
(1890էն
մինչեւ
կոտորածները),
նոյնքան
մը
Նոր
Կեանք
(Լոնտոն,
1898-1901),
գործունէութիւններ
են
որոնք
օրուան
կեանքը
սեւեռող
մեծ
գրագէտին
անխառն
փառքերը
կրնան
նկատուիլ,
պայմանաւ
որ
անոր
մօտիկը,
անոր
աշխատախուցին
ետեւօքը
կենան
մարդեր
որոնք
Բաշալեան,
Շահնազար,
Կիւրճեան
անուանուին։
Ու
այս
մարդերը
միշտ
չպակսեցան։
Այդ
տեսակէտէն,
Լեւոն
Բաշալեանի
գործնական
զգայարանքը,
ամուր
կորովը
ու
կամքը
անփոխարինելի
ազդակներ
են:
Իրապաշտ
շարժումը
իմացական
տիսիբլին
մը
ըլլալու
չափ,
տնտեսական
ձեռնարկ
մըն
է:
Բաշալեանի
մասնակցութեամբ
կատարուած
հրապարակագրական
բոլոր
կազմակերպութիւնները
մեր
գրականութեան
մէջ
գեղեցիկ
եթէ
ոչ
բացարձակ
յաջողութիւններ
են։
Ու
այս
արդիւնքը
բանէ
մը
աւելին
կ՚ապացուցանէ։
Կամքի
այս
յստակ
փաստէն
դուրս
Լեւոն
Բաշալեան
գրական
խղճմտանք
մըն
է
որ
տարբեր
է
գրագէտին
մեզ
ածանօթ
տիպարէն։
Մինչեւ
եղունգները
գրագէտ
ծնած
Եղիան
ու
մինչեւ
իր
պատմական
վերլուծումներուն
մէջ
իսկ
արուեստի
ներհայեցողութենէն
բաժնուիլ
չկրցող
Արփիարեանը
տառապէս
հեռու
են
գրական
խղճմտանքներ
ըլալէ։
Ի՛նչ
որ
ելած
է
սակայն
Բաշալեանի
գրչէն,
նոյնիսկ
Նոր
Կեանք
ի
Լ.
Զարթումեան
ստորագրութեամբ
քաղաքական
տեղեկութիւնները,
կը
պահէ
այդ
խղճմտանքին
կնիքը,
ամուր
ու
անջնջելի։
Իր
արուեստին
հանդէպ
սա
յարգանքը
չի
նմանիր
նոյն
ատեն
Կամսարականի
բծախնդրութեան,
տաժանագին
որքան
սպառիչ
որ
զինքը
զարկաւ
այդքան
կանուխ։
Բաշալեան
քսան
ու
աւելի
տարիներ
գրած
է
մէկ
ու
նոյն
խղճմտանքով։
Ու
ասիկա
ուրիշ
փաստ։
Իր
ընկերներուն
մէջ
անիկա
ամենէն
տիտղոսաւոր
հրապարակագիրն
է
դարձեալ,
իբր
որակ
որքան
քանակ:
Գիտէ
միւսներուն
չափ
գրագէտի
մը
նախասիրութիւնները,
բայց
անոնցմէ
աւելի
հետամուտ
է
իր
իսկ
դերին
արդարացումին։
Անիկա,
այս
տեսակէտէն
դիտուած,
հեռու
է
զինքը
կանխող
հրապարակաւ
գրական
տիպարներէն։
Ոչ
Մամուրեան,
ոչ
Իւթիւճեան
ոչ
ալ
Կ.
Փանոսեան,
մեր
մամուլին
ջոջ
անունները,
բաղդատելի
են
իրենց
գործը
հասկնալու
եւ
կատարելու
կերպին
մէջ
Լեւոն
Բաշալեանի
եղանակին։
Իրեն
հետ
գործող
Քէչեանը
դարձեալ
եզր
մը
չի
բերեր
նմանութեան,
քանի
որ
Բիւզանդիոն
ի
մեծակորով
Տէրն
ու
Տնօրէնը
իր
թերթը
վարեց
ինչպէս
իր
խանութը
ու
դրամ
շինեց:
Կուսակցական
թերթերու
խմբագիրնե՞րը։
Բայց
ասոնք
ուրիշ
նահատակներ
են
ու
իրենց
դժբախտութիւնը
բաւ
է
իրենց:
Այնպէս
որ
այս
անուններէն
յետոյ
երբ
կը
կենանք
իր
անունին
առջեւ,
պարտաւոր
ենք
արդար
ըլլալ,
իր
մէջ
ընդունելու
համար
Պոլսեցիներուն
մօտ
կարելի
միակ
արի
կեցուածքը։
Ի՛նչ
փոյթ
համալսարանական
պատրաստութեան
պակասը։
Ի՛նչ
փոյթ
դժուար
ստեղծող
իր
միտքին
պարզութիւնը։
Էակա՛նը,
իր
հասարակութեան
կարելի
ու
տանելի
արժէքներ
պարզելն
է
լրագրողի
մը
համար։
Ու
ատիկա
ըրած
է
Լեւոն
Բաշալեան։
Հարկ
կա՞յ
ծանրանալ
կուսակցական
իր
գործունէութեան
ալ
վրայ,
այսօր
ապայժմէ,
բայց
քառսուն
տարի
առաջ՝
տիրակա՛ն,
բոլոր
մտածողներուն
համար:
Անիկա
ծառայած
է
ազգային
դատին,
զգօն,
խոհեմ
ու
խորահաւատ
միտքի
մը
եւ
հոգիի
մը
անդրանիկ
եռանդով
ու
աջալուրջ
նուիրումովը։
Իր
դասալքութի՞ւնը։
–
Ան
ալ
բացատրելի
որքան
Զօհրապինը,
Կամսարականինը։
Իրապաշտներուն
մէջ
ամենէն
օժտուածներէն
եղող
այս
տաղանդին
միակ
դժբախտութիւնը`
հրապարակագրի
իր
դերին
մէջ
ամրածրար
մնալու
իր
միամտութիւնը
եղաւ:
Իրեն
չէ
յաջողուած
ազատագրման
պահեր
ունենալ:
Ու
այս
մեղքը
կը
զարնէ
իր
գործը։
1.
ՄԱՐԴԸ
ԵՒ
ԳՈՐԾԸ
Շարժումին
ղեկավարներուն
գրականութիւնը
մեծ
չափով
բարեխառնուած
է
իրենց
գործին
պատմութեամբը:
Լեւոն
Բաշալեա՛ն՝
անուն
մը
միայն,
որուն
ստորագրութիւնը
յօդուածի
մը
տակ
որեւէ
նպաստ
պիտի
չբերէր
կեանքին
ճանաչողութեան։
Գիտենք
թէ
Պոլիս
ըրած
է
իր
ուսումը
ու
մտած
խմբագրական
ասպարէզը,
պարզ
գործնական
բնազդով
մը։
Ինք
կը
պատմէ
թէ
ինչպէս,
իր
տարեկից
տղոց
նման,
գործ
մը
փնտռելու
համար
կը
դիմէ
Մասիս
ի
խմբագրատունը
ուր
Թայմզ
էն
ու
Թան
էն
երկու
կտորներու
թարգմանութիւնը
իրեն
կը
բանայ
իր
ասպարէզը։
1868ին
ծնած
այդ
պատանին
1883ին,
ըսել
է
տասեւհինգ
տարեկան
հասակին
մէջ
կը
ձեռնադրուի
իր
խաչին
սպասին։
Այսօր
եօթանասուն
տարեկան
է
ան
ու
գլխիվայր
խաչելութեան
մը
կը
սպասարկէ։
Միջոցը
որով
կը
լեցուին
այդ
երկու
հանգրուանները,
աւելորդ
է
անգամ
մըն
ալ
ներկայացնել։
Անիկա
նոյնն
է
շարժումին
բոլոր
անդամներուն
համար։
Այդ
կեանքէն
որոշ
դիմագիծով
շրջաններ
են
սակայն
1884էն
սկսող
ու
հայկական
ջարդերուն
հասնող
առաջին
տասնամեակը,
տենդի,
հաւատքի,
խօլ
գործունէութեան
գարունքը,
եւ
ասոր
յաջորդ
երկրորդ
հնգամեակ
մը,
եւրոպական
ոստաններու
մէջ
մեր
երազին
հետապնդումը
ուխտադրող
անորակելի
կեանքէ
մը։
Նոր
Կեանք
էն
յետոյ
անիկա
պիտի
լքէ
կրկէսը,
անցնելու
համար
Կովկաս,
այս
անգամ
մամոնային
ծառայելու
հարկադրանքով
մը։
Հարկ
կա՞յ
հետեւելու
այս
մարդուն,
նոր
իր
առաքելութեան
մէջ։
1920ին
թէ
21ին
զինքը
տեսայ
Պոլիս։
Լերկ
մարդ
մըն
էր,
անունը
միայն
պահելով
իր
երիտասարդութեան։
Հետեւեցայ
իր
բառերուն
որոնք
ոչինչ
ունէին
ինծի
ըսելիք։
Օտարական
մըն
էր
խմբագրատան
մէջ
ուր
գտեր
էր
իր
պայքարի
ընկերներէն
մէկը,
Երուանդ
Օտեանը։
Չէր
հասկնար
այդ
Պոլիսը,
այդ
ոգին
ու
չէր
հասկցած
Կովկասն
ալ։
Տրտում,
պատրանաթափ,
հաւանաբար
այցուած
այն
գեղեցիկ,
խռովայոյզ
օրերուն
թախիծովն
ալ
որոնց
ոսկի
շրջանակը
կուգար
կախարդական
այդ
քաղաքէն.
անիկա
կրկնեց
ինչ
որ
ըրեր
էին
իրմէ
առաջ
Մինաս
Չերազ,
Արշակ
Չօպանեան,
—
ձգել
ու
հեռանալ:
Բայց
յիշողութենէս
չ՚ելլեր
իր
կերպարանքը,
դառնացած
ticի
մը
պէս
իր
դէմքին
վրայ
փակած,
իր
դժգոհանքը
պատմել
է
իսկ
վախնալով,
ու
պտտցնելով
խոր
իր
արհամարհանքը
զոր
կը
սնուցանէին
երկու
անցեալներ,
գրական
փառքին
ու
դրամին
անցեալները։
Չկրցայ
գոհացում
տալ
Երուանդ
Օտեանի
փափաքին,
անոր
գործը
դատելու
ձեռնարկի
մը
համար,
այն
օրերուն:
Այսօր
նոյն
չեմ
ըսեր
դժկամութիւնը,
բայց
դժուարութիւնը
ինծի
հետ
է
երբ
այս
տողերը
կը
գրուին:
Այն
ատեն
չէի
ուզած
հոգեկան
սա
վիճակին
շարժառիթները
վերլուծել:
Իր
ու
մեր
գրականութեան
միջեւ
քսան
ու
աւելի
տարիներ
կը
պառկէին։
Աւելի՝
իմ
սերունդը
չուրանալով
հանդերձ
Բաշալեանի
իրապաշտութիւնը,
նախասիրանքը
ունէր
արուեստի
ուրիշ
հանգանակներու:
Հիմա
որ
կործանած
են
բոլոր
հանգանակները
իմ
շուրջ,
հիմա
սակայն
իմ
դժուարութիւնը
կը
ծնի
ապահովաբար
այն
չեմ
ըսեր
հակադրութենէն,
այլ
անհամերաշխութենէն
որ
այդ
մարդուն
գործն
ու
համբաւը
իրարու
դէմ
կը
հանէ։
Եւ
սակայն
անիկա
ամենէն
անխառն
աշխատաւորներէն
մէկը
եղաւ
մեր
իմացականութեան:
Մեր
մամուլը
անիկա
պիտի
ազատագրէր
աս
ու
ան
փառքերուն
խնկարկու
եւ
սպասարկու
իր
անարգ
վիճակէն,
զայն
ընելու
համար
արի,
անկաշառ
բեմ
մը
ուրկէ
իր
հասկցած
ճշմարտութիւնները
եւ
իր
սիրած
սկզբունքները
պիտի
չվարանէր
աղաղակել,
ընդդէմ
աշխարհ
մը
արգելքներու,
ինչպէս
ըսի
արդէն
Արփիարեանին
համար։
Անիկա
այդ
բեմը
պիտի
յարդարէր
իբրեւ
թաքուն
վառարան
մը
նոր
օրերու
մեր
գերագոյն
մտահոգութեանց
ու
իր
ժողովուրդին
դարաւոր
երազը
դէպի
երջանկութիւն,
անկախութիւն,
պիտի
ընէր
պաշտամունքի
առարկայ
զանգուածներուն
խղճմտանքէն
ներս:
Անշուշտ
այս
վերագրումները
կը
կրկնուին
Արփիարեանի
ալ
առիթով։
Բայց
դիւրաբորբոք,
իր
կերպովը
ռոմանթիք,
քիչիկ
մը
անկայուն
այդ
մարդը
որ
Արփիարեանն
էր,
առանց
Բաշալեանի
թերեւս
դիմած
կ՚ըլլար
Եղիայի
ճակատագրին,
անոր
գրական
ճակատագրին,
այսինքն
անլրջութեան։
Բաշալեանին
դերը
իրապաշտ
շարժումին
մէջ
կեդրոնական
ու
դժուար
դեր
մըն
էր
նոյն
ատեն։
Կը
փորձուիմ
զայն
նմանցնել
Ռուբէն
Զարդարեանի
դերին
Ազատամարտ
ի
շարժումին
մէջ
ուր
չկասկածուած
բայց
այլապէս
մեծ
պաշտօն
մը
վիճակուած
էր
Խարբերդցի
գրագէտին
—
մեղմել,
բարեխառնել
հսկայ
խենդութիւններ
որոնք
արեւելահայ
յեղափոխական
սերունդին
գործքը
ինչպէս
միտքը
պարուրեցին
մինչեւ
մեծ
պատերազմ։
Գործ
մը
մարդ
մըն
է
նոյն
ատեն:
Ինքն
է
որ
կը
պատմէ
յուզիչ
դրուագ
մը
Լոնտոնի
իր
նահատակութեան
օրերէն,
Նոր
Կեանք
ը
խմբագրելու
ատեն
երբ
կը
ներկայացնէ
անգլիացի
տպագրիչը,
անողոք
իր
պահանջին
մէջ,
երկուքուկէս
ոսկին
չառած
շարուած
թերթը
մամուլին
չյանձնելու:
Կը
խորհիմ
թէ
անէքթոտը
վճռական
վկայութիւն
մըն
է
Բաշալեանին
մէջ
այն
տիրական
կողմին
որով
մենք
կ՚երաշխաւորենք
նախ
զմեզ,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
մեր
արժանիքները,
մեր
կարողութիւնները,
երկրորդաբար՝
արարքը
որուն
գործադրութիւնը
ստանձնած
ենք։
Անգլիացին,
օր
մը
զմայլանքով
կը
հետեւի
խմբագիր
Բաշալեանին
որ
շարուած
երկաթ
թերթերը,
ձեռնասայլակի
մը
վրայ,
կը
քշէ
բեռնակրի
մը
հետ
լծուած
սայլակին,
անձրեւին
տակ,
ցից
զառիվերէ
մը,
դէպի
տպարան։
Իր
գործին
հանդէպ
սա
սէրը
խանդաղատանքի
կը
տանի
սառնասիրտ
անգլիացին
որ
կը
բանայ
տպարանին
դռները,
առանց
երկուքուկէս
ոսկիի
կանխիկին։
Այս
մէկ
հատիկ
դրուագը
բաւ
է
ինքնին
կազմելու
համար
որոշ
գաղափար
այս
մարդէն։
Յեղափոխակա՞ն
մը։
Չեմ
տեսեր:
Եթէ
այդ
բառը
այսօր
տակաւին
կը
պարունակէ
գէթ
մէկ
մասը
հսկայ,
խենդեցնող
միսթիք
ին,
որուն
գերագոյն
օրինակները
այնքան
լիաբուռն
տուաւ
մեր
ժողովուրդը
իր
ազնուական
փաղանգէն
խոնարհանիստ
բայց
հոյակապ
բեռնակիրները
մինչեւ,
Լեւոն
Բաշալեան
իրաւունք
ունի
վերապրողներէն
որեւէ
մէկուն
չափ
եթէ
ոչ
աւելի,
այդ
վերադիրը
կրելու,
ու
ասիկա
առանց
ցոյցի,
մեծ
բառերու,
աղմուկի։
Յեղափոխականը,
այդ
մարդուն
մէջ,
կը
պարզէ
մէկ
քանին
այն
կողմերէն
որոնք
արեւմտահայ
հոգեբանութեան
կարկառուն
գիծեր
են
նոյն
ատեն:
Անոր
վրայով
դժուար
չէ
ինծի
համար
տեսնել
շարանը
մարդոց,
իմացապաշտ
փաղանգէն,
որոնք
կրկէս
իջան,
իրենց
ցեղին
ձայնը
պոռալու,
երբ
այնքան
վտանգաւոր
էր
ատիկա,
պոլսական
պայմաններուն
մէջ
մեծցած
մտաւորական
տիպարներուն
համար,
քիչիկ
մը
խակ,
միամիտ,
խանդոտ,
անհեռատես
բայց
որոնց
հոգեկան
հարստութիւնը
կը
ծածկէր
արարքին
անկարելի
դժուարութիւնները։
Անոնք,
Չօպանեան,
Արփիարեան,
Բաշալեան,
Օտեան,
Թէքէեան,
Պարթեւեան
Պոլսէն
փախուստէն
յետոյ
միայն
պիտի
հասկնային
ահաւորութիւնը
իրենց
արարքին։
Բաշալեան
չէ
դաւած
տակաւին
5-6
տարի
իր
հաւատքին։
Կովկասի
մէջ
իր
քարտուղարութիւնը
–
տնտեսական
մեծ
հաստատութեան
մը
մէջ
—
չեմ
դատեր:
Ոչ
մէկ
շահ
կամ
վնաս
պիտի
նշանակէր
այս
պարագան
անոր
դէմքին
ամբողջութեանը
մէջ։
Չեմ
շփոթեր
պարագան
հազուադէպ
բայց
կատարելապէս
ստոյգ
իրողութիւններու
հետ,
գրական
մարզէ,
ուր
մեզի
տրուած
է
հաստատել
նման
շրջումներ,
երբեմն
հետակորոյս
սուզումներ
որոնք
կը
ծածկեն
շքեղ
անձնաւորութիւններ
երբ
Չրաքեան
մը,
իր
տաղանդին
ամբողջ
կազմածը
անվթար
պահելով
հանդերձ
արտաքին
նայուածքին,
պիտի
դադրի
ինքիրմէ
մահուընէն
տասնամ
մը
առաջ,
գրելով
ու
գործելով
բայց
տրամագծօրէն
ներհակ
բաներ
իր
առաջին
անձնաւորութեան։
Բաշալեան
չէ
հերքած
ինքզինքը։
Իր
մեղքը՝
դադրիլն
էր
մեր
գրականութեան
համար։
Բարեգործականի
իր
սպասարկումը,
ինչպէս
Le
Foyerի
խմբագրութեան
մէջ
իր
դերը
կը
շահագրգռեն
մեր
քաղաքական,
քիչիկ
մը
ընկերային
պատմութիւնը,
բայց
չեն
դարձներ
մեզի
Մասիսի,
Արեւելքի,
Հայրենիքի,
Նոր
Կեանքի
արի,
լուրջ,
զգօն
ու
արդիւնաշատ
խմբագիրը։
Բարի
եղէք
դիտելու
նոյն
ատեն
որ
այս
հանդէսներուն
ու
թերթերուն
անունները
կը
պատմեն
մեզի
մեր
կարելի,
մեր
գերագոյն
ճիգերը
այդ
օրերէն:
***
Գործը
որ
այս
կեանքին
հետ
քալեց,
կը
կրկնէ
այդ
կեանքին
մեծ
կողմերը
դարձեալ
ու
իբր
արդիւնք
գերակշիռ
ալ
է
անկէ,
եթէ
զեղչենք
ողբերգութիւնը
անհայրենիք
մտաւորականին
որ
օտար
ոստաններու
ծուխին
ու
մուրին
մէջ
կը
պատրաստուի
դիմաւորել
անխուսափելին։
Լեւոն
Բաշալեան
քառսուն
տարի
է
կը
մեռնի։
Անոր
գործը
պէտք
է
տեսնել
երկու
մեծ
լոյսերու
ներքեւ։
Ատոնցմէ
մէկը`
գրականութիւնը,
որ
անոր
անդրագոյն
տարփանքը,
առաջին
կրակները
ու
յուզումները
տուաւ:
Երկրորդը՝
հրապարակագրական
աշխատանքը,
թերթ
կամ
հանդէս
վարելու
նիւթական
թէքնիկը։
Երբ
ասոր
վրայ
աւելցնենք
կազմակերպական
վատնումը,
կ՚ունենանք
ամբողջութիւնը
գործի
մը
որ
թէեւ
տարբեր
եւ
որոշ
երեսներով
կը
ներկայանայ,
բայց
խորքին
մէջ
կը
նոյնանայ,
մէկ
իրականութիւն
կազմելով,
մտաւորական
աշխատաւորին
վաւերական
խորհրդանշանը։
Անոր
գրականութիւնը
կը
բաղկանայ
պատմուածքներէ,
պատկերներէ,
տպաւորապաշտ
էջերէ,
քննադատական
նշմարներէ,
քրոնիկներէ,
նորավէպերէ,
այս
բառերէն
իւրաքանչիւրին
տալով
ճշգրիտ,
վճիտ
դիմագծութիւն։
Անոնք
բոլորն
ալ
հարազատ
ցոլացումներն
են,
իր
օրերուն,
արեւմուտքի
մէջ
փորձուած
նման
սեռերու:
Ու
մեր
հրապարակին
վրայ
կը
մնան
ամենէն
քիչ
խաթարեալ
նմոյշները
արեւմտեան
արուեստի
նման
փորձերուն։
Մի
փութաք
հետեւցնել
թէ
այս
հաւաստիքը
կը
քայքայէ
գրագէտէ
մը
մեր
մեծագոյն
սպասումը,
—
իր
ինքնատպութեան
փառքը:
Իմ
նկատողութիւնս
կ՚երթայ
այն
այլայլումներուն
որոնք
վիպակը
անճանաչելի
կ՚ընեն,
օրինակի
մը
համար
Եղիայի
վիպաշունչ,
քնարական
զեղումներուն
մէջ։
Կրնա՞ք
այդ
անունը,
առանց
տառապանքի,
գործածել
գրուածքի
մը
մասին
որ
Մակրինէ
կ՚անուանուի
եւ
ուր
Եղիա
կեանք
մը
կը
վիպէ,
բայց
զայն
տարափոխելով
հիմնովին։
Լեւոն
Բաշալեան
իր
մոթիֆները
կը
յարգէ
բացառիկ
որքան
բացարձակ
խղճահարութեամբ
մը,
առանձնանալով
այսպէս
իր
սերունդին
մէջ
իբրեւ
մէկը
որ
հաւատարիմ
եղաւ
ամենէն
առաջ
իր
մտապատկերներուն։
Բազմատեսակ
այս
արդիւնքին
մէջ
միութեան
գիծ
է
այս
պատկառանքը
արուեստին
հանդէպ
որ
կրնայ
վերածուիլ
իր
նախդիր
իմաստին
ալ,
բայց
յաճախ
մնացած
է
ինքզինքը։
Այս
լոյսին
մէջէն
տեսնուած,
այդ
ստեղծագործութիւնը
կը
ստանայ
նկարագիր
մը,
որուն
տարրերը
կը
վերլուծուին
քիչ
անդին:
Ու
շարունակելու
համար
պարկեշտութեան
սա
հանգիտութիւնը,
չեմ
վարանիր
յայտարարել
որ
անոր
տպաւորապաշտ
էջերը
կրնան
մեծագոյն
դիւրութեամբ
մը
փոխադրուիլ
ֆրանսերէնի
ուրկէ
կուգան
արդէն
գէթ
իբրեւ
մտադրութիւն։
Ինքն
է
որ,
իր
սերունդէն,
յաջողած
է
իր
ոճը
հիմնովին
ազատագրել
եթէ
ոչ
ցեղային
տարրէն,
գոնէ
անոր
այն
մասէն
որ
ամենէն
հաստն
է
յատկանիշներուն:
Չէք
կրնար
Սրուանձտեանցի
որեւէ
էջը
թարգմանել,
առանց
աղէտի։
Ֆրանսական
ձեւին
հանդէպ
սա
պաշտամունքը
բարեբախտ
վարժութիւն
մը
պիտի
ըլլար
անոր:
Իր
սերունդէն
ոչ
ոք
այս
պաշտամունքը
տարաւ,
առանց
անխուսափելի
վտանգներէ
պաշարուելու:
Գրական
իր
ժառանգութիւնը
որ
կը
կշտացնէ
արդար
հատոր
մը,
մեզի
պիտի
տար
մէկ
երկու
մեծ
գեղեցկութիւնները
մեր
նոր
գրականութեան.
