Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՀՐԱՆԴ
(185 9-1915)

Արեւմտահայ գրականութիւնը քիչ դէմք ունի իր մէջ, nրուն գործը իր ժամանակին համար մասնաւորապէս եւ գալիք օրերու համար ընդհանրապէս ներկայացնէ անփոխարինելի վկայութիւն մը մարդերէ, մտայնութիւններէ, հոգեվիճակներէ (չեմ գործածեր հոգեբանութիւնը դիտումնաւոր զգուշութեամբ մը բառին հանդէպ որ արուեստի մէջ այլապէս բարդ տարազ մըն է, հազիւ քանի մը անգամ յաղթահարուած մերիններէն), իր տարօրինակ, բացառիկ արուեստին միջոցով հասնելով այնքան ընդարձակ ցաւերու պարագրումին, փրկելով այնքան թանկ կեանքի տախտակներ, բարքերու գօտիներ (zone) ու հոգեկան կսկիծ ու խռովք։ Ոչ մէկը մենէ՝ իր խորութեամբը, լայնութեամբը, վաւերական զարկով մը պիտի զգայ իր ժողովուրդին ամբողջութիւնը, մանաւանդ զանգուածը, իր անորակելի տարածութեամբ ապրումներուն ընդմէջէն: Իր գործին այն մասը, որ Հայաստանի մարդերը ունի իբր կեդրոն, իր փշրանքներուն մէջ իսկ լեցուն է այդ ժողովուրդին անվերածելի իսկութեամբը։ Հրաշքը հոն է որ այս յաջողուածքը կատարուած է ամենախիստ գրաքննութեան մը աչքին առջեւ, ամենատարրական գործիքով մը որ կ՚անգիտանայ Եւրոպան, իր ժամանակի գրոց-բրոցներուն սահմանադրական պատգամները, գրաբարի իր գիտութիւնը կարողանալով մոռնալ ով սրբազան զոհողութիւնը հերոսներու արժանի երբ կը խօսի իր ժողովուրդին։

Հրանդի գրականութեան մեծ կալուածը մեր ժողովուրդն է, ասոր այն մասը աւելի ճիշդ որ անօթութեան ու զրկանքին հովերովը տարուբեր, պիտի փրթի իր դարաւոր կայաններէն, թափելու համար Պոլիս, բայց շարունակելու գինով նոյն հալածանքը կրել, թուրքէն ինչպէս իրեններէն, երկրէն ու երկինքէն։ Յետոյ, ընդարձակելով իր հետաքրքրութեանց պարունակը անիկա պիտի տայ ուրիշ, միջին կարաւան մը մարդոց ու կիներու, հպատակելով իր սերունդին ընդհանուր ձգտումին որ կը մղէ մեր իրապաշտները փոխադրելու իրենց գերագոյն մտահոգութիւնները ծոցին մէջն իսկ մեր գիւղացիին, միջակ դասի ողբերգութեան։ Պոլիսը իր թշուառութեամբ, արդիւնք դրամի, մեղքի, հարստահարութեան։ Գաւառէն փրթած ու Պոլիս ինկած ուրիշ հազար գլխանի թշուառութիւնը մեր երիտասարդութեան, որ սկիզբը կ՚ընէ իր տառապանքին հեռու ու խուլ խորշերուն մէջը իր գեղերուն ու զայն կը լրացնէ փարթամ մայրաքաղաքի մը պողոտաներուն, գռիհներուն մէջ, վրայ տալով բերածը ու ձգածը նոյն ատեն։ Կարաւան առ կարաւան մեր հայրենիքը կ՚ամայանար այդ օրերուն ու պոլսական գերեզմանները կը հարստանային: Պանդուխտներու Կեանքէն ը միայն գրագէտի մը քրոնիկները չի վերտառեր, այլ կը պատմէ լման սերունդի մը հսկայական ցաւը:

Զանազան հեղինակներու առիթով ինծի պատահեցաւ մօտենալ իրապաշտներու շրջանին, անոնց ձգտումներուն արտահանումը փորձել, ոմանց մօտ ուրուային ցանկութիւն, ուրիշներու մէջ ցանկալի երազ։ Բոլորն ալ իրարմէ դաս կ՚առնեն այս սրբազան աշխատանքը իրարու սիրելի ընծայելու: Գրագէտներ են ասոնք որոնք գիրքերու, ծրագիրներու պարտադրանք մը կ՚ուզեն փորձի ենթարկել զանգուածին վրայ: Այս մէկը` գիրքերու դատումը պիտի ունենայ իրեն մասնակի մրցարան։ Այն միւսը՝ զանգուածը լուսաւորելու, հրդեհելու դեր մը պիտի հանդերձէ իր գրիչին։ Երրորդ մը կիներուն փաստաբանը պիտի ըլլայ, պահանջելու՝ անոնց մեղքերուն համար մարդկային ներողամտութիւն։ Հրանդի համար այդ ձգտումները ուղղակի, անմիջական, անփոխանորդ իրականութիւն են: Աւելի պարզ ըլլալու համար. իր ընկերներէն, գլխաւորաբար Արփիարեան, ընկերային խուլ վէրքերու, գայթակղութեանց գրգիռին կարօտ է յաճախ կարծես, ոտքի նետելու համար նիհար իր վիպակները եւ քրոնիկները, որոնք այնքան կ՚ախորժին Պոլսահայերու իրական հիւանդութենէն քաղաքական սրամտութենէն։ Իրեն հետ, Գրիգոր Զօհրապ պիտի յարձակի դրամի իշխաններուն վրայ, պիտի պատռտէ մութ ծածկոյթները սառնասիրտ տռամներուն որոնք դրամին շուքին տակ անարգել կը հանդերձուին, ու այդ ողբերգութեանց շարժիչ ուժերը պիտի յաւակնի արեւին նետել, ստեղծելու համար արդար զայրոյթը որ ժողովրդական խղճմտանքը կը լուսաւորէ, երբեմն ալ անոնց ահեղ պոռթկումը, տապալելու համար դարաւոր արմատով կարգուսարքեր։ Բաշալեան ունի իր մաքուր, բայց տարօրէն փոքր ոսպնեակը մարդերը տեսնելու, ուրկէ կ՚անցնին որոշ դիմագիծով արարածներ, փնտռուած, կոխուած, յարմարցուած, որպէսզի փաստեր դառնան դաւանանքին։ Կամսարական, իր մեծ վէպին մէջ, ցոյց կուտայ հետաքրքրութեան աւելի ընդարձակ պարունակ: Իր պատկերները, խոնարհ իրենց հերոսներով, ընտանի են իրապաշտական կարաւանին, ուր հայը չէ եղծուած անշուշտ, բայց գոյնին տակէն է շինուած պոլսականին: Հրանդի աշխարհը կը տարածուի կախարդական ու շփացած քաղաքին սահմաններէն շատ անդին, գտնելու համար մեր հայրենիքին հեռանիստ հովիտները ու անոնց ծոցերուն ծուարած, ահաւոր թշնամիի մը սուրը գլխին՝ անճար մեր ժողովուրդին։ Հոս է ահա բանալին այն ազդեցութեան զոր Հրանդի գրականութիւնը ունեցած է խռովայոյզ այդ օրերուն։ Անիկա առաւել քան ուրիշ մէկը իր սերունդէն, կը ներկայացնէ հայ հոգին, հայ տառապանքը, հայ հայրենիքին գերադրական պաշտամունքը։

Ոչ ոքի համար գաղտնիք է որ այդ պաշտամունքը, սերունդ մը առաջ, արդէն յուռութքի մը նման տիրապետած է հոգիներուն, բայց դժբախտութեան տակն է այն գրական, ռոմանթիք, թատերական հայրենասիրութեան որ Մխիթարեան ազգայնականութեանը փոխադրութիւնն է, զարթօնքի սերունդին քանի մը պերճ աշխատաւորներուն միջոցով ու այն քանի մը նոր ու հզօր գիրքերով որոնք Ալիշանի անունը իր փառքին տարին։ Ու դարձեալ գաղտնիք չէ որ այդ ոգին իր կրակին մէջ առած է ամբողջ պոլսահայ ընտրանին ու իր բարձրագոյն արտայայտութեան կը հասնի, սահմանադրական տարեդարձի հանդէսներուն առիթով գալարափողուած խայտաբղէտ երգերուն եւ «ազգային մեծ ժողովոյ» ատենաբանութեանց, վիճաբանութեանց, որոշումներուն պերճ աղմուկին մէջ։ Երկու տասնեակ տարիներ յետոյ, 1888ին երբ Հրանդ պիտի ստորագրէ իր անդրանիկ քրոնիկը պանդուխտի կեանքէն, անհուն է փոփոխութիւնը։ Ճառի ու երգի խանդավառութեան տեղ երեւան կուգար իրաւ, շօշափելի, տարօրէն յուզիչ ողբերգութիւնը որ իր տարրերը կ՚առնէ մեր ժողովուրդին խորագոյն տառապանքէն, երբ քաղաքական չափուած, վճռուած ծրագիր մը իր անողոք մկրատին տակը ձգած է ոչ միայն մեր հոգիին կտաւը, այլ մեր ժողովուրդին ապրուստը, հողը, օդը, ջուրը, լոյսը, մեզի զլանալով նոյնիսկ մեր գերութիւնը: Մեզմէ ուզուածը 1880էն ասդին մեր անաղմուկ համակերպումն է մեր բնաջնջումին։ Ու թուրքին այս պահանջը պարզ է որքան թրքական։ Մեր հակազդեցութի՞ւնը։ Դժբախտութիւնը հոն է որ մեր թշնամիին պայծառ ծրագիրը մեզի արժած ըլլայ այնքան յիմարական պատրանքներ, որպէսզի զայն տեսնելու ու հասկնալու ահաւոր ստիպողութիւնը իրարու գլխուն իբր նախատինք թափենք: Զանգուա՛ծը, ան որ առաջին մարմինը պիտի տար թշնամիին ծրագրին գործադրութեան, զգաց ամենէն առաջ, խոր իր բնազդովը։ Տագնա՛պը՝ այդ ամուր մխուած դաշոյնին հակահարուածն էր մեր հոգիներէն ներս։ Հրանդ այդ տագնապին ամենէն հզօր արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ մեր գրականութեան մէջ, այդ շրջանին, ըսելու համար անհուն այդ ցաւին պատգամը։ Տեսակ մը Ռաֆֆի, առանց զառածելու սակայն արեւելահայ մեծ վիպողին առաքելական ձգտումներէն, բայց ունենալով անոր չա՛փ, իր ժամանակին, ժողովուրդին ու անոր հզօր տագնապին զգացողութիւնը։

Իր գործին այն մասը, որ կ՚ընդգրկէ գաւառացիներուն համայնական տառապանքը, Պոլիս թէ երկիր, գրական բացառիկ յաջողուածք մը ըլլալով հանդերձ, ստուերի մէջ չի ձգեր անոր այլապէս ընդարձակ, բազմածալ միւս վաստակը որ ընթացիկ, քաղքենի կեանքը ունի իբր նախանիւթ, գո՛րծ որ ճարուած է ժողովուրդի մարդոց մայր հոգերովը, խոնարհներու, դժբախտներու, զոհերու, կեանքէն այլապէս զարնուածներու քաւարանեան կարաւան, որուն կրունկէն պիտի չբաժնուի երբեք ցաւերուն ցաւը, երբեմն պատառ հացին կրակը մեր աչքերուն առջեւ, երբ անիկա կը պակսի մեր զաւկին, երբեմն մեր պատւին հասած այն միւս կրա՛կը՝ որ՝ մեզ կը սպաննէ մեզմէ առաջ։ Մեղք որ հատոր մը մինչեւ այսօր չէ խմբած այդ կտորները:

Ու, պարտք կը զգամ ծանրանալ իր քրոնիկներուն ալ տարողութեան, Արփիարեանի զուգահեռ, բայց անկէ տարբեր ոգիով մը գրուած։ Որոնք պարզագոյն մարդերու հետ կապուած զգացումներ, յոյզեր, յիշատակներ կը շահագործեն, բայց այնպէս մը որ ընդհանրանան, յայտարարը դառնալու աստիճան համազգային զգայնութեան մը: Չհեգնեն, չկճեն, պոլսական սրամտութեամբ չըլլան պղպեղուած։ Ու ըլլան պարզ, շիտակ, տրտում, խորկոճ, խռովիչ ինչպէս է արդէն իր միջին գիծին մէջ կեանքը ուրկէ փրցուած են անոնք։ Պոլսոյ մէջ աճած ու գործած այս մեծ, անսրբագրելի գիւղացին, երեսուն տարուայ ամենօրեայ վատնումին հակառակ, իր հայրենիքէն իր ոսկորներուն անցած աղն ու համը պիտի չկրնայ սպառել։ Ինչ որ մտածէ, խօսի, գրէ, պիտի արձակէ գեղին այդ բարկ ու շիտակ հոտը որով կը զանազանուին քաղքենի ու հողագործ դասերը, պատմութեան խորերէն ճամբայ դրուած մեր անհաւասար սա կարգուuարքը ոտքի կանգնելու: Երբ անիկա պիտի զառածի բարձր դասերէ, խաւերէ սեւեռումներ փորձելու, պիտի մնայ գեղացի, միշտ ու մէկ հոգիով։ Այդ իսկ հանգամանքով անիկա պիտի ըլլայ Պոլսոյ տուած առաջին ու անգերազանցելի հայ գրագէտը [1], զոր այսօր չենք համեմեր արտասանելու ատեն:

Իր անունին հետ սա հաւաստումը լայնօրէն պիտի արդարանայ սանկ կէս դար վերջը մանաւանդ երբ մեր ժողովուրդը ստիպուած հագնի մտայնութիւնը նոր ժամանակներուն ու մոռնայ իր պապերուն հոգին։ Այն ատեն, անոնց համար, որոնք ցեղային նշխարներու հաւաքման սրբազան պարտքը պիտի զգան, ազգային արժէքներու ետեւէն իրենց կարօտը պիտի վերածեն ազգային գերագոյն արժանապատուութեան։

Ան, որ արեւմտահայ գրագէտներուն մէջ, գրեթէ բացառիկ մինակութեամբ մը, օրին մէկը յաջողեցաւ այլապէս ընդարձակ շահեկանութեան եւ համատարած խռովքի կեդրոն [2] մը դառնալ, պիտի վերզգենու իր ճշմարիտ փառքը երբ մեր ժողովուրդը պահիկ մը կարենայ հանգիստ գտնել իր ահաւոր տառապանքին մէջ, պրպտելու համար գոնէ մերձաւոր իր անցեալը: Ոչ մէկ գրագէտ, արեւմտահայերէն, պիտի ըլլայ իրական, կենդանի հետաքրքրութեան ու սիրոյ առարկայ որքան Հրանդը:

 

1. ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԳՈՐԾԸ

Հրանդի մէջ մարդը նման է իր սերունդին ընդհանուր տիպարին, յաւելեալ ուրիշ միայն իրեն յատուկ կողմով մը որ գաւառացիութիւնն է: Բացառաբար պոլսեցիներէ բաղկացած իրապաշտ խմբակին մէջ այս երակէ մարդը այսօր միայն մեզի կը պատկերանայ իր իմաստին ամբողջ հոծութեամբը։

Ծնունդի ու մանկութեան պարագաները չեմ յիշեր հոս իբր կենսագրական ընդհանուր, անխուսափելի տուեալներ։ Բայց երբ ձեր ուշադրութեան կը յանձնեմ պարագան, որուն համեմատ անիկա պիտի ծնի Հայաստանի խուլ ու հեռաւոր մէկ անկիւնը, հոն պիտի ճարէ իր մանկական մարմինը ու մինչեւ անդրանիկ պատանութիւն երկարաձգուող իր հոգիին ալ կազմութիւնը, կ՚ուզեմ ձեզի խօսած ըլլալ շատ թանկագին, շատ ազնուական նպաստէ մը զոր մեր մէջ քիչ գրագէտներ գտած են իրենց այդ շրջանէն ուր մեր անձնաւորութիւնը առաջին անկորուստ մթերքը կը հայթայթէ օր մը արուեստի նախանիւթ եղող զգայութիւններուն: Ասոնք, մինչեւ մեր մահը մեզմէ չքակուող խիտ ու ոսկի հիւսքերը պիտի տան մեր երկու անձերուն ալ, ու մեզ պիտի զրահեն մեր կեանքին մնացեալ մասին դէմ, պահելու համար անայլայլ, ընդդէմ այնքան խաթարող հեղմունքներու սրբազան հոգեյատակը որ յաւիտենական գանձարանն է արուեստագէտին, դեռ Սոփոկլէսի օրերէն։ Իր գործին բացառիկ հայեցիութիւնը, հակառակ գրաքննութեան ահաւոր ճնշումին, ու պոլսական այնքան կեղծ, բայց յոխորտ ճաշակին, ու թերեւս հակառակ ալ իր կամքին (յիշել որ գրաբարի դասատու մնաց տարիներով եւ անոր շուրջը վէճերու մէջ թարթափանքն ալ չարհամարհեց), փաստ մըն է այս տեսութեան։ Այն զգացումները, տաք տագնապանքը կսկիծին ու յուսահատութեան, որոնք անոր էջերուն մէջ պիտի դողդղան այնքան խռովիչ ուժգնութեամբ, իրականութեամբ, ու պիտի դղրդեն հազարներու հոգին, ճարուած են իրեն այն ոսկի տասնամեակէն որ մեր կեանքին անդրանիկ հոգեխարիսխը կը կազմէ, աննահանջ յատակը։ Ու այդ հայրենիքին անասելի ազդմունքները յօրինեցին ոչ միայն անոր այնքան դիւրազգած ջղային սարուածը, այլեւ տուին անմահ իuկանիւթը որով օծուած կ՚ըլլան մեր գիծերը, հոգիէ ինչպէս մարմինէ։ Ու այդ հայրենիքին անպատմելի պատկերները շինեցին անոր ուղեղին վրայ կախարդական այն բլագ ները որոնք մեր կեանքէն ալ աւելի կը դիմանան, եթէ կը ներուի այս չափազանցումը։ Մահուան շունչն անգամ անկարող է երբեմն մթագնել պայծառութիւնը այդ ոսկեդարին, երբ հոգեւարքի մահիճը կը վերածէ սխրալի որքան սրտառուչ բեմի մը, պառկողին աչքին դէմ բանալով անմահ կտաւը իր մանկական զգայութիւններուն, ասոնցմով պատնելու համար կարծես խուժ հէքեաթը կեանքին։ Հրանդի Յուշեր ը որոնք անոր քրոնիկներուն երկրորդ աշխարհը կը հայթայթեն, դժբախտաբար հատուկոտոր են չափազանց որպէսզի կարելի ըլլար վերակազմել այդ մանկութիւնը, որ, վստահ եմ, պիտի գերազանցէր այդ տարօրինակ տիպարը, իր իսկ չտուածը բարդելով իր տուածին [3] ։ Հարիւր տարուայ գրականութիւն մը (երկու հատուածներուն ալ մէջը) ու յիսունէ աւելի տաղանդաւոր մարդոց պատմութիւնը դեռ չեն նուաճած այդ կախարդ հէքեաթը մեր պատանութեան [4] ։

Յետոյ, Պոլիս։ Եօթ անասնական թուականներու տարօրինակ քաղաքը, խոր կերպով արեւելք, կեղեւէն արեւմուտք: Չեմ լայներ վերլուծումը որ ճակատագրուած է հասնելու մանրամասնութեանց մէկ ու նոյն հանդէսին որով հանդերձուած են պատանութիւնները Արփիարեաններու, Զօհրապներու, Կամսարականներու: Ծանօթ ենք այդ օրերու ազգային բարեխառնութեան որ մինակ մթնոլորտ մը չէ միտքերը գոգաւորող, այլեւ հրդեհ մը, զոր կ՚արծարծեն տարօրինակ հովերը մեր ճակատագրին: Ու ծանօթ էք դարձեալ ընկերային միջավայրին, դիտուած նոյն հրդեհին շառայլովը: Ուր եկած են իրարու բախելու առհաւական հաստ, ամուր իրականութիւններ, մարդոց կաշիէն աւելի պինդ, մեր հին քաղաքներէն Պոլիս փոխադրած մեր ընդարձակ, սխրալի առաքինութիւնները, դժբախտութեան մէջ մարմին կապած մեր կարեկցուն, իրերահաս սիրտերուն ամբողջ բարիքը, ինչպէս նաեւ մեր իմացական հակամարտութիւնները, մեր նախարարներուն խուլ բայց անհերքելի առհաւութիւնները որոնք կը մտնեն կրկէս ամէն անգամ որ մեր խելքին համադրական ուժին կոչում կ՚ըլլայ: Պատանի Հրանդը պիտի խառնուի հոսանքին, բայց պիտի պահէ ինքզինքը, հաւատարիմ մնալով, որքան որ կարելի է ատիկա իր անդրագոյն, բնավայրի զգայութիւններուն:

Միւս կողմէ պէտք չէ աչքէ հանել միւս մասնաւոր պարագան ալ: Այդ օրերու Պոլիսը (հայկականը) զարթօնքի սերունդին կերտել ուզած գործարանաւորութիւնը չէ միայն, համայնքային իր կազմակերպութիւններով, բազմազգի ընկերակցութիւններով, իր այնքան ինքնատիպ մամուլովը եւ անմոռանալի թատերական ներկայացումներով։ Ինչպէս չէ՝ մեր անդրանիկ, եւրոպատարազ դրամատէրներուն, բարգաւաճ ու բազմատարազ առեւտրականներուն ու շքեղ եպիսկոպոսներուն հանդիսարանը։ Կան ասոնք, մշակոյթի կերպարանք մը թելադրող արտաքնայարդար տէգոռ ով մը: Բայց կայ մանաւանդ շարժուն ու արմատախիլ Հայաստան մը, խստերանգ ինքնութեամբը բարբառին ու տարազին, մայր հայրենիքին քանի մը շատ թունդ նկարագիրները այնքան հպարտութեամբ պարզելով մայրաքաղաքին ամենէն բազմամբոխ կեդրոններուն վրայ, աչքի ու հոգիի համար անջնջելի տեսարաններու ընդմէջէն: Թշուառ, անօթի բայց խրոխտ: Որոշ չէ թիւը այդ մարդոց որոնք, պէքեար նախատական մակդիրին տակ, Պոլսոյ աւերակ, թշուառ ու աղտով որքան ցաւով այնքան պերճ խաները խճողած էին։ Բայց որոնց լեզուն, ապրելու կերպը, տարազը, բարքերը կը համախառնուին իրարու մէկ ու նոյն վառարանին մէջ որ անդարման թշուառութիւնն է բոլոր հայրենալիքներուն։ Հրանդ տեղ մը կուտայ անոնց ութսուն հազարի գումարը։ Բանակ մըն է ասիկա, խճողուած կարելի խորշերու խորը։ Որ պիտի ապրի նախնական հոգեբանութեամբ մը, իւրացուած՝ գեղերուն մռայլ խրճիթներէն, ու պիտի շարունակէ քարշ տալ իր ճակտին գիրը, պերճ այդ ոստանին ընդերքն ի վար, չբռնելով մշտախոյս հացը։ Հրանդ իր պատանութիւնը, երիտասարդութիւնը գրեթէ ամէն օր անգամ մը պիտի մկրտէ գաղթական, սակայն այնքան հարազատ սա Հայաստանին յաճախանքին մէջը: Անիկա Պոլսեցի չէր կրցած դառնալ, հակառակ քսանով, երեսունով տարիներուն որոնք անցան անոր գլուխէն, այդ քաղաքին մէջ։ Հայաստանէն շարան շարան հասնող թշուառներու սա կարաւանին մէջ իր գրեթէ ամենօրեայ երեւումը, իր անընդմէջ շփումը այդ մարդոց ոչ միայն մարմիններուն այլեւ հոգիին, պատճառ է որ իր տաղանդին կազմաւորման մէջ տիրական մնայ հայրենիքէն բերուած հոգեյատակը, ապառաժ ու մաքուր, ու արդար, բարեբաստ կերպով մը չէզոքանան պոլսածին տարրերը։ Հրանդը միակ գրագէտն է արեւմտահայոց մէջ որ Պոլսոյ ճաշակէն ինքզինքը վճռապէս ազատագրած ըլլայ: Այս տեսակէտով անիկա չի բաղդատուիր Գեղամին գեղջուկ հայեցիութեան որ աղքատութեան, անբաւարարութեան փաստ մըն է անոր էջերուն մէջ երբ բարբառին բոլոր արձակութիւնները, տեղական գոյնին բոլոր հաստութիւնները անխնայ կը հիւրընկալէ։ Անշուշտ բաւական պարզ է միւս պարագան ալ որ զինքը հեռու պահեց Բագրատունեան քերթողականին փչուած, յաճախ կեղծ շունչէն։ Գիտէ՞ք թէ մեր ամենէն ժողովրդական գրողը, Վանեցի Խրիմեանը մեծաթռիչ քերթուածներ գրած ունի հայկական չափով եւ Բագրատունեան գրաբարով։ Անիկա չէր կրնար ըլլալ ան միւսներուն ալ հետ որոնք « գեղածիծաղ ափանց վերայ Վոսփորայ » թիթեռնիկ ու փրփուր կը հոլովեն ու հովերը յուղարկ կը հանեն դէպի գերեզմանները մեծ մեռելներուն, կոյսին անխուսափելի դարպասը կ՚ընեն ու կ՚անցնին իբր մեծատաղանդ բանաստեղծ։

Մինչեւ ղարիպներուն չքացումը Պոլսէն (1896) անիկա այդ խաւերէն պիտի ստանայ անսպառ ու անփոխարինելի նպաստ։ Այս հանգամանքը բացառիկ է որքան բացարձակ՝ բացատրելու համար անոր գործին մեծ հայեցիութիւնը եւ խոր մարդկայնականութիւնը։ Յիսունէն վերջն ալ անիկա պատանի Հայաստանցին [5] էր:

Հիմնական այս հաւաստումէն յետոյ, չեմ գիտեր, կարիք կա՞յ, գրելու մէկիկ մէկիկ այն թուականները որոնք այդ կեանքին այս ու այն դարձուածքները կը թուարկեն միայն, առանց բան մը փոխելէ անկէ: 1880էն մինչեւ 1890 անիկա կը կազմակերպէ իր ուղեղը, տալով ասոր միջին ծանօթութեանց մթերք մը` որուն բոլոր տարրերը չեն բարձրանար գրաբարի պաշտամունքէն անդին։ Ազգային իր խորքին մէջ, այդ կրթութիւնը չէ հասած իր սերունդին նոյնիսկ միջինին, քանի որ իր ընկերները Պոլսոյ տուածէն չեն գոհացած, մեծ մասով։ Բայց գրագէտի մը համար ծնունդը կը փոխարինէ ամէն կարգէ թերիները։ Ինչ որ դպրոցէն չգտաւ անիկա, գտաւ սակայն մթնոլորտէն որ յղի է ծանր ու մեծ պատգամներով։ Անիկա առքին մէջ է երազներու երազին: Ազգային հարցին իրադարձութիւնները չունիմ թուելու: 1880ին հոգիները ուրիշ պատկեր կ՚ընծայեն։ 1860ի ընդարձակ ձեռնարկը դիմագիծ մըն է յաջորդ սերունդին համար։ Այդ հարցին զուգահեռ, Պոլիս կը փորձէ ուրիշ գործունէութիւն մը, իմացական, գրական, կրթական, ընկերային, վերանորոգչական ամուր տուեալներու վրայ հաստատելու համար ինքզինքը: Տրամադրելի բոլոր ուժերը ծիրին մէջն են շարժումին։ Ոչ միայն առաջաւոր, կրակոտ երիտասարդները, այլեւ անոնք որ հանդարտ, զգուշաւոր, զգօն խառնուածքով մը եկած են մեր աշխարհը, պիտի խառնուին հոսանքին։ Հրանդ Ասատուր մը, Կամսարական մը մարդեր՝ որոնք իրենց ապագայ դիմագծութիւնը ունէին արդէն դեռ պատանի պիտի չվախնան առաջին դիրքերու վրայ երեւալէ ու պիտի քալեն կողք կողքի միւսներուն հետ որոնք Արփիարեան, Գրիգոր Զօհրապ կ՚անուանուին։ Կարիքին ընդարձակութեան առջեւ մարդոց սա սակաւութիւնը նոյն ուժերն են որ պիտի տրամադրուին այսքան տարածուն ճակատ մը բռնելու միակ դժբախտութիւնը եղաւ այդ սերունդին։ Զարթօնքին ռահվիրաները կը բաւէին իրենց առաջադրութեանց։ Իրապաշտները պիտի չհասնէին նոյնիսկ գրական ճակատը լեցնելու։ Վկայ արդիւնքը իրենց ճիգին։ Վաւերական ու հզօր տաղանդներ էին բոլորը։ Կրակի պէս խառնուածքներ ու անշահախնդիր սպասարկուներ: Բայց անոնցմէ մեզի կտակուած գո՞րծը: Չենք կրնար պարտակել անոր նիհարութիւնը, ոչ ալ աս ու այն պատասխանատու համարել։ Յիշել միայն թէ, այդ տենդի օրերուն, մարդիկ կը տառապէին, կրակի վրայ նստելու զգայութեամբ, երբ կ՚անցնէին իրենց սեղաններուն առջեւ, սպասուած յօդուածը գրելու: Այս թրթռագին մթնոլորտին մէջ անիկա անշուշտ չէր կրնար իր ուղեղը ազատագրել ու ինքզինքը բանալ մեծ, խոր սուզումներուն, իմաստներու ծովն ի վար։ Բայց կրցաւ, ու ասիկա ոչ ոքի յաջողուած չափով մը, կազմակերպել իր ջղային դրութիւնը, որ յաճախ մինակը բաւեց գրագէտը ոտքի պահելու մեր մէջ։

Կը ճանչնայ Պոլիսը։ Անոր աւագ տուներէն մինչեւ անխշտի, փողոցի անկիւններուն, կառքերու մէջ կամ կամուրջներու տակ գիշեր լուսցնող թշուառութիւնները, մարմնական, հոգեկան զոյգ ճանաչողութեամբ, դառնալու համար հակոտնեայ տիպարը պոլսածնունդ գրագէտներուն որոնք եթէ երբեք այդ ժողովուրդին համար հետաքրքրութիւններ ունին իրենց ներսը, ասոնք կը կարծեն գոհացուցած ըլլալ, տօնի օրերուն, երբ կը խառնուին ամբոխին ու կը տեսնեն անոնց զգեստները, պերճ հասակը ու կը շինեն անոնցմէ ներս այնքան պայմանադրական հոգեվիճակ [6] ։ Հրանդի համար այդ Պոլիսը համարժէք է իր երկրին թէ՛ իբր գեղեցկութիւն թէ՛ իբր ցաւ: Ազգային բարձր շրջանակները, խուլ, բորոտ խաներու նկուղներուն մէջ մեռնելու դրուած մարդոց կարաւանը, եկեղեցականներ, գրողներ, երիտասարդութիւն ու խենթ տղաքը, մեծ բանակը մաքսատան բեռնակիրներուն, շէնքերու մէջ աշխատողներուն։ Ու այս ամենուն հետ ու վրայ, անոնց հոգեբանութիւնն ալ։ Իր ամբողջ լայնքին ու խորքին մէջ, իր տարազներով ու բարքերով իրեն քաջածանօթ աշխարհի մը գրագէտն է անիկա, նեարդ առ նեարդ կազմուած։ Ու ինքզինքը բաշխած՝ այդ բոլորին հասկացողութեան։ Անիկա իր պանդուխտներուն զգայնութիւնը, առանց իր գիտնալուն, իրը չըրաւ միայն, այլ դարձուց ամբողջ հասարակութեան մը սեպհականութիւնը։ Հասկնա՞լի՝ որպէսզի առնուի նոր ու հզօր ձայներու կախարդանքին ալ:

Մինչեւ 1895ի փողոտումները, Պոլսոյ մէջ, գրեթէ խենթեցած կսկիծէն, պիտի գրէ, սորվեցնէ, գործէ, դաւադրէ, օրուան մեծ կարգախօսին ընդմէջէն: Մարդերը որ ապրեցան 1890էն 1896, այսօր անհասկնալի, առասպելեալ էակներ կը թուին սփիւռքի տժգոյն, պատրանաթափ հերոսներուն, գրող կամ հարուստ, որոնք անկարող են պարզելու իրենց զգայնութիւնը, իրենց ոսկեզօծ տառապանքին փոշին այդպէս մեծ արժէքներու հանելով, որպէսզի տեսնեն թէ ի՜նչ հզօր կամք ու ի՜նչ ահաւոր երազ վատնեցին այդ օրերու մեր ճշմարիտ հերոսները, անդրանիկ ու նախվկայ նոր Բանին, ազգային տենդէն բոցավառ, մահուան մէջ մտնելով շքեղութեամբ մը որ գերազանց է քան ռումբերուն, ուժանակներուն այլապէս պերճ դիւցազներգութիւնը:

Հրանդ մէջն է շարժումին։ Դատե՞լ կեցուածքը: Փնտռե՞լ յարմարութեան, կարողութեան վկայագրեր, ինչպէս սովոր են ընել մարդիկ, ամէն ձեռնարկի մէջ, թեկնածութեան արդարացումին համար։ Ըլլալո՞ւ էր հոն, թէ կենալու բացօք։ Ինծի կուգայ թէ մարդը, Հրանդի մէջ, չունի շահելիք եթէ երբեք մեր հարցականները դիմաւորուին վճռական հաւաստումով ալ։ 1890ին, մեր յեղափութիւնը երազ է եւ գործողութիւն. բառեր հաւասարապէս խիտ, մօտ, իրաւ բոլոր անոնց համար որ կը խօսին մեր լեզուն ու կը ճանչնան մեծ գիծերը մեր պատմութեան: Ըստ տեսութեան, անոր երազի երեսը պիտի բնակարանը դառնայ մեր իմացական ուժերուն, որոնք զայն պիտի պատմեն, խոր ու խորհրդաւոր ձայներով, զիրենք շրջապատող տղոց, քարի պէս ամուր ու մանուկի չափ մաքուր, գործին համար հանդերձուա՜ծ իրենց մօրերուն արգանդէն։ Բայց ըստ տեսութեան։ Իրականութիւնը եղաւ ուրիշ կերպ։ Երազին ասպետները նոյնքան արիարանց էին որքան գործին զինուորները։ Ու «համագունդ, միակամ» ինչպէս գրուեր էր անգամ մը հազար ամով առաջ. այդ սերունդը, գրող կամ բեռնակիր, չսակարկեց իր արիւնը։ Ու եղան նոյնքան մեծ որքան իրենց պատմութեան նահատակները, ու աւելի անոնցմէ՝ բանով մըն ալ, քանի որ հիներուն պէս իրենց արեանը գինը հոսկէ չէին ապահովեր, երկինքին մէջ պսակով մը։ Մշեցի բեռնակիրը որ չվախցաւ մահէն, զայն բռնաբարեց, չէր հասկնար « զերկնաւոր փրափիոնն » որով կը պսակէ Շնորհալին Վարդանանց հերոսները։ Հանդարտ, սառնասիրտ վերլուծում մը թերեւս պատռուածքներ հաստատէ այս հոգեբանութեան վրայ, մանաւանդ անոր այն մասին մէջ որ գրողները կը շահագրգռ է [7] ։ Բայց չի կրնար ամբողջովին կեղծ յայտարարել մարդերը որոնք Արփիարեան, Հրանդ, Չօպանեան, Բաշալեան կը կոչուին։ Անշուշտ Հրանդ քիչով մը աւելի է Պոլսեցիներէն որոնք աւելի ճկուն, միջոցներով հարուստ, պիտի գտնեն կերպը ձեռք չանցնելու, փախչելով իրենց գլուխը ազատագրելու: Գաւառացիի իր հաստ պարզութեամբը, դուք ճշդեցէք՝ անճարակութեամբը, մոլեռանդութեամբը անիկա կը մնայ Պոլիս, տագնապի ամենէն սուր օրերուն։ Թուրք ոստիկանութեան հետ անոր ոդիսականը պատմել դուրս է այս ուրուագիծէն։ Բանտ։ 1896ի աղէտը: Որուն ահաւոր անըմբռնելի իրականութիւնը հազիւ կը դղրդէ զինքը ապառաժէ իր հաւատքին մէջ, ձգելու ջարդակոտոր քաղաքը, ապաստանելու համար Պուլկարիա։ Այս գաղթականութիւնը քսան տարի վերջի տարագրութիւնը չէ անշուշտ, բայց նոյնքան դժպհի նախատօնակ մը: Այլապէս սպաննող, քանի որ ցեղին հակազդեցութիւնները կը մնային զօրաւոր։ Երուխանի, Տողրամաճեանի հետ (որ յետոյ ըլլար նահատակ Վահան Մանուէլեան անունով երբ իբր յեղափոխական կ՚անցնի երկիր) ան կ՚ապրի առաջին իրաւ զրկանքները յեղափոխութեան։ Պուլկարիա աշխատակցած է Երուխանի ու անսալով իր միամտութեան, աղէտէն երկու տարի չանցած, կը վերադառնայ Պոլիս, ուր քարափէն իսկ ձերբակալուելով կ՚աքսորուի Անատոլուի սակաւահայ մէկ քաղաքը։ Տասը տարուայ այդ տարագրութիւնը զինքը կ՚ընէ այլապէս հասուն ու թշուառ։ Հոն է գրի առած ընդարձակ վէպ մը որմէ տասնըութը թիւ միայն լոյս կը տեսնէ օրաթերթով։ Կառավարութիւնը գրաւուած էր ձեռագիրը։ Այդ քաղաքէն անիկա կը մասնակցի մեր գրական շարժումին, գրաբարագիտական յօդուածներով որոնք հեգնութեան մը դերը ունին իր դէմքին վրայ: Սահմանադրութեան վերահռչակումը (1908), շատերու հետ զինքն ալ կը նետէ Պոլիս։ Փոխուած էին մարդերը, ոգին, աշխարհը։ Կը պակսէին իր պանդուխտները: Կը պակսէր իրապաշտ շարժումին խանդավառութիւնը։ Պակսած էր մանաւանդ ինքը իրմէ։ Վարժարաններու մէջ կը ստանձնէ դասեր մեր լեզուի եւ պատմութեան։ Կը խառնուի գրական, քաղաքական շարժումներուն, անշուշտ քիչիկ մը հեռուանց։ Նոր մարդեր էին հիմա բռնած տեղը անոնց որոնք չկային: Ու նոր մարդոց ընտելանալ գիտնալը յաճախ չէ շնորհուած գեղացիներուն։ Քանի քանի տեղ գանգատեր է ինծի, չհասկնալուն Ազատամարտ ը ոչ իբր թերթ կամ կուսակցութիւն, այլ իբրեւ գրականութիւն, զայն դառնօրէն, տրտմօրէն հակադրելով իրապաշտ Հայրենիք ին: Բայց կը սիրէր իր ազգը, ինքզինքը լռութեան դատապարտելու աստիճան իր ատելութեանց, տարակարծութեանց մէջ։ Մինչեւ ապրիլեան եղեռնը անիկա շարունակեց երեւալ Ազատամարտ ի մէջ եւ ուրիշ քանի մը տեղեր: 1915ին՝ մահը, թուրքին դանակին ներքեւ։

Կեանք մը չէ որ պատմեցի ձեզի: Շատ նիհար բացառութիւններով, մեր գրողներուն կեանքը դուրս է, չըսելու համար օտար, մեր գրականութեան։ Կը պատմուին, արժանի են պատմուելու այն կեանքերը որոնք կը պաշտպանեն իրենց մարդերը, կ՚արդիւնաւորեն, կը հասունցնեն անոնց գործերը եւ կը պսակեն վաստակը արդար գոհունակութեամբը ինքզինքը իրագործած ուժին, եւ ոչ թէ մեզի վիճակուածին նման, մնայուն կը հալածեն զանոնք, երկինքէն ու երկրէն ճարուած հազար ու մէկ զէնքերով, բաժան բաժան տարտղնելով մեր տաղանդը, ու, առնուազն մեզ կ՚արգիլեն մեզմէ։ Աչք նետեցէք Արեւմտահայ գրական երկու մերձաւոր սերունդներուն, ընդունելու համար ահաւոր տարողութիւնը այս դժբախտ բանաձեւին։ Մեր իրապաշտները, առանց բացառութեա՛ն, մեր արուեստագէտ սերունդը, իր մեծ տոկոսին մէջ, քալեցին մղձաւանջին ուղիով [8] ։ Երկու սերունդներն ալ, փոխանակ իրենք զիրենք իրացնելու, ամէն օր մեռան մէյմէկ քիչ։ Ցանցառ ազատուողները բան չեն փոխեր վիճակին սաստկութենէն։ Պատմե՜լ հայ գրողի մը կեանքը։ Ատիկա բանալն է սահմանները թշուառութեան ծովուն ոչ թէ, օտարներու մօտ պատահածին նման, նպաստ հանել գործին ճանաչողութեան, պայծառացման։ Մեր գրականութեան պատմաբանը գրեթէ ամէն րոպէ պարտաւոր է մոռնալ այդ կեանքը որ յաճախ պիտի հերքէ գործը:

Այս մեծ գիծերէն յետոյ, Մա՞րդը: Այսինքն` իր բառովը՝ ստեղծուածը որ օր մը պտտեցաւ իր նմաններուն մէջ։ Եղաւ ամուսին ու զաւակի հայր։ Եղաւ դասախօս, պզտիկներու հոգիին դէմ բռնելով ապահովաբար իր ցաւը ու պատմելով անոնց, չըսուած բառերով, գեղեցկութիւնը մեր ստեղծումներուն, մեր սքանչելի լեզուն ու դառնութիւնը մեր ճակատագրին՝ որ այդ օրերուն կ՚այլափոխուի մեր հզօր պատրանքներէն բայց չի նուաճուիր, մեզ ընդքարշելու համար քիչ յետոյ մեր ահաւոր ողջակիզումին։ Եղաւ լրագրող, կեանքին փոքր կողմերուն հետ մնայուն շփումի մը խտղտանքը հանդուրժելու գինով։ Բայց որ, այս փոքրութիւններէն վեր, մտիկ ըրաւ մանաւանդ ցաւերը տասնով, յիսունով հազարներու, իրենց որջերուն մէջ, խշտիներուն խորը ծուարած «առիւծի կտոր» այդ տղոց ու լացաւ անոնց հետ լացերուն ամենէն լեղին, անարցունք լացը, որուն արձագանգը բաւ պիտի ըլլար թունդ հանելու լման ցեղի մը խղճմտանքը։ Մա՞րդը։ Այսինքն՝ գրագէտը, յեղափոխականը, հալածականը, բանտարկեալը, գաղթականը, տարագիրը, ցնորատեսը, մոլեռանդը։ Ամէն վերադիր գլուխ մը վէպ է այս զարմանալի « ստեղծուած »էն։ Չեմ երեքկներ հարցականը։ Այնքան քիչ կը նմանէր անիկա պոլսեցիներով լաստակերտ գրողի ընդհանուր տիպարին, շլացուցիչ ու ոսին. քիչ մը թիթեռնիկ ու քիչ մը զեփիւռ, կամ հակադիր կողմէն՝ ամբողջ ճաղատութիւն ու ակնոց, հռետորութիւն ու սկզբունք, վարժապետութիւն ու լրագրութիւն, պետական պաշտօնէութիւն ու էֆէնտիութիւն։ Անիկա ոչ մէկ տարր կրցաւ ճարել այս ամենէն, որպէսզի կերպն ալ ըլլար գտած իր վրայ խօսեցնելու, իր անձին «ճառագայթումովը» զբաղեցնելու ուրիշներուն սնապարծութիւնը։ Գիւղացիի մը պէս վարուեցաւ իր շրջանակին մէջ։ Ատիկա իր իրաւունքն էր։ Բայց մնաց գիւղացի հոն ուր ուրիշ հովեր մուտք ունէին։ Իր վէճերուն մէջ անիկա եղաւ կատաղի, անգութ ու անիրաւ, բայց առանց փռելու ինքզինքը։ Վէճը վեր էր իր անձէն ու կը տիրէր իրեն: Կ՚երեւակայեմ զինքը, մինչեւ պոլսական սպանդը, մեր վարիչ հոսանքները յուզող տագնապներուն մէջ, անշրջադէտ ու յամառ, կամակոր ու փոքրադատ, դէպքերն ու իրերը խարտոցելով որպէսզի ըլլան համապատասխան իր մտատեսածներուն։ Արփիարեանի մասին իր ամբաստանագիրը տխուր փաստ մըն է հոգեկան անկեղծութեան որքան նայուածքի նեղութեան, տեսակէտներու փոքրութեան։ Հոն է սակայն այս բուռն գեղացին, իր համոզումներուն թունդ կարծրութեամբը, իր գիտցածէն նշանախեց մը իսկ զիջելու անտրամադիր կարծրամտութեամբը, ու հարցերը ըմբռնելու իւրայատուկ, գեղջուկ, այլապէս նախնական տղայամտութեամբը։ Այդ սարսափելի տօգիւմէնդ ին ոդիսականին փառքէն աւելի, զայն գրողին վրայ անկէ ինկած սա լոյսին, այլապէս դժբախտ դեղնութիւնը, չըսելու համար պղտորութիւնը զգուշ չափերու պէտք է հաւանիլ։ Մենք այսօր կ՚արգահատինք որ հայ գրականութեան ամենէն սրտայոյզ դէմքերէն մէկը այդ աստիճան տարուած ըլլայ ընդհանուր շլմորումին աղմուկէն ու տեսնայ անկարելի բաներ, ունենայ տղու յատուկ նայուածք։ Եւ սակայն, մեր միջոցները քիչ են, հիմա, մարդը իր լիութեան մէջ վերակազմելու։ Արփիարեանի դէմ այդ պարսաւագիրէն դուրս քիչ են հարազատ, արժանահաւատ վկայութիւնները [9] ։

Անօգուտ է զբաղիլ ուրացումներով, ինչպէս խեղաթիւրումներով։ Կը ճանչնայի զինքը, իր յաղթ բայց անխարիսխ, կիսահակ մարմինին անարդի, այլուրային դանդաղութեանը, պարզութեանը մէջ, տեսակ մը արու պերճանքի վերածելով իր գիւղացիութիւնը, չբարակցած բայց խորապէս տպաւորիչ իր դիմագիծը երբ կը պահէր շաղին մէջը իր լեռնահովտի ծաղիկներուն։ Հագնիլ չկրնալու իր անփութութիւնը հագնելով սակայն իրեն յատուկ վայելչութեամբ մը։ Գեղացի էր, քառսուն ու աւելի տարիներու կռանին տակ նորէն մի բան չլքած իր դերբուկներէն, հոգիի ինչպէս մարմինի։ Մարդամօտ, շաքար էր այդ « ստեղծուած »ը իրեններուն հետ ու մօտ։ Այլամերժ, վանող, տգեղ՝ ընչեղներու, փառքէն շփացուածներու, ներքին հարկատուներու, պոլսական բարակութիւններու հանդէպ։ Անիկա պանդուխտն էր, պանդուխտներու չքացումէն յետոյ, արեւմտահայ գրականութեան։

 

***

Բայց իր գործը կ՚արժէ աւելի քան պատկերը իր կեանքին, քան իր կեանքը։

Իբրեւ քանակ, այդ գործը միջինէն վար կը մնայ իր սերունդին, տրուած ըլլալով իր զբաղմանց նկարագիրը ու Պոլսոյ մէջ իր գաւառացիութենէն բաժնուիլ չկրնալու իր յամառութիւնը։ Իրապաշտները գիրքի համար տառապանք ունէին։ Գրաքննութեան թշնամանքը անկարելի կ՚ընէր հատորի հրատարակութիւնը: Համեմատաբար աւելի ազատ՝ լրագրութիւնը։ Ատոր համար է որ սեպհական թերթի խմբագիրները պարտաւորուած էին գրականութիւն ընելու: Քանակի այս նուազումը սակայն լիուլի կը փոխարինուի որակին ազնուութեամբը։

Այդ գործը կը բաղկանայ Ա. քրոնիկներէ, որոնք գլխաւորաբար պոլսական միջավայրէ վերցուած պատկերներ են, մասնակի անունով մըն ալ նուիրագործուած։ Ընդհանուր վերնագիրը՝ Պանդուխտի Կեանքէն, իր արթնցուցած յուզումովը, ալ դաuականացած է հայ գրականութեան պատմութեան մէջ։ Քրոնիկներ են դարձեալ իր վերյիշումները հայրենիքէն, համեմուած Արփիարեանի սրամտութեան մէկ կողմովը, բայց զատուելով անոնցմէ իբր կեանքի պարզ, բանաստեղծացած վերարտադրութիւն: Երկրորդ տեսակէտէ այս քրոնիկներն ալ անոր տաղանդին հարազատ գրութիւններ են, հայրենիքի յուշերուն բիւրեղակերպ տեսիլքը, իր ժամանակին տենդին ընդմէջէն։ Արփիարեանի առհասարակ պոլսադրուագ ու պատմական երանգով յօրինումներուն դիմաց, զուտ հայկական այդ յիշատակները կը տարբերին Սրուանձտեանցի հաւաքումներէն: Աւելի յետոյ Թլկատինցին կը շարունակէ քրոնիկի սա փոփոխակը, բայց կը զառածի, վասնզի ժամանակի, մանաւանդ միջավայրի անհրաժեշտ շրջումը չէր միջամտած կեանքին ու գրողին կեցուածքին մէջ։