փոքր,
հատուածական,
մանրանկարչական,
իրա՛ւ
է,
բայց
որոնց
կատարելութիւնը
քերթուածներու
անայլայլ
փառքին
կը
մօտեցնէ
զանոնք։
Պէշիկթաշլեանի
Յետին
հառաչք
ը
իր
արժանիքները
կը
պարտի
բանաստեղծական
թեքնիկէ
դուրս
յատկութիւններու:
Բաշալեանի
Նոր
Զգեստը,
հակառակ
իր
տարօրէն
համեստ
տարազին,
վկայութիւն
մըն
է
ոչ
միայն
իր
սերունդէն,
իրմէն,
այլեւ
մեզմէ,
ցեղային
հանգանակներէ։
Ատոր
փոխարէն
նոյն
բանաստեղծին
Եղբայր
ենք
մենք
ը,
որուն
բախտը
դեռ
չէ
կործանած,
հակառակ
այնքան
նիհար
արժէքին,
կրնայ
համեմատութեան
դրուիլ
Բաշալեանի
Կրեայ
ին,
զոր
դեռ
մինչեւ
այսօր
կան
մարդեն
իբրեւ
գլուխ-գործոց
մը
ոգեկոչող,
հակառակ
անոր
որ
կտորը
faisand
é
ապրանք
մըն
է
իննսունական
ճաշակէ
ու
գրուածքի
առաքինութիւններէ
դուրս,
վիրաւոր
է
ներսէն,
նիւթին
նիհարութեամբը:
Գրական
հունձքին
քանակային
ինչպէս
որակական
սա
տկարութիւնը
պէտք
է
դիմաւորել
ուրիշ
արդիւնքով
մը
սակայն,
որ,
հակառակ
իր
առաջինին
չափ
ուշագրաւ
չըլլալուն,
կը
պատմէ
այլապէս
բարձր,
շահեկան
ու
օգտաւէտ
վաստակէ
մը։
Ատիկա
խմբագրական
շնորհներով
չէ
երաշխաւորուած
միայն։
Այլ
անկէ
աւելի
բանով
մը
այսօր
կը
ներկայանայ
մեր
նկատառման:
Ուր
որ
վատնուած
է
այդ
աշխատանքը,
հոն
երեւան
եկած
է
արդիւնք
մը
որ
կը
տպաւորէ
քանի
մը
նման
յատկանիշներով,
որոնք
պիտի
վերլուծուին
քիչ
անդին։
Անոր
մատաղ
երիտասարդութիւնը
կը
զուգադիպի
Արեւելք
ի
կազմակերպումին
ու
Մասիս
ի
գրականացումին։
Չեմ
յառաջանար,
յայտարարելու
չափ
հազիւ
քսանամենի
այս
երիտասարդը
այդ
լրջագոյն
ձեռնարկներուն
իբրեւ
տիրական
զսպանակը։
Արփիարեանին
անունն
ու
շուքը
ընդարձակ
են
շատ,
զիս
զգուշութեան
հրաւիրելու:
Բայց
չեմ
վարանիր,
առանց
Բաշալեանի,
այդ
ձեռնարկներուն
մէջ
ենթադրել
ճակատագիրը
Արփիարեանի
առանձնակի
վաստակին,
որուն
նկարագիրը
պարզ
է
մէկէ
աւելի
անգամներով
փաստուած
ըլլալուն։
Մարտ,
Հայ
Հանդէս,
Լուսաբեր,
Շիրակ
եւ
տակաւին
ուրիշներ
մեր
գրականութեան
մէջ
միտէորաներու
կը
նմանին,
առանց
ակօսի։
Արեւելք,
Մասիս,
Հայրենիք,
Նոր
Կեանք
հաստատ,
դրական,
լայնակօս
երեւոյթներ
են
ոչ
միայն
իրենց
կեանքի
ընթացքին,
այլ
կը
շարունակեն
խանդավառել
մեզ
քառսուն
ու
աւելի
տարիներ
ետքն
ալ:
Որո՞ւ
կը
պարտին
վերջին
անունները
իրենց
այս
առաքինութիւնը։
—
Ապահովաբար
ոչ՝
Կարմիր
Ժամուց
ի
հեղինակին։
Յետոյ,
չմոռնալ
որ
Արեւելքի
եւ
Մասիս
ի
միաժամանակ
խմբագրումը
պայմանաւոր
է
իրմով։
Անշուշտ
շատ
մատաղատի
այդ
երիտասարդը
անբաւարար
է
իբրեւ
պատրաստութիւն։
Անոր
ուսումը
պոլսական
միջինէն
վեր
չէ։
Ընթերցում,
փորձառութիւն,
կեանք
պիտի
դարմանեն
քիչ
քիչ
այս
ակամայ
թերութիւնները։
Ու
հինգ
տարի
աշկերտութիւն
մը
(apprentissage)
անոր
պիտի
ճարէ
լեցունութիւն
մը,
հասունութիւն
մը,
վարդապետութիւն
մը
(maitrise)
որոնք
պիտի
նուիրագործեն
իր
ասպարէզը:
Անիկա
պիտի
ստեղծէ
խմբագրական
որոշ
կաղապար
մը
որ
տարբեր
է
Քէչեանէն
ինչպէս
Արծրունիէն։
Բաւ
է
յիշել
հոս
որ
Արեւելք
ի
վարկը,
Հայրենիք
էն
յետոյ
ու
ա՛յն
ատեն
իսկ
երբ
իրապաշտները
հեռացած
էին
Պոլսէն,
պայմանաւոր
էր
իրմով
ու
կը
մնայ
վկայ
մը
իր
կազմակերպութեան
մէջ
վատնուած
ոգիին,
լրջութեան
ու
կորովին։
Բայց
անոր
գործին
կեդրոնական
աշխարհը
Հայրենիք
ն
է,
1898ին
սկսուած։
Արեւմտահայ
հրապարակագրութեան
ամենէն
տաք
կրկէսը,
ինչպէս
ամենէն
կատարեալ
նուաճումը
որ
մեր
ուժերուն
ծիրին
մէջը
իյնար։
Իր
տեղը
կը
խօսիմ
այդ
թերթին
դերէն։
Բաւ
է
հոս
արձանագրելու
փաստը
որուն
համեմատ
ձեռնարկին
ամենէն
խոր
ու
հաստատ
խարիսխը
պէտք
է
ընդունիլ
Լեւոն
Բաշալեանի
անձին
մէջ։
Այս
պարագան
արժանի
է
մասնաւոր
սա
յիշատակութեան
քանի
որ
աւելորդ
անգամ
մըն
ալ
կ՚ապացուցանէ
դերը
զոր
կը
կատարեն
կամքը,
հաստատ
նպատակները
մեր
իրագործումներուն
մէջ։
Այսօր
գաղտնիք
չէ
որ,
հակառակ
ստուերի
մէջ
մնալուն,
անոր
անունը
լայնագոյն
բաժին
մը
ունի
հաւաքական
այդ
յաջողուածքին
մէջ։
Ոգի,
թէքնիկ,
նիւթական
մատակարարութիւն,
թղթակցական
կազմակերպում,
գործերու
բաժանում
միայն
չեն
ներկայացներ
այդ
ճիգը։
Ասոնցմէ
վեր
է
ուղեղը
որ
պատասխանատուն
է
այդ
ամենուն:
Անշուշտ
հոս
մեր
առջեւ
կը
ցցուի
Արփիարեանին
ահաւոր
ստուերը:
Բայց
արդարութիւնը
ստուերներէն
չէ
վախցած։
Ու
չեմ
գիտեր
ինչու,
այդ
ուղեղը
ես
պիտի
ուզէի
ազատագրել
Արփիարեանէն։
Լեւոն
Բաշալեան
այդ
թերթին
չորս
հինգ
տարիներու
մէջ
ինչ
որ
տուած
է
իր
ստորագրութեամբ,
ըրած
է
ծանր
գիտակցութեամբ
մը։
Անոր
յօդուածները
—
լրագրականները
ունիմ
նկատի
—
այդ
օրերու
խորագոյն
մտահոգութիւնները
կը
կերպադրեն։
Բայց
կ՚արժէ
ծանրանալ
Լոնտոնեան
ձեռնարկին
որ
հրաշքի
մօտիկ
բանի
մը
հետ
կը
շփոթուի
երբ
մտքի
առջեւ
թարմացնենք
օրերն
ու
պայմանները:
Բուռ
մը
խնդիր
են
անոնք
որոնք
1898ին
այդ
ահեղ
քաղաքին
մէջ,
տառապէս
անօթի
(գիտենք
ասիկա
Պարթեւեանի
պատմուածքներէն
եւ
Օտեանի
յիշատակներէն),
իրենց
թշուառութիւնը
միայն
ունին
քով
քովի
բերելու,
աւելորդ,
բեռ,
տառապանք
իրենց
տաղանդներէն
ետքը։
Շինեցէք
մեր
մտաւորականութեան
առաջին
կործանումը,
շատ
աւելի
ահաւոր
քան
1915ի
ողջակէզը
որ
վճարման
պահ
մը
եղաւ
ու
չունէր
անդրադարձ
մեռնողներէն
ներս,
մինչ
1900ի
տղաքը
իրենց
ամօթն
ու
յուսահատութիւնը
պարտաւոր
եղան
հագնելու
նեռոնեան
պատմուճաններու
նման:
Նոր
Կեանք
ը,
այս
հոգեբանութեան
մէջ
զարգացած
ձեռնարկ
մըն
է։
Դիւրին
է
անկէ
վերջցնել
արդէն
անկշիռ
պիտակը
կուսակցութեան
մը
օրկանին։
Գրական
ճշմարիտ,
ազատ
բեմ
մըն
է
ուր
չեն
վախնար
իրարու
հանդիպելու
այդ
օրերու
մեր
տարագիր
մտաւորականները,
կռուազան
Չօպանեանը
ինչպէս
անսիրտ
խարազանող
Պարթեւեանը,
Միքայէլ
Կիւրճեանը
ինչպէս
այսօր
շատ
մոռցուած
բայց
այն
օրերուն
ուժ
մը
կազմող
Վ.
Սվաճեանը։
Անշուշտ
հոս
ալ
ահաւոր
Արփիարեանն
է
թերթին
մարմինը։
Ան
է
որ
պիտի
լեցնէ
անոր
կլափը,
իր
ալքերէն
ճարելով
անսպառ
նիւթ։
Բայց
Բաշալեանին
կ՚իյնայ
պարտքը
այդ
շէնքը
կանգուն
պահելու:
Ու
գրական
հանդէս
մը
չէզոք
ձեռնարկ
մը
չէ։
Պատմեցի
թէ
ինչպէս
կը
խմբագրուէր
անոր
նիւթական
կողմը։
Բայց
ձեզի
կը
ձգեմ
վերաշինել
այդ
մարդուն,
իր
ընկերներուն
հոգիները
երբ
այդ
հեւասպառ
վաստակին
իբրեւ
վարձատրութիւն
մեր
մարտիրոսագրութեան
անլռելի
արձագանգները
միայն
ունէին
անոնք։
Ու
հոս
է
այդ
սերունդին
ողբերգութիւնը,
արտասահմանի
մէջ։
Առանց
նպաստ
գտնելու
իր
իսկ
սպասարկած
դատին,
հերքուելու
գինով
նոյնիսկ
անկէ,
այդ
սերունդը
կատարեց
իր
պարտականութիւնը,
լուռ
ու
հերոսական։
Կ՚անցնիմ
Կովկասէն:
Ու
չեմ
խանդավառ
այն
չորս
տարիներով
որոնք
անիկա
սպառեց
Le
Foyerն
խմբագրելով։
Բայց
կը
կենամ
անոր
կիսադարեան
վաստակէն
առաջին
քսան
տարիներուն
վրայ
որոնք
ոչ
միայն
իր
գործը
այլեւ
իր
անունը
կ՚ընեն
արժանի
ամէն
յարգանքի։
Բարիզ
հաւաքոյթ
մը
միայն
շնորհեց
անոր։
Կը
սպասենք
աւելիին:
2.
ԿՈՂՄԵՐԸ
ԻՐ
ՏԱՂԱՆԴԻՆ
Հակառակ
իր
վաստակին
պարզ
նկարագրին,
քննադատը
դժուարութիւն
կը
զգայ
անոր
տաղանդին
կողմերը
պարզ
տարազներու
վստահելու:
Այս
վարանումին
պատճառը
հաւանաբար՝
որակի
զանազանութեան
ու
ազնուութեան
քով
քանակի
հարցին
անկայունութիւնը,
անհաւատարմութի՛ւնը:
Վասնզի
դժուար
է
երեք
չորս
պատմուածքի
համար
վիպող
մը
ստեղծել,
ինչպէս
լրագրաբնոյթ
գրական
դատաստաններու
ետին
քննադատ
մը
ընդունիլ։
Ի՛նչ
որ
կարելի
է
առանց
վերապահութեան
յայտարարել,
ատիկա
իր
հրապարակագրութիւնն
է
որ
մինակը
երբեք
չի
փրկեր
դէմք
մը,
անոր
տալու
համար
մուտք
գրականութեան
պատմութենէ
մը
ներս:
Եւ
սակայն
Ղալաթիոյ
Ռէսթը
լաւագոյն
պատմուածքներէն
մէկն
է
ամբողջ
իր
սերունդին
արդիւնքին
մէջ։
Անոր
դատաստանը
Կամսարականի
վէպին
վրայ
արդար,
առաքինի,
ուղղափառ
դատաւորի
մը
պատկերը
կը
թելադրէ
մեզի։
Այն
ատե՞ն։
Ինծի
կուգայ
թէ
պէտք
է
շեղում
մը
ընել,
տեսնելու
համար
անոր
զուտ
ստեղծագործական
էջերը
առանձին
գլուխի
մը
մէջ
որ
բովանդակէր
անոր
նորավէպերը,
պատկերները,
տպաւորապաշտ
էջերը
։
Այդ
գլուխը
չի
տիտղոսուիր
անշուշտ
վճռապէս,
ինչպէս
է
պարագան
իր
ընկերներուն
համար
որոնք
առանց
դժուարութեան
կ՚արդարացնեն
իրենց
տիտղոսները:
Բայց
կը
խմբէ
իր
գործին
ամենէն
մշտարժէ,
գեղեցիկ
տարրերը
ու
իրացումը:
Ուրիշ
բաժանում
մը
արդար
պիտի
ըլլար
այդ
վաստակին
այն
մասին
համար
որ
իբրեւ
ծաւալ
կը
գրաւէ
ստուարագոյն
վատնումը
անոր
ուժերուն։
Հրապարակագրական
այդ
աշխատանքը
կրնայ
դիմաւորել
եթէ
ոչ
արուեստի
պաշտպանութիւն,
գէթ
մեր
գրականութեան
յատուկ
կերպ
մը,
օգտաւէտ
որքան
անխուսափելի։
Չմոռնալ
որ
մեր
հրապարակագրութիւնը
լայնօրէն
շաղախուած
է
մեր
գրականութեան
բոլոր
յուզումներով,
տագնապներով։
Ու
քրոնիկը
մեր
մէջ
գեղեցիկ
է
երբեմն,
արուեստի
գործ
մը
որակուելու
աստիճան։
Ուրեմն
իր
մէջ
կը
դատեմ
ստեղծագործական
էջերու
հեղինակը,
քրոնիկագիրը
։
Եւ
որովհետեւ
այս
բաժանումը
վերլուծման
դիւրութեան
համար
կը
ներուի
(քանի
որ
իրականին
մէջ
նոյն
ու
մէկ
կարողութիւնն
է
որ
կը
լեցնէ
իւր
պատկերները
ինչպէս
իր
խմբագրականները),
կը
միացնեմ
անոր
դէմքը
ուրիշ
բաժինի
մը
մէջ,
գրագէտը
որ
այս
անգամ
համադրութիւնն
է
անոր
ուժերուն:
3.
ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԸ
Լեւոն
Բաշալեան
իր
սերունդին
որեւէ
վիպողէն
աւելի
տիրական
յատկանիշներ
կը
բերէ
մեր
նկատառումին,
պատմելու
մարզին
մէջ,
ստեղծիչը
դառնալու
աստիճան
պատմելու
կերպի
մը
որուն
նմանը
գտնելու
համար
պէտք
պիտի
ըլլար
բարձրանալ
մինչեւ
ժամանակակից
պատմողները,
ֆրանսական
ու
անգլիական
դպրոցէն
(
Ժիւլ
լը
Մեթր
ու
Թովմաս
Հարտի,
յիշելու
համար
քանի
մը
յատկանշական
անուններ)։
Այդ
կերպը
կը
զատուի
Զօհրապի
պչրուն
բայց
արու,
պարզ
բայց
ամբողջ,
արագ
բայց
կատարեալ
արուեստէն
որ
քանի
մը
սիւնակի
մէջ
ամբողջ
կեանք
մը
կը
դագաղէ:
Ու
կը
զատուի
Կամսարականի
եղանակէն,
իմացապաշտ
անոր
հակումները
զանցելուն
ու
պատկերը,
կեանքը,
բացառիկ
շեշտը
նուաճելու
իր
այլամերժ
առաջադրութեամբ։
Չի
մտներ
բաղդատութեան
Արփիարեանի
հում,
անմշակ
վիպակներուն
ոչ
ալ
Սիպիլի
թուլիկ,
անյաւակնոտ,
քնքուշ
սրտազեղումներուն
կամ
Հրանդի
միակտուր,
ծանր,
հաստ
թախիծով
մը
տքացող
քրոնիկներուն
հետ։
Ընդհանրապէս
կարճ
շունչով
պատմում
մըն
է
ատիկա
(երբեմն
չորսէն
հինգ
երբեմն
ութէն
տասը
սիւնակը
չանցնող),
բայց
վճռական
շատ
մը
կողմերով։
Նախ,
անպայման
կը
բարձրանայ
սրտառուչ,
բաթէթիք
տռամի
մը
վրայ
որ
լագրական
տարողութեամբ
զանազան
դէպքերու
կալուածին
կը
պատկանի,
հաւանաբար
անկէ
հանուած
շատ
յաճախ։
Իբր
այդ,
ամփոփ
է
իր
շրջագիծը,
քանի
որ
գործողութիւնը
իր
տեւողական
կեանքը
արդէն
ապրած
է
տռամին
մէջ
գագաթուելէ
առաջ:
Ինչ
որ
անոր
պարունակովը
կը
տրամադրուի
մեզի,
պարագայական
ուժգնութիւն
մըն
է
յուզման,
կիրքերու
բախումին
ու
ասոնց
հետեւանք
ողբերգութեան
որուն
հեռահաս
արմատները
արտահանել
չէ
առաջադրած
հեղինակը:
Գործողութեան
սա
սեղմ
գնացքը
թերեւս
մէկն
է
այդ
պատկերներուն
ծանր
յուզականութեան
պատճառներէն:
Երկու
սիւնակը
չի
յորդիր
թերթին
այն
քրոնիկը
որ
այն
օրերուն
նորավէպը
կը
կաղապարէ
եւ
իբրեւ
վերնագիր
ունի
փափուկ
սիրտ
։
Բայց
չէք
կրնար
աւարտել
զայն
առանց
արցունքի։
Բաթէթիք
տարրին
սա
տիրապետումը,
աւելի
կամ
նուազ
յաջողութեամբ,
իրական
է
անոր
բոլոր
պատկերներուն
համար։
Այս
հանգամանքը
մինակը
կը
բաւէ
արդէն
որպէսզի
նպաստաւորուին
յարակից
բլանները
կտորին,
որոնցմէ
ոմանք
այլապէս
կը
շահագրգռեն
մեզ։
Այսպէս,
այդ
բլանները
տիպարային
ներկայացումներ
են
երբեմն,
նօթուած
ծայրայեղ
ճշգրտութեամբ,
մոյնքի,
ոսկորի,
զգեստի,
երբեմն
հոգիի
զանակներով,
որոնք
բոլորը
մէկ
կը
բռնանան
մեր
ուշադրութեան,
երբեմն
զայն
կը
նեղեն
ալ,
բայց
կ՚ազատուին
ծանրաբեռնում
մը
ըլլալէ,
քանի
որ
կը
բերեն
առնուազն
տիպարային
ճշդութիւն,
հարազատութիւն։
Այս
յօրինումին
մէջ
անիկա
կը
զգուշանայ
ուղղակի
խորհրդածումէն
որ
կը
վերածուի
շատ
դիւրութեամբ
անտեղի
շեղումին,
ինչպէս
հաստ,
ծանր
գծագրութեան
որուն
հանդէպ
տկար
է
իր
քրոնիկներուն
մէջ
շատ
անգամ։
Յետոյ
կը
մանրէ,
կը
մանրանկարէ,
միշտ
ամուր
ու
ապահով
քաշելով
տիրական,
յատկանշող
գիծերը,
գտնելով
ամենէն
յարմար
գոյնը,
ինչպէս
պատրաստելով
ամբողջութիւնը
տաղաւորող
մթնոլորտը,
խորհուրդը:
Շրջանակը
այսպէս
յարդարելէ,
անձերը
այսպէս
տնկելէ
(camper),
խորհուրդը
այսպէս
գոլի
մը
պէս
տեսարանին
վրայ
առկախելէ
վերջ,
Լեւոն
Բաշալեան
ինքզինքը
կուտայ
իր
կտորին,
բացարձակ
անձնատուութեամբ
մը
որ
անհասկնալի
կը
դառնայ
առաջին
ակնարկով,
այս
անանձն,
անզգած
արուեստի
ուխտեալ
սպասարկուին
մօտ,
բայց
կը
բացատրուի
երբ
պատմումը
աւարտի:
Թուղթերուն
վրայ
թրթռացող
կեանքը
այնքան
թանձրացած
է
որ
չի
կրնար
փախչիլ
ու
կը
քալէ
մեզի
հետ։
Մենք
չենք
հմայուիր
անոնցմէ,
չենք
խռովիր,
չենք
տրտմիր
կամ
ուրախանար
անոնց
ճակատագրին
հետ,
վասնզի
մեզի
իբրեւ
վէպ,
հնարովի
պատմում
չեն
տպաւորեր։
Անոնք
կ՚ամրանան
մեզմէ
ներս,
իրական
դէպքերու
ծանրութեամբը
ու
կը
զատուին
Զօհրապի
կամ
Սիպիլի
նորավէպերէն
ինչպէս
կը
զատուի
իրականութիւն
մը
երազէ
մը:
Այս
ձեւ
ըմբռնուած
ու
գործադրուած
արուեստի
մը
նկարագիրը
ան
է
որ
թերութիւնները
առաքինութիւններ
կը
դառնան։
Ու
կտորը
յօրինող
բոլոր
երկրորդական,
չորրորդական
տարրերը,
որոնք
կրնային
զեղջուիլ,
իմաստի
մը,
չըսելու
համար
անհրաժեշտութեան
մը
կը
բարձրանան,
քիչ
անգամ
հերքուած:
Քանի
մը
օրինակներ։
Տէրտէրին
Ուխտը
ծանր
մթնոլորտ
մը
ունի,
հակառակ
սեղմ
իր
սիւնակներուն։
Չեմ
լայննար
տիպարներուն
քննութեան
որոնց
վաւերատիպ
ճշդութիւնը
գնահատելու
մէջ
մեր
գրողներէն
որեւէ
մէկուն
չընծայուած
փաստեր
ալ
ունիմ
քանի
որ
պատմուածքին
շրջանակը,
անձերը,
ոգին
ինծի
ծանօթ
են
ֆիզիքական
ընտանութեամբ
մը,
վերցուած
ըլլալով
մեր
շրջանէն։
Գործողութեան
մասին
ալ
քիչ
է
ըսելիքս։
Լեւոն
Բաշալեան
բոլոր
իր
ընկերներէն
աւելի
տիրապետած
է
անոր
հիմնական
առաքինութեան.
—
ուղիղ
գիծին
առաքինութիւնը,
եթէ
կը
ներուի
այսպէս
ըսել։
Բայց
մթնոլորտին
ծանրութի՞ւնը:
Անիկա
արդիւնք
է,
իմ
կարծիքով,
իրապաշտ
թէքնիքին
ճնշումին։
Որովհետեւ
իր
գործողութիւնը
սեղմ
է
շատ,
շրջանակը՝
ամփոփ,
բայց
պարագրկուելիք
կեանքը
չափազանց
յորդ,
Բաշալեան
հարկին
տակն
է
քանի
մը
տիuիբլին
միանգամայն
վարելու:
Անոր
մէջ
կը
պայքարին՝
բանաստեղծը,
որ
բնութեան
տեսարանները
կը
զգայ
շատ
աւելի
խոր,
կսկծագին
հեշտութեամբ
մը
քան
Պոլսոյ
լուսներգուները,
եւ
իր
ապրումներուն
սարսուռը
կը
ջանայ
փոխադրել
իր
բառերով,
այլապէս
բեռնաւոր՝
ուրիշ
շատ
մը
պարտքեր
կատարելու:
Բարքերու
հետազօտիչը
`
որուն
մէջ
ի
ծնէ
բարոյախօս
մը
կայ
արդէն,
եւ
որ
մարդոց
տրտմութիւնները,
անկումները,
վէրքերը
ճանչնալու
իր
պարտքը
շփոթած
է
բարձրահայեաց,
հեռահայեաց
հանգանակներու
թելադրանքին
մէջ
եւ
կը
տառապի
այդ
քանի
մը
ծալքով
աշխատանքը
վստահիլ
ստիպուած
ըլլալուն
նոյն
այդ
բառերուն:
Արուեստագէտը
՝
որ
գիտէ
իր
արհեստը,
աւելին,
ըսել
կ՚ուզեմ
իր
ձեւը
որ
հերքում
մըն
է,
հակադրում
մը
ուրիշ,
անկարեւոր,
թերեւս
վնասակար
ձեւերու,
իր
ժամանակին
այնքան
յարգի
բայց
այնքան
ալ
փցուն:
Այդ
արուեստագէտը
հարկին
տակն
է
այս
խնամքն
ալ
պարտադրելու
արդէն
քանի
մը
մտադրութիւններով,
պաշտօններով
ծանրաբեռն
իր
բառերուն։
Խորհողը,
որ
լրջութիւն
ու
ազնուական
նպատակներու
հետամտութիւնը
չարհամարհեց
ու
գրելու
արարքը
վերածեց
բարձրօրէն
բարերար
ըմբռնումի
մը։
Այս
կարճ
տարրալուծումը,
ուր
դեռ
վեր
չհանուած
շատ
մը
տարրեր
մուտք
ունին,
կը
բացատրէ
այն
կերպով
մը
ծանր,
անհանգիստ
զգացողութիւնը
որ
նիւթին
հեղումը
չէ
իրմէ,
մեր
մէջ,
այլ
չորս
հինգ
մտադրութեանց
իրերադիր
ճնշումին
անդրադարձը։
Տէրտէրին
Ուխտը
ին
մէջ
ատիկա
կը
զգանք
ամենէն
աւելի
հոն
ուր
հեղինակը
կը
ջանայ
մեզի
թելադրել
որսորդի
զգայութիւններ,
երբ
իր
հերոսը
կը
նետէ
ձիւնն
ի
վեր
կամ
վար,
հալածելու
վարազները:
Ուրիշ
պատմուածքի
մը
համար
քիչ,
բայց
հոդ
լայն
այդ
դրուագումը
կը
զատուի
կտորին
մարմինէն
ու
կը
բռնանայ
։
Անշուշտ
բեռ
մը,
աւելորդութիւն
մը
չի
կազմեր,
բայց
կը
խանգարէ
համեմատականութիւնը
յօրինուածքին:
Մօբասանեան
զգայութիւններու
ընդօրինակութիւն
մը
չէ
հարկաւ
ինչ
որ
տրուած
է
մեզի
այդ
որսորդին
առիթով։
Բայց
գաղիացի
պատմողին
(conteur)
ուրուականը
ամէն
կտորի
հետ
կը
յառնէ
իմ
մէջ,
երբ
այդ
կտորը
այսպէս
տիրապետուած
կեանքէ
մը
կը
խօսի
ինծի։
Սիւղէնիի
Վարպետը
ուրիշ
նմոյշ
մը`
այդ
խտութեան,
կատարելատիպ
ճշդութեան,
խորունկ
յուզումի,
հոգեկան
գոյնի,
լրջութեան,
տիպարային
յղացքներու,
տեղական
գոյնի,
խոր
համակրանքի,
հայեցիութեան
(եթէ
այս
բառին
մէջ
ուզենք
տեսնել
քանի
մը
կարկառուն
կողմերը
պոլսական,
պոլսամերձ
մեր
ժողովուրդին)։
Այս
բառերէն
իւրաքանչիւրը
իմ
մտքիս
մէջ
ընդարձակ
գործողութիւններ
կը
փոխանորդեն
ու
կը
հաւատամ
թէ
կ՚ընէին
նոյնը
նաեւ
Լեւոն
Բաշալեանին
համար։
Արդ,
պատմուածք
մը,
ան
ալ
4-5
էջնոց,
կարո՞ղ
է
տանիլ
այսքան
ճնշում:
Պիտի
յիշեմ
Չեխովը,
որուն
տիրական
մտահոգութիւնը՝
հոգիներու
ճակատո՛ւմն
է,
այնքան
մը
բան
առնելով
արտաքին
աշխարհէն
որքան
անհրաժեշտ
է
մարդերը
փրկելու
օդակառոյց
abstraction
դառնալէ։
Մօբասանը
որ
պիտի
պատմէ,
պարզ
ու
շիտակ,
առառաւելն
երկու
բլանով,
ներքին
ու
արտաքին
աշխարհներու
կարճառօտ
(sommaire)
ագուցումով
մը
ու
պիտի
նուաճուի
իր
նիւթին
մեղրովը,
յուզումովը։
Տարբեր
հոգեբանութեանց
ծնունդ
այս
երկու
անուններուն
իրագործած
զուգորդութիւնը
Բաշալեանի
արուեստին
արթնցուցած
տպաւորութեան
հետ
ուշագրաւ
է
սակայն
ուրիշ
կողմով
մը
որ
կը
լուսաւորէ
հայ
պատմողին
ծանրութիւնը:
Անոնք
ընդարձակ
գործերու
մէջ
թափեցին
իրենց
ըմբռնումները։
Ծաւալի
սա
պարագան
պէտք
չէ
ստորգնահատել։
Եթէ
անիկա
ջրի
կ՚ընէ
կարգ
մը
ստեղծումներ
(մեր
մէջ,
պատմելու
մարզէն
թիփիկ
է
Արշակ
Չօպանեանին
կերպը
որմէ
բաւ
է
երկու
նորավէպ
կարդալ,
վարժուելու
համար
եղանակին
ու
մոռնալ
մնացեալը,
առանց
կորուստի),
միւս
կողմէն
անոր
անձկութիւնն
ալ
պատճառ
է
այդ
չափը
զանցող
խտացումներուն:
Մանրանկարի
մը
վայելումը
յաճախ
պարզ
աչքերուն
արգիլուած
զգայութիւն
է։
Ու
նոր
չէ
որ
Լեւոն
Բաշալեան
կը
նկատուի
մեր
ամենէն
տաղանդաւոր
մանրանկարիչը:
Այս
օրինակները
բազմապատկել
պիտի
չբաւէր
լուսաւորելու
հարցը
որ
թէքնիկի
ինչպէս
խառնուածքի
բարդութիւն
մըն
է։
Կը
վերադառնամ
անոր
երբ
գրագէտը
կը
վերլուծեմ:
Հոս
պարտք
է
ինծի
Լեւոն
Բաշալեանի
աշխարհը
համառօտագրել,
որքան
կարելի
է
ատիկա,
ինքնին
համառօտագրութիւն
մը
կազմող
գործի
մը
համար։
Անոր
մէկ
լայն
մասը
վերցուած
է
մեր
ամենէն
խոնարհ,
մինչեւ
իր
օրը
մեր
արուեստէն
մուտք
չունեցող
դասակարգէն:
Արհեստաւոր,
բանուոր,
մաքսանենգ,
երբեմն
մտաւորական
երանգէ
խորտակեալ
վրիպածներ,
յաճախ
մայրեր,
աղջիկներ,
մանաւանդ
տղաք
։
Մեր
միջավայրէն
այս
սեւեռումները
իրապաշտ
թէքնիկին
մէկ
նուէրը
չեմ
նկատեր
մեր
գրականութեան։
Հրանդ
տուած
է
աւելի
թշուառութիւն,
աւելի
հոծ
իրականութիւն։
Զօհրապի
կիները
ոչ
նուազ
իրաւ
ողբերգութիւններ
են։
Բայց
ինչպէս
որ
այս
անուններուն
հետ
մեր
մէջ
աշխարհի
որոշ
պատկեր
մը
այլեւս
ընտանի
դարձած
է,
նմանապէս
Բաշալեանի
աշխարհն
ալ
կը
պայմանաւորուի
մեր
ցեղին
ամենէն
տոկուն
տարրովը,
—
իր
արհեստաւոր
տարրին
նկարագրումովը:
Այս
պարագան
է
որ
կը
զատէ
այդ
գործը
իր
շրջանին
մէջ։
Եւ
որովհետեւ
հայոց
ժողովուրդը
ժողովուրդն
է
ամենէն
առաջ
այդ
կարգին,
սխալ
չըլլար
Բաշալեանը
ընդունիլ
իբր
ամենէն
տիտղոսաւոր
պատկերահանը
այդ
ժողովուրդին,
այս
անգամ
իրաւամբ
պահ
մը
մոռնալով
այդ
Պոլիսին
ուրիշ
մեծ
երեսները,
մեր
ռոմանթիքները
ամբողջ,
մէկ
կարեւոր
մասը
մեր
արուեստագէտներուն։
Ասիկա
ըսել
ոչ
չափազանցում
մըն
է
ոչ
ալ
անիրաւում
մը։
Բաշալեան
այն
միակ
գրողն
է
որ
իր
մէկ
երկու
կտորներուն
վրայ
իրականացուցած
է
դժուար
միացումը
ցեղային
տարրին
ու
արուեստին:
Անոր
Նոր
Զգեստը
կարելի
զիջումն
է
այդ
Պոլիսին
ինչպէս
արդար
նմոյշ
մը
այդ
Պոլսէն
վեր
արուեստի
մը,
զոր
իրմէն
յետոյ
փորձեցին
Թլկատինցին,
Ռուբէն
Զարդարեան
եւ
աւելի
քիչ
յաջողութեամբ
մեր
օրերուն՝
Համաստեղ։
Այս
աշխարհամասը
դժբախտ
է
իր
փոքրութեամբը:
Ութէն
տասը
չ՚անցնիր
թիւը
Լեւոն
Բաշալեանի
այս
կարգէ
պատմուածքներուն։
Անշուշտ
քանակը
մեծ
բան
մը
չէ։
Տիգրան
Արփիարեան
իր
մէկ
պատմուածքով
ալ
—
Աւազներու
Մէջ
—
պիտի
պահէր
իր
անունը
մեր
գրականութեան
մէջ
եթէ
չունենար
ուրիշ
ալ
աշխատանք
իր
պահանջքէն
գրուած։
Կ.