Բ. Վիպակներէ, թիւով քիչ, իբրեւ որակ՝ չունենալով քրոնիկներուն անխարդախ արժանիքը։ Անոնք դուրս ստեղծուածներ են, ժամանակի ընդհանրացած կերպէն որ ամրակազմ կաղապար մըն է գրեթէ, գէթ իբրեւ թէքնիք աշխատանք ու գործադրում։ Իրապաշտները գործածած են այդ կաղապարը, իւրաքանչիւրը իրենց անհատականութիւնը միայն աւելցնելով վրան, բայց յարգելով սեռին ընդհանուր նկարագիրը: Զօհրապով՝ բիւրեղացա՛ծ, Արփիարով ոտքի կանգնած, Բաշալեանով սեղմուած մեր վիպակը Հրանդի հետ չունի շահելիք: Ու ասիկա հասկնալի է քիչ մը. իր ընկերներուն մէջ անիկա ամենէն ազատ, անխարդախ մնացած գրողի թիփն է եղած։ Ուզենք չուզենք զինքը պիտի նկատենք ժառանգորդը, երկարաձգողը գրական այն աւանդութեան որ Խրիմեանի, Սրուանձտեանցի թերի գործերը պաշտպանած է ու զանոնք բարձրացուցած իրենց չունեցած (արուեստի տեսակէտէ) արժանիքներուն։ Արդ այս երկու մատենագիրներուն մօտ մեր սիրածը անոնց ճաշակը, վայելչաբանութիւնը, գրական նախանիւթը օգտագործելու իրենց ճարտարութիւնը չէ անշուշտ, այլ հում, խակ բայց առողջ, իրաւ, սրտագրաւ շունչը, ոգին որ մեր կեանքին հարազատ, հայեցի բխումն էր, այնքան անպաճոյճ ինչպէս էր մեր գաւառը բաղդատուած Պոլիսին։ Հրանդ այդ իսկութիւնը թափեց ինքնահնար կաղապարի մը մէջ եւ իր քրոնիկն էր ատիկա։ Վիպակին համար անոր տրամադրելի տարրը այդ իսկ վատնումով մնաց տկար: Իր ընկերները, բոլորն ալ՝ եւրոպական մշակոյթ, հասկացողութիւն ու ճաշակ ըսուած անհրաժեշտութիւնները չեն արհամարհած: Հակառակն է որ ճիշդ է։ Ինքն է մինակ որ կը հաւատայ իւր ըրածին ու լրագրի մը արհեստանոցը բաւ կը համարէ իր գործին արտադրումին։ Ասկէ՝ իր վիպակին անշրջագիծ, թոյլ, անաւարտ վիճակը։ Դարձեալ իր տպաւորապաշտ էջերը ( Ծաղիկ, Մասիս, Ազատամարտ ) որոնք օր մը ապրուած կեանքի փոխակերպումներ են, ըլլալ չկրնալով արուեստին մէջ անխուսափելի փոխադրումը (transposition), կը մնան կիսաւարտ վիպակներ: Կարելի չէ վիպողին մասին ստոյգ վճիռ մը կազմել Սուրհանդակ ի մէջ 18 թիւ միայն լոյս տեսած վէպէն, որուն ձեռագիրը (ըստ ոմանց 350 էջնոց գործ) կը գրաւուի ու կը կորսուի։ Ազատամարտ Յաւելուածի եւ Նաւասարդ տարեգիրքի մէջ իր վիպակները չեն բաւեր իր մէջ ողջունելու վիպագիր մը, գոնէ Բաշալեանի տարողութեամբ որուն վաստակին մէջ քանակին նիհարութիւնը լայնօրէն կը փոխարինուի որակին ինքնատիպ, կատարեալ լրջութեամբը։

Գ. Հրապարակագրական էջերէ, առանց կանոնաւոր ծրագրի ու, պէտք է աւելցնել առանց ալ անհրաժեշտ կոչումին: Լրագիրը սեպհական նկարագիր մը կը թելադրէ զինքը վարողին։ Չեմ քններ հոս ընդհանուր պահանջներու ցուցմունքները որոնք մեր օրագրողներէն բոլորին ալ պակսած են: Բայց Չօպանեան մը, Արփիարեան մը, Բաշալեան մը իրենց ուժերը գիտեն բաղդատել ու իրենց խօսքը հասցնել իրենց հասցէներուն։ Հրանդ, իր միջավայրէն ու մարդերէն դուրս, կը դադրի իր իմաստէն: Կարծես դժուար է ընդունիլ որ գեղացի այդ գրողը գլուխ մըն ալ ունենայ, ուրկէ սորվելիք գտնէին պոլսեցիները: Այդ պատճառով է որ իր հրապարակագրական էջերը կամ վիպակի, քրոնիկի պիտի փոխուին, գրութեան իսկ ընթացքին, աղարտելով իրենց իմացական արարքի փաստը, կամ պիտի ըլլան polimique, ան ալ թթու եւ կծու տեսակէն։ Ութ ամիս շարունակուող գրավէճ մը ընդմէջ Եղիշէ Եպիսկոպոս Դուրեանի եւ իր, Շնորհալիի կրօնական բանաստեղծութիւններէն մէկ մասին աշխարհաբարի վերածման առիթով, փաստ մըն է ու չափազանց տխուր շրջանի մը գերագոյն մտահոգութիւններէն։ Գրաբարը լեզու մը չէ, այլ քանդակը մտայնութեան մը։ Մեր իմացական զարթօնքը բարատոքս ը կը ջանայ իրագործել նորը հինին օգուտով կարկտելու: Ոչ միայն միտքերը տարուած են Մխիթարեան փառքէն, այլեւ սիրտերը, նոյնիսկ Հրանդի նման իրաւ սիրտերը, չեն կրցած իրենք զիրենք ազատագրել հինաւուրց այդ գեղեցկութեանց հրապոյրէն։ Բանասէր մը չէր այս քրոնիկագիրը։ Բայց գրաբարի իր գիտութիւնը կիրքի մը պէս հզօր զգաց իր մէջ։ Նոյն ընդհանրացումը նաեւ իր յեղափոխական խառնուածքին ու գործունէութեան վրայ: Կազմակերպող, հեռահայեաց, սուր ու թափանցուն, մանաւանդ կորովերը (energie) ակօսի մի բերելու ընդունակ միտքը երբեք չեղաւ անիկա, քաղաքական մարզի մէջ, ինչպէս չէին այս ամէնը այն միւսներն ալ, Արփիարեան, Բաշալեան, Չերազ կամ Չօպանեան: Բայց այս խումբին մէջ ամենէն զրկուածն է ինքը, գերագոյն հարուածովը իր գաւառացիութեան որ զինքը պիտի պաշտպանէ իր գետինին վրայ, բայց պիտի ընէ ծիծաղելի երբ զինքը պիտի մղէ իր հասակէն ոչ թէ վեր, գէթ իր խառնուածքին անյարմար արարքներու: Արփիարեանի հետ իր վէ՞ճը։ Բայց չեմ կրկներ ինչ որ ըսի քիչ վերը: Իբրեւ հրապարակագրական էջ, այդ չարահամբաւ պարսաւը զինքը կը դնէ մեր առջեւ իր բովանդակ թեթեւութեանը (մտքէ), սաստկութեանը (կրքէ), մոլեռանդութեանը (հայեացքէ) գումարին մէջ։ Չէր կրցած գոնէ ոճը պահել, պարագայ որ նման գրուածքներուն ապայժմէութիւնը երբեմն կը փոխարինէ եւ մեզ զիջումի կը տանի: Չենք գտներ իրաւացի Խարազան ին խաչելութիւնը . Պարթեւեան) բայց կրնանք զայն կարդալ կրկին, տեղի տալով ըսելու կերպին, ուժին, նորութեան ու փայլին: Խորքի եւ ձեւի մէջ հաւասարապէս անխնամ ու խնդրական, Հրանդի պարսաւը բեռ մըն էր իր կեանքին մէջ։ Չէ դադրած զայն ըլլալէ իր յիշատակին վրայ: Չեմ ծանրանար իր գրաբարի դասագիրքերուն, պատմական գրքոյկներուն, թարգմանութիւններուն վրայ, որոնք կրնան հիմնովին զանցուիլ իր դէմքին կառուցման գործին մէջ։

 

***

Կը մնայ ըսել քանի մը խօսք յեղափոխականէն, ուսուցչէն որոնք եղաւ անիկա նորէն իր կերպովը, տարբեր անշուշտ շրջանին միջինէն, բանով մը վար անկէ (ատիկա մեղքն էր իր ծնունդին) ու նոյն ատեն վեր, որ իր տաղանդին նպաստն էր իր զբաղումներուն։

Յեղափոխականը, իր սերունդին հետ երբ կը գործածենք բառը, զուրկ է այն բովանդակալից հանգամանքներէն որոնք քառասնամեայ պայքար ու ահաւոր կորուստներ ինչպէս եւ պատրանքներ կը կերպադրեն մեր մտքին առջեւ։ Այսօր անիմա՛ստ, այդ տարազը, կէս դար առաջ, հոգեբանական այնքան խիտ իրողութիւն մըն էր, որ մարդ կը վարանի անով որակել մեր գործունէութեանց ամենէն ազնուականները, մեր այն առաքինութիւնները որոնք ցեղերու խարիսխները կը կազմեն։ Իր եղբօրը բարիքին համար մեռնելու յօժարում մը վիճակ մըն է որ կ՚անցնի մեր հասկացողութեան ընթացիկ սահմանները, մանաւանդ երբ նկատի առնենք հանդէսը արգելքներուն։ 1890ին թրքական ոստիկանութեան մղձաւանջին մէջէն քալել համարձակիլը արարք մըն է որ միս մինակը մեզ կը բարձրացնէ մեր ցեղային գերագոյն արժանիքներուն։ Ուրիշ խնդի՛ր, այդ արարքին կապուած արդիւնքին կշիռը։ Մեր նահատակ հայրերը, ըսեր եմ տեղ մը, աւելի երջանիկ էին մեզմէ։

Տարազին հետ զուգորդ միւս յղացքնե՞րը. առնուազն՝ կորովի եւ լուրջ մտապատրաստութիւնը, հեղինակաւորութիւնը, վարիչ շնորհներ։ Ի՞նչ հարկ փնտռելու բաներ որոնք գրողներուն մօտ բացառիկ բախտերու նմանին։ Կուսակցութեանց գերագոյն բախման օրերուն (1895–96) անիկա կը հետեւի իր գրչի ընկերներուն: Ըսել կ՚ուզեմ կը լքէ ինքզինքը հոսանքին։ Այլապէս եղերական այդ շրջանին մէջ Չօպանեանի, Արփիարեանի, Բաշալեանի, Հրանդի ապրումները մաս չեն կրնար կազմել գրականութեան մը պատմութեան, բայց լոյս կը սփռեն այդ անուններէն ներս գոյ մարդ է։ Կ՚անցնիմ։ Հրանդի մէջ յեղափոխականը կ՚արժէ միջինը իր ընկերներուն։ Անխորհո՛ւրդ։ Ինչպէս էին ամէնքը։ Անհեռատե՛ս, ինչպէս եղանք ամբողջ ցեղով։ Յանդուգն, որ վախէ բխած առաքինութիւն մը կ՚որակէ երբեմն։ Ահա վերադիրներ որոնք կը տարածուին արեւմտահայ իմացական աւագանիին որ իրեն դերը տուաւ այս ժողովուրդին ճակատագիրը վարելու, զայն բռնի առնելով էֆէնտիներէն ինչպէս եկեղեցականներէն: Անոր մեղքե՞րը: Ասոնք, ակնյայտ այսօր, այն օրերուն առաքինութիւններ էին: Հետագայ տասնամեակները ոչ սրբագրեցին այդ մեղքերը, ոչ ալ փրկեցին մեր ճակատագիրը: Անոր դէմ լեռնակուտակ մեղադրանքնե՞րը: Այդ սրբապղծութեան հեղինակ ասպետները թող ակնարկ մը զիջին մեզի հողակից ո՜չ - յեղափոխական ցեղի մը այսօրուան ներկայացուցած պատկերին։ Քանի մը միլիոն համրուող քուրտերը այսօր իջած են մեր թիւին այդ հողերուն վրայ ուր մեզ մորթելու պաշտօնը արժեցուցեր էին այնքան սառնասիրտ անխելքութեամբ մը։ Մեր յեղափոխութիւնը դատելը կանխահաս է շատ։ Մեր շլմորումը, յիմարացումը մեր սերունդը անիրաւ ու անգութ կ՚ընէ իրարու դէմ: Հրանդի մէջ յեղափոխականը խառնուրդ մըն է իմացական ու ժողովուրդ տարրերու։ Իմացական մասը երկարաձգումն է զարթօնքի սերունդէն փոխադրուած խանդավառութեան, ազգային հերոսներով, պատմութեամբ շեշտօրէն գունաւորուած։ Ժամանակակից նոր պայմանները (պալքանեան ժողովուրդներու ազատագրութիւնը) եւ թրքական ծրագիրներուն պայծառ գիծերը այդ միամիտ ազգայնականութիւնը կը տոգորեն կազմակերպական արտաքին ոգիով մը։ Չեմ երթար առաջ անոր այս նորոգուած ձեւին մէջ չընդունելու ոչ մէկ յաւելում, հաստատելու համար իրապաշտներու փաղանգին մէջ նոյն մարդերը որոնք քսան տարի առաջ սահմանադրութեան հանդէսներուն երգով ու ճառով օդը թունդ կը հանէին, գիշերները քաշուելու համար իրենց սեղաններուն թեթեւ հաճոյքին։ Բայց պարտաւոր եմ զատել իմացական նկարագիրը գրողներուն՝ այն միւս մարդոցմէն որոնք ազգային զգացումը բարձրացուցին իսկապէս գերմարդկային խտութեան: Ժողովուրդի զաւկըներ էին ասոնք։ Շատերուն համար գիրը, կարդալը անլուր բաներ էին։ Բայց մահուան վրայ երթալու ատեն կը նմանէին իրենց պապերուն: Հրանդ տարրեր ունի ասոնցմէ ալ: Չեմ զբաղիր գաղափարագրական տարազներով որոնք յետամուտ հադերձանք մը տուին մեր յեղափոխութեան եւ որոնք Հրանդի երիտասարդութեան անիմաստ օդաբանութիւններ կ՚որակուին։

Աւելի կարճ պիտի ըլլամ ուսուցիչին մասին։ Իր գրականութիւնը ոչ մէկ ազդեցութիւն կրած է այդ դժբախտ ասպարէզէն, որպէսզի ներուի ինծի յատկանիշներ արտահանել իր ուսուցումէն, անշուշտ բոլորովին նման այդ օրերու կաղապարուած դրութեան։ Արդէն իր հասուն տարիքը զինքը հեռու գտաւ իր ասպարէզէն։ Տասներկու տարիներ անոր արգիլուեցաւ սորվեցնել: 1908էն յետոյ, անոր կերպերը, ախորժակները, խանդավառութիւնը չեղան վարակիչ։ Հոգին փոխուած էր: (Իրն են բառերը)։ Սրտառուչ այս տարազին մէկ խոստովանութենէն վեր իրականութիւն մըն ալ կայ սակայն։ Մինչեւ իր բանտարկութիւնը (1915) անիկա իր պատրանքը պիտի պտտցնէ զինքը չհասկցող տղոց առջեւ, քնարերգելու համար ոսկեդարեան բարբառին փառքը, միս մինակը աշակերտներու նոր շարքերուն վերեւ որոնք մաթեմաթիք ու օտար լեզու պիտի կարդան իր դասաժամերուն, ձգելով իրենց ուսուցիչը իր թռիչին մէջ, ազա՜տ, դէպի հինգերորդ դարը, Ագաթանգեղոսի, Փաւստոսի, Խորենացիի անունները իրեն գօտի ըրած։ Կործանումը կատարեալ էր։

 

2. ԿՈՂՄԵՐԸ ԻՐ ՏԱՂԱՆԴԻՆ

Հրանդի գործը նման է իրապաշտներու վաստակին ընդհանրութեան։ Բայց ասկէ պէտք չէ բարձրանալ տաղանդի կողմերու հանգիտութեան մըն ալ։ Ձախորդ բանաստեղծ մը կայ իր մէջ, երբ իր քրոնիկներուն հետ երբեմն մեզի կուտայ տաղաչափուած արցունքներ կամ սիրային պատառիկներ։ Չեմ տեսած իր գրաբար ոտանաւորները որոնք պէտք է կրէին 1870-1880ի թէքնիքը, ինչպէս ոգին։ Զուր տեղը չէ որ մարդ 1910ին գրաբար կը սորվեցնէ մեր վարժարաններուն մէջ։ Ձախորդ վիպասա՞ն մը։ Տարազը խիստ է, թերեւս անգութ ալ: Վիպային իր փորձերը, գրաւուած ձեռագիր վէպ մը, քրոնիկներուն այն մասը որ իրական կեանքի պատկերացում մը կը հետապնդէ ու կ՚իրագործէ, զիս կ՚արտօնեն զինքը դնելու իր սերունդին միջին գիծին որ վիպող շնորհ մըն է ամէն բանէ առաջ։ Բացի Հրանդ Ասատուրէն որ զգուշաւորութիւնը վարդապետութեան վերածեց ու հրաժարեցաւ ազատ ստեղծումէն, եւ Արշակ Չօպանեան որ վիպողի յայտնի իր տուրքերը թափեց ու սպառեց գրողները վիպելու այլապէս դժուար բայց այնքան ալ ապաբախտ զբաղման մը մէջ, միւսները մեր գրականութեան մէջ երախտիքի արժանի կը կենան իրենց այդ կողմովը ամենէն աւելի։ Արփիարեանին անհուն եռանդը, վատնուած մեր լրագրութեան վրայ, տխուր կորուստ մը պիտի ըլլար, եթէ երբեք պատմութեան նպաստ մը չպաշտպանէր զայն։

Բայց Հրանդի սեպհական, տիրական կողմը քրոնիկագրի բացառիկ շնորհ մըն է որով անիկա իր անունը կ՚անմահացնէ ոչ միայն սերունդին այլ եւ ամբողջ հայ գրականութեան մէջ։ Մասնակի վերադիր մը Պանդուխտի Կեանքէն արդէն տարազ մըն է վերապրող իր օրերէն ու մեզ ալ խանդավառող, ինչպէս նոյն ատեն փաստ մը իր ուժէն: Արփիարեանի անունին հետ նոյնացած ( Օրուան Կեանքը ) մտապատկերը իրական է նաեւ իրեն համար, սա տարբերութեամբ որ առաջինին յիշատակութիւնը կը բաշխուի ուրիշ ալ արդիւնքներ հովանաւորելու։ Հրանդ եղաւ ու պիտի մնայ, առաւելազանց չափով, պանդուխտներու քրոնիկագիրը։ Քիչ անդին մանրամասն վերլուծում մը պիտի տայ տարողութիւնը անոր տաղանդին այս հիմնամասին։ Այս մայր հաւաստումէն զատ, Հրանդի ստորագրութիւնը արժէք է դարձեալ վերյիշումներու կալուածին վրայ որոնք հիմա մանաւանդ կը ստանան իրենց ամբողջ ծանրութիւնը երբ ջնջուած է ատոնց աշխարհը։ Ու իբր երրորդ ճշդում, անոր այն միւս յօդուածնե՛րը, որոնք ընթացիկ իրողութեանց շուրջը ողջամիտ, սիրտցաւ, քիչ մը գեղջուկ բայց անկեղծ խօսքեր են, դանդաղ անշուշտ իբրեւ ոճ ու մտածողութիւն, բայց կը նուաճեն հարցը զոր լուսաբանելու կը ծառայեն։

Ուրեմն մէկ բայց ընդարձակ առաքինութիւնով պաշտպանուած տաղանդ մըն է Հրանդ։ Ոչ տաղաչափ, ոչ քննադատ, ոչ երգիծող, ոչ ալ լայն հետաքրքրութիւններով տոգորուած հրապարակագիր մը: Բայց անմոռանալի քրոնիկի մը ստեղծիչը։ Որ մինակ մնաց, բայց իր ստեղծումը հասցուց իր բնական բարձունքին։ Իր սերունդին մէջ նոյն ատեն ամենէն հաւատարիմը ցեղային ոգիին ու երանգին։ Իր վիպակներուն եւ պատկերներուն մէջ խլեակներ կան իր ժամանակէն որ ամբողջութեամբ պառկած է սակայն անոր Պանդուխտի Կանքէն որակուած քրոնիկներուն մէջ։

 

3. ՔՐՈՆԻԿԱԳԻՐԸ

Պանդուխտի Կանքէն ը, որուն ներքեւ երեւցան Հրանդի քրոնիկները, սկսած 1888ի վերջերուն, շարունակուելու համար, լայն տարբերացումով մինչեւ իր Պոլսէն փախուստը (1896), լրագրական վերտառութիւն մը չէ միայն, ցայտուն եւ ուշագրաւ, այլ եղերական տարազ մը։ Չեմ ըներ անոր պատմութիւնը։ Բաւ է արձանագրել միայն իրողութիւնը որուն համեմատ, մեր գաղթականութիւնը մեր հողերէն դէպի ուրիշ, աւելի ձեռնտու կլիմաներ ու շրջաններ, 1880ին կը ստանայ բոլորովին տարբեր նկարագիր: Մեր երիտասարդութիւնն է այս անգամ որ կը ձգէ իր հողերը, թափելու համար Պոլիս կամ արտասահման։ Պոլիս անոր սպասող ճակատագիրը պարզ է բոլոր անոնց համար որոնք տեսնել գիտեն երեւոյթներու պարզութենէն քիչ մը անդին։ Այդ երիտասարդութեան իր հողերէն պակասը ուրիշ աղէտ։ Վերջացող դարու քառորդը չունեցաւ մեզի համար այնքան ընդարձակ տարողութեամբ տագնապ քան պանդուխտի հարցը: Հարստահարութիւնն ու յեղափոխութիւնը այդ տագնապին զոյգ թեւերը կրնան նկատուիլ։

Կը ձգեմ հարցին քաղաքական հոլովոյթը որ քիչ մը տժգոյն կը թուի 1915ի մեծ ողջակէզէն յետոյ: Բայց կը ծանրանայ անով բիւրեղացած յղացքին, քանի որ հայ գրականութեան պատմութեան մէջ անիկա մէկն է այն գլխաւոր թեմա նեներէն որոնք մեր գրականութիւնը կը կերպադրեն: Երկնանում էր հոգեբանութեան մը արդիւնք մեր կրօնական բանաստեղծութեան կողքին, մեր ժամանակներու ամենէն հզօր մեր տագնապին մեր յեղափոխութեան մէջ երկնուած մեր վէպին հետ, պանդուխտի ցաւը կը կազմէ արդար յաղթանակ մը, վէճէ դուրս, մեր գրական ճիգէն։

Աւելորդ չէ հոս անդրադառնալ նաեւ այն իրողութեան որ մեր միջնադարեան եւ աւելի մեզամօտ շրջաններէն մեզի կը բերէ քանի մը անառարկելի գրական կոթողներ: Ո՛վ ալ ըլլայ եղած հեղինակը Կռունկ ին, փաստ է որ քերթուածը հզօր գեղեցկութեամբ, դարերու կուրծք տուող յօրինուածութեամբ գոհար մըն է։ Մեր ժողովրդական երգերէն ոմանք այդ ցաւը բիւրեղացուցած են անմահ տողերու մէջ։ Ու հասկնալի է ասիկա։ Ուրիշ ի՞նչ է այս ժողովուրդը եթէ ոչ իր պատմութեան մեծ պանդուխտը:

Հրանդի պատանութեան, հարցը դրուած էր աւելի քան ստիպողութեամբ: Իրապաշտ փաղանգը, որ հակազդեցութեան շարժում մը ըլլալուն չափ ռոմանթիզմին դէմ, շարժում է մանաւանդ հաւաքական զգայնութեան մը ի խնդիր, քիչ մը ամէն մարզի վրայ, պիտի չուշանար մօտենալէ այդ տարօրէն եղերական վէրքին: Մինչեւ 1890, անիկա, իր անդամներուն ամէն մէկովը, զբաղած է մարդկային այդ ճերմակ սպանդով։ Ամենէն եսակեդրոն ու գեղապաշտ գրագէտը խումբին, Զօհրապ, մէկէ աւելի նորավէպ է վերցուցած պանդուխտներէն։ Նոյնը` Կամuարականին եւ Բաշալեանին համար: Արփիարեան բազմաթիւ նշմարներ նուիրած է անոր: Գրաքննութեան մտրակը անբաւական է հարցին «հրատապ» տարողութիւնը չէզոքացնելու: Ամբողջ տասնըհինգ տարի, ու նոյնիսկ աւելի, մինչեւ Պոլսոյ ջարդերը, մեր մամուլին վրդովումը այդ ծաւալուն ողբերգութեան վրայ, մասը դարձաւ հասարակաց զգայնութեան։ Յեղափոխութեան խռովքներուն չափ անիկա ցնցած է սիրտերը։

Պանդուխտի Կեանքէնը կազմող քրոնիկները չեն անցնիր քանի մը հարիւր էջը։ Բայց զանոնք յօրինող գրագէտը բառի ու Ֆրազ ի վարպետ մը չէր բարեբախտաբար։ Անոր ամէն մէկ տողը յորդ էր, ուռած էր սրբազան սարսուռով մը որ կեանքին ուղղակի նուէրն էր մեր բառերուն երբ ասոնք կը կանչենք իրենց բուն դերին, մեր յուզումները ուրիշներու փոխադրելու դերին։ Ամէն մէկ քրոնիկ աշխարհ մըն է, քանի մը էջերու վրայ տիրաբար նուաճուած։ Հակառակ անոր որ տեղեր ու տեսարաններ կը յատակեն այդ աշխարհը, ոչ մէկ տեղ Հրանդ յանցանքը կը գործէ ծանրատաղտուկ, իրապաշտ թէքնիքին վտանգը կազմող արտաքին նկարագրումին որ Երուխանի այդ կարգէ տիպարներուն մեղքը մնաց։ Եւ սակայն թեւաւոր տարրերով, հծծիւնով մը, երբեմն աղօթքով մը, երբեմն բացագանչութեամբ մը այդ աշխարհը կ՚առարկայանայ կարելի ժուժկալութեամբ, իր գոյնովը, մասնայատուկ կողմերովը, մարդերէն դուրս, մարդերու յայտարար տարրերով եկեղեցի, հաւատալիք, աւանդութիւն, մատուռ, գովք, սիրերգ , այնպէս որ երեք էջի վրայ մենք կ՚ունենանք հայրենի աշխարհը, աւելի` իր վերեւ առկախ մղձաւանջը, աւելի՝ տռամ մը որ իր պարզ որքան անողոքելի ճակատագրականութեանը մէջ մեզ կը ցնցէ խորապէս։ Միակ քրոնիկ մը ուր ռումբի մը պէս պայթած էր « Խաներունն մէջ պէքեար կը պակսէր » ահաւոր նախադասութիւնը Հրանդը կը դարձնէր ամենէն ժողովրդական դէմքը իր շրջանին։

Անոնք, բոլորը քով քովի գալով կը ներկայացնեն պատկեր մը անմոռանալի մարդկայնութեամբ: Անոնց մէջ երեւցող մարդերը տիպարներ չեն, ինչպէս կ՚ըսեն, բացատրելու համար շրջանի մը ամենէն յատկանշական գիծերը հագած գրական ստտեղծումները, այլ պարզ, վաւերական մարդեր։ Գրագէտին եւ այդ մարդոց միջեւ ոչ մէկ երկրորդական ոլորտ, արուեստէ, սկզբունքէ, ձգտումէ որոնք պատճառներ են տիպարներու ինքնադրոշմ կեանքին։ Այսօր անստուգելի, բայց ոչ անհաւանակա՛ն՝ որ, բոլոր այն անունները որոնք քրոնիկներուն մէջ մուտք ունին, անուններ էին իրենց օրերուն։ Ու անոնց վրայ խտացուած տառապանքը թերեւս պակաս ալ է իրականութեան հայթայթածէն: Կ՚ըսեն թէ անոնց նամակները կը գրէր, հաշիւները կը բռնէր, հաւաքատեղիները կ՚անցընէր իր տրամադրելի ժամերը։ Կը խմէր հետերնին։ Կ՚երգէր ու կուլար: Հազարներու վրայ համրուող այդ թշուառներուն ամենօրեայ սա յաճախանքը անոր համար թատերական կամ յուղարկաւորական հանդէս մը չէր: Այդ մարդոց ցաւին մէջ է որ հասունցաւ իր զգայնութիւնը: Ու երբ օրին մէկը իրեն թելադրեցին որ պատմէր իր զգացումները, Հրանդ մէկէն ի մէկ, ինքնաբերաբար գտաւ ճշմարիտ կերպը։ Քերթողի մը խառնուածքը որ ոճով ու ուժգնութեամբ պիտի բխէր իրմէ, նոյն հրաշալի աղբերացումով քրոնիկին անձուկ կաղապարէն անիկա պիտի ստեղծէ արուեստի շքեղ կոթող մը։ Քննադատները քիչ անգամ կը հանդիպին այսքան յատկանշական բխումներու, որոնք իրենց ժամանակին ծնունդը մնալով հանդերձ դիմանան այդ ժամանակէն ալ անդին [10] ։

Մտնելէ առաջ այդ քրոնիկներուն գեղարուեստական կառուցուածքին քննութեան որ կը կատարուի ուրիշ տեղ, հարկ կը զգամ ծանրանալ տարօրինակ իրողութեան մը վրայ, քիչ անգամ պատահած մեր գրականութեան մէջ։ Ատիկա այդ քրոնիկներով պարագրկուած կեանքին ամբողջականութիւնն է, այն յագեցնող զգացումը, որով արուեստի գործ մը համառօտագրուած բայց անթերի յայտարար մը կ՚ըլլայ օր մը ապրուած շատ ընդարձակ զգայութիւններու: Կործանած քաղաքէ մը ներս պտոյտ մը կործանած այդ ժողովուրդէն կը պատմէ շատ աւելի բան քան բոլոր նկարագրականները որոնք կը ձգտին անոր կենդանութիւնը թելադրել քեզի:

Հրանդի համար այդ մարդերը ոչ միայն ստեղծուածներ են, իրենց մեծ կամ փոքր ցաւերուն ամբողջ խարանովը զարնուած, այլ ու աւելի՝ զսպանակներ որոնք ամէն րոպէ զինքը լարուած կը պահեն համատարած զգայնութեան մը դիմաց, իր ժողովուրդին ընդհանուր լինելութիւնը պայմանաւորող։ Ան որ Պօղոս Աղբար մըն է, քրոնիկի մը մէջ, «Հրէից Մովսէսէն» աւելի հաւատաւոր էր հայրենիքին վրայ, մէկն է այն հազարաւոր բանուորներէն որոնք մատաղատունկ ինկան Պոլիս ու կորաքամակ կը դրուին ճամբայ դէպի իրենց հայրենիքը, վրայ տուած կեանքին բոլոր բարիքները, իրենց կմախքները գերեզմանին յանձնելու կանխագիր յանձնառութեամբ մը։ Երեսուն կամ քառասուն տարիները որոնք երկու այդ ծայրերը կը կամրջեն, Պոլսոյ մէջ, մի հարցնէք թէ ինչո՞վ են լեցուած։ Հրանդ գիտէ ատիկա։ Աշխատանքը ապահովութիւնն է, ըսեր են, մարդուն։ Պանդուխտին համար՝ քիչ անգամ: Այդ քառսուն տարիները պիտի անցնին որպէսզի ինք Պոլսոյ մէջ ջիղ ջիղ փտտի, անդին իր տունը, նոյն ընթացքով քակուի, քայքայուի, անցնելու համար պարտատէրին: Որպէսզի հայերուն արտերը, պարտէզները սեպհականութիւնը դառնան «անհաւատին»։ Երկու երեսներու վրայ հաւասարապէս խիտ, խոր, ահաւոր այս ողբերգութիւնը մեր գրողներէն ոչ ոք կրցած է նուաճել Հրանդի կողմէ իրագործուած պարզութեամբ որքան ուժգնութեամբ: Պոլսոյ մէջ ապրելու տեղ ամէն ժամ մեռնող այդ թշուառներուն հոգիները cric crac կը դրուին ձեր առջեւ ու դուք այդ արիւնոտ շեղբերուն մէջէն կը տեսնէք այն միւս կեանքը որ այդ մարդերունն էր, հեռուի հովիտներուն այլապէս սրտառուչ բանաստեղծութեանը որքան տառապանքին մէջ։

Այդ քրոնիկները սղագրուած Հայաստանն են։ Ու հոս է անոնց անփոխարինելի մեծութիւնը որքան արժանիքը։ Ոչ ոքի համար գաղտնիք է որ արեւմտահայ գրականութեան գերագոյն պակասը ազգային ոգիին պակասէն աւելի զոր մեր քերթողները յաջողեցան արտայայտել աւելի կամ նուազ հարազատութեամբ պակասն էր ազգային կեանքին: Չեմ վերլուծեր հայ կեանք յղացքին տակ ամբարուած դարաւոր տառապանքը։ Ատիկա մեր հոգիին մթնոլորտն էր ալ: Գրաքննութիւնը որ բարիքի մը տեղ (արգելքը իր կողմէ դրուած հայրենասիրական ռոմանթիզմին) հազար չարիք դիզեց մեր գիրին վրայ, գերագոյն արգելք մըն է անշուշտ հայ կեանքին մուտքին մեր գրականութենէն ներս։ Մինչեւ պատերազմ այդ գրականութիւնը փշրանքներ միայն տուաւ այդ մեծ իրականութեան։ Հրանդի քրոնիկները, այս պակասին ցաւովը դիտուած, բարիքներ են, քանի որ մեր իրական կեանքին պատկերը իրաւ է թէ մանրանկար, բայց ամբողջական թելադրանքով մը մեզի կը կտակեն։ Հայաստան մը կայ այդ քանի մը հարիւր էջերուն վրայ, շարժուն, տարօրինակ, ուրուային, շարժանկարային եթէ կը ներուի բառը: Որ չի նմանիր Խրիմեանի Պապիկ եւ Թոռնիկ ով բարոյախօսօրէն թանձրացած մասնանկար ու միակողմանի պատկերացումին: Վանեցի հայրենասէրը չէ կրցած ընդլայնել իր դիտողութեան ծիրը ու համադրական fresqueներու վերածել իր այնքան հարազատ, հայադրոշմ ուրուագրումները։ Անշուշտ բարիք է իր գիրքը։ Բայց որքան քիչ։ Սրուանձտեանց իրեն համար կը պտտի սրբազան հողերը, կը տեսնէ, կը զգայ, կը պատմէ բաներ որոնք չեն ընդարձակուիր, այնքան սեպհականացուցած է այդ հայրենիքը։ Առարկայական պատմումին դէմ իր զանցումը չէ որ կ՚ակնարկեմ այս տողերով, այլ միամիտ վստահութիւնը իր զգայնութեան որուն հրաւիրուած է հաւատալ այսօր ընթերցողը։ Արդ այդ հողերուն վրայ, այն օրերուն ժողովուրդ մը ունէինք որ միշտ աւելի մեծ է քան անջատ գրողները բոլորը մէկ։ Չեմ կրնար խանդավառուիլ Մշոյ Գեղամին ժառանգութեամբն ալ որ ընդարձակած է Խրիմեանի մեղքը ու հայութիւնը վերածած Մշեցիի մը ուղեղապատկերին։ Թլկատինցին ու Զարդարեանը կը տառապին նոյն հատուածականութեամբ, թէեւ գրագէտի ոսպնեակը ասոնց մօտ ըլլայ աւելի ազնիւ, ու անկէ անցած կեանքն ալ, այդ հանգամանքով, աւելի թելադրական։ Պոլսոյ մէջ պանդուխտ զանգուածը կարելի ամբողջութիւնն էր սակայն: Մեր հայրենիքին սիրտը կազմող Վանը, Մուշը, Կարինը, այդ մարդակոյտին մէջ, կը կազմէին նոյն ատեն կեդրոն մը։ Ու Հրանդի գործին անգիտակից մեծութիւնը թերեւս արդիւնք է այս խտութեան։ Գրագէտին հոգիէն անցնելով այդ մարդակոյտը կ՚ընդարձակուի ինքնիրմէ, ըլլալու համար հայութեան դարաւոր տառապանքին ու առաքինութեանց որմանկար դրուագ մը։

Երկու մեծ յատկանիշներ այդ քրոնիկները մինչեւ այսօր ալ կը պաշտպանեն, ինչպէս պաշտպանած էին անոնց երեւումը։ Ատոնցմէ մէկը՝ անգրական ըլլալու (եթէ կը ներուի այս նոր որակումը) թանկագին արժանիքը: Երկրորդը` հարազատութիւնը անոնց, հայ գրականութեան մը յղացքին ինչպէս նուաճելի գեղեցկութեանց։

Անշուշտ լեզուական պզտիկ պչրանքներ, գլխաւորաբար հոլովակերտ ձեւերէ եւ երբեմն ալ խոնարհման մասնիկներէ, տակաւին զգալի են անոնց մէջ (այդ մեղքէն լրիւ ձերբազատում մը անիկա պիտի ունենար իր գաղթէն յետոյ)։ Բայց այդքան։ Ատիկա շրջանին ողբալի սեթեւեթը չէ արդէն, որուն ոսկեդարը կը զուգադիպի 1880ին։ Ատկէ զատ, աշխարհին նորութիւնը, իրականութիւնը կը ճնշեն բաական որպէսզի այդ քրոնիկները իբր կառուցում ու արտայայտութիւն տարբերին ինքնաբերաբար այդ օրերուն ընթացիկ լուսներգութենէն, հողմահալածումէն եւ օդային այն նկարագրումներէն որոնք երբեմն կը պաշտպանուին իրական տաղանդներու վարկովը. Եղիայի, Չերազի, Սէթեանի, Պէրպէրեանի, Թէրզեանի ոսկեզօծ ո՛չ աշխարհը ո՛չ ալ լեզուն: Գրականութեան այդ կերպին բացարձակ պակասը արժանիք մըն է որ իր բոլոր շքեղութիւնը կը գտնէ սանկ կէս դար յետոյ, երբ տարազը կը մօտենայ հանդարտ հոգիով անցեալին դասին ու փաստին։ Միւս կողմէ, այդ քրոնիկները հասած են մինչեւ 1896։ Այսինքն երբ իր բոլոր չարիքին մէջն է արձակ քերթուածը, Չօպանեանէն զառած ու կիներու ձեռքը շպարի, բրնձափոշիի վերածուած մեր ողորմելի rococoն։ Հրանդի քրոնիկը պիտի չազդուի այս չարաղէտ նորոյթէն [11] ալ ու պիտի ըլլայ սկզբնական որքան իր ժամանակին համար արդար կաղապար։

Այդ քրոնիկներուն բացառիկ արժանիքը սակայն, հարազատ, հայեցի, խոր ու իրաւ արուեստի մը մասին իրենց ընծայած թէեւ փոքր, բայց ապահով փաստն է։ Շատեր կրնան կասկածի տակ առնել Դուրեանի, Մեծարենցի, Չրաքեանի, Վարուժանի, Թէքէեանի գործերուն մէջ ազգային տարրի մը ոչ միայն որակը, այլեւ քանակը։ Եւ սակայն անոնք մեծագոյն անուններն են մեր գրականութեան: Միւս կողմէն վտանգի հետ խաղալ պիտի նշանակէր այդ յաջողուածքը ընդունիլ ու տեսնել մեր այն գրողներուն մէջ միայն որոնք խորքի հարազատութիւնը գերիվեր գտան ու զանցեցին իրենց ձեւը (Խրիմեան, Սրուանձտեանց, Գեղամ, Թլկատինցին)։ Այն ատեն արուեստի գործին տարողութիւնը տարապայման փոքրած պիտի ըլլայինք։ Հրանդ կարելի միջին մըն է: Անիկա, դժուար, փխրուն կաղապարի մը վրայ աշխատելու ստիպուած ըլլալու հակառակ (քրոնիկը [12] մեր մէջ է որ գրակական սեռի մը հովը առաւ) իրագործեց շրջանին մէկ երկու մնայուն վաստակները, որոնք ոչ միայն գրական ժառանգութիւն մը կը պատմեն մեզ այսօր, այլեւ մեր հաւաքական փառքերէն իրենց փրկած ծովը կը շահագրգռեն ընկերաբանը։

Որն ալ որ ուզէք կարդալ, կրնաք ապահով ըլլալ որ այդ քրոնիկը մեզի պիտի բերէ հոգեկան շատ որոշ տագնապ մը, զոր կը զսպանակեն աղքատութիւն, հալածանք, քաղքենի անգթութիւն մէկ կողմէն, միւս կողմէ ամբողջ աշխարհ մը, հեռանիստ բայց ոսկեհիւս, ամէն օր շինուող՝ իրենց ձայնին, շեշտին, երգերուն ու ճիչերուն մէջ ու ամէն օր փչող աղտին ու ծուխին մէջը օտար ոստանին։ Ինչ բա՜խտ, որպէսզի իրենց տառապանքը կրկնուած ու աւելի ամրակառոյց վերստին դիզուի իրենց պատառ մը մած ճիկեար ին վրայ ու անոնք չըլլան նման ուրիշներու, գէթ մոռացման սփոփանքովը դիմանալու համար նոր վայրերուն հոգեկան ամայքին։ Պոլիս, զանոնք դիմաւորող ցաւը ուրիշ աղբի՛ւր, որպէսզի անոնց այդ վէրքին վրայ կաթիլ կաթիլ իյնան անցածն ու ներկան, հաւասարապէս թոյն ու արցունք, մշտակսկիծ պահելու համար կարօտին բացած ճեղքը անոնց սրտէն։ Մոռնալ չկրնալը դժբախտութիւնն է անոնց։ Հրանդի քրոնիկները բոլորն ալ կը կենան այսպէս գմբէթ կապած տագնապներու տակ: Ասիկա տարբերացուցիչ ազդակ մըն է սակայն որով անոնք պիտի չնմանին 1890ի այնքան դիւրին կառուցումներուն, գլխաւորաբար Չօպանեանով ու Արփիարեանով լաստակերտուած։ Սիրային շատ քիչ տարր, որ գրական մոթիֆ է շրջանին բոլոր պատմումներուն: Գեղը կ՚ապրի սէրը իր կերպովը ու կը պատժէ շեղումները գրեթէ միշտ մահով, որպէսզի այդ զգացումը վերածուի ընդհանրական զգայնութեան որով կը սնանի արուեստի գործը: Հակառակ անոր որ Պանդուխտի Կեանքէն վերտառուած քրոնիկները զուրկ են մնացած սիրային այնքան ալ անհրաժեշտ նպաստէն, չեն թուլնար իրենց շահեկանութենէն: Անոնք ոտքի են քանի մը հիմնական լարերու օգնութեամբը, գրեթէ նոյնը բոլորին մէջ ալ եւ սակայն չեն դառնար կերպ ։ Ոչ միօրինակութիւն, ոչ ալ արհեստ: Գրագէտի մը ճարտարանքին չենք պարտիր սակայն այս յաջողուածքը։ Հրանդ արհամարհած է արդէն դպրոցէն սորված հնարքները, ոճի դասերը, շարադրական մրցանքները։ Բաւ է ըսել հոս որ անիկա պարտական է այս առաքինութիւնը` հում կեանքին որ մինակը կը փոխարինէ գիրքերով ուսանելի բոլոր ճարտարութիւնները։ Յետոյ, գրագէտի բացարձակ պակա՛ սը՝ այդ տագնապը զարգացնելու, շահագործելու, այլ անոր ենթարկուիլ մը, կեանքին ճամբովը, տագնապին իսկ զառիթափովը, պարզ ու իրաւ: Ոչ մէկ մշակում եւ ոչ մէկ առասան (ficelle) ինչպէս կ՚ըսեն գաղիացիները:

Հոգեկան այս տագնապին մէջ, անկէ վեր եւ երբեմն ալ վար մարդե՛րը: Ասոնք ալ միակտուր են, պարզ, իրաւ, ինչպէս էին արդէն խշտիներուն ներսը։ Քրոնիկին վրայ անոնք կը պահեն իրենց նախնականութիւնը, հոգեմոյնքը, դերբուկները, շաղը իրենց հովիտներուն եւ ծործորներուն։ Ահաւոր կսկիծը անկարող է գունաթափելու անոնց սկզբնական արու, քաղցր մարդկայնութիւնը։ Ոչ մէկ վիպական շպար կամ մարզանք զանոնք աչքի ձգելու: Հրանդի մօտ անձերու կարաւանը կը քալէ կեանքէն երբեք չբաժնուելով։ Անոնց անցքին առջեւ, այնքան արագ որքան սրտաճմլիկ, դուք չունիք ատեն գրագէտի յօրինումներ զգալու: Այս իսկ ցուցմունքով անոնք չեն զարգացներ տագնապը կամ չեն ազդուիր անկէ փոխուելու, նորոգուելու համար: Գիտէք թէ անոնք ամէնքն ալ գրուած են անողոք դժբախտութեան մէջ։ Բայց կը տառապիք խուլ ալ գիտակցութեամբ որ զանոնք վեր կ՚ընէ այդ ճակատագրէն։ Պէքեար ըլլալնուն չէ որ այնքան սրտառուչ կերպով դժբախտ են անոնք։ Այլ ատկէ տարբեր ու վեր բան մը կը միջամտէ։ Ու ատիկա իրենց ազգութեան կնիքն է իրենց ճակտին ոչ թէ վրան, այլ իրենց կրունկէն մինչեւ մազերը։ Աշխարհի ամէն մասերուն վրայ հանդիպելի են մարդեր որոնք անիծեն իրենց ծնած օրը։ Բայց ամբողջ ա՛զգ մը` երբ իր ծնունդը ստիպուած է անիծելու: Այսպէս ապրեցան մեր գեղացիները ու… մեր գրագէտները:

Անսպառ են թելադրանքները որոնք այդ քրոնիկներէն կուգան ամէն հայու:

 

***

Հրանդի պատմուածքները զիջում մըն են իր ժամանակի պահանջին։ Երեւակայութեան երբեք կարիքը չզգացող գրագէտներ (վասնզի կեանքին մօտ մնալու իրենց հարկադրանքը ի վերջոյ գրական խառնուածքի կը վերածուի իրենց մէջ, կոտրելու համար թեւերը երեւակայութեան) օրին մէկը երբ կը կենան կառուցանելու, յարդարելու պէտքին առջեւ, կ՚անճրկին։ Այսպէս է պատահած նաեւ Հրանդին որ հատոր մը լեցնելու բաւող թիւ մը ստորագրած է վիպակներու։

Մասիս, Հայրենիք . Շահնազարի խմբագրապետութեամբ), Ծաղիկ (Չօպանեան), Շարժում (Երուխան, Վառնա), Ազատամարտ (գրական յաւելուածը), Շանթ . Պարսամեան), Բիւզանդիոն, Նաւասարդ (Վարուժան եւ Սիրունի) իրմէ ունին, մանաւանդ առաջին երկուքը, բազմաթիւ նորավէպեր, գործածելու համար այդ օրերու ընթացիկ տարազը, կեանքի փոքրադիր ու սրտառուչ պատկերները վերտառող։ Չեմ կրնար զբաղիլ անոնց բոլորին մէջ վատնուած արժանիքին կշիռովը: Նորավէպը՝ գրելու որոշ ճարտարապետութեամբ փոքր կառոյց մըն է եւ ուզողը չէ որ պիտի յաջողի նուաճել սեռին կապուած մանաւանդ թէքնիք դժուարութիւնները: Հրանդի համար գրելը իր սերունդին արուեստագէտ խառնուածքներէն ըմբռնուած զբաղում մը չէ։ Բացի Արփիարեանէն որ միջին զիջում մը միայն ունեցաւ գրելու աշխատանքին համար, միւսները արուեստագէտներ են, իրենց կրցածէն աւելի գործադրելու յամառ ջանքով մը տառապողներ, որոնց այս խղճահարութիւնը պիտի ազդէ տրտմօրէն գործերու եթէ ոչ որակին, գէթ քանակին, ժամանակէն շատ առաջ սպառելով անոնց ուժը։ Հրանդի մօտ գրելը կը նոյնանայ ապրելու երեւոյթի մը։ Ու ծանօթ էր ամենուն իր ապրումին պարզութիւնը, բնականութիւնը, ռոշնութիւնը ։ Այսպէս կազմակերպուած գրելու աշխատանք մը պիտի գոհանայ անմիջականով, մոռցած՝ օրէն անդին ապրող արժէքին համար անհրաժեշտ տագնապը որուն ենթարկուիլը այնքան դժուար կուգայ մեզմէ ոմանց։

Ազատամարտի «Այրին» անոր տաղանդին վերջին շրջափոխութիւնը յայտարարող կտոր մըն է ուր 1890ի պարզ պատմողը կը յաւակնի անցած ըլլալ 1900ի նրբութիւնները ու կենալ իր կաղապարին վրայ որ նորոգուած ըլլալու տպաւորութիւն մըն ալ կը ձգէ առաջին ընթերցումին, երկրորդին մատնելու համար հնօրեայ տարրը իր մէջ։ Վիպողի իր տուրքերուն վերջնական փորձը սակայն պէտք է ընդունիլ բաւական ծաւալուն վիպակի մը մէջ որ երեւցած է Վարուժանի եւ Սիրունիի խմբագրա Նաւասարդ տարեգիրքով (1914)։ Մահուընէն տարի մը առաջ գրուած այդ պատմուածքը սխալ չըլլար նկատել իբրեւ վերջնական կաղապար մը: Հոն է, ինծի համար, Հրա՛նդը, իբր փաստ մը իր ըրած գրականութեան, անկէ ունեցած իր ըմբռնումին: Բարի Ճանապարհ ը այս է անունը այդ վիպակին տեղ տուած է իր մէջ Հրանդի երկու հիմնական ձգտումներուն։ Ասոնցմէ մէկը՝ հողի մարդուն, գիւղացիին հանդէպ իր անհուն, անսրբագրելի պաշտամունքն է, որով անիկա մօտեցած էր արդէն Պոլսոյ պանդուխտներուն։ Պուլկար գիւղացիի մը տիպարը պատրուակ է որպէսզի հիւանդանոցին մէջ դարմանուելու վրայ վիճակէ մը անիկա բիւրեղացնէ իր մտահայեացքը կեանքէն, պարզ, իրեն վայլող ըմբռնումը հողի վրայ աշխատաւորին։ Այդ Մարգոֆը Գարեգին մըն է, Մարտo մըն է, իրականին մէջ, ու կը կրկնէ առաքինութեան այն գիծերը որոնք մեր հայդուկներունը եղան խռովքի տարիներուն։ Ու կաղապար մը նոյն ատեն ուր իր փորձը ըրած (կեանքէն) մարդը կ՚ըսէ իր վերջնական խօսքերը: Հայ ժողովուրդին փրկութիւնը հողէն, այսինքն գիւղէն միայն կրնայ զարգանալ: Անշուշտ, այս աշխարհահայեացքը նոյնը չէ Խրիմեանով բանաձեւուած հողին պաշտամունքին հետ ( Պապիկ եւ Թոռնիկ Արեւելահայ, աւելի ճիշդ՝ ռուսական ազդեցութիւն մը սխալ պիտի չըլլար զգալ անոր կազմաւորման մէջ։ Բայց ինքնիր համար, անիկա այդ օրերուն տիրական ուղեգիծ մըն է, ազգովին ընդունուած։ Ու ատկէ զատ Հրանդի ամբողջ գրականութեան ալ ողնասիւնը։ Ոչինչ ունիմ առարկելիք սա ըմբռնումին խորութեան ու արժէքին մասին։

Հրանդի հիմնական կողմերէն միւսը իր դիւրայոյզ, գրեթէ կանացի զգայնութիւնն է, որ անոր ստեղծագործութիւնները կը զատէ իր սերունդին աւելի կատարեալ բայց քիչ յուզող գեղեցկութիւններէն։ Այս զգայնութիւնն է որ իր կիները կ՚ընէ այնքան տարբեր, օրինակի մը համար, Արփիարեանի թշուառ աղջիկներէն ու զոհերէն, կամ Զօհրապի այլապէս փարթամ, պոլսակնիք կիներէն։ Վիպակին երկրորդ անձնաւորութիւնը գերմանուհի մըն է, որ իբրեւ գթութեան քոյր կը դարմանէ յիշուած Մարգոֆը, հիւանդանոցի մը մէջ, ու նուաճուած անոր գիւղացիի հրապոյրներէն, կը ձգէ իր կարգը ու կ՚երթայ պուլկար գիւղի մը մէջ վառելու օճախը, հոն ստեղծելով արեւմտեան մշակոյթին իսկական բարիքները, տնտեսութեան նոր ազդակները եւ կը դառնայ տիպար կինը, զաւկըներուն վրայ հոգի տուող, սիրող իր էրիկը ինչպէս հայրենիքը (նոր)։ Գերմանուհիի սա նմոյշը ո՛չ նոր է եւ ո՛չ ալ անկարելի։ Նո՛րը` մեր գրականութեան համար հայ կիներուն ուղղուած լռին հրաւէրն է, շուկայի եւ առեւտուրի, շպարի եւ զարդի արմատացած, մեծակշիռ արժէքներուն երեսին նետուած լռին արհամարհանքն է, աղջիկներուն մտքին ընծայել ուզուած մտայղացքն է կեանքին։