Տողրամաճեանի
(ապագային՝
Վահան
Մանուէլեան)
Հովուերգութիւնը
մինակը
կը
փրկէ
այդ
անմոռանալի
տղան։
Տիրան
Քէլէկեանի
մէկ
երկու
պատմուածքները
կը
խօսին
իրենց
հեղինակին
ի
նպաստ
շատ
աւելի
արդարապահանջ
կերպով
մը
որքան
պիտի
չընէին
Ժպիտ
եւ
Արտասուքը
Աճէմեանին
համար։
Բայց
դժբախտութիւնը
Լեւոն
Բաշալեանին
համար
հոն
է
որ
այդ
պատմուածքները
շատ
մը
բաներ
են
նոյն
ատեն:
Ու
իբրեւ
այդ
նկարագիր
չեն
դառնար
իր
գրելու
կերպէն,
քանի
որ
մենք
կը
գտնենք
իր
անունը
բազմաթիւ
ուրիշ
ստեղծագործական
էջերու
տակ,
բոլորովին
տարբեր
իբր
խտութիւն,
մթնոլորտ,
արուեստի
տարր։
Միջերկրականեան
ընդհանուր
տիտղոսի
մը
տակ
անիկա
բազմաթիւ
կտորներ
գրած
է,
որոնք
մեզ
կը
թողուն
անտարբեր,
ու
ասիկա
թերեւս
այն
կատարելութեան
համար
որուն
երախտապարտ
ենք
ազգային
նախանիւթով
իր
յօրինումներուն
մէջ։
Ծովու,
եզերքի,
կայքի,
դիրքի,
մարդու,
պահի,
կիրքի,
երկինքի
այդ
շատ
մանր,
շատ
ստոյգ,
շատ
խիտ
պատկերացումները,
հակառակ
անոր
որ
կը
ձգտին
աւելի
ընդարձակ,
համամարդկային
արդիւնքներու,
կը
վրիպին
իրենց
շատ
իրաւ,
շատ
որոշ,
շատ
թէքնիք
կատարելութեան
մէջ
քիչիկ
մը
սառելով։
Թերեւս
իրապաշտ
թէքնիքին
վարձքն
ու
պատուհասը
կը
պատկերուի
այս
անգութ
վրիպանքին
մէջ։
Նոյն
վրիպանքը
դարձեալ
Բարիզեան
իր
քրոնիկներուն
մէջ
որոնք
այսօր
չունին
մեր
ջիղերուն
վրայ
որեւէ
տպաւորութիւն։
Եւ
սակայն
անոնք
կուգան
տաղանդաւոր,
իր
արուեստը
բարձրօրէն
տիրապետող
մարդու
մը
ապրումները
իբրեւ:
Այն
ատե՞ն։
Ի՞նչ
արդիւնքի
կը
տանի
մեզ
այս
վրիպանքը
։
Ու
ստիպուած
կը
յիշեմ,
միշտ
այդ
օրերուն,
նոյն
սիւնակներուն
մէջ
Արփիարեանէ
ստորագրուած
քրոնիկները,
որոնք
այսօր
ալ
մեր
մէջ
կը
յուզեն
նոյնքան
մը
զգայութիւն
որքան
ունենալու
էին
1890ի
ընթերցողներուն
մէջ։
Առիթն
է
դիտել
որ
Չօպանեանի
ալ
քրոնիկները,
քանի
մը
տարի
յետոյ,
տարբեր
բախտ
մը
չեն
պարզեր։
Այս
ամենէն
դաս
չունիմ
հանելիք։
Զօհրապ
1910ին
պիտի
գրէ
այդ
Եւրոպայէն
իր
տպաւորութիւնները:
Ու
հակառակ
անոր
որ
իբր
ուղեղ,
հասկացողութիւն
կը
նոյնանայ
իր
սերունդին
արդար
միջինին,
պիտի
ըսէ
աւելի
տարածուն,
աւելի
խոր
ու
մնայուն
բաներ:
Բաշալեանի
քրոնիկները
զատել
հրապարակագրէն,
անոնց
նպաստովը
լեցնելու
համար
նիհարութիւնը
անոր
ստեղծագործութեան,
կամայական
հնարք
մը
չէ
իմ
կողմէ։
Իրողութիւն
է
որ
անիկա
այդ
կտորներուն
մէջ
ստեղծելու
յաւակնութեան
միացուցած
է
գիտողութեան
հով
մը:
Կարդացէք,
օրինակի
համար,
իր
Սիրոյ
Գիշեր
ը,
ու
պիտի
համոզուիք
որ
այդ
տողերուն
հեղինակը
ընդհանուր
տպաւորութիւններ
արձանագրողի
տարտամ
պատկերին
ետին
դրած
է
մեծ,
դժբախտ,
ողբերգական
զգացում
մը
վերլուծողի
շեշտ
հոգեբանութիւն
մը:
Ոչ
մէկ
բան
զանց
ըլլուած
է
հոն,
պահէն
ու
վայրէն
ոչ
մէկ
նրբերանգ,
ինչպէս
մարմիններուն
դիմակին
տակ
թրթռացող
ահաւոր
պապակին
ամենանուրբ
կիզումները,
որպէսզի
այդ
քանի
մը
սիւնակ
բառին
ընդմէջէն
յառնէ
մեր
քաղաքակրթութեան
ամենէն
զազիր
բայց
այնքան
ալ
յատկանշական
մէկ
համապատկերը։
Ներկի,
բոյրի,
միսի,
ցուցադրուած
ապրանքի
ամբողջ
տրտմութիւնը
որ
վաճառուող
կիներուն
կեանքը
կը
տաղաւարէ,
հոն
կը
միախառնուի
հաստ,
գարշահոտ
ու
գարշահոգի
գնորդներու
անասնութեամբը։
Կը
գոցէք
թերթը
ու
կը
շարունակուի
ձեր
ուղեղին
տակ
եղերական
զզուանքը,
որ
փոխնիփոխ
վայելք
է
ու
մտածում:
Մարդկային
մարմինին
վրայ
կատարուած
այս
անդամազննական
աշխատանքը
գո՞րծ
է
արուեստի։
Ատոր
պատասխանը
տուած
է
ժամանակը։
Այսօր
անոր
ու
նման
կտորներու
մեր
մէջ
արթնցուցածը
ոճի
զգայութիւն
մըն
է
միայն
ու
իբր
այդ
դժբախտ,
քանի
որ
մեր
գրուածքին
մէջ
ամենէն
շուտ
հինցող
տարրը
անկէ
կուգայ:
Քրոնիկներ
են
դարձեալ
այն
բազմաթիւ
խմբագրականները
որոնք
օրագրին
պահանջին
գոհացում
տալու
համար
կը
յարդարուին
աս
ու
ան
յաւելումներով
բայց
որոնց
խորքը
կայ
ապրուած
դէպքը,
զոր
մշակումը
շատ
բնական
կերպով
մը
պիտի
տանէր
արուեստին։
Աղջիկ
մը
ինքզինքը
կը
թունաւորէ,
դժբախտ
ամուսնութիւն
մը
հրապարակով
հերքելով,
կամ
իր
ու
շրջապատին
հակադրութիւնը
մէկ
հարուածով
լուծելով։
Մայր
մը
դռնէ
դուռ
զարնուելով
կը
կտրէ
Անատոլուն
ու
կ՚իյնայ
Պոլիս,
իր
զաւկին
համար
դպրոց
ճարելու
հոգին
մէջ,
անկարելին
կարելի
դարձնելով։
Դպրոցական
մը,
աղջիկ,
իր
սիրահարական
մէկ
նամակին
համար,
բարոյապէս
կը
սպաննուի,
նիւթապէս
սպաննուելէ
առաջ։
Բոլոր
այս
պզտիկ,
առօրեայ
պատահարները
որոնք
շուայտ,
աներեսան
հասարակութեան
մը
մօրուտքին
վրայ
բացուուղ
ժահրի
դեղին
պղպջակներու
կը
նմանին,
Բաշալեանի
համար
առիթներ
են
թէ՛
խորհրդածելու,
բարոյախօսելու,
օրագրելու,
թէ՛
մանաւանդ
քանի
մը
ամուր
ու
արագ
գիծերու
վրայով
փոքրիկ,
անմոռանալի
յստակութեամբ
պատկերներ
գծելու:
Կարծես,
զգացական
տարրին
հանդէպ
իր
ակամայ
մեղքը
կ՚ուզէ
քաշել,
հեղինակը,
օրուան
խմբագրականը
այսպէս
բարեխառնելով
կեանքի
այդ
հեղումներով։
Հետաքրքրական
պիտի
ըլլար
այդ
յօդուածներուն
ձեւը,
պատկերը
երբ
ազատուէին
իրենց
կցուած
խորհրդածական
պարունոյթէն
ու
ձգուէին
առանձին
իբր
պարզ
դրուագ
մը։
Կը
խորհիմ
թէ,
այդ
ձեւին
տակ,
անոնք
պիտի
պահէին
արուեստի
անմահ
շնորհը:
Ուրիշ
եղանակ
մը
մարդեր,
այս
անգամ
պատմական
անձնաւորութիւններ
սեւեռելու
իր
փորձը,
իրաւ
է
թէ
քիչ
թիւով
նմոյշներու
վրայ,
բայց
որքան
հոծ,
խիտ,
կատարեալ:
Նուպար
փաշայի
կենդանագիրը
մէկն
է
անոնցմէ։
Ինչ
բնական
է
այդ
աշխատանքին
մէջ
քաղաքական
խմբագրին
կեցուածքը
բայց
որքան
մօտիկ
վիպողին:
Ու
որքան
անիկա
չի
նմանիր
նաեւ
իր
ընկերներուն
եղանակին։
Կը
զգաս
թէ
մարդը
որուն
դէմքը
կամ
գործը
այդպէս
կը
յօրինուի,
գիրքերու
վկայութիւն
մը
չէ
երբեք։
Ուղղակի
ապրումին,
շփումին
անփոխարինելի
իրականութիւնը
կ՚առաջնորդէ
բոլոր
մասերը։
Եւ
որովհետեւ
իր
տպաւորութիւնները
այդ
տղան
ձրի
չէ
հաւաքած,
այլ
ապրած
է
մեծ
նպատակի
մը
իրագործման
ի
խնդիր,
մէկէն
յօրինումը
կը
ստանայ
ծանրակշիռ
լրջութիւն
մը:
Թող
Եղիա
մը
մօտենայ
Նուպար
փաշային:
Ու
դուք
կը
տեսնէք
թէ
ինչ
օդային,
շլացուցիչ
բայց
ձեւազեղծ
պատկեր
մը
պիտի
պառկէր
մեր
առջեւ։
Բազմազան
բայց
սակաւաթիւ
այս
ստեղծագործական
արդիւնքին
առջեւ
գրականութեան
պատմիչը
կ՚այցուի
հակասական
տպաւորութիւններէ։
Անիկա
անկարող
է
չեզոքացնել
այն
բուռն,
տիրական
զգացումը
որ
կը
բարձրանայ
իր
մէջ
երբ
կ՚աւարտէ,
օրինակի
համար
Ղալաթիոյ
Ռեսթ
ին
ընթերցումը,
այսքան
խիտ
էջերու
վրայ
ամբողջ
հոգեբանութիւն
մը
ամրասեւեռ
քանդակուած
(թող
ներուի
այս
անհարազատ
բայց
իրաւ
փոխաբերութիւնը։
Հոգիներ
կան
հեղուկ,
սողոսկուն,
ու
կան
ուրիշներ
որոնք
ջիղերուդ
վրայ
մարմարի
պէս
կը
դպին)
գտնելուն։
Չեմ
վերադառնար
զայն
վերլուծելու,
բայց
կը
ծանրանամ
այդ
կատարելութեան
իսկ
փաստին,
զայն
տարածելու
համար
այդ
մարդուն
ամբողջական
վաստակին:
«Որում
բազում
աւանդեցաւ,
առաւել
եւս
պահանջեսցի
ի
նմանէ»
կ՚ըսէ
Աւետարանը
այնքան
իրաւունքով։
Ա՞յն
ատեն:
Ո՞ւր
է
արդարացումը
այն
կտորներուն
որոնք
պիտի
կրեն
այդ
մարդուն
անունը
բայց
պիտի
մնան
վիրաւոր,
թերի,
անաւարտ,
պղինձն
ու
ոսկին
իրարու
հետ
շփոթել
տուող
օտարութեամբ
մը
արհեստէն։
Շատ
հռչակաւոր
կտոր
մը
որ
Նոր
Կեանք
ին
առաջին
թիւը
կը
փակէ
Լ.
Զարթումեան
ստորագրութեան
տակ
եւ
վերտառուած
է
Կաղանդ,
վերջին
էջն
է
անոր
ստեղծագործութեան։
Հոն
է
անշուշտ
գիծերու
եւ
գոյնի
համբաւաւոր
վիրթիւօզը,
կարկառներու
եւ
հեռանկարներու
ճարտար
բաշխիչը։
Ու
հոն
է
նորէն
իր
հոգին,
խորունկ
սէրերու
հնոց
ու
մեծ
վիշտերու
ընդունարան։
Հոն
է
ամբողջ
հայոց
աշխարհը
իբրեւ
անուն
ու
աւանդութիւն,
իբրեւ
երազ
ու
յիշատակ:
Իբրեւ
երանութեան
ու
դրախտի
մանրանկար։
Ինչպէս
մեծ
մեռելաստան,
ջարդէն
կործանուած,
հիմնայատակ։
Ուր
սակայն
քանի
մը
անօթի
տղաք
պտտէին,
չմեռնելու
յամառութիւնը
իբրեւ
դրօշ
պտըտցնելով
իրենց
ազազուն
բազուկներուն
վերեւ:
Բայց
կը
պակսի
ի՛նքը,
նի՛ւթը,
կաղա՛նդը:
Գիրքերու
մէջէն
վերցուած
մասնագիտական
բառերը
չեն
պտուղներուն,
անուշներուն,
խմիչքներուն
կամ
առարկաներուն՝
հեղինակը
այն
տհաճութեան
որ
կտորը
կ՚ընէ
անհանգիստ
արտայայտութիւն
մը,
այլ
ձեւի,
կտրուածքի
(coupe),
յարդարանքի
այն
տարապայման
խնամքը
որ
անոր
բարիզեան,
միջերկրականեան
քրոնիկներուն
ալ
տարողութիւնը
կը
մանրէ։
Դժուար
է
ճիշդ
տարազներ
գտնել
արտայայտելու
համար
սա
անհարազատ,
անհանգիստ
զգայութիւնը:
Կեանքի՞
պակաս։
Բայց
քանի
մը
տեղ
անիկա
կը
տպաւորէ
ուժգնապէս։
Պառա՛ւը
որ
կը
կաղընդէ,
հարսնուկը
որ
կենդանիները
կը
կաղընդէ,
կիները
որոնք
աղբիւրները
կը
կաղընդեն,
—
յուզումով
ու
զուսպ
հրապոյրով
թրթռուն
տողերու
վրայ
կ՚ընեն
այդ
այնքան
սրտառուչ
պարտքը,
հայ
ժողովուրդի
հոգեկան
հարստութեան
ամենէն
ամուր
փաստերէն
պատմելով
մեզի:
Ու
հոն
է
դարձեալ
հայոց
աշխարհին
դամբարանը,
կարճ
բայց
վերջնական
պատկերներու
տակ
սեւեռուած։
Եւ
սակայն
այս
խտութիւնը,
տեղի
սա
անձկութիւնը,
շունչի,
լոյսի
պակասը
իրարու
կ՚աւելնան
որպէսզի
կեանքին
արձակութիւնը,
իրականութեան
տէմպը
աղօտեն
ու
մենք
մանրանկարի
մը
առջեւ
գտնուելու
տպաւորութիւնը
պարտաւորուած
ըլլանք
նեղութեամբ
հաստատելու։
Նուազ
արուեստագէտ
ազգագիր
մը
որ
զուրկ
ըլլար
Սրուանձտեանց
Սրբազանի
տաղանդէն
կամ
Վ.
Վ.
Պարտիզակցիի
իսկ
զուարթախոհ
պատմումին
շնորհէն,
այդ
օրերուն
վրայ
ինծի
պիտի
տար
տպաւորութիւններու
ուրիշ
խորութիւն,
ընդարձակութեան։
Այն
ատեն,
ի՞նչ
է
դերը
Բաշալեանի
իրական,
մեծ
տաղանդին
երբ
անիկա
կ՚ընկրկի
պարզ,
անոճ
պատմումին,
պատմողներուն
դիմաց:
Պէ՞տք
է
ընդառաջել
գրականութեան
քանի
մը
մեծ
մասնայատկութիւնները
որոնք
կը
տիրեն
եւ
որոնց
դէմ
ընդվզում
մը
մեզ
կը
տապալէ:
Անկախաբար
այս
վերապահումէն
որ
զօրաւոր
է
սակայն,
կասկածի
տակ
ձգելու
աստիճան
Լեւոն
Բաշալեանի
գործին
մէջ
գրագէտին
եթէ
ոչ
դէմքը,
գէթ
դիրքը,
այն
ութը
տասը
կտորները
որոնք
վեր
եղան
այս
մասնակի
ճնշումէն,
կը
մնան
իր
ու
ամբողջ
հայ
գրականութեան
գեղեցկագոյն
իրացումները:
Կէս
դար
անցած
է
այն
օրէն
երբ
կը
գրուէր
Սիւզէնիի
Վարպետը
։
Անհետ
կորած
են
այդ
բարքերը:
Այդ
կիներուն
յիշատակը
նոյնիսկ
ջնջուած
է
մեր
ընկերութեան
տոմարներէն։
Բայց
Բարիզի
բանուոր
մեր
կիները
առանց
յուզումի
պիտի
չկարդային
այդ
քանի
մը
էջերը
որոնք
անվերադարձ
մեկնող
բաներուն
տրտմութիւնը,
հրապոյրը,
յուզումը,
մարդկայնական
սարսուռը
չէ
որ
միայն
կը
բերեն
մեզի,
այլ
կը
թելադրեն
այն
մեծ
ու
բարի
առաքինութիւններէն
որոնք
ժողովուրդներու
հոգիները
կը
զրահեն
դարերու
չարիքին
ու
ժանիքին
դէմ։
Նոյնքան
մը
տարի
մեզ
կը
բաժնեն
այն
օրերէն
երբ
Աղաւնիները
վերնագրուած
տարօրինակ
պատմութեան
մէջ
կը
սեւեռուէին,
անկործանելի
գիծերով
ու
անմար
գոյներով
երեք
ծերունիներ,
երկուքը
կին,
մէկը
այր.
բայց
որոնց
զգեստին,
դիմանկարին,
շարժումներուն,
հոգեբանութեան
մանրակրկիտ,
վերջնական,
անդարձ
դրուագումը,
այնքան
նեղ
միջոցի
մը
վրայ,
անհաւատալի
յաջողուածք
մը
կը
թուի
մեզի
այսօր։
Այդ
պատմուածքին
տրամաթիք
մասը
կրնայ
զիս
անտարբեր
թողուլ
ու
նոյնիսկ
վիրաւորել
իր
արտասովոր,
ճիղճ
նկարագրովը:
Բայց
անով
ազատուած
պատկերը,
մարդոց
ու
սովորութեանց,
վայրի
ու
մտայնութեան,
հարիւր
անգամ
աւելի
կ՚արժէ
քան
մելոտրամաթիք
յուզումը
Թէրզեանի
Լուսին
ին։
Այս
տեսակէտէն
դիտուած,
Լեւոն
Բաշալեան
կը
մնայ
ոչ
միայն
մեր
իրապաշտներուն
ամենէն
երախտառատ
մշակներէն
մէկը,
այլեւ
մեր
հին
ու
նոր
գրականութեան
այն
բացառիկ,
ազնուազգի
արուեստագէտներէն
որոնք
իրենց
հոգիներուն
նախասիրութիւնը
պատմելէ
աւելի,
իրենց
ես
երուն
խորունկ
խռովքները
մեզի
կտակելու
քիչիկ
մը
շատ
ռոմանթիք
ախորժանքէն
աւելի,
մեզի
տուին
վճռական
շրջանակներ,
գլխաւորաբար
իրենցմէ
դուրս,
հետեւաբար
աւելի
համատարած,
համայնական
պատկերներ,
ուր
քով
քովի
գային
մեր
կեանքին
կարելի
երեսները,
մեր
բարքերը,
մեր
տարազը,
մեր
երազները,
մեր
ցաւերը,
մեր
նկարագրին
ամենէն
տոկուն
գիծերը։
Հոս
է,
իմ
կարծիքով,
Լեւոն
Բաշալեանի
փոքրածաւալ
արդիւնքին
մեծատարած
արժէքը։
4.
ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐԸ
Ինչ
դժբախտութիւն
որ
Արփիարեանի
ստուերը
յամառ
կերպով
յաճախէ
իրապաշտ
շարժումին
բոլոր
կարեւոր
դէմքերուն
մօտ,
երբեմն
նեղելու
աստիճան
պատմողը,
բայց
այդ
յաճախանքը
ամենէն
շատ
ծանր,
ընտանի,
անխուսափելի
բան
մը
կը
դառնայ
մանաւանդ
Լեւոն
Բաշալեանի
դէմքին
քով.
յամառէն
անդին
պնդութեամբ
մը:
Միւսները
առնվազն
գործի,
գործելու
առանձնացումներ
ունին
ու
գէշ
աղէկ
շրջագծուած
կալուածներ
ուր
իրենց
տէրը
կը
մնան։
Ի՞նչպէս
զատել
իրարմէ
սակայն
այս
երկուքը,
երբ
մեզի
ծանօթ
է
իրենց
լծակցութիւնը
մէկ
ու
նոյն
վաստակին։
Գաղափարակցութիւնը
չէ
ասիկա
քանի
մը
հոգիներու
միջեւ,
հասկնալի
ու
արդար,
որպէսզի
կազմուի
գրական
դպրոց
մը։
Աւելի
վեր
ու
տարբեր
բան
մը
այս
երկու
դէմքերը
իրարու
շղթայած
է։
Մէկտեղ
կը
խմբագրուին
Մասիս
ը,
Արեւելք
ը,
Հայրենիք
ը,
Նոր
Կեանք
ը,
այսինքն
իրապաշտ
շարժումին
մեծ
կրկէսները։
Անջատ
թերթերու
խմբագրումը,
Արփիարեանի
մօտ,
տարօրէն
անկշիռ
է
ու
անկայուն։
Եւ
սակայն
քիչ
նկարագիրներ
այնքան
ներհակ
կազմութիւն
մը
ունէին
իրարու
դէմ
հանուելու
արժանի:
Մէկը,
անսանձ,
անհեռատես,
կարճադատ,
դիւրայոյզ,
պոհեմ։
Միւսը
զգաստ,
խստահաշիւ,
բարակ
մանող,
զուսպ
ու
տանտիկին։
Մէկը
մեծ
տեսնելու,
մեծ
գործելու,
մեծ
կտրելու
համար
հոգի
տուող։
Միւսը
խոր
տեսնելու,
ամուր
գործելու,
փոքր
ձեւելու
համար
յարդարուած
բնաւորութիւն։
Այս
երկու
ներհակութիւնները
իրարու
հաշտ
ընող
հրա՞շքը։
—
Բայց
ատիկա
ճակատագիրն
է
մեր
ժողովուրդին։
Որո՞ւնն
է
բաժինը
մեծ,
արդիւնքին
մէջ
որ
այդ
անուններով
պատմութեան
անցած
լրագրութիւնը
եղաւ
սանկ
քսան
տարուան
միջոցի
մը
վրայ։
Չեմ
կարծեր
որ
առանձին
շատ
մը
կենայ
այս
հարցը
լուծելուն
մէջ։
Իրողութիւն
է
որ
անոնք
իրար
լրացուցին։
Ու
մեզի
տրուեցաւ
առաջին
իրաւ
տեսարանը
ժողովրդական,
համայնական
գործունէութեան
մը
որ
միակտուր,
բացարձակ
իր
տիրապետութեան
տակ
պահեց
արեւմտահայ
գրականութիւնը
1885–1905
շրջաններուն
։
Կասկած
չկայ
որ
շարժիչ
ոգին
լեցնող
ուժը
կուգայ
այն
զարմանալի
շտեմարանէն
որ
Արփիար
Արփիարեան
կ՚անուանուի։
Որ
կը
հասնի
ամէն
ճակատի,
Պոլսէն
Կովկաս,
Կովկասէն
Եգիպտոս,
Եգիպտոսէն
Լոնտոն,
Վենետիկ,
Մոսկուա։
Այս
անհուն
վատնումը
ոգեղէն
տարրին`
քովն
ի
վեր
ուրիշ
այլապէս
դժուար
ու
թշուառ
ձեռնարկներու.
այս
մնայուն
ելեւէջը
մեր
ճակատագրին
քառուղիներէն
դէպի
անցեալն
ու
ապառնին.