Այս երկու մայր անձերուն յօրինումը որքան յաջող, անոնց զարգացումը, հոգեբանական processusը, կարճ բառով մը՝ անոնց տրաման կը մնայ նոյն չափով խնդրական: Գործողութեան սա վրիպանքը դժուար չէ բացատրել այն գլխաւոր փաստով որ, Հրանդի համար գրելը գրել է, իր բոլոր պարզութեամբը եւ ոչ թէ վերարտադրել, կամ փոխադրել (բառին մէջ կ՚ուզեմ՝ տեսնել ֆրանսացիներուն transposerն)։ Հաւատա՛լ իր գիւղին։ Անշուշտ պիտի բաւէ մեզի, երբ նպատակ ունինք այդ գիւղացիները տալ: Բայց զանոնք ուրիշի մը վրայ փոխադրե՛ լը, ուրիշ աշխատանք է այս անգամ։ Վիպակը ( Բարի Ճանապարհ ) տկար է իբր արուեստի կառոյց, տկարութեամբը բոլոր անոնց որոնք անգամ մը ապացոյցը տուած կեանքը նուաճելու իրենց ուժերուն, սխալը կը ներեն իրենց այդ ուժերը ընդարձակելու շատ աւելի անդին իրենց ընդունակութիւններէն, ու կը ձգտին պատմել կեանքի այնպիսի գօտիներ, կերպեր, հոգիի այնպիսի շրջումներ ու տռամներ, որոնց մասին իրենց ծանօթացումը, թափանցման միջոցները արտաքին, հատուածական եւ անբաւարար էին, ի ծնէ։ Ինչո՞ւ յաւակնիլ ամէն բան ընելու, երբ մեր քիչը, պզտիկը կ՚ընենք այնքան լաւ կերպով։ Նման պարագայ մըն է Հրանդին համար, իր վիպակին ձախողանքը, երբ անիկա մոռնալով իր Բալուն եւ Մուշը, իրեն իրաւունք կուտայ գերման հոգեբանութիւններ մտապատկերելու, զանոնք իր պարզուկ գրիչովը վերլուծելու (իբր թէ բան մը շարժէին, նոյնիսկ քիչիկ գետնի վրայ նրբութիւնները անհամար գործիքներուն որոնցմով բնախօսական երեւոյթները կը վերլուծուին այնքան մեծ դժուարութեամբ) պուլկար հողերու վրայ գործելու այլապէս բարդ վստահութեամբ մըն ալ ծանրաբեռնելով իր նիհար միջոցները։ Ուրիշ բան է ծնած, մեծցած, ապրած ըլլալ կէս դար, տե՛ղ մը, մարդոց խումբի մը մէջ, որպէսզի այդ տեղն ու մարդերը իբրեւ մերը տանք, ուրիշ բան` պատահաբար ըլլալ տեղ մը, ներս նայած ըլլալ հիւանդանոցէ մը, խօսած ըլլալ գթութեան քոյրի մը հետ, որպէսզի նոյն իրաւունքը տանք մեզի այդ քիչը պատմելու նոյն ազատութեամբ ու խորութեամբ որոնք պիտի բխին մեզմէ ինքնաբերաբար: Վրիպանքը անսուսափելի էր։

Այս մայր հաստատումէն դուրս, կարեւոր կը նկատեմ նաեւ ծանրանալ իր անբաւականութեան այն ամէն կտորներուն մէջ ուր սանկ ու նանկ Պոլիս մը կեդրոն կը դառնայ անոր կառուցումին։ Ասոնք երկակենցաղ « ստեղծուածներ » են, այն օրերուն Կեանքի Պատկերներ երկդիմի տիտղոսով մըն ալ ծանրաբեռն: Անոնցմէ ոմանք մտած են Ն. Գ. Բ. ի հրատարակած հատորին մէջ։ Շատեր դուրս կը մնան սակայն։ Հայրենիք օրաթերթին մէջ կանոնաւորաբար լոյս տեսած այդ կտորները չեն ազատուած իրենց միջակութենէն, հազիւ պաշտպանուելով անոր խոր մարդկայնութեան քանի մը տարրերովը միայն ու մնացած սովորական պատմութիւն ուրկէ անցած չըլլայ Հրանդը յատկանշող կրակը։ Չեմ տեսած Սուրհանդակ ի մէջ կէս մնացած վէպը:

Կը ծանրանամ վիպողին վրայ, նոյնիսկ իբր վրիպանք, վասնզի արուեստի ճշմարիտ սեռի մը մէջ յաջողուածք մը այլապէս պիտի նպաստէր անոր փառքին։ Հակառակ սա ժխտական արդիւնքին, դժուար չէ սակայն կենալ անոնց մէկ քանի կողմերուն առջեւ, դրական կամ բացասական:

Այսպէս

Ա. Այդ վիպակներուն կը պակսին մթնոլորտը, խտութիւնը, իսկութիւնը, որոնք միայն արուեստագէտի տուրքերով նուաճելի արարքներ չեն, այլ աւելի յաճախ նուէրները կ՚ըլլան, յորդ, հոծ, իրաւ կեանքերէն՝ մեր ջիղերուն եւ ասոնց ճամբով՝ մեր գործերուն: Քիչ չէ թիւը մարդոց որոնք մէկ գիրք գրեցին, բայց կատարեալ, վասնզի զայն հաներ էին իրենց ապրածէն ու ա՛լ չմտածեցին գիրքերու արհեստին։ Հրանդի վիպակները կրնան մարդեր, միտքեր, զգայնութիւններ ալ պարունակել բայց կը տառապին հեղինակին ընդոծին մեծ առաքինութեանը` չեմ ըսեր բացակայութենէն, գոնէ չէզոքութենէն։ Ասիկա մենք տեսանք քրոնիկին մէջ, Հրանդով կազմաւորուած, ուր սեղմելը, խտացնելը, ամէն տողի մէջ կեանք մը պառկեցնելը տիրական արարքներ են, որ ուղիղ չեն համեմատուիր պատմումին հետ, որ քիչը աճեցնելը, յարդարելը, պատրելը կը հետապնդէ։

Բ. Յարդարանքի մէջ անճարակութիւն մը, խորթութիւն մը, գիրքերու օրէնքներէն փախուստի ձեւին տակ, զանոնք շրջուա՛ծ հագնելու աններդաշնակութիւն մը, որոնք, կ՚ենթադրեմ, հետեւանքն են քրոնիկի իր եղանակէն իրեն ուխտ ու մարմին դարձած։ Այդ վիպակներուն մէջ կան կտորներ ուր արտաքին տարրերը, լրագրաբնոյթ խորհրդածութիւնները, օրուան ընթացիկ հետաքրքրութիւնները, ա՛լ պատուոյ հասած նկարագրամոլութիւնը կը գրաւեն ամբողջ տրամադրելի էջերը, արուեստի յոյզերուն քիչ կամ բնաւ գետին ձգելով։

Գ. Ծանր, անծածկելի հոտ մը հրապարակագրական ախորժակներուն, անշուշտ ազդեցութիւն՝ Արփիարեանի, արեւելահայ վիպասաններուն, որ մեզի անախորժ կուգայ այսօր, երբ օրուան թարմութիւնը, շաղը ցնդած են այդ կտորներուն վրայէն։

Դ. Երեւակայութեան դժնդակ կորանքը, որ, առաքինութիւն՝ անշուշտ քրոնիկի մը կտրուածքին (coupe) համար, անդարմանելի աղքատութեան կը վերածուի երբ մեր տալիքը կեանքին թեւերը կը կտրտէ ու կը ձգէ որ սողայ ան մեր առջին։ Պատմուածքը, առանց անոր, կը դառնայ լրագրական ապացուցում շատ պատկերներ իրապաշտներէն ստորագրուած, զերծ չեն այս մեղադրանքէն) ու կ՚անցնի մեր վրայէն օրաթերթի յօդուածի մը բախտովը։ Պատմուածքը, միայն ու միայն անով ոգեւոր, մեզ կը յոգնեցնէ, թերահաւատ ընելու չափ զմեզ պատմուած կեանքէն։ Երկուքին միջինն է պատմողը։ (Չենք կրնար կապուիլ Չօպանեանի պատմուածքներուն, երեւակայութեան սա խոր ճնշումին պատճառով)։

Կարելի է երկարել այս նշմարները։ Հրանդ Զօհրապ մը չէր, ոչ ալ Բաշալեան մը որոնք նախանիւթը յղկելու դերը չարհամարհեցին ու իրենց քիչը արժեւորեցին, զայն դնելով անստգիւտ կաղապարի ներքեւ։ Իրեն համար պատմուած մը տարբեր չեղաւ երբեք յօդուածէն։ Ու հոն է իր մեղքը։ Անշուշտ այդ վիպակները բեռ մը չեն իր համբաւին բայց չեն ալ շահ մը։ Քանակը քիչ կշիռ ունի: Ռ. Զարդարեանի վիպակները, հակառակ քանակի նիհարութեան եւ որակի պարզութեան, մեր երկրէն ու բարքերէն թանկագին վկայութիւններ են ու կ՚ապրին այսօր ալ, հետզհետէ սուղնալու բախտով մը։ Հրանդի որեւէ վիպակին համար նման վճիռ մը չունիմ հոս արձանագրելիք։

 

***

Իր վիպակներուն եւ կեանքէ վերցուած, քիչիկ մը գունաւոր մելանով այլացած պատկերներուն հետ բաղդատուած, նուազ մեղաւոր ու նոյնիսկ համակրելի կը ներկայանան մեզի այսօր իր միւս պատկերները [13] որոնք պարզ փորագրութիւններու կը նմանին, առնուած իրական կեանքէ կամ յիշատակներու աշխարհէն։

Հրանդի վերյիշումները սակայն բարձրարժէ հրիտակներ են ոչ միայն մեր գրականութիւնը շահագրգռող, այլեւ աւելի լայն հետաքրքրութեանց յագուրդ ընծայող: Անոնք, ստուար տոկոսով կուգան հայրենի աշխարհէն [14] ու այս միակ ցուցմունքով կը բացատրեմ իմ խանդավառութիւնս, իր վրայով տարածուող բոլոր մեր գաւառաշունչ գրողներուն վրայ անխտիր։ Պահեր կան ուր չեն հարցներ որակ ու ձեւ, ու կը փրկեն անփրկելին։ Մասիս ի մէջ (թէ՛ Արփիարեանի թէ՛ Զօհրապի խմբագրածները) անոնք ոչ միայն բարքերէ տախտակներ են, այլեւ իրենց ժամանակին ընդհանուր արժենիշին լիովին վայել կտորներ են, վասնզի անցած են այն զգայնութեան ոլորտէն որ կը պաշտպանէ, ծնունդ տալէ յետոյ անոնց, բոլոր վաւերական ստեղծագործութիւնները, իրենց ժամանակէն ալ անդին։ Կարաւան մը մարդ, այո՛։ Որոնք երբ կ՚աւելնան պանդուխտներուն fրesqueներուն, կը կազմեն մեր բարքերուն ամենասուրբ դամբարանը։ Ինչ որ Արփիարեան, իր յուշերուն եւ քրոնիկներուն մէջ ջանացած է իրագործել, մեր անմիջական ու հեռու անցեալին հեղմունքները վերակոչելով կեանքի , նոյնը ըրած է Հրանդ, իր գեղին ու անկէ քիչ մը աւելի շրջանակներու անվերածելի ապրումները ազատելով կորուստէ։ Դար մը ետքը մարդիկ պիտի անցնին արագ պոլսեցիներուն քերթուածներուն վրայէն, հազիւ յուզուելով մեծագոյններուն փառքովը նոյնիսկ, ինչպէս կ՚ընենք այսօր Բագրատունիի, Հիւրմիւզի, Ալիշանի եւ իր հետեւորդներուն ստեղծագործութեանց, իրենց օրերուն անհուն ու անկնճիռ փառքեր: Բայց պիտի կենան կտորներու վրայ որոնք իրենց թելադրէին փշրանքները մեր ու մեր պապերուն ապրումներուն։ Աբովեանի գործին ժամանակակից գրաբար վէպերուն ճակատագիրը չմոռնալ: Հրանդի Յուշեր ը շարունակութիւնն են իր ստեղծումներուն, կրկնելով ասոնց ընդհանուր նկարագիրները, պարզելով նոյն սրտառուչ համը, շնորհը որոնք իր պանդուխտներուն քերթողաշունչ պատկերացումը հասցուցին զանգուածներուն ինչպէս նրբաճաշակներուն վայելումին։

Իրական կեանքէ իր պատկերները, ինչպէս, նմոյշ մը յիշելու համար, ստնտուներու կեանքէն առնուած ու Դեղնած Թուղթեր վերտառուած շարքը ( Ծաղիկ, 1895), ապահով, ամուր մատիտով գծուած փորագրութիւններ են, երբեք շփացուած կամ այլագունած։ Ունին իրականութեան, ապրուածին, կրուածին (բառը գործածելով իր հին առումով) անառարկելի ստուգութիւնը, ցամաքութիւնը, ոճը։ Եթէ երբեք մեծ յաւելումներ մը չեն բերեր իր աշխարհին ընդհանուր դրութեան, բայց կը խօսին ի նպաստ իր մէջ չնուաղ մեծ արուեստագէտէն, ամէն անգամ որ այս մարդը շփումի կուգայ ուրիշներուն ցաւին հետ։ Երբ իր շուրջը, հետը մարդիկ այնքան կը տագնապէին ի խնդիր գրուածքին ու կը չարչարէին իրենցմէ աւելի իրենց խեղճ ոճը, Արփիարեանի հետ Հրանդը մինակ եղաւ որ ոչ մէկ զիջում ըրաւ այդ դժբախտ աստուածութեան ոճին։ Ամուր իր ինքնավստահութիւնը որ զինքը չէր լքած մինչեւ պատերազմ, մի արհամարհէք իբր գիւղացիի յամառութիւն։ Մեծ ու թանկ արժանիք մը կայ այդ կեցուածքին խորը: Անիկա, մի մոռնաք, գրաբար յօդուածներով մտած էր մեր գրականութենէն ներս։ Ու կրթուած էր սերունդին հետ ու մէջ, որուն ներշնչարանը եղան, գրեթէ կէս դար լուսիններն ու զեփիւռները, սոխակներն ու լճակները, կեանքէն այնքան վճռական այլալութեամբ մը։ Աւելի ետքը, 1890ին, Չօպանեանի մօտ պերճ ոճ մը մեզ չի զարմացներ, ոչ ալ կը սրտնեղէ, ինչպէս չենք կրնար ըմբռնել Սէթեանը կամ Թէրզեանը առանց իրենց գրաբարագիտութեան ցուցադրումին: Բայց ո՞ր հրաշքը պիտի միջամտէ որպէսզի գրաբար յօդուածներ ու թարգմանութիւններ հալածող այս գեղացին, քառորդ դարէն պակաս տեւողութեան մը վրայ, հասնէր Դեղնած Թուղթերուն անթերի գծագրումին։ Ունինք փոխուած ոճեր: Եղիշէ վարդապետ Դուրեանը գեղեցիկ նմոյշ մըն է այդ մասին։ Պէրպէրեանի Առաջին Տերեւք ին եւ Խոհք եւ Յուշք ին միջեւ փոխուածը պզտիկ բան մը չէ։ Բայց երկուքին ալ իրագործումները չեն մօտեցուիր Հրանդի կատարեալ կերպարանափոխութեան։ Կը փորձուիմ յիշել անջրպետը որով բաժնուած են իրարմէ Հրաւիրակ Երկրին Հայրենեաց եւ Պապիկ եւ Թոռնիկ գործերը, նոյն գրչէն ծնած, բայց այնքան տարբեր տարողութեամբ: Հրանդէն չունիմ ձեռքի տակ գրաբար ոտանաւորները: Խրիմեանի ոտանաւորները մրցումներ են… Ալիշանեան խոյանքին։ Բայց գիւղացի ծնած էին երկուքն ալ ու քիչիկ մըն ալ ապրած որպէսզի իրենց ջիղերը մնային հիւսուած հողին համին ու հոտին մէջը, անլուծելի միացմամբ մը:

***

Հրապարակագի՞րը:

Այո՛, ու դժբախտաբար բաւական մեծտարած, որպէսզի սպառէր անոր ստեղծագործ աւիշը այդ անիմաստ վաստակին վրայ որ գրագէտէն բռնի խլուած զիջում մըն է, անխուսափելի ամէն հայ գրողի։

Հարկ չկայ ծանրանալու այս վրիպանքին ալ վրայ: Անոր մէջ պատրաստութեան հարցը չի զատուիր խումբին միջինէն։ Իրմէ աւելի պաշար չունէին, գէթ ընկերային եւ ազգային գիտակցութեանց կրկէսին վրայ, իր ընկերները որոնք Կամսարական, Բաշալեան, Արփիարեան կը ստորագրեն, բայց իրմէ աւելի Պոլսեցի էին, այսինքն ունէին ժողովուրդի որոշ դասակարգի մը ու դուք կը հասկնաք ատիկա ճանաչողութիւնը, ծնունդի, ժառանգական շնորհները։ Տարիներ շարունակ, անիկա պիտի չմերժէ լրագրողներուն դիմումը, բան մը գրելու, իրենց թերթին։ Անշուշտ հրապարակ չէ իջած միւսներուն պէս, իր գաղափարները պաշտպանելու բացառիկ, բացարձակ առաջադրութեամբ։ Բայց հրապարակին վրայ կենալ գիտնալու իր վարժութիւնը վկայ իր քրոնիկներուն անհուն ժողովրդականութիւնը , պիտի օգտագործէ, խօսելով քիչ մը ամէն բանի վրայ, ուսուցչութենէն մինչեւ ճարտարապետութիւն, ու պարզ մարդոցմէ մինչեւ Շնորհալիի բանաստեղծութեանց թարգմանութիւնը: Իբրեւ ձեւ, ոճ, այդ յօդուածները կը մնան Հրանդի համար պատուաբեր յաջողուածքներ: Իբրեւ խորք, գաղափար, տարողութիւն, անոնք բոլորովին նման են թերթերու մէջ անստորագիր կամ ստորագրուած երկու երեք սիւնակ սիրտցաւ, պարզ, ուղիղ խօսքերուն: Ու այսքան։

Չեմ բաղդատեր զինքը այն գրողներուն որոնց մէջ գրագէտը եւ հրապարակագիրը իրար կը հաւասարակշռեն (Արփիարեան, Բաշալեան, Չօպանեան, Պարոնեան), վասնզի իրեն պակսած է այդ հաշտ, օծուն, վարուող, համոզուող կամ խածնող բայց չվիրաւորող շեշտը որով այս մարդիկը կը վարեն իրենց հանդէսները կամ թերթերը, առանց թաւալգլոր գալու:

Չեմ բաղդատեր զինքը դարձեալ այն գրողներուն որոնց մէջ հրապարակագիր մը մինակ գոյութիւն ունի. բարդ բայց դժբախտ արարածներ, իրենց դերը շատ լրջութեամբ արժեւորած որոնք այս ժողովուրդին գլխուն ամէն օր երկու սիւնակ քարոզ կը կարդային մեծ հանդիսաւորութեամբ ու գոհ էին այդ փառքով (Արծրունի, Քէչեան, Յ. Շահնազար եւ ուրիշներ) ու են ալ մինչեւ այսօր:

Պիտի զատեմ զինքը կարաւանէն այն միւսներուն ալ որոնք ութսունական թուականներուն, կ՚ընեն մեր մէջ միայն կարելի հրապարակագրութիւն մը, որոշ պաշարով բայց անորոշ ձգտումներով, հիմնովին տարբեր իրապաշտ փաղանգէն որդեգրուած կեցուածքի եւ նպատակի տեսակէտներէն, ու կը շփոթեն իրարու, յաճախ բարեմիտ անգթութեամբ մը` պատմութիւն, գրականութիւն, ոճի մարզանք, մանկավարժական քաղուածքներ եւրոպական թերթերէ, գէշ իւրացուած ու բռնի պատշաճեցուած մեր պայմաններուն, երբեմն ինքնավերլուծական յօրինումներ, լայնօրէն զառածուն ուղիղ բանէն եւ լրջութենէն. երբեմն ժողովրդավարութիւն, երբեմն քննադատութիւն. երբեմն ալ դասական գրականութեանց մէջ փորձուած զանազան սեռէ վերարտադրումներ (կենսագիր, դիմառնութիւն եւ այլն), բոլորն ալ խորապէս մեղաւոր արտայայտման անկանգնելի տկարութիւններով, այս մէկուն մօտ գրաբարի ցուցամոլութիւն, երկրորդին մէջ բռնի պարզութիւն, երրորդին ու չորրորդին ալ մօտ պրկում, խաղ, պար բառերու կռնակին (Եղիա, Մամուրեան, Պէրպէրեան, Մ. Գարագաշ, Ն. Չիլինկիրեան, Յ. Գուրգէն)։

Մի հարցնէք թէ Հրանդ ի՞նչ ունէր ըսելիք իր ժողովուրդին, տրուած ըլլալով իր միտքին տարողութիւնը, խառնուածքին շեշտը եւ իր գիւղացիի անսրբագրելի ախորժակները։ Մէկը, մեծ մերձաւորութեամբ մը, պիտի կրնար կրկնել նոյն հարցումը ամբողջ իրապաշտներուն համար որոնց տուրքերուն միջինին կը կենայ Հրանդի հրապարակագրական շնորհը։ Տեղն է արդեօք յիշեցնելու որ հայ իրականութեան բոլոր արտայայտութիւնները ուղղակի անդրադարձ արարքներն են հայ հասարակութիւն կոչուած տարօրինակ երեւոյթի մը որ դարերու գերութիւն մը ունի իր արեան ճամբաներուն ու անկանգնելի թշուառութիւն` քանի այդ դարերը կը մօտենան դէպի մեզ։ Պէտք է կարճ ըլլալ։ Այդ հասարակութիւնը կը կարծէ ինքզինքը գիտնալ, ճանչնալ, անցեալ դարու կէսէն ասդին։ Ատ չէ իր մեղքը։ Բայց կը յաւակնի այդ գիտութիւնը բարձրացնել արեւմտեան մշակոյթի կերպերուն, առանց նկատի առնելու միջավայրը, թուրքը որուն թաթը կախ էր իր գլխուն։ Ու կը հաւատայ արեւմտացած ըլլալ երբ կը հիմնէ թերթ, թատրոն։ Դիւրին է այս ճիգէն ու հաւատքէն զեղչել պատրանքին անհրաժեշտ քանակը ու ինքզինքը գտնել զանգուածի մը առջեւ որուն յարգելի են առաքինութիւնները, պապերուն երակներովը կտակուած իրեն (ժուժկալութիւն, բարութիւն, աշխատասիրութիւն, համբերատար ոգի, համեստութիւն), ինչպէս անծածկելի թերութիւնները (աւելորդ է թուումը)։ Այս խառնուրդին դիմաց դժուար չէ գտնել բառեր, դարմաններ։ Մեր ժողովուրդին զրկանքը միայն բաւ էր ամբողջ սերունդ մը դղրդելու: Խորհած ունի՞ք այն անվրէպ իրականութեան որ ճիշդ քսան դար այս ժողովուրդը ուրիշ բան չճանչցաւ իր պատմութենէն։ Ոչինչ կը կորսուի կ՚ըսեն, նիւթական աշխարհէն, անշուշտ թելադրելով անկէ անդին ալ: Ոչինչ կը կորսուի հոգեկան աշխարհէն: Մեր պատմիչները կարդալ՝ երկուհազար անգամ այդ զրկանքը վերապրիլ է:

Իրապաշտները ունէին իրենց առջեւ այդ մեծատարած միութիւնը, ուրիշներով ինչպէս մեզմով պայմանաւոր։ Մեր բռնահրաւէր մոլութիւնները: Մեր հարստահարութեան դարաւոր աղէտը։ Մեր բարքերուն անխուսափելի, մութ, այլապէս սրտակեղեք խոցերը: Էջեր չեն բաւեր, անցնող դարու վերջին կէսին, մեր նորոգեալ մեղքերը, աղտերը, խաթարումները ցուցակագրելու։ Բոլոր այս հարցերը ամենօրեայ մտահոգութիւն, տառապանք, կիրք ու տագնապ կ՚արժեն Հրանդին ինչպէս ընկերներուն։ Յարձակողակա՞ն։ Անկարելի էր չըլլալ ատիկա լրբութեանը դէմ դրամի ասպետներուն։ Իրապաշտներուն գործին մէջ, անուղղակի սեւեռմամբ մը, քանդակի ինկած է հայ քաղքենին, արհեստաւոր իր հօրը կոշտերը դեռ չհալեցուցած իր հոգիին երեսներէն, բայց գլխակորոյս հեշտութեամբ մը թարթափո՜ղ՝ ալիքներուն խորը՝ իր արեան մէջ դարերէն կտակուած զրկանքին ընդդէմ, երբ դրամին առագաստովը ինքզինքը կ՚արձակէ իր կիրքերուն ջուրերուն եւ կը մոռնայ ինքզինքը։ Յարձակողակա՞ն։ Անկարելի էր չըլլալ ատիկա տիտղոսի եւ պաշտօնի աւագորեարին առջեւ, որ մեր ծախքովը, արիւնովը սնած, ինքզինքը կը ծախէր օտարին ու կը դարբնէր նոր փորձանք մը իր ազգակիցներուն գլխուն։ Էֆէնտիութիւնը, այսօր մարած պատկեր, 1890ին ընկերային ծրագիր մըն է ինքնիր մէջ ամբողջ։

Կարելի է երկարել շարքը յարձակողականներուն: Իրապաշտներուն համար անառարկելի փառք մը պիտի ըլլար իրենց արի, արու, վճռական կեցուածքը` հանդէպ ամէն դասէ անիրաւներուն։ Հրանդ նման է իր ընկերներուն, այս ամէն հարցերու դիմաց իր որդեգրած դիրքովը։ Նորութի՞ւն։ Այսինքն ի՛նչ որ զինքը պիտի զատէր անոնցմէ: Կ՚ենթադրեմ թէ անտեղի է նման սպասում մը, որոշ գետնի մը վրայ ինքզինքը ամբողջովին իրագործած աշխատաւորէ մը։ Իր զարգացումը, գիւղացիութիւնը, ախորժակները, իր հոգեխօսական պահանջները, իր կիրքերը նոյնիսկ կը պաշտպանեն զինքը։ Իր երկրըցի ներուն պարունակէն դուրս դժուար քալող, նեղուող այս մարդը չէր կրնար գլել Պոլսեցիները հողի մը վրայ ուր քաղքըցին, քաղքենին առնուազն սերունդէ փորձառութիւն են ճարած, իրենց կամ իրենց պապերուն ճամբով։

Ընթացիկ բացատրութիւն մըն է հրապարակագրական ջիղ տարազը որով կ՚ուզենք երբեմն հասկնալ գրագէտներու մօտ հանրային տուրքեր, գործօնական մարզէ։ Բառը մեզի համար զուրկ եղաւ իր ծանրութենէն, ընկղմելով գրող ի ընդհանուր պատկերին մէջ։ Կը զգաք թէ ի՜նչ ահաւոր թշուառութիւն կայ հեգնութեան մէջ որով պսակաւոր են մեր մէջ գրողները երբեմն։ 20-30 տարի մեր իմացական մեծագոյն դէմքը ջլախտաւոր մըն է, կէսէն վեր յիմար մը, որ կը գրէ, կը պատգամէ, կը վճռէ եւ կ՚անցնի իբրեւ գերագոյն գրագէտը, հրապարակագիրը, իմաստասէրը եւ այլն եւ այլն։ Եղիա էֆէնտի Տէմիրճիպաշեանն ալ անշուշտ օժտուած էր հրապարակագրական ջիղով, որքան անզուգական Բիւզանդ էֆէնտի Քէչեանը: Այս անունները կը կործանեն տարազը։

Հրանդի հրապարակագրական վաստակը կը նոյնանայ մեր գրագէտներուն բոլորին կողմէ կատարուած բռնավաստակին։ Մեղք մըն էր ան։ Զայն քաւելու համար ուրիշ վաստակներ կրկէս պէտք է գան։ Ու կան ասոնք Հրանդի ժառանգութեան մէջ։ Աւելիին ծանրանալ պիտի նշանակէր մարդը արժեւորել իր տկարութեանց հանդէսով։ Արդ, գերեզմանէն անդին առաքինութիւնները կ՚իշխեն։

 

4. ԳՐԱԳԷՏԸ

Իրապաշտներու կեցուածքը ուղղափառ չէ գրելու հարցին դէմ, հակասող այսպէսով իրենց ընկերային կեցուածքին որ պարզ է եւ միակտուր։ Գրելու տառապանքը իրողութիւն մըն էր Բաշալեանին, Սիպիլին, մանաւանդ Կամսարականին։ Զօհրապ պահեց միջին դժուարութիւն մը, խնամելով (բայց ծածկելով ասիկա) իր ոճը։ Չօպանեան կը հալածուէր իր դիւրութենէն: Արփիարեան եւ Հրանդ կը ներկայանան մեզի իբրեւ մարդեր որոնց աւագ մտահոգութիւնը ըսելիք մը ունենալն է նախապէս, զայն ըսելու կերպը վստահելով այլեւս իրենց բնազդին։

Խումբին մէջ ամենէն դժուար է ճշդորոշել Հրանդին վրայ գրագէտի որոշ, բաւական ընդարձակ յղացք մը, որ շարունակ փոփոխման ենթակայ մնաց: Իր պատանութեան, այդ յղացքը ամրաշաղախ գմբէթ մըն է, օրինակի մը համար, Եղիային փառքը տաղաւարող, Մամուրեանը մեծ յարգանքով լուսապսակող։ Յետոյ, ուրիշ երանգի մը ընդմէջէն, կը տիրապետեն դէմքեր որոնց գործին ընդհանուր նկարագիրը շեշտօրէն կը տարբերի հասարակաց մտապատկերէն։ Սրուանձտեանցի մը գրականութիւնը նմոյշ մըն է այս ուղղութեամբ։ Բայց գրագէտներ են նոյն ատեն Յ. Գուրգէն, Վիեննայի վարդապետներ, Մաղաքիա եպս. Օրմանեան, Ռէթէոս Պէրպէրեան։ Այս զանազանութիւնը կերպով մը կը պարզուի երբ իրապաշտները կ՚երեւան։ Բայց շփոթութիւնը կը տեւէ։ Հրանդը այդ շփոթութեան ծնունդն է անշուշտ իբրեւ գրագէտ։ Բայց վեր ալ է անկէց իբր իրագործում։

Ինծի կուգայ թէ Հրանդի մօտ, գրագէտի դէմքը կազմելու ատեն, սխալ պիտի չըլլար հրաժարիլ գիրքերու բանաձեւումներէն, գրականութեանց պատմութեան ցուցմունքներէն, եւ մեր հրապարակին վրայ դարբնուած տեսութիւններէն, քանի որ իրականին մէջ, անոր աշխարհը, խառնուածքը, միտքին կազմաւորումը նպատակ եղան այս ամենէն դուրս, տարբեր մղումներու, ձայներու։ Անիկա օր մը չայցուեցաւ երբեք լուսինին նայելու ու անոր երեսն ի վեր տրտմանուշ ոչնչութիւններ հեծեծելու հոսհոսութենէն: Եւ սակայն չունինք գրագէտ, իրմէ առաջ, որ անխուսափելի դարպասը մատուցած չըլլայ «երկնից դիցուհիին»: Անշուշտ ասիկա բան մը կ՚ապացուցանէ։ Իր սերունդէն, մէկէ աւելիներ այդ դարպասը ըրին, անցնելու համար մեծ կամ անզուգական բանաստեղծ (սեռը բան չփոխէր վերագրումին կշիռէն)։

Հրանդը կարելի է նկատի ունենալ տեսակ մը կեդրոն ուր պիտի գային խտանալ, իրենց վերջնական կերպարանքը հագնելու, կանխող սերունդէն մէկ քանիներու բացառիկ, քիչ մը խորթ, բայց այնքան խոր կերպով հայերանգ, հայեցի հակումները։ Խրիմեանի քարոզներուն ծանր ու աժան բարոյախօսութիւնը, Սրուանձտեանցի ներշնչումներուն լայն, պոռոտ, ողողող դիւրութիւնը կ՚ամոքուին, կը պնդանան Հրանդի արձակին մէջ որ իր կարգին պիտի թելադրէ կերպարանքը Թլկատինցիի ոճին: Այս տեսակէտէն դիտուած, անոր գրականութիւնը առաջին հարազատ ստեղծումն է հայեցի որակուած արուեստի մը:

Կուտամ տարրերը.

Ա. Յորդ զգայնութիւն ։ Մեր մէջ շատ է թիւը անոնց որոնք իրենց մտքովը մղուեցան գրելու արարքին, իրենց զարգացումը արժեցնել ջանացին ու գրեցին գիրքեր, վարեցին հանդէսներ ու թերթեր, ինչպէս ըրին նոյն ատեն, նոյն բանը միւս մղումներուն համար իրենց միտքին ու զարգացումին, դատ վարեցին, դաս տուին, տետրակ բռնեցին, դիւաններու պետեր եղան: Այս մարդոց մօտ գրագէտի զգայարանք մը չի հերքուիր անշուշտ: Անուննե՞ր: Բայց ամբողջ հոյլը գրեթէ մեր գրագէտներուն: Միւս կողմէն՝ թիւը չի կրնար թաղել իր փաստին տակ նաեւ այն քիչերը որոնք գրելու մղուեցան առաւելապէս խթանին տակը իրենց ջիղերուն: Հարազատ մեծ բանաստեղծները կ՚իյնան այս խումբին տակ, եւ նաեւ մէկ երկու արձակագիրներ: Հրանդը այս վերջիններէն է։ Ամէն մարդու չէ տրուած, գրական որոշ կաղապարի մը մէջ մտնելէ, թափառելէ վերջ (ու մենք գիտենք ինչ էր այդ կաղապարը Իւսկիւտարի ճեմարանէն անոր հոգիին հագցուած) տառապիլ՝ վերադառնալու համար իր սկզբնական կերպարանքին։ Գիրք, յօդուած, գրելու փառասիրութիւն անբաւական են բացատրելու իր մշտական թարթափանքը այն վայրերուն մէջ ուր պատեհութիւն կայ իրեն համար հանդիպումը ընելու իր անդրագոյն, հզօր, մշտավառ զգայութիւններէն մէկ քանիներուն։ Խան մը, սրճարան մը, ժամու բակ մը, գերեզմանատուն մը, տնտեսի կամ ժամկոչի սենեակ մը անոր մէջ սրբարանի մը պէս խորունկ զգացումներ կ՚արձակեն, բոլորն ալ հիւսուած անոր միսերուն մէջ հեռաւոր մանկութենէ մը ու հոգի դարձած երբ տարիներուն արեւը կը հասունցնէ մեր տպաւորութիւնները եւ զանոնք կը վերածէ մեր հոգեմոյնքին։ Պոլսոյ կեդրոնին մէջ, ցուրտ Պուլկարիոյ խորերը, Անատոլուի ամենէն թուրք ամայքներուն ներսը Հրանդ կերպը գտած է (ստիպուած ըլլալուն) իր մէջ գեղացին ամէն օր նորոգելու: Այս կրկնութիւնը պաշտպանած է անոր ջիղերը այլացումէ ինչպէս իրացումէ։ Մեր լեզուով ասիկա « դանակը պատենքէն դուրս » ապրիլ ըսել է։ Ասիկա, իր զգայնութիւնը ամէն օր ածելիի պէս սրցնել ըսել է: Ու ասիկա կարելի է զգայնութեան շատ առողջ, շատ զօրաւոր սարուածով մը որ պիտի բաւէ ոչ միայն անոր առօրեայ ընթացիկ ապրումին պէտքերուն, այլ պիտի բաւէ մանաւանդ անոր հոգեկան հակազդեցութիւնները գոգաւորելու, պաշտպանելու: Ըսին թէ ամենէն յուզիչ գրագէտը եղաւ իր սերունդին։ Ըսել կ՚ուզէին թէ անիկա օժտուած էր ջիղերու ազնուազգի, խորանուրբ, խորաթրթիռ դրութեամբ մը։ Պէտք կա՞յ, աւելցնելու որ միտքը կրնայ դաւաճանել մեզի երբեմն ( Եղիա ), բայց ջիղերը պիտի մնան հաւատարիմ, նոյնիսկ երբ սպաննենք զանոնք ( Արթիւր Ռընոթ Իր ջիղերու կծիկներովը Հրանդ կը հաւասարի մեր մեծագոյն ու վաւերական գրագէտներու զգայնութեան: Բայց կը տարբերի անոնցմէ այդ զգայնութիւնը լարելու իրեն յատուկ կողմով մը։ Անիկա հեռու եղաւ իր զգայնութիւնը գործածելու ազգագրական, օգտապաշտ հանգանակներու ի խնդիր։ Ճիշդ է որ իր Պանդուխտներու Կեանքէն ը լրագրական արդիւնքներու իջաւ, բայց իրմէն դուրս էր երեւոյթին զսպանակը: Ղարիպին ցաւը այնքան յորդ հեղեղ մըն էր որ զգետնեց զինքը։

Բ. Հայեցիութիւն ։ Հրանդի անունին հետ այս տարազը մենք գտանք մէկէ աւելի անգամներ: Տեղն է որ միանգամ ընդ միշտ ճշդուի ատոր տարողութիւնը։ Առանց լայննալու դէպի ընդարձակ ընդհանրութիւնները հարցին, կը գոհանամ դիտել տալով որ, կիսադարեան գրականութեան մը մէջ, մեծագոյն անուններն ալ նկատի առնելով, չունիմ ուրիշ դէմքեր որ այդ տարազը արդարացնէին իր չափովը։ Ուրիշ բաժնի մը մէջ ես դրի մերձեցումները Խրիմեանի, Սրուանձտեանցի եւ Թլկատինցիի գրականութեանց եւ Հրանդին։ Գաւառածին ու գաւառագէտ այս գրողներուն մօտ ազգային գոյնը կասկածէ դուրս է։ Բայց գրականութիւնը ինքը իրեն համար թելադրանք մըն է եւ չի տարածուիր անպայման ամէն գրուած բանի վրայ, զայն կախարդապէս բարձրացնելու համար արուեստի: Այս տեսակէտէն երբ կը մօտենանք յիշուած գրողներու ժառանգութեան, մեր տրամադրութիւնը կ՚այլանայ։ Չենք կրնար ուրանալ բաժիններ, անոնց վաստակին մէջ, ուր գրական յուզումը համակէր մեր զգայարանքները, անցնելու համար մեր իմացական տհաճութեան որ ծնունդ է ամէն վայրկեան խոր մեր բնազդներուն ներուած (գրական ճաշակը ուրիշ բան չէ) արհամարհանքին։ Նոյնիսկ Թլկատինցին կը բարոյախօսէ անդադար փոխանակ նկատելու. Թլկատինցին որ արուեստագէտ սերունդին մէջ պիտի զարգացնէ գոնէ իր արտայայտութեան միջոցները։ Ուրե՞մն։ Երբ կը զեղչենք Հրանդի գործէն հրապարակագրականը (որ չի խառնուիր ստեղծագործական բոլոր էջերուն), մեզի կը մնան անխառն դրուագումներ, որոնց համը, միսը եւ աղը կուգայ բացառաբար հայ աշխարհէ մը, հայ հոգեբանութենէ մը։ Նիւթի հարց չէ որ կը յուզեմ: Ճշդումս նկատի ունի տալու ձեւը, այսինքն զուտ գրական նկարագիրը, որով հաղորդուեցան մեզի իր զգայնութիւնները։ Նկատի ունիմ հայ ոճ մը, հայ գրականութեան մը ցեղադրոշմ գործիքը, այն անվերածելի տարազը որով կը յատկանշուին ցեղերու անհատականութիւնները, ինչպէս կը ծնին անոնց ֆիզիք նկարագիրները խուլ յօրինումին մէջը hnղային, երկնային ազդեցութեանց։ Այն յստակ, լուրջ, թեւաւոր ու կրակոտ շնորհը որ ոճն է ֆրանսացիներուն: Այն ատե՞ն։ Ես ձեզի հետ ինքզինքս կ՚արտօնեմ հարցընելու. ո՞ւր է մեր ոճը։ Քերթողութեա՞ն մէջը Դուրեաններու, Վարուժաններու, Մեծարենցներու, Թէքէեաններու: Ո՞րչափով գոյ է հայ տարրը զմայլելի ազգայնութեանը մէջ Վարուժանի բանաստեղծութեան կամ նրբակերտ ճարտարապետութեան մէջը Չրաքեանի արձակին։ Միայն ու միայն այդ ոճը կա՞յ Թլկատինցիի ծուռիկ ու մուռիկ, ձգձգուն Ֆրազ ին թնճուկին մէջ, կամ այն միամիտ, անհաւասար, թոյլ հեղմունքներուն մէջ որոնք Համով-Հոտով ին մէկ երկու գլուխները կ՚ընեն այնքան սրտազեղ գեղեցկութեանց հանդէս մը, բայց գիրքին միւս, մեծ մասերուն մէջ կ՚ըլլան անտանելի տղայաuացութիւն: Ինչպէս կը տեսնէք, այսպէս դրուած հարցը կը մտնէ անելի։ Ըսել թէ առաջին կարգէ անունները օտար են մեր հոգիին, հաւասար է մեր գրականութիւնը կողոպտելու իր ամենէն վճիտ ու ամուր փառքերէն։ Ըսել թէ երկրորդ խումբէ գրողները, հակառակ իրենց բոլոր թերութիւններուն, կը կազմեն կարելի տարազը հայ գրականութեան, փոքրել, աղճատել է գրականութեան յղացքը ինքիր մէջ։ Ու կենալով երկու եզրերու մէջտեղ, ընդունիլ թէ խորքին ծանր ճնշումը կը կերպադրէ ձեւէն ալ նկարագիրը, մեղմել է երկու տեսութիւններու բացարձակութիւնը։ Գրագէտ մը հարազատ է, որքան աւելի շատ ու արդար տարրեր վերբերէ ցեղային զգայութեան աւազանէն։ Այս անկիւնէն դիտուած Հրանդի գործը կ՚ըլլայ ամենէն հարուստներէն մէկը, քանի որ անոր ստեղծագործական էջերուն մէջ ( քրոնիկները, յուշերը առաւելապէս) ամէն մէկ տողի վրայ մեր ժողովուրդին սեպհական զգայնութիւնն է որ կը բիւրեղանայ: Ի՛նչ որ Վանգոյժ ը կը կոտրէ իբրեւ արուեստի գործ, կը փրկէ Պանդուխտի Կեանքէն ը դարձեալ իբրեւ արուեստի գործ։ Հրանդի հայեցիութիւնը արեւմտահայ գրականութեան մէջ միս մինակը կը դիմաւորէ արեւելահայ գրականութեան ամբողջ ձգտումը։

Գ. Ժողովուրդ ։ Ըսի վերերը թէ անոր արուեստը կը բխէր ժողովուրդէն ուղղուելու համար անոր։ Վտանգաւոր տարա՛զ, քանի որ սահմանը կը տարածուի գործերու ամբողջ կարգի մը որ իր աղքատութիւնը, յօրինուածքին թափթփածութիւնը, արուեստէ խոր ու անդարման անհասկացողութիւնը կը պաշտպանէ նոյն այդ արդարացումով։ Մէկ օրինակ միայն։ Աւետիս Իսահակեանի այն եղջերուաքաղ վէպը որ կը կոչուի Ուսթա Կարօ եւ…, ճիշդ ու ճիշդ կը ներկայացնէ ժողովուրդէն բխելու եւ անոր ուղղուած ըլլալու առաքինութիւնը։ Եւ սակայն կարդալ Յ. Թումանեանի Գիքօ ն, այս անգամ ալ նոյն տրամադրութեամբ ու յետոյ հարցնել ո՞ւր կը զատուին իրարմէ այս երկուքը։ Անշուշտ հոն չեն զատուիր միայն ուր առաջինին քով պիտի գային դիրք բռնել… Արմէն Շիտանեան, Սմբատ Բիւրատ եւ աւելի երանելի անուններ որոնք Վարդանանց ներ գրեցին։ Մերձեցումը իրաւացի է եւ աւելի համոզիչ մանաւանդ բանաստեղծութեան մէջ։ Հրանդի մէջ ժողովուրդին նպաստը այլապէս բարդ ու դժուար հաւասարակշռութեան հարց մըն է։ Ճիշդ է որ անիկա, իր գործին լաւագոյն մասին մէջ, երբեք չէ զատուած միջին մարդերու մակարդակէն, իբրեւ զգայնութիւն եւ մտածողութիւն: Արտամետի խնձորին նկարագրութիւնը իբր գոյնի խաղ ու գիծի հէնք վեր չէ մաքսատան մէջ տքալէն բեռ փոխարnղ Վանեցիի մը հասողութենէն, բայց նոյն ատեն կը գրաւէ մեր օրերու նրբացած քննադատին դժուարապահանջ ճաշակն ալ:

Այս է ահա արուեստին ու չարուեստին տարբերութիւնը։ Մնալ մատչելի ռամիկին [15] ինչպէս ամենէն զարգացած միտքերու: Անշուշտ գեղեցիկ առաքինութիւն, բայց այն ատեն միայն երբ առաջին տարրին գոհացումը մեզի չարժէ մեր գռեհկացումը մեզմէ։ Ժողովրդականութիւնը, դիտեցիք հարկաւ, ուրիշ կողմն է այս հարցին: 1870-1900 մեր ո՞ր գրողը ունեցաւ այդ բառին հմայքը այնքան յորդ կերպով որքան Եղիան, որուն արտայայտութիւնը ինչպէս աշխարհը կը մնան այնքան առանձին, այլամերժ: Այնպէս որ, չզատուելով գրական նրբութեանց հանդէսէն, չեմ գտներ ուրիշ անուն մը որուն հետ ժողովուրդ տարազը չարթնցներ յղացքէն անխուսափելի տափակութիւնը, անարուեստութիւնը, ու փոխարէն թելադրէր ազնուական ու ինքնատիպ կերպ մը կեանքը տալու, առանց սեթեւեթի, առանց ճապաղ խորացման ջանքին, ինքնաբուխ ու իրաւ, ինչպէս կը հոսի արդէն մեր տառապանքը իր քրոնիկներէն։ Ինչպէս իր օրերուն բազմակոհակ ծփանքներուն մէջ, անիկա շատ չէ հեռացած իր գիւղին զգայնութենէն (հագուստ, խօսուածք, մտածում ու բարոյական ըմբռնում), իր գրականութեան մէջ ալ անիկա պահած է այդ ամէնը։ Մարդ կը փորձուի իր մէջ ողջունել հին օրերու աշուղ մը որ փոխանակ երգելու կը պատմէ [16] ։ Ու իր պատմումը, պարզ ու նախնական, իւղոտ ու մսոտ, մեծ գրագէտի մը շնորհներէն, չէ կորսնցուցած իր համը մինչեւ այսօր: Իր արուեստին իբրեւ հիմնատարր արժեւորուած այս երակը, իր ժողովուրդ կողմը, ամենէն քիչ խաթարուածն է նոյնաձգտում մեր մատենագիրներուն մէջ։

Դ. Իր զգայնութեան բացառիկ նկարագիրը որ կ՚անդրադառնայ իր ամբողջ գործին վրայ։ « Տղու հոգի ունէր » այս տրտում մարդը, իր մահէն քանի մը տարի առաջ։ Զուսպ, վերապահ (հերքելու աստիճան 1895ի շրջաններուն յախուռն, յիմար, կռուազան մարտիկը յեղափոխութեան), իր դիմագիծը կը ծանրանար անսփոփ թախիծով մը որ անգայտ բայց անխուսափելի շղարշ մըն է սուգի մեր ժողովուրդի երեսին, երբ նայիլ գիտենք։ Հայաստան ծնիլը ու հոն մեծնալը չեն հերքուիր ոչ միայն գրողի մը կեանքին միջին տեւողութեամբը, այլ թերեւս դարերու փաստով մը: Պատերազմէն ասդին մեր գրականութեան այն երեսը որ կը մշակուի նորագոյններէ, անշուշտ կը հերքէ այս տեսութիւնը, բայց արտաքնապէս: Այդ տղոց գրականութեան մէջ կեանքին այն քանակը որ իրենց անմիջական ու իրենց մեծերուն քիչ մը հեռացած խորքերէն կուգայ, կը կրկնէ այս մելամաղձութիւնը։ Բարիզի կիներով պայմանաւոր գրականութիւն մը, այդ իսկ հանգամանքով կը դադրի հայ ըլլալէ։ Լեզո՞ւն: Զգեստ է, շղարշ է միայն։ Ցեղային տրտմութեան սա գիծը Հրանդի մօտ կը կազմէ անոր գրականութեան ալ նկարագիրը եւ իր քրոնիկներէն այս մէկը երբ կ՚աւարտենք, կը զգանք որ ծանրացած ենք անկշռելի բանով մը։ Ատիկա արդիւնքը չէ միայն գեղարուեստական յուզումին ոչ ալ Հրանդի սեպհական ջղային հոսումին իր գործէն ներս, այլ մեր ժողովուրդի այն մասնակի ապրումներուն, լինելութեան, որ ձեւի կը մտնէ իր գրողներէն ոմանց գործին միջոցով։ Թումանեանի, Սրուանձտեանցի, Խրիմեանի, Թլկատինցիի, Զարդարեանի, մեր ժողովրդական երգերուն թէ՛ բառ թէ՛ եղանակ խորագոյն, հարազատ յատկանիշը հայկական այդ թախիծն է զոր պէտք է զանազանել սակայն Դուրեանի մը, Մեծարենցի մը շատ անձնացած մելամաղձութենէն։ Ծնունդին, արիւնին, սերմին հաւասար բառ մըն է Հրանդի զգայնութեան համակիչ տրտմութիւնը։