այս
մշտական
անդոհը
ահաւոր
ներկայի
մը
երբ
հորիզոնը
ծանրաբեռն
է
արիւնով
ու
կրակով
ու
աշխարհին
մէկ
դժբախտ
մասին
վրայ
կը
կատարուի
սառնարիւն
փողոտումը
մեծ
ու
արժանաւոր
ժողովուրդի
մը.
—
չեն
կրնար
ճշգրիտ
հաւասարակշռութեան
մը
մէջ
պահել
մեր
տաղանդը,
աշխատանքի
կորովը,
մանաւանդ
երբ
կրկէս
կ՚իջնեն
ուրիշ
ալ
ազդակներ,
այս
անգամ
մեր
նկարագրին
բովքէն
արձակուած։
Ու
կասկած
չկայ
որ
Լեւոն
Բաշալեան
նախախնամական
պահպանակն
է
որ
պիտի
պաշտպանէ
ամէն
վտանգուած
կէտերը
ճակատին,
իր
ամփոփող,
տնտեսող,
յարատեւ
ու
արթուն
նայուածքը
ինչպէս
ուժերը
անձանձիր
տրամադրող
մարդու
ամբողջ
կորովը,
վճռականութիւնը,
կշռադատութիւնը
նետելով
նժարին
միւս
ափին:
Այսպէսով
է
որ
կանգուն
մնացած
են
այդ
այնքան
վտանգներով
սպառնայեղց
ձեռնարկները
որոնք
իրապաշտ
մամուլին
անջատ
միութիւնները
եղան։
Անցնելէ
առաջ
այդ
վաստակը
դատելու
գործին,
կը
կենամ
այն
առաքինութիւններու
առջեւ
որոնք
Լեւոն
Բաշալեանին
մէջ
ուշագրաւ
եղան։
Ճիշդ
է,
ատոնք
ամէնը
մէկ
չեն
երաշխաւորեր
արեւմտեան
յղացքը
օրագրողին,
մանաւանդ
հիմա
երբ
համալսարանական
պատրաստութեան
վրայ,
մասնագիտական
ուսում
մըն
ալ
բարդուած
է
խմբագրին
յօրինումը
պայմանող։
Բայց
ատիկա
անկախ
է
մեր
կամքէն։
Պետականութենէ
զուրկ
ժողովուրդ,
մենք
ենք
պատասխանատուն
երբ
չենք
արտադրեր
ասպարէզին
հաւատարիմ
մարդեր։
Ասկէ
դուրս,
քննութիւնը
յատկացնելով
միայն
ու
միայն
մեր
պայմաններուն,
դժուար
չէ
երեւան
հանել
մէկ
երկու
հզօր,
տիրական
գիծեր
որոնք
Լեւոն
Բաշալեանի
հրապարակագրութիւնը
կը
մասնաւորեն
ու
անոր
մէջ
կարելի
կ՚ընեն
արեւմտահայ
տիպարը,
որ
երանելի
վաթսունական
թուականներուն
այլապէս
անկաշկանդ
գրողը
չէ
ալ,
քանի
որ
գրաքննութիւն
ու
ազգային
քաղաքական
կեանքը
կը
ստեղծեն
ուրիշ,
բոլորովին
ներհակ
վիճակ
ու
հոգեկանութիւն.
ոչ
ալ
բաղդատաբար
ազատագրուած
Կովկասի
հերարձակ
խմբագրողը
որ
կռուելու
իր
բնազդին
յագուրդ
տալու
համար
պապենական
կալուածները
կը
ծախէ
իր
թերթը
սնուցանելու
որպէսզի
հայոց
ժողովուրդը
եւրոպականանայ
։
Ո՛չ,
Լեւոն
Բաշալեան
իր
կռնակը
երկդարեան
վանքի
մը
ամրութեան
չէ
տուած,
տոկալու
համար
ահաւոր
այն
ճնշումին
որ
թուրքին
բեռն
է
իր
հոգիին
ինչպէս
ուղեղին
վրայ,
ինչպէս
նաեւ
իր
ժողովուրդին
ալ
վարժութիւնները,
վախերը,
մեղքերը,
որոնք
բոլորը
մէկ
ճակատ
կ՚իջնեն
խմբագիրը
տապալելու:
Անիկա
այս
զոյգ
հակառակորդներուն
դէմ
մաքառելու
համար
ունի
իր
բարիկամեցողութիւնը,
հաւատքը
նոյն
այդ
ժողովուրդին
ողջմտութեան,
արիութեան
ու
իր
քիչ
մշակուած
ուղեղը:
Քաղաքականութեան
ջլդիկ
իմաստութենէն
բարեբախտ
կերպով
մը
ազատ,
Լեւոն
Բաշալեան
խմբագրի
իր
կոչումը
կ՚ենթարկէ
գրագէտի
իր
ըմբռնումին
որ
շեշտօրէն
գունաւորուած
է
քանի
մը
հզօր
ազդեցութիւններէ։
Ատոնցմէ
կարեւոր
մէկը
դպրոցէն
ներարկուածն
է
իրեն,
Պէրպէրեանի
գործնական
բարոյականը,
զոր
իմաստասիրական
ջնարակ
մըն
ալ
կ՚երանգաւորէ,
այն
օրերուն
կարգախօս
մը
դառնալով
հասարակաց
ճաշակին
Լեւոն
Բաշալեան
բարիին,
գեղեցիկին,
ճշմարտին
ամբոխներու
հեշտանքին
իջած
թշուառութիւնը
չէ
խնկարկած,
Արփիարեանէն
ակնածելուն,
բայց
իր
ստորագրած
բոլոր
հրապարակագրական
էջերը
զեղուն
են
այդ
իմաստներով։
Այսօր
ինչպէս
այն
օրերուն,
անիրաւ
տեղը
ծիծաղելի
դարձած
այդ
պատգամներուն
դերը
փոխարինող
ի՞նչ
ունինք
գտած
սակայն
որպէսզի
դնէինք
զանոնք
զանգուածներուն
վայելումին։
Յետոյ,
գրական
երկու
մեծ
դպրոցներ
(ռոմանթիքները
եւ
բնապաշտները,
առաջինները՝
ուղղակի,
վերջինները`
անուղղակի)
նոյն
սկզբունքներուն
դրօշակիրները
եղան։
Ու
մեր
իրապաշտութիւնը
պիտի
չթերանար
իր
դերը
գնահատել,
մեր
ժողովուրդին
բարիին
ի
սպաս,
ու
գրականութեամբ
չյաջողածը
լիուլի
գործադրել
ջանալ
հրապարակագրութեամբ։
Այս
է
պատճառը
թերեւս
որպէսզի
մեր
մէջ
լրագրութիւնը
այնքան
յաւակնութիւններ
ներէ
իրեն
ու
ստուերի
մէջ
ձգէ
գրականութիւնը։
Մեր
գրողները,
անպէտ
շռայլանք
մը
չեն
ըներ
իրենք
զիրենք,
մեծ
մասով
մը
հրապարակագրութեան
տրամադրելուն։
Հասարակութիւնը
—
մեծ
տղան
—
պէտք
ունի
մնայուն
խնամքի:
Ու
խմբագիրը
ինքնակոչ
դայեակն
է
զանգուածին։
Այս
մտայնութիւնը
որ
տիրական
է
մեր
վաթսունի
սերունդին
գաղափարաբանութեանը
մէջ,
իրապաշտներու
օրով
կ՚ամրապնդուի
արեւելահայ
ազդեցութեամբ
մը։
Արփիարեան
գտած
է
Արծրունին
եւ
Ռաֆֆին։
Հիւսիսափայլ
ի
հանգանակները
աւելորդ
է
վերլուծել:
Ու
իրապաշտ
մեր
հրապարակագրութիւնը
կը
համադրէ
երկու
վարդապետութիւնները։
Լեւոն
Բաշալեան
անշուշտ
գրագէտի
որոշ,
շեշտուած
հասկացողութիւն
մը
ունի,
որուն
ապացոյցները
տուած
է
անխառն
արուեստի
էջերով։
Բայց
իր
վաստակին
մեծ
մասը
անիկա
յատկացուցած
է
լրագրական
իր
նպատակներուն:
Ուրեմն
անոր
մօտ
տիրական՝
այդ
ժողովուրդը
ճանչնալ
կրնալու
ցանկութիւնն
ու
կամքը:
Ի
պատիւ
իրապաշտներուն,
պէտք
է
արդարութիւն
ընել
իրենց
այս
հանգանակին։
Բոլորն
ալ
չինական
պարիսպներով
չեն
բաժնուած
այն
ժողովուրդէն
որուն
համար
կը
գրեն։
Ու
մանաւանդ
չեն
սահմանափակուած
որոշ
դասակարգի
մը
ըմբռնողութեանց
ծիրին
մէջ։
Մեր
զարթօնքի
սերունդը
ու
իր
առաջաւոր
խմբագրողները
ազգային
ընդհանուր
խնդիրներ,
տեսական
ու
կառուցողական,
ունին
իրենց
նշանակ:
Մեր
արուեստագէտները
(իրենց
մէջ
անոնք
որ
խմբագրական
վաստակ
մը
չեն
արհամարհած)
ընդհանրապէս
որոշ
գաղափարաբանութիւններու
կը
ծառայեն,
յեղափոխական
կամ
ընկերային
որոշ
առաջադրումներ
պաշտպանելով
կամ
հալածելով։
Իրապաշտները
բուն
ժողովուրդին
մարդերը
մնացին,
առանց
հատուածականութեան։
Լեւոն
Բաշալեան
այդ
ժողովուրդին
ամենէն
մօտիկ
կեցողներէն
մէկն
է
խումբէն,
Արփիարեանէն
ետքը,
ինչ
որ
հոմանիշ
կը
դառնայ
այդ
ժողովուրդը
խորապէս
ճանչնալուն։
Բայց
Աւետիս
Սուրէնեանն
ալ
իբրեւ
իրաւաբան
կը
ճանչնար
իր
աշխարհը։
Լեւոն
Բաշալեան
օժտուած
է
ուրիշ
ալ
յատկութիւններով,
որոնք
սոսկական
կեանքի
առաքինութիւններ,
հանրային
ասպարէզին
համար
փորձանքի
եւ
վտանգի,
առնուազն
անյաջողութեան
ազդակներ
կը
դառնան
շատ
դիւրութեամբ։
Վկայ՝
Արփիարեանը
որ
կործանեց
միայն։
Չէք
կրնար
ըսել
ձեր
ուզածը,
ձեր
ուզած
ձեւովը
մանաւանդ։
Պարտաւոր
էք
սակայն
զայն
ըսելու,
եթէ
երբեք
կը
յարգէք
զձեզ։
Միա՜յն,
կերպը
գտէք։
Ու
այդ
կերպը
գտնելը
քաղաքականութիւն,
ճիզուիթութիւն,
բոլիթիքոսութիւն
չէ
(թէեւ
այս
բառերը
տգեղ
հնչեն
հոս)
ոչ
ալ,
Արփիարի
ըրածին
նման
չափէն
աւելի
հակիլ
դէպի
վար,
այլ՝
տալ
ըսելիքին,
լրջութի՛ւնը
որուն
աղբիւրը
մեր
ներսն
է,
հաւատաւոր
շե՛շտը
որ
կ՚անցնի
մենէ
բխելուն
հակառակ.
անկեղծութի՛ւնը
զոր
մեր
խօսքն
ու
կեանքը
երբեք
պիտի
չհերքեն.
ողջմտութի՛ւնը
զոր
ժողովուրդը
յաճախ
կը
տեսնէ
մեզի,
գրողներուս
չափ.
ուղղադատութիւնը
որ
ամբոխին
վրայ
կշիռ
ունեցող
լաւագոյն
պատրանքներէն
մէկն
է
իրեն,
ինչպէս
մեզի
համար
հաւասարապէս
ազդեցիկ։
Ասոնք
գոյ
են
Պարոնեանի
մէջ,
որոշ
չափով՝
Մամուրեանի,
Պէրպէրեանի
մէջ
տիրական
կերպով
մը`
Գ.
Արծրունիին
մէջ։
Բայց
ահա
աւելին,
որ
իրապաշտ
հրապարակագրութիւնը
կը
զատէ
կանխող
ու
յաջորդ
նման
տիuիբլիններէն։
Ու
Լեւոն
Բաշալեան
տիպար
մըն
է
այդ
տեսակէտէն։
Իրապաշտ
հրապարակագիրը
գործնական
իմաստասիրութիւն
որակուած
եղջերուաքաղ
մը
չունի
հասարակութեան
պատմելիք,
ինչպէս
կը
հանդիպինք
յաճախ
այդպէս
տիտղոսուած
քարոզներու։
Բայց
պարտքին
տակն
է
իրմէն
ուղղութիւն
սպասող
զանգուածին
խօսելու
բոլոր
զայն
հետաքրքրող
հարցերուն
վրայ:
Ու
ընել
ասիկա,
առանց
տափակնալու:
Այս
է
պատճառը
որ
Լեւոն
Բաշալեանի
հրապարակագրութիւնը
ըլլայ
առաձիգ,
ընդգրկելու
համար
խլրտուն
ընկերութեան
մը
կարիքները։
Ըլլայ
ընտանի,
պարզ,
կենդանի
որպէսզի
անմիջական
թափանցումով
մը
իւրացուի
զանգուածէն:
Ըլլայ
թելադրական,
օգտապաշտ,
ողջամիտ,
դիմաւորելու
համար
օրըստօրէ
բարդացող
կարիքներ,
դժուարացող
վիճակներ։
Ասիկա
կը
պատահի
այն
շրջանին
երբ
մեր
ժողովուրդին
համար
հողի
ու
հացի
խնդիրները
կը
ստանան
կենսական
նկարագիր:
Սիսթեմաթիք
սեղմում
մը
մեզ
կը
վանէ
մեր
հողերէն
(Հրանդ,
Պանդուխտի
Հարց
)
մեզի
կը
սպառնայ
մեր
առեւտուրին
մէջ
(յեղափոխական
շանթաժը
թուրքերուն
կողմէ
այնքան
տիրաբար
օգտագործուած),
մեզ
նեղի
կը
դնէ
քաղաքներուն
մէջ,
ամբոխային
կիրքեր
ու
նախանձ
գրգռելով
մեր
պատառ
հացին
դէմ:
Աւելցուցէք
ուրիշ
ալ
խռովքներ,
անկախութեան
զգլխանքը,
յեղափոխական
միսթիքը,
ու
դուք
կը
զգաք
դերը
խմբագրին
որ
պիտի
վարէ
այս
բազմարարուած
տռամը
ու
պիտի
ներշնչէ
յոյս,
հաւատք,
լաւ
օրերու
սպասումը
ու
ասոնց
յապաղումը
հաշտեցնելով
հանդերձ
օրուան
դժոխքին։
Հիմա,
երբ
կը
գրուին
այս
տողերը,
սփիւռքի
հոգին
պարտուած
թշուառութիւն
մըն
է
ու
իր
մամուլը
ունի
դիւրին
դերը
այդ
պարտութիւնը
սփոփելու։
Էապէս
կրաւորական
այս
դերը
1890ին
տիրաբար
ներգործական
է
ու
իբրեւ
այդ
լայնօրէն
տոգորուած
պատասխանատուութեան
զգացումով
մըն
ալ։
Ահա
թէ
ինչու
ինչ
որ
կը
գրեն
մեր
խմբագիրները
այդ
շրջանին,
ինքնաբերաբար
կը
բարձրանայ
դառն
բաթէթիքի:
Լեւոն
Բաշալեան
մասնաւոր
ճիւղ
մը
չունի
իբր
նախընտրութիւն։
Օրուան
կեանքին
անդրադարձն
է
որ
իրեն
կը
թելադրէ
իր
խմբագրականները:
Ու
այդ
կեանքին
ալ
այն
կողմերը
ամենէն
շատ,
որոնք
մեր
ընտանեկան
կազմակերպութիւնը
կը
շահագրգռեն։
Դրամ,
ուսում,
առեւտուր,
ոճիր,
ինքնասպանութիւն,
զրկանքներ,
անիրաւումներ,
հերոսութեան
համեստ
արարքներ,
գրականութիւն,
գիտութիւն,
արուեստ,
նորութիւններ,
բոլորը
որ
կեանքին
վրայ
կը
բացուի
քիչիկ
մը
տարբեր
շահեկանութեամբ
անոր
մօտ
նիւթ
կը
դառնայ
քանի
մը
սիւնակ
զուսպ,
տաք,
կշռուած,
արդար
ու
թափանցող
խօսքի
որուն
անդրանիկ
արժանիքը
անկեղծութիւնն
է,
պատեհաւորութիւնը,
արդարութիւնը։
Կը
զգաս
որ,
այդ
տողերուն
ետին
կանգնողը
ֆրազի
ոսկերիչ
մը
չէ
(Պարթեւեան)
կամ
իր
գաղափարներուն
դրօշին
մէջ
ամրածածուկ
ինքնատիպ
մը
(Մամուրեան)
որոնք
կը
գրեն
առանց
հաւատալու,
առանց
զիջումի։
Եւ
որովհետեւ
բոլոր
այդ
հարցերը
ունին
նաեւ
ենթամաս
մը,
խորունկ
թաղուած
մեր
բարքերուն
ծովին
ներքեւ,
Լեւոն
Բաշալեան
անոնց
մօտենալու
ատեն
միշտ
առիթը
կը
ստեղծէ
քրքրելու
ընդծովեայ
խաւերուն
թանձր
կրացումը
ու
կ՚ըսէ
այդ
ատեն
աւելի
ընդարձակ
տարողութեամբ
խօսքեր:
Յետոյ,
անիկա
գտած
է
գաղտնիքը,
այդ
խորհրդածութիւնները
զերծ
պահելու
տափակ,
չոր,
կեղծ
աժան
բարոյախօսութենէն։
Համոզումին
ջերմութիւնը
միշտ
մթնոլորտ
մըն
է
այդ
խօսքերուն,
չնմանելով
այս
կէտին
մէջ
բռնազբօս
իմաստութեան
լոգանքին
զոր
մեր
օրերու
խմբագիրը
գրեթէ
ամէն
օր
կը
փորձէ
նախ
իր,
յետոյ
ընթերցողին
վրայ:
Բացի
համոզումէն,
այդ
երեք
սիւնակին
մէջ
տակաւին
գերակշիռ
է
անմիջական
օգուտը,
գէթ
ասոր
կարելի
հեռանկարը:
Այս
մայր
յատկութիւններով
է
որ
այդ
խօսքերը
կը
ծանրաբեռնուին,
կը
լրջանան
ու
կ՚ազդեն։
Ու
այս
ամենուն
վրայ
համայնականութիւնը
բոլոր
ճիգերուն։
Թերթը
ամբողջութիւն
մըն
է,
օրուան
թէ
ամսուան
մէջ
ըլլալ
խմբագրուած։
Ըսի
թէ
կ՚անդրադարձէր
արտաքին
իրականութիւնը։
Բայց
կը
վարէր
զայն
ներքին
բխում
մը
—
կազմակերպուած,
ըստ
կարելւոյն
գիտակցուած,
ամրապէս
յաղթահարուած
նպատակի
մը
բարի՛քը,
առանց
որու
մեր
վաստակը,
որքան
ալ
ներուժ,
մեծ,
չի
հասնիր
իր
ցանկալի
արդիւնքին։
Իրապաշտ
ճիգին
մէջ,
խմբագրողներու
սա
իմացական
ներդաշնակութիւնը
ուրիշ
անգամ
չպատահող
երեւոյթ
մըն
է
մեր
դպրութեան
մէջ։
Ուշագրաւ
է
որ
շարժումէն
դուրս
գրագէտի
դէմքերը
ըլլան
կասածներ,
ու
չըլլան
սակայն
ընդդիմադիր:
Բաշալեանի
պաշտպանած
գաղափարները
համայնական
են
դպրոցին։
Իւրաքանչիւրը
խումբէն
հասարակաց
գետնի
մը
վրայ
դաւանանքի
մէկէ
աւելի
կէտեր
ունի,
որոնց
նուիրականութիւնը
կրօնական
մոլեռանդութեան
կը
բարձրանայ
երբեմն։
Տիրող
կարգերուն
դէմ
(
ազնուաշուք
ն
ու
գերապատիւ
ը
շուրջառներ
են
այդ
կարգերուն
ամենէն
կազմակերպուածներուն)
կեցուածքի
այս
միութիւնը
չեմ
վերլուծեր,
քանի
որ
անիկա
նման
է
միւսներուն
մօտ
ուսումնասիրուածին։
Բաշալեանի
համար
մասնաւոր
եղանակ
մը
չեղաւ
ատիկա։
Բայց
իր
խմբագրականներուն
թոնը
երանգով
կը
զատուի,
որ
աւելի
է
քան
անձնականութեան
հեղումը
մեր
գիրին
մէջ։
Զօհրապի
փրփրերախ
ժայթքումը
տաղանդի
մաս
մը
կը
դառնայ
իր
խմբագրականներուն
մէջ։
Արփիարեանի
համար
այս
մասնայատկութիւնը
վերածելի
է
ապերասան,
խածնող
բայց
թափթփած
բնականութեան։
Կամսարական
իր
զուսպ
բանաստեղծականութիւնը
հազիւ
կը
մոռնայ
երբ
պատահաբար
կանչուի
հանրութեան
խօսելու,
ուղղակի
եղանակով։
Հրանդ՝
կարեկցուն,
խուլ
սրտմտութեամբ
մը
մթագնած
իր
զգայնութիւնը
միայն
ունի
թափելիք
իր
առաջնորդողնելուն
մէջ։
Լեւոն
Բաշալեան
այս
բոլորին
համադրութի՛ւնը։
Ու
նաեւ
ազնուական,
քիչիկ
մը
քրմական
հով
որ
իր
նախադասութիւնը
կերպադրելէն
անդին
կ՚անցնի:
Պէտք
է
քանի
մը
տող
նուիրել
քաղաքական
խմբագրին
ալ,
որ
ուշ
յայտնուող
կողմ
մը
ըլլալուն
հակառակ,
տոկուն
ձիրքերով
պաշտպանուած
մնաց:
Նոր
Կեանք
ի
քաղաքական
նշմարները,
պետական
մարդոց
կենդանագիրները,
կացութիւններու
ու
մտավիճակներու
վերլուծումը
կը
դնեն
մեր
առջեւ
գեղեցիկ
պատկերը
մարդու
մը
որ
իմացական
ամէն
հետաքրքրութեանց
համար
անհրաժեշտ
մտքի
լայնքը,
նոյն
ատեն
դժբախտութիւնը
ունի
գերի,
կործանած
ժողովուրդի
մը
զաւակը
ըլլալու:
Մամուրեանի
Անգլիական
Նամականի
ն,
զարթօնքի
սերունդին
քաղաքական
կուռ
հայեացքները
(Ռուսինեան,
մասով՝
Օտեան,
Ստ.