Ե. Իրականութեան շեշտ զգացողութիւն ։ Յատկանշական է որ գրական որեւէ պատրաստութենէ չանցած այս գեղացին իր շրջանին իրականութիւնը, պատգամները, ներքին թրթռումները տեսնէ, զգայ, ըմբռնէ եւրոպական արուեստին երկրպագու եւ գործադրիչ Զօհրապի մը ոգիովը: Կը նոյնանայ, այս իսկ կողմով սերունդին ընդհանուր միջինին, զատուելու համար ա) ռոմանթիքներէն որոնք լեզուական, պատմական ծանր postulatներու կը սպասարկեն, բ) ազգայնականներէն որոնց գործը կը տառապի բարոյախօսական (Խրիմեան) կամ ազգագրական (Սրուանձտեանց) ձգտումներով, գ) գաւառապաշտներէն որոնք, գուցէ ճնշումին տակը գրաքննութեան, կը շեղին կեանքին վերարտադրումէն (Թլկատինցին) եւ կը կարծեն՝ բառերու վրայ մտածել երբ կը ճամարտակեն։ Յովհաննէս Յարութիւնեանը (Թլկատինցի) մեծ գրագէտ մըն է ու կը պահէ բացառիկ բախտաւորութիւն մը Հայաստանէն հեռացած չըլլալու: Բայց իր հայեացքը մեր ժողովուրդին վրայ տխուր ըլլալէ անդին, ծանրաբեռն է խոր հեգնութեամբ մը։ Բողոքականներ, ժխտական մարդեր, զեղծումի հերոսներ կը գրաւեն կարաւանը իր մարդոց: Հրանդի մարդերը, անշուշտ աւելի դժբախտ, չեն խեղաթիւրուած սա կանխակալ հոգեբանութեամբ: Ցամաք, ճիշդ, անհրաժեշտ նայուածքն է անորը որ իրերուն վրայ կ՚իյնայ, Աստուծոյ արեւին նման, կ՚առնէ անոնց թնճուկը, ամբողջ ու հարազատ։ Համե՛ստ, ի հարկէ, ինչպէս է ըլլալ պարտքը բոլոր փորագրութեանց։ Պէտք է գոհանալ տրուածով ու չպահանջել գեղացի սա արուեստագէտէն կատարելութիւնը գործիքներու որոնք մեծ ճարտարարուեստներու մէջ միայն տեղ ու դեր ունին։

Զ. Ժուժկալութիւն: Ի՛նչ որ շնորհուեցաւ շատ քիչ գրագէտի, իր սերունդէն (նկատի ունիմ եւրոպական մշակոյթէ մը չանցնողները), բախտ մըն է հաստատել զայն Հրանդի մօտ: Դրէք զինքը իր պատանութեան անխնայ ռոմանթիզմին մէջ։ Հետեւեցէք անոր Արփիարեանով ոճի ելած սանձարձակութեան ակօսներէն։ Տեսէք զայն վերջապէս մեր յեղափոխաշունչ հռետորութեան լայն պողոտաներուն վրայ։ Եղած է երեքին ալ հետ, մնալու համար կծծի, ժուժկալ գրագէտը, մտքովը ինչպէս աչքովը, սրտովը ինչպէս բառերովը։ Ինչ որ ուրիշներու կեանքին մէջ էջերով ընդլայնում ու զեղում դառնար պիտի, անոր մօտ կը վերածուի քանի մը տողի։ Անոր ամէն մէկ քրոնիկը վիպակի մը սղումն է բայց ամբողջ, տալով մեզի այնքան զգացում որքան պիտի առնէինք 20-30 էջերէ։ Չշփոթել ասիկա հակադիր մեղքին որ իմացական աղքատութիւն է առաւելապէս։ Խմբագրական ոճ, թղթակցութիւն, հանդիսապատում, գիտական չորութիւն, հաստատ, ուղիղ տրամաբանական գրուածք բոլորը կ՚իյնան այս տարազին տակ։ Մնաց որ իրապաշտ ճիգին ամենէն փառաւոր կողմերէն մէկն է արդէն զգաստ, ժուժկալ ոճը, տարուած գուցէ տարապայման խստութեան, որով բացատրելի դառնային նոյն ատեն իբրեւ բանակ դժբախտ նիհարութիւններ, Բաշալեանի, Կամսարականի, Սիպիլի եւ Հրանդ Ասատուրի մեզի ձգած ժառանգութիւնը պատմող։ Անշուշտ որակը կը փրկէ այս նուազումը, բայց չի փոխեր։

Է. Երեւակայութեան պակասը, որ հոմանիշ է աղէտի երբ վիպասանի մը, բանաստեղծի մը համար արտասանուի, բայց որ առաւելութիւն, արժանիք կը կազմէ Հրանդի մօտ։ Զգայնութեան յորդութիւն մը մեծագոյն դարմանը պիտի ըլլար ու եղաւ, միջամտելու համար կեանքի վերարտադրման այնքան դժուար արուեստին։ Անոնք որ պիտի տարուին իրենց երեւակայութեան բռնութենէն (Չօպանեան, Ռաֆֆի, Ծերենց, Սիամանթօ, Վարուժան, Ալիշան, Դուրեան), պարտաւոր են խիստ կարգապահական եղանակներ որդեգրել, սանձելու համար փորձանաւոր այդ ուժին հակումները, որպէսզի չհեռանան մեր սահմաններէն։ Փակագիծի մէջ առնուած վերի անուններէն շատերը պարտուած են յաճախ անկէ։ Ու իրենց գործին մէջ այսօր մեզի չխօսող մասը գրուած է, ապահովաբար, այդ շունչին տակ։ Հրանդի համար ակներեւ էր վտանգը։ Քրոնիկներով փրկուած կեանքը պիտի լայննար, վրայ տալով խորքէն ու մենք պիտի ունենայինք Փափազեաններու, Ռաֆֆիներու, Լէօներու ռոմանթիք կառուցումները, որոնք իրենց ծանծաղութեան մեղքը կը պարտին իրենց երեւակայութեան արագաթռիչ հոսանքներուն: Հրանդի կտորները հազիւ կ՚անցնին 10-15 էջնոց շրջանակ մը, զոր լիուլի լեցնելու, տաքցնելու, ապրեցնելու կը բաւեն իր ջիղերը, իր ապրածները, իր երկու հզօրագոյն զգայարանքները, աչքը եւ մորթը որոնք տեսան ու առին իրենց ցանցերուն վրայ, ամենօրեայ յաճախանքով, կծկումներով կեանքին հեղումները։ Երեւակայութիւնը՝ այնքան անհրաժեշտ մեծ կառուցումներու ատեն, վնասակար բեռ մը, զառածման մեծ ազդակ մը պիտի ըլլար անոր քրոնիկներուն վրայ: Եղան մարդեր որ շեղեցան։ Վկայ Սրուանձտեանցը որ չկրցաւ ազատագրել իր զգայնութիւնը պատմական երեւակայութենէն եւ չկրցաւ պտտիլ մեր երկիրը, առանց յաճախուելու մեր գիրքերէն վրան խուժող մարդոց երամէն, որոնք այդ վայրերուն արդէն եղերափառ հրապոյրին ու թախիծին վրայ իրենց շուքերը աւելցնելու թատերականութիւնը չէին ըմբռներ ու կը խառնուէին անոր զգայութիւններուն հանդէսին, ինքնակոչ որքան միամիտ ու սրտառուչ, բայց առանց ոգեկոչական առաքինութիւններէ պաշտպանուելու։ Վկայ Ալիշանը որ նոյն այդ տեղերուն վրայ կէս դար ապրեցուց իր մեծ իմացականութիւնը ու մեծ սիրտը, բայց կքեցաւ շեղջին տակը անուններու, թիւերու, պատմական բառերու եւ ցուցակներու, տունկերու եւ քարերու հաւաքածոներուն ու փախցուց առիթներ այնքան յուզիչ, իր երեւակայութիւնը ազատագրելու այդ կապանքներէն, բարձրանալու համար քանի մը հսկայ գեղեցկութեանց մտատեսիլին: Այդ տեղերը միայն անուններ չէին։ Էին նաեւ մարդկային մեծ արարքներու թատերաբեմ։ Կարդացէք իր Սիսականը, Այրարատը, Սիսուանը, գիրքեր որոնց մէջ ամէն տողի կը պայքարին զառածող երեւակայութիւնը եւ արդար խռովքը, մեր արիւնին ձայնովը մեր հոգիին խորը եփ ելած, բայց կը վերջանան անփառունակ յաղթանակով առաջինին։

Նկարագիրներու սա արագ սողանցը, անշուշտ անբաւարար Հրանդի գործին խոր ազդեցութիւնը բացատրելու, բարիքը ունի սակայն առաջնորդելու իր ոճին հասկացողութեան։ Այդ տարրերու համադրումովը միայն կարելի պիտի ըլլար արտայայտու եան այն կերպը որ անոր ստեղծագործական էջերուն վրայ կը բացուի, պարզ ու բարի, անաղմուկ ու տաք, խոր ու անսեթեւեթ, իրաւ ու ժուժկալ: Վերադիրներու այս շարքը բեռ մը չէ սա տողերուն վրայ։ Նայեցէք անոնց ծածկած զգայութիւններուն, քիչ մը աւելի ուշադիր։ Ու պիտի տեսնէք որ անոնք տարազներ են որ մեր ժողովուրդին զգայնութեան կողմերը կրնան պիտակել: Ոչ մէկ չափազանցութիւն։ Հրանդ գիրքերու գործաւոր, բառերու ոսկերիչ գրագէտ մը չէ, կազմուած միս մինակը, ճիգով եւ համբերութեամբ, ինչպէս կ՚ըլլան առհասարակ միջակ տաղանդի աշխատաւորները։ Անիկա մեծ տառապանքի մը ծոցին նետուած հունտն է որ կը սնանի անոր յարաճուն կսկիծին մէջը, տարուէ տարի դառնանալով, հասակին հետ ծծելով աւելի յուզում, աւելի արցունք քանի որ ճակատագիրը անընդհատ կ՚արծարծէ արիւնին այդ հրդեհը, իր եղբայրներուն անհուն հոգեւարքին վրայ ու իր վրայ: Ասիկա պաշտպանուիլն է իր նիւթէն։ Ասիկա աճիլն է իր զգայարանքներէն: Ասիկա մղուիլն է իր ցեղին հոգիէն։ Ասիկա հայեցի ոճին խորհուրդը կենդանի պահելն է իր անարուեստ կազմին խորը։

Այդ ոճը աւելի լաւ զանազանելու համար դրէք իր ծագման շրջանակին։ Այն ատեն անիկա չըլլար անկնիք, անգոյն, ներքին գործիքը որ մինչեւ իրապաշտները իրացեալ տարազ մը, պարտադիր կաղապար մը դարձած էր մեր լրագրութեան մէջ։ Մատթէոս Մամուրեանի խմբագրականները, Ռէթէոս Պէրպէրեանի քրոնիկները (գլխաւորաբար Մարդիկ եւ Իրք ), յապաղած ռոմանթիքներէ այնքան հեշտախառն պատկառանքով գործածուած որձեւէգ բարբառը որ կը սպաննէ մեր քերթողութեան այնքան սրտաբուխ, առողջ, կենդանի սլացքը (Դուրեան), Քէչեանի հաստախարիսխ, ու գեղջուկ եղանակը՝ մտքի արդիւնքները պարզելու, գրահաշուելու, կամ Եղիայի նրբամարմին, երանգառատ, բայց հիւծախտաւոր, անարիւն, ազազուն խաղերը [17] բառերու կռնակէն, որոնք իրենք իրենց կ՚ապրին, տողէն ու իմաստէն երբեմն հիմնովին անկախ նմոյշներ են այդ հաստ, անգեղեայ, արուեստի զգայարանքէն պարպուած արտայայտութեան։ Հասարակաց սա գրչութիւնը պիտի սարսի իրապաշտներուն հարուածներէն բայց պիտի մնայ իր դիրքերուն վրայ մինչեւ 1890 ու անկէ անդին ալ: Հայրենիք ի հիմնարկութիւնը անկիւնադարձ մըն է, շատ աւելի վճռական քան վեց տարի առաջուան Արեւելք ի հրատարակումը։

Արփիարով խմբագրուած Մասիս ին մէջ ինքզինքը կազմակերպած այդ ոճը, մօտէն պիտի կրէ ազդեցութիւնը այն տաղանդներուն որոնք իրապաշտ փաղանգին փառքը եղան։ Հետզհետէ կաղապարը պիտի խարխլի լրագրական ոճին: Անիկա տեղի տուած է արդէն Կամսարականի, Բաշալեանի խղճմտանքին որ բարոյական բառ մը չէ հոս, այլ պատկեր մը` բացատրող տեսակ մը պաշտամունք գիրին աստուածութեան հանդէպ, այս երկու երիտասարդ հեղինակներուն մօտ։ Պիտի պակսի դարձեալ Զօհրապի կամ Չօպանեանի գունավառ, ճկուն, շնորհաշարժ հրթիռներէն: Հրանդին մէջ նորոգուած, անճանաչելի բան մըն ալ: Սկիզբները, Հրանդին մէջ, անիկա որոշ տարրեր կը պարունակէ, անխուսափելի գրաբարէն փակած իր թեւերուն: Իր միջինքին՝ անիկա իրեն վայելող հաստատ կերպարանք մըն է արդէն, որով մեր մտքին մէջ կը մնան պատմուճանուած անոր մեծագոյն յաղթանակները, Պանդուխտի Կեանքէն ը եւ յիշողութիւնները։ Մահուընէն քանի մը տարի առաջ, այդ ոճը պիտի ստանայ նորոգ երիտասարդութիւն, պատրելու աստիճան ուշադիր հետազօտիչը անգամ [18]: Առնուազն երկու սերունդի համար հարազատ թուող այդ արտայայտութիւնը արուեստագէտ սերունդը չհերքեց իրապաշտներուն զգայնութիւնը ոճին հարցին հանդէպ, զայն ճոխացուց Հրանդին մօտ կ՚այլանայ, կ՚անձնանայ, իւրայատուկ շնորհով մըն ալ: Սխալ պիտի չըլլար զայն ընդունիլ միջին տարազ այն երկու մեծ ճիգերուն որոնք արեւմտահայ գրականութեան մէջ յաւակնութիւնը պաշտպանեցին մեր ժողովուրդին կեանքը պատմելու: Խրիմեան–Սրուանձտեանց տարազը իրմով կը ճարմանդուի Թլկատինցի–Զարդարեան տարազին։

Պարզ է Հրանդի ոճը, ինչպէս կեանքը ուրկէ վերցուած է անիկա, եւ աշխարհը՝ որուն կ՚ուղղուի: Պանդուխտները բան պիտի չհասկնային նազելաճեմ սուրացող զեփիւռերգութիւններէն: Հաղորդական է անիկա, առանց կամաւոր թացիկութեանը երկու հայրենագիր եպիսկոպոսներուն որոնց համար գրելը լալ է կամ հառաչել ազգային արժէքներու ստուերներուն ետեւէն։ Հայեցի է անիկա, առանց՝ Զարդարեանի խնամուած, փնտռուած ցամաքութեան (սկզբնական հէքեաթներուն Զարդարեանը եւ ոչ թէ ոճի բանուոր երկրորդ շրջանի Զարդարեանը), եւ կամ Մշոյ Գեղամին գաւառացիութեան որ նպատակ մը եւ կերպարանք մը կ՚ըլլայ, նիւթէն վեր ու դուրս, այս պատուական երիտասարդին փոքր ուղեղին [19] համար։ Սեղմ ու արագ: Գունատ ու ժուժկալ ։ Խիտ ու, տեղ տեղ՝ խորութեան զգայութիւն մըն ալ թելադրող ։

Հայեցի գրողներու խումբէն անիկա ունեցաւ ամենէն հարազատ ոճը։ Զերծ է այդ ոճը հարկադրեալ, հեշտախռով այն թափթփվածութենէ, որով վիրաւոր են գործերը Խրիմեանի եւ Սրուանձտեանցի, որոնք այդ անխնամութիւնը շիջուած արժանիքի վերածելու չափ միամիտ եղան։ Զերծ է այդ ոճը Արփիարեանի աւելորդ, շահախնդիր, շուկայիկ ընտանութենէն որ ընթերցողին համակրանքը, հաւանութիւնը կը հետապնդէ այնքան գաղտ ռազմավարութեամբ եւ որ կը հարուածէ զինքը աջմէն անգամ որ ճշմարիտ ներշնչումը կամ սրամտութիւնը պակսին իրեն։ Շփման մէջ ըլլալով արուեստագէտ սերունդին առաջին մեծ փորձերուն [20] հետ, անիկա ազդուեցաւ, առանց գիտնալու, դպրոցին գերագոյն մտահոգութեան։ Իր օրերուն վախճանին, անիկա արդէն ճարած է արտայայտութիւն մը որ յետսահմանադրական սերունդինը ըլլալու չափ, իրն ալ է: Այրի ին ( Ազատամարտ ի յաւելուածին մէջ) ընթերցումը դժուար է զատել այն զգայութենէն զոր Զարդարեանի կամ Սուրէն Պարթեւեանի յօդուածները կ՚արթնցնեն։

 

***

Ամփոփելու համար։

Բազմակողմանի չեղաւ իր դէմքը Արփիարեանի, Չօպանեանի, Զօհրապի համեմատութեամբը: Բայց եղաւ տարօրէն պայծառ, իր մէկ կողմին վրայ համադրելով անմոռանալի շնորհը հարազատ, զտարիւն, պարզ ու մեծ գրագէտի մը։ Այդ դէմքը ամբողջութեամբ կը զետեղուի իր անունէն ա՛լ անբաժան գրական փոքր բայց կատարեալ սեռի մը որ քրոնիկն է, իր ձեւով տրուածը։ (Չշփոթել ասիկա մեր գրականութեան մէջ ընթացիկ կերպին հետ յօդուածին

Անշուշտ կատարեալ, մեծ, տիրական գրագէտ մը պայմանող ամուր, ընդարձակ յատկութիւններ պակսեցան իրեն, որոնք դարագլուխ կը բանան, աշխարհներ կը սկսին։ Չեմ մեղադրեր զինքը որ չկրցաւ համադրել իր ժամանակը ու մեզի կտակել մեր հասարակութեան համապարփակ տեսարանը, ինչպէս եղած է ատիկա աղօտակի Ռաֆֆիի եւ Շիրվանզադէի ժառանգութեանց մէջ։ Դարձեալ չունիմ մեղադրանք այն մասնակի տկարութեան համար ալ որ կը վիրաւորէ իր « մասնաւորած » աշխարհը: Պանդուխտներու կարաւանը դժբախտ է ամէն կարաւանի անխուսափելի դժբախտութեամբը։ Անիկա չունի անձնաւորութիւն, կարկառ ու կնիք, նկարագիրներ որոնք անհրաժեշտ են արուեստի մեծ գործերուն մէջ։ Անշուշտ շքեղ, թելադրական է անցքը, մշուշին ու արիւնին, ցաւին ու արցունքին ընդմէջէն, դիւցազներգական գնացքի մը վայել գեղեցկութեամբ ու խռովքով։ Բայց այդքան։ Անշուշտ կարաւանէն կ՚ուրուագծուին ցեղային կողմեր, քիչ մը դիմագոյն, քիչ մը ձայն, շեշտ։ Բայց այսքան։ Ցեղը իր բոլոր խորքին ընդմէջէն վերբերող մարդեր չէ տուած անիկա։ Տիպարը չէ նուաճուած իրմէն։ Այդ վրիպանքը ցաւ մըն է ինծի համար: Իր մեծ տաղանդը անիկա կոտորակեց լրագրին սիւնակներուն անողոք ճարտարապետութեանը զոհելով այդ տաղանդին գեղեցկագոյն շնորհները, անսովոր յուզականութիւնը, հարազատ հայութիւնը, խոր մարդկայնութիւնը, անսեթեւեթ համակրանքը հանդէպ զրկուածին, տառապանքին, իրաւին, ու ինչո՞ւ չըսել՝ բարիին։ Քրոնիկը որ անոր անունը պիտի փրկէ ժամանակէն, անոր մեծագոյն թշնամին եղաւ:

Իրմով իր լրումին կը հասնի հայեցի շարժումին առողջ հասակը մեր գրականութեան մէջ։ Անկէ առաջը ծանօթ է այս էջերուն: Անկէ յետոյ Թլկատինցին պիտի ընդլայնէ պարունակը բայց պիտի չգերազանցէ Հրանդի զգայնութիւնը: Զարդարեան իր վիպակներուն մէջ պիտի փորձէ ոճի բարձրացնել զայն։ Աւելի ետքի օրերուն Համաստեղ պիտի չազատագրուի գաւառացի, անջատող հոգեբանութենէն։

Ինչ որ իբրեւ կեանք սեւեռուած է իրմով, թանկագին է մեզի այսօր: Ի՞նչ փոյթ անոր հատուածական, մասնակի կազմը: Եթէ տիկին Սիպիլի գործը վերցնենք արեւմտահայ բանաստեղծութենէն, ինչպէս Արտաշէս Յարութիւնեանի, Արշակ Չօպանեանի քերթողական ժառանգութիւնները, կամ Եղիայի, Չերազի, Պէրպէրեանի գործերուն այն մասը, որ քրոնիկի նկարագիրներ ունի, մեր գրականութիւնը չունի տուժելիք: Վնասը, անշուշտ վնաս, փոքր եւ դարմանելի պիտի ըլլար: Վերցուցէք Պանդուխտներու Կեանքէն ը։ Կորուստը անփոխարինելի է:

Տուա՞ծ եղայ իր տեղը մեր գրականութեան մէջ։

 


 



[1]        Վտանգաւոր այս տարազը կը գործածեմ պայծառ գիտակցութեամբ մը։ Նոր չէ որ գրագէտը մարդն է աշխարհի մը։ Խրիմեան, Սրուանձտեանց, Թլկատինցի, Զարդարեան։ Առաջին երկուքին մէջ գրագէտը վիրաւոր է ծանր մեղքերով, արդիւնք՝ ծնունդի անբաւականութեան։ Վերջին երկուքը շատ տրտում պայմաններէ զարնուածներ են, իրենց տաղանդին ազատագրումը չիրագործելու աստիճան, մէկը, Թլկատինցին, կեանքէն կը վախնայ, լրագրական հետաքրքրութիւններու կռնակը նստելով՝ միւսը, Զարդարեան, նոյն այդ վախով կը տառապի, ու բանաստեղծական մշուշ մը կը պտտցնէ իր եւ կեանքին ընդմէջ։ Ո՞վ, ասոնցմէ դուրս, որ լրացնէր պայմանները, մեր մէջ, ազգային գրագէտի։ Կ՚ընդունիմ ամբողջ դժբախտութիւնը որ ոճի չելած, չբիւրեղացած գործերը կը հարուածէ, ինչպէս ըրած է արդէն Հրանդին համար: Բայց ատկէ անկախաբար, ո՞ւր փնտռել ցեղագոյն ապրումներ, որոնք մեզ խռովէին իր ու մեր օրերուն։ Պոլիսը քանի մը հարիւր տարին է մեր ժողովուրդին կոտորակներուն, որոնք, հարկադրաբար, պիտի մտնէին նոր ոլորտի մը այլայլումին մէջ։ Այս ծանօթութիւնը չի յաւակնիր լուծել բարդ հարցը զոր երբեմն կը նետենք հրապարակ պոլսահայ գրական ճիգը դատելու փորձին մէջ, երբ կը շուարինք արդար կարենալ ըլլալու, մաքրափառ ու մեծ տաղանդներու առջեւ: Պետրոս Դուրեան, Միսաք Մեծարենց, Վարուժան, Չրաքեան, Զապէլ Եսայեան, Թէքէեան եւ ուրիշ նոյնքան արժանաւորներ, ո՞ր ժողովուրդին արտայայտութիւնն են։ Անո՞ր, որուն ամպարագիծ տառապանքը մշուշի մը պէս կը զգացուի Հրանդի գործերէն, թէ անոր որուն տարերկրեայ ապրումները, զգայնութիւնը այնքան ալեծփիկ նրբութիւններու ընդմէջէն կը ծիածանուին ըլլալու համար Նոր Տաղեր կամ Ներաշխարհ, գիրքե՛ր՝ զորս պիտի կրնային ստորագրել աշխարհի որեւէ մէկ մասէն երջանկագոյն կամ թշուառագոյն կախարդները ձայնին, գոյնին ու բանին։ Չեմ տարածեր վէճը, ճամբայ բանալու համար անիրական ընդհանրացումներու, որոնց համեմատ արուեստի գործերուն մեծութիւնը պայմանաւոր է համամարդկային տարրերու կշիռովը։ Մեր գրականութիւնը մեր ժողուրդին գրականութիւնն է եւ սոփեստութիւն է անոր չմտածածը գտնել ու դնել յաւակնիլ անոր գաղափարաբանութեանը մէջ։ Մարդերէն վեր արուեստ մը կայ անշուշտ գիրքերու մէջ։ Ի՞նչ է արուեստը պարսաւին հեղինակը . Թոլսթոյ) ինքզինքը հերքելու պատիժը շատ ուղի է ձգած, այն օրերուն, երբ այլեւս արուեստը չորցած էր իր մէջ, վերածուելու համար սնամէջ տարազի։

[2]        Իր քրոնիկները, պանդուխտներու կեանքէն գրեթէ քաղաքական արարքներ էին, հազարներու հոգին դղրդող, զանոնք ստորագրողին անձին համեստութեան ու պարզութեան հակառակ՝ Պոլսոյ մեր գրագէտները չեն հանդիպած արժէքի այս խտութեան, անգիտակից բայց անհերքելի զոր մեր այդ օրերու հասարակութիւնը չսակարկեց իրեն։ Խրիմեանի, Վարժապետեանի քարոզները միայն հասած են Հրանդի ստեղծած հոծ յուզումներուն։ Ռաֆֆիէն յետոյ երկրորդ դէմքն է որ ինքզինքը ըլլայ կարդացուցած, բռնի ու խելայեղ թափի մը մէջ պահելով հասարակութիւնը: Արփիարեան, իր թրքահայ գրականութեան վրայ նշմարին մէջ ( Բանբեր ) շատ յստակ տողեր ունի Հրանդի վարկը արժեւորող։