Ոսկանեան)
վերջին
անգամի
մը
համար
կարծես
երեւան
կուգան
այս
ժողովուրդի
զաւկին
քով
որ
իր
զարգացման
թերին
պիտի
դարմանէ
կեանքին
խոր
ու
իրաւ
դասերովը,
ու
իր
դատումները
գիրքերէ,
դիւաններէ,
պաշտօնատուներէ
քաղելու
տեղ,
պիտի
դարբնէ
սեպհական
դժբախտութեան
սալին
վրայ,
կաշիին
վրայ,
գլխուն
գինովը
ինչպէս
կ՚ըսէ
ժողովուրդը։
Ինչ
փա՛ստ,
որ
անիկա
այդ
գետնին
վրայ
ալ
մնաց
ողջամիտ,
զգաստ,
իրատես
ու
չտարուեցաւ
յանդուգն,
վիճելի
բայց
խորապէս
հրապուրիչ
գաղափարաբանութիւններէ
որոնք
յեղափոխական
կուսակցութեանց
համար
այնքան
տիրական
ֆէթիշներ
կազմեցին։
Նոր
Կեանք
ը
հնչակեան
օրկան
մըն
է
1900ին։
Բայց
ոչինչ
հոն
որ
յիշեցնէ
գաղափարական
այս
մասնաւոր
կարծրութիւնը,
փոխ
առնուած
բաներու
անճաշակ
ու
անտեղի
չտեսութիւնը
որոնք
այդ
կուսակցութեան
անունով
հրապարակ
դրուած
պրօշիւր
ներուն,
մեծ
ու
պզտիկ
թերթերուն
մէջ
այն
ու
աւելի
վերջի
օրերուն,
կը
ճնշեն
ամէն
մտածողի
հոգիին։
***
Գործօն
այս
դերը
իր
ճշմարիտ
գնահատումին
տանելու
համար
հարկ
է
խօսիլ
երկու
ձեռնարկէ
ալ,
որոնք
Լեւոն
Բաշալեանի
մէջ
խմբագիրը
կը
ձգեն
նոր
լոյսի
մը
տակ։
Ատոնցմէ
մէկը
Հայրենիք
ի
հրապարակագրական
շրջանը,
միւսը՝
Նոր
Կեանք
ը:
1884ին,
գրեթէ
պատանի
գրական
ասպարէզ
իջնող
այս
տղան
վեց
եօթը
տարի
պիտի
ընէ
լուռ,
ամուր,
անցոյց
բայց
օգտաւէտ
աշխատանք
մը
որ
պիտի
սնուցանէ
գրական
հանդէս
մը,
Մասիս
ը
(մինչեւ
1890)
ու
օրաթերթ
մը,
Արեւելք
ը։
Այս
անդուլ,
լարուած,
բազմապահանջ
վաստակին
համար
անիկա
ունի
իր
տաղանդը,
իր
կամքը,
իր
պարկեշտութիւնը,
իր
բարեհամբոյր
խառնուածքը,
իր
ժողովրդասէր
զգացումները,
մանաւանդ
կազմակերպչական
մեծ
ընդունակութիւն:
Իրաւ
է
թէ
երկու
բեմերուն
վրայ
ալ
Արփիարն
է
մեծ
դերակատարը,
այսինքն
լայնագոյն
յօդուածագիրը,
բայց
թերթ
վարող
մը
միայն
գիտէ
թէ
ինչ
ուժասպառ
վատնում,
պրպտում,
մտքի
լարում,
ուշադրութեան
պրկում
ու
սեւ,
նիւթական
տանջանք
կ՚արժեն
թերթի
մը
երկու
երեք
էջերը,
ըսել
կ՚ուզեմ
անոնց
cuisineը։
Ու
ասիկա
վեր
հանել
հոս,
արձանագրել
է
մեր
յարգանքը
համեստ,
անտրտունջ,
հերոսական
բոլոր
աշխատողներուն
որոնք
կը
նմանին
ռազմաճակատի
զինուորներուն։
Յաղթանակը
արդիւնքն
է
այս
վերջիններուն
բազուկին,
կզակին…:
Լեւոն
Բաշալեան
մինչեւ
Հայրենիք
անցնիլը
հրատարակած
է
թէ
Արեւելք
ի
թէ
Մասիս
ի
մէջ
մէկ
քանին
իր
գլուխ–գործոցներէն։
Հայրենիք
ի
ամբողջ
տեւողութեան,
անիկա
թերթին
կենսական
ջիղն
է,
ուղեղը
եթէ
կ՚ուզէք։
Չեմ
ուրանար
անոր
խմբագրապետին՝
Յովհաննէս
Շահնազարին
դերը,
բայց
չեմ
ալ
աճեցներ։
Փա՞ստը։
—
Սահմանադրութենէն
յետոյ
վերահրատարակուած
Հայրենիք
ին
ճակատագիրը:
Այս
վրիպանքը
սխալ
է
կապել
հոգեկան
փոփոխութեան
որ
մեր
ժողովուրդին
մօտ
իրականութիւն
էր
այն
օրերուն։
Ինչպէս՝
զայն
հասկնալ
ջանալ
տաղանդի
նահանջով
մը
զայն
խմբագրողներուն
մօտ:
Բայց
կարծել
թէ
ուրիշ
կրնար
ըլլալ
անոր
ճակատագիրը
եթէ
Արփիարեան,
Բաշալեան
1909ին
ալ
նստէին
նոյն
սեղաններուն
ուր
նստած
էին
անոնք
տասնըհինգ
տարի
առաջ,
պարապին
մէջ
քար
արձակել
չէ:
Ինչ
որ
ալ
ըլլայ
պարագան,
իրողութիւն
է
որ
Հայրենիք
օրաթերթը
ամենէն
փայլուն
արարքներէն
մէկն
է
մեր
հրապարակագրութեան,
հաւասար
եթէ
ոչ
գերազանց
Ազատամարտ
ին։
Էջերը
քիչ
կուգան
ճշդիւ
տալու
համար
անոր
արդիւնքին
բազմերես
ու
տեւական
նպաստը
մեր
հասարակութեան
շրջափոխումն
ու
մեր
գրականութեան
զարգացումը
պայմանող։
Անկէ
առաջ
օրաթերթը
հարուստներուն
վայել
պերճանք
մըն
է
եթէ
ոչ
խմբական
մտայնութեան
անկիւն
մը։
Գինի
հարցէն
դուրս
որ
ճակատագրական
է
սակայն,
դասակարգային
շահերու
ու
հաշիւներու
ասպարէզ
մըն
է
ան
կարգ
մը
մարդոց
համար
յարդարուած։
Հայրենիք
ժողովուրդին
սեպհականութիւնը
կը
դառնայ
առաջին
իսկ
թիւերէն։
Ու
շատ
սեղմ
շրջանակի
միայն
սահմանուած
մեր
մամուլը
կը
դիմաւորէ
ժողովրդականութեան
առաջին
յաղթանակը։
Բայց
ատկէ
աւելի
է
անոր
խմբագրութեան
դերը:
Բոլոր
անոնք
որ
հինգ
տարի
յետոյ
գրիչ
պիտի
բռնեն
ու
խօսին
պիտի
մեր
ժողովուրդին,
հոն
է
որ
կ՚առնեն
իրենց
առաջին
փորձը։
Արուեստագէտ
սերունդը
անոր
դպրոցին
մէջ
պիտի
բանայ
իր
աչքը։
Երուանդ
Օտեան,
Երուանդ
Սրմաքէշխանլեան,
Թլկատինցի,
Արտաշէս
Յարութիւնեան,
Ռուբէն
Զարդարեան,
մեծ
անունները
արուեստագէտ
սերունդին
հոն
գտան
պաշտպանութիւն,
քաջալեր,
ուղղութիւն
ու
ապահով
առաջնորդութիւն։
Ու
կ՚ըսուի
թէ
այս
ոգիին,
ընտանութեան,
օճախին
գերագոյն
ուժը
Լեւոն
Բաշալեանն
էր
եղած։
Անոր
ընտել,
բարեհամբոյր
բնաւորութիւնը,
անստգիւտ
ճաշակը
ու
գրական
խառնուածքը
ինքնին
կեդրոն
մը
կը
կազմէին
այդ
ուժերը
աւազանող։
Բացի
այս
կարկառուն
անուններէն
ուրիշ
որքան
համեստ
անուններ
որոնցմէ
մեր
գրականութիւնը
ժառանգած
է
գեղեցիկ
իրացումներ,
այսօր
մութին
մէջ,
բայց
օր
մը
իրենց
պատուանդանները
ունենալու
սահմանուած։
Բայց
ինչ
որ
տպաւորիչ
է
այս
ամենէն
վեր,
հաւաքական
հոգեբանութիւնն
է
այդ
սերունդին,
բազմաստեղն
բայց
մէկ
աշտանակի
մը
նման
բարձրակախ
զանգուածին
վերեւ:
Ամէն
միութիւն
իր
ձեւովը
իր
լոյսը
պիտի
թափէ
ու
ամբողջութիւնը
պիտի
ըլլայ
հեշտախտիղ
հանդէս
մը
իմաստի,
հաւատքի,
գեղեցկութեան,
ուժի։
Այս
ժողովուրդը,
այդ
թերթին
հաւաքածոյին
մէջ,
առաջին
անգամ
բարոյական
ինքնութիւն
մը
կը
դառնայ։
Կը
լռեմ
քաղաքական
այլացնոր
տենդէն
որ
մեր
ամենուն
էր
այդ
շրջանին.
ջերմ,
իրաւ
խանդէն
որ
գրողէն
կը
բխէր
բայց
կը
ծովանար
զանգուածէն
ներս.
մեծ
երազին
արբշռանքէն
որով
կը
թրթռային
բոլոր
սիրտերը,
համեստուկ
բեռնակրէն
մինչեւ
մեծ
ստեղծագործ
մտաւորականները։
Կը
լռեմ
այն
անհուն
նպաստէն
զոր
գաւառներու
վրայ
լաւ
կազմակերպուած,
լաւ
առաջնորդուած
թղթակցային
դրութիւն
մը
պիտի
նետէ
ազգային
հարստութեան
գանձարանին։
Յօդուածներ
կան
որոնց
տեղը
չունինք
բռնող
այսօր,
ազգագրական,
գաւառագրական,
բանասիրական
գոհարներ,
այդպէս
փրկուած
անդարձ
կորուստէն
ուր
խրած
է
մեր
նաւը։
Այս
ամենուն
մէջ
արի
ու
արդար
բաժին
է
Լեւոն
Բաշալեանի
բաժինը։
***
Չեմ
բանար
առանձին
բաժանում,
քննելու
համար
հոն
դատողը
որուն
ներգոյակ
յատկութիւններէն
ամենէն
կարեւորները
չպակսեցան
անոր:
Անո՛ր
համար,
վասնզի
իրապաշտ
շարժումին
նկարագիրներէն
մէկը
իմացական
այդ
հրապարակագրութիւնն
է
որ,
ինչպէս
ըսուեցաւ
ուրիշ
տեղ
մը,
գիրքերու
եւ
գրական,
գեղարուեստական
երեւոյթներու
կ՚աշխատի
նոյն
ոգիով
ինչ
ոգիով
որ
կը
մօտենայ
ընկերային,
քաղաքական,
ազգային
շարժումներուն:
Անոր
ընթերցումները,
փորձառութիւնը,
հրապարակագրական
հոգերը,
քիչիկ
մըն
ալ
խառնուածք,
կը
խօսին
ի
նպաստ
իր
դատումներուն
առնուազն
պատեհութեան.
քանի
որ
զանոնք
բանաձեւողը
իր
նպատակները
որոշադրած
է
շատ
յստակ
կերպով։
Կամսարական
գրական
որոշ
տարողութիւն
եթէ
ոչ
յաւակնութիւն
կ՚ախորժէր
դնել
իր
քննադատական
էջերուն
մէջ։
Զօհրապ`
իր
ինքնատպութիւնը
մարզելու
հանդիսավայր
մը
կը
նկատէր
այդ
սեռը:
Արփիարեանի
համար
անիկա
ճերմակ
թուղթ
մըն
է,
ուր
կրնար
ուզածը
—
ու
այդ
ուզածը
շատ
լաւ
ծանօթ
է
իրեն
որքան
մեզի
—
ըսել,
առանց
տառապելու:
Լեւոն
Բաշալեան
աւելի
պարկեշտ,
ու
հետեւաբար
աւելի
ամուր
խարիսխներ
ունի:
Քիչ
են
իրմէ
էջեր
օտար
գրագէտներու
վրայ:
Միակ
ընդարձակ
շարքը
Անթուանի
Ազատ
Թատրոն
ին
ներկայացումները
կը
պատմէ
Պոլիս:
Այդ
քրոնիկները
մեր
մէջ
բացառիկ
յաջողութիւններ
են
թատերական
քննադատութեան
ու
նոյն
ատեն
արուեստի
էջեր:
Տռամները
խտացնելու
իր
ճարտարութիւնը
անթերի
է
բոլորովին։
Անոնց
բաթէթիքը
երեւան
բերելու
իր
հոգը՝
մաս
կը
կազմէ
արդէն
իր
գրական
խառնուածքին
որուն
մէկ
կարեւոր
երեսը
կ՚իյնայ
ողբերգականին
նշանին
(signe)
տակ։
Բայց
ինչ
որ
անոնց
մէջ
դեռ
չէ
պաղած,
արուեստը
եւ
կեանքը
իրարու
դէմ
բռնուած
հայելիներ
զգալու
իր
հաւա՛
տքը,
որ
հանգանակ
մըն
է
իր
գրականութեան
եւ
չափով
մը
աւելի`
մեր
իրապաշտութեան։
Որքան
դիւրաւ
անիկա
պիտի
զեղչէ
այդ
խաղերէն
իրենց
ցեղային,
տեղական
շնորհներուն
հմայքն
ու
համը,
ծանրանալու
համար,
անոնց
յատուկ
ծառայող
ընկերային
մեծ
կեղերուն,
գարշութեանց
ու
աղբին
խորաչափումին։
Ու
իրն
է
տաղանդը
այդ
աշխատանքին
մէջ
հասարակ
դատումէն,
բարոյախօսումէն,
ներկայացումէն
վեր
կենալու,
ու
գտնելու
անձնական
շեշտ՝
չըսելու
համար
զայրոյթ,
երբ
կուտայ
անոնցմէ
իր
տպաւորութիւնները:
Փոխադրեցէք
այդ
քրոնիկները
որեւէ
եւրոպական
լեզուի
ու
ջնջեցէք
ստորագրութիւնը:
Դուք
պիտի
կարդաք,
եւրոպական
որեւէ
մեծ
օրաթերթի
մէջ
թատերական
քննադատութեան
բաժինը
արժանաւորապէս
գրաւող
տեղեկագիր
կամ
դատաստան։
Լեւոն
Բաշալեան
դուրսէն
աչք
մը
չէ
այդ
խաղերուն
վրայ:
Ու
աւելին:
Անոնց
մէջ
խորտակուած
կեանքերը
ողբալ,
իրեն
համար
առիթ
է,
նշդրակելու
վէրքերը
որոնք
իր
ժողովուրդին
հոգին
կը
կեղաւորեն։
Բոլոր
այն
մեծ
հարցերը
որոնց
վրայ
կը
բարձրանայ
թատերական
տագնապը,
հարցեր
են
նոյն
ատեն
նաեւ
Պոլիս։
Լալ
անոնց
մէջ
գործադրուող
տռամներուն
վրայ,
լալ
է
ժողովրդական
մարդու
արցունք:
Ռուս
վէպին
վրայ
իր
նշմարները,
թէեւ
կը
մեկնին
նշանաւոր
ակադեմականի
մը
նոյն
նիւթը
լուսաւորող
մէկ
գիրքէն
(
Ռուս
Վէպը,
Մէլխիոր
տը
Վօկուէ
)
բայց
կը
զատուին
արձագանգի
մը
դերէն,
որքան
լրագրական
ընթացիկ
հետաքրքրութենէն,
առանց
բարձրանալու
սակայն
ճշմարիտ
ուսումնասիրութեան։
Օտարներէն
յետոյ,
անիկա,
իր
ընկերներուն
բոլորին
նման,
պիտի
սիրէ
մեր
գրականութեան
վրայ
քրոնիկներ
ստորագրել։
Նոյն
է
առիթը։
Յաճախ
գի՛րք
մը`
մեկնակէտ:
Երբեմն`
անձեր։
Երբեմն`
մտայնութիւններ։
Իր
գաղափարաբանութիւնը
դժուար
չէ
վերածել
իր
պարզագոյն
եզրերուն։
Կ՚ատէ
ռոմանթիզմը,
ոչ
Արփիարեան
ներարկուած
ատելութեամբ
մը
հանդէպ
հիներուն,
այլ
խառնուածքով,
նկարագրով,
կազմութեամբ
ալ
պիտի
ըսէ
եթէ
Պէրպէրեանի
ազդեցութիւնը
չըլլայ
բացայայտ
անոր
անդրանիկ
պատանութեան
վրայ:
Կ՚ատէ
գրաբարով
գործադրուած
չարաշահութիւնը
որ
իր
գագաթնակէտին
կը
հասնէր
1880ին
ու
պահ
մը
կը
կասեցնէր
մեր
գրական
լեզուին
ու
հասկացողութեան
բնական
շրջափոխութիւնը։
Ամենէն
շուտ
ազատագրած
է
անիկա
իր
լեզուն
այս
գրաբարէն։
Մինչեւ
Հայրենիք
ի
առաջացեալ
տարիները
այդ
զտումը
հաստատելի
է
բոլոր
իրապաշտներուն
համար
ալ:
Կ՚ատէ
նոյն
ատեն
կեղծ
գրականութիւնը,
որուն
աւերը
զգալի
դարձած
էր
եւ
որ
իր
ոսկեդարը
պիտի
ունենար
1900էն
յետոյ,
մինչեւ
տասը
տարի:
Կ՚ատէ
զարդարուն,
նրբենի,
չարչրկուած,
անարիւն,
մութի
հակող,
տարապայման
խնամուած
ոճը
որ
Եղիայի
ինքնավերլուծումներով
սկսած
էր
դպրոց
կազմել:
Այս
ամենուն
դէմ
յստակ
է
իր
կեցուածքը.
պարզ`
իր
ամբաստանութիւնները.
ամուր՝
իր
զայրոյթը
որ
իրեն
իրաւունք
կուտայ
օրաթերթի
մէջ
առաջնորդող
յօդուածներ
ալ
ստորագրելու
ոճի
մեղքին
դէմ:
Ու
բախտի՞
թէ
դիպուածի
խա՛ղ,
անիկա
պիտի
չկասկածի
որ
մոլորանքին
մէջ
պզտիկ
չէ
իր
ալ
բաժինը։
Խնա՛մքը
որով
գրուած
են
իր
միջերկրականեան
քրոնիկները,
բարիզեան
պատկերները,
թերեւս
անգիտակից
դաս
մըն
է,
լռելեայն
տրուած
գլխաւորաբար
Արփիարեանի
թափթփածութեան,
եւ
որ
շատ
դիւրաւ
կը
զառածի,
ըլլալու
համար
այլապէս
մեղապարտ
ոճը,
այս
անգամ
մեղրակերպ
զարդարանքով
մը
ծաղկեալ,
իր
ճշդութեան
մէջ
իսկ
նեղացուցիչ,
ծանրակիր։
Կարդացէք
իր
Սիրոյ
Գիշեր
քրոնիկը։
Պիտի
տպաւորուիք
այդ
վերադիրներուն
տիպող
(բառը
գործածելով
հնօրեայ
առումով),
անզգած,
ամրակուռ
փաղանգէն
երբ
կը
յաջորդեն
իրարու,
երանգի,
գիծի,
կարկառի
ճշգրիտ
նուաճումներու
հետամուտ.