[3]        Ընդհանուր գաղափարը որմէ կը մեկնիմ, բարատոքս մը չէ։ Չորս հինգ հոգի միայն մեր գրականութիւնը ունի գաւառական ծագումով։ Երկուքը կրօնաւոր, առանց գրական բարձր կամքի որ տաղանդը չի հերքեր հոս, բայց կը բացատրէ Խրիմեանի եւ Սրուանձտեանցի գործին խակ նկարագիրը։ Թլկատինցին շատ վարժապետ է ապրած եւ մտիկ ըրած մեր մամուլին պահանջներուն։ Զարդարեան վրիպած վիպող մը մնաց, մեծ բանաստեղծի զգայնութիւն մը տանել խրելու համար քաղաքական մօրուտքին։ Չեմ կրնար զբաղիլ Գեղամով (Մշոյ Գեղամ), պարզ այն պատճառով որ գրագէտի հասկացողութիւն մը իր միտքին արգիլուած բարիք մը եղաւ։ Եւ սակայն այս մարդերն էին որ իրենց կաթին հետ ծծեցին մեր երկրին աղին ու լեղին, շաքարն ու շարպաթր ու մեծցան կախարդ այդ աշխարհին ծոցը, ծուէն առ ծուէն հիւսելով իրենց միսերը, ինչպէս իրենց զգայնութիւնը, ամենէն ահաւոր ողբերգութեան մը դաշտին վրայ։ Տառապանքը այն միակ գիտութիւնն է զոր պարտաւոր ենք սորվիլ անձնապէս։ Հրանդ մասնագէտ մը չէր անշուշտ այդ դժբախտ գիտութեան, բայց մէկն էր այն շատ քիչերէն որոնց ուղեղն ու սիրտին կարասը բռնուեցան արցունքին անձրեւին դէմ որ մեր պապերուն աչքերը բռնեց մեր հողերուն վրայ, մեզ ընելով անկարելի բաներ, մեր դարերու քաղաքակրթութեան բեմին, երբ մեզ կը մորթէ իմ աչքին առջեւը մեծ ժողովուրդներու դեսպաններուն։ Այս ողբերգութիւնը ա՛լ չի մոռցուիր: Հրանդի դէմքին կազմութիւնը պիտի շահագործէր բոլոր տարրերը որոնցմով կը մտապատկերուի մեր ժողովուրդը, բուն իսկ Հայաստանի սիրտին մէջ։ Մուշը, Կարինը, Վանը, Ծոփաց աշխարհը յատուկ անուններ չեն, այլ անվերածելի յղացքներ, ամէն մէկը մեր ժողովուրդին մէկ կողմը բիւրեղացուցած։

[4]        Ուշագրաւ է որ Ռաֆֆիի գրական վաստակին վերագնահատումը յարգանքի բացառիկ յիշատակութեամբ մը զբաղի անոր գործին այն մասովը ուր անձնական այս տարրը նախանիւթ կը մնայ։ Կայծերը, Ոսկի Աքաղաղ ը որոնց մէջ արեւելահայ մեծ վիպողը լայն չափերով նետած է իր մանկական ու պատանեկան զգայութիւնները, դառնան իրենց գերազանց դիրքին, բաղդատմամբ Սամուէլ ի, ու Խենթը, ատեն մը գլուխ-գործոցի հովով պտտած ամբոխներուն հիացումին մէջ։ Նոյնիսկ Խաչագողի Յիշատակարանը, հակառակ թերթօնակերտ իր մեղքին, մեզ կը կապէ, պարզ այն զգայութեանց ձգողութեամբը որոնք անձին հեղումը կը մնան։ Շիրուանզադէի ցանուցիր նշմարները, հաւանաբար այլափոխուած, իր վէպերուն մէջ ձգուած են տարրալոյծ։ Անշուշտ երկուքին գործէն ալ թէեւ դժուար բայց կարելի՝ վերակազմե՛լը 1850ի եւ 1860ի պատանիներուն հոգեբանութիւն մը որ տարազէր ընդհանուր միջին մը։ Ահարոնեանի գործին այն մասը ( Իմ Գիրքը ) որ կը համապատասխանէ հոս նկատի առնուած հանգամանքներուն, դժբախտաբար չէ կատարուած բաւարար անկեղծութեամբ, հանդարտութեամբ, ու կը մնայ վիրաւոր իր ծանր ռոմանթիզմովը, կասկածի տակ ձգելու աստիճան պատմումին վաւերականութիւնը։ Ուրի՞շ: Դիտեցիք հարկաւ որ անունները կուգան արեւելահայ գրագէտներէն որոնց արժէքը այս գետնին վրայ գերազանց է, չբաղդատուելու գինով արեւմտահայ մեծ դէմքերուն։ Իբր ամբողջ ու լուրջ ձեռնարկ, երկու գրականութեանց մէջ Ահարոնեանի տուածը կը մնայ առանձին, իր բոլոր մեղքերով իսկ արժանի յարգանքի։ Պոլսեցինե՞րը։ Բայց անոնք ա՞չք ունէին բանալու զեփիւռէն ու լուսնակէն, որպէսզի յօժարէին սանկ տեղ մը ետ նայիլ, տեսնելու համար ինչ ոսկեճամուկ կտաւ էր որ կը կռուէր իրենց պատանութեան գօտիներուն։ Ու յիշել որ Տիքընզի գործին, Տոտէի գործին ամենէն սրտայոյզ մասերը կուգան իրենց պատանութենէն։

[5]        1914ի ձմրան, ունեցայ վերջին իր հանդիպումը. Չեմ խօսիր քաղաքական անձուկէն որուն հեռազգացումը ամենէն ամուր տրուեցաւ իրեն։ Անիկա կեցուց գիրքի մը վրայ իր նայուածքը զոր մշտական սուգ մը կ՚ընէր արտասուախառն եւ ուր նոյն ատեն ժպիտի մը թեւը կը թուէր թրթռալ: Զգացի այդ տարօրինակութիւնը բայց չհասկցայ։ Հիմա միայն կը փորձեմ երեւոյթը ընդհանրացնել ու ըսել իմաստը այն անանուն բանին որ մեզ բոլորս ալ կ՚ընէ այսպէս, կազմելով մեր զգացական աշխարհին երկու հզօր երեսները (մեր երգը եւ պարը, մեր երաժշտութիւնն ու ճարտարապետութիւնը կուլան որքան կը թրթռան)։ Գիրքը նոր օրերու ոգիով ճիղճ քերթողական մը կը պաշտպանէր, Պոլիսին բոլոր թշուառ ու հեւքոտ թացութիւնները ոճի հանող: Իմ գրական հակումները պարզ էին իրեն։ Յետոյ դրաւ բեռնակրի մը ափին չափ բաց ու բարի իր թաթը ուսիս, մինչ միւս ձեռքով խլած էր արդէն գրքոյկը ձեռքէս ու բզկտած, ակնթարթային արագութեամբ։ Թռան գիրքին թերթերը հովէն։ « Մինչեւ ճէհէննէմ » պոռաց դժբախտ քերթուածներուն ետեւէն։ Դէմ էր, ինձմէ աւելի, այդ նրբամազ, պատկերապաշտ, բառամոլ խաղարկութեան որուն ոսկեդարը կ՚իյնայ այս դարու առաջին տասնամեակին։ Յետոյ քալեցինք: Չէր յոգներ հսկայ իր կուրծքը զառիվերէն ( եիւքսէք-գալտըրըմ ) որպէսզի վայրկեան մը կտրէր թելը իր խօսքին. ամբողջ աւաչ, անէծք, հայհոյութիւն այդ իգութեանց դէմ։ Նոր բաներ չէին իր ըսածները: Բայց զիս անգամ մըն ալ կը հաստատէին իմ հակակրութեանց եւ համակրութեանցս մէջ։ Ու պայծառ կերպով զգացի որ իր ու իմ հոգին թէեւ տարբեր խտութիւններու եւ ճնշումներու ենթարկուած, կը միանային իրարու կէտի մը մէջ. ատիկա գնահատումն էր մեր ժողովուրդի խոր, իրաւ, մեծ կեանքին։ Չեմ գրեր հոս իր բառերը իմ պատմած կեանքերուն մասին։ Բայց կ՚արձանագրեմ իմ տպաւորութիւնը ուր առաջին գիծի կուգայ Հրանդի հայեցի, ողջամիտ, հարազատ շնորհը։ Քառորդ դար յետոյ, իր դէմքը կազմելու համար երբ կրկին կը կարդամ զինքը, ուրախ եմ յայտնելու որ այդ տպաւորութիւնը կը մնայ անայլայլ, միայն անդարման կորուստին կսկիծովը պղտորած իմ մէջ։

[6]        Կրնաք կարդալ, համոզուելու համար այս դժբախտութեան, Մինաս Չերազի մէկ պատկերը նուիրուած Խասգիւղի մէջ, նման տօնահանդէսի մը, ուր նշանաւոր տրիբունը ամբոխին զգայութիւնը կը յաւակնի տալ, ընտրելով անկէ մարդ մը եւ զայն շինելով դուրսի գոյներով, բայց մանաւանդ տալով անոր հոգի մը որ ընտրողական աշխարհաբարին հաւատարիմ հետեւորդ, կը խօսի ու կը գործէ Պոլսեցիի մը պէս։

[7]        Պատերազմէն ասդին յուշերու ձեւով ամբողջ գրականութիւն մը երեւան եկաւ ուր դերակատարներ իրենց տպաւորութիւնները, հոգեվիճակը կ՚արտայայտեն անհաւատալի տկարութեանց, թեթեւութեանց հետ մեզի տալով մեծութեան ալ փաստեր։ Այս ամբողջը իր անկապակից, անծրագիր, անհեռատես, անխորհուրդ հանգամանքներովը մեզ կը վիրաւորէ այսօր. մեզ, որ վտանգի գօտիէն դուրս, գրասեղանի վրայ, քարտէսներով ու մատիտով կը յաւակնինք չափել այդ ժամանակները։ Դատողութիւնը, տրամաբանութիւնը կը զայրանան անխելքութեան այս աստիճանին, ինչպէս միշտ ալ կը զայրանան անոնք « ի սկզբանէ աշխարհի » երբ չեն յաջողիր հասկնալ հսկայ այդ յիմարութիւնները: Ուրիշ կերպ չդատեցին հեթանոս իմաստասէրները Նազովրեցիով սկսուած շարժումը։ Ուրիշ կերպ չեն դատեր այսօր ժողովրդավար իմաստունները այն շարժումները որոնք Եւրոպան կը յեղաշրջեն երբ կէս հարիւրէ աւելի միլիոններու կամքը կը տեսնեն անձնատուր եղած հասարակ ներկարարներու ափին։ Այսպէս է նկարագիրը բոլոր տարերային շարժումներուն: Իրենց յաղթանակն է որ կը մաքրէ զիրենք: Մեր շարժումին մեղքը իր սկսուածքին յիմարութեան մէջը չէ, այլ վախճանին աղէտին մէջ։

[8]        Ցայգալոյս ը գրագէտի մը գործին անունը չէ միայն, կամ անոր երեւակայութեան մէկ գեղեցիկ գիւտը, այլ սերունդի մը հոգեկան ոլորտը: Սերունդ՝ որուն ապրիլը անգամ արգելքի տակ ինկաւ, ո՜ւր մնաց ստեղծագործելը։

[9]        Տխուր, անվայել, անուանարկիչ որքան անարդար դատաստաններ, դիմանկարներ չպակսեցան սակայն մեզի, մանաւանդ պայքարի տենդը երբ կը վարագուրէ մեր գրողներուն ողջմտութիւնը եւ երբ անձնականութիւնը, ասիական բրտութիւնը կրկէս կը հանենք այնքան սրտեռանդն փոյթով։ Արփիարեանի դէմ այդ վաւերաթուղթին չափ ու աւելի մեղաւոր է սակայն Արշակ Չօպանեանի քանի մը սիւնակ հայհոյանքը, Անահիտ ի մէջ, ուր մեր գրականութեան ամենէն մեծ դէմքերէն մէկը կը ձաղկուի, կ՚ուրացուի անըմբռնելի թեթեւամտութեամբ մը որքան քինախնդիր հոգիով։ Այդ շատ դժբախտ լուտանքին մէջ Արշակ Չօպանեան չի տառապիր, խիղճին ու արուեստագէտի իր պարկեշտութեան վրայ քար, երկանաքար դնելով յայտարարելու որ մեղքընալո՛ւն տեղ է տուած Ծաղիկ հանդէսին մէջ (Պոլիս) Հրանդի այնքան յուզիչ մէկ երկու պատմումներուն, ստնտուներու կեանքէն որոնց հարազատութիւնը գէթ անգերազանցելի էր Ծաղիկ ի մէջ փորձուած ստեղծագործական բոլոր կտորներէն։ Չօպանեան խռօ մը կոչած է այդ մարդը: Վերնագիրը ոչ միայն անգութ է այլեւ ծիծաղելի, « անվճարելի » ձեւով մը, պիտի ըսէր գաղիացին։

[10]      Գրագէտի մեծ անուններ կը ներկայանան մտքիս։ Լամարթինի Առաջին Խորհրդածութիւններ ը, Հիւկոյի Թշուառներ ը, Sայսթայովսքիի Այսահարներ ը, ոչ անշուշտ իրենց արժէքներուն ամբողջ կշիռովը։ Ասիկա ծիծաղելի պիտի ըլլար։ Բայց մնալով մեր գրականութեան պարունակին, Ռաֆֆիէն դուրս չունիմ երկրորդ անուն մը որուն համար այս դժուար յաջողուածքը դուրս ըլլայ կասկածէ: Պարագայականէն մնայունին բարձրանալու ու երկուքին համար արժող մնալու բախտը մեր ո՞ր գրագէտին համար իրականութիւն եղաւ։ Օտեանի Ծապլվա՞րը ։ Բայց ծաղրանկար մը արուեստի նոյն տարողութիւնը չունի երբեք։ Պարոնեանին Ազգային Ջոջե՞րը: Վերապահումը կը տարածուի ասոր ալ։ Լրագրի պարզ յօդուածներ էին սակայն Հրանդի քրոնիկները, գրուած առանց յաւակնութեան, դրդիչ ունենալով զգացական լիութիւն մը ու այսքան։ Վերստին կարդացեք այդ էջերը: Մեր կորուստով աւելի թանկ դարձած արժէք մը չէ որ ձեզ կը խանդավառէ անոնց մէջ։ Այլ ամբողջ դասակարգ մը մարդոց վիզին ծանրացած ճակատագրին տապարը։ Այլ այդ մարդոց մէջ աննահանջ իրականութեամբ մը տեղաւորուած մեծ, վերջնական առաքինութեանց հանդէսը որ մերօրեայ պատրանաթափ ու ապաբարոյ հոգեբանութեան դիմաց այնքան հերոսական, ազնուական, գեղեցիկ կը դառնայ։ Միայն Սրուանձտեանցի մէկ երկու էջերը մեր մէջ կ՚արթնցնեն այդ կարգէ զգայնութիւն մը։ Ամբողջ արեւմտահայ գրականութիւնը այդ հարազատութեամբ, այդ հոգեյատակով ու այդքան վաւերագիծ յօրինուածքով գործ մը չէ ձգած մեզի։ Ոչ մեծութիւն, ոչ ալ բաղդատական հնարքներ կը թելադրեն իմ սա տողերը։ Անոնք պարզ հաստատումներ, խոստովանութիւններ են։

[11]      Այս յաղթանակը իր սերունդէն ոչ ոք իր բոլոր փառքին մէջ իրաւունք ունի հագնելու որքան Հրանդը։ Առողջ ու հաստատ ոճը որ Բաշալեանինն է, երբեմն Կամսարականին, ժամանակին հետ պիտի նրբանայ անշուշտ։ Նոր Կեանք ին մէջ Բաշալեանին գրուածքը նորոգուած է, թէեւ առանց վրայ տալու իր մայր նկարագիրը։ Կամսարական արդէն իր վէպէն յետոյ պիտի առնուի ոճի լլկանք որակուած խղճահարութեան մէջ որ պիտի չարչարէ զինքը, սպաննելու աստիճան իր մէջ հաւատաւոր, խանդուն, պարզ պատկերահանը կեանքին։ Սիպիլ պիտի շամանդաղնայ, հիմնովին փոշիի վերածուելու աստիճան իր կարգ մը քերթուածներուն մէջ։ Չօպանեան, մեծ մեղաւորը, գիրքերու հնաբոյր աշխարհին մէջ ապաստանելու ստիպուած է որպէսզի կեանքին հանդէպ կենալու, մաղելու (ձեւեր ու նրբութիւններ) ժամանակ ունենայ։ Հրանդ մինակն է որ տարիներուն հետ քալեց, առանց վրայ տալու գեղացիի իր առողջ զգայնութիւնը ինչպէս զայն արտայայտող իր կերպը։ Ճիշդ է, 1910ին ու 1914ին իր ոճին վրայ մենք կը հաստատենք կիրթ ճաշակ մը։ Բայց շատ քիչ խորքի տոյժով մը։

[12]      Շատ են այս դժբախտութեան պատճառները (դժբախտութիւն է կեանքը նկարելու տեղ զայն մանրանկարելու հարկադրուիլը), որոնք բոլորն ալ կը բխին մեր ժողովուրդին, մեր գրողներուն ենթարկուած բացառիկ պայմաններէն։ Միշտ աչքի առջեւ ունեցէք ահաւոր իրականութիւնը գրագէտը անկարող է գիրք գրել, գրաքննութենէն արգիլուած ըլլալուն երբ կը կարդաք մեր գրականութիւնը 1880էն մինչեւ 1908։ Գիրքը, բնակա՛ն աշխարհ բոլոր գրագէտներուն, մեզի համար արգիլուած գօտի մնաց, մասնաւորաբար այդ շրջանին։ Յետոյ մեր գերութի՛ւնը որ ուրիշ կապանք է, դրուած մեր միտքին, հոգիին, գրչին։ Ֆրանսացիներուն մէջ քրոնիկագիրը համեստ է իբր ձգտում եւ իրացում նոյն ատեն։ Քիչ անգամ մեծ տաղանդներ անոր սպասը պիտի ընեն (Պոտլէռ, Կօթիէ, Թէն եւ այլն)։ Մեր բախտէն, երբ մեծ արուեստը հալածանքի տակ էր, փոքր այս սեռը ընդլայնեց իր ախորժակները։ Գլուխ-գործո՞ց մը Պանդուխտի Կեանքէն ը։ Անտարակոյս։ Բայց ինչպէս է մանրանկար մը՝ մեծ նկարի մը կեանքին դիմաց։

[13]      Կեանքով բաբախուն, իրենց պարզութեան մէջ այլապէս յանկուցիչ սա կտորները չշփոթել մեծահամբաւ, կեղծ, ներկուած այն կտորներուն հետ որոնք 1890էն յետոյ մեր լրագիրները պիտի ողողեն, uանկ ու նանկ ոճաբանի մը, բառերու հետ խաղացողի մը քմայքները գոհացնելու կանչուած։ Ասկէ ուղիղ գիծով մենք կ՚իյնանք այլապէս անհանդուրժելի բառակոյտը արձակ քերթուածին ։ Կիներու մատներուն տակ անոնց ստացած հրեշայնութիւնը ձեզի կը ձգեմ երեւակայել։

[14]      Յուշերու գրականութիւն մը, յեղափոխական խողովակէ, իրաւ է թէ գոյութիւն ունի այսօր, մշակուած առաւելապէս Հայրենիք ամսագիրի մէջ, պատերազմէն յետոյ։ Անոնց պատմական կշիռը շատ բարձր գնահատելով հանդերձ, չեմ խանդավառուիր ընկերային իսկ արժէքով, քանի որ ոչ մէկ կազմակերպուած ծրագրով չեն ընթանար, որպէսզի սերունդ մը ետքը գոնէ ծառայէին մեր բարքերուն պատմութեան։ Լման ժողովուրդ մը կը ջնջուի արդէն մեր աչքերուն առջեւ ու մենք կ՚անգիտանանք աղէտը։ Ո՛վ որ մեր անցեալէն բարք, դէմք, նշխար կը փրկէ, նոյնիսկ հում, անարուեստ հաւաքման ձեւով, ծառայած կ՚ըլլայ այս ժողովուրդին, լաւագոյն ու լայնագոյն չափով մը: Մենք դատեցինք Սրուանձտեանցի ձեռնարկը, այս ոգիէն թելադրուած ու տուինք անոր բարձր որակ, ի հեճուկս իր բոլոր անկատարութեան։ Սրբազանով փրկուածը վեր է մեր գիներէն։

[15]      Իր գործե՞րը՝ որոնք պիտի չխօսին ռամիկին։ Ներաշխարհ, Նոր Տաղեր եւ այլն։ Ասոնց արժէքը պէտք է պայմանաւորել սակայն օր մը կարելի իմացական ամբոխի մը հեռանկարով։ Այսօր Ներաշխարհը աւելի քիչ կը տառապի մթութեան մեղքով մը ու կէս դար յետոյ այդ մեղքն ալ կեղեւաթափ պիտի իյնայ գործին վրայէն։ Մալարմէի եւ Վէրլէնի մթութիւնները որոնք անժողովրդականութեան համազօր են իրենց մահէն յետոյ, դադրած են ճնշել իրենց քերթուածներուն վրայ։

[16]      Իր Պանդուխտի Կեանքէն ը ունի նմոյշներ այդ երգերէն, անշուշտ անյաջող, քանի որ գրաբար ոտանաւոր գրելու մեղքը դիւրաւ չենք կրնար քաւել, բայց իբրեւ ձգտում՝ բաւական թելադրիչ։ Արեւելեան հէքիաթներուն մէջ յաճախադէպ այս կերպը կը յանձնեմ ձեր նկատառման։

[17]      1880ի Եղիան չի զատուիր կարաւանէն այն պարզ պատճառով որ ամէն ճակատի վրայ նիզակ ճօճելու պարտաւորուած այդ երիտասարդը կը գրէ այդ օրերուն գիրը, ընելով զիջումը իրեն յատուկ անփութութեամբ մը։ Դեռ չէ հակած անոր ջղային դրութիւնը դէպի ամէն գինով՝ նուրբը, խորատիպը, անտիպը ըսելու մարմաջէն անսովորը, որով կը յատկանշուի 1890ի Եղիան։

[18]      Այս փոփոխումը մօտաւոր ձեւով կը հաստատուի Ռեթէոս Պէրպէրեանի վրայ որուն ոճը 1900ին, կատարեալ գործիք մըն է մտածման, ազատ երիտասարդութեան բոլոր սեթեւեթէն ու անտեղի զարդերէն, արու եւ զօրաւոր։ Բացարձակ է այդ փոփոխումը Եղիշէ Եպիսկոպոսի քերթողական տարազին վրայ որ բացառիկ շնորհներ երեւան կը բերէ մեր աշխարհաբարին անյայտ ընդունակութիւնները օգտագործելով իր տաղարանին մէջ ուր բառերուն ներքին կեանքը ու լեզուին խուլ գաղտ հնչմունքները, ազդմունքները կ՚եղբայրանան, ստեղծելու համար մեր քերթողութեան մէջ տարօրինակ գրաւը, առանց զգայնութեան մեծ բանաստեղծին կատարելութեան, Եղիան պիտի չազատի սակայն։

[19]      Շատ գեղեցիկ եւ յուզիչ նմոյշ մըն է գաւառական արձակէ մը մեծ գործի մը արժէքին բարձրացող այն պատմուածքը որ կը կրէ Խրճիթներէն մինչեւ Խորհրդարան վերնագիրը։ Անոր հեղինակը Օհան Կարօ պատուական դաս մը կուտայ մեր գիւղագիրներուն (արեւելահայ դպրոց), որոնք անգամ պատմումը կը դասեն գերագոյն նպատակը արուեստին: Վանեցի պատանին, արեւմտեան արուեստին մէջ իր մարզանքները ապօգուտ չէ վատնած։ Ու աւելի յատկանշական, Օհան Կարոյի ձախուածքը իր հատորին միւս մասերուն մէջ, ուր արձակ քերթուածներ ու քաղքենի զգայնութիւն տիրապետող են։ Խորհրդածութեան առատ նիւթ մեր բոլոր շատ գիտցուկ դատողներուն։

[20]      Արուեստագէտ սերունդին վրայ Չօպանեանի խոր ազդեցութիւնը պարզուած է իր տեղը։ Զօհրապ իր հասունութեան գործերը ( Ուղեւորի Էջեր ) պիտի արտադրէ երբ մեր հրապարակին համար յաղթանակներ էին Մեծարենցի եւ Վարուժանի գեղանի, փարթամ, շլացուցիչ արտայայտութիւնները։ Անշուշտ բան մը կ՚ըսեն այս հաստատումները։ Հրանդի ընկերներէն անոնք որ պիտի շարունակեն գրել 1900էն յետոյ, պիտի որդեգրեն այս անխուսափելի կնիքը նորերուն։ 1914ին, Բարի Ճանապարհ վիպակը իբրեւ լեզու կը պարզէ պատկեր մը ուր արուեստագէտ սերունդին ամենէն կարկառուն նկարագիրները ակնբախ են այ։նքան Ո՞ւր՝ 1885ի թերխաշ բարբառը, առանց պչրանքի բայց առանց ալ կորովի, Այրի ին մէջ որուն ներքեւէն ստորագրութեան ջնջումը պիտի պատրէր ամենէն կորովաբիբ պրպտողն անգամ, հոն գտնելու անկարող ընելով զայն, երեսուն տարուան անցեալէ մը բեռնաւոր ոճը: Չմոռնալ նմանապէս որ, բացի վերեւ յիշուած յաջողակ փոխակերպումներէն, Հրանդի հետ ճամբու ընկերներ են նաեւ լուսինի եւ ժանեակի ասպետուհիները։ Հրանդի ոճը անցած է, առանց կործանելու, հոգեբանական այն խտութենէն, կաւերէն ուր հասակ առին, աճեցան ու փայլեցան Պէրպէրեանը, Սիպիլը, Մեծարենցը, Չրաքեանը ու աւելի ուշ՝ յեղափոխաշունչ հռետոր քերթող Վարուժանը։