կը
սեղմեն
նախադասութիւնը,
կը
պրկեն
պատկերը
ու
մամուլի
տակ
կ՚առնեն
հոգեվիճակը,
սմքեցնելու
աստիճան
զգայութիւնը
որ
կը
թուի
կորսուիլ
այդքան
խիտ,
մանր
մանուած
ցանցին
մէջը
բառերուն:
Ու
ասիկա
այսպէս,
անշուշտ
հետզհետէ
մաքրուելու
համար:
Ուրիշներուն
վրայ
այս
մոլորանքը
այնքան
արագ
զգացող
մարդու
մը
մէջ
այս
սեպհական
պատրանքը
անհասկնալի
է
այսօր:
Բայց
իրմէն
դուրս,
իր
գրական
դատաստաններուն
առողջութիւնը
բացարձակ
է։
Կ՚ըսեն
թէ
իր
շրջանակին
մէջ
պարզ
ոճին,
ուղիղ
մտածումին
եռանդուն
առաքեալը
եղաւ:
Բայց
չեն
ըսեր
թէ
ինչո՞ւ
չկրցաւ
արգիլել
արձակ
քերթուած
ին
աղէտը
որուն
նախատիպը,
առանց
իր
գիտնալուն
եւ
ուզելուն
իրմէ
կուգար
եւ
զոր
Չօպանեան
պիտի
տանէր
լրումի։
Կամսարականի
գործին
վրայ
իր
դատումները,
իրենց
մասնակի
որքան
ընդհանուր
տարողութեանց
մէջ,
իրենց
չափաւորութեան
որքան
ճշգրտութեան
փաստովը,
իրենց
թափանցողութեան
ու
նորութեան
կնիքովը
յաջողակ
էջերը
կրնան
նկատուիլ
հայ
սկսող
քննադատութեան,
Չօպանեանէն
առաջ։
Հոս
ու
հոն
երեւցող
գիրքեր
երբեմն
կը
հրաւիրեն
իր
ուշադրութիւնը
ու
զայն
կը
մղեն
գրական
քրոնիկ
ին
զոր
իր
հետքերուն
վրայով
պիտի
շարունակեն
շատեր,
գլխաւորաբար
Տիգրան
Արփիարեան,
աւելի
վերջը՝
Արտաշէս
Յարութիւնեան
եւ
որ
պիտի
վերածուի
գրական
դար
ին
վերտառութեամբ
թուումնալից
ու
դատարկ
անուանացանկին։
Զօհրապի
Անհետացած
Սերունդ
մը
ինչպէս
աւելի
յետոյ
ուրիշ
հատորներ
իրեն
կը
թելադրեն
սակայն
լուրջ
գրախօսութեան
էջեր,
լրագրութենէ
որոշ
չափով
բարձր,
հաստատ,
պայծառ,
ընդարձակ
գաղափարներու
մթերքով
մը
որոնցմէ
կազմուած
է
արդէն
իր
գրական
ընդհանուր
գործը։
Քրոնիկը
առանց
հերքելու,
բայց
չըլլալով
աւելի
յետոյ
լղրճուած
աճպարարութիւնն
ալ
որ
դէմքերու
նկարագիրը
կը
ձգտի
սեւեռել
բազմատեսակ
յորջորջումներով
(ծանօթ,
ճանչւոր,
կէս,
ուրուային
դէմքեր,
շարունակելը
ձեզմէ),
Լեւոն
Բաշալեանի
նշմարները,
յօդուածները
անշուշտ
բան
մը
չեն
աւելցներ
իրապաշտ
վաստակին
ընդհանուր
կշիռին
մէջ,
բայց
կը
ծառայեն
հեղինակին
հասկացողութեան,
մեծ
չափով
դիւրացնելով
անոր
ստեղծագործ
էջերուն
վերլուծումը։
Ի
նպաստ
անոնց,
վեր
կ՚առնեմ
պարկեշտութիւնը,
անկեղծութիւնը,
ճշդութիւնը,
հաստատ
յօրինուածքին
բարիքը,
որոնք
զանոնք
կ՚ազատեն
լրագրական
շողոմէն:
Ինչ
փոյթ
որ
չբարձրացան
ճշմարիտ
essaisներու
աւելի
մնայուն
արժէքին:
Օրագիրը
սպառող
էր
շատ,
արտօնելու
համար
նման
ձգտումներու
իրագործումը։
Իր
ընդհանուր
գործին
մէջ
անոնց
տեղը
անմիջապէս
վերջը
կուգայ
ստեղծագործական
էջերուն։
Չեն
բեռնաւորեր
անոնք
այդ
գործը,
ինչպէս
չեն
ալ
փառաւորեր։
Ենթակայ
են
անխուսափելի
ճակատագրին
որ
քննադատական
բոլոր
գրութիւնները
կը
կրնկեն:
Բայց
են
թանկագին
անոնց
համար
որոնք
մեր
գրականութեան
ընդհանուր
շրջափոխութիւնը
կ՚ուսումնասիրեն,
վասնզի
անոնց
նայուածքին
կը
պարզեն
այլապէս
անփոխարինելի
վկայութիւններ:
Գրականութեան
պատմութեան
մը
մէջ
քիչ,
թեթեւ
իրենց
տեղը
իր
բոլոր
արժանիքները
կը
ստանայ
երբ
գաղափարներու
յեղաշրջումը
կը
ձգտինք
ուրուագրել։
Այն
ատեն,
այդ
յօդուածները
կը
մտնեն
իրենց
բուն
դերին։
Կը
լուսաւորեն
միտքը
շատ
աւելի
պայծառ
կերպով
մը
քան
յետահայեաց
համադրութիւնները։
Օրը
օրին
գրուած,
կը
պահեն
օրուան
կնիքը
ու
կը
վկայեն
աւելի
պարկեշտ,
որքան
աւելի
հարազատ:
5.
ԳՐԱԳԷՏԸ
Իրապաշտներէն
միայն
Արփիարեանն
է
որ
կ՚արդարացնէ
գրագէտ
յղացքին
ծանօթ
տարողութիւնը,
ապրած
ըլլալով
գիրքին
ու
լրագրին
մշտական
յաճախանքին
մէջ։
«Սիրող»
նե՛ր,
միւսները
բայց
ունենալով
յղացքին
հիմնատարրերը։
Դժուար
է
Բաշալեանը
զետեղել
երկու
կարգին
ալ
մէջը։
Անոր
կեանքին
առաջին
քսանամեակը
գրաւուած
է
անխառն
գրագէտի
մը
պատկերովը,
միւսներէն
շատ
աւելի
խղճամիտ,
իր
դերը
ըմբռնելու
եւ
զայն
գործադրելու
արարքին
մէջ
երեւան
բերելով
մինչեւ
իր
օրը
գրեթէ
անսովոր
հետեւողականութիւն,
յաւակնութիւն,
վճռականութիւն։
Չեղաւ
անիկա
վարժապետ՝
Եղիային
նման,
դիւանապետ՝
Մամուրեանին
նման,
տոմարակալ՝
Պարոնեանին
նման:
Գրեց։
Խմբագրեց։
Թերթ
ու
հանդէս
վարեց:
Այսինքն
ապրեցաւ
միտքի
բարիայի
մը
կեանքը
մեր
մէջ։
Միւս
կողմէն,
1900էն
քիչ
յետոյ
անիկա
դաւեց
իր
կոչումին,
անցաւ,
վճռական
մատնութեամբ
մը,
ուրիշ
աշխարհի,
ուրիշ
կարգերու
սպասին,
ուրացաւ
իր
երիտասարդութիւնը,
հարստացաւ
այդ
գիծով
ու
ըրաւ
ամենէն
աններելի
մեղքը
իր
կեանքին
—
մոռցաւ
թէ
գրական
գործ
մը
ունէր
զոր
պարտքին
տակն
էր
առնուազն
օրինաւորելու,
անոր
վրայ
տարածելով
արդար
ու
արժանաւոր
հայրութիւն
մը։
Կրնանք,
խոր
ու
անխոստովանելի
զսպանակներ
ենթադրել
այս
դասալքութ
եան։
Կրնանք
գրագէտի
ծանրակշիռ
խղճահարանք
մըն
ալ
ոգեկոչել։
Բայց
չենք
դարմաներ
կատարուածը։
Լեւոն
Բաշալեան
կը
նկատուի
խումբին
մէջ
ամենէն
կատարելատիպ
արուեստագէտ
մը։
Ճշմարտութեան
որոշ
բաժին
մը
կայ
այս
վարկածին
մէջ,
արդիւնք
հաւանաբար
լեզուական
խնամքէն
աւելի
արտայայտական
բծախնդրութեան
մը
որ
աչքի
զարկաւ,
մանաւանդ
Արփիարեանի
սանձարձակ
անփութութեան
դիմաց:
Լեւոն
Բաշալեանի
ֆրազը
սեղմ
է,
էական
տարրերու
վրայ
կառուցուած։
Ուղիղ
է
(correct),
մտածումին
հասակովը
ձեւուած,
առանց
շեղումի
ու
առանց
ցցունքի:
Կորովի
է
վասնզի
կը
ծածկէ
հաստատ
մթերք
մը
զգայութեան
կամ
խորհուրդի:
Հիւթեղ
է
երբ
կը
համադրէ,
վերլուծելէ
վերջ։
Թելադրական
է
բառերուն
խնայած
ըլլալով
մաս
մը
իսկութիւն,
պահելով
այսպէս
անոնց
խմորը
պինդ,
առանձիգ։
Ասոնք
տարազներ
են
որոնք
դասական
ոճին
կը
պատշաճին
աւելի
կամ
պակաս
տիպողութեամբ
մը:
Պէ՞տք
է
շարունակել
թուումը
ու
հաստատել
ջանալ
այդ
գրուածքին
մէջ
նաեւ
ուրիշ
առաքինութիւններ,
—
շնորհ,
գոյն,
հնչականութիւն,
հրայրք
(passion)
որ
կիրքն
է,
իր
բոլոր
երանգներուն
մէջ,
մոգական
անորակելի,
մանր
բխումներ
որոնք
երբ
անցնին
մեր
գիտակցութեան,
հոն
կ՚արթնցնեն
մոգական,
անորակելի
բաներ,
ըսել
կ՚ուզեմ
բանաստեղծութիւն։
Կը
խորհիմ
թէ
կը
ծանրաբեռնեմ։
Իր
սերունդը
այս
ամէնը
կարծեց
զգալ
անոր
ոճին
մէջ
ու
չէր
անդրադառնար
որ
ռոմանթիզմ
կ՚ընէր։
Քառսուն
տարի
վերջը
երբ
կը
կարդանք
Ցեղին
Ձայնը,
կը
տպաւորուինք
բոլորովին
տարբեր
եղանակով
մը:
Վերը
թուումէ
անցած
բոլոր
ստորոգելիները
լուռ
կը
մնան
մեր
մէջ։
Բայց
կ՚արթննան
ուրիշ
արժէքներու
թելադրութիւնները։
Հոն
մեր
զգացածը
քիչիկ
նման
է
այն
տպաւորութեան,
որ
կը
յառնէ
վաւերական
ամէն
գործէ
ուր
գրագէտի
մը
կնիքը
եղեր
է
արդէն,
իր
ատենին:
Միսաքեանի
մէկ
էջը,
Տերոյենցի
մէկ
ամբաստանութիւնը,
Գրիգոր
Օտեանի
մէկ
քրոնիկը,
Պէրպէրեանէն
էջ
մը
1880ի
ազգային
հոգեբանութիւնը
վերիվերոյ
թելադրող,
Մամուրեանէն
խմբագրական
մը,
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեանէն
քերթուած
մը
մեր
վրայ
ունին
այսօր
հրապոյր
մը,
ազդեցութիւն
մը
որ
պայմանաւոր
չէ
այդ
անուններուն
տաղանդին
չափովը
միայն,
այլ
այն
յաւելեալ,
անտես
բայց
իրական
արժանիքով
որ
ժամանակին
խաւն
է
մեր
ետին։
Բոլոր
իր
անտանելի
մեղքերուն
հակառակ
ընդդէմ
ուղիղ
ոճին,
Սրուանձտեանցի
Մանանա
ն
եւ
Խրիմեանի
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը
մեզ
կը
զինաթափեն։
Գաղտնի՞քը։
—
Պարզ
է
սակայն։
Դառնալու
համար
Ցեղին
Ձայնը
ին
տիրական
հրապոյրին,
հարկին
տակն
եմ
զայն
զգալու
ոչ
թէ
գրուածքին
որով
եւ
ոճին
խնամքին,
անթերի
կերտուածքին
եւ
ուրիշ
շատ
դիւրաւ
շարուելիք
առաքինութեանց
դէզին
մէջ,
այլ
ոգիին,
այդ
օրերու
հոգեկան
վիճակէն
իր
բերած
ազնուական
փաստին,
իր
ծածկած
խորքին
անայլայլ
հայեցիութեան,
ժամանակ
մը
պատմելու,
պատկերելու
իր
արդար
արժանիքին
մէջ։
Ա՞յն
ատեն։
Բայց
պարզ
է
դարձեալ։
Լեւոն
Բաշալեան
մեծ
գրագէտ
մը
յօրինող
պայմանները
ունի
առատութեամբ
բայց
նոյն
ատեն
մեղքը
ոճի
տագնապին։
Զինքը
սպառողը,
մեր
գրականութեան
զլացողը,
մեզ
ուրանալու
մղելու
չափ
փոքրողը՝
այդ
ոճին
դարպասը
պիտի
ըլլար։
Ասիկա,
իր
ատենին
անորոշ,
այսօր
փռուած
դժբախտութիւն
է
մեր
ամենուն
աչքին։
Ինչո՞ւ
միայն
ութը
տասը
կտոր,
երբ
ամբողջ
աշխարհ
մը
կը
մնար
պառկած
իր
դիտողութեան
սրբազան
խոբին։
Իր
ատենին,
մարդիկ
սարսափին
տակն
էին
Եղիային,
Չերազին
սանձակոտոր
զեղումներուն,
տղայութիւններուն
ու
ճշմարիտ
ոճին
յղացքը
մթագնած
էր
մեր
հորիզոնէն
չարաշահ
զեղծումին
մէջը
գրաբարեաններուն:
Պապակը
կար
իրաւ,
մերկ,
բայց
արու
ոճին։
Լեւոն
Բաշալեան
իր
սերունդին
մէջ
առաջինն
է
այդ
կարիքը
դիմաւորող։
Ասկէ
դէպի
ոճի
վիրթիւօզ
ը՝
ճամբան
թէեւ
դժուար
բայց
անկարելի
չէր
ու
ատիկա
ըրին
մարդիկ
իր
հաշւոյն,
անոր
նախադասութեանց
օրկանիզմին
մէջ
գտնել
կարծելով
մեծագոյն
արուեստագէտի
մը
կնիքը։
Այս
հաւաստումը
աւելի
քան
վերաքննելի
է
այսօր:
Չի
կարդացուիր
Կրիան
։
Չեն
կարդացուիր
բարիզեան,
միջերկրականեան
քրոնիկները:
Հազիւ
կը
հանդուրժենք
Կաղանդը,
չըսելու
համար
չենք
կրնար
կարդալ:
Եւ
սակայն
յիշուած
կտորները
Լեւոն
Բաշալեանի
գործին
մէջ
մեծահամբաւ
փառքեր
են։
Չեն
հինցած
Ցեղին
Ձայնը,
Տէրտէրին
Ուխտը
ին
գործողութեան
եւ
բարքերու
մասը,
Ղալաթիոյ
Ռեսթը,
Սիւղէնիի
Վարպետը,
Նոր
Զգեստը,
բոլոր
այն
խմբագրականները
որոնք
օրուան
դէպք
մը
ունին
իբր
յատակ,
ընդհանրապէս
ողբերգական,
թատերական
քրոնիկները,
կենդանագիրները,
ու
այն
քրոնիկները
ուր
կեանքի
պարզ
պատկերացում
մը
միայն
կը
հետապնդուի:
Կշիռը
կամ
դա՞սը՝
այս
վկայութեանց։
—
Այն
շատ
պա՜րզ
բանը
թէ
ոճը
ոչ
մէկ
ատեն
կտոր
մը
չի
փրկեր,
եթէ
երբեք
անոր
տակը
իրաւ,
խոր
ուրիշ
տարր
մը
չի
դիմանար։
Ո՞ւր՝
այդ
ոճը
այնքան
շքեղ
է,
ճիշդ,
ցոլցըլուն,
կատարեալ
որքան
Սիրոյ
Գիշեր
որակուած
քրոնիկին
մէջ։
Լեւոն
Բաշալեան
չի
կասկածիր
սակայն
թէ
Բարիզի
պէս
քաղաքի
մը
գիշերները
դիւրաւ
չեն
նուաճուիր
բառերով,
հրթիռով,
ածականով
կամ
ներկի
տուփերով։
Վասնզի
այդ
ամէնը
երեւցած
մասն
է
որ
կը
ծածկեն
այդ
գիշերին:
Ի
զուր
պիտի
չարչարենք
մեր
նախադասութիւններուն
ցանցը
որպէսզի
հոն
ինկած
պատկերը
չհեռանայ,
չփախչի:
Կտորը
կ՚աւարտենք
առանց
յուզուելու,
քանի
որ
մեր
ուշքը
փոխնիփոխ
թափառեցաւ
մէկ
ածականէն
միւսը,
մէկ
գոյնէն
միւս
ձեւը,
բայց
չկապուեցաւ
անոնց
տակ
թաւալող
կեանքին
հեղուկին։
Պատճա՞ռը
այս
վրիպանքին։
—
Գրագէտին
իսկ
կամքը,
ճիշդ
գրելու,
ուղիղ
գրելու,
երանգ
փրկելու,
խաղալու
լեզուին
ընդունակութեանց
հետ:
Շրջուած
Եղիա
մը
կայ
այդ
կտորին
մէջ
ուրկէ
զեղջուած
ըլլային
բառախաղական
մոլորանքները
Նիրվանայի
երգիչին։
Անստգիւտ
գրագէտի
իր
վարկը
պայմանաւոր
է
սակայն
քանի
մը
տարրերով։
Կը
մօտենամ
կարեւորներուն:
Ա.
—
Նիւթերու
ընտրութիւն
որ
անիմաստ
հաստատում
մը
պիտի
դառնար,
եթէ
երբեք
չդիտուէր
իր
ժամանակին
մէջ
ուր
մարդիկ
այնքան
մասնաւորած
էին
գրականութեան
հանդիսարանը։
Ծանօթ
էք
ներշնչումներուն
որոնք
մեր
ռոմանթիքները,
կրտսերները
խանդավառեցին:
Ձգել
լճակը,
զեփիւռը,
լուսնակը
ու
հակիլ
դէպի
ողբերգութիւնը
պարզ
մարդոց,
բանուորին
ու
դպրոցական
տղուն,
արհեստաւորին
ու
հերոսատիպ
արարածներուն
(
խաչախճին
)
նկարումին։
Նախասիրել
կեանքի
այն
կտորները
ուր
տռամ
մը
կը
կերպարանաւորուի
ուժովին
ու
տկարին,
բախտաւորին
ու
անբախտին,
գազաններուն
ու
զոհերուն
քիչ
մը
հին
բայց
մշտայժմէ
հակադրումովը:
Վերլուծել
այս
նիւթերուն
հետ,
մէջէն
քանի
մը
հզօրագոյն
կիրքեր
(դրամ,
կին,
սէր,
աղքատութիւն,
անգթութիւն,
չտեսութիւն,
հերոսական
հոգի,
արժանապատուութեան
զգացումը
համեստ
դասակարգին
ներսը
եւայլն)
որպէսզի
փորձի
ենթարկուին
մեր
մէջ
քանի
մը
համապատասխան
կեդրոններ,
աչքէ,
ողնածուծէ,
ուղեղէ։
Բ.
—
Այդ
նիւթերը
մշակելու
թէքնիքը,
տարօրէն
լուրջ,
զուսպ,
զգաստ.
տիրական
շեղումով
խօլաթռիչ,
թեթեւ
(սօլիկ),
անիրական
եղանակէն
որ
Եղիայի
մը,
Չերազի
մը
այդ
օրերուն
(1880)
փառքը
պիտի
կազմէր։
Այն
քնարական,
ապերասան,
անյարիր
մատուցումը
աշխարհին,
այն
ձեւազեղծուած,
բոլորովին
օտարացած
պատկերացումը
կեանքին
որոնք
այդ
մարդոց
գրչէն
մեզ
կը
մնան,
կը
բացատրեն
թէ
ինչո՞ւ
իրապաշտ
թէքնիքը
այդքան
արմատական
փոփոխութիւն
մը
կը
դառնար
ճաշակներու
առջեւ:
Գրելը
ինքիր
մէջ
ինքնութիւն
մըն
էր.
անկախ
նիւթէն
ու
զայն
ուրացող։
Թող
Չերազ
մօտենայ
ժողովրդական
տօնի
մը,
Խասգեղի
բանայըրին,
օրինակի
համար:
Անշուշտ
չի
կրնար
չտեսնել
մեր
գաւառացիներուն
անմոռանալի
շքեղութիւնը
ցաւէ,
տառապանքէ
ինչպէս
զգեստէ
ու
մարմինէ։
Բայց
զայն
տալն
է
որ
բան
մը
կ՚արժէ
եւ
ընթերցողը
կը
ղրկեմ
Գրական
Փորձեր
հատորին,
զգալու
համար
թէ
որքան
տխուր
է
ատիկա
իբրեւ
նուաճում:
Գ.
—
Այդ
նիւթերը`
իմաստի
բարեխառնութեան
մը
բարձրացնել
։
Ասիկա
գաղափարներով
հարուստ
գրականութիւն
ընել
չի
նշանակեր
հոս,
որուն
բախտը
այնքան
քիչ
շնորհուած
է
մեր
դպրութեան։
Ատիկա
իր
զգայութիւնները
վստահիլն
է
ամուր
դիտողութեամբ
մը
երաշխաւորուած
վիճակներու
որոնք
զգայութիւնները
անցնին,
զանոնք
ազատագրեն,
ու
սեւեռուին
իմացական
կերպի
մը,
չըսելու
համար
կերպարանքի
մը
մէջ։
Պատմել
աղջկան
մը
անձնասպանութիւնը,
վայել
բաթէթիքով,
զուսպ
որքան
խոր
տարրերու
նպաստով
մը
զայն
վերստեղծելով
գրեթէ։
Հասնիլ
այդ
ճամբով
մահուան
զուգորդ
յուզումին։
Մինչեւ
հոս
քրոնիկագիր
ենք
եթէ
գրել
գիտենք։
Բայց
այդ
նոյն
անձնասպանութիւնը
այսպէս
պատմելէ
յետոյ,
հոն
հանող
լարերը
զատել
աշխատիլ
եղելութեանց
թնճուկին
մէջէն,
որսալ
մեծ
առէջը
ուրկէ
պիտի
թափի
ոճիրին
սաղմը
մեր
կուսական
հոգիին
կապոյտ
դաշտերուն.
առանձնացնել
պզտիկ
տագնապներու
շարքէն
այն
մէկ
երկու
մեծ
պատասխանատու
մեղքերը
որոնք
մեզմէ
կամ
շրջապատէն
կը
խուժեն
մեր
միամիտ,
մեր
անպաշտպան,
մեր
խեղճ
սրտին
վրայ
ու
զայն
կը
խեղդեն
—
ասիկա
քիչ
մը
աւելի
վեր
ելլելն
է
քրորիկի
մեջ
պարունակէն։
Այս
երկու
գործողութիւնները
սակայն
չեն
բաւեր
մեզ
պարտադրելու:
Ասկէ
յետոյ
մեր
ընելիքը
ընդհանրացումն
է,
փոքր
դէպքին
փոքր
նշանակութիւնը
ընդլայնել,
կոտրտել
շրջանակը
ու
անկէ
դուրս
բերել
ընդհանուր
դասը,
ընդհանուր
իմաստը
որ
աղջիկները
մահուան
կ՚առաջնորդէ։
Աս
է
նիւթը
իմաստի
բարձրացնելը։
Ու
այս
կարողութիւնը
ամէն
կտորի
մէջ
կ՚ընկերանայ
Լեւոն
Բաշալեանին։
Իր
ընկերներուն
մէջ
Կամսարականը
միայն
կը
սիրէ
այս
կերպ
գրականութիւնը։
Տուի
անշուշտ
յուզումին
իր
տեղը։
Տուի
մտածումին
ալ
իր
դերը։
Երբ
այս
երկուքը
կը
դաշնաւորուին
ուրիշ
մակարդակի
մը
վրայ,
մեր
գրականութեան
մէջ,
մենք
իրաւունք
ունինք
զմեզ
անջատելու
աժան
բարոյախօսութեան,
չոր
բառերու
տարափին,
ձրի
դասերու
համանուագէն
որ
մեր
հրապարակագրութիւնը
կը
հանդիսաւորէ
այնքան
աւելորդ
շռայլութեամբ
մը
երբ
իր
սիւնակներէն
ամէն
օր
մեր
գլխուն
կը
տեղայ
հասարակ
տեղիքը,
առանց
նեղուելու:
Դ.
—
Այդ
նիւթերուն
հետ
ու
մէջ
դնել
մեր
անձնականութիւնը,
մեր
կնիքը,
այդ
ամէնը
ձեռնելու,
դասաւորելու,
իւրացնելու
մեր
կերպը
որ
գրական
տարազ
մը
չէ
նորէն։
Նոյն
նիւթը
տուէք
ուրիշ
մարդու
մը
որ
զուրկ
ըլլայ
այս
բարիքէն:
Անոր
մշակումը
այս
ապաբախտ
իմաստունին
կողմէ
պիտի
նոյնանայ
հազարաւոր
քարոզներու
հետ
որոնք
ամէն
օր
կը
կրկնուին
երջանիկ
պանդոյրներու
ականջին
աշխարհին
հազար
անկիւններէն։
Ինչ
որ
գրած
է
Լեւոն
Բաշալեան
լայնօրէն
կնքաւոր
է
անոր
անձնականութեամբը:
Տակաւին
կարելի
է
երկարել
այս
թուումը։
Կը
կենամ:
Ու
կը
ծանրանամ
ուրիշ
երեսներու
վրայ
որոնք
այս
անգամ
կը
չէզոքացնեն
եթէ
չեն
հերքեր,
այն
արժանիքները,
անոնց
լիալիր
փթթումը
դժուարելով,
յաճախ
արգիլելով։
Որոնք
բոլորը
մէկ
զինքը
պիտի
զարնեն
շատ
մատաղ,
ու
պիտի
թոռմեցնեն
իր
տաղանդին
ազնուական
ծաղիկը,
այդքան
անակնկալ
պահու
մը։
Այդ
մեղքերէն
ամենէն
կարկառունը
բացառիկ,
չարաբաստիկ,
ախտագին
ըսուելու
չափ
խոր
իր
խնամքն
է
իր
գրուածքին
։
Պարզին,
չորին,
անհրաժեշտին
հայող
եղանակ,
որ
հակազդեցութիւն
մըն
է
ամենէն
առա
ջ
բայց
որ
շատ
դիւրաւ
կը
վերածուի
հակադիր
իմաստի։
Հոն
ուր
նկարագրող
տարրը
կը
գերակայէ,
այս
վտանգը
անխուսափելի
կը
դառնայ։
Միջերկրականեան
իր
պատկերները
հնադրոշմ
ու
անտանելի
poncifներ
են
այսօր,
ու
վար
նոյնիսկ
Եղիայի
անյօդ,
քմահար,
ձեւազեղծ
բայց
թելադրական
նկարագրութիւններէն։
Ահա
այն
կարեւոր
վերապահութիւնը
զոր
կ՚ընեմ
այդ
գրուածքին
դէմ:
Յետոյ
կը
բանամ
վարագոյրը
ուրիշ
ալ
նկատողութեանց:
Ինչ
որ
ըրաւ
Եղիան
անատակ՝
լրջութեան,
խորութեան,
ուրիշին
կեանքը
հագնելու
զիջումին
(վիպողը
ուրիշ
աւելի
ամուր
սահման
մը
չունի),
ըսել
կ՚ուզեմ՝
անոր
ծայրայեղ
անձնականութիւնը,
ու
զայն
ոճաւորելու
համար
ամէն
միջոցի
առջեւ
իր
անխղճահար
թուլութիւնը,
բառական
քմայքները,
խաղերը,
փայլակումները,
ինչպէս
իմացական
աճպարարութիւնները,
անպարկեշտութիւնները,
որոնք
բոլորը
մէկ
մշտացած
ուրուներու
նման
հալածեցին
անոր
մեծ
տաղանդը,
զայն
ծանրաբեռնեցին,
խեղդեցին
ալ
յաճախ,
զլանալով
այսպէս
ամենէն
արուեստագէտ
խառնուածքներէն
մէկուն
ետին
արժանի,
տեւական,
մարդկային
մեծ
գործի
մը
հայրութիւնը։
Ի՛նչ
որ
Զօհրապը
կասեցուց,
իր
բազմազբաղ
օրերու
հորձքին
առջեւ,
արգիլելով
անոր
հլու,
արգաւանդ
սպասը,
ենթարկուիլը
իր
տաղանդին,
շեղեցնելով
անոր
հետաքրքրութեանց
ասեղը
դէպի
ուրիշ
աշխարհներ,
ու
խնայեց,
զլացաւ
անոր
ուժերը
անոր
գործին,
ու
կեանքի
փշրանքներ
միայն
տրամադրեց
արուեստի
քուրային,
ու,
այդ
յորդահոսան
կեանքին
զրկանքը
ձեւով,
Ֆրազով,
ինքնատպութեամբ
փոխարինելու
մեղապարտ
պատրանքին
մէջ
օրoրեց
անոր
խղճմտանքը
ու
քնացուց,
ոճին
փայլն
ու
խաղերը
փոխանորդելով
գրականութեան
այնքան
մարդկային
իմաստին,
ու
վրիպեցուց
անոր
հանճարային
ուղեղը
հանճարային
յաղթանակէն.
աշխարհ
մը
նուաճելու
փառքէն
(ոչ
ոք
իր
ընկերներէն
ունէր
այդ
պատեհութիւնը
ու
յաջողութեան
բախտը
իրեն
չափ)
ու
զայն
վերածեց
քանի
մը
բեկբեկ
նուաճումներու
գոհունակութեան:
Ի՛նչ
որ,
վերջապէս,
Արշակ
Չօպանեանը
չարչարեց,
թափառեցուց,
սեռէ
սեռ,
կիսաշխարհէ
մը
ուրիշ
մը,
անդադար,
իմաստի
վաչկատունի
մը
վերածելով
անոր
գեղեցիկ
տաղանդէն
սպասելի
տրիբունը
արուեստին,
անոր
չտալով
հպարտ,
արդար
գոհունակութիւնը,
այդ
վաւերական
տաղանդը
խորհրդանշող
ու
քանի
մը
սերունդի
վրայ
կանգուն
պահող
գործի
մը
կերտումին:
Այս
բոլորը
ի
զօրու
են,
նոյնքան
աղիտաւոր
ուժով
մը,
Լեւոն
Բաշալեանի
գործին
ներքին
կեանքին
մէջ։
Ու
նիհարութի՛ւնը
այդ
վաստակին։
Ուղղակի
արդի՞ւնք
մը
իր
զբաղումներուն,
թէ
անուղղակի
հետեւանքը՝
իր
երեւակայելու
տկարութեան:
Որն
ալ
ըլլայ
հեղինակը
այս
վրիպանքին,
իրողութիւն
է
որ
անոր
շունչը
ամենէն
կտրատն
է
խումբին,
անկարող
նոյնիսկ
տասը
էջի
երկունք
մը
դիմաւորելու:
Մարդոց
խառնուածքը,
ֆիզիք
կառոյցը
դուրս
են
անշուշտ
մեր
պահանջներէն
ու
անհեթեթութիւն
պիտի
ըլլար
Ռաֆֆիի
մը
ուժը
սպասել
հանդիպող
վիպասանէն։
Բայց
դիտել
կուտամ
որ
անոր
մօտ՝
վատնուած
իմացական
ճիգը,
իր
ամբողջ
այլազանութեամբը
նկատի
առնուած,
կը
լեցնէ
մէկէ
շատ
աւելի
հատորներ։
Այս
անօգուտ,
մեղապարտ
շռայլութիւնն
է
ահա
որուն
դատապարտումը
արդար
է
բոլոր
անոնց
համար
որոնք
անոր
տաղանդին
տարողութիւնը
կը
գնահատեն,
ու
իրաւամբ,
այնքան
բարձր:
Ուրեմն
ստուար
մաս
մը
այդ
վաստակէն
այսօր
մեռած
է
անդարձ:
Յետոյ,
այն
մասն
ալ
որ
կ՚ապրի
տակաւին
մեզ
կը
տրտմեցնէ
իր
արմատական
պակասութեամբը:
Ի՜նչ
փոյթ
ինծի
անոնց
յօրինուածքի,
գրուածքի
կատարելութիւնը։
Ի՜նչ
փոյթ
ինծի
ծովու
եւ
փոթորիկի
պատկերացման
ոսկեհուռ
շքեղութիւնը
երբ
մարդկային
տարրին
հանդէպ
իր
նայուածքը,
ջիղերը,
պիտի
ըլլան
այնքան
քիչ
հիւրընկալ։
Քրոնիկի
մը
մէջ
որ
նորավէպի
տարազ
մըն
ալ
է
նոյն
ատեն,
Վրանին
Sակ
վերնագրուած,
անիկա
օրաթերթի
խոշոր
3–4
սիւնակ
պիտի
գրաւէ,
կէսէն
աւելին
յատկացնելով
այդ
միջոցին՝
արտաքին
իրականութեան
յարդարանքին,
այն
մանրակտուր,
մոզայիգուած,
մանրանկարչական
դրուագումին
որ
այնքան
արագ
կը
յոգնեցնէ
քանի
որ
թանգարանեան
թէքնիքի
մը
կը
հպատակի,
ու
պիտի
փախցնէ
պատեհութիւնը
հոգեկան
հսկայ
եղելութիւն
մը
նուաճելու:
Այս
վրանին
տակ
պանդուխտ
խարբերդցիներ
Ամերիկայէն
հայրենիք
կը
դառնան։
Ծովու
վրայ
այս
հանդիպումը
ինչ
պատեհութիւն
որպէսզի
մարդերը
ցայտին
մեր
աչքին
առջեւ։
Շրջանակին
նպաստը
բաւ
էր
այս
արդիւնքին։
Կտորը
կը
վերջանայ
ու
մենք
կ՚ափսոսանք
կորսուած
առիթէն։
Այս
օրինակը
նոյնութեամբ
կրնայ
պիտակել
գրեթէ
բոլոր
իր
յաջողած
կտորները։
Նիւթի
նիհարութիւնը
նիհարութիւն
է
ստեղծագործ
ուժի։
Զայն
բացատրելու
քմահաճ
կե՞րպ
մը,
—
ենթարկել
ուզելը՝
տարապայման
խղճահարութեան
մը
արուեստին
ըմբռնումէն։
Իրողութիւն
է
սակայն
նորէն
որ
Կամսարականին
անիկա
կը
բերէ
հանգիտութեան
սուր
գիծեր,
այս
սպառող,
սպաննող
մաշումէն
որ
մեզ
կը
ծերացնէ
մեր
գարունքին
իսկ։
Անշուշտ,
Նոր
Զգեստը
գրագէտի
բոլորովին
տարբեր
տիպար
մը
կը
թելադրէ,
իրապաշտ
իրացումին
ամենէն
անվերածելի
եզրը
ներկայացնելով
մեզի:
Բայց
շատերու
համար
թերեւս
գաղտնիք
է
թէ
ի՜նչ
երկար
տառապանք
արժած
է
իրեն
այդ
դուրսէն
այնքան
դիւրին
բայց
ներսէն
այնքան
դժուարագին
պարզութիւնը։
Գտնելու
համար
այս
գերագոյն
ցամաքութիւնը
անիկա
քանի
քանի
անգամներ
վերստին
ու
վերստին
գրած
է
զայն
ու
յօժարած
զայն
տպագրութեան
յանձնելու
այն
ատեն
միայն
երբ
կարդացած
է
ձեռագիրը
ժողովրդի
կնոջ
մը
որուն
միտքը
չըլլար
այցուած
իսկ
(չեմ
ըսեր
վարակուած)
գրականութեան
ժահրէն։
Իր
խղճմտանքը
այն
ատեն
ապահով
է
զգացած
այդ
կտորին
իրական
արժէքէն
երբ
պարզուկ
կնոջ
աչքերուն
մէջ
տեսած
է
յուզումին
արցունքը,
որ
երբեմն
աւելի
իմաստուն
է
քան
գրական
բոլոր
դպրոցներուն
պատգամները,
հանգանակները։
***
Ուրիշներ
տարիքին
հետ
կը
հայթայթեն
ձեւերու
կլորութիւն,
ուժի,
շունչի
ընդլայնում,
նայուածքի
ու
ջիղերու
առաձգութիւն
ու
թափանցողութիւն։
Բաշալեան
կը
զարտուղի։
Ժամանակը
կ՚աշխատի
ի
վնաս
իրեն։
1900ին
արդէն
ըսելիք
չունի:
Ոչ
վրդովում,
ոչ
ալ
յոխորտ
արհամարհանք։
Մեր
ուղեղը
երբեմն
մաս
չի
կազմեր
մեր
մարմինին։
Երբ
մէկը
քսանը
չմտած
այդքան
կատարեալ
էջեր
կը
ստեղծէ,
կը
դադրի
մարդոց
—
տաղանդաւոր
անշուշտ
—
միջինին
պատկանելէ։
Կրնայ
հերքել
կանխահասութեան
հետ
կապուած
վաղաշէջ
սպառման
ապացուցուած
վարկածը
երբեմն
(Վ.
Հիւկօ)։
Բայց
կը
փլի
բաղդատաբար
կանուխ։
Լեւոն
Բաշալեանին
գործին
ջնարակը
—
անգիտակից
իւրացում՝
ահաւոր
ռոմանթիզմէն
ուր
անոր
ջիղերը
ծծեցին
արուեստին
սառն
սարսուռները
—
պիտի
աղօտի
քիչ
քիչ,
դառնալու
համար
աւելի
աղօտ
բայց
արու:
Այդ
գործին
վրայէն
պիտի
թափի
սուտ
թաւիշին
խաւը։
Ու
անոր
ներգոյակ
արժէքը
պիտի
զտուի,
ազատուի
խիստ,
պոռոտ,
երբեմն
խտղտիչ
աւելի
յաճախ
մանրամաղ
զանակներէն
որոնք
տեսակ
մը
pointillisme
կ՚ընեն
զայն։
Ու
պիտի
առնէ
իրաւ,
առողջ
մոյնք
մը
որ
պիտի
մերժէ
ներկը,
փոշին
(բրնձա)
ու
պիտի
պարտադրէ
ինքզինքը։
Դէպի
գունաթափում,
ծերութիւն,
pénilité,
ակօսը
նոյնն
էր
սակայն։
Իր
դասալքութիւնը,
այս
անգամ
փրկարար,
մեզի
խնայած
է
այս
թշուառութիւնը,
արգիլելով
իրեն
պտտցնել
այլապէս
արգահատելի
պատկերը
փառքի
մուրացկանին։
Քառսունի
կը
մօտենան
տարիները
որոնց
ընթացքին
այդ
զարմանահրաշ
dandyն
ինքզինքը
կը
պահէ
մեր
գրականութենէն։
Հոս
ու
հոն
իրմէ
փշրանքներ,
նշմարներ
մեզ
կը
տպաւորեն
իրենց
տարադէպ
իրականութեամբը
ու
կը
սուզուին
իրենց
մութին
մէջ,
առանց
թեթեւ
իսկ
ակօսի։
Ողբերգութի՞ւն։
Եթէ
յիմար
էք,
այս
աշխարհէն
սպասելու
ինչ
որ
անիկա
պիտի
չտայ:
Քէ՞ն։
Անգութ
է
այս
զգացումը,
ուրիշներէն
աւելի
մեզի
դէմ։
Ինքզինքը
պատժելուն
տանջանքը
ինչո՞ւ
բարդել
արտաքին
պատիժին
վրայ
որ
մեր
շրջապատն
է
մեր
անցքին
առջեւ
մեզ
հերքելո՜վ։
Ինքնապատրա՞նք։
Ո՜վ
փոքրութիւնն
ալ
այդ
ռոմանթեիզմին:
Հին
հոգի՛ն։
Հին
փառքե՛րը։
Բայց
հին
հանգանակները
մանաւանդ,
որոնք
մեզ
կ՚ընեն
եօթնապատիկ
թշուառ,
քանի
որ
ակնոցներ
կը
դառնան
մեր
նայուածքին։
Բան
մը
մխիթարակա՛ն`
այս
ամենուն
մէջ
սակայն։
Լեւոն
Բաշալեան,
իր
անցեալին
խորը
ամրախարիսխ,
ինքզինքը
ինչպէս
մեզ
կ՚ուրանայ
արդէն
այս
դարուն
սկիզբէն
իսկ:
Վաթսունի
մօտ
տարիներ,
գիտակցական
կեանքէ,
որուն
առաջին
տասնամեակը
ըլլայ
հարուստ,
ինքնատիպ
ու
խոր
ստեղծագործ
ուժով
մը։
Որուն՝
ուրիշ
չորս
կամ
հինգ
տասնամեակը
ըլլայ
փակեալ
խորան
մը,
կնքուած,
չորցած
աղբիւր
մը,
վրայէն
սրբուելու
չափ
մաշուած
կանխող
փառքին
արձանագրութիւնը։
Ասիկա
տարօրինակէն
վեր
է
քիչ
մը։
Պիտի
չբերեմ
գրականութեան
պատմութենէն
խոշոր
անուններ
որոնց
վրայ
կրկնուած
է
նման
ճակատագիր
մը։
Ու
չեմ
ալ
մօտեցներ
իր
կասումը,
ամլացումը
Կամսարականին
թուլացման
այն
մեծ
պատճառով
որ
Վարժապետին
Աղջիկը
ին
եւ
Խղճմտանքի
մը
Ձայնը
ին
(1934)
մէջտեղ
փորուած
կէս
դարը
jalonner
կ՚ընեն
թէեւ
ցանցառ,
բայց
միշտ
վառ
լոյսին։
Լեւոն
Բաշալեան
դադրած
հրաբու՞խ
մըն
է։
Կարելի
է
աւելի
համեստութեամբ
ըսել
—
աւարտած
մէտէորա
մը։